ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հեռատեսիլի Հ1 կայանի Արմէն Աշոտեանի «Եռանկիւն» հաղորդաշարի 25 մարտ 2016-ի նիւթն էր` «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ» (www.1tv.am/hy/videos/2016/03/25/Եռանկիւնի-զբօսաշրջութիւն/36059): Օրուան զրուցակիցներն էին` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան, զբօսաշրջութեան հարցերու վարչապետի օգնական Տիգրան Կարապետեան եւ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան: Հետաքրքրական ու շահեկան այս զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան եւ վիճակագրական տուեալներ տրուեցան, որոնք ամփոփելով կը ներկայացնեմ` գրեթէ զրոյցին յաջորդականութեամբ (շարքով):
Clik here to view.

Պարզ Լիճ, Դիլիջան
1. Խորհրդային ժամանակաշրջանի ծրարուած շրջապտոյտի մշակոյթը (package tour) կը շարունակուի, որուն պատճառով զբօսաշրջիկը յարաբերութիւն չ՛ունենար ժողովուրդին հետ: Փոխադրակառքով օդակայանէն պանդոկ, պանդոկէն տեսարժան վայր… եւ այսպէս:
2. Զբօսաշրջութիւնը կեդրոնացած է Երեւանի մէջ, սակայն տեսարժան վայրերը տարածուած են մարզերուն մէջ, վերջերս նոր պանդոկներ կը կառուցուին նաեւ մարզերուն մէջ:
3. Զբօսաշրջութիւնը 2000 թուականէն ետք աճած է 26 անգամ: Այն ժամանակ Երեւանի մէջ կը գործէր միայն չորս պանդոկ, ներկայիս` 340:
4. ՄԱԿ-ի բնորոշումով, զբօսաշրջիկ կը համարուի այն անձը, որուն մշտական բնակավայրը արտասահմանի մէջ է, եւ ժամանակաւորապէս կ՛այցելէ Հայաստան` մէկ գիշեր կեցութենէն մինչեւ մէկ տարի, որուն ընթացքին որեւէ ձեւով վճարովի աշխատանք չի կատարեր եւ աշխատավարձ չի ստանար:
5. Այժմու մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարէ աւելի զբօսաշրջիկներուն 65 տոկոսը սփիւռքահայեր են:
Clik here to view.

Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ պարտէզը
6. Զբօսաշրջիկներուն շուրջ 90 տոկոսը անհատական նախաձեռնութեամբ կը ժամանեն, մինչ 10 տոկոսը` կազմակերպուած զբօսաշրջային գործակալութիւններու միջոցով: Ճիշդ չէ, որ խորհրդային ժամանակաշրջանի հետեւողութեամբ կ՛ընթանայ այս մարզը:
7. Պանդոկներու կեցութեան գինը շատ բարձր է, որուն պատճառով զբօսաշրջիկներ կը մեկնին այլ երկիրներ: Երեք աստղանի պանդոկներու պարագային Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ գինի յարմարութեամբ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ, մինչեւ իսկ օրական 1200 դրամէն սկսեալ ($2.5) սենեակներ կան: Ծաղկաձորի մէջ 18 հազար դրամով ($37), օրական երեք ժումը ներառեալ, պանդոկներ կը գործեն:
8. Հայաստանի շուրջ կէս միլիոն քաղաքացիներ զբօսաշրջութեան համար կը մեկնին Վրաստան, յատկապէս` ծովեզերքին համար, քանի որ մենք ծով չունինք: Իսկ համեմատաբար, եւ հակառակ տիրող թիւր կարծիքին, Վրաստանի զբօսաշրջային վիճակագրութիւնը չի գերազանցեր Հայաստանինը:
9. Զբօսաշրջութեան մարզի աշխատողներուն թիւը կը հասնի 21.500-ի:
Clik here to view.

Օղակաձեւ այգի` Երեւան
10. 2014 թուականին 2,734,597 օտարերկրացի մուտք գործած է Հայաստան: Մենք կ՛որոշենք, թէ անոնք զբօսաշրջի՞կ են, թէ՞ այլ տեսակի այցելու:
11 .Իրանցի զբօսաշրջիկներուն համար յատուկ յարմարութիւններ պիտի ստեղծուին:
12. Զբօսաշրջութեան համար շուրջ մէկ միլիոն հայեր կը մեկնին արտասահման:
13. Ինչո՞ւ համար պատմական յատուկ արժէք ներկայացնող վայրեր չենք բացայայտեր: Օրինակի համար, Արտաշատ քաղաքը իւրայատուկ հետաքրքրութիւն պէտք է ստեղծէ, քանի որ պատմական Հայաստանի մայրաքաղաքներէն մէկը ըլլալու կողքին, նաեւ միջազգային պատմական երեք նշանակութիւն ունի. ան կառուցուած է Հանիպալի ծրագիրով, վերակառուցուած է Ներոնի նիւթական ներդրումով եւ հռոմայեցի Մարկոս Կրասոս զօրավարը (Marcus Licinius Crassus) գլխատուած է այնտեղ, Արտաշէս եւ Պարթեւ արքաներուն առջեւ թատրոնի մը ընթացքին: Արտաշատը սահմանամերձ ըլլալով` հոն այցելութիւնը յատուկ արտօնութեան կը կարօտի:
14. Ներկայիս Երեւանի պանդոկները կրնան ընդունիլ 7000 անձ (անկողին), իսկ զբօսաշրջիկներուն միջին կեցութիւնը 17 օր է:
15. Միջին հաշուով, տարուան ընթացքին պանդոկներուն 70 տոկոսը ապահովուած է (լեցուն):
16. Ներքին զբօսաշրջութիւնը ինչու՞ չէ զարգացած: Օրինակի համար, եթէ քաղաքացին Սեւանի շուրջ պտոյտի երթայ, ամէն ինչի համար պէտք է վճարէ` սկսեալ ինքնաշարժի կանգառէն եւ խորովածի սարքերէն, ուր աղբաման եւ այլ յարմարանք գոյութիւն չունին: 2015 թուականին ներքին զբօսաշրջութիւնը հասած է շուրջ 871,000-ի:
Clik here to view.

Սեւանայ Լիճ
17. Պէտք է փոքր պանդոկներ կառուցել աւելի մատչելի գիներով, եւ աշխատանք տանիլ, որ քանի մը տարի ետք կարելի ըլլայ զբօսաշրջիկներուն թիւը բարձրացնել 5-6 միլիոնի:
18. Եզրափակիչ խօսքը. «Զբօսաշրջութիւնը երկրի շնչառութիւնն է, որ կը սատարէ տնտեսական աճի, զբօսաշրջիկը կը ծանօթանայ մեր մշակոյթին եւ պատմութեան, քաղաքական եւ մշակոյթներու երկխօսութեան միջոց է, մենք հիւրասէր ազգ ենք, սիրենք մեր երկիրը, որ օտարներն ալ սիրեն զայն»:
Տրուած ըլլալով, որ Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներուն 65 տոկոսը սփիւռքահայեր են (780,000), որոնք առանց գովազդի ու ծանուցողական ճիգի է որ կ՛այցելեն հայրենիք, շատեր` մէկէ աւելի անգամ, կ՛արժէ ասոր կրկին անդրադառնալ: Նախապէս երկու յօդուածներով սփիւռքահայի դիտանկիւնէն անդրադարձած էի այս նիւթին, տեսնել «Ազդակ» 10 սեպտեմբեր 2015 «Հայաստան Եւ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկը այսօր» (http://www.aztagdaily.com/archives/258536), եւ «Ազդակ» 4 յունուար 2016 «Սփիւռքահայ զբօսաշրջիկը, Գիւմրին եւ Հայաստանի գնացքը» (http://www.aztagdaily.com/archives/274434) :
Clik here to view.

Գիւմրի Հրապարակը
Ա. Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան հասնող զբօսաշրջիկին առաջին եւ որոշիչ տպաւորութիւնը կը կազմուի օդակայանի ընդունելութեան մակարդակէն: Հիանալի է օդանաւէն դէպի անցագրերու ստուգման վայր ուղղող առաջին դիմաւորող երիտասարդ հայաստանցիին` վայելուչ եւ գեղակազմ տարազաւոր հիւրընկալողին «Բարի եկաք Հայաստան» ժպիտով ողջոյնը, որ երջանիկ յուզում կը յառաջացնէ սփիւռքահայուն մօտ: Ինչպէս նաեւ` անցագրեր ստուգող պաշտօնեային ողջոյնը, արդիական օդակայանին մաքրութիւնը եւ հանդարտ մթնոլորտը, բաղդատած այլ օդակայաններու, դրական զօրաւոր տպաւորութիւն կը ստեղծէ: Պէտք է պահպանել այս օրինակելի «մշակոյթը» եւ վարակիչ դարձնել բոլոր զբօսաշրջային ծառայողներու մօտ: Նոյնպէս օրինակելի էր նաեւ օդակայանի ելքին վայելուչ եւ գեղակազմ տարազաւոր հիւրընկալողին կողմէ զբօսաշրջային զանազան բացիկներու բաշխումը, որ մեր վերջին այցելութեան կը բացակայէր: Ուշադրութենէս վրիպեցաւ, թէ այս նպատակով զբօսաշրջային յատուկ տաղաւար մը կա՞ր, թէ ո՞չ:
Բ. Զբօսաշրջիկին երկրորդ եւ շատ կարեւոր հանգրուանը առանց արկածախնդրութեան` հաճելի կերպով իր կեցութեան վայրը փոխադրութիւնն է: Կարելի է համացանցի միջոցով վարձակառք ապահովել, որ 6000 դրամով ($12.5) կը հասցնէ Երեւան: Այլապէս 14 քիլոմեթր այս ճանապարհը պաշտօնական սակով պէտք է արժէ 3200 դրամ ($6.7), ձեռաձիրով` 4000 դրամ ($8.4), մինչ թելադրելի է օգտագործել միայն օդակայանի յատուկ մակնիշով վարձակառքերը: Կան նաեւ հանրային փոխադրակառքեր, որոնք 500 դրամով ($1). թիւ 201-ը կը հասցնէ Մաշտոց-Սայաթ Նովա խաչմերուկ` Օփերա, իսկ թիւ 108-ը` Երեւանի կեդրոն:
Գ. Թելադրելի է, որ օդակայանէն Երեւան տանող ճամբուն վրայ գտնուող գովազդի առաջին երեք հսկայ նշանակները հայերէնով եւ կարգ մը լեզուներով պետութեան հսկողութեամբ յատկացուին Հայաստանի զբօսաշրջային տեսարժան վայրերու` 1. Բնութեան, 2. Հոգեւոր ժառանգութեան, եւ 3. Մշակութային ժառանգութեան: Երբեմն կը հանդիպինք միայն օտար լեզուով եւ վերեւ յիշուած երեք բնագաւառներու անյարիր եւ զբօսաշրջիկը յուսախաբ ընող անպատշաճ ծանուցումներու, որոնք կարելի է տեղադրել երրորդէն ետք միայն:
Clik here to view.

Տաթեւի Վանական համալիրը
Դ. Պանդոկներու պարագային, այն հինգ պանդոկները ուր ցարդ փորձառութիւնը ունեցած ենք մնալու, նախաճաշը բացառիկ եղած է, իսկ ընդունելութիւնը, մաքրութիւնը եւ սպասարկութիւնը` գոհացուցիչէն բացառիկ: Սենեակներու եւ անկողիններու պարագային նախընտրելի է պարզ ու հանգստաւէտ արդիականը, քան թէ հաւանաբար` աւելի թանկ «փարթամ»-ը:
Ընդունելութեան պաշտօնեան տեղեկութիւններու տեսակէտէն ճիգ պէտք չէ խնայէ գոհացում տալու զբօսաշրջիկին: Օրինակի համար, փոխանակ «չեմ գիտեր» ըսելու, ինք պէտք է հեռաձայնելով առ որ անկ է, ստանայ տեղեկութիւնը եւ բացատրէ, ոչ թէ հեռաձայնի թիւը տայ ենթակային, որ ան «լեզուական եւ հասցէներու դժուարութիւններով» պրպտում կատարէ: Երկրորդ այսպիսի դէպք` թերի տեղեկատուութեան, պատահեցաւ Ամանորի օրերուն, երբ ընդհանրապէս կարգ մը ճաշարաններ փակ կ՛ըլլան, եւ վերջապէս ուրբաթ օր մը մեր հեռաձայնին պատասխանեց յատուկ երաժշտութեան յայտնի ճաշարանի պաշտօնեան, թէ այդ գիշեր պիտի բանան, եւ թէ` նուագախումբ ալ կայ, մինչ իրեն համար յստակ էր, թէ մենք սփիւռքահայ ենք, «օտար»: Այդ գիշեր յատուկ ակնկալութիւններով հասանք ճաշարան եւ դրան մօտ հիւրընկալողը հարցուց, թէ ի՞նչ անունով տեղ ապահոված էինք® ի զուր բացատրեցինք, թէ ժամեր առաջ մեր հեռաձայնին պատասխանողը տեղ ապահովելու մասին ոչինչ ըսած էր, բայց առանց ներողամտութիւն յայտնելու` դուռը երեսնիս դէմ փակեց:
Ե. Ներքին զբօսաշրջային գործակալութիւնները անփոխարինելի ծառայութիւն կը մատուցեն, Հայաստանի տեսարժան գլխաւոր վայրերը միօրեայ շրջապտոյտներ կազմակերպելով` եւ ընթացքին պատմական, աշխարհագրական ու մշակութային տեղեկութիւններ փոխանցելով` երեք լեզուներով, հմուտ եւ փորձառու հիւրընկալներու կողմէ: Նոյն եւ այլ տեսարժան վայրեր, որոնք չեն ընդգրկուած այս ծրագիրներուն մէջ, կարելի է անձնական պտոյտներ կազմակերպել այս գործակալութիւններուն միջոցով առաջնորդութեամբ կամ ոչ:
Զ. Սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներուն մեծամասնութիւնը մեծահարուստ չէ: Անոնք իրենց տարիներու խնայողութիւնը կը յատկացնեն դէպի հայրենիք ուղեւորութեան համար, հայրենիքի կարօտով տոգորուած: Հայրենասիրութիւնը կը մղէ սփիւռքահայը անտրտունջ անտեսելու թերութիւններ եւ կարգ մը անհաճոյ երեւոյթներ, սակայն դրականը շատ մեծ համեմատութեամբ կը գերազանցէ մանրուքը: Օրինակի համար, մէկ ամիս կեցութեան ընթացքին հազուադէպ էր եւ յուզիչ, լսել թերթավաճառ կնոջ «Բարի եկած էք ձեր երկիրը» սրտագին ողջոյնը, որ ուրիշներէ չլսեցինք: Ոմանք անդադար կը գանգատէին` առանց գիտակցելու այն բարիքներուն, որոնց մէջ իրենք կ՛ապրին, ինչպէս` ապահովութիւն, 24 ժամ ջուր եւ ելեկտրականութիւն, մաքրութիւն, կարգ ու կանոն, մաքուր օդ եւ հրաշալի բնութիւն եւ այլն… շարքը շատ երկար է:
Աւարտին, զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար «Սիրենք մեր երկիրը» սփիւռքահայերու նման, սրտանց ողջունելով սփիւռքահայը «Բարի եկած էք ձեր երկիրը» հոգեհարազատ նախադասութեամբ:
26 մարտ 2016