Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13470

Վերսայի Դղեակը Եւ Կիլիկիան

$
0
0

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ո՛վ կրնայ երեւակայել, որ Վերսայի դղեակին մէջ կայ ամբողջ բաժանմունք մը, որ կը վերաբերի խաչակրութեան եւ ո՛վ կ՛ըսէ, որ խաչակրական ութ արշաւանքներուն ետին կային նաեւ Կիլիկիոյ հայ իշխանութիւնները: Խաչակրութիւնը կարելի չէ տեսնել առանց Կիլիկիոյ մասնակցութեան, որովհետեւ «ֆրանք» անուանուած խաչակիրներու բոլոր արշաւանքները ստիպուած էին Փոքր Ասիայէն, յատկապէս Կիլիկիայէն անցնելու: Իսկ կիլիկեան Հայաստանի կողքին կային չորս այլ պետութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով առնչուած են հայութեան հետ (Եդեսիոյ, Անտիոքի, Թրիփոլիի իշխանութիւնները եւ Երուսաղէմի թագաւորութիւնը):

Առաջինը` Եդեսիոյ իշխանութիւնը, զոր կը ղեկավարէր հայազգի Թորոս իշխանը. խաչակրական առաջին արշաւանքին ժամանակ` իր իշխանութիւնը պաշարուած ըլլալով թրքական բանակին կողմէ, Թորոս իշխանը կը դիմէ խաչակիրներու Պաղտուին (Baudouin de Boulogne) զօրապետին, որ գայ եւ իրեն օգնէ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ եւ Պաղտուին զօրապետը դաշինք կը կնքէ Թորոս իշխանին հետ, սակայն անկէ ետք դաւադրութեամբ սպաննել կու տայ Թորոսը եւ ինք Եդեսիոյ իշխանութեան գլուխ կ՛անցնի: Յետոյ, կ՛ամուսնանայ Արտա անունով հայազգի իշխանուհիին հետ, որ կը դառնայ Երուսաղէմի առաջին թագուհին: Երկրորդ թագուհին եւս հայազգի էր` Մորֆիա անունով, որ հետագային շատ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Երուսաղէմի պատմութեան մէջ:

Պատմութեան այդ ժամանակաշրջանին անդրադարձանք, որովհետեւ երբ 1850-ական թուականներուն Ֆրանսայի թագաւորը` Լուի Ֆիլիփ, կը վերայղանայ Վերսայի դղեակի վերանորոգման գաղափարը, որպէսզի անիկա դառնայ Ֆրանսայի պատմութեան լաւագոյն դրուագներու, յաղթանակներու պատմութեան թանգարանը, դղեակին բոլոր սրահները այնպէս մը կը դասաւորէ, որ անոնք գալիք սերունդներուն համար վերածուին Ֆրանսայի պատմութիւնը ներկայացնող դաստիարակչական վայրի մը: Թագաւորը կը ծրագրէ ու կը ստեղծէ նաեւ Խաչակրական արշաւանքներուն նուիրուած բաժանմունք մը, ուր գեղանկարչութեան միջոցով կը ներկայացուի բոլոր դէպքերուն պատմութիւնը: Այս ծրագիրին իրագործման համար Լուի Ֆիլիփ ֆրանսացի 54 գեղանկարիչներու պատուէրներ կու տայ: Այս վերջինները չորս-հինգ տարուան ընթացքին կը նկարեն խաչակիրներու փառահեղ ու փառապանծ յաղթանակներն ու դէմքերը, որոնք այսօր կը զարդարեն այդ բաժինին հինգ սրահներուն պատերը:

Դժբախտաբար Վերսայի դղեակին այս բաժինին սրահները բաց չեն հանրութեան առջեւ եւ հոն այցելել փափաքողները պէտք է յատուկ դիմում ներկայացնեն, որպէսզի թանգարանի պատմութեան լաւագոյն ներկայացուցիչ մը գայ, մեկնաբանէ եւ բացատրութիւններ տայ: Շուրջ քսան հոգիի կողմէ կատարուած դիմումներուն ընթացք կը տրուի:

Պատմագէտ Արմէն-Քլոտ Մութաֆեանի միջոցով հոն կարելի եղաւ այցելութիւն մը կատարել: Ան այս տարեշրջանին Կիլիկիոյ հայոց պատմութեան մասին դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացուց «Մկնիկ» աշխատանոցի մանուկներուն եւ պատանիներուն: Աւարտին ալ առաջարկեց այցելել Վերսայի դղեակի վերոնշեալ բաժինը, որպէսզի աշակերտները մօտէն ծանօթանան Կիլիկիոյ հայոց պատմութեան առնչուող խաչակրական արշաւանքներու դրուագներուն: Այդ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ անցնող ապրիլ ամսուան ընթացքին:

Ահաւասիկ, այդ շրջանի պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար բաց դուռ մը, տեսնելու եւ ապրելու գեղեցիկ առիթ մը: Բնականաբար` ֆրանսական ակնոցով դիտուած: Հայոց Կիլիկիոյ եւ խաչակիրներու պատմութեան փոխադարձ առնչութիւններուն տեղեկանալու լաւագոյն միջոց մը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13470

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>