Ա. Սփիւռքը ինքնանպատա՞կ է: Այս հարցումը հռետորական դրուածքով եւ ժխտական պատասխանի յանգելու իր շեշտով անհեթեթութեան սաղմը կը կրէ իր մէջ: Անշուշտ որ ինքնանպատակ չէ, այնպէս, ինչպէս ինքնանպատակ չեն ամէն յղացք ու գաղափարներ, ամէն օրէնք ու կրօններ եւ ինչ որ հնարուած է մարդուն կողմէ: Ամէն ինչ մարդուն համար է: Գերագոյն նպատակը մա՛րդն է ու մարդուն կեանքը: Այս իմաստով ալ սփիւռքի կեանքին երկարաձգումը նպատակ է եւ անոր կազմակերպումը` կարեւոր: Գիտենք, որ մեր կեանքն ալ օր մը իր վախճանին պիտի յանգի: Ուրեմն ի՞նչ, այժմէն իսկ վե՞րջ տանք անոր…:
Կարգապահութիւնը, այսինքն կազմակերպուածութիւնը տիեզերական պարտադրանք է: Պէտք է մշտատեւ վերանորոգել սփիւռքի կազմակերպումը` ինքզինքին մէջ, ինքզինքին համար ալ` ըստ ժամանակի պահանջին ու ստեղծուած պայմաններուն:
Բ. Սփիւռքահայու հոգին ծովու ալիքներու նման երբեմն մակընթացութիւն կ’ունենայ դէպի հայրենիք, բայց անտեսանելի մագնիս մը կարծէք ետ կը մղէ զայն դէպի սփիւռք: Յունաստանի, Քանատայի թէ Լիբանանի մէջ պարզապէս «հայ» է ան, իսկ երբ Հայաստան կը գտնուի, «յունահայ» է, «քանատահայ» ու «լիբանանահայ»: Սփիւռքահայու հոգեբանական այս ալեկոծումը, ինքզինքին հետ կռիւը հետզհետէ կը մեղմանայ, կը տկարանայ, նոյնիսկ կրնայ մարիլ այն չափով, որ`
1. Սերունդներու հերթափոխութիւն կը կատարուի, (ներկայինը` յետեղեռնեան հինգերորդ սերունդն է):
2. Վերանկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնը քաղաքական ու ընկերային իր վարքագծով կը գործէ սփիւռքահայու ըմբռնումներուն ու ձգտումներուն հակառակ ուղղութեամբ :
Հոգեբանական այդ երկփեղկուածութիւնը կը կազմէ սփիւռքահայութեան հասարակաց գիծը: Ատկէ անդին անոր մասին կարելի չէ ընդհանրացումով խօսիլ:
Գ. Սփիւռքահայութիւնը տարբեր ինքնութիւններով զարգացող բազմալեզու , բազմամշակութային ազդեցութիւններու ենթակայ բազմաշերտ իրականութիւն մըն է` հայ ազգի երկու երրորդը ներկայացնող համրանքով: Իր կարելիութիւններով եւ մասնագիտական տարբեր բնագաւառներու մէջ աճող իբրեւ մարդուժի աղբիւր կարեւոր ազդակ է ան եւ ունի ուժականութիւնը` գործնապէս նպաստելու Հայաստանին, ազգային պետականութեան ամրապնդման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ղարաբաղեան դատին եւ ազգային-քաղաքական ներկայ ու հեռահար նպատակներու իրացման պայքարին: Անհրաժեշտ է մտքերու մէջ ամրագրել ու միշտ շեշտել, որ Հայաստանն է սփիւռքի տեւելիութեան երաշխիքը: Սփիւռքի գոյութիւնը կ՛իմաստաւորուի, ներգործօն դերակատարութիւնը կ’ապահովուի այնքան ժամանակ, որ ան կառչած կը մնայ Հայաստանին , միացեալի մեծ նպատակին եւ իր կարելիութիւնները կ՛ուղղորդէ դէպի հայրենիք:
Նոյնպէս, Հայաստանին պա՛րտքն է եւ սփիւռքին համար պէ՛տք մը` յստակացնելու, թէ հայրենի հասարակութեան ու քաղաքական վերնախաւի մտապատկերին մէջ ինչպիսի՞ ընկալում ձեւաւորուած է սփիւռքի մասին: Հայաստանին համար ի՞նչ կը նշանակէ կազմակերպուած սփիւռք եւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ կը պատկերացուին ապագային` պարզելով միաժամանակ գործադաշտերն ու գործամիջոցները:
Դ. Յարաբերաբար դիւրին է խոկալ, մտորումներ ունենալ, սփիւռքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար տրամաբանական կամ անհեթեթ լուծումներ առաջարկել եւ զանոնք գրի առնել: Աւելի դիւրին է գրուածը կարդալ: Դժուարը եւ լլկող մտատանջութիւնը սակայն կը գտնուի սա պարզ հարցումին մէջ, թէ` մեր ո՞ր կեդրոնները պիտի քննեն-զտեն սոսկական անհատներու, խորհրդաժողովներու կամ մասնագիտական խումբերու կողմէ բանաձեւուած ու ներկայացուած առաջարկները, այդ առաջարկներէն տրամաբանականն ու իրագործելիները պիտի իւրացնեն, ծրագիր ու աշխատանքի յայտագիր պիտի պատրաստեն ու գործնական քայլերու ձեռնարկեն: Սփիւռքեան գործող կառոյցնե՞րը, որոնք ընթացիկը հազիւ թէ կը մատակարարեն, յաճախ` կաղացումով: Գիտենք, որ անոնք սպառումի եզրին են, եթէ չենք ընդունիր, որ սպառած են արդէն, յոգնած ու գրեթէ ամլացած, անհաղորդ` նորին ու նոր տեսլականներու:
Յամենայն դէպս սփիւռքեան խնդիրներու քննութիւնն ու լուծումը մտային մեծ ճիգի եւ մնայուն, տեւական փնտռտուքի կը կարօտին: Փնտռտուքը նոր առաջարկներ կը ծնի, նոր ճամբաներ կը բանայ: Բայց հարցումը կը մնայ անպատասխան. ո՞վ, որո՞նք պիտի ստանձնեն գործը, պատասխանատուութիւնը…
Աթէնք, 27 մարտ 2016