ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Երկիրը սովորաբար պատկանում է իշխողներին, իսկ
երբ պատերազմ է սկսւում, անունը դնում են հայրենիք
եւ տալիս են ժողովուրդին:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Պատմական դէպքերու ամբողջ հոլովոյթն ու մարդկային տրամաբանութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ առաջին հերթին բարձրագոռ յայտնելու, թէ Արամներ երբեք չհաւատացին հրաշքներու եւ ոչ ալ հաճոյակատար կարգախօսներու, այլեւ անոնք` ապաւինած իրենց աստուածատուր կամքին, ուժեղ նկարագիրին եւ անկրկնելի նուիրուածութեան, հրաշագործ դարձան եւ տնօրինեցին ազգին ճակատագիրն ու հարթեցին ազգային պետականութեան հիմքը ամրակայող իրաւ ճանապարհը:
Իրօք, Արամ Մանուկեան անձնուրաց ֆետային, անզուգական յեղափոխականն ու հեռատես քաղաքական գործիչը տուեալ ժամանակահատուածին ցոյց տուաւ այնպիսի գաղափարախօսական բարձունք եւ հայրենապաշտի կիրք ու եռանդ, կորով ու հաւատամքի հզօրութիւն, որուն տեսակին հազիւ թէ հանդիպինք հայոց պատմութեան ողջ էջերուն մէջ:
Փաստօրէն 28 մայիս 1918-ին զգետնուած ժողովուրդ մը յարութիւն առաւ եւ դարձաւ գիտակից ազգ, վերահայացաւ` տէր դառնալով իր ազգային արժէքներուն, կազմակերպուեցաւ եւ կրցաւ փշրել զազիր թուրքին եաթաղանը, վերստեղծեց երբեմնի մարտունակ ոգիի կերպարը եւ արիաբար նետուեցաւ մաքառումներու դաշտ, այլապէս հաւատալով սեփական ուժի կարողականութեան` ամրագրեց իր պետականութեան ժողովրդավարութիւնը ու բարգաւաճ հայրենիք մը ունենալու դարաւոր երազանքը:
Իսկ այս բոլորը իրականացան առաջին հերթին հայոց միասնական ոգիին, գիտակցական հայրենասիրութեան եւ քաղաքական բարձր իմացութեան, նաեւ` հայոց նուիրեալներու անսահման զոհողութիւններուն շնորհիւ:
Եւ այդ նուիրեալ ֆետայիներու, քաղաքական գործիչներու եւ հերոսներու առաջին շարքին կանգնեցաւ Արամ Մանուկեանի նման եզակի անձնաւորութիւն մը, որուն անխախտ հաւատամքին ու անկոտրում կամքին շնորհիւ հայութիւնը կերտեց իր անկախութիւնը եւ նուաճեց ազատութեան գագաթը:
Արամ Մանուկեան ազգընտիր տիքթաթէորը յաջողեցաւ մարմնաւորել իր ազգին ցաւերն ու տառապանքները, իղձերն ու երազներու շքերթը եւ իր ժողովուրդին նուիրեց հաւաքական յաղթանակներու ամէնէն պայծառ օրինակը:
Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն առիթի կը յիշենք ու կը շեշտենք Արամներու գերազանց դերակատարութիւնը, նուիրումն ու կազմակերպական տաղանդը:
Այո՛, կը յիշենք Արամը, որովհետեւ ան եղաւ նաեւ հայոց պետականութեան կերտիչներէն ամէնէն արտայայտիչը, գօտեպնդողն ու արիասիրտ ղեկավարը, որ իր ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի սրբազան յաղթանակ:
Կը յիշենք Արամը, որովհետեւ անոր հզօր կամքին եւ պայծառ մտքին հիւլէներուն կարօտը կ՛ապրինք ազգովին, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կրկին կը դիմագրաւենք ահազանգող օրեր ու ժամանակներ:
Փաստօրէն, արցախեան ճակատին վրայ զազիր թուրք-ազերիին սանձազերծ ու վայրագ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի անդոհանքն ու յաղթանակներու փայլքը ապրեցանք ազգովին: Հայութեան միասնակամ ոգին բացայայտեց ինքզինք եւ կրցաւ կասեցնել թշնամի հորդաներու յարձակումները:
Հայոց հաւաքական մարտունակ ոգին նորէն յաղթեց եւ ինքզինք պարտադրեց` իբրեւ ազգային առանձնայատկութեան չափորոշիչ: Հայութիւնը ազատութեան եւ անկախութեան զոհասեղանին նուիրաբերեց իր ընտիր զինուորներն ու սպաները ու տէր եղաւ իր ճակատագիրին:
Արդարեւ, երկու տարիէն հայ ժողովուրդը պիտի թեւակոխէ անկիւնադարձային թուական մը` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը: Այս առիթով բնականաբար հայութիւնը կը պատրաստուի մեծ շուքով տօնակատարելու եւ լոյսին բերելու հայոց պատմութեան վերջին ինը հարիւր տարուան ամէնէն ուշագրաւ դիւցազնամարտը, որով հայութիւնը փրկուեցաւ ստոյգ բնաջնջումէ:
Ճիշդ է, որ յոբելենական տարեթիւեր կը զգենուն նաեւ բարոյահոգեբանական իմաստ եւ շատ անգամ կ՛ընդգրկեն յիշատակութեան արժանի դիպաշարեր, սակայն մայիսեան փառահեղ յաղթանակներու պարագային անոնք կեանքի կոչուեցան պարզապէս որովհետեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը մնացորդացը որոշեց ապրիլ ու գոյատեւել եւ իր դերն ու տեղը ամրակայել ազգերու պատուանդանին վրայ:
Թէեւ ասիկա դիւրին կիրարկելի հաւաքական որոշում մը չէր, այն առումով, որ գրեթէ ազգի մը կէսը արդէն ոչնչացուած էր, եւ հայրենիքէ հսկայ տարածք մը բռնագրաւուած: Աւելի՛ն. ի տես ատենի աշխարհաքաղաքական կեղտոտ մրցակցութիւններուն եւ համայնակուլ քաղաքական վարքագիծերուն, հայութիւնը պահ մը թէեւ անճրկած, գրեթէ առանձին, կը ստիպուէր ա՛լ համոզուիլ, որ իր միակ յոյսն ու ապաւէն իր իսկ ժողովուրդն էր, բանակն ու առաւել տոկունութիւն ցոյց տալու հրամայականը:
Այո՛, 1918 մայիսին հայութիւնը վճռեց եւ ուզեց զգետնել թրքութիւնը, որ համաճարակ բարբարոսութեամբ մը պատրաստ էր տալու իր վերջին հարուածը` հայութիւնն ու Հայաստանը սրբելու համաշխարհային ազգագրական թէ քաղաքական քարտէսէն, որոճալով իր երբեմնի համաթուրանականութեան ծրագիրը:
Ի դէպ, ինչ կը վերաբերի մայիսեան երէկի ու այսօրուան յաղթանակներու առանձնայատկութիւններուն, անոնք կը տարբերին անով, որ այսօր հայութիւնը ունի պետականութիւն եւ բանակ, աշխարհասփիւռ հայութիւն եւ տնտեսական ուժ: Այլ հարց, թէ որքանո՞վ հայութեան ներուժը կ՛օգտագործուի յանուն ազգի ու հայրենիքի բարգաւաճման եւ հզօրացման:
Այսօր հայութիւնը թէեւ ունի որոշակի պետական աւանդ եւ քաղաքական մտքի հասունութիւն, սակայն կը տառապի պետական մտածողութեան բարձրագոյն աստիճանաւորումներու յստակատեսութենէ, այսինքն` պետական ինքնահաստատ պատուանդանի առաւել կենսունակութենէ:
Մէկ խօսքով, 21-րդ դարուն ա՛լ արտօնելի չէ տեսնել պետական մակարդակի որոշակի խարխափումներ ու քաղաքական մտքի ոչ թափանցիկ վարքագիծերու գոյութիւն:
Այո՛, կարելի չէ ըմբռնել նման գոյավիճակ երբ ազգը կը տուայտի եւ կը գտնուի նորովի բարբարոսութիւններու դէմ յանդիման, բայց մանաւանդ` հայրենիք պաշտապնելու եւ պահպանելու գերխնդիրի դիմաց:
Արդ, այս դիտանկիւնէն մեկնած, հայասիրտ եւ իւրայատուկ զգայնութեամբ յագեցած բանաստեղծ Համօ Սահեանի վերոնշեալ մտածումին այժմէական եւ խիստ թելադրական խորհուրդը հարկ է, որ դառնայ բոլորիս ուշադրութեան կիզակէտը, որով ան` իբրեւ հայրենապաշտ եւ ժողովրդանուէր բանաստեղծ կը փորձէ ընդգծել անձնականութենէ հեռու մնալու եւ ժխտական վարքագիծերէ մաքրուած ղեկավարութիւն յառաջացնելու հրամայական պահանջը, որպէսզի պետութիւնը կարենայ ինքզինք բիւրեղացնել եւ լծուիլ հայրենիք պահպանելու սուրբ գործին:
Զարմանալիօրէն վերջերս ընկերային հաղորդակցութիւններու ցանցի թէ պատկերասփիւռի պաստառներու վրայ տարբեր բնագաւառի անձնաւորութիւններու բերնէն բազմաթիւ անգամ լսեցինք Համօ Սահեանի այս մտածումը, որով անոնք լոյսին կը բերէին հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող շահամոլ եւ դատապարտելի երեւոյթներ, որոնց յամեցումը ուղղակիօրէն կը սպառնայ հայոց պետականութեան հիմերուն եւ գոյութեան:
Այդուհանդերձ հաւատացողն ենք, որ հայութեան հին աստուածները պիտի շարունակեն ոգեզինել եւ ներշնչել մեզ ազգովին, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մեր օրերու ներհայկական կեանքի ներքին խաղքութիւնները եւ պարտադրուած պատերազմներ:
Ազգովին կը սպասենք, որ հայրենի պետական մտածողութիւնը թօթափէ վատառողջ զգայնութիւնները եւ պետականակերտ գործիչին` Արամ Մանուկեանի պատկառելի արձանը տեղադրէ Երեւանի սրտին, իբրեւ քաղաքական մտքի փայլուն եւ յիշատակելի արտայայտութիւն:
Ապահովաբար այս մօտեցումով ազգովին պիտի կարենանք ծնունդ տալ հրաշակերտ սերունդներու: