Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Անդրադարձ. Քանի Մը Առաջարկ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան` Թրքական Ներածումի Այլընտրանքի Մասին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ա. Սուրիահայ Արամ Պըլըխեանը կ՛ըսէ. ««Ո՛չ թրքական ապրանքին». կ՛ըսէինք դեռ Սուրիոյ մէջ: Երբ եկանք Հայաստան, նեղացանք, որ մարդիկ թրքական ապրանքը կը գովեն, կ՛ըսեն` սա չինական չէ, թրքական է: Մեզի համար ատիկա,  իրօք, ահաւոր նեղութիւն պատճառեց: Սուրիոյ մէջ այս գործով կը զբաղէինք, ըսինք, որ շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ մենք Երեւանի մէջ հայկականը ընենք (արտադրենք), քան թրքական կամ չինական պատրաստ ապրանք բերենք» (1): Ան կը հպարտանայ 50 աշխատատեղ բանալուն` զանազան տեսակի հագուստեղէն ձեւելու եւ կարելու: (Այս եւ յաջորդող ընդգծումները իմս, Յ. Չ.):

Սուրիահայ Արամին «Ո՛չ թրքական ապրանքին» կարգախօսով հայկական արտադրութիւնները սուրիահայերու տաղաւարին մէջ

Սուրիահայ Արամին «Ո՛չ թրքական ապրանքին» կարգախօսով հայկական արտադրութիւնները սուրիահայերու տաղաւարին մէջ

Բ. Րաֆֆի Տուտագլեանի «Նամակ երկրէն. ցրտահարութիւն եւ թրքական բանջարեղէն» յօդուածին մէջ («Ազդակ», 25 մարտ 2016, (2)) կը մէջբերէ հայաստանցի բարեկամին խօսքը. «Ա՛յ մարդ, էսքա՛ն ժամանակ ապրում ես Հայաստանում ու դեռ չես հասկացել, որ մեր երկրում տնտեսութիւնը ո՛նց ա աշխատում… Ներկրումները (ներածումները) եղել ու մնում են փող աշխատելու ամենաարագ եւ հեշտ ճանապարհը: Իսկ դու չգիտե՞ս, թէ ովքե՛ր են ապրանք ներկրում… Նրանք ամենավերեւների մարդկանց մօտիկ վաճառականներն են: Ինչի՞ նրանք հրաժարուեն արագ հարստութիւն դիզելու էդ ճանապարհից, թէկուզ եւ Թուրքիան լինի նրանց փողի աղբիւրը…»:

Գ. Գրիշա Բալասանեան «Հետք»-ի 8 փետրուար 2016 թիւին մէջ «Ինչպէ՞ս է թուրքական արտադրութեան լոլիկը յայտնւում հայաստանեան խանութներում» կը ցանկագրէ թրքական ապրանք ներածող ընկերութիւնները եւ անոնց սեփականատէրերը (3). թելադրելի է կարդալ յօդուածը, որ կը հաստատէ եւ կը պատասխանէ վերեւ նշուած «Չգիտե՞ս, թէ ովքե՛ր են ապրանք ներկրում» հարցումին: Այդտեղ կը կարդանք նաեւ, թէ բանջարեղէնի թրքական ընկերութիւն մը նիւթական հարցով նոյնիսկ դատ շահած է Հայաստանի դատարանին մէջ… ինչպէ՞ս:

Դ. Յակոբ Միքայէլեան «Գանձասար»-ի 19 փետրուար 2016-ի թիւին մէջ «Ազգային արժանապատուութիւն, ո՞ւր ես» խորագիրով կ՛անդրադառնայ նոյն նիւթին (4):

Ե. Յօդուածագիրս երկու առիթով անդրադարձած է այս նիւթին` «Ազդակ»-ի 10 սեպտեմբեր 2015` «Հայաստան եւ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկը այսօր» (5) եւ 4 մայիս 2016-ին` «Ցեղասպանութիւն, Հայաստան եւ թրքական արտադրութիւններու ներածումը» (6):

Զ. Սեդա Հերգնեան «Հետք»-ի 28 ապրիլ 2016-ին «Ո՛չ թուրքականին. պարզ կոչեր, բարդ խնդիրներ» (7) յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ թրքական ապրանքներու ներածման, ուր ցուցակներով կը ներկայացնէ Հայաստան-Թուրքիա առեւտուրի պատկերը ՀՀ մաքսային ծառայութեան եւ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ՀՀ ԱՎԾ) տուեալներու հիման վրայ: Այս ցուցակներէն մէկը կը ներկայացնէ ներածուող թրքական ապրանքներու գլխաւոր տեսականին:

Ստորեւ` 2015-ի ցանկը, որ 41 տոկոսով նուազ է 2014-ի ներածումէն: Անշուշտ կան աւելի նուազ ծաւալով կարգ մը այլ ապրանքներ, որոնք չեն նշուած, ինչպէս նաեւ` պաշտօնապէս չգրանցուած կարգ մը ապրանքներ, ինչպէս օրինակ` յօդուածներու նիւթ դարձած լոլիկը: Երկրորդ` նկատի չեն առնուած Վրաստանի շուկայէն թրքական ապրանքի ներածումը, որուն նիւթական ներդրումը կը գնահատուի նշուած ցուցակէն շատ աւելին, հաւանաբար` եռապատիկէն աւելի:

1.  Շուրջ 35 տեսակի հագուստեղէն` մօտ $12 միլիոն,
2. Շինարարական նիւթեր` խողովակ, ծածկոյթ, սալիկ, բաղնիքային ու խոհանոցային սարքեր, պիտոյքներ, շինարարական ապրանքներ` մօտ $10.3 միլիոն,
3. Մաքրութեան միջոցներ, օճառ եւ այլն` մօտ $9.1 միլիոն,
4. Փայտէ իրեր` մօտ $7.1 միլիոն,
5. Կիտրոնային պտուղներ` մօտ $6.3 միլիոն,
6. Երկաթէ իրեր` մօտ $6 միլիոն,
7. Ցանցահիւսք պաստառներ (թրիքոթաժ)` մօտ $4.7 միլիոն,
8. Ներկեր` մօտ $ 4.5 միլիոն,
9. Պաղլեղածինէ (ալիւմինիոմ) իրեր` մօտ $4.5 միլիոն,
10.Առողջապահական թուղթեր` անձեռոցիկ եւ այլն` մօտ $3.3 միլիոն:

Պարզ ակնարկով յստակ է, որ ներկայ դրութեամբ վերեւ նշուած ապրանքներուն առ նուազն ութն կ՛արտադրուի Հայաստանի մէջ, բացառութիւն են հաւանաբար թիւ 2-ն եւ 5-ը: Կիտրոնային պտուղներու պարագային` 5, ուրախութեամբ իմացանք որ սուրիահայ գործարար Ասմարեան եղբայրները Բերքաբերի մէջ, Արցախ, 2011-ին սկսած են մշակել կիտրոնային, ինչպէս նաեւ ձիթենի, պիստակ, քիուի եւ արեւադարձային այլ ծառեր եւ բոյսեր` կենսագործելով «Հայուն համար անկարելի բան չկայ» կարգախօսը: Իսկ երկրորդին պարագային` որոշ իրեր արդէն կ՛արտադրուին Հայաստանի մէջ:

Ուրեմն կարելի է եզրակացնել, թէ ընդհանուր առմամբ «հայկական այլընտրանք չկայ» պատճառաբանութիւնը սխա՛լ է, հարցը գինին մէջ է: Պէտք է լուծել այս հանելուկը, թէ ինչպէ՛ս ներածուածը աւելի աժան է. բոլոր միջոցներով պէտք է պաշտպանել եւ պահպանել հայկականը:

Իսկ իրօք անհանդուրժելի է` LC Waikiki – թրքական հագուստեղէնի ծանօթ ընկերութիւնը, որ բացայայտ կերպով Երեւանի մէջ մասնաճիւղ ունի, եւ կը մտածեն երկրորդ խանութ մը եւս բանալու մասին…

Բացայայտօրէն թրքական լոլիկ կը վաճառուի Երեւանի մէջ

Բացայայտօրէն թրքական լոլիկ կը վաճառուի Երեւանի մէջ

Է. 25 մայիս 2016-ին ուրախութեամբ լսեցինք գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի յայտարարութիւնը. (8) «Շատ յաճախ ասում են, որ արտասահմանից, յատկապէս Թուրքիայից մեծածաւալ լոլիկ է ներածւում հանրապետութիւն, այդպիսի խնդիր չկայ: Այս տարուայ հինգ ամիսներին Հայաստան է ներածուել 190 թոն լոլիկ, որի մի մասը` Թուրքիայից, որը Վրաստանով է գալիս: Ներածուած լոլիկի վերջին բաժինը Հայաստան է ներածուած մարտի կէսերին: Վերջին երկու ամսում լոլիկ չի ներածուել: Մենք վերջին տասը օրերին շուկայում ուսումնասիրութիւններ ենք կատարել ու թուրքական լոլիկ չենք յայտնաբերել»: Ան շարունակեց, թէ Հայաստանի առկայ ջերմոցային տնտեսութիւնները հնարաւորութիւն կու տան արտադրելու այնքան լոլիկ, որ կը բաւարարէ երկրի տարեկան պահանջը, եւ մեծ ծաւալի արտահանում կը կատարուի: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ այդ 190 թոն լոլիկին միւս մասը ո՞ր երկրէն ներածուած է:

Ը. Վարչապետը լրագրողներու հարցումին պատասխանելով` ըսաւ, թէ որոշում չէ տրուած արգիլելու թրքական ապրանքներու ներածումը: Իսկ տնտեսութեան նախարարը ըսաւ. «Հասկանալի է, որ հայ-թուրքական տնտեսական յարաբերութիւններն ուղղակիօրէն ածանցւում են քաղաքական յարաբերութիւններին, ուստի այդ շրջանակներում մենք պէտք է ներկայացնենք միասնական փաթեթ»: Ան աւելցուց, որ Հայաստան Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ է, անոր անդամ է նաեւ Թուրքիան:

Այլ առիթով Մինասեան ըսաւ. «Սակայն Թուրքիան կատարել է վերապահում, որով չի ճանաչում եւ չի յարաբերուելու Հայաստանի հետ` (իմա՛, սահմանը փակելու կողքին, Թուրքիա միակողմանի կերպով արգիլած է հայկական արտադրութիւններու ներածումը) իբրեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ: Դա նշանակում է, որ մենք իրաւունք ունենք այս ուղղութեամբ կիրառելու այն գործիքները, որոնք կը պաշտպանեն մեր տնտեսական կարգը»: Ան աւելցուց. «ԵԱՏՄ շրջանակներուն մէջ Հայաստան ունի գործիքակազմ, որ կարելիութիւն կու տայ որոշ ապրանքներու գծով կատարել անձնական գործողութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են երկրի շուկային պաշտպանութեան համար: Սակայն այդ քայլերը պէտք է ճիշդ հաշուարկուեն, որպէսզի պայթիւնավտանգ իրավիճակ չստեղծուի: Այսինքն մեր տնտեսական անվտանգութիւնը, տնտեսական զարգացումը եւ ընկերային բաղադրիչը մենք պէտք է համատեղենք, որպէսզի ունենանք արդիւնաւէտ մեքանիզմ», եզրափակեց նախարարը` աւելցնելով, որ վարչապետին յանձնարարականով նախարարութիւնը յառաջիկային պիտի ներկայացնէ նշեալ խնդիրները կարգաւորող մէկ միասնական փաթեթ:

Համաձայն ըլլալով հանդերձ «ուսումնասիրուած կարգաւորումին», այս դիւանագիտական «զգուշաւոր» մօտեցումը անհասկնալի է: Այլ խօսքով, կարծես թէ մենք «բարենիշ» կ՛ակնկալենք Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութենէն, թէ` մենք, հակառա՛կ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումին, մեր սահմանը 25 տարի է բաց է թրքական ապրանքներու ներածումին դիմաց… Բարի վարուց վկայակա՞ն կը սպասենք… Մեր տնտեսութեան ու արժանապատուութեա՞ն հաշուոյն:

Թ. Այստեղ պէտք է նշել, եւ օրինակ քաղել մեր հարեւան Իրանի նախորդ նախագահ Ահմատինաժատի «նշանաւոր» շնորհակալական խօսքէն` ուղղուած Ամերիկայի եւ Արեւմուտքին, թէ շնորհիւ անոնց պարտադրած տարիներու շրջափակումին ու տնտեսական պատժամիջոցներուն` Իրան դարձաւ ի՛սկապէս ինքնաբաւ երկիր բոլոր մարզերուն մէջ, մինչեւ իսկ այդ պայմաններուն տակ արբանեակներ ղրկելով անջրպետ…

Հայը Հայաստանի մէջ խողովակ, սալիկ եւ այլն արտադրելու կարողութիւնը չունի՞… Հայաստանի բնակչութիւնը միա՛յն ներածող ու յաճախո՞րդ է… Արտադրող ու արտածող չէ՞…

Ժ. Համբիկ Պիլալեան «Ազդակ»-ի 21 մայիս 2016-ի «Ինչո՞ւ միշտ մեզ սթափեցնողը թշնամին պիտի ըլլայ (Մերօրեայ հերոսամարտեր) – Ե.» յօդուածին մէջ (9) իրաւացիօրէն կ՛ըսէ. «Հայրենի պետական շրջանակներու թէ իշխանական մակարդակներու վրայ գոյութիւն ունեցող փտածութիւնը, կաշառքը, հովանաւորչութիւնը, ընկերային ու տնտեսական լուրջ մտահոգութիւններն ու շատ անգամ մենաշնորհային դատապարտելի երեւոյթները արդէն հասած են այնպիսի տարողութեան, որոնք այլեւս ուղղակի կը սպառնան ազգի ճակատագիրին եւ հայրենիքի անվտանգութեան: «Իրօք սա պատահական երեւոյթ չէ, այն առումով, որ ազգը, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, որոտընդոստ իր ձայնն ու կանչը կը բարձրացնէ յանուն ինքնասրբագրումի, ինքնակայացման, առաւել կազմակերպման, բայց մանաւանդ` յամեցող սխալներու եւ բացթողումներու ընդմիշտ վերացման»:

Առաջարկներ կառավարութեան.

1.  Ջերմոցային տնտեսութեան խթանման եւ գոյատեւման համար յատուկ պայմաններ ստեղծել` ամէն տեսակի դիւրութիւններ տալով մեծ ու մանաւանդ փոքր հողագործին` մատչելի վարկեր, ուսումնասիրուած տուրքեր եւ այլն, նպատակ ունենալով բանջարեղէնի եւ էական սննդամթերքի կայուն արտադրութիւն ապահովել, վաճառման անփոփոխ գիներով` բոլո՛ր եղանակներուն: Նկատի առնել նաեւ ջերմոցային սարքաւորումները նուազագոյն մաքսային հարկերով ներածելու որոշում` մինչեւ անոնց տեղական արտադրութիւնը:

2. Եթէ «ազատ տնտեսութիւն պիտի խաղանք» եւ մենաշնորհներու դէմ պիտի պայքարինք, օրինակ առնենք նոյնպիսի վիճակի մէջ գտնուող Յորդանանի 1977-ին պարէնաւորման նախարարութեան ընկերային բարենպաստ ու ազդու որոշումէն: Այսպէս, սնունդի եւ էական այլ ապրանքներ, որոնք չեն արտադրուիր Հայաստանի մէջ, պետութեան կողմէ թափանցիկ նուազուրդի միջոցներով ներածել բարեկամ երկիրներէ, իբրեւ ռազմավարական ծրագիր` իւրաքանչիւրէն մէկ լաւորակ տեսականի, միայն ծախսերը ապահովող շահաբաժինով, առանց արգիլելու սեփական մարզի գործունէութիւնը: Այն ժամանակ պիտի ականատես ըլլանք սպառողական ապրանքներու գիներու բնական նուազումին:

Տնտեսութեան նախարարը արդէն յայտարարեց այդ կարեւորագոյն 10 ապրանքները, որոնց մէջ անտրամաբանական էր տեսնել հինգ նիւթեր` կարագ, արեւածաղիկի իւղ, հաւի միս, ալիւր եւ հացահատիկ, զորս դիւրութեամբ կարելի է փոխարինել տեղական արտադրութիւնը խթանելով` արտադրութեան ծաւալը աւելցնելով ինքնաբաւ դառնալու անյետաձգելի ռազմավարութեամբ:

3. Կազմել եւ հրապարակել ցանկը անհրաժեշտ, բայց ցարդ չարտադրուող սպառողական ու շինարարական ապրանքներու, եւ ներդրողներ հրաւիրել առաջնահերթութեան կարգով ա՛յդ ապրանքները արտադրելու` անոնց շնորհելով խթանիչ դիւրութիւններ որոշ ժամանակի համար, օրինակ` երեք տարի:

Գիւղատնտեսութեան եւ սննդամթերքի պարագային, վերջին քանի մը տարիներու դրական զարգացումը յոյս կը ներշնչէ, որ միայն կը կարօտի լրացուցիչ տեսականիի եւ քանակի արտադրութեան: Մինչ մնացեալ ապրանքները անձնական նախաձեռնութեամբ եւ պետական խթանիչ օրէնսդրութեամբ կարելի է արտադրել եւ նաեւ արտածել: Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ վերեւ նշուած բոլոր ապրանքները եւ շատ աւելին կ՛արտադրուին, այն ալ` հայ թէ օտար մէկէ աւելի հաստատութիւններու կողմէ:

Վստահ ենք, որ հայու շինարար ոգին, տաղանդն ու կորովը մօտիկ ապագային երկիրը պիտի վերածեն արտադրող ու արտածող տնտեսութեամբ յատկանշուող արդիական երկրի, որ իր կարգին ժողովուրդին բարօրութեան նպաստելու կողքին, նաեւ պիտի ունենայ քաղաքացիին արտագաղթը կասեցնող շինիչ ազդեցութիւն:

31 մայիս 2016

——————————-

(1) – (http://www.panorama.am/am/news/2016/05/19/սիրիահայ-բիզնես/1582430)

(2) – (http://www.aztagdaily.com/archives/288525)

(3) – (http://hetq.am/arm/news/65571/inchpes-e-turqakan-artadrutyan-loliky-haytnvum-hayastanyan-khanutnerum.html )

(4) – (http://www.kantsasar.com/news/?p=5615)

(5) – (http://www.aztagdaily.com/archives/258536)

(6) – (http://www.aztagdaily.com/archives/293084)

(7) – (http://hetq.am/arm/news/67688/och-turqakanin-parzkocher-bard-khndirner.html)

(8) – (http://yerkirmedia.am/economy/turqakan-lolik/)

(9) – (http://www.aztagdaily.com/archives/295794)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>