Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

2015- Հայ Վիճակը Յետահայեացութեամբ Եւ Նախահայեացութեամբ –Վերլուծում Մը 2015 -The Armenian Condition In Hindsight And Foresight – A Discourse

$
0
0

Dr-Seta-DadoyanՓՐՈՖ. ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

Կ՛ըսեն, թէ նամակը իր հասցէէն կը կարդացուի, նոյնն է նաեւ գիրք մը: Որովհետեւ իր կարգին ան ալ նամակին նման` խօսք մը, պատգամ մըն է` գրուած որոշ նպատակով մը, որոշ ժամանակի մը մէջ եւ ուղղուած է որոշ անձի-խումբի մը:  Ճիշդ է, որ Եղեռնի հարիւրամեակին առիթով գրուած է  այս գործը, սակայն անիկա կը վերաբերի ամբո՛ղջ հայ վիճակին բոլոր ժամանակներու եւ տեղերու մէջ:  Իբրեւ այդպիսին` արդիւնքն է տարիներու սերտողութեան, վերլուծումներու ու մանաւանդ իմացական եւ ոգեկան տագնապի:

Գիրքը ձօնուած է «անոնց, որոնց  համար ըլլալ հայ, ըլլալ է գո՛յ»: Որովհետեւ այս կարգի մարդոց գոյութեա՛ն կապուած հարց է հասկնալ իրենց կացութիւնը անհատապէս եւ հայկական ընդհանուր իրականութեան ծիրին մէջ:

Ըստ  գիրքին «հասցէին» կամ խորագիրին, գործը ամբողջաբանական է (holistic), այսինքն միակ շրջանակի մը մէջ կը բերէ բոլո՛ր հայկական հարցերը, բոլո՛ր ժամանակներու մէջ:

Խորագիրը նաեւ կը բնորոշէ գործին ոճը. անիկա վերլուծում մըն է (discourse), տիալեքթիք մը եւ տրամաբանական վիճարկում մը:

Վերջապէս, մօտեցումը երեւութաբանական (phenomenological) է, այսինքն երեւոյթները կը դիտէ առանց զգացականութեան եւ առարկայական-վերլուծողական հեռաւորութենէ մը:

Ամբողջաբանական, տիալեքթիք եւ երեւութաբանական` ասոնք եզրեր են, որոնք կը վերաբերին մեթոտի: Բոլոր մարզերուն մէջ, նոյնիսկ խոհարարական արուեստներուն մէջ, մեթոտը չէզոք տարր չէ երբեք, այլ ընդհակառակը` ունի կեդրոնական կարեւորութիւն:  Այսինքն ճշմարտութիւնները, որոնց կը ձգտի հասնիլ ու փոխանցել հեղինակ մը, ուղղակի՛ կերպով կապ ունին իր մեթոտին եւ գործիքներուն հետ: Նախնական մեթոտներն ու գործիքները անպայմանօրէն կը հասցնեն նախնական արդիւնքներու: Լուրջ խնդիր մը ախտաճանաչելու համար սովորական Ք ճառագայթը անօգուտ է, պէտք կայ Սի. Թի. Սքէն-ներու եւ աւելի բարդ միջոցներու:

Այս գործին նպատակն է ստեղծել  տիալոկի եւ վիճարկութեան բաց-ազատ տարածութիւն մը, կամ` իսկակա՛ն հայկական ֆորում մը, զրուցարան մը:

Իբրեւ հեղինակ` ինչո՞ւ պիտի որոշէի գրել միւս գործերէս բոլորովին տարբեր ոճի երկլեզու գործ մը` զուտ տեսական նիւթերու մասին` փիլիսոփայութիւն, արուեստ եւ պատմութիւն, ութ գիրքերէ եւ երկու խմբագրական գործերէ ետք:  Իրողութիւնը այն է, որ հիմնականին մէջ բոլոր գործերս կը վերաբերին հայ վիճակին` քննարկուած տարբեր մարզերու ընդմէջէն: Պարզապէս այս անգամ ուզեցի լուսարձակի տակ բերել այն մտահոգութիւնները եւ խնդիրները, որոնք մղած են եւ հիմնաւորած` մտաւորական գործունէութիւնս:

Հարիւրամեակը կը նշէր ժամանակաշրջանի մը աւարտը, իսկ ներկան նոր դարու մը սեմին միջնարար մը` մասամբ հասկցուած անցեալի մը եւ երեւակայուած ապագայի մը միջեւ: «Յաջորդ հայ դարը» փոխաբերութիւն մըն է հայերու ճակատագիրին: Անձկութեամբ ակնկալուած այս ապագան կ’ընգրկէ հայերու տարածքային-ժամանակային ամբողջութիւնը կամ Հայկական Մեթա-Սիսթեմը: Բոլոր մարդոց նման` հայերը եւս ձեւով մը «նետուած» են ազգային պատումներու (narratives) համակարգի մը մէջ, որ ոչ իրենք սկսած են, ոչ ալ կրնան աւարտել, սակայն պէտք է որ կերպով մը շարունակեն:

Շատերու համար ազգային պատմութեան հասկացողութիւնը պարզապէս ժառանգուած է եւ կամ` քարոզուած: Այսպէս, կանգնած յարատեւօրէն փոխուող ժամանակի ու տեղի պայմաններու մէջ` հայերը պէտք է ձեւով մը հասկնան իրենք զիրենք եւ իրենց պատմական աւանդութիւնները: Կարծուածէն աւելի բարդ է կացութիւնը: Էականը իրենց համար չէ՛ հասնիլ յաւերժական ճշմարտութիւններու, ո՛չ ալ դիւցազնական իտէալներու: Ասոնք անկարելիութիւններ են. այլ` փնտռել եւ գտնե՛լ ճշգրիտ եւ 360 աստիճան հասկացողութիւն մը իրենց պատմական վիճակին մասին:

Ընդհանուր առմամբ, ամէն գիտութիւն եւ ճանաչողութիւն պէտք է որ ծառայէ մարդկային կենսական շահերուն: Գիտնա՛լ իրենց պատմութիւնը` կը շահագրգռէ հայերը, որովհետեւ անիկա անմիջականօրէն կապ ունի իրենց ինքնութեան եւ գոյատեւման հետ: Հասկնալ եւ պահել ինքնութիւնը` կը նշանակէ տեսնել հայոց հիմնական շահերը ճշգրիտ պատմութեան եւ պատմական փորձառութեանց գիտութեան ազատագրող ուժին մէջ: Կիսա-դիւցազնական  պատմութիւնները դադրած են ունենալ որեւէ նշանակութիւն եւ դեր: Հարիւրամեակին առիթով գոնէ ամէն հայ պէտք էր որ անձնապէ՛ս գտնուէր պատմութեան մասին մտածելու փրոսեսի մը մէջ: Դժբախտաբար սակայն հայ մշակութային ճարտարարուեստը եղաւ աղմկոտ համացանց մը, եւ կորսուեցան անկախ մտածողութեան կարելիութիւնները: Մթնոլորտը տակաւին խճողուած է, սակայն պէտք է սկսիլ իսկական հայկական զրուցարան մը:

Հակիրճ բովանդակութիւն

Յառաջաբան. Հայ վիճակը վերլուծական դիտանկիւնէ

Ա. մաս. Յետահայեցութեամբ.- Հայ վիճակին եւ պատմական եղափոխութեան իւրայատուկ կողմերն ու մակարդակները

Բ. մաս. Նախահայեցութեամբ.- Յաջորդ հայ դարը – կողմնակի ելքեր եւ ետդարձներ հանրութեան, կրթական հաստատութեանց եւ մտաւորական մշակոյթի մակարդակներուն վրայ

Գ. մաս. Յետահայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ.- Երեւութաբանական եւ ամբողջաբանական վերլուծում արեւմտահայերէնի, պատմագրութեան եւ ինքնութեան հարցերուն

Եզրակացութիւն. Մաքրասրբում եւ վաղորդայնը

Յաւելուած Ա. Հայոց պատմութեան ժամանակագրութիւն մը

Յաւելուած Բ. Եզրաբանութիւն մը. հայերէն-անգլերէն եւ անգլերէն-հայերէն

Քանի որ, ինչպէս որ կ’ըսեն, «բարեպաշտութիւնը կը սկսի խօսողէն», այս աշխատութիւնը ի՛նքը պէտք է որ ըլլայ առաջին գործադրողը իր առաջարկներուն: Այս նպատակով պատրաստած եմ երկու յաւելուածները`  ժամանակագրութիւն մը եւ եզրաբանութիւն մը: Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրելու դժուարին եւ բարդ աշխատանքը մաս կը կազմէ այս գործին նպատակներուն: Եթէ այսպէս կոչուած յաջորդ հայ դարը «լինելու եւ չլինելու» ճակատագրական փուլ մըն է, ուրեմն ժամանակն է, որ հայերը իրենց խնդիրներուն մասին մտածեն, խօսին եւ գրեն իրենց լեզուով եւս: Այլապէս, ամէն գործունէութիւն, ինչ նշանաբանի կամ դրօշակի տակ ալ գայ հրապարակ, յարակարծական է: Որովհետեւ հարցը կը վերաբերի գոյութեանը ժողովուրդի մը, որ չէ յաջողած, կամ ուզած կամ փորձած պահել իր ամէնէն մեծ արժէքներէն մէկը` լեզուն:

 

Առաջին Մաս

Յետահայեցութեամբ.- Հայ վիճակին եւ պատմական
եղափոխութեան իւրայատուկ կողմերն ու մակարդակները

1. Միջնադարեան պատումներ – Արդիապաշտ ուղղութիւններ – Վերլուծում մը
2. Միութիւն – Բազմազանութիւն
3. Հայ մտադրոյթ – Արդիական Հայազգացութիւն
4. Համանմանութիւն – Տարանջատութիւն/Տարամիտութիւն
5. Գաղափարաբանութիւն – Ռէալփոլիթիք
7. Ինքնավար քաղաքականութիւն – Հայկական քաղաքականութիւն
9. Սփիւռք – Համասփիւռ
10. Կեդրոն/Շրջամասեր – Մեթասիսթեմ եւ զոյգ հայաշխարհներ
11. Էութեան օրէնք – Բնակավայրի օրէնք
12. Ուղղափառութիւն/Հերձուածողութիւն – Տարակարծութիւն/Անկախամտութիւն
13. Բնիկ մշակոյթ/Աւանդութիւն – Միջմշակութայնացում
14. Ինքնութիւնը իբրեւ Էութիւն/Գաղափար – Ինքնութիւնը իբրեւ գոյութիւն/Փոխյարաբերութիւն
15. Բնիկ Լեզու – Գիտակցական բազմալեզուականութիւն

1. Միջնադարեան պատումներ – Արդիապաշտ ուղղութիւններ – Վերլուծում մը

Քիչեր եւ քիչ անգամ կ՛անդրադառնան, թէ հինգերորդ դարէն ի վեր կիսաառասպելական պատումները կը մատուցուին ժողովուրդին իբրեւ իր պատմութիւնը, եւ թէ հակառակ իրենց կարեւորութեան` այս պատումները մասնակի են եւ անբաւարար: Որովհետեւ, առաջին`  ըլլալով եկեղեցականներ` հեղինակները ունէին որոշ դիտակէտ եւ մտահոգութիւններ. երկրորդ` անոնք իրենց պատմութիւնները կը շարադրէին ըստ իրենց պատկանելիութեան ու հաւատարմութեանց մէկ կողմէ եկեղեցիին եւ միւս կողմէ` յաճախ մրցակից նախարարական տուներուն. երրորդ` մատենագիրները կը կեդրոնանային գերազանցապէս հայկակա՛ն պատումներու վրայ:

Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հայոց պատմական փորձառութեան այս ապաշրջանակացումը (decontextualization) աղաւաղած է զայն եւ կորսնցուցած` յարաբերութիւնները իր միջավայրին հետ: Առանց ոչ հայ աղբիւրներուն ալ օգտագործումին` կարելի չէ հասկնալ հայոց պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ:

Հայ մտաւորական մշակոյթին գլխաւոր իւրայատկութիւններէն մէկը այն է, թէ միջնադարեան պատումները ո՛չ միայն ամբողջովին որդեգրուեցան, այլ նաեւ խարիսխ հանդիսացան հայ վերածնունդին (18-19-րդ դարերուն) եւ աւելի ուշ` նաե՛ւ ժամանակակից գրականութեան եւս: Նաեւ` հայ պատմագրութիւնը կը տառապի այլ մեթոտաբանական եւ իմացաբանական թերութիւններէ: Ներկայիս բոլոր ընկերային գիտութեանց նման` պատմագրութիւնն ալ ամբողջովին փոխուած է, սակայն շատեր տակաւին կը պահեն իրենց դիրքերը աւանդական պատնէշներուն ետին:

2. Միութիւն – Բազմազանութիւն

Մինչ «միութեան» ճշգրիտ իմաստը երբեք յստակ չէ եղած որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ, անիկա նաեւ եղած է քաղաքականացուած նշանաբան մը եւ գործիք` որոշ ռազմավարութեան մը:

Իրողութիւնը այն է, թէ հայերու պատմական փորձառութեան ընթացքին եղած է ոչ թէ միութիւն, այլ` բազմազանութիւն, իբրեւ մէկը այդ փորձառութեան իւրայատկութիւններէն: Հայ կենսունակութեա՛ն այս նշանը բնական երեւոյթ է, բարդութիւնները յառաջացած են, երբ անիկա դիտումնաւոր կերպով շրջանցուած է եւ հրապարակ հանուած` «միութեան» պահանջներ կարգ մը հաստատութեանց ու խմբակցութեանց  ուժեղացումին եւ ուրիշներու լուսանցքայնացումին ու ջնջումին նպատակով:

3. Հայ մտադրոյթ – Արդիական հայազգացութիւն

Միակ «միութիւնը», եթէ կարելի է այդպիսին նկատել զայն, Եղեռնին կապուած հայ ընդհանուր մտադրոյթն (mindset) է կամ հաւաքական մտածելակերպը: Ներկայիս գրեթէ բոլոր հայերը, քիչ բացառութիւններով, կը սերին Եղեռնէն վերապրած ընտանիքներէ եւ կը բաժնեն Եղեռնին գիտակցութիւնը իբրեւ միա՛կ գիտակցութիւնը անցեալին նկատմամբ: Ուրեմն Եղե՛ռնը կ’ըլլայ իրենց պատմական անցեալը: Շատերու համար այսօր ըլլալ հայ` կը նշանակէ ըլլալ ժառանգորդը վերապրողներու սարսափելի յիշողութեանց եւ վե՛րջ: Կարելի չէ արտօնել, որ հայազգացութիւնը վերածուի եղեռնազգացութեան: Այսինքն մէկ դրուագ պէտք չէ որ խաւարեցնէ ժողովուրդին աւելի քան 25 դարերու պատմութեան գիտակցութիւնը:

4.  Համանմանութիւն – տարանջատութիւն (uniformity-divergence)

Համանմանութեան (uniformity) սկզբունքը կը վերաբերի այն ենթադրութեան, թէ նման հանգամանքներու մէջ եւ տրուած ըլլալով որոշ գաղափարաբանական կեցուածքներ` հայերը վարուած են եւ կը վարուին նոյնանման եւ, հետեւաբար, սպասելի-գուշակելի կերպերով: Այս ենթադրութեան ուղղակի արդիւնքը ան է, թէ գոյութիւն ունին ընդհանուր հայկական մտածելակերպ, վարուելակերպ եւ կեցուածք, ուրեմն կա՛յ  համանմանութիւն: Արտօնուած են միայն  այնպիսի պատումներ, որոնք կը հաստատեն համանմանութեան սկզբունքը: Անտեսուած են հակապարագաներ, եւ անոնց խաւարումով` հաստատուած են որոշ պատումներ միայն: Այսօր հայեր, եւ պատմագիրները մասնաւորաբար,  պէտք է որ պարկեշտօրէն նկատի առնեն հայոց գործունէութեան, մտածումի եւ հակազդեցութեան տարբեր կերպերը` ըստ միջավայրի պայմաններուն: Միայն այն ատեն կարելի կ՛ըլլայ գրել ճշգրիտ պատմութիւն:

5. Գաղափարաբանութիւն – Ռէալփոլիթիք

Ռէալփոլիթիքը այն քաղաքականութիւնը կամ դիւանագիտութիւնն է, որ հիմնուած է գործնակա՛ն նկատառումներու վրայ եւ ոչ թէ` գաղափարաբանութեան մը: «Հայկական ռէալփոլիթիք»-ը  հայոց պատմութեան ամէնէն քիչ խօսուած ու սերտուած, սակայն ամէնէն յատկանշական կողմերէն մէկն է: Այս ուղղութեամբ վկայութիւններ են ոչ հայ աղբիւրները, ինչպէս` յոյն, արաբ, ասորի, պարսիկ, լատին եւ այլն: Իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ չափազանց վտանգաւոր պայմաններու մէջ հայերը իրենց գտնուած վայրերուն մէջ դաշնակցած են, կամ` պայքարած, տարբեր ուժերու եւ խմբակցութեանց հետ որդեգրած, կամ` մերժած այն, ինչ որ նկատած են օգտակար կամ վնասակար իրենց գոյատեւումին համար: Հազուադէպօրէն գաղափարաբանութիւնը նկատած են նախադաս, իսկ իրենց շահերը` երկրորդական:

Այն, ինչ որ ոմանք կը կոչեն «հայկական գաղափարաբանութիւն» ունի գրական-վերացական եւ ոչ թէ իրողական գոյութիւն կամ իրողական պարագաներ, որպէսզի նկատուէր պատմութեան ընթացքը բացատրող նախատիպար: Իրողապէս, այսինքն գետնի վրայ, դժուար է գտնել հայ քաղաքականութեան, մտածելակերպի եւ ռազմավարութեան մնայուն եւ շարունակական գիծ` բացի իւրայատուկ շարժունութենէ եւ ճկունութենէ, որոնց շնորհիւ ապահովուած է ընդհանուրին կամ Մեթասիսթեմին գոյատեւումը: Հայոց պատմութիւնները պէտք էր որ ցոլացնէին ա՛յս վիճակը եւ խուսափէին վերացականացումներէ, իբր թէ հայերը միշտ գործած ըլլային ըստ իրենց գաղտնի էութեան մը եւ ազգային գաղափարաբանութեան: Այս չէ եղած եւ չէր կրնար եղած ըլլալ, պարագան, եթէ ըլլար` այսօր հայերը պիտի ըլլային Մերձաւոր Արեւելքի կորսուած ժողովուրդներէն մէկը:

6. Հայրենիք – բնակավայր

Սկիզբէն ի վեր յարատեւ գաղթերու պատճառով համասփիւռութիւնը (dispersion) եղած է հայոց բնական վիճակը եւ այսպէս` իրենց պատմութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկը:

Մերձաւոր/Միջին Արեւելքի ամէնէն հին եւ տակաւին գոյատեւող ժողովուրդներէն` սկիզբէն ի վեր հայերը ապրած են իրենց հայրենի հողին, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ եւ անկէ շատ անդին, փոխյարաբերելով տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ: Այսպէս, հայկական բնակավայրը միշտ ալ եղած է շատ աւելի տարածուն, քան` բուն հայրենիքը եւ զայն ներառած: Մշակութային եւ քաղաքական փոխյարաբերութեանց իրենց կերպերը եղած են եւ տակաւին են` գերազանցապէս ապակեդրոնացած եւ բազամատարածք: Բնակավա՛յրը (habitat) պէտք է որ առնուի իբրեւ հայոց ապրած եւ գործած միջոցը եւ իբրեւ այդպիսին նկատուի առաջնահերթ` թէ՛ իբրեւ նիւթական իրականութիւն եւ թէ՛ իբրեւ տեսական սկզբունք: Սակայն գրաւոր պատմութիւնները  մեծապէս նեղցուցած եւ աղքատացուցած են հայ փորձառութեանց շրջանակը` արձանագրելով միա՛յն այն դէպքերը, որոնք պատահած են հայրենի հողին վրայ: Առնել ամբողջ հայկական բնակավայրը` անպայմանօրէն պիտի լայնցնէ հայ վիճակին ամբողջական շրջանակը եւ ներառէ ամէն կարգի փորձառութիւններ բոլոր տեղերու եւ ժամանակներու մէջ: Այս մօտեցումը պիտի առաջնորդէ, ինչպէս պատահած է իմ պատմագրական աշխատանքիս մէջ, հայոց պատմութեան վերաբերեալ նախապէս անծանօթ, բայց իսկապէս կարեւոր եւ հետաքրքրական տեղերու եւ ժամանակներու: Օրինակ` ֆաթիմական հայերը, Սուրիոյ մէջ հայոց պատմութիւնը 1Օ-րդ դարէն ալ առաջ:

(Շար. 1)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>