Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13430

Ֆրանսահայ Գործարարին Մէկ Տարի Կ՛արգիլուի Թուրքիա Մուտք Գործել

$
0
0

richard-Demirci_81516

Թուրքիայէն արտաքսուած ֆրանսահայ գործարար Ռիշար Տեմիրճիի նկատմամբ Թուրքիա մտնելու մէկ տարուան արգելք սահմանուած է: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Տեմիրճի Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականին տեղեկացուցած է դէպքին մանրամասնութիւնները:

«Ոստիկանութիւնը օդակայանի մուտքին  անցագիրները կը ստուգէր: Մեր ինքնաշարժը կանգնեցուցին եւ պահանջեցին ներկայացնել մեր անցագիրները: Ներկայացուցի ֆրանսական անցագիրս: Սկիզբը հարցուցին` թո՞ւրք ես: Բացասական պատասխան տուի: «Թրքերէն կը խօսիս, ինչպէ՞ս թէ թուրք չես», անմիջապէս հարցուցին ինծի: Պատասխանեցի, որ ֆրանսահայ եմ: Ատկէ ետք զիս իջեցուցին ինքնաշարժէն: Շուրջ 10-20 ոստիկաններ մօտեցան ինքնաշարժին եւ անիմաստ հարցումներ սկսան հարցնել: Իրենց ըսի, որ առեւտուրով կը զբաղիմ եւ երկրին եկամուտ կ՛ապահովեմ: «Կեաւուրի դրամէն մեզի օգուտ չկայ», պատասխանեցին անոնք: Յանդիմանեցի զիրենք` ըսելով. «Ճիշդ չէք խօսիր», որմէ ետք «ահաբեկիչ» անուանեցին զիս եւ օդակայանի կալանքի վայր տեղափոխեցին, ուր գիշերեցի: Առաւօտեան զիս տեղափոխեցին Գումգափուի օտարերկրացիներու բաժանմունք: Ապա որոշեցին զիս երկրէն վտարելու մասին», պատմած է Տեմիրճի:

Ռիշար Տեմիրճիի որդին յայտնած է, որ 1 օգոստոսին տեղի ունեցած դատական նիստէն ետք հայրը Ֆրանսա ուղարկած են: Դատէն առաջ հօրս ընկերներէն մէկը գտած էր փաստաբան մը, որ շատ օգնեց հօրս: Դատարանին մէջ հօրս «միջազգային ահաբեկիչ»-ի մեղադրանք ներկայացուած է: Փաստաբանը այս մեղադրանքին դէմ ներկայացուցած է առարկութիւն, որմէ ետք հայրս ամբաստանուած է «ոստիկանի հետ վիճաբանութեան» մեղադրանքով, եւ հինգ տարի երկիր մուտք գործելու արգելք սահմանուած է: Փաստաբանը բողոքարկած է նաեւ այս որոշումը, որմէ ետք դատարանը մէկ տարուան արգելք սահմանած է: Հայրս, որ գործի բերումով ամիսը մէկ անգամ Թուրքիա կը մեկնէր, մէկ տարի չի կրնար այնտեղ մուտք գործել»:

31 յուլիսին Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանի մուտքին մօտ քաղաքացիական հագուստով ոստիկանները անցագիրի ստուգման համար կանգնեցուցած են ինքնաշարժը, որուն մէջ եղած է նաեւ ֆրանսահայ Ռիշար Տեմիրճի, որ վտարուած է Թուրքիայէն, որովհետեւ ստուգողներուն ըսած է, թէ Ֆրանսայէն հայ է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13430

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>