Իրենց աւարտին կը հասնին Լիբանանի տարածքին գործող հայկական յարանուանական եւ միութենական վարժարաններու ամավերջի հանդէսները: Հանդէսները անշուշտ նախ եւ առաջ տօնական պահեր են աւարտող աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ առհասարակ կրթական պատասխանատու մարմիններուն համար:
Բնականաբար նաեւ տարուան մը աշխատանքի հանրագումարը ժողովուրդին ներկայացնելու, յաջողութիւնները ընդգծելու եւ անդրադառնալու նաեւ դժուարութիւններուն, որոնց յաղթահարման համար նախապատրաստել դպրոցական շրջանակները` աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէն, նուիրատուներ:
Հանրագումարի ներկայացման այս առիթը, անկախ շատ հասկնալիօրէն բարոյական արժեչափերու եւ հայ դպրոցի իրագործած յատուկ առաքելութեան համատարած շեշտումներէն, լուսարձակի տակ կը բերէ նաեւ թիւեր: Թուաբանական տրամաբանութիւնը անշուշտ շատ կարեւոր է առարկայական գնահատական տալու համար: Իսկ թիւերը ընդհանրապէս կը վերաբերին նախ աշակերտութեան, շրջանաւարտներուն, հաւաքուած նուիրատուութեան, պետական քննութիւններուն արձանագրուած յաջողութիւններու համեմատութիւններուն, հաւանաբար նաեւ ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն:
Եւ պէտք է ընդունինք, որ գաղութի թէ՛ քանակի եւ թէ՛ որակի պատկերը ճիշդ տեսնելու համար հայկական վարժարանները ամէնէն թափանցիկ եւ ճիշդ կողմնորոշող միջավայրերն են: Կարելի չէ ժխտել, որ այո կայ, գոյութիւն ունի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան ընդհանուր թիւի նուազում, այսուհանդերձ համեմատական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ գաղութի անցեալի թիւին հետ համեմատած հայկական դպրոց յաճախողներուն տոկոսը հիմնական փոփոխութիւն չէ կրած:
Քաջալերական է նաեւ պետական քննութիւններուն հայկական վարժարաններէն մասնակցողներուն յաջողութիւնը: Հաւանաբար աճ արձանագրած է նաեւ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներուն բարձրագոյն ուսման հետեւողներուն համեմատութիւնը:
Տնտեսական ներկայ եւ հետզհետէ խորացող դժուար պայմաններուն մէջ, հայ դպրոցին ետին կանգնած յարանուանութիւնը կամ միութիւնը անպայման ձեւը գտած է պարտքերն ու բացերը լրացնելով պիւտճէները ձեւով մը հաւասարակշռելու եւ երթը շարունակելու: Այո ունինք թիւեր եւ այդ թիւերը փաստեր են. փակուող պիւտճէներ, շրջանաւարտներու եւ պետական քննութիւններու յաջողած աշակերտներ:
Այս թիւերը սակայն կը վերաբերին միջոցներու, եթէ կ՛ընդունինք, որ հայ դպրոցին հիմնական առաքելութիւնը հայ կազմակերպ կեանքին մարդուժ հասցնելն է առաջնային կարգով: Ահա այստեղ է, որ կը բացակային թիւերը:
Որեւէ վարժարան ցարդ չէ հրապարակած (եթէ նոյնիսկ պատրաստած է) թէ իր շրջանաւարտներէն քանի՞ն անդամ են, մաս կը կազմեն հայկական միութեան եւ այդ ճամբով կ՛երիտասարդացնեն մեր գաղութին կամ այլ գաղութի մը կազմակերպ կեանքը: Եւ այստեղ անշուշտ քաղաքական կամ գաղափարական պատկանելիութեան մասին չէ խօսքը բացառապէս. կազմակերպ կեանք ըսելով պէտք է հասկնալ մշակութայինը, մարզականը, ուսանողականը, երիտասարդականը, հոգեւորը, յարանուանականը: Ու տակաւին քանի՞ն մեկնած է հայրենիք իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար, քանի՞ն յաջողած է հայրենադարձութեան որոշումին յանգեցնել հայկական այս կամ այն վարժարանը: Քանի՞ն որոշած են իրենց մասնագիտութենէն ետք հանրային ծառայութեան ասպարէզը ընտրել իբրեւ տնօրէն, ուսուցիչ, լրագրող, խմբագիր, գործիչ: Ու տակաւին քանի՞ շրջանաւարտ իր դպրոցի պատասխանատու մարմինին կողմէ գործուղուած է մասնագիտանալու հայերէնագիտական նիւթերու մէջ, ապահովելու համար այս մարզին մէջ նաեւ անհրաժեշտ սերնդափոխութիւնը:
Այս թիւերուն հրապարակումն է, որ հայ դպրոցի առաքելութիւնը ճիշդ հասկցողին համար կրնայ ցուցանիշ ըլլալ եզրակացնելու համար, որ հայ դպրոցը ճիշդ ուղիին վրայ է:
Վիճակագրութիւնը ժամանակակից որեւէ վարչակառավարման համակարգին կարեւոր ու նախապայմանային բաղադրիչն է: Թիւերը կ՛առաջնորդեն եզրայանգումներու, յաջողած ոլորտները զարգացնելու, բացթողումները սրբագրելու եւ յառաջընթացը շարունակելու համար: Իսկ յառաջընթացը կը շարունակուի հիմնականին մէջ նպատակին ծառայած ըլլալու փաստերու հիման վրայ ռազմավարութիւն որոշելով եւ ոչ թէ սոսկ միջոցներու:
Կը հաւատանք, (կ՛ուզե՜նք հաւատալ), որ հայ կազմակերպ կեանքի մասնակից հայկական դպրոցէ շրջանաւարտներու թիւերու հրապարակումը պիտի համոզէ բոլորս, որ հայ դպրոցը իր առաքելութեան ճիշդ ուղիին վրայ կը գտնուի: