ԽԱՉԻԿ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Հեղինակը՝ Արարատի լանջին
Արարատի գեղանկարները կախուած են բազմաթիւ հայերու տուներուն մէջ, եւ Արարատին առջեւ նկարուիլը հայրենիք այցելողներուն համար սովորական երեւոյթ է:
Յաճախ անդրադարձած եմ անոր` սերունդէ սերունդ փոխանցուող եւ յարատեւող անմաշ մագնիսականութեան: Հազարաւոր գեղանկարներէ, գրութիւններէ եւ երգերէ ետք, այս պաշտելի քարակոյտին հետ մեր ուղեւորութիւնը կը շարունակէ նորանոր որոնումներու եւ մտորումներու տուն տալ:
Քանի մը տարի առաջ, երեկոյ մը, երբ լերան ստորոտին նստած` կը խօսէինք, յանկարծ պարզ ու մեկին պատկեր մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Երբ հայերը Երեւանէն Արարատը կը դիտեն, անոնք ո՛չ միայն լերան կը նային, այլ նաեւ անկէ անդին, աւելի հեռուն Արեւմտահայաստանի՛ն է, որ կը նային:
Բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ կողմէն, այսինքն` հայրենիքի խորքէն երեւցող լերան պատկերը, նուազ խորհրդանշական չէ:
Կանգնելով այստեղ, որ այսօր Թուրքիա կը կոչուի, մեր դարաւոր ժառանգութեան փլատակներուն մէջ, եւ նայելով Արարատին, հայեացքս ո՛չ միայն լերան է, որ կը սեւեռէի, այլ նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն:
Կը դիտէի հայրենիքիս այն մասը, ուր մեր օճախները, դպրոցներն ու եկեղեցիները փլատակ ՉԵ՛Ն, ուր ազգը ուռճացած է, ուր մենք աւելին ենք, քան` լոկ զբօսաշրջիկներ:
Եւ պատգամը ճիշդ հո՛ս է, ազդու եւ ուժգին, ինչպէս Արարատը պայծառ օրուան մը ընթացքին: Առանց լերան արեւելեան կողմը գտնուող հայրենիքին նեցուկ կանգնելու` լերան արեւմտեան կողմը երբեք պիտի չկարենանք արդարութիւն ձեռք ձգել:
Առանց հզօր, բարգաւաճ եւ ժողովրդավար Հայաստանի եւ Արցախի` շատ քիչ բան կրնանք ակնկալել լերան թէ՛ այս եւ թէ՛ այն կողմը գտնուող լանջերէն:
Եթէ լեռը կարենար խօսիլ, ահա ա՛յս պատգամը պիտի փսփսար մեր ականջներուն, ամէն անգամ որ մեր ետին կանգնէր լուսանկարուելու համար:
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
28 մայիս 2016
Նիւ Ճըրզի