Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Դպրոցական Նոր Տարեշրջան Մըն Ալ Բոլորուեցաւ Եւ Շրջանաւարտներու Նորեկ Խումբ Մը Միացաւ Հայ Ուսանողներուս Փաղանգին

$
0
0

ՑՕՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Մեր Ճիտին Պարտքը

Տարիներէ ի վեր կը խօսուի եւ կը գրուի արեւմտահայերէնի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Զայն պահպանելու միջոցներ կը քննարկուին խորհրդաժողովներու սեղաններու շուրջ: «Ինչպէ՞ս աւելի արդիական մեթոտներով արեւմտահայերէնը ուսուցանել հայ մանուկին` հայ դպրոցէն ներս», հարցումը կը հնչէ: Լեզուաբաններ, գիտաշխատողներ, հայ լեզուի ուսուցիչներ եւ հայ դպրոցի տնօրէններ կը համախմբուին եւ սփիւռքեան այս մեծ մտահոգութեան լուծումներ կը փնտռեն եւ միջոցներ կ՛որդեգրեն:

Սփիւռքեան մտահոգութիւն կը գրեմ` լուսարձակի տակ բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը արեւմտահայերէնին պաշտպանութեան իր պարտաւորութեան հանդէպ: Բարեսիրական միութիւններ իրենց ներդրումը կը բերեն` թիկունք կանգնելով Հայ Լոյսի օճախներուն եւ կրթական մշակներուն: Սփիւռքեան մամուլը իր սրբազան գործը կը կատարէ` ինչպէս միշտ: Իսկ մենք` հայկական ճեմարաններէ եւ ազգային երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտներս, ի՞նչ կ՛ընենք արեւմտահայերէնը պահպանելու  եւ զարգացնելու համար: Մենք, որ  համալսարանականներ ենք եւ հայ լեզուի դասապահեր չունինք այլեւս, մենք, որ ամերիկեան, ֆրանսական, արաբական, նոյնիսկ հայկական համալսարաններու մէջ մեր մտքերը օտար լեզուներով բացած ենք գիտութեան եւ արուեստի: Կը գրե՞նք արդեօք հայերէնով: Իսկ եթէ պատահեցաւ եւ գրեցինք, որքանո՞վ ճիշդ կը գրենք: Մենք, որ աւարտած ենք ճեմարաններ` հիմնուած տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեաններու,  Հրաչ Փափազեաններու եւ Լեւոն Շանթերու կողմէ, կ՛արժեւորե՞նք մեր ճեմարանականի կոչումը: Իսկ եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա հարցնենք մենք մեզի` ինչո՞ւ է այս մէկը: Քանի՞ երիտասարդ բանաստեղծ ունինք, որոնց գործերը կը հրատարակուին թերթերու մէջ:  Երիտասարդ վիպագիրներ ունի՞նք, որոնք կը գրեն սփիւռքեան մեր առօրեան շօշափող եւ յուզող հարցերէն ներշնչուած: Պատասխանը այն է, որ մենք չունինք երիտասարդ գրողներ:

Բայց մենք բոլորս անխտիր հաղորդակցութեան զանազան միջոցներով ամէն օր կը գրենք: Ուրեմն գրե՛նք հայերէնով: Բծախնդիր ըլլանք մեր լեզուին նկատմամբ: Գուրգուրանք եւ սիրենք մեր լեզուն:

Իբրեւ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ այժմ ուսանող` կ՛ըսեմ իմ բոլոր շրջանաւարտ ընկերներուս, թէ ժամը հասած է, որ թօթափենք այս անտարբերութիւնը մեր ուսերէն եւ գտնենք մեր կոչումին վայել տիպարը: Սրբազան դարձնենք հայ գիրը մեր կեանքէն ներս, հայերէնով արտայայտենք մեր սէրերը, յոյզերն ու յոյսերը, հայերէնով արտայայտենք մենք մեզ: Կը հաւատամ, որ մենք ունինք նոր Ծառուկեաններ ու նոր Տասնապետեաններ մեր մէջ, որոնք  դուրս պիտի գան անպայման իրենց պատեաններէն:

Մեր ճիտին պարտքն է արեւմտահայերէնը պահել անապակ եւ զայն փոխանցել յաջորդ սերունդին` աւելի բիւրեղացած եւ զարգացած: Արեւմտահայերէնը մեր ինքնութիւնն է: Ամէն անգամ որ խօսինք եւ գրենք արեւմտահայերէնով, մեր գրաւեալ հայրենիքը կ՛ազատագրուի մասամբ եւ կը շնչէ հայօրէ՛ն:

25/06/2016
Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>