Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Տեսակէտ. Ի՞նչ Կ՛ուզէ Ազրպէյճան

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ

Թող ներուի ինծի իմ համեստ կարծիքս յայտնել` ներկայիս եւ մօտիկ ապագային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերաբերող ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց նկատմամբ արտայայտելու իմ յոռետեսութիւնս եւ ի հարկին լաւատեսութիւնս, եթէ յաջողինք ժամանակին լուրջ եւ ազդու միջոցներով այդ ծրագիրներուն առաջքը առնել:

Կանխաւ ըսեմ, թէ իբրեւ հայուն էութիւնը խանգարող եւ փորձաքարի առջեւ դնող գլխաւոր թնճուկը կը մնայ ու պիտի մնայ թուրքին համաթուրանական երազը, Եւրոպայի սրտէն մինչեւ Չինաստան օսմանական մեծ պետութեան գաղափարը իրականացնելը:

Այո՛, պարզի չառնենք, ո՛չ ալ խաբկանք նկատենք ըսուածը` յիշելու համար, որ 1915-ի ջարդերէն 50 տարիներ առաջ Պոլսոյ մեր պատրիարքներուն, ամիրաներուն եւ աղաներուն ականջներուն ստուար թիւով հայասէրներ` փսփսացած են գալիք հայկական սպանդներուն մասին, բայց անոնք չեն հաւատացած նոյնիսկ ծիծաղելով ըսած են, թէ` այդ բանը կարելի չէ, թէ Թուրքիան մեր ձեռքերուն մէջ է, որովհետեւ արտաքին գործոց նախարարին, ելեւմուտքի նախարարին եւ այլ մեծ պաշտօնեաներու հայ ըլլալով, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը մենք կը կառավարենք եւ թէ ատիկա միայն չարախօսութիւն է: Բայց այդ սատանայական ծրագիրը թուրքին մտքին մէջ էր, եւ ան առիթը գտաւ զայն գործադրելու Համաշխարհային Ա. պատերազմի թոհուբոհին մէջ:

Իսկ հիմա, արդէն Թուրքիա-Իսրայէլ գաղտնի համաձայնութեան առընթեր, Ազրպէյճան` իբրեւ գործակից, կը քալէ այդ ծիրին մէջ` ղարաբաղեան տարածքներուն պատրուակին տակ, եւ ասոր որոշ նշաններէն մէկն է արդէն Իսրայէլէն դէպի Ազրպէյճան զինամթերքի հոսքը, թէեւ իրենք եւ ամբողջ աշխարհ լաւ գիտեն Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը պատմականօրէն թէ ներկայիս հայութեամբ բնակուած ըլլալը: Այստեղ փաստերու մասին խօսիլը եւ թուրքին ծուռ տրամաբանութեան դէմ արտայայտուիլը աւելորդ են, որովհետեւ ծանօթ է, որ Թուրքիա Կիպրոսի մէջ 15 տոկոս թուրքերու գոյութիւնը առարկելով կղզիին կէսը գրաւեց, հակառակ անոր որ շուրջ 40 տարիէ տակաւին ոչ ոք ճանչցաւ Թուրքիոյ հովանիին տակ ստեղծուած հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ հանրապետութիւնը: Իսկ Ղարաբաղին Ազրպէյճանի հետ կապ ունենալը միայն խորհրդային կարգերու ատեն Ստալինի կամայական մէկ կարգադրութիւնն էր, վարչական իմաստով եւ ոչ թէ հողի յանձնում:

Իսկ այժմ ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ ատեն-ատեն արձակուող պատերազմական շռնդալից սպառնալիքներուն, զինուորական կարճատեւ յարձակումները եւ խախտումները կրնան յանկարծ բոցավառել սահմանը` ազրպէյճանցիներուն դրած ժամկէտին համաձայն, իսկ անդին` աղուէսի պէս ախորժակները լարած Թուրքիան կը սպասէ խուժել Հայաստանի վրայ, հակառակ ռուսական ներկայութեան, որ թերեւս զանազան պատճառներով, անակնկալօրէն չկարենայ իր դերը կատարել եւ այս կեցուածքին ծալքերն ալ մեզի մութ մնան յաւիտեան:

Ցաւ ի սիրտ կը յայտնենք այս տեսակէտները` ի շահ եւ ի սէր մեր ազգին, որ դարերէ ի վեր միայն լաց ու կոծ, ջարդ ու աւեր տեսած է եւ ամբողջ աշխարհով ցրուած է ու հիմա կ՛ապրի իր պատմական հողերուն քառորդին վրայ եւ 50 միլիոննոց ազգ մը դարձած ըլլալու փոխարէն 10 միլիոն մնացած ենք` ջարդուելով, ձուլուելով ու տարտղնուած` անորոշ քայլերով ընթանալով: Չեմ ուզեր, որ մեր զաւակները տեսնեն նոր ցեղասպանութիւն մը` լի արհաւիրքներով ենթարկուելու դժբախտ ճակատագիրներու:

Հետեւաբար, կը խնդրենք մեր քաղաքագէտներէն` հայրենիքի մէջ թէ արտերկրի, կուսակցական ղեկավարներէն, որ մեր տառապեալ ժողովուրդին խնայելու համար նոր դժբախտութիւններ, ոգի ի բռին աշխատանք տանին համաշխարհային դիւանագիտական ծրագիրներուն առաջքը առնելու` մղելով հայ հանճարը իր գերազանց կարողութեան, չքնանալու երբեք եւ չարհամարհելու կացութիւնը` ապաւինելով միայն հզօր բանակին վրայ (երանի թէ): Գէթ այս անգամ փրկեն ազգը եւ ըսին թէ «պրաւօ», այս անգամ քաղաքականութիւն սորվեցանք, այլապէս երբ վտանգը այլեւս կը մօտենայ, վերջին ափսոսանքը երբեք օգուտ պիտի չընէ: Մի՛ հաւատաք թուրքին ո՛չ բանակցութիւններուն, ո՛չ համաձայնութիւններուն, ո՛չ ալ խոստումներուն: Նոյնն է նաեւ թուրքին եղբօրորդին` ազրպէյճանցին: Ըլլանք արթուն եւ զգուշ, այլապէս 700 տարիներու տառապանքներէ եւ զրկանքներէ ետք մեր ձեռք ձգած անկախ Հայաստանն ալ կրնայ կորսուիլ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>