Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13430

Սիրտս Ժողովուրդիս, Միտքս Արարատին. Յո՞ Երթաս Հայաստան

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

17 յուլիսէն ի վեր Արարատի գագաթին կուտակուած են գորշ ամպեր: Անոնք սակայն մայր բնութեան գործած եղանակային հոլովոյթին չեն պատկանիր, այլ լերան հանդիպակաց ապրող ժողովուրդի մը ստեղծած քաոսային վիճակի մը հետեւանք են:

Արուեստական եւ անհեռանկար վիճակ, որուն պատճառով ազգ մը ամբողջ պիտի երգէ իր կարապի երգը, եթէ երբեք չսթափի իր խելայեղութենէն, ապիկար, ատելավառ ու անհանդուրժող տրամադրութենէն եւ անտեղի ծայրայեղութենէն:

Ի դէպ, չենք ուզեր ընդհանրացնել մատնանշումը, ոչ ալ` մասնաւորել, զայն վերագրելով խմբակի կամ շրջանակի մը, այլ` առկայ գոյավիճակին ահաւորութիւնն ու աննախատեսելի կացութեան լրջութեան ահազանգել:

Այսինքն` պատահածին մասին յախուռն կեցուա՛ծք արտայայտել, ըսելի՛ք ունենալ, զգացական զեղումներէ եւ կարգախօսներէ ձերբազատ` սեփական ժողովուրդին ներկայանալ ճակատաբաց եւ վճռակամ:

Ինչո՛ւ:

Որովհետեւ շիկացած ու ատելավառ պայմաններու մէջ, պետական մակարդակի գործուած բազում սխալներու եւ շահագործումներու ճնշող առօրեայի մը դէմ յանդիման, արդար ցասումով յագեցած ժողովուրդի մը պոռթկումին եւ շահագործող օտար կողմերու ընծայած առիթներու խաչմերուկին, նորաստեղծ պետականութեան հիմքն է, որ պիտի սասանի, հայ իրականութիւնը մասնատուի,  անմեղ արեան հեղեղ թափի եւ հայրենիքը քանդուի:

Տեսնել է պէտք, թէ այսօր ինչպիսի՛ բարբարոսութիւններու թատերաբեմ են դարձած մօտիկ թէ հեռակայ երկիրներ ու մայրաքաղաքներ:

Միւս կողմէ, յիշեցնե՞լ է պէտք ամէն քայլափոխի, որ ենք ազգ մը, որ ունի աւելի քան հինգ հազարամեայ պատմութիւն, եզակի մշակոյթ, հարուստ լեզու եւ ապրելու-գոյատեւելու հրաշալի կազմաւորում եւ իր տեղն ու դերը ունի համաշխարհային քաղաքակրթական համակարգին մէջ:

Այլապէս ալ ենք ժողովուրդ մը, որուն սիրտը հայութիւն կը բաբախէ, հայօրէն կը շնչէ ու կը ստեղծագործէ, երբ ան կը գտնուի ճգնաժամի եւ կամ օրհասի կիզակէտին:

Այո՛, հակասութիւններով եւ քմայքներով պսպղուն ազգ մըն ենք:

Եւ սակայն, այս ժողովուրդը, հակառակ իր ստացած դարաւոր վէրքերուն եւ տառապանքներուն, չի յանձնուիր թաքուն թէ բացայայտ ուժերու, չի թուլնար հրէշային ծրագիրներու դիմաց, կը տոկայ անասելի ու դժոխային պայմաններու մէջ, կ՛ապրի յանուն վաղուան օրուան, անընդմէջ կ՛արարէ, ունի իւրայատուկ հոգեկերտուածք, երազներու աշխարհ, հեքիաթներու պաշար, մտային խորախորհուրդ տարածքներու երանգներ, սակայն անոր կը պակսին հաւաքական ինքնաղեկավարման մշակոյթ, պետականութեան հաստատման եւ քաղաքական մտքի հասունացման  լայնածիր հորիզոններ:

Այո՛, հորիզոններ, որոնք մեզ պիտի սնուցէին ճանչնալու անցեալը, ապրելու ներկան եւ տեսնելու ապագան: Սա է, ըստ իս, ամէնէն հրամայական խնդիրը մեր ազգին առջեւ ցցուած եւ մեծագոյն մարտահրաւէրը, որմէ պատուով պէտք է դուրս գալ, անպայմա՛ն:

Իսկ հայութեան յառաջդիմութեան, բարգաւաճումին, անվտանգ ապրելու, բարօրութեամբ յագենալու եւ պետականութիւն պահպանելու մեծագոյն խոչընդոտը իր թշնամին` զազիր թրքութիւնն է եղած դարեր շարունակ, եւ անոր այսօր միացած է արիւնարբու ազերին:

Տարբերելով այլ ազգերու ընդհանուր վիճակէն, հայութիւնը ունի երկու գերխնդիր` Հայաստանի հզօրացումն ու Արցախի պահպանումն ու բարգաւաճումը, այդ հողամասին վրայ ապրող հայութեան տիրութիւն ընելու հրամայականն ու արեամբ ազատագրուած տարածքներու պաշտպանութիւնը:

Սակայն, նորանկախ Հայաստանի պետականութիւնը կը տառապի ներքին անորակելի ախտերէ, համատարած փտածութենէ, ընկերային անարդարութենէ, տնտեսական ահռելի կացութենէ, հոյլ մը օլիկարխ մակաբոյծներէ, որոնք սեփական ժողովուրդի մը շալակին բռնացած` օրն ի բուն կը կեղեքեն առանց դոյզն խպնանքի եւ խղճահարութեան:

Եւ տակաւ խորացող ժողովրդական մակարդակի ցաւերուն, տառապանքին եւ ընդհանուր բարոյալքութեան ի տես հայ պետականութեան ներսիդին կ՛արիւնոտի արտագաղթի ահաւոր տարողութեան պատճառով, որուն պատասխանատուութիւնը նոյնինքն պետութիւնը կը կրէ անվերապահօրէն:

Դեռ ամիսներ առաջ էր, ապրիլի առաջին օրերուն, թուրք-ազերի զազրութիւնը կը համարձակէր խախտել ամէն համաձայնութիւն եւ յարձակիլ հայոց բանակին վրայ կատարելու նոր սպանդներ: Սակայն ճիշդ ատենին հայութիւնը սթափեցաւ եւ ոգու արիութեամբ նետուեցաւ մարտի դաշտ, տուաւ անգին զոհեր, կորսնցուց որոշակի տարածք, սակայն փրկեց հայրենիքն ու ժողովուրդը:

Ի տես ստեղծուած ահաւոր կացութեան, հայութիւնը համախմբուեցաւ իր պետականութեան եւ բանակին շուրջ եւ յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը` պաշտպանելու իր ներկան ու ապագան: Թէեւ նման գոյավիճակի մէջ ի յայտ եկան պետական մակարդակի այնպիսի խաղքութիւններ, վատոգի վերաբերումներ, բացթողումներ եւ անըմբռնելի թերութիւններ, որոնց դէմ յանդիման հայութիւնը ընդվզած յայտնեց իր բուռն բողոքն ու ցասումը, այդուհանդերձ պետական այրեր ու կառոյցներ մնացին կրաւորական դիրքէ խօսողներ` հրաժարելով հաշուետուութիւն կատարելէ:

Այո՛, մեր ժողովուրդը ցոյց տուաւ հայավայել ընդվզում եւ ցասում, յանուն հայոց պետականութեան, բանակին եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:

Քիչ անդին, ազերիական յարձակումէն հարիւր օրեր ետք, հայութիւնը կը դիմագրաւէր նոր կացութիւն: Եւ ահա, շաբաթէ մը ի վեր հայոց մայրաքաղաքի սրտին մէջ մենք ականատես կ՛ըլլանք հայօրէն դատապարտելի զինեալ յարձակումի մը, այդ ալ ոստիկանական կեդրոնի մը դէմ:  Յարձակողները` արցախեան գոյամարտի բովէն անցած տղաներ են: Տեղի կ՛ունենայ հրացանաձգութիւն, կը սպաննուի հայ սպայ մը. պատանդներ եւ  պահանջներ, ազգային տարակուսանք, հարցադրումներ, քաղաքական ամլութիւն, անորոշութիւն եւ բանակցային գործընթացներ:

Իսկ յաջորդող քանի մը օրերուն, ցոյցեր, բողոքի երթեր, բախումներ եւ  ձերբակալութիւններ: Հայ ոստիկանութեան դէմ աժան հերոսութիւններու պատկերներ:

Անմիջապէս լրատուամիջոցներու օգտագործում եւ անմիջական հարցադրումներու տարափ, շուտութեամբ լեցուն խօսքեր եւ յաւակնոտ դիպաշարերու յորդորներ:

Աւելի՛ն. հայաշունչ գաղութներու մէջ թեր եւ դէմ տեսակէտներ, կեցուածքներ եւ անպայման դիրքորոշուելու  հրաւէրներ: Արդ, ստեղծուած այս ահաւոր կացութեան մէջ մեզմէ ո՞վ կը համարձակի այսօր իր հայեացքները ուղղել հայոց սրբազան լերան ալեհեր գագաթին, առանց ամօթի խարանը իր ճակտին:

Մեզմէ ո՞վ կրնայ այսօր իր խժժացող ձայնը բարձրացնել ու հայրենիք երգել Եռաբլուրի խորախորհուրդ պանթէոնին դիմաց:

Մեզմէ ո՞վ բաւարար քաջութիւնը ունի նայելու այրիացած հայ մօր, որբուկին ու ծերունիին աչքերուն, առանց խղճմտանքի ցաւի եւ յանցանքի զգացումի:

Մեզմէ ո՞վ իրաւունքը ունի հայ նորահաս սերունդներէն յափշտակելու մեր դարերու երազանքին կիզակէտը` հայոց պետականութիւնը:

Միւս կողմէ, ի՛նչն է պահանջուածը, անսալ տղայական ձայներու ու այսպէս ասած երիտասարդական անհեռանկար խանդավառութիւններու, որպէսզի կոչուինք հայրենասէրներ, թէ կուրացած հոգիով ծափահարել զինեալ բռնութիւններու, որպէսզի  փաստենք մեր մարտունակութիւնն ու քաջութիւնը:

Ո՛ր ողջմիտ երիտասարդը ինքնիրեն իրաւունք կու տայ իր եղբօր` հայ ոստիկանը ապտակելու, անոր տարազը անարգելու, արժանապատուութիւնը խոցելու, վիրաւորելու եւ խոշտանգելու:

Հայութիւնը իր քաղաքական մտքի հասունութեամբ եւ առկայ վտանգի լոյսին տակ միա՛յն կրնայ դատապարտել զինեալ բռնութիւնը, բիրտ ուժով քաղաքական պահանջներ ներկայացնելը, փողոցի տրամաբանութեան որդեգրումն ու իշխանութիւն տապալելու ձեւին, եղանակին ու միջոցին մէջ խտրութիւն չդնելու անխոհեմ վարքագիծը:

Արարատասէր հայը ճակատաբաց եւ առանց երկմտանքի կրնայ յայտարարել ու պահանջել հայ իշխանաւորներուն գործած տարբեր ոճիրներու հաշուետուութիւնն ու հրաժարականը, օգտագործելով սահմանադրական բոլոր տիպի իրաւունքներն ու միջոցները: Էականը` յամառ կեցուածք, հայաշունչ մօտեցում եւ խիզախ գործելակերպի որդեգրումն է, ոչ թէ ինքնագլուխ եւ խուժան տրամաբանութիւնը:

Միւս կողմէ, խելամիտ հայ մարդն ու երիտասարդը կրնայ անհունօրէն ողջունել հասարակական ամէն շարժում, որ ունի ազգային մտասեւեռում, յստակ քաղաքական կողմնորոշում եւ հայրենակերտ աշխարհահայեացք:

Հայաստանը հայուն սրբութիւնն է, եւ վերջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13430

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>