Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13440

Մինչեւ Ե՞րբ

$
0
0

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ

Մեր գաղութը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ հիմնականը օտարացումն է եւ` հայկական սովորութիւններէ հեռացումը: Օտարացումի պատճառները բազմատեսակ եւ բազմաթիւ են, որոնց վերջին հորիզոնականը կը գրաւէ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու թիւի բարձրացումը: Հայ մանուկը փոքր տարիքէն հեռու մնալով հայկական միջավայրէ` բնական ընթացքով կը հեռանայ հայկականութենէ եւ օտարացումի ճամբան կը բռնէ: Հոս պէտք է հաստատել հայկական դպրոցին անշրջանցելի դերակատարութիւնը հայ մանուկին ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու իմաստով: Բայց այս գրութեան նպատակը հայ դպրոցին գովքը հիւսել չէ, այլ` «հայկական» կոչուած կարգ մը դպրոցներու օտարացումի ճամբուն վրայ գտնուելու մատնանշումը:

Արդարեւ, արհեստագտութեան այս դարուն հայ վարժարանի առաքելութիւնը աւելի եւս դժուար կը դառնայ` նկատի առած, որ հայ աշակերտը, դպրոցի դռներէն դուրս շրջապատուած է օտարութեամբ, մանաւանդ համացանցի երեւակայական աշխարհին մէջ: Վերջին տարիներուն, գնահատելի նախաձեռնութեամբ մը, քայլ պահելով արհեստագիտութեան հետ, հայկական գրեթէ բոլոր վարժարաններ եւս մուտք գործեցին` համացանցի աշխարհ` նախ ունենալով իրենց կայքերը եւ ապա` Դիմատետրի էջեր: Անոնք այդ էջերու վրայ կը տեղադրեն վարժարանի մասին յայտարարութիւններ, տեղեկութիւններ, լուրեր, լուսանկարներ, դպրոցական թէ արտադպրոցական աշխատանքներու լրատուութիւններ, իրենց աշակերտներու պետական քննութիւններու արձանագրած արդիւնքներ  եւ այլն … Այսպիսով, վարժարանի տարած բոլոր տեսակի աշխատանքները կը դառնան հանրութեան սեփականութիւնը եւ կը փաստեն, որ հայկական վարժարանները կը հանդիսանան այն առողջ միջավայրը, ուր հայ մանուկն ու պատանին կրնան դաստիարակուիլ, զարգանալ եւ յաջողութիւններ արձանագրել:

Սակայն հայկական հանրածանօթ վարժարան մը Դիմատետրի իր գրառումները կը կատարէ ֆրանսերէնով, եւ ոչ մէկ հայերէն բառ գոյութիւն կ՛ունենայ անոր յայտարարութիւններուն մէջ: Այն ժամանակ, երբ երիտասարդական խմբակներ ճիգ չեն խնայեր հայատառ հայերէնի գործածութիւնը զարգացնելու Դիմատետրին վրայ, այն ժամանակ երբ, համակարգիչին վրայ հայատառ գրել շատ դիւրին է, այն ժամանակ, երբ հայապահպանումի ամէն ճիգի կարիքը կայ, ինչո՞ւ հայկական վարժարան մը կը յամառի ֆրանսերէն գրել Դիմատետրին վրայ: Ի՞նչ պատճառաբանութիւն կրնայ տալ անոր տնօրէնութիւնը: Արդեօք կը խուսափի՞ հայերէն գրելէ: Արդեօք անոր յայտարարութիւնները ուղղուած են ոչ հայերո՞ւ: Փաստօրէն, ստորակայութեան բարդոյթի մէկ արտացոլացումն է: Ինչպէ՞ս պայքարիլ օտարամոլութեան դէմ, ինչպէ՞ս դէմ դնել ստորակայութեան այս բարդոյթին, ինչպէ՞ս պայքարիլ հայերէնի պահպանութեան համար, երբ հայապահպանումի հիմնական կռուաններէն մէկը` հայկական վարժարանը, տեղի տալով, կը քաջալերէ օտար լեզուն եւ մշակոյթը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13440