ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ո՞ւր ես չքնաղ երջանկութիւն:
Ո՞ւր փնտռեմ քեզ այս օրերուն,
Ամէն անգամ որ գտնեմ քեզ,
Շտապ քայլերով յար կը գաղթես
Օտար վայրեր`հեռու ինձմէ:
Կեցիր, հանգչԷ իմ հոգւոյս մէջ,
Գէթ հմայէ զիս մէկ րոպէ,
Եթէ կ՛ուզես հանգչԷ որպէս
Պապակ ճամբորդ մը ու խմէ
Լացող սրտիս արցունքներէն
Ու յագեցուր ծարաւդ քու`
խնայելով իմ աչքերուս
Պահ մը երազ ուրախագին,
Ուր մենք ըլլանք ալ միասին,
Երգենք, պարենք առանձնութեան
Սրահին մէջ կեանքիս խոպան:
Նոյնիսկ եթէ ժանտ առիթներ
Յար չեն ծափեր, քաջալերեր,
Եկուր, երգենք երջանկութիւն,
Տողերուս հետ երգ մը սիրուն:
Լիբանան