Վեց օգոստոս …
Թուական մը, որ ամէն տարի մեզ կը բոլորէր մտերմիկ սեղանի մը շուրջ` մերթ ընտանեկան եւ մերթ ընկերային մօտիկ պարագաներով:
Սակայն 6 օգոստոս 2016-ը պէտք էր ըլլար իւրայատուկ եւ անմոռանալի, ատոր համար յաճախ գաղտնօրէն կը ծրագրէինք մօրս եւ քրոջս հետ…
Սիրելի՛ հայր, ահաւասիկ հասաւ սպասուած օրը… եւ մենք յիշեցինք ծննդեանդ 60-ամեակը իւրայատուկ, բայց ո՛չ մեր ծրագրած ձեւով: Հաւաքուեցանք քու պայծառ հոգիիդ շուրջ` խունկ, մոմ եւ աղօթք բարձրացնելով առ երկինք…
Կը յիշեմ ամիսներ առաջ, երբ այնքան հանդարտութեամբ մեզի յայտնեցիր հիւանդութեանդ ախտաճանչումը` բացատրելով, որ գիտութիւնը անզօր է բուժել քեզ, իսկ փրկութեանդ համար միայն Աստուծոյ հրաշքն է պէտք: Պատուիրեցիր մեզի ըլլալ զօրաւոր եւ շարունակել կեանքը ինքնավստահ քայլերով…
Այո՛, մենք պիտի շարունակենք կեանքը, եւ դուն հպարտութեամբ ու ցնծութեամբ պիտի դիտես մեզ, պիտի քալենք այն ուղիէն, որ դուն գծեցիր մեզի համար… պիտի քալենք քաջաբար, որովհետեւ քու դուստրերդ ենք եւ զինուած ենք քու սկզբունքներովդ, գաղափարներովդ, կեանքը դիտելու ու դատելու քու իրապաշտ եւ իւրայատուկ ոճովդ…
Անգի՛ն հայր, կը զգամ քու ներկայութիւնդ այսօր… ինչպէս որ կը զգայի երէկ եւ պիտի զգամ յաւիտեան:
Կը մտածեմ քու մասիդ լռութեան մէջ, կը տեսնեմ կապոյտ, փայլուն աչքերդ, խորունկ նայուածքդ, քաղցր ժպիտդ… ու կը լսեմ ձայնդ .
«Ժպտէ՛… ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ»:
Պիտի ժպտինք ու պիտի շարունակենք կեանքը` յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն եւ խոչընդոտ` միշտ ի մտի ունենալով խօսքդ.
«Չկայ անկարելիութիւն, երբ կայ նպատակ, հաւատք եւ կամք»:
Պիտի ապրինք եւ քու զուարթ հոգիդ միշտ պիտի ըլլայ մեզի հետ ու պիտի ապրի՛ մեր ընդմէջէն…
Քու խանդավառ, անմար ժպիտդ փորագրուած պիտի մնայ մեր մտքերուն մէջ եւ միշտ խթանը պիտի հանդիսանայ մեր յաջողութիւններուն: Վստահ եմ, որ քու հոգիդ միշտ պիտի հսկէ մեզ այս աշխարհին վրայ, մինչեւ որ կրկին իրարու հանդիպինք յաւիտենականութեան մէջ:
ՎԱՆԱՅ ՄԱԼՃԵԱՆ