Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Խորհուրդը` Քաղաքակրթական Առաքելութեան Ընդմէջէն

$
0
0

MHM26990-copy

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայկական լեռնաշխարհին մէկ փոքր բաժինին վրայ 98 տարի առաջ հայկական պետականութեան վերականգնումը` ժողովրդավարական հանրապետութեան ձեւին տակ, իր մէջ կը պարփակէ գոյութենական բազմաթիւ խորհուրդներ, որոնք անպայմանօրէն կը մարմնաւորեն նաեւ շրջանին մէջ հայութեան պատմական քաղաքակրթական առաքելութիւնը` դարերու ընդմէջէն: 1918-ի մայիսեան յաղթանակներու թագն ու պսակը հանդիսացած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը եկաւ միանգամընդմիշտ ամրագրելու հայ ազգին իրաւունքը լիարժէքօրէն ինքնիշխան եւ անկախ ապրելու առումով, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ պայմանները այդքան ալ նպաստաւոր չէին բնական կերպով հայ ազգին կենսագործունէութիւնը յառաջ տանելու: Այս իմաստով պատմութիւնը լաւապէս կը վկայէ, թէ անկախութեան 2,5 տարուան տեւողութեան հայկական հանրապետութիւնը ինչպիսի՛ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուեցաւ:

Ինքնիշխան եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ձեռքբերումը նաեւ այլ իմաստով կարեւոր նշանակութիւն ունի: Անիկա, վերը նշեցինք արդէն, հայութեան ապրած անմիջական շրջապատին մէջ պատմական քաղաքակրթական առաքելութեան դրօշակակիրի հանգամանքը վերստանձնելն է: Քաղաքակրթական առաքելութիւն մը, որ նախ եւ առաջ կը կայանայ արեւելքը եւ արեւմուտքը իրարու կամրջելու եւ անոնց միացման օղակը հանդիսանալու հանգամանքին մէջ: Կամրջումի այդ դերակատարութիւնը նոր չէր, որ կը ստանձնէին Հայաստանն ու հայ ազգը: Անիկա կու գար պատմութեան խորերէն, Քսենոփոնի եւ հելլենականութեան ու կանուխ քրիստոնէութեան ժամանակաշրջաններէն: Կամրջումի այս դերակատարութիւնը որոշակի նահանջ ունեցաւ, երբ հայութիւնը կորսնցուց իր պետականութիւնը, բայց այդ պայմաններուն մէջ ալ հայ մտաւորականութիւնը երբեք աչքաթող չըրաւ հայութեան` արեւելքը եւ արեւմուտքը միացնողի հանգամանքը:

Պատմական քաղաքակրթական առաքելութեան երկրորդ կարեւորագոյն ազդակը կրօնական մոլեռանդութեան եւ քաղաքակրթական յետամնացութեան շրջապատի մը մէջ Հայաստանի` լուսաւորութեան փարոս ըլլալու հանգամանքին վերահաստատումն է: Պատմական իրողութիւն է, որ թուրանական քոչուոր ցեղախումբերը, որոնք հաստատուեցան հայկական լեռնաշխարհին ու բիւզանդական կայսրութեան տարածքին, այդքան ալ բարձր դիրքի վրայ չէին գտնուեր քաղաքակրթական մակարդակի առումով: Պետականազուրկ վիճակին մէջ անգամ շրջանին մէջ հայութիւնը ստանձնեց եւրոպական լուսաւորութեան ամէնէն յառաջդիմական գաղափարները տարածողի դերակատարութիւնը` մենատիրական եւ բռնատիրական վարչակարգերու ներքեւ, բայց պետականութեան վերահաստատումը կու գար տարբեր առաւելութիւն մը հաղորդելու այս դերակատարութեան, այսինքն` լուսաւորութեան գաղափարները տարածողի դերին միացնելու նաեւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու կեդրոն ըլլալու հանգամանքը, հակառակ բոլոր թերութիւններուն, որոնք սրբագրելի կը մնան ժողովրդավարական սկզբունքներուն մնայուն փորձարկումին ընդմէջէն: Շրջանային իմաստով լուսաւորութեան եւ ժողովրդավարութեան փարոս ըլլալու հանգամանքը կիրարկելի չէր միայն 98 տարի առաջ, այլ նաեւ առկայ է հիմա, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջապատող գոնէ երեք երկիրներու մէջ բաւական զգալի են հակաժողովրդավարական դրսեւորումները` աստուածապետական, նաւթատոլարային ամբողջատիրական թէ դէպի սուլթանական միապետութիւն ուղղուելու դրութիւններուն ընդմէջէն: Խորհրդարանական ժողովրդավարութեան հիմքերուն ամրագրումը Հայաստանի մէջ հիմնական գրաւական է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջանին մէջ ժողովրդավարական օրինակելի տիպար հանդիսանայ, անշուշտ մնայուն կերպով սրբագրելով կիրարկումին ընթացքին երեւցող թերութիւնները:

Պատմական քաղաքակրթական առաքելութեան առումով երրորդ կարեւորագոյն ազդակը, մեր կարծիքով, շրջանին մէջ Հայաստանի` քրիստոնէական քաղաքակրթական արժէքներու կեդրոն ըլլալու հանգամանքն է: Այդ արժէքներուն մասին խօսելով, մենք անպայմանօրէն կ՛ակնարկենք արդիականութեան սկզբունքներուն նկատմամբ բացուածութեան, ներողամտութեան եւ միաժամանակ արդարադատութեան սկզբունքներուն, որոնք իրարու հակոտնեայ չեն, ընկերային արդարութեան քրիստոնէական հասկացողութեան, որ իր մէջ կը պարփակէ նաեւ հայութեան մէջ վաղուց տեղ գտած իրերօգնութեան գաղափարը, ինչպէս նաեւ այն բոլոր բարձր ու գերագոյն հոգեւոր-բարոյական սկզբունքները, որոնք հայութեան սեփականութիւնը եղած են դարերէ ի վեր: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը 98 տարի առաջ, եկաւ շրջանին մէջ ստեղծելու քրիստոնէական քաղաքակրթական արժէքներու միատարր ովասիս մը, որուն պէտք է գուրգուրալ աչքի բիբին նման: Եթէ չըլլար Ռուբէն Տէր Մինասեաններու ապագայատեսիլ գործունէութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայացնելու եւ թրքական տարրէն մաքրելու իմաստով, այսօր թերեւս եկեղեցւոյ խաչ ու զանգակատուն չգտնէինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Նոյն բանը կրնանք ըսել նաեւ Շուշին ազատագրած ազատամարտիկներուն եւ վերջին քառօրեայ պատերազմին ընթացքին կամաւորականներուն միացած կղերականներուն մասին, որոնց գործունէութիւնը կ՛իյնայ քաղաքակրթական այդ արժէքները պաշտպանելու ընդհանուր պարունակին մէջ: Անշուշտ, ինչպէս որ ներկայիս ժողովրդավարական համակարգը իր թերութիւնները ունի Հայաստանի մէջ, կայ նաեւ  թերութիւն եկեղեցական համակարգին եւ քրիստոնէական արժէքներու հասկացողութեան մէջ, եւ անոնց սրբագրութիւնը անհրաժեշտութիւն է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն ո՛ւր սկսիլը եւ ո՛ւր վերջանալը ճշդորոշելու առումով, նաեւ վերը նշուած քրիստոնէական քաղաքակրթական արժէքներուն հիման վրայ երկրին մէջ իրապէս իրաւական, ժողովրդավար եւ ընկերային արդարութեան դրութիւն հաստատելու իմաստով:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-ամեակը, ուրեմն, մենք կը դիտարկենք պատմական քաղաքակրթական առաքելութեան այս ամբողջ ենթահողին հիման վրայ, որ նաեւ ազգային գաղափարախօսութեան իմաստով իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>