Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Բաց Նամակ` Հեթանոսավայել Արարքի Ծրագիրի Մը Առթիւ

$
0
0

vaho_81316

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Պատուարժան ղեկավարութիւն Շուէտի Աւետարանական եկեղեցւոյ,

Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ձեր եկեղեցին յայտնած է, թէ անօդաչու թռչող սարքերու ճամբով Աւետարանի հազարաւոր թուայնացած ու դեղատուփի չափով օրինակներ պիտի նետէ Իրաքի եւ Սուրիոյ այն շրջաններուն վրայ, որոնք կը գտնուին հաւատադրժողականներու վերահսկողութեան տակ` «այդ շրջաններուն մէջ բնակող քաղաքացիներուն ու բնակիչներուն աւետարանական սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամը փոխանցելու համար»: Եկեղեցին կը նշէ, որ իր նպատակը իսլամականները գրգռելը չէ, այլ այդ քայլին կը դիմէ պարզապէս բարիքի եւ բարեգործութեան սիրոյն:

Արդեօք մտածա՞ծ էք ճակատագիրին մասին այն անտեղեակ մանուկին, որ պատահաբար գետնէն կը վերցնէ, եւ որուն ձեռքին մէջ կը յայտնուի երկինքէն տեղացած այդ «խաղալիքը»: Արդեօք այդ մանուկին ահաւոր տանջանքներուն ու սպանութեան մեղսակից պիտի չնկատուի՞ք: Ի վերջոյ, ի՞նչ է ձեր նպատակը. բարի՞ք գործել, թէ՞ չարիք: Իսկ եթէ «դարձի բերելու» ինքնակոչ առաքելութեան մարմաջէն կը տառապիք եւ այնքան մեծամիտ էք, որ կ՛ուզէք հաւատադրժողականները «դարձի բերել», թոյլ տուէք յիշեցնել պատուէրը անոր, որուն կամքը կատարել կը յաւակնիք. «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան` ձեր վրայ յարձակին» (Մտ. 7.6): Ականջ տուէ՛ք քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդի դարաւոր իմաստութեան ու յորդորին. մի՛ դիմէք այդ անմիտ արարքին, որ պարզապէս «Գայլին գլխուն աւետարան կարդալ» է:

Կ՛ուզէք բարի՞ք գործել: Այդ հսկայական գումարը մի՛ մսխէք, այլ զայն յատկացուցէ՛ք, կարիքաւորներուն, անտուններուն, չքաւորներուն, գաղթականներուն եւ իրաքցի ու սուրիացի տեղահանուածներուն: «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» (Ովս. 6.6, Մտ. 9.13) կ՛ըսէ Աստուած. երեւակայեցէք` որքան աւելի մերժելի, ոչ աստուածահաճոյ եւ մինչեւ իսկ հեթանոսավայել պիտի ըլլայ ձեր այս արարքը, երբ փոխան ձեր անձին` ուրիշն է, որ կը մատուցէ՛ք զոհ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>