Զօրաշարժի մէջ է սփիւռքը:
Այո՛… անգամ մը եւս:
Այս անգամ կիզակէտը` «Մենք եւ մեր սարեր»-ն են… «Պապիկն ու տատիկ»-ը:
Այդ մոգական արցախեան հողը, որ այնքա՜ն արժէքաւոր եւ սուրբ է:
Վայրկեան մը մէկդի դնելով նախայարձակ թշնամիին ունեցած կորուստը, կատարած այդ չորսօրեայ պատերազմին ժամանակաշրջանն անգամ սխալ մըն էր… ինքնին պարտութիւն մը:
Արցախի վրայ յարձակելով` Թուրքիոյ հլու կամակատար Ազրպէյճանը հայութիւնը աշխարհի քարտէսէն բոլորովին բնաջնջելու, նոյնիսկ պատմութեան արխիւներէն դուրս հանելու եւ մէկդի շպրտելու քաղաքականութիւնն է, որ կը շարունակուի:
Եւ դաւադիր փանթրքական այս երազանքային սլացքներուն դիմաց, հայորդին նշեց 101-ամեակը, այս անգամ` կիզակէտ ունենալով Արցախը:
Ամէն մէկ հայորդին իր մորթին վրայ զգաց, թէ ի՛նչ կը պատահի հոն… Կովկասեան բարձրաւանդակի այդ դրախտին մէջ:
Շատ տեղեկութիւններ լսեցինք, իմացանք եւ կրցանք քայլ պահել:
Հայոց բանակը մարտունակ է եւ կը փաստէ, որ միայն կատարելագործուած ռազմական կազմածներով չէ, որ կարելի է յաղթական դուրս գալ:
Այլ բան է հողին, հայրենիքին կառչած մնալը:
Եւ այսօր այդ հերոս քաջերուն դիմաց եզակի երեւոյթ է աննման Արցախին եւ անոր պաշտպան հայ զինուորին շուրջ ստեղծուած համաժողովրդային ու քաղաքական ամբողջական համախմբումը:
Զոհուեցան շատեր, եւ այդ ալ ի՜նչ զոհողութիւն` ՆԱՀԱՏԱԿ: Դեռ ալ պիտի տանք զոհեր` այդ սուրբ հողին:
Միայն զինուորները չեն հերոսները, այլ նաեւ` այդ սահմանամերձ շրջաններուն, իրենց տան հօրենական երդիքին կառչած բնակչութիւնը, պատանիէն մինչեւ ալեհեր ծերունին:
Այս հերոսներուն, չաստուածներուն եւ «անծանօթ զինուորներ»-ուն կատարած զոհողութիւններուն դիմաց, մեր ամենադոյզն պարտականութիւնն է լայնօրէն եւ ամենայն շռայլութեամբ մեր լուման տրամադրել:
Այս տղաքը, այս բնակչութիւնը տարբեր գանձ է… ոսկի է եւ այդ ալ` ոսկեզօծ ոսկի:
Զանազան գաղութներէ ներս կը շարունակուի շուտափոյթ օժանդակութեան աշխատանքը:
Աշխատանք, որ ունի նիւթաբարոյական բնոյթ:
Արցախի օժանդակութեան համար կատարուած եւ դեռ ալ կատարուելիք դրամահաւաքներուն նպատակն է` վերանորոգել եւ վերակառուցել սահմանամերձ գիւղերու փուլ եկած բնակարաններն ու կառոյցները, բուժել վիրաւոր հերոսներն ու անմեղները, օգնութեան հասնիլ նահատակներու ընտանիքներու կենսական կարիքներուն:
Հետեւաբար սփիւռքեան զանազան գաղթօճախներու նման, այս օրերու հրամայականն է անվարան թիկունք կանգնիլ Արցախին եւ անոր հզօրացման ճիգերուն:
2 մայիս 2016