Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Եթէ Աւետիս Ահարոնեան Այսօր Ապրէր

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեր մշակոյթի մէջ արեւը տարբեր է: Մեր բառերն արեւահամ են մեր ժողովրդի բերնում, արեւը հոտ էլ ունի: Երբ հայ տանտիկինը հագուստներ է փռում չորացնելու, ասում է` արեւի հոտ ունի:

Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948)

Երբ Աւետիս Ահարոնեանի անունը կը տրուի, մեքենաբար կը յիշուի «Սեւրի դաշնագիր»-ը, որ ինք ստորագրած էր` յանուն  Հայաստանի Հանրապետութեան, յաղթական դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ հետ: Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը կ՛ունենար միջազգային ճանաչում:

Բայց քիչեր, հետզհետէ աւելի քիչեր կը յիշեն, որ Աւետիս Ահարոնեան  մշակոյթի մարդ էր: Քանի՞ հոգի այսօր գրադարանի մը կը դիմէ գտնելու եւ կարդալու համար «Երկերի ժողովածու»-ն: Նման բաներ հետաքրքրութեան առարկայ չեն եւ փոխարինուած են կարգախօսներով, քանի որ ղեկավարութիւնները խորքային հարցերով չեն զբաղիր, եւ կը յանգինք վերաբերումներու, զորս կրնանք ընդհանուր բնորոշումով կոչել «հակամշակոյթ»:

Կճեպներ կը պահուին: Նպատակը մշակոյթ-ինքնութիւնը չէ, այլ` «էսթեպլիշմընթ»-ին ծառայելու կոչուած քարոզչութիւնը:

Փակագիծ մը:

Մարդիկ մշակոյթով կ՛իմաստաւորեն իրենց արարքները, անցեալը, ներկան եւ գալիքը: Այսինքն բնախօսական կացութենէն եւ անոր հոլովոյթէն անդին` նոր ոստում կատարելու միշտ վերանորոգ միտումը: Այս ըմբռնումով է, որ ամերիկացիները եզակիութիւն չեն շնորհեր այս կամ այն մշակոյթին, կ՛ըսեն`patterns of culture, այսինքն` մշակոյթի տարբեր բնորդներ եւ արտայայտութիւններ: Հին եւ նոր ժողովուրդները, Նիւ Եորքի երկնաքերերու բնակիչները, Ափրիկէի եւ Ամազոնի անտառներու ժողովուրդները, ունին իրենց իւրայատուկ մշակոյթները, աշխարհընկալման ոճը: Սկզբունքով, գերադասել մէկը միւսին, կը նշանակէ արհամարհանք մարդուն նկատմամբ, մարդկային իրաւունքի անտեսում:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Աւետիս Ահարոնեան գաղթական եղած էր Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք: Մարսէյի մէջ, փետրուար 1934-ին, տօնակատարութեան մը ընթացքին, կաթուածահար կ՛ըլլայ եւ կը մեռնի 1948-ին: Դագաղը կը բերուի Փարիզ: Դամբանը կը գտնուի Փեր Լաշեզի գերեզմանատունը: Կը պատահի՞, որ երբեմն հայերը յիշեն զինք եւ այցելեն շիրիմը` պուտ մը աղօթք ըսելու:

Աւետիս Ահարոնեանի ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ գրական վաստակին մասին պիտի խօսիմ: Պիտի խօսիմ մեր մշակոյթին մասին անոր հզօր եւ ոչ արհեստական զգացումին մասին, որ չ՛արտայայտուիր փոխառնուած մտածումներով եւ տարազներով:

Փետրուար 1934-ին, բեմին վրայ, երբ կը խօսէր տօնակատարութեան մը ընթացքին, վերջնականապէս լռելէ անմիջապէս առաջ, ըսած է. «Մեր մշակոյթի մէջ արեւը տարբեր է: Մեր բառերն արեւահամ են մեր ժողովրդի բերնում, արեւը հոտ էլ ունի: Երբ հայ տանտիկինը հագուստներ է փռում չորացնելու, ասում է` արեւի հոտ ունի»:

Նոյն բառերով գրած է նաեւ Եղիշէ Չարենց. «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում»… Կ՛արտասանենք, կը ծափահարենք: Բայց այդ «արեւահամ»-ը կը փոխարինենք մուրացածոյ արեւներու համով:

Ինչպէս որ հիմա լուացքը արեւուն չենք փռեր, որ արեւի հոտ ունենայ, քայլ պահելով յառաջդիմութեան հետ, եւ արեւը կը փոխարինենք «տրայըր»-ով, այդպէս այլ հայերէն բառը արեւ չի տեսներ, կը մնայ պահուած, եւ հայու խօսքը կը փոխարինուի յառաջդիմութիւն համարուող լեզուներով: Հայը գիրքեր կը գրէ, երգեր կը գրէ, ժողովներ կը գումարէ փոխառնուած լեզուներով, անհարազատութիւնը վերածելով դրութեան:

Ո՞ր վաղուան համար. հարցում է:

Հայը հայերէն բառ ու խօսքի արեւէն ինքզինք զրկելով` կը դառնայ այլ բան, ինչպէս կ՛ըսուի` «ծագումով հայ», երբեմն ալ` «հայասէր», «զգացումով հայ» զբօսաշրջիկ:

Աւետիս Ահարոնեան վկայած է հայ մարդուն եւ իր մշակոյթին կենսական յարաբերութեան մասին: Եթէ արեւը պայման է կեանքի համար, ապա սեփական մշակոյթը պայման է ազգի կեանքին համար:

Աւետիս Ահարոնեանի փետրուար 1934-ի վերջին խօսքին մէջ կայ նաեւ հետեւեալը. «Ի՞նչ է մշակոյթը գաղթաշխարհի համար, եւ ի՞նչ է մշակոյթը հայրենիքի համար: Մշակոյթը անսահման մի բան է` կապուած մի երկրի արեւին, հողին, ջրին, օդին, ցեղին եւ մարդկութեան: Առանց հողի մշակոյթ չկայ»:

Կրկնենք. մշակոյթը ազգի անդամութեան անցագիրն է: Սփիւռքներու չկասող նահանջը կը բացատրուի ազգային մշակոյթի տեղատուութեամբ: Ընդհանրապէս մշակոյթի տէր անձեր չեն պակսիր, տեղական մշակոյթով աճածներ, անոնք կրնան հռչակաւոր ալ ըլլալ, օրինակ, ըլլալ ֆրանսական ակադեմիայի անդամ, մեր սնապարծութիւնն ալ կրնան շոյել, բայց օտար գետերու հարկատու են, մեր գանձարանին ոչինչ կը բերեն, մեր օտարումներու անվաղորդայն արդարացման կը ծառայեն:

Գաղթաշխարհը բազմազան, բազմագոյն, համրանքով աճող եւ ինքնութեամբ նուազող հայերէ կը բաղկանայ:

Հայկական սփիւռքները այսօր աւելի քան երբեք յաջորդական նահանջներուն սոփեստ բացատրութիւններ եւ արդարացումներ կու տան, բառային ճապկումներով: Սփիւռքները ամէն օր քիչ մը աւելի կը փոքրացնեն մշակոյթը, զայն կը սահմանափակեն «օտարին հայ  հին մշակոյթը ծանօթացնել»ու դերով, հայասիրութեամբ, բարեսիրութեամբ, զբօսաշրջութեամբ, հայերէնի լքումով, օտարալեզու գրականութիւն մշակելով, որ մեր գրականութեան գանձարանը պիտի չմտնէ, այդ բոլորը «Հայ դատ» հետապնդելու հովանոցին տակ:

Աւետիս Ահարոնեանի վերջին բառերը պէտք է բանալ ազգի լինելութեան դաշտին վրայ:

«Առանց հողի մշակոյթ չկայ»:

Առանց մարդորսական զիկզակներու` այս չորս բառերը կրնա՞նք վերածել ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող գաղափարախօսութեան, որ այսօր կը խարխափէ կարգախօսներու ճահիճին մէջ, Զանզիպար կամ Քամչաթքա նստած` տեսութիւններ կը մշակենք, զանազան գոյներով «էսթեպլիշմընթ»-ներ կը ստեղծենք` բարեսիրական, քաղաքական, գրական, արուեստի, որոնց կը պակսի Աւետիս Ահարոնեանի եւ Եղիշէ Չարենցի «արեւհամ»-ը: «Գաղթաշխարհ»-ի մէջ նոյնիսկ երբ հայերէն կը գրենք, կարծէք թարգմանութիւն կ՛ընենք` «չարչրկելով բառերը», օտարին նմանելով տպաւորելու համար:

«Արեւահամ»-ի կորուստը Հայաստանի մէջ զարգացաւ եւ կանգ չէ առած «սովետամարդ» (homo sovieticus) ստեղծելու ընթացքին, երբ լեզուն խճողուեցաւ օտար բառերով, որոնք այսօր սանձարձակ կերպով կը շարունակուին քաղաքական, տնտեսական, գիտական եւ լրատուամիջոցներու բարբառին մէջ, առանց որ «ղեկավարութիւն»-ը հարազատութեան վերականգնումի «յեղափոխութիւն» ընէ:

Իսկ սփիւռքները, պիտի հասկնա՞ն, որ «առանց հողի` մշակոյթ չկայ», եւ այս պարզ իմաստութենէն հետեւցնեն իրաւ ազգային քաղաքականութիւն մը, որ մէկ է` ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ-ը, որ այն չափանիշն է, որով պէտք է դատել ղեկավարութիւնները եւ անոնց հաշուետուութիւնները:

Ղեկավարութիւնները պատասխանատու են ազգի համրանքի աւելի քան երկու երրորդի լինել-չլինելու գոյութենական հարցով, որ կորսուելու դատապարտուած է հայկական տեսանկիւնէ «անմշակոյթ» մնալով:

Պատասխանը որձեւէգ բառերով եւ զանոնք չարչրկելով տալու փորձերը պարզապէս ազգավնաս են, եւ այդ պէտք է ըսել անվարան:

Յաճախ կը յիշեմ Իրլանտայի «Շին Ֆէյն»-ի ազատմարտիկներու խօսքը, ըստ որուն, իրենք անգլիացիները դուրս պիտի դնէին իրենց երկրէն «կաէլիք»-ով, իրենց լեզուով:

Լեզուն, որ ինքնութիւն է: Իմաստութիւն, զոր հասկցած էր Ռաֆայէլ Իշխանեան, երբ կ՛ըսէր` «Առանց լեզուի` ի՞նչ ազգ», կամ` Վահան Տէրեան, որ լեզուի կորուստը ընդունող ղեկավարներուն կ՛ըսէր` «Մի՞թէ դիակ է ձեր ուզածը»…

Նահանջէն մարդորսական իմաստութիւն ստեղծելը ազգավնաս է:

Պիտի վերականգնինք, երբ կեղծիքէն իրապէս հրաժարինք:

17 ապրիլ 2016, Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>