Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Անդրադարձ. Արեւելահայերէնը` Խօսիլ, Գրել, Կարդալ. Համակարգիչը Եւ Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արդի սփիւռքահայ երիտասարդը ընդհանրապէս քննադատութեան թիրախ դարձած է` հայերէնի չտիրապետելու, զայն սխալ խօսելու, սխալ գրելու, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայերէն գրականութենէն ու ընթերցանութենէն հեռու մնալու պատճառներով: Այս մտահոգութիւնը տեղի՛ն է, յատկապէս հայկական վարժարան յաճախածներու եւ հայկական շրջանակի մէջ ապրողներու համար:

Ա. Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար նախ պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել վերեւ նշուած սփիւռքահայերուն, անոնց, որոնք հայկական վարժարան յաճախելու բախտը ունին կամ ունեցած են, առանց տարիքի խտրութեան: Ժամանակին հայկական կարգ մը վարժարաններ «պերճանքը» ունեցած էին իրենց աշակերտներուն հայերէնի «տիրապետելէն» ետք, վերի կարգի երկու կամ երեք դասարաններու աշակերտներուն պարտադրել զբօսանքի պահուն անգլերէն կամ ֆրանսերէն խօսիլ` ըստ վարժարանի ծրագիրին, այդ աշակերտները վերածելով լեզուի լրտես-ոստիկաններու, որոնք հայերէն խօսողներուն յատուկ նշան մը` «Սինիալ» կը փոխանցէին մէկը միւսին: Օրուան վերջաւորութեան «Սինիալ»-ը իր մօտ ունեցողը կը ստանար «լեզուական պատիժ», եւ այս` օտար լեզուի վարժութիւնը խթանելու նպատակով:

Աշակերտներ կը զրուցեն

Աշակերտներ կը զրուցեն

Այսօր լրջօրէն, կարիքը ունինք «Սինիալ»-ի դրութիւնը կիրարկելու մեր վարժարաններուն մէջ` մաքուր հայերէն խօսիլը խթանելու նպատակով, պարտադիր` բոլոր դասարաններու աշակերտներուն, դասարանին յատուկ «Սինիալ»-ը փոխանցելով հայերէն չխօսողներուն, կամ` հայերէնի մէջ օտար բառեր խառնողներուն: Այս առօրեայ վարժութիւնը անպայման իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մայրենիի անաղարտ պահպանման մէջ, որով պիտի ունենանք «հայոց լեզուի պաշտպան ոստիկաններու» ջոկատներ, որոնք նաեւ համայնքին մէջ, սկսելով սեփական ընտանիքէն, պիտի սաստեն ու սրբագրեն վրիպողները, այնպէս` ինչպէս ժամանակին յաջողեցաւ թրքախօսութեան դէմ արշաւը:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (Ինալքօ) կողմէ Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Դաստիարակչական նորարարութիւններ. ԻԱ. դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» գիտաժողովին (21-22 սեպտեմբեր 2015), տրամաբանական ու շինիչ գաղափարներու կողքին, անտեղի ընդհանրացումներ կատարուած են: Տես` «Tabula Rasa. վերամտածել հիմնադրոյթները», ուր բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան բացման խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Մեր նպատակակէտը ուրեմն լեզուի փոխանցում մըն է, որ ապահովէ իրական, շնչող, գործածուող, մինչեւ իսկ «չարաշահուող» լեզու մը ըլլալը` փոխանակ «մաքրութեան», «միութեան» կամ քերականական կատարելութեան մտահոգութիւններէ առաջնորդուած ու քարացած կանոններու շարքի մը» (1):

Կարդալ_80616

Ընթերցասիրութիւն

Համակարգիչով գրել

Համակարգիչով գրել

Տարօրինակ է այս մտածումը, թէ` «վնաս չունի, կատարեալ հայերէն թող չխօսին կամ չգրեն»: Այդ ոչ կատարեալ հայերէնը պիտի չսորվի՞ն, անոնց համար ոչ կատարեալ քերականական ուղեցո՞յց պիտի պատրաստուի: Եթէ իր գտնուած երկրին օտար լեզուն «կատարեալ» կը սորվի, ինչո՞ւ մայրենի լեզուն «կատարեալ» պիտի չսորվի: Եթէ սորվիլ մը կայ, թող «կատարեալը» սորվի: Մեր սերունդը, որ դպրոցական օրերուն չորս լեզու սորված է` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն ու աւելի պակաս տարողութեամբ ֆրանսերէն. արդեօք հանճարնե՞ր էինք… Ինչո՞ւ ստորագնահատել հայ աշակերտին կարողութիւնը: Ծնողներ, «մանկավարժներ» եւ «հոգեբաններ», «արդիականութեան» պիտակին տակ, ստորագնահատելով հայ աշակերտը, անուղղակի կերպով պատճառ կը դառնան անոր կարողութեան սահմանափակումին` «չծանրաբեռնել» աշակերտը լոզունգով: Այո՛, դաստիարակչական զանազան նորարութիւններ եւ խթանիչ միջոցներ օգտագործենք, սակայն` առանց աղաւաղելու արեւմտահայերէնը:

Միւս կողմէ, կարելի չէ մեծաթիւ երիտասարդ գրողներ չունենալը չափանիշ նկատել արեւմտահայերէնի գոյատեւման հոլովոյթին: Արդեօք օտար լեզուով երիտասարդ գրողներ, գրականութիւն ստեղծողներ ունի՞նք օտար երկիրներ ապրող եւ տեղւոյն լեզուն «տիրապետողներէն»: Քանի՞ երիտասարդներ արաբերէնով գրականութիւն կը ստեղծեն, քանի՞ երիտասարդներ անգլերէնով գրականութիւն կը ստեղծեն, քանի՞ երիտասարդներ ֆրանսերէնով գրականութիւն կը ստեղծեն… եւ այլն: Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի երիտասարդ գրողներու խումբ. կ՛առաջարկեմ նաեւ սփիւռքի մէջ ունենալ նմանօրինակ խումբ` առանց նուիրապետական կարգի, որոնք իրարու միջեւ համացանցային կապեր ստեղծելով եւ կայքէջ մը պատրաստելով` գրական միջավայր մը յառաջացնեն:

Բ. Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան «Յուշատետր. լեզուն գործածելու ձեւեր» (2) յօդուածին վերջաւորութեան կ՛ամփոփէ հայերէնի ունակութեան կարեւորութիւնը եւ իբրեւ լեզուի պահպանման խրատական` կ՛ըսէ. «Սիրելինե՛ր, խօսեցէ՛ք, գրեցէ՛ք, կարդացէ՛ք, արտասանեցէ՛ք ու մտածեցէ՛ք ձեր մայրենի լեզուով»:

Գ. Լեւոն Շառոյեան «Լեռնականներու վերջին շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան» բովանդակալից, պատմագիտական գնահատելի աշխատասիրութեան մէջ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մասին կ՛ըսէ. «Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ այդ դեղնած էջերուն մէջ շա՛տ աւելի շահեկան նիւթեր կան, քան` մերօրեայ թերթերուն: Մանաւանդ կայ որակաւոր արեւմտահայերէն մը, որ արդէն պատմութեան անցած է անվերադարձ…» (3): Իսկ «Լեռ եւ ճակատագիր»-ի մասին կ՛ըսէ. «Նախ` հեղինակին լեզուն: Զուլալ ու ջինջ արեւմտահայերէն մը, յարդազերծ ու անվրէպ, որ կարծէք Սիփանայ ծաղկաւէտ սարէն կամ Բիւրակնեան լեռներու կողերէն հոսող արագավազ գլգլան գետ մը ըլլար… Այս հայերէնը, դժբախտաբար, այլեւս ՉԷՔ ԳՏՆԵՐ մեզի ժամանակակից գրողներուն բերնին մէջ կամ գրչին տակ…» (4): Լաւատեսութիւնը կը մղէ մեզ պայքարելու «անվերադարձ» որակումը վերացնելու համար (ընդգծումները իմս` Յ.Չ.):

Զարմանալիօրէն, եւ դժբախտաբար, այժմ արեւմտահայերէնին սպառնացող գլխաւոր վտանգը Հայաստանի մէջ գործածուող աղաւաղուած «արեւելահայերէն»-ն է, որմէ որոշ բառեր, արտայայտութիւններ, գրելաոճ, խօսելաոճ, յատուկ անուններ եւ ուղղագրութիւն` յամառօրէն մուտք գործած են մեր մամուլին մէջ, ձայնասփիւռի հաղորդումներուն, բանախօսութիւններուն ու հրապարակային ձեռնարկներուն միջոցով, եւ այս` գրեթէ ամէն տեղ եւ ամէ՛ն մակարդակի անձնաւորութիւններու կողմէ : Անյապաղ պէտք է վերջ տալ մեր լեզուն խաթարող ու վտանգող այս վարքագիծին, որ յստակ չէ, թէ գիտակցաբա՞ր,  թէ՞ անգիտակցաբար կը կատարուի:

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը արեւելահայերէնի կը վերածէ արեւմտահայերէնով գրուած յօդուածները. Նոյնը պէտք է ընէ արեւմտահայ մամուլը, որ երբեմն իր էջերուն կարեւոր մասը արեւելահայերէն յօդուածներով ողողած է…

Իւրաքանչիւր անհատ, հաստատութիւն կամ կազմակերպութիւն իրաւունք կամ իրաւասութիւն չունի «միօրինակացնելու», «դիւրացնելու» կամ «արդիականացնելու» պիտակին տակ ուղղագրական եւ այլ տեսակի նորամուտ կանոններ պարտադրել մամուլին եւ անոր աշխատակիցներուն` բացայայտ կերպով մամուլը վերածելով արեւմտահայերէնը խաթարող «աշխատանոցի»: Պէտք է զգաստանալ ու վերադառնալ անաղարտ, որակաւոր արեւմտահայերէնին:

Դ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սփիւռքահայութեան հոգեմտաւոր կեանքի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկն է, որուն գահակալը` Արամ Ա. Վեհափառ կ՛ըսէ. «Համացանցի հարցը կը նկատեմ մեր ժողովուրդին ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը, որովհետեւ այս մշակոյթը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ ժողովուրդի ինքնութեան, մարդակերտումի եւ հայակերտումի մեր աշխատանքներուն հետ եւ բոլոր մարզերուն մէջ կը տեսնենք այս մշակոյթին անդրադարձը: Հայ եկեղեցին ո՛չ միայն հոգեւոր կեանքի կռուան է, այլեւ` հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն դերակատարներէն մէկը. հետեւաբար մեր կաթողիկոսութիւնը հսկայ աշխատանք տարած է ու պիտի շարունակէ տանիլ ներկայ արհեստագիտութեան հարթակներուն վրայ` քայլ պահելով այսօրուան պահանջներուն հետ»: Տես`«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներուն» (5):

«Լիպըր օֆիս համակարգչային ծրագրի «մուտքը»

«Լիպըր օֆիս համակարգչային ծրագրի «մուտքը»

Ծրագիրին ուղղագրութեան սրբագրիչը

Ծրագիրին ուղղագրութեան սրբագրիչը

Համակարգիչը եւ համացանցը այժմ արեւմտահայերէն գրելու համար հսկայական դիւրութիւններ եւ «գործիքներ» կը տրամադրեն, այն ալ վճարովիի կողքին` ձրիօրէն: Տարօրինակ է, որ տակաւին հայերէն տառերով համակարգիչի ստեղնաշար գոյութիւն չունի. կպչուն տառերով է,որ կը պատրաստենք զայն:

Այս պարագային ալ ունինք երկու շարուածք` դասական գրամեքենայի եւ հնչիւնային` «Ֆոնեթիք», որ կը համապատասխանէ անգլերէնի հնչումին. այսպէս` Ա-A, Զ-Z, սակայն Ը, Խ, Ծ, Ձ, Ղ, Շ, Չ, Ջ, Ց, Ւ տառերուն, ինչպէս նաեւ նմանաձայն տառերէն ոմանց համապատասխան անգլերէն տառեր չգտնուելուն` անոնք կը զետեղուին այլ կոճակներու վրայ: Իսկ տառերու հնչումի տարբերութեան պատճառով արեւելահայերէն «Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը նաեւ տարբեր շարուածք ունի: Նախընտրելի է դասական մեքենագիրի շարուածքը, որ օգտագործելի է հայերէնի երկու ճիւղերուն համար, այս ձեւով գոնէ գործնական «միասնութիւն» մը կը կարենանք կիրարկել:

Դասական գրամեքենայի ստեղնաշարը

Դասական գրամեքենայի ստեղնաշարը

«Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը

«Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը

«Լիպըր օֆիս» համակարգչային գրելու ձրի ծրագիրը «LibreOffice Writer» (6), որ կրնայ փոխարինել «Word» ծրագիրը եւ փոխադարձաբար կարելի է ընդօրինակել (copy paste), արեւմտահայերէն ուղղագրութեան ձրի սրբագրիչ ունի (7) պատրաստուած «Առակ-29»-ի կողմէ (8): Սակայն այս սրբագրիչը երբեմն, սխալին փոխարէն, արեւելահայերէն բառեր ալ կը թելադրէ. այս պատճառով ուշադիր պէտք է ըլլալ: Թելադրելի է, որ բոլոր գրողները, մանաւանդ հրատարակչատուները, օգտուին այս դիւրութիւններէն` առնուազն խուսափելու համար ուղղագրական սխալներէ:

Իսկ ամենահրաշալին համացանցի ձրի «Նայիրի» բառարաններն են, (9) թիւով 76, որոնց հինգը թուայնացուած է, իսկ մնացեալը` պատկերահանուած: Այս կայքին մէջ կը գտնենք հայերէնէ-հայերէն, հոմանիշներու, բացատրական, ստուգաբանական, գրաբարի եւ շարք մը լեզուներէ հայերէնի եւ փոխադարձ բառարաններ, ինչպէս նաեւ` համակարգչային շարք մը գործիքներ ու հայերէն տառատեսակներ (font):

Վերջապէս, ունինք նաեւ համացանցի հայերէն գրադարաններ` ընթերցանութեան համար, օրինակ` «Գրահաւաք» կայքը (10), ինչպէս նաեւ հայկական գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցները ունին իրենց կայքէջերը, ուր կարելի է ընդհանրապէս ձրիօրէն կարդալ օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր եւ այլն:

Համացանցը եւ համակարգիչը հիանալի հնարաւորութիւններ կ՛ընծայեն հայերէնով գրելու, կարդալու, խօսելու եւ մտածելու: Հիմնական հարցը պատճառարկումի, (motivation) պահանջի եւ մրցակցութեան բացակայութեան մէջ է, որոնք կարելի եւ անհրաժեշտ է հայ անհատին մէջ զարգացնել:

Այս հարցին ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները կ՛ենթադրեն լրջագոյն մօտեցում, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային անփոխարինելի ժառանգութեան` հայերէնին:

1 օգոստոս 2016

————————————-

(1) (www.aztagdaily.com/archives/281350)
(2) (http://www.aztagdaily.com/archives/302146)
(3) (http://www.aztagdaily.com/archives/306554)
(4) (http://www.aztagdaily.com/archives/306724)
(5) (http://www.aztagdaily.com/archives/306198)
(6) (https://www.libreoffice.org/)
(7) (http://extensions.services.openoffice.org/en/project/westernarmenian)
(8) (http://www.arak29.am/index.php)
(9) (http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB)
(10) (http://grahavak.blogspot.com/p/blog-page.html)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>