Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Հալէպի Ազատագրութիւնը` Արեւմուտքի Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Ջախջախիչ Պարտութիւնը

$
0
0

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

1039713003_81316

Հակասութիւններու խառնարան մըն  է մեր աշխարհը: Մինչ սուրիական բանակը եւ ռուսական  ուժերը կը մօտենան Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմին տխուր էջերը փակելու փուլին, արեւմտեան լսատեսողական աղբիւրներ անգիտակ կը ձեւանան գետնի զարգացումներու ընթացքէն:

Արեւմտեան ոսպնեակները աւելի տեղ կը տրամադրեն Հիլըրի Քլինթընի ընտրարշաւին,  Տոնալտ Թրամփի կնոջ կիսամերկ նկարներուն, Թրամփ-Քլինթըն ցեխարձակումներուն: «Սի.Էն.Էն.»-ը, յաջորդական  քննարկում-լսարաններ կազմակերպելով, «չափաւորական ահաբեկիչներ» կը  փնտռէ Սուրիոյ մէջ:

Տակաւին, ի՜նչ  հեգնանք, նոյնինքն Հիլըրի Քլինթըն, նախագահ ընտրուելու պարագային, կը խոստանայ արմատէն չէզոքացնել ՏԱՀԵՇ-ը… երբ սուրիական բանակը եւ անոր դաշնակիցները աւելի ազդու ու  գործնական քայլերով կ՛ազատագրեն Սուրիան Քլինթընի եւ անոր դաշնակիցներու վարձկաններէն:

Այս միեւնոյն Հիլըրի Քլինթընը, Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան (Սի.Այ.Էյ.)  լծակներով,  2009-2013 տարիներուն պետական քարտուղարի պաշտօնը վարած  ժամանակաշրջանին կանաչ լոյս տուաւ  արաբական աշխարհը արիւնաքամ  դարձնելու ծրագիրին` ահաբեկչական խառնարանի վերածելով  Լիպիան, Եգիպտոսը, Իրաքը, Թունուզը, Եմէնը, Լիբանանը, Սուրիան  եւ այլ երկիրներ: Նոյնինքն  տիկին  Քլինթընն էր, որ իր «Hard  Choices» գիրքին մէջ (2014-ի հրատարակութիւն), Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան   քաղաքականութեան հեռանկարները բացատրելու միջոցին, սեւով սպիտակի վրայ Ուաշինկթընին կը վերագրէր ՏԱՀԵՇ-ի ծննդոցը:

Այս բոլորէն ետք համեստ քաղաքացին իրաւունք  չունի՞ արդեօք հարց տալու` ինչպիսի՞ ապիկարութիւններով ժամավաճառ կ՛ըլլայ  Միջազգային ատեանը, երբ Ճորճ Պուշի, Հիլըրի Քլինթընի, Տոնալտ Ռամսֆելտի,  Թոնի Պլերի նման  դահիճներ ժողովրդավարութեան դասեր տակաւին կու տան մարդկային  ընկերութեան: Ովքե՞ր կը կրեն  Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու` աշխարհի տարբեր ափերու վրայ ահաբեկչական ողբերգութիւններու պատասխանատուութիւնը, եթէ ոչ` Ուաշինկթընը, Լոնտոնը, Փարիզը եւ արաբական աշխարհի անոնց  աւազային պետութիւնները:

Վերադառնանք Սուրիոյ զարգացումներուն: Այսօրուան դրութեամբ, քսան եւ երեք միլիոն բնակչութիւն հաշուող  պետութեան մը կէսը  տարագրուած է իր երկրէն: Առնուազն հինգ հարիւր հազար զոհ, տնտեսական, ենթակառուցային ահաւոր վնասներ, մարդկային, ընկերային ողբերգութիւններ…

Սուրիոյ  երկրորդ մեծագոյն քաղաքը մօտակայ օրերուն պիտի ազատագրուի ահաբեկչական  որջերու սարսափէն: Սուրիական բանակը եւ  Ռուսիա մարդասիրական  անցքեր ստեղծած են` բռնագրաւեալ շրջաններէն խաղաղ բնակիչներու   ելքը ապահովելու նկատառումներով:

Արեւմտեան մամուլը եւ անոնց հովանաւորները  հաշտ աչքով  չեն դիտեր Հալէպի զարգացումները: Անոնք պահ չեն կորսնցներ խեղաթիւրելու  ճշմարտութիւնը: Անոնք կը խուսափին արժեւորելէ  Հալէպի ազատագրութեան  նշանակութիւնը`  «ապստամբները  բռնատիրութեան դէմ կը պայքարին յանուն ժողովրդավարութեան»… Այս է անոնց հաւատոյ  հանգանակը: Միտումնաւոր`  «Հալէպը պաշարուած է», կը  յայտարարեն, մինչդեռ  մօտեցած է քաղաքը ահաբեկիչներէն  ազատագրելու պահը: Արաբական ծոցի սեւ գումարներով սնանող լսատեսողական աղբիւրներ «ապստամբ» կ՛անուանեն ութսուն եւ աւելի երկիրներէ  թափանցող մարդասպանները: Ի դէպ, այդ «ժողովրդավարական» կազմակերպութիւններէն մէկն էր, որ լուսարձակներու առջեւ օր ցերեկով  գլխատեց  տասնամեայ  պատանին: «Չափաւոր ապստամբներ»-ն են սուրիական բանակին եւ  խաղաղ բնակչութեան դէմ թունաւոր կազ օգտագործող հոսանքները: Արեւմուտքը խոր ցաւ կ՛արտայայտէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ միջամտութեան համար: Կասկած կրնա՞յ ըլլալ` ապացուցելու ահաբեկիչներուն դաշնակիցները:

Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա  երկար ժամանակ Հալէպը փորձեցին իշխանափոխութեան համար միջնաբերդ  օգտագործել Սուրիոյ պետութեան դէմ:

Հալէպի բնակչութիւնը շատ աւելի վաղ կրնար ազատագրուիլ ահաբեկչական խմբաւորումներէն: Մ. Նահանգներ մնայուն խոչընդոտներ, արհեստական պատճառաբանութիւններ կը ստեղծէր   Ռուսիոյ քայլերուն առջեւ:

Հալէպ կը ներկայանայ  Սուրիոյ տնտեսական եւ առեւտուրի  մայրաքաղաքը: Արտաշխարհի հետ  Սուրիոյ առեւտրական գործառնութեանց խաչմերուկը: Աշխարհաքաղաքական առումով, Հալէպ կը մնայ հիւսիսային Սուրիոյ բանալին: Ազատագրել Հալէպը` կը նշանակէ հսկողութեան տակ վերցնել թուրք-սուրիական եւ հիւսիսային Իրաքի  սահմանագիծերը, քրտական  շրջանները: Վերջապէս, Հալէպի ազատագրութիւնը կը խորհրդանշէ  երկրի տարբեր շրջաններու մէջ Դամասկոսի հեղինակութեան վերականգնումը: Եզրակացութեան համար. Հալէպի ազատագրութիւնը, ռազմագէտներու կարծիքով, կը  խորհրդանշէ Սուրիոյ ազատագրութիւնը` ահաբեկչական որջերէն եւ պատերազմին վերջակէտը:

Սուրիական բանակը եւ ռուսական ուժեր կը գտնուին պատմական յաղթանակի մը մատոյցներուն: Հալէպի ազատագրութիւնը ինքնաբերաբար աշխարհաքաղաքական, ռազմավարական անկիւնադարձային հետեւանքներ  պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի  քաղաքականութեան վրայ:

Պատմութիւնը ոսկիէ տառերով պիտի արձանագրէ Հալէպի ազատագրութիւնը, Սուրիոյ դէմ միջազգային խաչակրութեան պատմական պարտութիւնը, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ  պետութեան, բանակին եւ ժողովուրդին հերոսական դիմադրութիւնը:

Դժբախտաբար գաղութատիրութիւնը պիտի չհրաժարի Միջին Արեւելքի  ժողովուրդներու  դէմ  արշաւներէն: Սուրիոյ ժողովուրդը սուղ կը վճարէ իր  ինքնութիւնը պահպանելու գինը: Յաղթանակը սուղ արժեց նաեւ սուրիահայ համայնքին: Այս մասին հաւանաբար գրենք մէկ այլ առիթով:

Մենք` Ցեղասպանութենէն  վերապրողներու ժառանգորդներս, բռնատիրութիւններու դէմ, հողի եւ ազգային ազատագրութեան համար պայքարող ժողովուրդի զաւակներս, քաջ գիտենք, որ  ժողովրդավարութեան կեղծ կարգախօսներով պճնուած միջազգային եւ արաբական դաւադրութիւններու  հետեւանք էր Սուրիոյ   քաղաքացիական պատերազմը:

Պատմութիւնը  վստահաբար  իր գնահատականը պիտի տայ  քանի մը դահեկանի համար արաբ ժողովուրդին իրաւունքներէն  հրաժարող «եղբայր» պետութիւններուն, քաղաքական  կազմակերպութիւններուն: Երանի միայն արաբ պետութիւններ եւ հոսանքներ ըլլային անոնք…

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ Երիտասարդական  Ընկերակցութեան 
Մամլոյ Եւ Քարոզչութեան Պատասխանատու Եւ  
Yerepouni-News.Com  Լրատուական  Կայքէջի Խմբագիր

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles