ՖԱՐԻՏ ԽԱԶԵՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում
համախմբումի երեսփոխան
Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ ճշդուած աշխարհիկ պետութեան ինքնութիւնը իսլամական ինքնութեամբ փոխելու Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայէլ Քահրամանի կոչը դատարկութենէ չի բխիր:
Եթէ այդ կեցուածքը համադրուած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, կամ կը վայելէ անոր մեղսակցութիւնը, ապա երկու պարագաներուն ալ այդ կեցուածքը կ՛աւետէ, որ բերքը հաւաքելու ժամանակը մօտ է:
2002-էն ի վեր իշխող կուսակցութիւնը` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Էրտողանի նախագահութեամբ կը ջանայ հասնիլ իշխանութեան մը, որ հասած է մենատիրութեան սահմաններուն: Մենատիրութեան հոլովոյթը սկսած էր թրքական բանակին չէզոքացումով եւ իշխանութեան հասնելու անոր կարողութիւններուն թօթափումով, որպէսզի նախապէս բանակին կողմէ իշխանութեան հասնելու կարելիութիւնը կանխարգիլուի: Բանակէն ետք կարգը հասաւ դատական իշխանութեան, որուն յաջորդեց տեղեկատուութեան մարզը, իսկ վերջապէս անկէ անմասն չմնացին նոյն կուսակցութեան մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող ընկերները, որոնցմէ վերջինն էր վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, որուն հեռացուցին իր պաշտօնէն:
Իշխանութեան մէջ աւելի եւս հզօրանալու միտումով Թուրքիոյ մէջ կատարուեցան կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց շնորհիւ կազմուեցաւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն մը, որ անհրաժեշտ էր` փոփոխութեան ենթարկելու սահմանադրութիւնն ու քաղաքական վարչակարգը: Ինչ որ Էրտողանի ծրագիրը կը բնորոշէ իր երկու երեսներով` մենատիրական, որ կը ներկայացնէ իր անձնական ձգտումները, եւ գաղափարական, որուն առանցքը կը կազմէ կրօնը: Եւ այս երկու երեսները զիար կ՛ամբողջացնեն: Իսկ ինչպէս մենատիրական իւրաքանչիւր ծրագիր, պէտք է որ գոյութիւն ունենայ թշնամի մը, որ կը սպառնայ երկրին եւ ժողովուրդին գոյացութեան: Թրքական իրավիճակին պարագային թշնամին կայ. ազգային իմաստով անոնք քիւրտերն են, իսկ օրինական իմաստով` աշխարհիկ ըլլալու իրականութիւնը:
Իշխանութեան ստանձնումէն սկսեալ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան առանձին եւ նպատակասլաց կերպով գործեց: Առաջին հերթին ան հիմնուեցաւ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու ծրագիրներուն վրայ, որպէսզի աւելի ուշ զանոնք օգտագործէ իշխանութեան տիրանալու իր ձգտումները իրականացնելու համար:
Էրտողան քաղաքական եւ կրօնական իր տեսակէտներուն մէջ եղած է ներդաշնակ, եւ իբրեւ այդպիսին` ան պիտի յեղաշրջէ Թուրքիոյ աշխարհիկ պետութիւն մը ըլլալուն իրականութիւնը, որուն հեղինակն էր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը` Էրտողանի հակապատկերը` քաղաքական, մտաւոր եւ պատմական ենթահողերով:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Աթաթուրք արդի Թուրքիան հիմնեց Օսմանեան կայսրութեան փլատակներուն վրայ, մինչդեռ Էրտողան կը ցանկայ հիմնել իսլամական Թուրքիա մը` պետութեամբ եւ ժողովուրդով: Աթաթուրք զինուորական հրամանատարն էր եւ բանակը` անոր օգտագործած գործիքը:
Եւ նկատի ունենալով, որ պատմական առումով բանակն է Արեւմուտքին բացուած աշխարհիկ վարչակարգին հսկողը, ապա անոր չէզոքացումը ճամբայ կը բանայ` թիրախ դարձնելու այդ վարչակարգը:
Էրտողան փափուկ ուժ գործադրեց շրջանակը իսլամականացնելու համար, հետեւաբար բնաւ զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ան նման քայլի մը դիմէ պետութեան նկատմամբ: Իսկ եթէ ոչ ոք կասեցնէ զայն, ապա ան պիտի շարունակէ իսլամական մենատիրական պետութիւն մը կերտելու ընթացքը: Հոս կը հասնինք երկրին մէջ արձանագրուած այս փոփոխութիւններուն հանդէպ թրքական ընկերութեան դերակատարութեան:
Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ վարչակարգը ունի արմատներ եւ ներկայութիւն մը, որ կը գերազանցէ Թունուզի կամ իսլամական որեւէ այլ երկրի մէջ տիրող աշխարհիկ իրավիճակը: Տասնեակ տարիներու ընթացքին Թուրքիա ծառայած է իբրեւ օրինակելի տիպար` իսլամական եւ աշխարհիկ պետութեան գոյացութեան: Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող շատ մը անձերու տեսակէտով, Թուրքիան մարմնաւորած էր իսլամական աշխարհի արդի տիպարը: Երեսունականներու Իրանի շահը Թուրքիան նկատեց օրինակելի տիպար մը: Շահի օրինակին հետեւեցաւ նաեւ Թունուզի Հապիպ Պորկիպան: Միւս կողմէ` Իսլամ եղբայրներն ու այլ իսլամականներ կը մերժեն աշխարհիկ վարչակարգը` մերժելով նաեւ թրքական օրինակը, այն աստիճան, որ անոնք ընդվզած են 2011-ին Էրտողանի Եգիպտոս կատարած այցելութեան ընթացքին աշխարհիկ վարչակարգին մասին անոր կատարած յայտարարութիւններուն դէմ:
Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութիւնը արտաքին քաղաքականութենէն կարելի չէ անջատել` նկատի ունենալով Եւրոպայի հանդէպ թրքական դերակատարութեան առանցքայնութիւնը, Միացեալ Նահանգներու հետ անոր մտերմութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գոյութիւնը Ռուսիոյ, Իրանի եւ արաբական աշխարհի սահմաններուն վրայ: Աշխարհագրական իմաստով Թուրքիա Ուաշինկթընէն հեռու է, եւ Թուրքիոյ մասին ամերիկեան հետաքրքրութիւնը կը խտանայ ՕԹԱՆ-ի եւ Թուրքիոյ մէջ իր ունեցած զինուորական խարիսխներուն մէջ: Եւրոպայի պարագային, ան առաւելագոյն չափով հետաքրքրուած է Թուրքիոյ ներքին կացութեամբ` զանազան պատճառներով, որոնցմէ են վերջերս Թուրքիայէն դէպի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները խուժող մեծ թիւով գաղթականներու հոսքը, Անգարայի զօրակցութիւնը վայելող սալաֆական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ` Եւրոպայի մէջ ապրող թուրքերը, որոնք մեծ թիւ մը կը ներկայացնեն, յատկապէս` Գերմանիոյ մէջ: Իրանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնը կը մնայ կայուն, մինչդեռ Ռուսիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները հետզհետէ կը լարուին: Թուրքիոյ յարաբերութիւնները լարուածութեան մագլցումի մէջ են նաեւ Եգիպտոսի եւ արաբական կարգ մը երկիրներու հետ, որոնք կը նախընտրեն սահմանափակ իսլամականութեամբ Թուրքիոյ մը հետ յարաբերիլ եւ ոչ-իսլամ եղբայրներու ծայրայեղութեամբ ներկայացող Թուրքիոյ մը հետ:
Այս բոլորը ինքնութիւն կերտելու մրցումներ են. կարծէք Թուրքիա վերադարձած է ԺԹ. դարու կէսերուն ի յայտ եկած սուլթան Ապտիւլ Համիտի թրքական ազգայնականութեան օրերը: Անկախ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքի ապրած վերիվայրումներէն, կարելի է հաստատել, որ Աթաթուրքի հիմնած աշխարհիկ Թուրքիոյ ապագան վտանգուած է: Թուրքիա թալեպաններու օրինակին պիտի չվստահի, ընդհակառակն, Թուրքիոյ ներքին պառակտումը կրնայ խորանալ եւ հասնիլ «աֆղանացում»-ի: Ան քաղաքական իսլամականութիւն մըն է` համեմուած աշխարհիկութեան բոյրով, պատմական իր ենթահողով օսմանական է, իսկ ներկայ ձգտումները իրականացնելու առումով` թրքական: Իսլամական կուսակցութիւնները սովորաբար ծայրայեղ կը դառնան ներքին իմաստով, իսկ արտաքին առումով անոնք խաղաղարարի կերպար կը ստանան: Առ որ անկ է` ըսենք, որ այս իրավիճակին լաւագոյն փաստը Իսլամ եղբայրներու իրականութիւնն է Եգիպտոսի մէջ:
Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամական կուսակցութիւն մը իշխանութեան հասնի: Իննսունականներուն Նեճմէտտին Էրպաքանի ղեկավարութեամբ Ռեֆահ կուսակցութիւնը ստանձնեց Թուրքիոյ իշխանութիւնը, սակայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու անոր ղեկավարը ունին լայն ձգտումներ, եւ անոնց դիմաց կը գտնուին այնպիսի պայմաններ, որոնք իրենց նախորդներուն օրերուն ձեռնտու չէին` ճշդուած ուղիով եւ յարմարագոյն պահուն արմատական յեղաշրջում մը կատարելու: