Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, երբ յետադարձ ակնարկով մը նախորդ տարուան համահայկական պահանջատիրական մեր երթը արժեւորենք, ապա պիտի հաստատենք, որ Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումով ամրագրուեցաւ մեր ազգային միասնականութիւնը ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք միասնական գործելաոճի որդեգրումով, այլեւ` քաղաքական մեր պահանջներու յստակ բանաձեւումով եւ Հայ դատի պայքարը իրաւական, քաղաքական թէ քարոզչական դաշտերուն մէջ համադրուած ճիգերով շարունակելու վճռակամութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարի վերջ հայ ժողովուրդը համայն աշխարհին կը ներկայանայ որպէս մոխիրներէն վեր բարձրացած յարուցեալ ժողովուրդ, որ ունի անկախ երկու հանրապետութիւն, կազմակերպ սփիւռք, մարտունակ ու ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած երիտասարդութիւն, միաժամանակ, սակայն, խլուած հայրենիք ու մշակութային հսկայ ժառանգութիւն:
101 տարի անց հայութիւնը իր զոյգ պետութիւններով եւ սփիւռքով կը շարունակէ պայքարիլ` մէկ կողմէ ի՛ր իրաւունքներու վերատիրացման, միւս կողմէ` համայն մարդկութեան սպառնացող ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար: Այո՛, համայն մարդկութեան, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ազգային ողբերգութիւն էր, այլեւ` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Միջազգային ընտանիքը, դատապարտելով հանդերձ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ակնկալուած վճռակամութիւնը չցուցաբերեց, ան բաւարարուեցաւ ցաւակցական ու դատապարտական խօսքերով, ինչ որ պարարտ հող ստեղծեց ցեղասպանութեամբ քարտէսներ փոխելու նկրտումներ ունեցող կողմերուն համար` վերարտադրելու յանցագործութեան այս եղանակը:
Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցող ոճրարարքները կը վկայեն այս մասին: Բնակչութեան ջարդ, հաւաքական սպանդ, երկրի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, փոքրամասնութիւններու սպառնացում:
Աւելի՛ն. 101 տարի վերջ, Հայկական հարցին հետ ցեղասպանութեան ճամբով հաշուեյարդար կատարելու իր ոճրային փորձէն ու անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութենէն խրախուսուած Թուրքիան իր կրտսեր եղբայրը` Ազրպէյճանը կը մղէ պետական ծրագրուած քաղաքականութեամբ, զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսմամբ եւ անմեղ բնակչութեան սպառնալով «լուծելու Արցախի հարցը»:
Արցախի մարտունակ բանակը, սակայն, համայն հայութեան զօրակցութեամբ, ձախողութեան մատնեց դաւադրական այդ ծրագիրը, իսկ թուրք-ազերիական համադրուած այս փորձը անգամ մը եւս վկայեց, թէ այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ ուրացման իր քաղաքականութիւնն ու կը մերժէ հայ ժողովուրդի արդար հատուցումը, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան կ՛ուրանայ արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքն ու կը շարունակէ խանգարել ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան յառաջընթացը, երաշխաւորուած չի կրնար ըլլալ Հայաստանի ու Արցաի անվտանգութեան:
Հայ դատի կարեւոր մէկ օղակը հանդիսացող Արցախի միջազգային ճանաչումով ու պատմական մեր իրաւունքներու վերատիրացումով միայն պիտի երաշխաւորուի մեր հայրենիքի անվտանգութիւնը:
Այս երաշխիքի ապահովման համար խաղաղասէր մեր ժողովուրդը պէտք է վերածուի քաղաքական ուժեղ գործօնի` իր զոյգ պետութիւններով, հզօր բանակով, աշխուժ դիւանագիտութեամբ, զանազան ոլորտներու մէջ մասնագիտացած երիտասարդութեամբ, ժամանակակից տեղեկատուական յառաջընթացին համահունչ զանգուածային լրատուամիջոցներով, միաժամանակ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման:
Զ. Պ.
24/4/2016