Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Յատուկ «Ազդակ»-ին. «Միւս Թուրքը»` Կարմիր Գիծէն Անդին (1). Փրոֆ. Թաներ Աքչամ` Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրին Մասին

$
0
0

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

«Ձուլումի եւ բռնի հայաթափման քաղաքականութեան կիրարկումով ցեղային  մաքրագործումի կամ ցեղասպանական ջարդերու օրինակը  աւելի քան դիպուկ է`  բացատրելու վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցածը…»:

ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ

Թուրք ականաւոր պատմաբան, միջազգային պատմագիտական կաճառներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը գիտական հիմքերով քննութեան առարկայ դարձնող փրոֆ. Թաներ Աքչամ ակադեմական յառաջատար այն հեղինակութիւնն է, որ 1990-ականներուն հանդիսացած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին թուրք մտաւորականը, որուն պատմական փաստագրութիւններու վկայակոչութեամբ հրատարակուած լուրջ ուսումնասիրութիւններն ու պատկառելի հատորները լոյս կը սփռեն Հայոց ցեղասպանութեան` 20-րդ դարու ահեղագոյն ոճիրի դրդապատճառներուն, հետեւանքներուն եւ ստեղծուած համապատասխան  հակամարտութեան ընթացքին վրայ: Անոնց շարքին, օրինակի կարգով, արժէ յիշատակել հետեւեալ հրատարակութիւնները.

– «Ամօթալի արարք» (1999),
– «Կայսրութենէն հանրապետութիւն. թրքական ազգայնականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» (2004),
– «Երիտթուրքերու ոճիրը մարդկութեան հանդէպ» (2012),
– «Սպանութեան հրամաններ» (2016):

Փրոֆ. Թաներ Աքչամ այստեղ եւս կը հանդիսանայ առաջին թուրք ականաւոր պատմաբանը, որ պատասխանելով «Ազդակ»-ի` թուրք յառաջապահ մտաւորականներու,արցախահայութեան իր պապենական բնօրրանէն բռնի տեղահանութեան մասին ուղղուած հարցումին, պատմագիտական մասնագիտական տեսանկիւնէ կը կատարէ իր մեկնաբանութիւնները:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որեւէ նմանութիւն կը գտնէ՞ք վերջերս տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հաւաքական բռնահանման եւ աւելի առաջ տեղի ունեցած` 1921-ին Կիլիկիայէն, 1939-ին Ալեքսանտրեթի սանճաքէն հայերու բռնի տեղահանութեան միջեւ, զուգահեռաբար 1923-ի  Լոզանի դաշնագիրի տրամադրութիւններուն համաձայն` ե՛ւս Թուրքիոյ եւ Յունաստանի բնակչութեանց բռնի փոխանակման միջեւ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Իւրաքանչիւր ազգային պետութիւն կը ստեղծէ քաղաքացիներու երկու տարբեր դասակարգումներ: Առաջինը կը պատկանի գերիշխող ազգային-մշակութային խումբին, եւ սխալ պիտի չըլլար այս խումբին մաս կազմողները բնութագրել իբրեւ «բնիկ քաղաքացիներ»: Երկրորդ խումբը կը բաղկանայ այն քաղաքացիներէն, որոնք չեն պատկանիր գերիշխող ազգային խումբին եւ ենթակայ են տարբեր վերաբերմունքի, անոնց դէմ կիրարկուած քաղաքական գործօններէն մէկը ձուլումն է: Ազգային պետութիւնը կը ձգտի այս խմբաւորումները ամբողջութեամբ ձուլել գերիշխող ցեղային հաւաքականութեան մէջ, այս առումով, քիւրտերը նման փորձերու լաւագոյն օրինակ են:

Անոնք, որոնց հանդէպ կարելի չի դառնար ձուլումի քաղաքականութեան կիրարկումը, կը վերածուին «կառավարելի-կառավարուող» փոքրամասնութիւններու, եւ բոլորովին ալ զարմանալի չէ, որ զանոնք փոքրամասնութեան վերածելու հիմնական միջոցը կը դառնայ տուեալ տարածքէն անոնց վտարումը կամ բռնահանումը, որ ինքնին տեսակ մը «ցեղային մաքրագործում» է, իսկ տուեալ խումբի այլ վայրեր տեղահանումը անկարելի դառնալու պարագային, նախընտրելի կը նկատուի անոնց «ոչնչացումը»:

Աւելորդ է ըսել, որ այս տիպի քաղաքականութիւնները սերտօրէն կ՛առնչուին իրարու եւ երբեք իրարմէ անջատուած չեն, այլ ընդհակառակն, կը կիրարկուին միաժամանակ եւ համանման ոճով ու միջոցներով:

Հետեւաբար պէտք է ըսել, որ մեր տարածաշրջանին մէջ բոլոր ազգային պետութիւններու պատմութեանց ստեղծումը կարելի է դիտարկել այս քաղաքականութիւններու յարաբերական կապակցութեան պարունակին մէջ, եւ ա՛յս առումով իսկ, ձուլումի եւ բռնի հայաթափութեան քաղաքականութեան կիրարկումով, ցեղային կամ ցեղասպանական ջարդերու օրինակը աւելի քան դիպուկ է` բացատրելու Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցածը…

Անկարելի էր Լեռնային Ղարաբաղի Արցախի հայութեան ձուլումը ազրպէյճանական պետութեան մէջ: Արցախահայութիւնը պահանջ ունէր անկախ պետութեան. ունէր առիթ մը, որ թէկուզ թոյլ ու տկար, այսուհանդերձ կ՛ընձեռէր Ազրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ ինքնավար կարգավիճակով գոյատեւելու կարելիութիւն, սակայն այս տարբերակը ընդունելի չէր տեղւոյն հայութեան կողմէ, հետեւաբար ծայր տուաւ պատերազմը, որուն մէջ Հայաստան պարտուեցաւ… Ազրպէյճանի համար ցեղային մաքրագործումը մնաց միակ տարբերակը… Հայերու Արցախէն բռնահանումին ցեղասպանութեան չվերածուելուն գլխաւոր պատճառը հայերու տուած Արցախը լքելու որոշումն էր, այլապէս նոր ցեղասպանութեան մը դէմ յանդիման պիտի գտնուէինք…

Հայերու բռնահանումը Կիլիկիայէն 1921-1922-ին ե՛ւս կարելի է բացատրել նոյն ձեւով, այստեղ կարեւոր է ընդգծել 1920-ին Մարաշի ջարդին ունեցած յատուկ դերը:

Մինչ այդ Թուրքիա-Յունաստան բնակչութեանց բռնի փոխանակումը եւս կարելի չէ անջատել յիշեալ քաղաքականութիւններու տրամադրութիւններէն:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը դիտէք պաղեստինեան Կազայի մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնը: Կապ կը գտնէ՞ք Կազայի եւ Արցախի մէջ պատահածներուն միջեւ:

Պ.- Ե՛ւս բռնահանումի գործօնով կարելի է մեկնաբանել վերջերս Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Պէտք է ըսել, որ 1922-էն ի վեր Իսրայէլի պետութիւնը հիմնած քատրերը միշտ ալ ձգտած են իրենց մէկ եւ միակ իշխանութեան քաղաքական ձեւաչափերուն ենթակայ դարձնել ամբողջ տարածաշրջանը:

Անոնց կեդրոնական թեզը այն էր, որ պաղեստինցիներուն տրուած հողը այսօրուան Յորդանանն է, եւ 1998-էն ի վեր անոնց հիմնական նպատակը եղած է Իսրայէլի սահմաններէն ներս գտնուող շրջաններու ապաարաբականացումը:

Կազայի մէջ այսօր տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է…

Եւ վերջապէս, պէտք է ըսել, որ ձեր յիշած բոլոր իրադարձութիւնները կարելի է մեկնաբանել նոյն դիտանկիւնէն` անկախ այն իրողութենէն, որ իւրաքանչիւր իրադարձութիւն իր նմաններէն կը տարբերի իր պատմական հանգամանքներով եւ առկայ պայմաններով:

5-11-2023


Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած Պատանիին Էջը

$
0
0

Մեր Խօսքը

Նոր Սկիզբ Եւ Նոր Շունչ

 

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երկրորդ հարիւրամեակի սեմին ենք: Միութիւնները հայ մարդ պատրաստելու առաքելութեան մէջ են, ուր դաշնակցական շունչով կը պատրաստուին սերունդներ: Անցնող հարիւր տարիներուն միութիւններէն անցած են հազարաւոր պատանիներ, որոնցմէ շատեր այսօր մեր իրականութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վերցուցած են եւ մնայուն ներկայութիւն են:

Պատանեկան միութիւնները սերնդափոխութեան գլխաւոր երաշխիքներն են, եւ սերունդի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ համապատասխան մտաւոր դաստիարակութիւն եւ վարժողական աշխատանքներ` ձեռք բերելու համապատասխան փորձառութիւն եւ հմտութիւններ:

Այս շրջագիծին մէջ, երկար տարիներու դադարէն ետք, այս էջով կը վերսկսի լոյս տեսնել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «ՊԱՏԱՆԻԻՆ ԷՋ»-ը, որ անցեալին «Ազդակ» օրաթերթին մէջ բազմաթիւ հանգրուաններուն եղած էր մնայուն ներկայութիւն, մարդուժի պատրաստութեան կեդրոն եւ բեմ` պատանիներու անդրանիկ փորձերուն, բազմազան գրութիւններուն եւ տեսակէտներուն:

Դաշնակցական պատանին, այստեղ իր տարիքին ու պայմաններուն համապատասխան, պէտք է ազատօրէն արտայայտէ իր կարծիքները` առանց կաշկանդումներու եւ սահմանափակումներու, որպէսզի զարգացնէ ազատ միտքը մեր գաղափարական ըմբռնողութեան շրջագիծին մէջ:

Այստեղ լոյս տեսած պատանեկան գրութիւնները յառաջիկային հերթաբար լոյս պիտի տեսնեն Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ` առաւել եւս հասանելի դարձնելու սերնդակից պատանիներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած այս թիւը սկիզբն է յառաջիկայ գործունէութեան, եւ կը յուսանք, որ մեր պատանիները համապատասխան լրջութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով կ՛ապահովեն գործին շարունակականութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

***

Կամքի Ուժը

Անկեղծօրէն շատ ալ բան չունիմ գրելիք: Միտքս գաղափարներ չկան, նոյն բաները պիտի կրկնուին… «Պէտք չէ քաջալերենք թրքականը», «Կը պահանջենք մեր հողերը»… Բայց ամէն ինչ խօսելով չէ:

Իբրեւ դաշնակցական պատանի` կը հաւատամ, որ տարին մէկ օր Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելով տեղ պիտի չհասնինք: Ամէն օր պէտք է պայքարինք մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար, ամէն օր պէտք է կազմակերպենք ցոյցեր ու հաւաքներ, որպէսզի աշխարհը լուր ունենայ եւ կանգնի մեր կողքին:

Դժբախտաբար չունինք երկաթէ շերեփ` զէնքի ուժը, սակայն ունինք ամէնէն կարեւորը` կամքի ուժը: Դաշնակցութեան մէջ գտայ այդ ուժը` հետեւելով Ռոստոմի ուղիին, եւ ինչպէս Գարեգին Նժդեհ կ՛ըսէ. «Եւ արդէն կը զգամ, թէ սովորական զգացումից զատ` ունիմ Հայաստանի զգացումը, որ ինձ հետ ծնած չէր, եւ որ սակայն Դաշնակցութիւնը տուաւ ինձ»:

Այդ կամքը պահե՛նք, զօրացնե՛նք եւ մղե՛նք յարատեւ պայքար… Ա՛յս է յաղթանակի միակ ճանապարհը:

ՎԱՆԱՅ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ

***

Մեր Սրբազան Ուխտը

Դարձեալ ապրիլ 24 է: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է: 109 տարի առաջ թուրք բարբարոս պետութիւնը ծրագրեց եւ գործադրեց հայ ժողովուրդին սպանդը: Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը ենթարկուեցան այնպիսի ոճիրներու, որուն ամբողջ մարդկութիւնը ականատես դարձաւ:

Հայ ժողովուրդին դէմ ցոյց տուած թուրքին վերաբերումը այնքան սարսափելի էր, որ մինչեւ օրս մենք` նոր սերունդի զաւակները, կը յիշենք ու կը փորձենք յիշեցնել ամբողջ աշխարհին:

Թուրք պետական մարդոց հայատեացութիւնը այնքան սուր էր, որ անոնք չբաւարարուեցան միայն տեղահանութեամբ, դէպի անապատներ քշելով տասնեակ հազարներ, անոնք ըլլան ծեր, կին ու երեխայ, այլ ամէն միջոցի դիմեցին` բնաջնջելու հայութիւնը երկրագունդի երեսէն:

Ճիշդ է, որ ամէն ապրիլ 24-ին Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ հայութիւնը կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը` քայլարշաւ ու ձեռնարկներ կազմակերպելով, նոյն ատեն հայութիւնը պահանջատէր կը մնայ թուրքէն ու համայն մարդկութենէն` պահանջելու արդարութիւն:

Սակայն թուրքը մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ հայութեան դէմ իր ոճիրները: 2020-ին Արցախի դէմ յարձակումով թուրքը եւ ազերին կրկին կատարեցին ջարդ ու տեղահանութիւն:

Իբրեւ նորահաս սերունդի տղաք եւ աղջիկներ` կը հաստատենք, որ մենք հարազատ ժառանգորդներն ենք հայ ժողովուրդին, մենք ալ, մեր կարգին, պէտք է ամուր եւ ապահով պահենք մեր ինքնութիւնը: Սորվի՛նք հայոց լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը:

Այսօր մենք ազգային արժանապատուութեան, գիտակցութեան եւ վրէժի զգացումը միշտ վառ պէտք է պահենք, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու կտակը չմոռցուի, եւ Արարատ լերան հասնելու մեր երազը պայծառ մնայ:

Ահա՛ մեր օրերու սրբազան ուխտը, որ դարձեալ կը նորոգենք այս օրերուն, ապրիլ 24-ի յիշատակին առիթով:

ԼԷԱ ՀԱՆԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՊՄ

***

Պիտի Յաղթե՛նք

Դարձեա՛լ ապրիլ ամիս, դարձեա՛լ մեր պատմութեան տխուր թուականներէն մէկը` ապրիլ 24, որ մեզմէ խլեց մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, եւ ժողովուրդը տեղահանուեցաւ, ցիր ու ցան դարձաւ:

Շատ մտածումներ կու գան մեր մտքին մէջ` ապրի՛լ մեր հողերուն վրայ, մշակե՛լ մեր հողը, զարգանա՛լ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ շարունակել մեր կեանքը` առա՛նց թշնամիին յարձակումներուն, կոտորածին ու սարսափին:

Ներկայիս Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներ կը մնան թշնամիին ձեռքին տակ, եւ ան մինչեւ այսօր կը սպառնայ Հայաստանին, որպէսզի ուրիշ տարածքներու ալ տիրանայ. բայց վստահ եմ, որ օր մը թշնամին ի՛նք պիտի ոչնչանայ, եւ եռագոյնը դարձեալ պիտի ծածանի բռնագրաւուած մեր տարածքներուն ու լեռներուն վրայ:

Պահելով մեր աւանդութիւնները, հաւատքը, լեզուն ու մշակոյթը` յաղթած կ’ըլլանք մեր թշնամիին: Պայքարինք մինչեւ վերջ, որպէսզի կարենանք իրականացնել մեր բոլոր երազները:

ԱՐԵՒԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ

***

Մենք Պայքարող
Ժողովուրդ Ենք

Սլաքը կը դառնայ, եւ իւրաքանչիւր վայրկեան, որ կ՛անցնի, արեան կաթիլ մը կը թափի… Մայրեր ու զաւակներ, երիտասարդ աղջիկներ, ծերեր այդ կիզիչ արեւուն տակ ժամեր, օրե՜ր քալեցին եւ մինչեւ այսօր կը քալեն:

Հայոց ցեղասպանութիւնը հայութեան ամէնէն արիւնոտ տարիներն էին: Թշնամին ապրիլ 24-ի մութ գիշերը ձերբակալեց ու սպաննեց ապագայի միտքը` գրագէտները, բժիշկները, փաստաբանները… Փորձեց գլխատել կապը անցեալին եւ ներկային հետ` ոչնչացնելով երիտասարդութիւնը` նոր սերունդը:

109 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց Թուրքիոյ նպատակը չիրագործուեցաւ, հայութիւնը չբնաջնջուեցաւ, եւ սերունդներ տակաւին կը գոյատեւեն: Մինչեւ այսօր ալ թուրքը նոյնն է, նոյն նպատակը ունի, փաստը Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմն է, որուն ընթացքին Ազրպէյճանի թիկունքին կանգնած էր ցեղասպանը:

Սակայն մենք պայքարող ժողովուրդ ենք, եւ ի՛նչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, կանգ պիտի  չառնենք, այլ` «Մենք կա՛նք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք»:

ՄԵՂՐԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՊՄ

***

Չյուսախաբուինք

Համասփիւռ հայեր անգամ մը եւս կ՛ոգեկոչեն մէկ ու կէս միլիոն սրբացած նահատակներու յիշատակը: Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կը նշեն Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը: Քայլարշաւներ, հսկումներ եւ դասախօսութիւններ տեղի կ՛ունեան ամէնուրեք:

Երբե՛ք ընդունելի չէ Թուրքիոյ հալածանքները բոլոր ժամանակներուն:

Ամէն տարի մենք` պատանիներս եւս, մեր ոճով կը յիշատակենք: Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր նուիրեալներուն, որոնք կը զօրակցին մեր պահանջատիրութեան: Համոզուած ենք, որ արդարութիւնը պիտի յաղթէ:

Վերջապէս, պէտք է մերժենք թրքական արտադրութիւններու քաջալերանքը: Շատերուն համար ժամանակավրէպ է այս պայքարը, սակայն այսօր քաջալերողը պէտք է գիտնայ, որ օգնած կ՛ըլլայ թշնամիին զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքներուն: Թրքականը քաջալերելով` մասնակցած ու քաջալերած կ՛ըլլանք նոր զէնք ու զինամթերք ապահովելու աշխատանքին: Թրքական մէկական փամփուշտները մօտիկ անցեալին Արցախի մէջ հարիւրաւոր անմեղ երիտասարդներուն կեանքերը խլեցին…

Մենք թիկունքնիս ամուր պահենք, չվհատինք, «Լաօ»-ն արդէն շուտով պիտի արթննայ: Չյուսախաբուիք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, որքան ալ դժուար ըլլան օրերն ու պայմանները: Անկեղծ հաւատքով յառաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը:

ԺՈՐԺԻՆԱ ԺԷՅԼԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ «ՌՈՍՏՈՄ» ՊՄ

***

Շարունակե՛Նք
«
Յարատեւ Կռիւ»-ը

Աւելի քան հարիւր տարիներ անցան, եւ դեռ մենք` իբրեւ հայրենի թէ սփիւռքի տարածքին ապրող պատանիներ, կը պահանջենք մեր իրաւունքը միեւնոյն թշնամիէն, որ բռնագրաւած է մեր հողերը եւ աւելիին կը ձգտի, Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արցախը գրաւելով` տակաւին իր ախորժակը սրած է Սիւնիք, Տաւուշ եւ այլուր:

Տարիներու իր երազանքը կը փափաքի իրականացնել` ստեղծել մեծն թուրանական պետութիւն: Սակայն մենք թոյլ պիտի չտանք, որ անոնք մեր հողերն ու հարստութիւնը գրաւելով ու սեփականացնելով` իրականացնեն իրենց «մեծ» երազը: Ժամանակն է ոտքի կանգնելու ու պայքարելու, մեր իրաւունքի ձեռքբերման ու արդարութեան համար:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ պայքարած է իր դժուարութիւններուն դէմ եւ յաղթահարելով զանոնք` ոտքի կանգնած է:

Ուրեմն տէ՛ր կանգնինք մեր իրաւունքներուն եւ շարունակե՛նք «Յարատեւ կռիւ»-ը…

ԳԱԲՐԻԷԼ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ

***

Ապագայի
Հայ Դատի Զինուորներ

Հայոց ցեղասպանութենէն անցած են տարիներ, սակայն դժբախտաբար մինչեւ օրս հայը կը շարունակուի անյայտօրէն ցեղասպանութեան ենթարկուիլ նոյն անմարդկային ազգին կողմէն:

109 տարիներ առաջ հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ եւ ամբողջ աշխարհը լուռ մնաց: Մէկ ու կէս միլիոն սրբացած նահատակներ զոհը գացին այս ցեղասպանութեան: Մանուկներ եւ ծերունիներ Տէր Զօրի անապատին մէջ սովամահ եղան: Գլխատուեցան գրագէտներ եւ կրօնականներ, զանազան հայեր յուսահատ`  նետուեցան Եփրատ գետը: Եկեղեցիներ եւ դպրոցներ բոցին մէջ մնացին, ու քանդուեցաւ ամբողջ հայրենիք մը, սակայն շնորհիւ Հայ դատին` թուրքը չհասաւ իր նպատակին:

Պերլինի մէջ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեան ահաբեկեց Թալէաթ փաշան` Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրողներէն մէկը, եւ ցոյց տուաւ աշխարհին, որ հայը պահանջատէր է: Կազմակերպուեցան ցոյցեր, արշաւներ եւ ձեռնարկներ` Հայ դատը շարունակելու համար, եւ հայրենիքը փրկելու համար ոտքի կանգնեցաւ պահանջատէր հայը:

Մենք` իբրեւ Դաշնակցական պատանիներ, իբրեւ ապագայի Հայ դատի զինուորներ, պէտք է մասնակից ըլլանք Հայ դատի պայքարին: Դաշնակցական պատանին կարեւոր դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Դաշնակցական պատանին ցոյց կու տայ հայ ըլլալու պատկանելիութիւնը` մասնակցելով ցոյցերու, արշաւներու, ձեռնարկներու եւ ապրիլեան ոգեկոչումներու:

ԳՕԳՕ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ

***

Չե՛նք Չենք Յանձնուիր
Եւ Չե՛նք Նահանջեր

Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւալի եւ անմարդկային դէպք մըն է: 1915-ին մեր հողերն ու լեռները ականատես եղան մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան: Այնքան մեծ էր ոճիրը, որ Ռաֆայէլ Լեմքին 1942-ին առաջադրեց «ցեղասպանութիւն» բառը` սահմանելու համար մարդկային ամբողջ խումբ մը բնաջնջելու նպատակը հետապնդող գործողութիւնը: Ան 2 տարի ետք լոյս տեսած իր գիրքին մէջ նշեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին բնաջնջման փորձը` որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

Փոքրիկներն ու տարեցները անխնայ ջարդուեցան: Կար մէկ նպատակ` աշխարհէն վերցնել մեր ազգը ամբողջութեամբ: Դարեր ետք թուրք ազգին նպատակը կը մնայ նոյնը` համաթրքութիւն ու համաթուրականութիւն: Արեւմտահայաստանէն ետք, ահա այսօր կորսնցուցինք Արցախը եւս` իր բազմադարեան վանքերով ու ամրոցներով:

1915-ի Ցեղասպանութիւնը տակաւին վերջ չէ գտած, եւ մինչեւ օրս այս գործողութիւնը կը շարունակուի անուղղակի ձեւերով: Արցախի մէջ պատկերները կրկնուեցան: Երէկ թուրքն էր, այսօր` ազերին, միեւնոյն ծրագիրը կը շարունակուի:

Դաշնակցական պատանիներս, Հայ դատին պահանջատէր մարտիկներն ենք, ցմահ պիտի պայքարինք ու գոյատեւենք` կերտելու նո՛ր ապագան: Մենք` իբրեւ հայ պատանիներ, մեր պարտականութիւնն է պահպանել ազգային մեր ինքնութիւնը, որպէսզի չձուլուինք սփիւռքի մէջ: Ազգային ինքնութիւնը մեր մէջ կը ցանէ պահանջատիրութեան ու պայքարի ոգին եւ հայրենասիրութիւնը:

Թուրքին նպատակն էր ոչնչացնել հայ ժողովուրդը, սակայն 109 տարի ետք տակաւին կա՛նք, կը մնա՛նք ու կը բազմանա՛նք: Մեր ուժը ոչ թէ ատելութիւն ու թշնամութիւն է, այլ` արդարութեան հասնելու պահանջ ու պայքար: Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր անմարդկային ոճիրը:

Մենք պայքարող ժողովուրդ ենք, չենք յանձնուիր ու չենք նահանջեր` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Այո՛, յուսախաբութիւններէ կ՛անցնինք, բայց յուսահատ չենք, վստահ ենք, որ նորէն պիտի հասնինք մեր Մամիկին ու Պապիկին, մեր Արարատին, մեր Վանայ լիճին, մեր հին մայրաքաղաք Անիին…

ՄԻԿԵԼԼԱ ՊԷՍՆԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ՊՄ

***

Մեր Ուժը

Յիշատակի այս հանդիսաւոր օրը մենք կանգնած ենք` որպէս հպարտ վերապրողներ, տոկուն ազգի ժառանգորդներ, որոնց նախահայրերը աներեւակայելի տառապանքներ կրեցին, բայց չկորսուեցան:

Որպէս հայեր` մենք անսասան վճռակամութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ կը կրենք ապրիլ 24-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած մեր նախնիներու յիշողութիւնները: Անոնց զոհաբերութիւնը խթան է արդարութեան հանդէպ մեր յանձնառութեան` երբեք չմոռնալ ողբերգութիւնը, եւ միշտ յիշել ու յիշեցնել մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած վայրագութիւնները:

Մենք կը խոստանանք, որ պիտի շարունակենք յարգել մեր նահատակներուն յիշատակը եւ ճիգ պիտի թափենք կառուցելու աւեի պայծառ ապագայ` գալիք սերունդներուն: Մեր ուժը մեր համերաշխութեան ու անսասան հայրենասիրութեան մէջ է:

ԿԱՐԻՆԷ ՃԻԿԵՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ա. ԳԱՐՕ» ՊՄ

***

Պահանջատէր Մնանք

24 ապրիլ 1915: Անմոռանալի թուական մը, երբ թուրքերը տեղահան ըրին հայ ժողովուրդը իր պապենական հողերէն եւ փորձեցին ոչնչացնել մեր ազգը: Շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայ ջարդուեցաւ, բայց թուրքը չհասաւ իր նպատակին:

Մենք` իբրեւ նոր սերունդի պատանիներ, պէտք է լաւապէս սերտենք հայոց պատմութիւնը, ծանօթանանք մեր պապերէն մեզի ժառանգուած բոլոր արժէքներուն, որոնցմով կրնանք ապահովել մեր հայեցի դիմագիծը եւ փաստել մեր ազգի անխախտ գոյութիւնը:

Երբ գիտակից ենք մեր պատմութեան եւ մշակոյթին, կրնանք աւելի ինքնավստահ ներկայացնել մեր Դատը օտարներուն եւ պահանջել մեր իրաւունքները:

Ուրեմն մեր կարելին պէտք է ընենք հայ ազգին պատիւը միշտ բարձր պահելու համար եւ ամէն ջանք թափենք աշխարհին ցոյց տալու համար, որ թուրքը երբեք պիտի չհասնի իր նպատակին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը գիտէ պայքարիլ, գիտէ ապրիլ իր հերոսներով եւ իր հարուստ մշակոյթով:

Պիտի մնանք պահանջատէր եւ մեր բռունցքները մի՛շտ բարձր պահենք` տէր կանգնելու մեր ազգին եւ մեր ամբողջական հայրենիքին:

ԱՐԱԶ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ
ՀՅԴ «ՅԱՌԱՋ» ՊՄ

***

Յիշե՛նք Նահատակները

Ապրիլեան օրերուն միասնաբար կը թարմացնենք մեր յիշողութիւնը` վերապրելով մարդկութեան պատմութեան մէջ Ցեղասպանութեան ողբերգական յիշատակները:

Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան ամէնէն տխուր ու սարսափելի իրողութիւններէն մէկն է, եւ կարեւոր է, որ չմոռնանք այդ պատահարներն ու արարքները: Պատմութենէն դաս պէտք է քաղենք եւ աշխատինք միասնաբար, որպէսզի անգամ մը եւս չկրկնուին ցեղասպանութիւններ ապագային:

Յիշենք նահատակները եւ յարգանք մատուցենք: Աշխատինք լրջութեամբ, որպէսզի վերականգնենք իսկական խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ ներողամտութիւնը աշխարհին մէջ:

ԱԼԵՔ ՔԻՒԹԷԼԵԱՆ
ՀՅԴ «ԱՐՇԱԿ ՋԱՄԱԼԵԱՆ» ՊՄ

***

Մենք Ենք Ապագան

Հայ դատի պահանջատիրութեան տէրը հայ ժողովուրդն է: Կարելի չէ գրաւ դնել օտարներուն եւ կամ ալ թուրք այլախոհներուն վրայ: Միայն մենք կրնանք լուծել մեր խնդիրները: Օտարը չէ զբաղած մեր խնդիրներով, եւ եթէ մենք չաշխատինք, շուտով կը մոռցուի, կը կորսուի:

Այսօրուան Թուրքիան իր մեծ հօր նման ոճրագործ է, որովհետեւ կ՛ուրանայ իր պապերուն գործադրած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 109 տարիներ ետք կը փորձէ իրականացնել Հայաստանը քանդելու եւ գրաւելու իր ծրագիրը:

Դաշնակցական պատանիները պէտք է ընկերային ցանցերուն վրայ միշտ հետաքրքրուին եւ տարածեն հայ ժողովուրդին ու Դատին նուիրուած գրութիւնները, պատկերները, տեսերիզները: Պէտք է միշտ քննարկուին Հայ դատի աշխատանքներու իրագործման կարելիութիւնները, պէտք է միշտ կազմակերպուին ցոյցեր, բողոքի հաւաքներ, մինչեւ պատի թերթ, ձեռային…

Մենք դեր ունինք կատարելիք: Պայքարի՛նք մեր ազգին եւ հայրենիքին համար:

Վերջապէս` «Մե՛նք ենք ապագան»:

ԼՈՌԻ ԱՅՆԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ» ՊՄ

***

Պիտի Շարունակենք
Սուրբ Գործը

Ապրիլ 24-ը կը յիշենք եւ կ՛ապրինք սրտի խոր ցաւերով: Մենք կը խոստանանք, որ պիտի չմոռնանք մեր պապերուն ցեղասպանութիւնը եւ մեր կարգին պիտի շարունակենք մեր սուրբ գործը:

Մեր դարաւոր թշնամիէն պիտի պահանջենք մեր արդար իրաւունքները` մեր պապիկներուն ու մամիկներուն արեան գինը:

Երբե՛ք պիտի չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անպայման պիտի վերադարձնենք մեր հայրենիքի պղծուած ու գրաւուած հողերը:

ԳԼԱՐԻԹԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՊՄ

***

Չքաջալերենք Թրքականը

Թուրքիոյ գործադրած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, այսօր հայրենիքէն հեռու եւ հայրենիքին կարօտով կ՛ապրինք: Օսմանեան կայսրութիւնը 24 ապրիլ 1915-ին հայութեան ղեկավարութիւնն ու մտաւորականները սպաննելով` փորձեց կտոր-կտոր ու անտէր ձգել ժողովուրդը, որ գաղթի ճանապարհին փճանայ, կորսուի, անհետանայ, բայց չյաջողեցաւ:

Մենք` պատանիներս, պէտք չէ քաջալերենք թրքական «մշակոյթ»-ը եւ միշտ պէտք է յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ օտարութեան մէջ ապրելու մեր հիմնական պատճառն է: Պէտք է պահենք մեր մայրենի լեզուն` յաճախելով հայկական դպրոցներ ու միութիւններ: Պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած` կանգուն մնանք եւ պահանջենք մեր իրաւունքները: Պէտք է յիշեցնենք համայն աշխարհին Թուրքիոյ ոճիրները:

Ժառանգ մը, որ սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցենք, մինչեւ որ տիրանանք մեր իրաւունքերուն:

ՍԵՒԱՆ ԳԸԼԸՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՊՄ

***

Երբեք Չյանձնուինք

Ապրիլ 24-ը մեզի համար ոգեկոչման օրն է, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը նշենք Ցեղասպանութեան 109 տարելիցը եւ կը յիշենք մեր զոհերը, թէժ պատերազմներն ու պայքարը:

Այսօր դաշնակցական պատանիները իրաւունք չունին յանձնուելու ներկայի ծանր կացութեան մէջ: Այո՛, անցնող տարիներուն շատ բան կորսնցուցինք, Արցախը չունինք, Շուշիի յաղթական էջը արեամբ ծածկուած է, բայց  նորէն պիտի վերականգնինք: Պէտք է հաստատ քալենք դէպի ապագայ…

101 տարիներէ ի վեր պատանիները հոս են, ներկայ են եւ վաղն ալ անպայման մասնակից պիտի դառնան ու շարունակեն պայքարը:

Յաւե՛րժ փառք մեր նահատակներուն, որոնց թափած արեան դիմաց նուազագոյնն է, որ մենք պահանջատէր ըլլանք:

ՍԻՆԹԻԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ՊՄ

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած ԼԵՄ-ի Էջը

$
0
0

ԼԵՄ-ի Խօսքը

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը այս տարի մեզ միայն 1915 չփոխադրէր, այլ նաեւ` հայրենիք: Արցախցի մեր հայրենակիցները ենթարկուեցան 21-րդ դարուն հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանական գործողութեան տակաւին սեպտեմբեր 2023-ին:

1915-ին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ` Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, իրենց գործակիցներով իրականացուցին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այս ոճրագործները ձգտեցան գերազանցել Կարմիր սուլթանի հրէշային արարքները: Իսկ ներկայիս, այս վայրագ անձերու, այսպէս կոչուած, քաղաքակրթուած օրինակները` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Իլհամ Ալիեւը, կը ձգտին հայ ազգը բնաջնջելու ծրագիրը իր աւարտին հասցնել` զարգացնելով փանթուրանական գաղափարախօսութիւնը, որ աւելի քան երբեք այժմէական վտանգ կը հանդիսանայ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ` ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին:

ԼԵՄ-ականը իրապաշտ է: Հայրենիքի ողբալի իրավիճակը եւ ներկայ իշխանութիւններու անպատասխանատու ընթացքը անընդունելի են: Մեր հայրենակիցները ինչո՞ւ կուրօրէն պիտի հետեւին, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան դարաշրջաններու, նաեւ` իրապաշտօրէն անդունդ առաջնորդող այս «ղեկավարին»:

Այս երեւոյթը ինքնին մեզի համար հրաւէր է` վերարժեւորելու ամէն բան: Վերաթարմացնելու աւանդականը` մնալով յառաջադէմ, ընկերվարական եւ յեղափոխական:

Այո՛, աւանդականն է պատասխանը: Ազգային արժէքները, մշակոյթը եւ պատմական սխալներէ դասեր քաղելն են պատասխանը:

Իրապա՛շտ ըլլանք: Ընդունինք, որ մեր ազգը կարիքը ունի բազմամակարդակ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի: Մտքի, կամքի եւ խղճի զարթօնք է պէտք:

Վերականգնինք գաղափարական մեր աւանդներով: ԼԵՄ-ը եւ ԼԵՄ-ականը կը մնան պատնէշի վրայ:

Վերադառնանք մեր արմատներուն:

***

Արթնցի՛ր

Ահա հասաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` մարդկային մեծագոյն անարդարութեան տարեկան ոգեկոչումը:

Աւելի քան 1,5 միլիոն հայ նահատակուեցաւ. կորսնցուցինք Արեւմտահայաստանը, եւ այսօր մեր պապենական հողերը կը համարուին թրքական հողեր, որոնց վրայ հիմնուած շէնքերուն ներքեւ տակաւին չէ չորցած զոհերուն արիւնը:

Այս ցաւալի իրողութեան դիմաց, դժբախտաբար, հայաստանցիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի իր սովորական կեանքով, այնքան ատեն որ թուրքը զիրենք չի տեղահաներ: Սակայն անոնք չեն գիտեր, որ իրենց անհոգութեան ու անտարբերութեան իբրեւ հետեւանք` վաղը Հայաստանն ալ պիտի ունենայ Արցախի ճակատագիրը: Մինչեւ ե՞րբ մեր ժողովուրդը կուրօրէն պիտի հետեւի դաւաճաններու: Չի՞ բաւեր այսքան չարչարանք:

Դժբախտաբար կան «հայեր», որոնք կ՛ըսեն. «Է՜հ, ի՞նչ կրնամ ընել», «Է՜հ, Հայաստա՞ն  մնաց», «Է՜հ, հայերէնը ինչի՞ս է պէտք», «Է՜հ, ուրիշը թող մտածէ», «Է՜հ, ի՞նչ պիտի փոխուի»: Չէ՛, մե՛նք պիտի փոխենք: Ասիկա իւրաքանչիւրիս նուազագոյն պարտականութիւնն է: Այս «էհ»-երուն պատճառով է, որ այսօր հոս հասանք:

Այո՛, «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն», սակայն անոր կողքին, կայ նոյնքան կարեւոր կէտ մը` հպարտ ըլլալ մեր հայութեամբ: Չեմ կրնար երեւակայել, թէ ինչպէ՞ս մեծ թիւով հայեր, երբ գտնուին հայկական միջավայրի մէջ, կը պաշտեն Հայաստանը, իսկ հազիւ գտնուին արաբներու մէջ ու թրքական նիւթ մը դառնայ, ոչ միայն լուռ կը մնան, այլ երբեմն ալ կը գովաբանեն Թուրքիան: Ասոր կ՛ըսեն` ստորութիւն: Հայ ըլլալը պարզապէս արիւնով չէ, այլ` մտածելակերպով, ըլլալով հայրենասէր, պատուաւոր, անձնուրաց, հայրենիքը յարգող ու ամէն գնով պաշտպանող անձ մը: Ինչպէ՞ս պիտի հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին, երբ կարգ մը հայերուն առաջնահերթութիւնը քէֆ ընելն է:

Կան մարդիկ, որոնք թէեւ լսած ու արտասանած, սակայն չեն հաւատացած հետեւեալ նախադասութեան. «Ընկեր լինենք նոյն յուզմունքի, համոզմունքի, նոյն ճաշակի, դրօշակի, ոչ թէ ընկեր` լոկ բաժակի»: Հայաստանի կենացը խմելով գինովնալը մեր գրաւուած հողերը չի կրնար վերադարձնել: Իսկ հայ ըլլալը միմիայն քայլերգներուն բառերը անգիր սորվելով չէ, այլ` զանոնք հասկնալով ու  անոնց հաւատալով: Սակայն մինչեւ ե՞րբ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը պիտի ոգեկոչենք Հայաստանէն դուրս: Մինչեւ ե՞րբ Արարատ լեռը պիտի դիտենք մէկ կողմէն: Քանի՞ տարելից պիտի անցնի, մինչեւ կարգ մը «հայեր» արթննան իրենց խոր քուներէն ու սորվին ըլլալ հայ:

Հաւատալով, որ «Իրաւունքը ուժն է միայն», անկասկած պիտի յաջողինք վերատիրանալ մեր պապենական հողերուն,  ու ամբողջ աշխարհին առջեւ երեւան պիտի գայ թուրքին պահած իսկական ոճրագործ երեսը:

ԱԼԻՆ ԱՅԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

***

Պահանջատիրութեան
Ճամբաներով

«Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»….

109  երկար տարիներ չկարողացան ջնջել հայոց պահանջատիրութեան զգացումը: Պահանջել` Ցեղասպանութեան ճանաչում, անմեղ զոհերու թափած արեան եւ չարչարանքներու հատուցումը, մեր բռնի տեղահանուած նախնիներու, հողերու, տուներու, աշխատանոցներու, խանութներու փոխհատուցումը:

Այս պահանջատիրութեան ոգին պէտք չէ նսեմանայ  մանաւանդ այս օրերուն, երբ  Ցեղասպանութիւնը ինքնին վտանգուած եզր մըն է: Հայաստանի իշխանութիւնները համատարած անտարբերութենէն օգտուելով` յառաջ կը քշեն ազգակործան, ամօթալի եւ քողարկուած օրէնքներ, որոնցմէ վերջինը եւ ամէնէն ահաւորներէն մէկը, Արցախի բռնի հայաթափումէն  ետք, Ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր հայրերուն, մայրերուն, եղբայր եւ քոյրերուն անուն-մականունները ցանկագրելն է:

Այն ժամանակ մարդահամարը կամ ծնունդներու արձանագրումը տոմարներու մէջ կ՛ամփոփուէին: Անոնցմէ շա՜տ շատերը հրոյ ճարակ եղան Ցեղասպանութեան ատեն:  Հայաստանի դաւադիր իշխանութիւնները թերեւս այս ձեւով պիտի փորձեն Հայոց ցեղասպանութիւնը վերացնել, եթէ բաւականաչափ թիւ չհաւաքուի: Այս բոլորին ի տես` ինչպէ՞ս շարունակենք մեր բնականոն կեանքը, ի՞նչ ըսենք մեր ծնողներուն կամ մեծ հայր-մեծ մայրերուն: Ինչպէ՞ս պիտի արդարացնենք մեր ուխտը իրենց հանդէպ: Միայն մէկ ձեւով` երբեք վար չդնելով պահանջատիրութեան մեր միակ զէնքը:

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

***

Անվախճան Ուխտը

«Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէք, թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չե՞ն խնդար, երգէր կամ աղօթէր: Որովհետեւ, երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր»:

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

1915 թուականի ապրիլի 24-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ շարք մը մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ ձերբակալուեցան, որովհետեւ հայ էին: Բնաջնջման ծրագիրը սկիզբէն գոյութիւն ունէր, բայց ապրիլ 24-ը պատմութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը հանդիսացաւ, որուն իբրեւ հետեւանք` 1,5 միլիոն զոհ եղաւ: Ապրիլի 24-ը ամէն հայու կրած ցաւի ապաւէնը եղած է եւ մեզի` զոհերու եւ նահատակներու զաւակներուս համար, այս օրը սուգի օր է: Մանաւանդ պահանջի օր է ժողովուրդի մը համար, որ ամէնէն սարսափելին ապրելով` կրցած է դիմադրել, պայքարիլ եւ գոյատեւել: Այսօր նաեւ այս պատկերը կը կրկնուի Արցախի մէջ, ուր կը շարունակուի անարդարութեան դէմ պայքարը, դժբախտաբար անոր կորուստը տակաւին չսորվեցուց մեզի` գիտնալ մեր սուրբ հողին արժէքը: Արդարեւ, Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը կը շարունակէ հողեր յանձնել` փորձելով համոզել, թէ ատիկա խաղաղութեան մը գինն է: Սակայն եղաւ հակառակը, ազերին օրէ օր, օգտուելով ներկայ իշխանութեան յանձնուողական քաղաքականութենէն, ճնշում կը բանեցնէ` պահանջելով նորանոր հողեր ու տարածքներ հասնելու համար իրենց դարաւոր երազանքին` հիմնել համաթուրանական մեծ կայսրութիւն մը:

Այսօր մենք` իբրեւ ԼԵՄ-ականներ, պիտի չհաշտուինք ներկայ իրադարձութիւններուն հետ, որոնք կրնան յուսալքել մեզ, եւ պիտի չխաբուինք թուրքերուն խաղաղութիւն խոստացող պիղծ խօսքերէն: Ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կ՛ըսէ. «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածը պիտի ապրի ու տիրէ»: Համազգային մեր պայքարը պիտի շարունակենք մղել միասնական ոգիով եւ յաղթանակի տեսլականով: Յիշելով մեր անցեալը եւ մեր նախահայրերուն մղած աներեւակայելի  պայքարը` պիտի պահանջենք մեր արդար իրաւունքը: Ապրիլ 24-ը կը յուշէ հայոց սերունդներուն` հայրենի բռնագրաւեալ հողին տէր կանգնելու պահանջատիրութեան մէջ կայացող հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրումը եւ վերականգնումը: Մենք պիտի դառնանք վրիժառու նոր բազուկները ու պիտի շարունակենք ազգին պայքարը` դառնալով փարոս աննահանջ երթին, պիտի չենթարկուինք օտարամոլութեան ու ձուլումի, տէր պիտի կանգնինք Հայ դատին եւ վաղ թէ ուշ պիտի հասնինք մեր գերագոյն նպատակին`  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

***

Դարերու Իղձը
Մեր Թշնամիին

Պատմութիւնը այնպիսի փուլ մը գծագրեց հազարամեայ հայ ժողովուրդին դիմաց, որ դէմ յանդիման կանգնեցաւ 1915 թուականին: Թուական մը, որ իր մատնահետքերը ձգեց ամբողջ ազգին վրայ, նոր մարտահրաւէրներ ցցեց անոր յարատեւումին ու զարգացումին դէմ, երբ օսմանեան կառավարութիւնը պատեհ առիթը օգտագործեց Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընձեռած խառնաշփոթը օգտագործելու եւ իր մեծ երազին հիմքը դնելու: Թրքախօս ցեղերը համախմբելով մէկ դրօշի տակ, ընթացք առաւ հետեւողական բնաջնջման քաղաքականութիւնը` ուսումնասիրուած կերպով գոյութենէ զրկելու Հայաստանն ու հազարամեայ հայ ժողովուրդը: Նպատակը մէկն էր` բռնի տեղահանութեամբ եւ պատմամշակութային կոթողներու կործանումով ոչնչացնել ստեղծագործ ու խաղաղասէր հայ ժողովուրդը եւ այդ հողին վրայ ձգած անոնց հազարամեայ հետքերը:

Արդէն դար մը եւ աւելի անցած են հայոց պատմութեան այդ արիւնոտ էջերէն: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, Թուրքիան իր արիւնակից եղբօր` Ազրպէյճանի հետ կը փորձէ իրականացնել 1915 թուականին ձախողած իր ծրագիրները, իսկ ներկայ աշխարհի զարգացումի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կիզակէտ հանդիսացող Արեւմուտքը կը շարունակէ մնալ դիտորդի կարգավիճակի մէջ: Ուրեմն այս երկրագունդի մակերեսի վրայ բնակող ամէն մէկ հայ, չկորսնցնելով  իր յոյսն ու հաւատքը եւ հաւատարիմ մնալով հայկեան դարաւոր ուխտին, պէտք է դառնայ պաշտպանը հայ մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն` անգամ մը եւս զսպելու մեր թշնամիին տարիներու կուտակուած արեան ծարաւը:

ԿԱՐԵՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ

***

Գոյատեւման Պայքար

24 ապրիլ 1915-ը սեւ էջ մըն էր մեր ազգի պատմութեան մէջ: Հայերը անգութօրէն ջարդուեցան նորաստեղծ երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ. անոնք շարունակեցին համիտեան օրերէն սկսած ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի բռնի տեղահանումը: Այս պատճառով հայերը տարածուեցան աշխարհի բոլոր անկիւնները: Ժամանակի ընթացքին ստեղծեցին հզօր գաղութներ` հիմնելով մշակութային կառոյցներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ` պահպանելու համար հայ ինքնութիւնը: Թուրքը ձախողեցաւ իր ծրագիրը ամբողջացնելու մէջ: Ահա եւ հասանք 21-րդ դար,  համաշխարհայնացման շեմին:

Անուղղակիօրէն տեղի կ՛ունենայ փոքր ազգերու, ինչպէս նաեւ հայերու, մասնաւորապէս արեւմտահայերու ձուլումը` ցեղասպանութիւնը, լռելեայն ձեւով: Այս մէկը առկայ է մեր բոլոր օճախներուն մէջ, եւ մենք կը մերժենք զայն նշմարել: Դժուար է այս մէկուն դիմադրել, երբ կ՛ապրինք հայրենիքէն դուրս: Մինչեւ ե՞րբ պիտի գոյատեւենք օտար երկիրներու մէջ, համոզուած, որ պիտի յառաջդիմենք: Ո՞ւր է այդ «Դէպի Երկիր» ծրագիրը: Ի՞նչն է իմաստը այդ անցեալի հզօր սփիւռքին, եթէ չունինք նման ծրագիրներ:

Երիտասարդութիւնը դարձած է անտարբեր իր ինքնութեան հանդէպ, զայն մեղադրելը անիմաստ է, երբ նուազագոյն ճիգը չկայ վերադառնալու հայրենիք: Ինչպէ՞ս պիտի ազատագրենք Արցախը: Ինչպէ՞ս նոյնիսկ պիտի երեւակայենք հասնիլ մեր իտէալին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին, երբ կը գտնուինք հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու մեր նպատակէն: Պատճառները կրնան շատ ըլլալ: Գուցէ այդ պատճառաբանութիւնները աւելի ուժեղ են, քան` մեր հայրենասիրութիւնը: Ուրիշը մեղադրելը շատ դիւրին է: Մենք մեր հանգիստը կը նախասիրենք եւ ատոր հետեւանքները արդէն իսկ կը կրենք: Կը մերժենք ժամանակաւոր դժուարութիւններն ու չարչարանքը` անտեսելով ապագայի սերունդները եւ անոնց ինքնութեան պահպանումը:

Դժբախտաբար կ՛ապրինք գոյատեւման ժամանակաշրջան մը` գերի դարձած օտար մշակոյթներու եւ անոնց նորարութիւններուն: Դարը փոխուած է, մարտահրաւէրները` բազմացած: Հայաստանը պարտուածի կացութեան մէջ է, եւ մենք աշխարհի չորս կողմը սփռուած, մեր անձին հանգստութիւնը ապահոված` կը սպասենք, թէ ե՛րբ պիտի ազատագրուին  մեր հողերը …

ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

***

Վերանորոգ Կամքով

109 տարիներ առաջ հայ ազգը մատնուեցաւ տեղահանութեան եւ արիւնալի ծրագիրի մը, որուն նպատակն էր ոչնչացնել ամէն հայ անհատ: Այս բոլորը կրնանք Հայոց ցեղասպանութիւն անուանել:

109 տարուան ընթացքին հայ ազգը դատապարուեցաւ անարդարութեան եւ դժուարութեան, որովհետեւ իր դատը զրկուեցաւ ճանաչումէ եւ անոր համապատասխան հատուցումէ: Հայ դատը դարձաւ այն աշխատանքը, որ մեր ժողովուրդը պիտի առաջնորդէր դէպի իրաւունքներու վերատիրացում:

Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութենէն 50-ամեակէն ետք միայն Հայ դատի իսկական եւ տիրական թափ ստացան եւ մաս կազմեցին մեր ինքնութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան: Բնականաբար Հայ դատի ծրագիրի յաջողութիւնը կախեալ դարձաւ քաղաքական, քարոզչական եւ բազմաթիւ այլ մարզերէ:

109 տարիներ շարունակուեցաւ` պայքարի ոգին սերունդէ սերունդ փոխանցուելով: Մենք` սփիւռքահայ երիտասարդներս, պէտք է զինուինք գիտելիքներով` հասնելու համար մեր արդար Դատի իրագործման:

Յիշենք մտաւորական, ուսուցիչ ու գաղափարապաշտ գործիչ Մուշեղ Իշխանի կարեւոր մէկ ընդգծումը, որուն մէջ ան կ՛ըսէ. «Սփիւռքահայ երիտասարդութեան վերապահուած դերն ու առաքելութիւնը շատ կենսական են… Երիտասարդութիւնը պէտք է գիտնայ պատասխանատուութիւններ ստանձնել սփիւռքի մեր պայքարին մէջ, որ անհաւասար ուժերով կը մղուի այլասերիչ հզօր հոսանքներու դէմ: Այդ պայքարը մեր կեանքն է, գոյութեան իմաստն ու պայմանը: Այդ պայքարը կը մղուի գլխաւորաբար երկու ճակատներու վրայ` հայապահպանում-հայակերտում եւ Հայ դատի հետապնդում: Մէկը կապուած է միւսին բնականաբար»:

109 տարիներ մենք` իբրեւ համայն աշխարհի հայեր, քալեցինք եւ պիտի քալենք դէպի արդարութիւն պայքարելով, յիշելով եւ պահանջելով:

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ

***

Հայուն «Թերեւս»-ները

Մեր պատմութիւնը ունի տառապանքի բազմաթիւ էջեր, որոնց գլխաւորը Հայոց ցեղասպանութիւնն է: Աւելի քան մէկ դար առաջ անգութ թուրքը որոշեց ոչնչացնել ամբողջ ազգ մը, ողջ ժողովուրդ մը` առանց սեռի ու հասակի խտրութեան: Մէկուկէս միլիոն մարդ զոհուեցաւ միայն այն պատճառով, որ պարզապէս հայ էին: Հազարաւոր մարդիկ ձգելով իրենց հայրենիքը` գաղթեցին օտար երկիրներ, շատեր մահացան գաղթի ճանապարհին, հազարաւոր երեխաներ լոյս աշխարհ չեկան, միլիոնաւոր աչքեր արցունքով լեցուեցան: Ամբողջ ազգ մը սպաննուեցաւ թուրքին ձեռամբ:

Անցան 109 տարիներ… հայուն վէրքը տակաւի՛ն բաց է, ու անոր ցաւը երբե՛ք պիտի չանցնի, որովհետեւ այդ հոգիի ցաւ է, այլ` ո՛չ մարմնի: Գիտէ՞ք` շատերս երջանկութեան մասին կրնանք գրել մէկ կամ երկու նախադասութիւն, ու այդ բաւական է`  արտայայտելու մեր ուրախութիւնը, սրտի երջանկութիւնն ու հոգիին թռչող թիթեռներու բազմութիւնը: Իսկ ցաւի մասին կրնանք խօսիլ անվերջ, խօսի՜լ, խօսի՜լ ու ոչ մէկ կերպով չհանգստանալ. ինչո՞ւ, որովհետեւ մենք` հայերս, գիտե՛նք ցաւը: Ես չեմ ուզեր մանրամասնօրէն գրել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բռնի տեղահանութեան, մեր մարդկային իրաւունքներուն ու պահանջներուն մասին, որովհետեւ ա՛լ բոլորս լաւ գիտենք մեր պատմութիւնը եւ համաձա՛յն ենք, որ վաղ թէ ուշ  թուրքը պատասխան պիտի տայ իր արարքներուն համար ու ոչ մէկ հայ` վրէժը սրտին, պիտի  չհանգստանայ, մինչեւ չգայ արդարութեան օրը, մինչեւ թուրքը իր բերանով չխոստովանի եւ հատուցէ իր գործած ոճիրին դիմաց:

Եկէ՛ք, պահ մը խառնենք անցեալն ու ներկան: Առաջ խօսելու նիւթերը շատ էին, այո՛, կար «տգեղը»-ը, բայց անոր կողքին` «գեղեցիկ»-ը, ատելութեան կողքին սէրը, իսկ Ցեղասպանութեան կողքին` խաղաղութիւնը: Այսօր մեր միակ նիւթն է` պատերազմ. բոլորիս աչքերը նոյնը` արցունքով լցուած, բոլորս նոյն ձեւով խոր շունչ կը քաշենք: Բան չունիմ ըսելու, միեւնոյն ժամանակ այնքա՜ն շատ բան կայ ըսելու, որ կը նախընտրեմ լռել: Անընդհատ կը ծիծաղիմ, որ չխելագարիմ, սա՞ էր մեր վերջը, կամ ալ… խելագարուեր եմ, անոր համար կը ծիծաղիմ: Ես մէկ բան գիտեմ. իւրաքանչիւր նաւ կարիքը ունի իր նաւահանգիստին, ամենաբարձր թռչող թռչունը` իր բոյնին, իսկ հայը` կարօտ է իր հայրենիքին: Թերեւս օր մը կը հասնինք մեր նպատակին: Ե՞րբ: Ես ալ չեմ չգիտեր: Թերեւս այսօր, թերեւս վաղը` կէսօրին, ամիս մը ետք,  թերեւս տարիներ ետք… թերեւս…

ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ

***

Համասփիւռ Հայերու
Պահանջատիրութիւն

Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ այսօր Հայոց  ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է: Այսօր ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի եւ աղաղակենք բարձրաձայն «Ազատութիւն, ազատութիւն» կարգախօսով: Ամէն տարի նոյն յուսախաբութեան մէջ կ՛ապրինք` առանց որեւէ դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն: Այսուհետեւ չխանդավառուինք, թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի կառավարութիւնը ճանչցեր է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, մանաւանդ` իր լեզուն եւ մշակոյթը, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի վրայ է:

Սփիւռքահայութիւնը իր հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելով հանդերձ, առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը, պարտաւոր է իր ամբողջ կարողութիւնը կեդրոնացնել բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերուն վերատիրանալու հիմնախնդրին վրայ: Կ՛արժէ շեշտել այստեղ, որ առանց երիտասարդին մասնակցութեան` իրենց երազանքներով, թարմ յոյսերով եւ ստեղծագործ ոգիով, չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեր նախնական իրաւունքներուն: Դժբախտաբար այս օրերուս չկայ այն երիտասարդութիւնը, որ զանգուածային կերպով պատրաստուած է իր մշակութային կոթողները վերադարձնելու: Հետեւաբար մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար պէտք լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ, մանաւանդ կարեւոր կը նկատուի սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն բիւրեղացումը:

Այսուհետեւ մեզի կը մնայ ըլլալ հաւատարիմ եւ ուխտեալ: Չմոռնաք, որ հայ ժողովուրդի անբաժանելի իրաւունքն է հողի պահանջատիրութիւնը:

ԼԵՄ-ականը` միշտ պատնէշի վրայ, արթուն, կանգուն եւ շրջահայեաց:

ՍԷՐԼԻ ՃԵՆԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

***

Յարատեւ Կռիւ,
Ապրելու Պայքար

Ապրիլ ամիսը հայոց պատմութեան մէջ միշտ կը յիշուի սեւ յիշատակներով` գրաւուած հայրենիք, թալանուած իրաւունք, անգութ կոտորած, բռնի տեղահանութիւն եւ այլն: Ապրիլ 24-ի խորհուրդը տարբեր ձեւով կը յիշուի այս տարի Արցախի կորուստէն ետք…

Սակայն, հակառակ այս վատ յիշատակներուն, հայութեան աննկուն կամքին շնորհիւ, թէեւ` հայրենիքէն հեռու, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ վերապրեցաւ հայ ժողովուրդը, որ արդէն իսկ ձախողութեան մատնեց սուլթանին երազը, որն էր` մէկ հայ մը պահել, այդ ալ` թանգարանին մէջ: Կիլիկիայէն ճողոպրած անտէր հայեր օտար երկիրներու մէջ կառուցեցին եկեղեցիներ, տուներ, դպրոցներ ու ակումբներ, կազմեցին հայ գաղութ մը` փոքրիկ Հայաստան մը, որ կոչուեցաւ սփիւռքահայութիւն:

Արցախի վերջին իրադարձութիւնները մեզի վերյիշեցուցին 1915 թուականին կատարուած ցեղասպանութիւնը: Տարբեր երկիրներ, սակայն` միեւնոյն ոճրագործութիւնը: Այսօր ազրպէյճանա-թրքական դաշինքը կը շարունակէ իրականացնել հրէշային երազը` թուրանական կայսրութիւնը: Ազրպէյճանի կողքին, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը շարունակէ իր ազգակործան ու ապազգային քաղաքականութիւնը` յանձնելով հայկական հողամասեր, կարծելով, թէ խաղաղութիւն պիտի տիրէ:

Այսօր մենք` իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հաւատարիմ անդամներ պիտի չհաշտուինք այս իրականութեան հետ: Մենք պիտի ըլլանք ո’չ ըսողները բոլոր այն բաներուն, որոնք կը խոչընդոտեն մեր նպատակի իրագործումը: Առանց երիտասարդութեան` ո՛չ դատ կայ, ո՛չ ազգ կայ, ո՛չ ալ ապագայ: Հետեւաբար մենք ենք, որ պիտի դառնանք մեր արդար իրաւունքի վահանը:

Կ’ապրինք բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց, բայց այս չի նշանակեր, որ պէտք է յուսալքուինք: Թող որ ապրիլ ամիսը ըլլայ այն պայքարի եւ դէպի ազատութիւն հայեացք ունեցող ամիսը, որ նոր յոյսով եւ յեղափոխական եռանդով պիտի լեցնէ հայութեան հոգիները ու լուսաւորէ անոնց միտքը:

Սորվինք մեր պապերու օրինակէն, ըլլանք անոնց նման հայրենասէրներ ու աշխատասէրներ, անցեալի ցաւերը, վիշտերն ու տառապանքը մէկ կողմ դնելով, կեդրոնանանք ներկան ամրապնդելու վրայ` կերտելու համար յաղթական ապագայ:

Ինչպէս Քրիստափոր Միքայէլեան կ’ըսէ` «Ուժն է, որ կը կառավարէ աշխարհը, եւ մենք ձեռք կը բերենք մեր բոլոր ուզածները, երբ ուժ կ’ունենանք»: Սակայն այդ սարսափեցնող ու ցնցիչ ուժը ծնունդ կ’առնէ միասնականութենէն: Այս օրհասական պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է միասնութիւնը: Միասնական բռունցքով է, որ կը փշրենք  ստրկութեան, օտարամոլութեան եւ ձուլումի բոլոր շղթաները: Պահն է համախմբուելու` յանուն մեր հայրենիքի պաշտպանութեան, բարգաւաճման եւ մեր նպատակներու իրագործման:

Պայքար` մինչեւ արդար հատուցում,
Պայքար` մինչեւ հզօր հանրապետութիւն,
Պայքար` մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակ. Զաւարեանական

$
0
0

Մեր Խօսքը

Անցած են 109 տարիներ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլին հայեր: 109 տարիներ շարունակ` ցեղասպանութիւն մշակութային կալուածներու անէացում, աւելի՛ն, Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ վերջերս Արցախի բռնագրաւում:

109 տարիներ շարունակ հայրենիքէն հեռու մնալով` հանդերձ հայը գոյատեւած է: Գոյատեւած է ու  պահպանած է հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, միշտ կառչած մնացած է ու կը մնայ պահանջներուն, պայքարած է ու կը պայքարի յանուն ազատ, անկախ ու միացեալ Հայատանի տեսլականին` փաստելու, որ հայը չէ յոգնած ու երբեք պիտի չյոգնի պայքարելէ: Հակառակ ներկայ Արցախի ու Հայաստանի իրավիճակին, պիտի շարունակէ պայքարիլ` ծնունդ տալով նոր յաղթանակներու:

Այսօր Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները կոչ կ՛ուղղեն իրենց  երիտասարդ-ուսանող ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն ու կը հրաւիրեն համախումբ պայքարի: Պայքար, սակայն այս անգամ` առաւել եւս վճռական, առաւել եւս պահանջատէր մեր արդար դատին, անէացնելով պարտութեան ու յուսալքութեան բոլոր  երեւոյթները, յիշելով, որ հայը իրաւունք չունի յուսահատելու ներկայ իրավիճակին պատճառով, իրաւունք չունի յոգնելու կամ հրաժարելու, որովհետեւ` «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածն է, որ պիտի ապրի եւ տիրէ»:

Վստահի՛նք Զաւարեանական
Ուսանողութեան

Մէկ դար եւ քսան տարուան փորձ ունի ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը, որ ընթացիկ ուսանողական համախմբում մը չէ, եւ այդպէս ալ պէտք չէ ըլլայ:

ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան ուսանողութեան դարբնոցն է, ուր կուսակցական առողջ մթնոլորտին մէջ ուսանողները իրենց արդիական եւ նոր փորձերը պէտք է կատարեն: Պահ մը փորձեցէք յիշել անցնող տասնամեակներու զաւարեանականներու անունները, եւ կը տեսնէք, որ այսօր անոնց մեծամասնութիւնը, Լիբանանի մէջ թէ մինչեւ հեռակայ Ամերիկաներ, գործի վրայ են, պատասխանատուութիւններ վերցուցած են:

ԶՈՄ-ը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կուսակցութեան նոր շունչ ու ոգի տուող կառոյցն է: Այո՛, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն ետք ԶՈՄ-ը նաեւ մարդուժի պատրաստութեան դերը ունի: Այս առնչութեամբ կառոյցը քարոզչական, կազմակերպական եւ յարաբերական աշխատանքներուն կողքին, դաստիարակչական միաւոր է, մարդ պատրաստելու օճախ է, որուն կարիքը այսօր աւելի քան երբեք ունինք բոլորս:

Ասկէ անդին` ԶՈՄ-ը լիբանանեան առումով համալսարաններուն մէջ Հայ դատի ներկայացուցիչն է, որ պարտք ունի լիբանանցի ուսանողութեան հերթական դրութեամբ ներկայացնելու հայ ժողովուրդը յուզող խնդիրները եւ ազգային պահանջատիրութիւնը:

ԶՈՄ-ը անցնող ժամանակահատուածին անցած է լիբանանեան եւ համահայկական բազմատեսակ տագնապներէն` յաղթահարելով ֆիզիքական, աշխարհագրական, ապահովական եւ հոգեբանական դժուարութիւնները, հետեւելով հիմնադիր Սիմոն Զաւարեանի խիղճին:

Մեր սերունդը շատ բան սորվեցաւ ԶՈՄ-էն, որովհետեւ միջավայրը զաւարեանականներուն ներշնչած էր վստահութիւն եւ հաւատք, եւ` որովհետեւ ԶՈՄ-ը գործի կեդրոն է: Հերթը հիմա նորերուն է: Այսօր ԶՈՄ-ը կարիքը ունի մեր` «հին» զաւարեանականներու զօրակցութեան եւ քաջալերանքին:

Դաշնակցութեան սերնդափոխութեան երաշխիքներէն մէկը 120 տարեկան ԶՈՄ-ն է: Գուրգուրա՛նք եւ վստահի՛նք: Թո՛ղ վերցնեն գործ, թո՛ղ նոր ծրագիրներ իրականացնեն, թո՛ղ ունենան պատասխանատուութեան զգացողութիւն եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ թո՛ղ սխալին, որպէսզի սխալներէն սորվին, փորձառութիւն ձեռք բերեն: Կարեւորը` աշխատին եւ գործի մթնոլորտի մէջ մնան, այլապէս ուսանողութիւնն ալ պիտի տարուի անհեթեթութիւններով, երկրորդական, փճացնող ու քայքայող անիմաստ խնդիրներով…

Սիմոն Զաւարեանը գործի մարդ էր, եւ ԶՈՄ-ը պէտք է մնայ իր հիմնադիրին մարմնաւորումով ապրող միա՛յն գործի միութիւն, հեռու` պատեհապաշտութենէ, ցուցամոլութենէ, յանձնուողականութենէ, զիջողական մօտեցումներէ եւ, ամէնէն կարեւորը, մանրուքներէ:

Բարի՛ երթ` դէպի նորանոր իրագործումներ առաջնորդուող 120-ամեայ ԶՈՄ-ին եւ զաւարեանական ընկերներուն:

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

***

Ժամանակը Մեր Դէմն Է, Իսկ Հայրենիքի Ներկան Ու Ապագան
Մեր Ձեռքն Է Եւ Իւրաքանչիւրիս Պարտաւորութիւնն Է

Սիմոն Զաւարեան, իր ուսանողական տարիներուն, ըլլալով հայրենիքէն հեռու, ազդուած ըլլալով իր շրջապատէն, հակառակ էր բռնութեան դէմ պայքարի գաղափարին` հաւատալով մի միայն մէկ զէնքի` համերաշխութեան քարոզը ազգերու միջեւ:

Սիմոն Զաւարեանի այդ համոզումը շատ երկար չտեւեց: Իտէալ գաղափարախօսութիւն մըն է ազգերու համերաշխութիւնը, սակայն այդ գաղափարախօսութեան մէջ դժուար է ներառել Թուրքիոյ նման ազգայնական  ազգ մը, որ իր ազգը կը գերադասէ այլ ազգերէ եւ պատրաստ է ազգ մը ամբողջովին բնաջնջել իր ծայրայեղ փանթուրանական ծրագիրին համար:

Հայ ազգը վեց հարիւր տարի համերաշխ մնաց թուրքին նկատմամբ, որոշեց իր գլուխը չբարձրացնել, մնալ լռած, չհամարձակիլ ո՛չ ըսել թուրքին` ի գին ստրկութեան, բռնութեան,  շահագործումի, բռնաբարումի, ջարդի ու կոտորածի, հաւատալով որ եթէ ձայնը բարձրացնէ, շատ աւելի վատ պիտի ըլլան իր կեանքն ու ապագան…

Այսօր, 109 տարի ետք, այսպէս կոչուած հայեր, անգամ մը եւս կը գտնուին այդ ստրուկի իրավիճակին մէջ չհամարձակելով ո՛չ ըսել ազերիին, համոզուած ըլլալով, որ զիջելով` պիտի կարենանք ապրիլ ու պահպանել մեր հայրենիքը:

Ահաւասիկ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ մը 109 տարիներ ետք կրկին ապրեցաւ Արցախի ցեղասպանութիւնը, եւ պատմութիւնը վկայ, որ թշնամին պիտի շարունակէ պահանջել եւ բռնագրաւել մեր բոլոր հողերը, մինչեւ որ անէացնէ հայն ու Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն:

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, ժամանակը մեր դէմն է, իսկ հայրենիքի ներկան ու ապագան մեր ձեռքն է եւ իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է:

Համախումբ պայքարով ըսենք` Ո՛Չ հայրենիքի գաղափարի անէացման:

ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

***

Միանանք Ու Զօրանանք

 

Գեղացնի ուտվէ իլէք,
Սույ ու դանօք հազըյիցէ՛ք,
Թուրքան դէմը կատրաճ կիցէ՛ք:

Մանկութիւնս անցուցած եմ եւ մեծցած զէյթունցիներէն այս երեք տողերը լսելով, երբ մեծ մայրս մեծ հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս պոլոզները եւ էշքինները զէն ի ձեռին պաշտպանած են արծուաբոյն Զէյթունը, թէ ինչպէ՛ս թուրքը կը սարսափէր, երբ լսէր Զէյթուն անունը:

Արդէն կռահեցիր, սիրելի՛ ընթերցող, որ ես զէյթունցի եմ: Աւելի ճշգրիտ` Զէյթունի Ֆռնուզ գիւղաքաղաքէն: Ցեղասպանութենէն վերապրածի մը ժառանգորդը:

Ժամանակները փոխուած են, այո՛: Բայց թուրքին նպատակը կը մնայ նոյնը` բնաջնջել հայ ազգը:

Շատ լսած ենք, որ 1915-ի եղելութիւնը ցեղասպանութիւն չէր, այլ` ջարդ: Ջարդերը միշտ եղած են, 1915-էն առաջ մինչեւ օրս: 1915-ի պատահածը ցեղասպանութիւն էր, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդ մը իր արմատէն, հողէն տեղահանեցին: Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Արցախ` թուրքը կը շարունակէ գործել իր բարբարոսութիւնը: Հայու ճակատագիր: Շարունակական պայքար վիճակուած է մեզի: Իսկ տկարը կը յուսահատի: Այո՛, հայ ըլլալը  դիւրին չէ: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ մաս կազմել հարուստ մշակոյթի, դարերու պատմութեամբ: Կը նշանակէ` գիտակցութիւնը արդար պարծանքի, անվերջ պայքարի, հաստատ պահել կապը ամբողջ աշխարհի հայկական գաղութներու հետ, ունենալ կամքն ու ուժը` պահպանելու հայկական արժէքները:

Այսօր մենք պէտք ունինք լայն քարոզչութեան, որպէսզի համայն աշխարհին ծանօթացնենք մեր պատմութիւնը եւ անոր ընդմէջէն` մեր արդար Դատը: Ունենանք դիւանագէտներ, որոնք կարենան թշնամիին սարքած ամէն մէկ թակարդի դէմ ճիշդ ձեւով պաշտպանել մեր իրաւունքները:

Պէտք է միանանք եւ զօրանանք: Հայրենիք եւ սփիւռք ըլլանք միասնակամ: Մեր ուժերը միացնենք եւ աննկուն կամքով շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ հասնինք մեր սրբազան նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

***

Ապրիլը`
Ապրելու Կամքով

Ապրիլ է, տարուան չորրորդ ամիսն է, գարնանային յուսատու եղանակն է, բայց մեր քով պատկերը արտակարգ է, բնութեան հակառակ է` դժոխային փոթորիկները յաղթահարելու ամիսն է:

Ապրիլը մահուան տեսիլքը շրջանցելու եւ ապրելու կամք ունենալու ամիս է:

Ամիս մը, որուն օրացոյցին էջերը ամէն օր կը դառնան եւ կը վերնագրուին տարբեր զգացումով ու դառն յուշերով:

Ամիս մը, որուն ընթացքին կեանքն ու մահը կը գրկախառնուին, ե՛ւ սուգի, ե՛ւ վերապրելու ամիս է, բայց գարուն չէ…

Տակաւին մեր ապրիլը ապրիլ չէ… Այդպէս չէ, որովհետեւ ապրիլին միայն նոր ապրիլ կը յաջորդէ: Տակաւին երէկ Արցախը դադրեցաւ ապրելէ` առանց հրաժեշտի, առանց խունկի ու մոմի:

Ապրի՞լ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Երբ Հայաստանի իշխանութեան խիղճը անվերջ ու անսկիզբ խաւարի մէջ է, ազգը իր պապենական արմատներէն շա՜տ հեռու է: Ինչպէ՞ս ապրիլ, երբ ամէն օր երգով կամ առանց երգի` նահանջի մէջ ենք, գարնանային մեր ծաղիկները մէկ առ մէկ կը պոկուին, եւ սուրբ հողը կը դառնայ դժբախտ եւ տժգոյն…

Բայց ի՛նչ ալ ըլլան եղանակները, երկինքը ամպերով ծածկուած ըլլայ թէ ոչ, արեւ ունենանք թէ ոչ, ծովերէն հեռու ըլլանք կամ ոչ, միշտ ալ կ՛արժէ ապրիլ հայօրէն: Ծիծեռնակաբերդի ու Եռաբլուրի կակաչներուն ու վարդերուն համար պէտք է ապրինք, պէտք է կանգուն մնանք, պէտք է նոր ծիլերուն հոգանք:

Պապենաւանդ մեր հողերուն արեան կանչին արձագանգը պէտք է ըլլայ մեր ապրիլը` աննահանջ պայքարի ներշնչող ուժ:

Ղազանչեցոցի զանգերուն, Տէր Զօրի անապատի ողբերգին եւ նորածիլ հայրենասէր ու պահանջատէր մանուկներուն կանչի միաձայն ղօղանջը պէտք է ըլլայ մեր ապրիլը:

Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ դարձեալ ծաղկինք:

Այնքան պիտի ծաղկինք, որ մեր քարտէսը դարձեալ գունաւորենք եւ հայրենի հողը հերկենք…

Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ հայկեան ծիծեռնակներ խաղաղութիւն աւետելով տուն վերադառնան:

Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ ապրելու իրաւունքէն զրկուած քաջարիներուն կայծակները վերստին արձակուին:

Այնպէս մը պիտի ապրինք, որ համոզուիմ եւ համոզեմ, թէ մեր ապրիլը տարբեր է, յատուկ է, հայկական է: Մեր ապրիլը ապրելու կամքով ԱՊՐԻԼ է:

ԱՐԱԶ ԷԼԷՅՃԵԱՆ

***

Խզենք Լռութիւնը

Կան վայրկեաններ, երբ բոլորովին լռութիւն կը տիրէ… Այդքան ծանր լուր մը իմանալէ ետք, բոլորովին ապշած, կեանքը վատ երազի մը կը վերածուի, եւ արթննալու ժամը կը սպասես, բայց այդ վայրկեանը երբեք չի գար:

Ապրիլ 24` վատ երազ մըն էր հայ ազգին համար, թէեւ 109 տարիներ ետք կը մնայ սերունդէ սերունդ ժառանգուած ցաւ մը: Սակայն յոյս մը կար մեր սրտերուն մէջ, թէ` «օրերը հիմա տարբեր են», «Genocide» բառը 1915-ին գոյութիւն չունէր, եւ այժմ «մարդկային իրաւունքները» աւելի զարգացած են: Յաճախ կը լսէինք (եւ դժբախտաբար դեռ կը լսենք), թէ ինչո՞ւ չենք կրնար մոռնալ, ինչո՞ւ տակաւին կապուած ենք այս Դատին 1 դար ետք:

Թերեւս պարզապէս չէինք ուզեր 9 նոյեմբեր 2020 օրը տեսնել, կամ վերապրիլ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը 20 սեպտեմբեր 2023-ին: Չէինք ուզեր Արցախի ժողովուրդը ապրի մեր պապերուն ապրածը եւ ես յատկապէս չեմ ուզեր գալիք արցախցի  սերունդը ժառանգէ այդ ցաւը եւ պարապութիւնը, զորս մենք տակաւին կը զգանք մեր պապենական հողերէն հեռու:

Չկայ ցաւ` առանց սէրի: Յաճախ լսած եմ, որ պէտք չէ զգացական մօտենալ այսպիսի հարցերու: Սակայն այն զգացումները, զորս կը փորձենք թօթափել, առաջին կայծը կը վառեն դէպի յեղափոխութիւն: Այդ հայրենիքի սէրն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ: Դիւրին է խուսափիլ, հողեր յանձնել եւ յանձնուիլ, բայց մենք ունեցած ենք Մայիս 28` Ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք, ունեցած ենք Արցախի ազատագրում:

Կան վայրկեաններ, երբ բոլորովին լռութիւն տիրէ, վտանգաւոր կը դառնայ: Ամուր կանգնած, արթննալու ժամը երբեք չի գար, եւ մենք կը շարունակենք ապրիլ այդ գէշ երազը: Արդ ժամանակը հասած է սպաննելու այդ լռութիւնը:

ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

***

Ցաւը Վերածենք
Պայքարի

Մեր ազգին հանդէպ կատարուած դիտումնաւոր ցեղասպանութեան վիշտն ու ցաւը 109 տարիներ ետք տակաւին չեն մեղմացած:

Թշնամին նոյն բարբարոսութեամբ ու ոճրագործութեամբ տարիներ շարունակ մղեց հայ ազգը դէպի բնաջնջում եւ տեղահանում` գործակցաբար Ազրպէյճանին հետ, ուր հարկ է նշել ներկայիս Արցախի գրաւումը եւ ներկայ Հայաստանի բնակչութեան հանդէպ կատարուած գործողութիւնները: Այն պատճառով, որ այդ երկու պետութիւններուն յանցաւոր քաղաքականութիւնը կը հիմնուի միեւնոյն գաղափարախօսութեան` փանթրքութեան եւ ծայրայեղ ազգայնականութեան վրայ:

Ցաւը մեծ է, այո՛…բայց այս բոլորը չի նշանակեր, որ մենք իրաւունք ունինք միշտ ցաւով շարունակելու մեր գալիք ապագան: Մենք այսօր պէտք է ունենանք այն գիտակցութիւնը, որ պէտք է ոչ միայն ցաւինք, այլ նաեւ իմանանք, որ այսօր անդրադառնալու պահ է, որովհետեւ մենք ունինք ներկայի եւ ապագայի շատ մը խնդիրներ, եւ եթէ մենք չունենանք վերածնունդի նոր էջ, չեմ կարծեր, թէ գալիք օրերուն կը կարողանանք ապագայի բոլոր խնդիրներու պատասխանը տալ:

Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդը վճռական էր` վերակառուցելու իր համայնքը եւ իր մշակոյթը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Յիշենք լիբանանահայութիւնը, որ իրեն պարտադրուած բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, մնաց պահանջատէր ու վրիժառու` Հայ դատի նկատմամբ:

Մենք` իբրեւ անդամներ Զաւարեան ուսանողական միութեան, որ արդէն իսկ 120 տարիներ շարունակ գոյատեւած եւ սերունդներ կերտած է, թոյլ չտանք դադրեցնելու պայքարը, այլ ըլլանք այն դպրոցը, ուր պիտի գործեն հայապահպանումի եւ Հայ դատի հետապնդման զանազան դաշտերը:

«Դադրեցնել պայքարը` կը նշանակէ  ազգի թշնամիներուն առարկայական դաշնակիցը ըլլալ»:

Յարգա՜նք բոլոր անոնց, որոնք ինկան յանուն Հայ դատին :

ՍԵՒԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

Տեղեկատուական ԱնկիւնԱպրիլ

– Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2024-ին, կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, չորս տարուան դադարէն ետք` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ուսանողներու միջհամալսարանական զարգացման մրցում մը: Նկատելի էին` խումբերուն միջեւ դրական մթնոլորտն ու առողջ մրցակցութեան ոգին: Մրցումին արդիւնքները ամփոփուեցան հետեւեալ ձեւով. Ա. դիրքը գրաւեց Հայկազեան համալսարանը, Բ. դիրք գրաւեց Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը, իսկ Գ. դիրքը գրաւեց Սեն Ժոզեֆ համալսարանը: Յաղթող խումբերը արժանացան նիւթական պարգեւներու:

– Շաբաթ, 6  ապրիլ 2024-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային  յանձնախումբին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախկին ու ներկայ զաւարեանականներու մտերմիկ ընթրիք մը: Սոյն հաւաքին նպատակն էր 120-ամեայ յիշատակները վերաթարմացնել` համախմբելով նախկին ու ներկայ զաւարեանականները եւ միասնաբար օժանդակել միութեան գոյատեւման ու ծաղկման:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցող, Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի Իսրայէլի Կողմէ Պաղեստինցիներու Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

$
0
0

Ինչպէ՞ս Այս Նոյն Սիոնիզմը Զօրավիգ Կանգնեցաւ Ջարդարար Սուլթան Համիտին, Թալէաթին Եւ Քեմալականներէն Մինչեւ Այժմու Ազրպէյճանին Եւ Երուսաղէմի Հայկական Հողը Պղծողին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անմարդկային, գազանաբարոյ, խիղճ եւ զգացում չունեցող արարածներ միայն, ինչպէս` Իսրայէլի կառավարութիւնն ու անոր նեցուկ կանգնած եւ զինամթերք մատակարարող Միացեալ Նահանգները, հանգիստ կը զգան, Իսրայէլի կողմէ վեց ամիսէ անդադար կատարուող կազացի խաղաղ բնակիչներու սպանդին` ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութիւնը գործադրողին կողքին, անհաւատալի է տեսնել քաջալերողներ, զօրակցողներ, անտարբերներ եւ նոյնի՛սկ արդարացնողներ ու մօտիկ ապագային ալ` ուրացողներ… Հայոց ցեղասպանութիւնն ալ այդպիսին էր:

Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ միշտ հարեւանցի կը նշուի հրեաներուն մեղսակցութեան մասին եւ Սելանիկէն եկած Երիտասարդ թուրքեր ջարդարար ղեկավարներու խմբակին հրէական ծագում ունենալն ու անգլիական-իտալական հովանաւորութեամբ եղբայրութեան մը` գաղտնի կազմակերպութեան մը պատկանիլը: Այս իրողութիւնը, սակայն, երբե՛ք չի մեղմացներ բուն ոճրագործ թուրք պետութեան եւ արդէն մարդ մորթելու, մարդ սպաննելու վարժ ու հակամէտ թուրք ժողովուրդին, արիւնարբու խուժանին եւ անոր թալանող վարքագիծը:

Ա.- Փրոֆեսէօր Ռէյչըլ Էլպոիմ-Տրոր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ 1 մայիս 2015-ին (1). «Ինչպէ՞ս Հերցելը հայերուն դաւաճանեց» խորագիրով յօդուած մը հրատարակեց, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ:

«Ինչպէ՞ս սիոնիստ Հերցելը դաւաճանեց հայերուն. ան զօրավիգ կանգնեցաւ հայերուն դէմ օսմանեան դաժան սուլթանին` այն յոյսով, որ այդ կը խրախուսէ սուլթանը` Պաղեստինը վաճառելու հրեաներուն»: Այս է ենթախորագիրը:

«Հայկական հարցը Սիոնական շարժումը զբաղեցուցած է 1890-ականներու կէսերուն (1894-1896*) թուրքերու կողմէ հայերու զանգուածային սպանութիւնէն ի վեր, նոյնիսկ` առաջին Սիոնական համագումարէն առաջ (Սիոնական շարժումը հիմնուեցաւ 29-31 օգոստոս 1897-ին, 208 պատգամաւորներով, Պազելի մէջ, Զուիցերիա*): Թէոտոր Հերցելի (Սիոնական շարժումի հիմնադիրը*) ռազմավարութիւնը հիմնուած էր փոխանակման գաղափարին վրայ, թէ` հրեաները կը վճարէին Օսմանեան կայսրութեան հսկայական պարտքը` Պաղեստինի տիրացման փոխարէն, այնտեղ հրէական պետութիւն ստեղծելու դիմաց, մեծ պետութիւններուն համաձայնութեամբ: Հերցելը շատ կ՛աշխատէր սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ը համոզելու` ընդունելու իր առաջարկը, բայց` ապարդիւն:

1.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթ. «Ինչպէ՞ս (Թէոտոր*) Հերցելը հայերուն դաւաճանեց» 29
մայիս 2015-ի յօդուածը: 2.- «Տը Թայմզ Աւ Իզրայէլ» օրաթերթ. «Ողջակիզումէն առաջ
օսմանեան հրեաները զօրավիգ կանգնեցան Հայոց ցեղասպանութեան  ճարտարապետին»
խորագիրով 7 սեպտեմբեր 2018-ի յօդուածը, որուն նկարին մէջ ձախին` Թալէաթ հրէշը:

«Հերցելի դիւանագիտական խորհրդականը` Ֆիլիփ Միքայէլ Նեւլինսքին (որ նաեւ սուլթանին խորհրդականն էր) անոր թելադրեց. «սուլթանին դրամ առաջարկելու փոխարէն` Հայկական հարցին մէջ անոր քաղաքական զօրակցութիւն ցուցաբերէ, եւ ան երախտապարտ կ՛ըլլայ եւ կ՛ընդունի քու առաջարկդ, գոնէ` մասամբ»: Քրիստոնեայ եւրոպական երկիրները կը քննադատէին իսլամներու ձեռքով (սուլթան Համիտի հրամանով` 300 հազար*) հայ քրիստոնեաներու սպանութիւնը, եւ զանազան վայրերու մէջ ստեղծուած էին հայերուն աջակցող կոմիտէներ, իսկ Եւրոպան նոյնպէս ապաստան կ՛առաջարկէր հայկական ապստամբութեան առաջնորդներուն: Այս կացութիւնը շատ դժուարացուց Թուրքիոյ կողմէ եւրոպական դրամատուներէն վարկեր ստանալը:

«Հերցելը եռանդով ընդունեց այս խորհուրդը: Ան կը զգար, որ տեղին է փորձել որեւէ միջոց` արագացնելու հրէական պետութեան ստեղծումը (նոյնի՛սկ` հայերու բնաջնջման գնով*): Եւ այսպէս, ան համաձայնեցաւ ծառայել իբրեւ սուլթանին գործիքը` փորձելով համոզել (խաբել*) հայոց ապստամբութեան առաջնորդները, որ եթէ անոնք անձնատուր ըլլան սուլթանին, ան կը կատարէ անոնց որոշ պահանջները: Հերցելը նաեւ փորձեց Արեւմուտքին ցոյց տալ, որ Թուրքիան իրականութեան մէջ աւելի մարդասէր է (քան կը թուի*), որ` ան այլ ելք չունի, քան` հայկական ապստամբութեան հետ այսպէս վարուիլ, եւ որ` կը ձգտի քաղաքական միջոցով զինադադար հաստատել: Երկարատեւ ճիգերէ ետք, 17 մայիս 1901-ին Հերցել անձամբ հանդիպում ունեցաւ սուլթանին հետ:

«Սուլթանը յոյսով էր, որ Հերցելը` ճանչցուած լրագրողը, պիտի կարենայ փոխել Օսմանեան կայսրութեան բացասական դիմագիծը: Ուստի Հերցելը ձեռնարկեց ուժեղ քարոզչութեան` իրականացնելու համար սուլթանին փափաքը, ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ: Ան կապեր հաստատեց ըմբոստ հայ ղեկավարներուն հետ` փորձելով կասեցնել բռնութիւնը, սակայն անոնք համոզուած չէին իր անկեղծութեան եւ չհաւատացին սուլթանին խոստումներուն: Հերցել այս նիւթով նաեւ աշխուժ կապեր հաստատեց իրեն վարժ` Եւրոպայի դիւանագիտութեան հետ:

3.- Էրզրումի` Կարնոյ ջարդի զոհերէն, 1895, նկարը`  ամերիկացի լրագրող
Ուիլիըմ Սաչթլեպընին կողմէ: 4.- Համիտեան ջարդերուն զոհ գացած հայ նահատակներ կը թաղուին
Կարնոյ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ: Սիոնիզմը կը փորձէ  համոզել Եւրոպան,
որ Թուրքիան իրականութեան մէջ աւելի մարդասէր է (քան կը թուի ըլլալ)…

«Ըստ սովորութեան, Հերցել այլ սիոնիստ ղեկավարներուն կարծիքը չառաւ եւ իր այս գործունէութիւնը գաղտնի պահեց: Սակայն, երբ օժանդակութեան կարիքը զգաց, գրեց Մաքս Նորտաոյին` զայն նաեւ այս գործին լծելու համար: Նորտաօ մէկ բառ հեռագիրով պատասխանեց` «Ո՛չ»: Թուրքերէն Պաղեստինի արտօնագիրը ձեռք բերելու մարմաջով Հերցելը հրապարակաւ յայտարարեց սիոնական տարեկան համագումարին, որ Սիոնական շարժումը իր հիացմունքը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ սուլթանին` հակառակ կարգ մը պատգամաւորներու դիմադրութեան:

«Այս կապակցութեամբ, Հերցելի գլխաւոր հակառակորդը Պերնար Լազարն (Bernard Lazare) էր` ձախակողմեան ֆրանսացի հրեայ մտաւորական, ճանչցուած լրագրող եւ գրական քննադատ մը, որ պայքարեցաւ Տրէյֆուսի դատավարութեան դէմ (դաւաճանութեամբ ամբաստանուած հրեայ ծագումով ֆրանսացի զինուորական մը*) եւ կը զօրակցէր Հայկական հարցին: Ան այնքան բորբոքուած էր Հերցելի գործունէութենէն, որ հրաժարեցաւ Սիոնական կոմիտէէն եւ ընդհանրապէս լքեց շարժումը 1899-ին: Լազար բաց նամակ մը գրեց Հերցելին, ուր ան հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս կրնան անոնք, որոնք կը յաւակնին ներկայացնել հին ժողովուրդ մը, որուն պատմութիւնը գրուած է արիւնով, ողջոյնի ձեռք երկարել մարդասպաններուն, եւ Սիոնական համագումարին ոչ մէկ պատուիրակ իբրեւ բողոք ոտքի չի կանգնիր»: Սիոնականները միաբերան զօրակցեցան ջարդարար թուրքին եւ քողարկեցին անոր ցեղասպանական ոճիրները մինչեւ այսօր:

ՃԻՇԴ ԼԱԶԱՐԻՆ ԱՅՍ ԲՈՂՈՔՆ ՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆ Է, ՈՐ ՏԱԿԱՒԻՆ Ի ԶՕՐՈՒ Է ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԿՐԿՆՈՒԻ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԸՆԴՄԻՇՏ` ընդդէմ ցեղասպաններուն եւ անոնց զօրակցողներուն ու անտարբերներուն, լուռ մնացողներուն: ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆԱԿԻ ՈՃԻՐ Է, ՔԱՆԻ ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ «ԿԸ ՎԱՐԺԵՑՆԷ ՀՐԷՇԱՅԻՆ ՈՃԻՐՆԵՐԸ «ԲՆԱԿԱՆ» ՀԱՄԱՐԵԼՈՒ, ԵՐԲ 6 ԱՄԻՍԷ ԱՒԵԼԻ ՈՃԻՐԸ ԲՈԼՈՐԻՍ ԱՌՋԵՒ, ՕՐԷ ՕՐ ՆՈՅՆ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ… ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻՕՐԷՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԵՒ «ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ» ԴՐՈՒԱԳԻ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ…

«Հերցելի այս արարքը` առաջնորդի մը, որ ստորադասելով մարդասիրական նկատառումները, ծառայեց թրքական իշխանութիւններուն` յանուն հրէական պետութեան իտէալին, քաղաքական նպատակներու եւ բարոյական սկզբունքներու յաճախակի բախումին մէկ օրինակն է: Իսրայէլը բազմիցս գտնուած է նման ողբերգական երկընտրանքներու առջեւ, որոնցմէ է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս չճանչնալու անոր երկարամեայ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ` այլ որոշումներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն լարուածութիւնը մարդասիրական արժէքներուն եւ գործնապաշտ քաղաքականութեան միջեւ»: Վերջ:

Այդ օրէն ի վեր Սիոնական շարժումը իր այս ուղղութիւնը երբե՛ք չփոխեց եւ մի՛շտ զօրավիգ կը կանգնի հակահայ թուրքին, ազերիին եւ որեւէ հակահայ արարքի, ինչպէս այժմ` հայկական Երուսաղէմի բռնագրաւումի փորձին մէջ, ու իր աշխարհասփիւռ հսկայական ցանցին միջոցով կը նենգափոխէ հայոց պատմութիւնը, միշտ ի վնաս հայութեան եւ Հայկական Լեռնաշխարհին` հայոց հայրենիքին:

Այս մասին կը վկայէ նոյն «Հաարեց» օրաթերթը 27 սեպտեմբեր 2023-ին` իր «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ» խորագիրով խմբագրականին մէջ, ուր կը նշուի. «Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, առաջին ցեղային մաքրագործումի դէպքը չէ, ուր Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնենք: Միանմարի ռոյինկաներու եւ Պոսնիոյ պատերազմին իսլամներու դէմ հալածանքը մի՛այն երկու օրինակներ են շատերէն» … «Ամբողջ այս ընթացքին Իսրայէլը Ազրպէյճանին պարզապէս միայն զէնք չէ մատակարարած: ԱՆ ՆԱԵՒ ՕԳՆԱԾ Է ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…» (2): Այս մասին 3 հոկտեմբեր 2023-ի յօդուածով «Ազդակ»-ին մէջ անդրադարձ կատարած էի (3):

Բ.- Պըրքլի համալսարանի պատմութեան կաճառի փրոֆեսէօր Մարկարեթ Լաւինիա Էնտըրսըն, «Տը Ճըռնըլ Աւ Մատըրն Հիսթըրի»-ի 1 մարտ 2007-ի թիւին մէջ. ««Վարը` շատ հեռու, Թուրքիոյ մէջ. մարդու իրաւունքները, հայկական ջարդերը եւ արեւելականութիւնը վիլհելմեան Գերմանիոյ մէջ» խորագիրով 31 էջ յօդուած մը հրատարակած է գլխաւորաբար իմ արծարծած այս այժմէական զոյգ նիւթերով` զանգուածային ոճիրներու հանդէպ անտարբերութեան եւ սիոնիզմի զօրակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան (4): Կ՛արժէ նշել, որ Էնտըրսըն իր այս մասնագիտական կարճ ուսումնասիրութեան մէջ օգտուած է 117 աղբիւրներէ եւ իւրաքանչիւր էջին գրեթէ կէսը յատկացուցած է ծանօթագրութեան եւ աղբիւրներուն, ներառեալ` Հերցելի օրագիրին: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ` Մուսթաֆա Աքսաքալին, Հըրմըն Կոլցին, Աքսել Մէյզնըրին եւ բոլորէն աւելի` Պըրքլիի իր պաշտօնակիցին` Ստեփան Աստուրեանին: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ միայն կարգ մը հատուածներ, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան մասին անտարբերութեան եւ սիոնիզմի մեղսակցութեան.

Էնտըրսըն, որ գերմաներէնին կը տիրապետէ, այսպէս կը սկսի. «Գերմանական թատրոնի տարեգրութեան մէջ յայտնի է տեսարան մը, որ կը ճանչցուի իբրեւ «Զատիկի զբօսանք», ուր թատերագիրը պահ մը կը հեռանայ իր նիւթէն` պատկերելու համար փոքր քաղաքներու բնակչութիւնը, իր տան մէջ: Զրոյցի պատառիկներ կը շրջին բեմին վրայ` սովորական գերմանացիներու մտքէն անցնող առօրեայ մտածումներ. սիրավէպ, եթէ անոնք երիտասարդ կիներ են, սեռ, եթէ երիտասարդ տղաք են, իսկ մնացեալին համար յաւերժական ճշմարտութիւններ` տուրքեր, տեղական քաղաքականութիւն եւ Արեւելեան հարցը: Երէցներէն մէկը կ՛ըսէ.

«Կիրակի կամ արձակուրդին ի՞նչը աւելի լաւ կ՛ըլլայ.
Պատերազմի ժխորին փոխարէն` վիճաբանութիւն վայելելը,
Ամէն անգամ որ Թուրքիոյ մէջ, հեռուն,
Մարդիկ զիրար կը բզկտեն»:
Երկրորդ երէցը կը պատասխանէ.
«Ես ալ համամիտ եմ, ընկե՛ր:
Անոնք իրարու գանկերը թող ջարդեն:
Իսկ եթէ այնտեղ ամէն ինչ քանդուի՞: Ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ըլլայ:
Այնքան ատեն որ այստեղ ամէն ինչ նոյնը կը մնայ»:

«Տեսարանը Կէօթէի (1749-1832, գերմանացի նշանաւոր բազմահմուտ հեղինակ*) «Ֆաուսթ» թատրերգութենէն է, եւ այս կարճ զրոյցը Գերմանիոյ մէջ շուտով առածի վերածուեցաւ. «Վարը, շատ հեռուն` Թուրքիոյ մէջ» իբրեւ փոխանուանում այն տանջանքներուն, որոնք բարբարոսները զիրար կը պատճառեն, որոնց մէջ «մենք» ուրախ ենք, որ ներգրաւուած չենք: Սակայն Կէօթէի միտքը ոչ թէ խորհուրդ տալ էր, այլ` ծաղրել իր հայրենակիցներուն քաղքենիութիւնը, որոնք այնքան մեկուսացած էին իրենց քաղաքի պատերուն ետեւ, որ Եւրոպայի ծայրամասի սարսափները դարձած էին սովորական խտղտանք բազկաթոռի ռազմագէտներուն համար, որոնք արեւոտ եղանակին կը վայելէին իրենց սարսուռն ու գերազանցութիւնը»: Գերմանացիներուն անտարբերութիւնը` հայերու համիտեան սպանդին, ջարդերուն:

«… Վարչապետ Սալզպըրին (Անգլիա*), որ մեծ ջանք թափեց պետութիւններով միասնական ճակատ կազմելու Ապտիւլ Համիտի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, ամիսներ ետք եզրակացուց, որ չէր հաւատար, թէ բացի Անգլիայէն` կայ անձ մը, որուն կը հետաքրքրէ, թէ հայերը կը կործանի՞ն, թէ՞ ոչ: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փոլ Քամպոն երկրորդեց իր այս բողոքը:

«1896-ին Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի գործակալը Հերցելին առաջարկեց, որ ան սուլթանին անունով առաջնորդէ «հրէական ուժը», յատկապէս` Հայկական հարցին մէջ (5): Այն տարին, երբ հայերուն հանդէպ եւրոպական համակրանքը բարձրագոյնն էր եւ օսմանեան փատիշահին (թագաւոր*) վրայ ճնշումը` սաստիկ: Հերցելը օգտագործեց իր բոլոր կապերը` իբրեւ սիոնիզմի առաջնորդ եւ լրագրող` (հակաթուրք*) ալիքը շրջելու համար: Ան վերէն սկսաւ, նախ լորտ Սալզպըրին համոզելու ծրագրով` սուլթանին պայմաններով հայերուն ստիպել հաշտութիւն ընդունիլ: Իբրեւ աւստրիացի` ան փորձեց ազդել նաեւ իր արտաքին գործոց նախարարին վրայ: Անոր երկրորդ թիրախը հայ աքսորեալ առաջնորդներն էին, այն յոյսով, որ անոնք «(օսմանեան) հաւնոց կը վերադառնան»:

«Յուլիսին տեղի ունենալիք հայկական ապստամբութեան մը մասին շշուկներ կային, եւ սուլթանը կ՛ուզէր, որ Հերցելը ստիպէ անոնց «առանց պայմանի հնազանդիլ», որմէ ետք ան ինքնաբուխ կը կատարէ իր հայեցողութեամբ բոլոր կարելի բարեփոխումները: Հերցելը գաղտնի պատուիրակ մը ուղարկեց հանդիպելու հայկական կոմիտէներուն հետ` Փարիզ, Պրիւքսել եւ Լոնտոն: Ան անձամբ տեսակցեցաւ յեղափոխական Հնչակեան (կուսակցութեան*) հիմնադիրին հետ Լոնտոնի մէջ եւ խորհրդակցեցաւ թիֆլիսահայ առաջնորդի մը հետ` Վիեննայի մէջ: Ան մնայուն խաղաղութեան օրակարգ չունէր: Հերցելը խորապէս կը գիտակցէր, որ սուլթանին հետ իր ունեցած լծակները կը վերանան, երբ որ հայերը սպառնալիք ըլլալէ դադրին, մինչ Ապտիւլ Համիտը զինադադար կ՛ուզէր միայն ժամանակ շահելու եւ իր ուժերը վերականգնելու համար: Ամէն ինչ շատ գաղտնի էր. «Ոչ մէկ պարագայի հայերը պէտք չէ գիտնային, որ մենք կ՛ուզենք զիրենք օգտագործել հրէական պետութիւն ստեղծելու համար»: Սակայն զգուշաւոր հայերը Հերցելը իրենցմէ հեռու պահեցին:

«… Հերցելի ջանքերը մամուլին վրայ ազդելու` պակաս քմայքոտ էին: Ապտիւլ Համիտի նախապայմանը զայն ընդունելու, որ սիոնիստ առաջնորդը կը փափաքէր` ներկայացնելու իր Պաղեստինի ծրագիրը, պէտք էր համոզել «Լոնտոնի, Փարիզի, Պերլինի եւ Վիեննայի թերթերը` Հայկական հարցին հետ վերաբերիլ ի շահ թուրքերուն»: Հերցելը յայտարարեց, որ պատրաստ է «ինքզինք դնելու այս քարոզարշաւին մէջ»: Առաջարկելով «հայերու անձնատուր ըլլալու» ընդունակ «մթնոլորտ ստեղծել», ան խոստացած էր ոչ միայն կապ հաստատել ամբողջ Եւրոպայի լրագրողներուն հետ, այլեւ պատրաստել Վիեննայի առաջատար օրաթերթին` իր սեփական Neue Freie Presse-ի յօդուածներու շարք մը` իր բարենպաստ տպաւորութիւնները գրելով Կոստանդնուպոլսոյ իշխող շրջանակներուն մասին: Յաջորդ օրը ուռեցուած գովեստի կտոր մը հրատարակեց եւ հարցազրոյցներ տուաւ թղթակիցներուն, որոնց մէջ «Տէյլի Կրաֆիք»-ի արտաքին յարաբերութիւններու խմբագիրը` Լուսիեն Վուլֆին, որ քիչ մնաց պիտի բացայայտէր Հերցելի նպատակը, երբ ան հարց տուաւ շշուկներու մասին, թէ` սուլթանը կը ձգտէր հայերուն դէմ հրեաներուն աջակցութեան փոխարէն` բարենպաստ գտնուիլ Պաղեստինի վերաբերեալ Հերցելի ծրագիրին նկատմամբ: Հերցել կտրականապէս ուրացաւ…

«Այսպիսով, ճիշդ այն ժամանակ, երբ Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան կը ճնշէին Ապտիւլ Համիտը` ընդունելու (հայկական*) բարեփոխումները, Հերցելը անոր ելք մը առաջարկեց «մեր (այսինքն` հրէական) ուժին միջոցով»: Ինչպէ՞ս: «Սուլթանը մեզի կու տայ հողի կտոր մը, եւ անոր համար մենք ամէն ինչ կարգի կը դնենք, անոր պարտքերը կը գոցենք եւ աշխարհի ամբողջ հանրային կարծիքը անոր օգտին կը շեղենք: … Նոյնիսկ Հերցելի մօտիկ սիոնիստ Ալֆրետ Նոսսիկ 1915-ին փորձեց համոզել Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հայասէր դեսպանը` Հենրի Մորկընթաուը, նաեւ իբրեւ հրեայ մը, որ հրաժարի հայերուն դատը պաշտպանելէ…»:

Այսքանով կը բաւարարուիմ Էնտըրսընի յօդուածէն, որ կ՛արժէ լման կարդալ:

Գ.- «Ողջակիզումէն առաջ օսմանեան հրեաները զօրավիգ կանգնեցան Հայոց ցեղասպանութեան «ճարտարապետին» խորագիրով ՃՓ Օ՛ Մալլի 7 սեպտեմբեր 2018-ին յօդուած-գրախօսական մը հրատարակեց «Տը Թայմզ Աւ Իզրայէլ» օրաթերթին մէջ. «Հեղինակ Հանս-Լուքաս Քիզըր կ՛ըսէ, որ սիոնական յուսակտուր մամուլը գովաբանեց (Օսմանեան*) կայսրութիւնը նոյնիսկ իր բնակչութեան փոքրամասնութեան կոտորածին ժամանակ, ոճիր մը, որ Իսրայէլը կը շարունակէ քողարկել ցայսօր» ենթախորագիրով:

Կ՛արժէ նշել, որ 2019-ին Հանս-Լուքաս Քիզըր եւ վերոնշեալ Մարկարեթ Լաւինիա Էնտըրսըն Սէյհան Պայրաքտարի եւ Թոմաս Շմուցի հետ խմբագրած են «Օսմանցիներու վախճանը. 1915-ի ցեղասպանութիւնը եւ թրքական ազգայնականութեան քաղաքականութիւնը», 384 էջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հայ, թուրք ու եւրոպացի հեղինակներու գիտական յօդուածներու ժողովածուն:

«Անցեալ յունիսին (2018*) Քնեսեթին մէջ (Իսրայէլի խորհրդարան*) նախատեսուած քուէարկութիւնը` Ա. Համաշխարհային պատերազմին հայերուն սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու վերաբերեալ, ջնջուեցաւ կառավարութեան զօրակցութեան բացակայութեան պատճառով:

«Քանի որ Իսրայէլը կրկին ու կրկին բարդ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ հզօր Թուրքիոյ հետ, «ան չկրցաւ ընել այն, ինչ շատ մը իսրայէլացիներ բարոյապէս կը ցանկային ընել` հրապարակաւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը Քնեսեթին մէջ», ըսաւ փրոֆ. Հանս-Լուքաս Քիզըրը Աւստրալիոյ Նիւքասըլ համալսարանի իր գրասենեակէն:

5.- Թալէաթ փաշան գովաբանող յօդուած մը Գերմանիոյ սիոնիստ թերթին` «Տէօչ Լեւանթ
Ցայթունկ»-ին մէջ, 1 մայիս 1917-ին:  6.- Քիզըրի հրատարակած գիրքը` «Թալէաթ փաշա`
արդի Թուրքիոյ հայրը եւ ցեղասպանութեան ճարտարապետը»: 7.- Հանս-Լուքաս Քիզըր:

«Անցեալ տարի Քիզըրը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին (Սերժ Սարգսեանի 2016) մրցանակին արժանացաւ` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ նշանակալի ներդրումին համար: Ան վերջերս հրատարակած է «Թալէաթ փաշա. արդի Թուրքիոյ հայրը. ցեղասպանութեան ճարտարապետը» գիրքը»:

Ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով նիւթիս առնչուող հատուածներ կը ներկայացնեմ Քիզըրի հետ Օ՛ Մալլիի հարցազրոյցէն.

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այժմէական հարց է իսրայէլացիներուն համար, Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սովորական քննարկումէն դուրս: Հրեաները, պատմականօրէն առանցքային դեր խաղացած են ի շահ օսմանեան քարոզչութեան, նոյնիսկ երբ հայերը կը ջարդուէին:

«Պատմաբանը կ՛ըսէ, որ Թալէաթը «յատկապէս լաւ հռչակ կը վայելէր հրէական մամուլին մէջ» Պոլսոյ եւ անոր սահմաններէն դուրս» ցեղասպանութեան ընթացքին, յատկապէս` Գերմանիոյ մէջ, ուր (սիոնիստ) «Տէօչէ Լեվանթէ-Ցայթունկ»-ի նման թերթերը կը գովաբանէին Թալէաթը` իբրեւ «ականաւոր առաջնորդ» եւ «կայսերական Թուրքիոյ փրկիչ»: Թէեւ այս փառաբանութեան մէջ քարոզչութեան եւ սուտի նշաններ կային, շատ մը գերմանացիներ հաւատացին այն ժամանակուան հրէական մամուլի խօսքերուն եւ ազդուեցան անոր քայքայիչ տրամաբանութենէն:

«Պատմաբանը կը նշէ, որ օսմանցիներուն հաւատարիմ շատ մը հրեաներ այլ կողմ կը նայէին հայերու տառապանքին ընթացքին: Ներառեալ` այնպիսի գործիչներ, ինչպիսին էր Ալֆրետ Նոսսիկը, որ օգնեց ստեղծելու թէ՛ Հրէական գաղութացման ընդհանուր կազմակերպութիւնը (AJK), թէ՛ ալ Սիոնական կազմակերպութիւնը (ZO): Երկուքն ալ ստեղծուեցան` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր հրէական քարոզչութեան նպատակով, եւ հետեւաբար կը խրախուսէին հրեաներու եւ օսմանցիներու միջեւ մտերիմ յարաբերութիւնները:

«… Սակայն, Թալէաթի ստացած հրէական բոլոր դրական մամուլով հանդերձ, սիոնիզմի նկատմամբ անոր վերաբերումը բարդ էր: Մէկ կողմէ Թալէաթը չէր ուզեր շատ կապուած ըլլալ հրեաներուն եւ սիոնիզմին հետ, բայց միւս կողմէ` հրէական քաղաքական շահերը նկատի առնելուն մէջ հնարաւոր օգուտներ կրնար քաղել:

«… 1913-ին Պոլսոյ «Լ՛Օրոր» հրէական-սիոնական թերթին մէկ յօդուածը կը գովաբանէր հրեայ-թուրք յարաբերութիւններու օգուտները` նոյնիսկ ակնարկելով, որ փանյուդայիզմի եւ փանիսլամութեան միջեւ դաշինք մը Թուրքիոյ մէջ կրնայ կենսունակ քաղաքականութիւն ըլլալ, բան մը, որ հետաքրքրեց Թալէաթը:

«… «Այս ընթացքին հրեաներուն հետ Թալէաթի յարաբերութիւնները անոր տուաւ միջազգային զգալի լծակներ, որոնք յաջողութեամբ օգտագործեց ուշադրութիւնը Հայաստանէն շեղելու համար:

«… «1915-ի գարնան, որ մեղրալուսինն էր Պոլսոյ սիոնականներուն համար, Թալէաթը վստահ եղաւ, որ միջազգային մակարդակով հակասական խնդիրներ պիտի չըլլան, քանի որ կ՛ուզէր ջարդել հայերը: Հրեաները կը վախնային, որ իրենք ալ կ՛արժանանան հայերուն նոյն ճակատագրին, ուստի անոնք ոչ մէկ ձեւով հայանպաստ կամ զոհերուն կողմնակից գործունէութիւն ունեցան:

«… Դժբախտաբար այս լռութիւնը շարունակուեցաւ պատերազմէն տասնամեակներ անց: Այսպիսով, հրեաներ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մէջ շարունակեցին օգնել Թուրքիոյ` ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Ի վերջոյ ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին» Հիթլերը հարցուց իր զօրավարներուն, Օպըրսալզպըրկի տխրահռչակ ճառին ընթացքին, 22 օգոստոս 1939-ին, Լեհաստանի վրայ յարձակումէն քանի մը օր առաջ»… Հրեաներն ալ ենթարկուեցան ցեղասպանութեան, քանի որ ցեղասպան թուրքը իրենց` հրեաներուն իսկ օգնութեամբ անպատիժ մնաց ու կը մնայ տակաւին:

14 ապրիլ 2024

haroutchekijian.wordpress.com

—————–

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://web.archive.org/web/20150530003721/https://gagrule.net/haaretz-how-herzl-zionist-sold-out-the-armenians-for-return-of-palestinian/
  2. https://archive.ph/86yNz#selection-759.0-763.19
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/594474
  4. https://www.jstor.org/stable/10.1086/517545?origin=JSTOR-pdf

The Journal of Modern History, Vol. 79, No. 1 (March 2007), pp. 80-111, “Down in Turkey, far away”: Human Rights, the Armenian Massacres, and Orientalism in Wilhelmine Germany, Author: Margaret Lavinia Anderson: Young Turks, Jews, Freemasons and the Armenian deportation

  1. Herzl’s engagement was first reported by Marwan R. Buheiry, in “Theodor Herzl and the Armenian Question,” Journal of Palestine Studies 7, no. 1 (Autumn 1977): 75–97:

6.  https://www.timesofisrael.com/before-the-holocaust-ottoman-jews-supported-the-armenian-genocides-architect/

Արթուր Թարխանեան (ԻԸ.) …Առանց Կտրուելու Ազգային Պորտալարէն

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան, Չարենցի փողոց, 1975, փետրուար

Այդ տարիներուն ես կ՛ապրէի Լենինի (այժմ` Մաշտոցի) անուան պողոտայի վրայ գտնուող Շարա Տալեանի բնակարանը… վարձով: Ուշ ատեն իմ լաւ ընկերներէս Ֆերտոն հեռաձայնեց.

– Մոսօ՛ ջան, վաղը ի՞նչ ես անում… զբաղուա՞ծ ես:

– Սովորական, Ֆերտօ ջան… դասի եմ գնալու:

– Լսիր` ի՛նչ եմ ասում, աւելի կարեւոր դաս կայ… քեզ համար: Մկոյի հետ գնալու ենք  Արթուրի մօտ: Նա խնդրեց, որ քեզ էլ հրաւիրեմ:

– Կը գամ, բայց կ՛ասե՞ս` ի՛նչ «դասի» մասին է խօսքը…

– Տե՛ս, քննարկելու ենք նորակառոյց «Զուարթնոց» օդակայանի մուտքի  բարձրաքանդակների բնոյթն ու տեսակը, որ ինձ թւում է, թէ քեզ համար էլ հետաքրքիր կը լինի: Սպարտակն ու Հրաչեան եւս ներկայ են լինելու:

– Ի հարկէ, Ֆերտօ՛ ջան… անպայման կը գամ:

Մինչ այդ պարբերաբար կը հանդիպէի ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանին, քանդակագործներ` Ֆերդինանտ Առաքելեանի եւ Մկրտիչ Մազմանեանի «Սիլաչի»-ի իրենց համատեղ արուեստանոցը, ուր տեղի կ՛ունենային ինծի համար խիստ հետաքրքրական եւ ուսանելի զրոյցներ… եւս:

Յաջորդ օրը գացինք «Հայպետնախագիծ», ուր «Տիպային նախագծման արուեստանոցի» ղեկավարի պաշտօնը վստահուած էր Արթուրին: Հոն էին նաեւ իր գործընկերները, ոչ նուազ տաղանդաւոր ճարտարապետներ` Հրաչեայ Պօղոսեանն ու Սպարտակ Խաչիկեանը: Բաւականին երկար ու  մասնագիտական  քննարկում տեղի ունեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանի մանրակերտին դիմաց… ոտքի վրայ: Պարզուեցաւ, որ անիկա պիտի իրագործուի երփներանգ ապակիներով, որոնք ինքնին լուսաստուերային ու գունալուսային բարդ ու կնճռոտ հարցեր կը յառաջացնէին: Երբ վէճը բաւականին թէժացաւ, իմ կարգիս փորձեցի միջամտել.

– Թէեւ ես էլ Լիբանանում շուրջ երկու տարի հետեւել եմ ճարտարապետական դասընթացքների, սակայն երբեք չէի կարող պատկերացնել, որ քանդակագործների ու ճարտարապետների ստեղծագործական փոխյարաբերութիւնները այսքան բարդ ու վիճելի կարող են լինել:

Արթուրը, որ մինչ այդ գրեթէ լուռ էր, խօսքը ուղղելով ինծի` եզրակացուց.

– Մովսէ՛ս ջան, երբ ճարտարապետը յուշարձան է յղանում, դրա մէջ նա լրիւ ազատ է, սակայն երբ խօսքը վերաբերում է միայն պատուանդանին, ինչ- որ չափով նա կախեալ է արուեստագէտի ստեղծագործութիւնից, այնպէս` ինչպէս բեմադրիչը թատերագիրից եւ կամ պարուհին` երաժշտութիւնից… Պատուանդանը պէտք չէ խանգարի քանդակի տեսքին ո՛չ իր ծաւալի մեծութեամբ եւ ո՛չ էլ իր  աչքառու կերպերով ու յաւելեալ զարդարանքներով… Իսկ այստեղ դերերը շրջւում են: Այս պարագային արուեստագէտը, այսինքն` Մկոն, պէտք է, որ յարմարուի ճարտարապետական կառոյցի բնոյթին ու կառուցուածքին: «Զուարթնոց»-ը բաւականին խնդրայարոյց կառոյց է: Թէեւ Սպարտակի ու Հրաչեայի հետ մենք կազմում ենք մի «եռեակ», թէեւ ունենք ճարտարապետական նոյնանման սկզբունքներ, այնուամենայնիւ երբեմն մեր կարծիքները բախւում են իրար, սակայն մենք չենք վիճում, այլ տեղի է ունենում կարծիքների փոխանակում, մինչեւ որ կարողանանք գտնել ոչ թէ միջինը, այլ հասնենք լաւագոյն լուծումի… սա շատ կարեւոր է… Հասնել հնարաւոր լաւագոյնին ոչ թէ համաձայնուել ընդունելի միջինի մը շուրջ… այդպէս է լինում Մկոյի եւ Ֆերտոյի հետ եւս…

Ապա անսպասելիօրէն աւելցուց.

– Դո՛ւ ի՞նչ ես մտածում, ոչ մի բան չասացիր…

– Ի՞նչ ասեմ, Արթո՛ւր ջան, ձեր նման մասնագէտների ներկայութեան ես աշակերտի դերի մէջ եմ… պարզապէս հիանում եմ նման յանդուգն ու գեղեցիկ լուծումներով: Այս մանրակերտները, որոնք բոլորովին նորութիւն են ինձ համար, շատ բան են ասում ձեր մասին…

Ի հարկէ այդ օրերուն Արթուրը գիտէր, որ ես ո՛չ պատրաստուածութիւնը ունէի եւ ո՛չ ալ յաւակնութիւն` իրենց ներկայութեան կարծիք յայտնելու: Նմանօրինակ առաջարկ մը կը բխէր Արթուրի համեստ ու նրբանկատ ըլլալու բնաւորութենէն:

Ծիծեռնակաբերդ, 1975, ամառ

Այս անգամ հեռաձայնողը Մկոն էր: Կ՛առաջարկէր Արթուրի եւ Ֆերտոյի հետ այցելել Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ձախին երկարող յուշապատի բարձրաքանդակներու բնոյթն ու տեսակը  ուսումնասիրելու: Գացինք… Բնութիւնը գեղեցիկ էր, օդը պայծառ եւ պուրակին մէջ թափառիլը` հաճելի: Բլուրի տարբեր կէտերէն յուշարձանը դիտելէ ետք եկանք ու յուշապատին դիմաց շարուեցանք: Արթուրը իրեն յատուկ նշանակալից հայեացք մը շնորհելէ ետք մեր վրայ, սկսաւ.

– Այս պատը գնալով կարճանում է, որպէսզի տեսողական պատրանք տայ այցելուներին, եւ յուշակոթողը աւելի մեծ եւ վեհ երեւայ: Սրա վրայ ուզում ենք քանդակել մի կողմից կոտորածի, միւս կողմից` վերածնունդի եւ յաղթանակի տեսարաններ… սակայն պարզուեց, որ դրա իրագործման արտօնագիր ձեռք բերելը այնքան էլ հեշտ չի: Ամէն ինչ պատրաստել էինք… ի զուր: Նոյնի՛սկ մենք համաձայնուեցինք, որ Մկոյի եւ Ֆերտոյի փոխարէն` այդ գործը յանձնել (իրենց կողմից նշանակուած) ճարտարապետ եւ քանդակագործ Վան Խաչատուրին, որ արդէն իսկ մասնակցում էր շինարարական աշխատանքներին…  բայց էլի չստացուեց…

– Իսկ հիմա՞…

– Պիտի որ ստացուի, որովհետեւ վաթսունամեակի միջոցառումներից յետոյ «վերեւներում» որոշ տրամադրութիւններ կան… Վանը իր հերթին հետապնդում է հարցը… Բոլոր պարագաներին, սակայն, մենք պէտք է շարունակենք մեր ուսումնասիրութիւնները… ու պատրաստ լինենք որոշման: Մովսէ՛ս ջան, էսքիզների համար Ֆերտոն ու Մկոն հանդիպել են սասունցի ֆետայիների, իսկ դու ուզում էիր մեզ տանել մուսալեռցիների յաղթանակի տօնախմբութիւններին …

Մինչեւ որ ես պատասխանեմ, Մկոն խանդավառուած ըսաւ.

Վատ չէր լինի, այնտեղ կը հանդիպէինք ու կը զրուցէինք նաեւ մուսալեռցի վեթերանների հետ` իմանալու համար նրանց պատմութիւններն ու մարտական տրամադրութիւնները: Նոյնիսկ ես կ՛ուզենայի ուղղակի նրանց դէմքերով հերոսական կերպարներ ծեփակերտել… Ապա խօսքը ուղղելով ինծի` ըսաւ.

– Ի՞նչ էս ասում…

– Ես աւելի լաւ առաջարկ ունեմ, նախ կը  ծանօթացնեմ ձեզ մի քանի  ազատամարտիկների հետ…, իսկ սեպտեմբերի կէսերին էլ կը տանեմ Մուսա Լերան յաղթանակի տօնախմբութեանը, ուր կը հանդիպէք շատերի… բայց, Արթո՛ւր ջան, լաւ կը լինի որ դու էլ գաս…

– Ի հարկէ.. Այս յուշապատի քանդակազարդումը անհրաժեշտ ու կենսական է համալիրի ընդհանուր իմաստի եւ բովանդակութեան ամբողջացման համար: Անպայման կը գամ:

Այսպէս էր Արթուրը, երբ համոզուած էր ծրագիրի մը շուրջ,  յամառօրէն կը հետապնդէր զայն…

Երեւան, Չարպախ,1975, օգոստոսի վերջը

Գացինք… Արթուրը, Ֆերտոն եւ ես (հակառակ իր բուռն ցանկութեան` զարմանալիօրէն Մկոն չկրցաւ գալ…): Քանի մը օր առաջ յատուկ որսի գացած էինք, որպէսզի լորամարգի խորոված եւ կաքաւի հարիսա հիւրասիրէինք հիւրերուն: Այնպէս որ, Հերկելեանները փառաւոր ընդունելութիւն կազմակերպած էին` ի պատիւ ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանի ու քանդակագործ Ֆերդինանտ Առաքելեանի: Սեղանին մէջտեղը յատկացուած էր պատուոյ հիւրերուն, որոնց  դիմաց նստած էին «Հերկելիկն» (Սարգիս Հերկելեան) ու «Մըսթըրը» (որուն իսկական անունը ոչ թէ չեմ յիշեր, այլ պարզապէս չէի լսած, որովհետեւ ան ճանչցուած էր իբրեւ «Մըսթըր», այսինքն` Master «Վարպետ», սակայն ոչ թէ արհեստաւոր, այլ` կռուող): Արթուրն ու Ֆերտոն  չափազանց գոհ մնացին այդ օրուան հանդիպումէն: Երկու հերոսներն ալ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեցին անոնց վրայ: Առաջինը` իր սրամիտ ու հերոսական պատմութիւններով, իսկ երկրորդը` Մըսթըրը, իր արտաքին տեսքով ու խրոխտ կեցուածքով: Ան բարձրահասակ էր, ունէր փառաւոր պեխեր, ամուր կազմուածք ու պինդ նկարագիր: Ան գրեթէ չխօսեցաւ, ոչ թէ անոր համար, որ իր հերթին հետաքրքրական ու կարեւոր յուշեր չունէր, այլ պարզապէս իր մայրենի լեզուն Մուսա Լերան բարբառն էր եւ գրական հայերէնով դժուար կ՛արտայայտուէր: Իսկ ընթացքին, երբ բաժակաճառերը սկսան քաղցրանալ, Հերկելիկ պապուկին ճառը ապշեցուց բոլորը: Ան ոտքի ելաւ ու ի միջի այլոց ըսաւ.

– Ինչպէս մուսալեռցիներէն ու քեսապցիներէն շատեր, իմ  տղաքը եւս` Մովսէսն ու  Յակոբը,  քարտաշ վարպետներ են: Անոնք երբ կը մասնակցէին խորհրդարանի շէնքի կառուցման աշխատանքներուն, ես իրենց կ՛ըսէի` «Ձեր աշխատանքը մի՛ խնայէք,  որովհետեւ դուք հայ թագաւորական պալատ էք կառուցում եւ ոչ թէ` կուսակցական ակումբ», իսկ երբ սկսան մասնակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի շինարարական աշխատանքներուն, ես եւ Մըսթըրը պարբերաբար կ՛այցելէինք իրենց… ու կը տեսնէինք, թէ անոնք բոլորն ալ, ըլլան քարտաշ վարպետներ թէ բանուորներ, ի՜նչ հաւատարմութեամբ ու բծախնդրութեամբ կ՛աշխատէին ու ի՜նչ «երկիւղածութեամբ» այդ սրբատաշ քարերը իրարու կը միացնէին, որովհետեւ անոնք գիտէին, թէ ի՛նչ են կառուցում: Այնպէս որ, ես թէեւ հպարտ եմ իրենցմով, սակայն առաւել եւս հպարտ եմ ձեզմով, որովհետեւ ի վերջոյ դուք էք, որ վերակենդանացնում էք ազգն ու շէնացնում հայրենիքը…

Պահ մը լռութիւն տիրելէ ետք Արթուրը բաժակը ձեռքին իր հերթին ոտքի ելաւ ու կարծէք թէ շարունակեց Հերկելիկ պապուկին խօսքը: Ջերմ հայրենասիրական խօսքերէ ետք աւելցուց.

– Այո՛, մենք շէնացնում ենք Հայաստանը… դա ոչ թէ մեր գործն է, այլ` մեր ազգային պարտականութիւնը: Մերօրեայ հայրենասիրութիւնը կայանում է նաեւ  շինարարութեան մէջ: Մեր ոսկին, քարերը կամ այլ շինանիւթեր փոխադրում են «կեդրոն»: Իսկ ի՛նչ որ կառուցում ենք, չեն կարող տեղափոխել… դրանք ի վերջոյ մնալու են մեզ…

Իմ համբերատար ընթերցո՛ղ, այս բոլորէն ետք, ընթացքին նուրբ ու կողմնակի հարց մը ծագեցաւ, որուն չեմ կրնար չանդրադառնալ: Պարզուեցաւ, որ Յակոբին ուստրը` Ստեփանը, որ կը յաճախէր «փոլիթեխնիք»` ճարտարագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, Արթուրին ուսանողներէն է: Արթուրը վերջաւորութեան իր շնորհակալական ջերմ ելոյթէն ետք մատը թափ տալով Ստեփանին վրայ` ըսաւ.

– Սրանից յետոյ ես աւելի խիստ կը լինեմ քո հանդէպ: Դասերդ լաւ կը պարապես, որպէսզի լինես արժանաւոր ճարտարապետ… Երբե՛ք բարեացակամ վերաբերմունք չսպասես ինձանից` ո՛չ դասապահերի եւ ո՛չ էլ յատկապէս` քննութիւնների ընթացքին…

Այսպէս էր Արթուրը, հեզաբարոյ, վեհանձն ու խիստ մարդկային ըլլալով հանդերձ, անզիջող էր, իրաւ ու անկաշառ: Ան ունէր ազգային ու մարդկային իր սկզբունքները, զորս սրբութեամբ կը պահէր ու կը պաշտպանէր… առանց դոյզն անգամ շեղելու իր համոզումներէն: Ունէր հզօր կամք, փայլուն երեւակայութիւն եւ սանձարձակ մտքի թռիչք…

Ծաղկաձոր, «Մերկելեանի Անուան Պանսիոնատ», 1978, աշուն

Վազգէն Մանուկեանի եւ իր ընկերներուն կազմակերպած ծաղկաձորեան «Թարգմանչաց տօներ»-ու միջոցառումները ինծի համար բացառիկ առիթ էին ու մեծ բախտաւորութիւն` ծանօթանալու եւ զրուցելու հայրենի մտաւորականութեան ամենաբարձր խաւի ներկայացուցիչներու հետ: Իմ հանդիպումներս Արթուրի հետ մեծ մասամբ Մկոյի ու Ֆերտոյի ներկայութեան կ՛ըլլային, եւ կամ ալ` «Թարգմանչաց տօներ»-ու միջոցառումներու ընթացքին, որոնց մշտական մասնակիցն էր ան ու գաղափարակիցը` Վազգէն Մանուկեանին: Այդ օր երեկոյեան Լութվիկ Խաչատրեանի, Վերա Յակոբեանի, Աննա Պետրոսեանի, Արտաշէս Յունանեանի, Յակոբ Յակոբեանի եւ իր կնոջ` Մարիի, ու Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ իր կնոջ` Յասմիկի հետ գացած էինք Կեչառիսի կիսափուլ վանքը` մոմ վառելու… Վերադարձին, բացի Արտաշէսէն եւ ինձմէ, միւսները բարձրացան իրենց սենեակները` հանգստանալու, իսկ մենք` երկուքս, մտանք նախասրահ, ուր աջ անկիւնը նստած էին աստղաֆիզիկոս Գրիգոր Գուրզադեանն ու ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանը, որոնք ձեռքով նշան ըրին մեզի… Մօտեցանք ու տեղաւորուեցանք իրենց մօտ: Գուրզադեանը որքան որ բարձրագոյն կարգի գիտնական ըլլար, գրեթէ նոյնքան ալ մշակոյթի մարդ էր: Ան տաղանդաւոր գրող ու օժտուած գեղանկարիչ էր միաժամանակ: Անոնք  կը քննարկէին ժամանակակից տիեզերաբանութեան եւ ճարտարապետութեան փոխկապակցուած խրթին հարցեր, որոնցմէ շատ բան չէի հասկնար: Իսկ Արտաշէսը, հետեւելէ ետք անոնց զրոյցին, ըսաւ.

Ձախէն աջ՝ Արտաշէս Յունանեան, Արթուր Թարխանեան եւ Կարէն Յակոբեան

– Տիեզերամատոյց ճարտարապետն ու տիեզերանուաճ գիտնականը երբ միանում են, նրանք կարող են ծաղկեցնել ու շէնացնել մեր տիեզերատենչ ազգի տիեզերահռչակ հայրենիքը:

Հակառակ անոր որ Արտաշէսի այս «գնահատականը» կապ չունէր անոնց մասնագիտական խօսոյթին հետ, Արթուրը մեկնելով իր համեստ ու ազնիւ բնաւորութենէն` փորձեց կատակի տալ.

– Թէեւ ես կասկածում եմ մեր կարողութեան վրայ, սակայն եթէ գիտնականին ու  ճարտարապետին միանան արուեստագէտն ու արուեստաբանը, գուցէ իրականանայ Արտաշէսի երազանքը, որովհետեւ նա էլ իր նկարչութեամբ մտնում է տիեզերական ոլորտների մէջ:

Յունանեանը ո՛չ ճարտասան էր եւ ո՛չ ալ ճոռոմաբան… շատ խօսող ալ չէր: Արտայայտուելու համար ան կը նախընտրէր նկարել կամ գրել: Սակայն երբեմն, չես գիտեր` ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ, յանկարծ մտքով ու հոգիով կը մտնէր տարբեր տարածականութեան մը մէջ ու ոգեշնչուած… կը սկսէր «ասմունքել»: Այդ պահուն շատ հաւանաբար կ՛ուզէր Կեչառիսի մեր «ծիսական մոմավառութեան» հաղորդակից դարձնել նաեւ … տիեզերամատոյց ճարտարապետն ու տիեզերանուաճ գիտնականը: Ու ոգեւորուած շարունակեց.

– Քիչ առաջ, երբ ես հոգեւոր երգեր էի երգում աստուածաբնակ Կեչառիսի ներսում, քանդուած գմբեթից երեւում էր աստղազարդ երկնակամարը… Յանկարծ ինձ թուաց, թէ տաճարի հետ միասին մենք ծփում ենք անջրպետի լիալոյս տարածութեան մէջ, ու ես ոչ թէ երգում եմ, այլ ուղղակի զրուցում` լոյսերի մէջ թեւածող սրբերի հետ… Իսկ երբ ես ոգեղէն տաճարներ եմ երփնագրում միջոցին մէջ, նոյն զգացողութիւնն եմ ունենում: Պատահական չէ, որ Արթուրի կառուցած օդակայանը մկրտել են «Զուարթնոց»: Ինձ համար լուսեղէն մի տաճար է Զուարթնոցը` խարսխուած մեր ազգային հաւաքական բանականութեան վրայ, ուր հողեղէն մարդը կարող է հանդիպել ոգեղէն «Զուարթունների», մինչեւ իսկ` յաւիտենականութեան դուռը բախելու համար…

Ձախէն-աջ՝ Նստած, Արթուր Թարխանեան, Մովսէս Հերկելեան, Կարեն Յակոբեան եւ Արտաշէս Յունանեան

Մենք ծանօթ էինք Յունանեանի նմանօրինակ վերացարկուած մտորումներուն ու անոր նարեկեան բառապաշարին: Ան ոչ միայն ջինջ հաւատացեալ էր, այլ ամէն տարի քսանմէկ օր խիստ ծոմապահութիւն կ՛ընէր եւ, իր իսկ խոստովանութեամբ, կ՛ապրէր «հոգելոյս» (բառը իրն է) տարածականութեան մը մէջ, ու այդ ընթացքին է, որ տեսիլքներ կ’ունենար ու կը ստեղծագործէր: Մենք երեքս իրարու նայեցանք… նշանակալից: Իսկ Արտաշէսը լայնօրէն ժպտեցաւ ու շարունակեց.

– Իմ նկարած տաճարները հողային չեն, այլ «Զուարթնոց»-ի նման ոգեղէն արտայայտութիւններն են մեր պապենական հաւատամքի: Մարդը ամէնուրեք փորձում է նուաճել աստուածային տարածքներ ու փրկութիւնը որոնել… այնտեղ: Արթուրի եւ ընկերների ձգտումը դէպի անջրպետ` բնազդային է: Դրա համար էլ ես ինքս հարազատ եմ զգում Արթուրի արուեստի հետ: Աւելին կարող ենք ասել Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մասին, որուն զոյգ կոթողները, իրարից անջատ, առանձին յղացքներ լինելով հանդերձ, ամբողջացնում են իրար: Առաջինը տաճարների գմբէթն է, որուն «թմբուկը» կիսով չափ մնացել է հողի տակ, իսկ «Վեղարի» գագաթը կտրուել ու թռիչքը ընդհատուել է` իբրեւ հետեւանք Ցեղասպանութեան: Նրա օղակաձեւ կեդրոնում հայրենի հողից պայթել, դուրս է եկել «Հայու ոգին» ու ծաղկել` իբրեւ մշտնջենական աղօթք ու կրակ, զոր շրջապատել են տասներկու «կրանիթեայ կամքով» օժտուած ծանրամարմին «դիւցազուններ», որոնք թէ՛ պաշտպանում են ծլած ու ծաղկած սրբութիւն սրբոց «Անշէջ հուր»-ը, եւ թէ՛ Քրիստոսի առաքեալների նման` համայն մարդկութեան անունից խոնարհւում են «Անշէջ հուր»-ի առաջ ու յաւերժացնում մէկուկէս միլիոն զոհերի յիշատակը: Երկրորդը, Աստուա՜ծ իմ… այս ի՜նչ գերմարդկային ու յանդուգն լուսանուաճ մտքի թռիչք է, Արթո՛ւր ջան, ոնց որ երկրի ընդերքից զսպանակուած մեր ազգի զոյգ հատուածների զայրոյթն ու ընդվզումը, երկու սուրսայր սուինների նման արձակւում են դէպի տիեզերքի պորտը… փորձում են ճեղքել երկնակամարը ու մարդկային խիղճով խարանում աստուածների դարպասները…

Հոս Յունանեանը խոր շունչ մը քաշեց, խոնաւ ու կարմրակալած աչքերը պտտցուց մեր վրայ, ձայնը ցածցուց ու կարծէք զգաստութեան գալով` շարունակեց.

– Մենք ազգովին առհաւականօրէն կրում ենք մարդկութեան ազնուագոյն ծիները… դրա համար էլ անվերջօրէն ձգտում ենք դէպի անջրպետ… այնպէս` ինչպէս մեր Նարեկացին, յոյների Սոկրատէսն ու հնդիկների Սուամի Վիվեկենանտան… Չենք հասնում, որովհետեւ ոգեղինացած կշռոյթի եւ ներդաշնակութեան ներքոյ գերագոյն լիալոյսն ենք որոնում… Անքննելի բանականութիւնը յաւիտենականութեան… Կենսայորդ աղբիւրը ճշմարտութեան, նորահրաշ լիցքը իմաստութեան… Ամենազօր կամքը արդարութեան… Լուսաճաճանչ բաւիղները երանութեան…

Արտաշէսը դարձեալ մտած կը թուէր ըլլալ նարեկեան ոլորտներու մէջ եւ թափ առած` տակաւին կրնար անվերջ շարունակել, եթէ Գուրզադեանը կտրուկ կերպով չմիջամտէր.

Նստած՝ Տ. եւ Տ. Ճ Թորոսեան, Մ Սիմոնեան, Ս Կապուտիկեան, Ս Մերկելեանշ
Ոտքի՝ Ա Թարխանեան, Գ Խանճեան, Ա Շիրազ եւ այլն. Ետեւի շարք Հ. Ղազարեան, Բ. Արաք

– Արտաշէ՛ս ջան, ես  գիտութեան ներկայացուցիչ լինելով հանդերձ, հաւատում եմ, որ տիեզերքը, իր անհաշուելի միգամածութիւններով միասին, չի կարող «թիւրիմացութեան» հետեւանք լինել: Սակայն անջրպետը զերծ է բանականութիւնից, ու ինք չգիտի, որ ինք գոյութիւն ունի: Մենք գիտենք, որ մենք գոյութիւն ունենք, դրա համար էլ մենք ենք իմաստաւորում զայն: Արթուրի հետ քննարկում էինք ճարտարապետութեան, ի մասնաւորի մեր միջնադարեան, հոգեւոր տաճարների ու տիեզերական երեւոյթների կապի խնդիրները, որոնք թէ՛ չափազանց խորն են ու բարդ եւ թէ՛ գնալով աւելի անվերծանելի են… թւում: Արտաշէ՛ս ջան, ես հաղորդ եմ քո արուեստին ու հետեւել եմ նաեւ ժամանակակից հայ ճարտարապետական հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ` Ճիմ Թորոսեանի, Արթուրի եւ միւսների ստեղծագործական կեանքին: Հայ միջնադարեան ճարտարապետները, ծանօթ լինելով հանդերձ հելլենիստական ճարտարապետութեանը, ստեղծեցին մեր ազգային խառնուածքին համապատասխան այնպիսի ինքնուրոյն ճարտարապետութիւն, որ ձգտում է դէպի անհունը ու տիեզերքում է որոնում «փրկութիւնը»: Արթուրն ու իր ընկերները լաւապէս ուսումնասիրելով հանդերձ հայ միջնադարեան ճարտարապետութիւնը, ստեղծեցին ժամանակակից մարդու, աւելի ճիշդը` ապագայի հայու խառնուածքին ու էութեանը յարիր ճարտարապետութիւն, ուր Նարեկացու նման` «փրկութիւնը» հէնց «ձգտման ընթացքի» մէջ են որոնում: Որովհետեւ եթէ հասնես վերջին հանգրուանին, դա արդէն մահ է… վե՛րջ:  Սրա համար է, որ ոմանք Արթուրին մեղադրում են Modernism-ի մէջ, իբր նա թափառում է միջոցին մէջ ու հեռացել` ազգային աւանդներից: Իրականում  նա  Modernist է խորհրդային առումով, իսկ մեզ համար «ազգային նորարար» է նա, որովհետեւ թէեւ ոգեղինակացնում ու վերացարկում է երկրաչափական կերպերը, սակայն` առանց կտրուելու ազգային պորտալարից: Դրա լաւագոյն  արտայայտութիւնը ի հարկէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրն է…

Որովհետեւ Արտաշէսի եւ Գուրզադեանի վերլուծումները ինծի համար նոր էին ու  խոր, եւ որովհետեւ ինքզինքս արժանի չէի համարեր դասուելու իրենց նման մեծութիւններու շարքին, շուարած էի ու մտազբաղ: Այս անյարմար կացութենէն դուրս գալու համար ես ալ իմ հերթին փորձեցի «խելացի» բան մը ըսել.

– Պէյրութը` իբրեւ ժամանակակից քաղաք, ո՛չ ճարտարապետական ուրոյն դիմագիծ, ո՛չ էլ կարգին urbanism ունի, իսկ Երեւանը ունի… շնորհիւ թամանեանական աւանդներին ու նրա հետեւորդներին… Այնուամենայնիւ, թէկուզ` սիրողական մակարդակի ակնոցով դիտած, Արթուրի եւ իր գործընկերների իրագործած կառոյցները` «Երիտասարդական պալատ»-ը, «Կինօ Ռասիան», «Զուարթնոց» օդակայանն ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը օժտուած են նորարական հնչեղութեամբ եւ իրենց տեսակին մէջ իւրայատուկ են, հետաքրքրական ու գեղեցիկ:

Մինչ այդ, թէեւ Արթուրը լուռ էր, սակայն ուշի ուշով կը հետեւէր մեր խօսակցութեան… երբ Յունանեանը կարծիք կը յայտնէր, աւելի ճիշդը` նարեկեան ոճով «կը բանաստեղծէր», ան թեթեւակի կը ժպտէր…  սակայն երբ Գուրզադեանը սկսաւ խօսիլ, ան լրջացաւ ու լարուած սկսաւ մտիկ ընել…

Գուցէ մեր խօսակցութիւնը աւելի երկարէր, եթէ յանկարծ մեզ չհրաւիրէին ընթրիքի սեղան: Այնուամենայնիւ, ոտքի ելանք, ու Արթուրը իբրեւ եզրափակիչ խօսք` ըսաւ.

– Իրականում մենք երազում ենք նոր ակօս բացել, բայց դա հաւանաբար կարող է սկսել մարզահամալիրի կառուցումը աւարտելուց յետոյ միայն: Իսկ ինչ վերաբերում է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի իմաստին ու բովանդակութեանը, մենք լսում ենք տարբեր մեկնաբանութիւններ ու… լռում: Նրանք բոլորն էլ կարող են ճիշդ լինել, նայած` ո՞վ է մեկնաբանը, ո՞ւմ ներկայութեան կամ ի՞նչ պայմանների տակ: Սակայն ես ու Սաշուրը աւելի գեղեցկութեանն ու արտայայտչականութեանն ենք ուժ տուել, քան` բովանդակութեանը: Ինձ համար չափազանց կարեւոր են ձեր կարծիքները, անչափ շնորհակալ եմ:

……………………………………………………………….

Հիմա, երբ արդէն ծանօթ եմ երկրագունդի ճարտարապետական գլխաւոր կառոյցներուն, գիտեմ, որ հին եգիպտացիները իրենց բուրգերով ու «օպելիսք»-ներով, աստուածանալու բուռն տենչանքէն մղուած` «կը սլանային» դէպի անջրպետ: Իսկ յոյներն ու հռոմէացիները «յուսահատած» աստուածանալու մարմաջէն` աստուածները վար կը բերէին ու անոնց համար կը կառուցէին համեմատաբար մարդկային չափանիշներով տաճարներ: Մերօրեայ մոտերնիզմը վերադարձ է դէպի Հին Եգիպտոս, որուն հիմքը դրին Հայաստանի մէջ Արթուր Թարխանեանն ու իր գործընկերները, որոնց գլխաւոր արտայայտութիւնները եղան ու կը մնան «Զուարթնոց» օդակայանը, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողն ու մարզամշակութային համալիրը:

………………………………………………………………..

Իսկ իմ մտերիմ ընկերներէս եւ Ճիմ Թորոսեանի հետեւորդներէն ճարտարապետ Պետրոս Ապաճեանը կ՛ըսէր. «Թամանեանով սկսած, Իսրայէլեանով շարունակուած հայրենի ճարտարապետութեան ոսկեդարը աւարտւում է Ճիմ Թորոսեանով, իսկ մոտերնիզմի ժամանակաշրջանը սկսում է Արթուր Թարխանեանով…»:

(Մոնրէալ, 2024, փետրուար)

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ցեղասպանը Անպատիժ Պէտք Չէ Մնայ

$
0
0

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Ապրիլ 24:

Անմոռանալի օր:

Հայուն համար վրէժ պահանջող կոտտացող ցաւ:

Այս տարի եւս ամբողջ աշխարհի  մէջ ապրող միլիոնաւոր  հայեր, նաեւ` բազմաթիւ այլազգիներ,  կը յարգեն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն  յիշատակը:

Թուրքիոյ նպատակն էր տեղահան ընել եւ բնաջնջել հայ ժողովուրդը:

Դժբախտաբար ոճրագործ թուրքը յայտնուեցաւ հմուտ, քաղաքակիրթ, աշխարհի ամէնէն խաղաղասէր եւ նախաձեռնող ազգին` քրիստոնեայ հայ ազգի կողքին, որմէ ինք շատ բան սորվեցաւ: Օսմանեան  կառավարութիւնը չկրցաւ հանդուրժել հայ ազգի յաջողութիւնները եւ ամէն գնով փորձեց  ոչնչացնել զայն:

Ափսո՜ս, շա՛տ ափսոս, որ նոյն թուրքը չյագեցաւ հայուն թափած արիւնէն եւ տակաւին կը շարունակէ պետականօրէն ծրագրած եւ գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ` հայը զրկելով իր հայրենիքէն:

Բնաջնջումի այս ծրագիրը սկիզբ առաւ 1915-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս…տարբեր միջոցներով:

2020-ի 44-օրեայ պատերազմին դաւադրաբար կորսնցուցինք մեր հայրենիքի անբաժան մաս սիրելի Արցախը:

Դժբախտաբար, սակայն, հայրենիքի մէջ կան տակաւին հայանուն մարդիկ, որոնք հայրենիքէն տարածքներ կը յանձնեն թշնամիին: Ներքին թշնամին նոյնքան վտանգաւոր է, որքան` արտաքինը: 2020-ին դժբախտաբար թուրք-ազրպէյճանցին չէ, որ մեր հողերը գրաւեց, այլ հայանուն վարչապետը զանոնք տուաւ ազրպէյճանցիին:

Արդեօք անպատի՞ժ պիտի մնան  1,5 միլիոն անմեղ մարդու սպանութիւնը, կիներու, երեխաներու եւ ծերերու անմարդկային տեղահանումը, բազմաթիւ քաղաքներու եւ գիւղերու աւերումը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ այլ յանցագործութիւններ:

Այսպէս պէտք չէ շարունակուի: Մենք մեր մէջքը պէտք է  շտկենք եւ դարձեա՛լ ազատագրենք մեր սիրելի Արցախը:

Սիրելի՛ հերոսներ , նահատակներ, դուք անմահացաք:

Իբրեւ անձնազոհներ` դուք հայրենիքի ազատութիւնը գերագոյն նպատակ դարձուցիք: Մասնակից դարձաք Արցախի ազատագրութեան պայքարին, զոհեցիք ձեր կեանքը` վասն յաղթանակի:

Հարկ է շարունակել ձեր վեհ գործը:

Մեր նպատակը տկարութիւն պէտք չէ ճանչնայ եւ պիտի չճանչնայ` մինչեւ Արցախի ամբողջական վերաազատագրումը:

Մենք կը հաւատանք, որ մէկ բռունցք դառնալով` կը տիրանանք մեր սուրբ հայրենիքին: Ինչպէս կ՛ըսէր Արամ Մանուկեան` «Ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացուցած հայ ժողովուրդը պէտք է յոյսը դնէ իր սեփական ուժերուն վրայ»:

Հայը պիտի մնայ պահանջատէր, այնքան ատեն որ վայրագ թուրքը կը մնայ անպատիժ եւ ամբողջ աշխարհի կողմէ տակաւին չէ ճանչցուած այս յանցագործութիւնը, աւելի ճիշդ` այս ոճրագործութիւնը:

Արթնցի՛ր, հայ ժողովուրդ:

Ապրիլ 24-ը յիշատակութեան օր է: Մենք կը մերժենք որեւէ նահանջ, սակարկութիւն կամ զիջում` մեր նահատակներու իրաւունքներուն հաշուոյն:

Պիտի գայ այն օրը, երբ ցեղասպան եւ ոճրագործ թուրքը պիտի ողջունէ հայուն յաղթական ու հպարտ հայրենի հող վերադարձը` իրականացնելով դարերու երազը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

Թուրքը արժանի չէ նոյնիսկ մելան վատնելու իրեն համար,

զայն նկարագրելու մէկ նախադասութիւն նոյնիսկ շատ է:

Ան ընդդէմ մարդկութեան վայրագ ոճրագործ մըն է:

 

 

Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ Որբանոցը

$
0
0

ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

1922-ի առաջին ամիսներուն Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի գործադիր ժողովը կը դիմէ Զմմառու միաբանութեան մեծաւորին` Մինաս ծ. վարդապետ Տէր Մինասեանին, որպէսզի վանքին ընծայարանի յատուկ ընդարձակ շէնքը տրամադրուի միութեան, ուր պիտի հաստատուէր «Քելէկեան» որբանոցը, եւ ապաստանէին Կիլիկիայէն հասնող հարիւրաւոր  հայ որբեր: Մերձաւոր Արեւելքի  նպաստամատոյցը պիտի հոգար մինչեւ 16 տարեկան որբերուն տարեկան ծախսը, որ պիտի ըլլար ամիսը հինգ տոլար իւրաքանչիւր որբի համար:

Պատասխանը կ՛ըլլայ դրական` խորհրդակցելէ ետք Պոլսոյ հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Յովհաննէս եպս. Նազլեանի հետ: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք եւ գործնականութեան նկատումներով որբանոցին յարմարագոյն վայրը կը նկատուի Պէյրութի Էշրեֆիէի շրջանը: Հոն կը վարձուի ընդարձակ հողաշերտով տուն մը` 7 սենեակներով, տարեկան  55 եգիպտական ոսկիի:

ՀԲԸ Միութեան գործադիր վարչութիւնը երախտապարտ զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Զմմառու միաբանութեան:  Մինչ այդ արդէն «Քելէկեան» որբանոցին տեսուչը եղած էր Մամբրէ ծ. վարդապետ, եւ որբանոցի խնամակալութեան մէջ եղած էին ազնուական կամաւոր անձնաւորութիւններ, յատկապէս` Օննիկ Մազլումեան եւ տոքթ. Պ. Մելքոնեան:

Որբանոցի գործունէութեան ընդհանուր պատասխանատուն կ՛ըլլայ Պէյրութի պատրիարքական փոխանորդ գեր. Նեսիմեան, որ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հետ բանակցողը կը դառնայ: Ան Զմմառու վանքին մեծաւորին համաձայնութեամբ որբանոցին վերահսկիչ կը նշանակէ Զմմառու միաբաններէն Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպարեանը: Կը մտածուի յառաջացնել որբանոցի վարչական ժողով մը` ընտրելու համար որբանոցի պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները: Սակայն վարչական ժողով չի կազմուիր, եւ որբանոցին հաշիւներուն ու մատակարարման դժուարին գործը կը յանձնուի Պօղոս վրդ. Արիսին` օգնական ունենալով Խաչիկ վրդ. Աթանասեանը:

Որբանոցին միակ եկամուտը կ՛ըլլայ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին տրամադրած գումարը: Ոչ մէկ արտաքին նպաստ կամ բարեսիրական օժանդակութիւն կ՛ըլլայ: Նիւթական անձուկ վիճակի պատճառով կարելի չ՛ըլլար որեւէ շինարարական աշխատանք տանիլ, հակառակ անոր որ կարիքը կը զգացուի նոր շէնքի մը: Ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Մելքոնեան կը դիմէ ֆրանսական զինուորական իշխանութեան եւ կ՛ապահովէ փայտեայ երեք տնակներ (պարաքա), իւրաքանչիւրը` 30 մեթր երկարութեամբ եւ 9 մեթր լայնքով, իւրաքանչիւրին համար վճարելով 75 սուրիական ոսկի: «Պարաքա»-ներէն մէկը կը յատակուի տախտակամածով եւ կը գործածուի իբրեւ աղօթարան ու ճաշարան: Կը մտածուի միւս «պարաքա»-ներն ալ տախտակամածով յատակել, որպէսզի որբերը ապրէին նուազագոյն մաքրութեան եւ առողջապահական պայմաններու մէջ: Դարձեալ նիւթական անձուկ վիճակը արգելք կը հանդիսանայ: Ահա կը հասնի փրկարար ձեռք մը: Պէյրութ կը հասնի Զմմառու միաբաններէն Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպարեան, որ իմանալէ ետք «պարաքա»-ներու հակաառողջապահական վիճակին եւ տնօրէնութեան նիւթական դժուարութիւններուն մասին` կը ստանձնէ «պարաքա»-ներուն վերաշինութիւնը եւ ամբողջ ծախսերը` (մօտաւորապէս` 1.350 սուրիական ոսկի) իր անձնական հաշիւէն: Ան կը դառնայ որբանոցին հիմնադիր բարերարը: Իսկ առաքելական նուիրակը կը շնորհէ 150 սուրիական ոսկի: Հետագային նիւթական օժանդակութիւն կը հասնի Վատիկանէն եւ ֆրանսական հոգատարութենէն:

Հայր Պօղոս Արիս

Շինուած է նաեւ երեք սենեակներէ բաղկացած պզտիկ շէնք մը` բաղնիքի, լուացարանի եւ խոհանոցի գործածութեան համար: Սենեակներէն մէկը նորոգուած է որբանոցի մայրիկներուն համար: 200 մահճակալներ գնուած եւ զետեղուած են «պարաքա»-ներէն մէկուն մէջ:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը, ուսուցիչները եւ վարդապետները

Ժիպէյլի եւ Անթիլիասի որբանոցներուն մէջ գտնուող 161 կաթողիկէ որբերը կը փոխադրուին Հայ կաթողիկէ որբանոց Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հետ եղած համաձայնութեան հիման վրայ: Այս փոխադրուած որբերը կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը.

Մարաշէն` 105 որբ, Տարսոնէն` 1 որբ, Էնկիւրիէն` 1 որբ, Գոնիայէն` 3 որբ, Կիւրիւնէն` 4 որբ, Թերզելիէն` 1 որբ, Ֆռնուզէն` 2 որբ, Սեբաստիայէն` 2 որբ, Կեպէնէն` 1 որբ, Մէյթանէն` 6 որբ, Տիգրանակերտէն` 2 որբ, Արաբկիրէն` 1 որբ, Սիսէն` 2 որբ, Ատանայէն` 6 որբ, Գասապայէն` 1 որբ, Ֆնտճաքէն` 1 որբ, Կեսարիայէն` 3 որբ, Էյպէզէն` 7 որբ, Մալաթիայէն` 2 որբ, Այնթապէն` 1 որբ, Կեմերեկէն` 3 որբ, Պանտրմայէն` 1 որբ, Սեւերեկէն` 1 որբ, Մարտինէն` 1 որբ, Եդեսիայէն` 2 որբ, Կարինէն` 1 որբ: Որբերուն տարիքը կը տարուբերի 5-16-ի  միջեւ:

Այս որբերուն մեծամասնութիւնը եղած է թրքախօս, եկեղեցական եւ քրիստոնէական դաստիարակութենէ ու ընդհանուր կրթութենէ զուրկ:

Որբանոցին պատասխանատուները որբանոցին մէջ մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են քրիստոնէական, կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութեան, երաժշտութեան, երգեցողութեան, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան վրայ:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը եւ հոգատար վարդապետները

Որբանոցը գործած է նաեւ իբրեւ դպրոց: Նախ կազմակերպուած են տարբեր մակարդակի դասարաններ: Եղած է, որ մէկ դասարանի մէջ զետեղուած են տարբեր մակարդակի աշակերտներ: Սակայն այս բոլոր դժուարութիւնները լուծուած են, եւ որբանոցը եղած է հայ որբերուն հայ դպրոցը:  Շրջան մը ետք դասարանները եղած են` ըստ հայոց լեզուի գիրքերուն մակարդակին: 1923-ին հետեւեալ բաժանմունքները գործած են որբանոց-դպրոցին մէջ. մանկապարտէզ` 10 տղայ, օշական Ա. դասարան` 2 տղայ, լուսաբեր այբբենարան դասարան` 6 տղայ, լուսաբեր Ա. դասարան` 11 տղայ, լուսաբեր Բ. դասարան ` 5 տղայ, մայրենի լեզու Ա. դասարան` 43 տղայ, մայրենի լեզու Բ. դասարան ` 21 տղայ, մայրենի լեզու Գ. դասարան` 14 տղայ, մեղրագէտ Ա. դասարան` 2 տղայ, մեղրագէտ Բ. դասարան` 7 տղայ, մեղրագէտ Գ. դասարան` 1 տղայ, մեղրագէտ Ե. դասարան` 10 տղայ, միջին թանգարան դասարան` 9 տղայ, բարձրագոյն գանձարան դասարան` 1 տղայ:

Գիրքեր ապսպրուած են Պոլիսէն: «Պարաքա»-ները, որոնք գործածուած են իբրեւ ննջարաններ, օրուան ընթացքին վերածուած են դասարաններու: Նախնական շրջանին ճաշարանը սեղաններ չէ ունեցած: Տղաքը տախտակամածին վրայ նստած ճաշած են:

Կրթական ուսումնական ծրագիրը ընդգրկած է` հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները, թուաբանութիւն, հայոց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, իրագիտութիւն, որոնք պարտաւորիչ եղած են, իսկ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուները` ոչ պարտադիր:

Մեծ կարեւորութիւն տրուած է արհեստներուն: Մեծ թիւով որբ տղաք ուղղուած են տարբեր-տարբեր արհեստանոցներ, ինչպէս` հացագործութիւն, ջուլհակութիւն, սանտրաշինութիւն, կօշկակարութիւն, դերձակութիւն, փայտագործութիւն, երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն: Այն տղաքը, որոնք արհեստանոցներ յաճախած են, անոնց համար տրուած են գիշերային յատուկ դասընթացքներ որբանոցին մէջ:

 Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ որբանոցի որբերը եւ վարդապետները` «պարաքա»-ներուն առջեւ

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եղած է առաջնահերթութիւն: Որբերը ամէն օր մասնակցած են սուրբ պատարագին: Ամէն կիրակի անոնք ստացած են սուրբ հաղորդութիւն: Որբանոցը ունեցած է տղոցմէ կազմուած երգչախումբ, որ եկեղեցական պաշտօնական արարողութիւններուն բերած է իր մասնակցութիւնը:

Որբերուն առողջական վիճակը ընդհանրապէս եղած է գոհացուցիչ: Սակայն 94 որբեր ունեցած են աչքի կոպի հատիկաբորբ-թրաքոմա (trachoma)  հիւանդութիւնը, որ կատարելապէս դարմանուած է շնորհիւ փորձառու հիւանդապահուհիի մը ծառայութեան:  Որբանոցը ունեցած է այցելու բժիշկ մը, որ շաբաթը երկու անգամ այցելելով` մեծապէս օգտակար եղած է որբերուն առողջութեան բարելաւման: Մալարիան եղած է ուշագրաւ երեւոյթ այդ օրերուն: Որբերէն շատերը վարակուած են մալարիայէն, բայց ոչ մէկը մահացած է այս հիւանդութենէն: Որբանոցը ունեցած է մէկ մահ` 10 տարեկան մանչուկ մը, որ վարակուած է փայծաղի յառաջացած հիւանդութենէ:

Սնունդը եղած է բաւարար եւ գոհացուցիչ: Որբերը ունեցած են բաւարար սննդական մատակարարում: Ամէն առաւօտ` իբրեւ նախաճաշ, տրուած է` թէյ, կաթ, պանիր, պտուղ: Շաբաթը չորս անգամ հրամցուած է միս: Ամէն օր կէսօրին տրուած է տաք կերակուր, իսկ իրիկունները` չոր եւ թեթեւ ուտելիքներ: Ուտեստեղէնի պաշար պահուած է` ոսպ, սիսեռ, ձաւար, իւղ, ինչպէս նաեւ` փայտ եւ ածուխ:

Որբանոցը ունեցած է մաքուր օդ եւ մաքուր ջուր:

Որբանոցին մէջ բացուած է կօշկակարութեան գործարան մը:

1924-ին Պոլիսէն կը բերուին Պոլսոյ Օրթագիւղի Հայ կաթողիկէ որբանոցի 25 որբերը:

Պոլիսէն փոխադրուած որբերը 1924-ին

Որբանոցը գործած է մինչեւ 1928: Բազմաթիւ որբեր յանձնուած են իրենց ազգական հարազատներուն: Որոշ թիւով որբեր ղրկուած են ֆրանսայի եւ Երուսաղէմի բարեսիրական կրթական հաստատութիւններ, իսկ արհեստանոցներու մէջ յաջողակ որբերը ազատ արձակուած են եւ սկսած են աշխատիլ զանազան գործարաններու մէջ

Հայր Պօղոս Արիսի որբերէն եղած է աներս` Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեան: Շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտայ անոր ինքնակենսագրութեան մէջ: Ան նախ եղած է Ժիպէյլի տղոց որբանոցի 1392-րդ որբը: Հոն մնացած է երկու տարի: Պետրոս կը փոխադրուի հայր Պօղոս Արիսի Էշրեֆիէի որբանոցը 1922-ին, որովհետեւ իր անունին քով արձանագրուած է հայ կաթողիկէ ըլլալը: Հոս Պետրոսին որբանոցին թիւը կ՛ըլլայ 323: Պետրոս այս որբանոցին մէջ կը մնայ 4 տարի` մինչեւ 1926:

Ըստ Պետրոս Պտղունիի`

– Որբանոցը կը վերածուի ուսումնական կեդրոնի մը: Հոն կը դասաւանդեն անուանի հայ ուսուցիչներ: Աշակերտներուն կ՛ուսուցանուի` հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզու, լեզուի տաղաչափութիւն, բարձրագոյն թուաբանութիւն, երգեցողութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն: Որբանոցը կ՛ունենայ տղոց երգչախումբ, որուն խմբավարը կ՛ըլլայ Կոմիտասի աշակերտներէն Յարութիւն Կիւլեսէրեանը եւ ետքը` հայաստանցի երաժիշտ պրն. Վարդան (մականունը անծանօթ): Երգչախումբը հանրութեան կը ներկայանայ քառաձայն երգացանկով, յատկապէս` կոմիտասեան երգերով: Հայր Արիս տեսնելով կարգ մը որբ աշակերտներուն ունեցած երաժշտական ձիրքերը` կ’ուղղէ զանոնք ջութակի եւ մանտոլինի դասընթացքներու: Ան ջութակ մը կը գնէ եւ զայն կը տրամադրէ Պետրոս Պտղունիին, որպէսզի հետեւի ջութակի դասերու:

– Հայր Արիսի որբանոցին մէջ որբերը կը սնանին շատ լաւ: Անոնց կը տրամադրուի մաքուր հագուստ, եւ կը տրուի բժշկական խնամք: Որբերը, իրենց դասերուն կողքին, կ՛ունենան կարճ եւ երկար գիւղագնացութիւններ: Որբանոցին մէջ կը կազմակերպուի սկաուտական առողջ կեանք: 1925-ին Պետրոս կը մասնակցի ամառնային մէկ ամսուան բանակում-գիւղագնացութեան: Սկաուտական խումբը կ՛այցելէ Լիբանանի լեռնային շրջաններու շատ մը գիւղերը, օրինակ` Զահլէ, Ռայաք, Պաալպեք եւ Սաննին:  1926-ի ամրան հայր Արիս խումբ մը որբերով կ՛ուղղուի դէպի Երուսաղէմ: Կ՛այցելեն` Բեթղեհէմ, Թիպերիոյ ծովափը, Նազարէթ եւ ուրիշ սրբավայրեր: Ուխտագնացութիւն մըն է, որ կը կատարեն, եւ որ կը տեւէ մէկ ամիս: Երուսաղէմի մէջ կ՛այցելեն Ս. Յակոբ հայկական վանքը եւ անոր թանգարանն ու մատենադարանը:

– Սկաուտական կեանքը որբանոցին մէջ եղած է շատ աշխուժ: Կատարած են բանակումներ, ուր երգած են հայերէն սկաուտական երգեր եւ հայրենասիրական ու ազգային երգեր:

– Որբերէն շատերը հայր Արիսի ցուցմունքներով որոշ գործարաններու մէջ սորված են զանազան արհեստներ եւ դարձած են վարպետ արհեստաւորներ: Հայր Արիս շարունակ եղած է որբերը քաջալերող եւ հոգատար հայր մը:

– Հայր Արիս նոյնիսկ որբերէն քանի մը հոգի ղրկած է Երուսաղէմ` հոն ուսանելու: Անոնք գացած են Երուսաղէմի ֆրանսական Ռաթիսպոն արհեստավարժական դպրոցը, ուր հետեւած են ելեկտրական արհեստի, գործնական եւ, տեսական դասերու կողքին,  ունեցած են նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներու դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ սորված են երաժշտութիւն:

– Երուսաղէմ ղրկուած որբերէն եղած է ինք` Պետրոս Մէյվալեանը: Ռաթիսպոն արհեստավարժարանին մէջ ան ուսանած է ելեկտրական արհեստի բաժինին մէջ: Ելեկտրական գործնական եւ տեսական դասերու կողքին, կանոնաւոր ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ուսում ստացած է հոն: Հետեւած է նաեւ ջութակ նուագելու դասընթացքներու: Մինչեւ 1928 Պետրոս կը տիրանայ ելեկտրական նախնական եւ գործնական գիտելիքներու:

Պետրոս իր ջութակին հետ, Երուսաղէմ, 1926

Պետրոսին հօրը Հալէպէն ուղարկած յաջորդական նամակները եւ անոնց ցնցիչ բովանդակութիւնը կը ստիպեն, որ ան  օգնութեան փութայ հօրը: Պէյրութ կը վերադառնայ եւ դարձեալ հայր Պօղոս Արիսի յանձնարարական նամակով մը, ուղղուած` վերջինիս Հալէպ բնակող եղբօր` երկրաչափ Ալպեր Արիսի, Պետրոս պաշտօնի կը կանչուի Հալէպի ելեկտրական ընկերութեան ներքին գիծերու սարքաւորման բաժինին մէջ: Պետրոս Պտղունի այս ընկերութեան մէջ կ՛աշխատի մինչեւ 1975:

Մոնրէալ, 24 ապրիլ 2018

——————-

Աղբիւրներ`

1.- Փիլաւճեան Սօսէ, «Արխիւային տեղեկութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ  կաթողիկէ որբանոցին մասին», «Ազդակ» բացառիկ, 2010:

2.- Մէյվալեան-Պտղունի, Պետրոս, «Ինքնակենսագրութիւն եւ Հայկական ցեղասպանութեան արհաւիրքը», անձնական տեղեկութիւններ` փոխանցուած բժիշկ  Կարպիս Հարպոյեանին, 1985, Պէյրութ:

3.- Naslian, Jean, Mgr., Evequede Trebizonde, Les mémoires sur les événements politico-religieux en Proche-Orient de 1914-1928, Beyrouth, 1955..


Դերենիկին Երկիրը

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ»:
Ապրիլ 2024, Երեւան:

Դերենիկը ծնած է Ապարան: Ան այժմ կ՛աշխատի իբրեւ վարորդ եւ իր գործը կ՛ընէ ամենայն գոհունակութեամբ: Ան ուրախ եւ հաղորդական անձ մըն է, որ կը սիրէ խօսիլ եւ պատմել: Ան կ՛ուզէ խօսիլ իւրաքանչիւր անհատի հետ, որ իր ինքնաշարժը կը գործածէ շրջագայելու եւ մէկ տեղէ միւսը տեղափոխուելու համար, բայց նաեւ կ՛ուզէ պատմել իր պատմութիւնը:

«Ես այս գործը միայն զբաղմունքի համար կ՛ընեմ»,- ըսաւ Դերենիկ, երբ զիս կը փոխադրէր Երեւանի Սարեան փողոցէն դէպի Ալեք Մանուկեան: Ես Երեւանի պետական համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքէն շրջանաւարտ եղած եմ», շարունակեց ան` աւելցնելով. «Հանգստեան կոչուեցայ ու տունը մնացի, եւ այդ ինծի պատճառեց հոգեկան ճնշուածութիւն»:

Դերենիկ 66 տարեկան է, եւ զաւակները իր հոգեկան տագնապին լուծում գտնելու համար զինք քաջալերած են, որ այս գործը ընէ` գէթ կիսաժամ դրութեամբ: «Մինչեւ կէսօր կ՛աշխատիմ,- ըսաւ Դերենիկ: – Ատկէ ետք կ՛երթամ տուն եւ թոռնիկներուս հետ կ՛անցընեմ»:

Նայեցայ ժամացոյցիս: Արդէն կէսօր եղած էր: «Ես երեւի քու վերջին յաճախորդդ եմ այսօր», ըսի Դերենիկին:

«Այո՛, վերջինն ես, բայց շատ բախտաւոր կը զգամ, որ սփիւռքէն եկած հայու մը հետ կը զրուցեմ», ըսաւ Դերենիկ:

Դերենիկի խօսակցութեան մէջ կար ջերմութիւն: Ան կը զրուցէր եւ կը պատմէր, բայց կը զգայի, որ ունէր հրճուանք մը: Իսկ հրճուանքին պատճա՞ռը: Ան կ՛ուզէր իր պատմութիւնը պատմել հայորդիի մը:

«1990-ին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմին մասնակցած եմ,- ըսաւ Դերենիկ: – Այս ձախ ոտքէս ծանր կերպով վիրաւորուեցայ: Բայց վիրաւորուելուն հետ ես ալ խփեցի իրենց», ըսաւ ան քիչ մը ժպտելով, բայց նոյնքան նաեւ` հպարտութեամբ:

Պատերազմէն ստացած վէրքը տակաւին իր ազդեցութիւնը ձգած է Դերենիկին վրայ: Ան մինչեւ այսօր տակաւին դեղ պէտք է առնէ, որպէսզի լաւանայ: «Այս դեղերն ալ իմ ամէնօրեայ կերակուրս են», ըսաւ Դերենիկ` միշտ ժպիտը պահելով իր դէմքին վրայ:

Որքան կը նայէի Դերենիկի դէմքին ու անոր ժպիտին, նոյնքան այդ ժպիտի ետին կը տեսնէի իր ազգային հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կերտած է իր ազգային ինքնութիւնը եւ նոյն այդ ինքնութիւնը բնորոշող հայրենի հողը: Ու տակաւին` այդ հողին կանչը: «Չորս տարի Սպանիա մնացի եւ հոն աշխատեցայ», ըսաւ Դերենիկ: «Բայց չկրցայ դիմանալ եւ վերադարձայ Հայաստան: Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ», նշեց ան:

Հրաժեշտ տուի Դերենիկին, բայց իրեն հետ ապրեցայ այդ քանի մը վարկեանները եւ հայրենի հողին վրայ` հայուն երկրին հարազատութիւնը: Հարազատութիւնը, որ հայը հայուն կը միացնէ:

Ծիծեռնակաբերդ:

Յուշահամալիրին տակ կեցած` կը դիտեմ վառող կրակն ու կրակին չորս կողմը տեղադրուած յարգանքի տուրքի խորհրդանիշ ծաղիկները: Հոս կայ պատմութիւնը, որ դարձեալ կ՛ապրիմ: Պատմութիւնը, որ ստեղծած է մեծ արհաւիրք: Իւրաքանչիւր հայ նահատակ, ներառեալ`  ընտանեկան իմ քսանհինգ պարագաներս: Եթէ իմ հարազատներս չեմ տեսած եւ չեմ ճանչցած, բայց գիտեմ իւրաքանչիւրը իրենց նկարներով: Եւ հոն` յուշահամալիրի վառող կրակին ընդմէջէն, այդ նկարները կարծէք մէկ-մէկ դուրս կու գան իբրեւ մեռած-ապրող իրականութիւններ: Բայց ինչպէ՞ս անոնք չապրին, երբ իմ էութիւնս կազմած են, անոնք իմ մէջս են եւ անդադար ինծի կը յուշեն. «Մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս, Հրա՛յր»:

Այս ապրող-չապրող յիշատակները պահ մը ընդհատեցի: Հնդիկ կին մը նոյնպէս մօտեցաւ կրակին եւ յարգանքով ու ակնածանքով գլուխը խոնարհեցուց: Ան կարծէք մտած էր իր աշխարհին մէջ, երբ իրեն հարցուցի. «Ի՞նչ կը զգաս այս յուշահամալիրին ստեղծած խորհուրդին առջեւ»:

Չեմ գիտեր, թէ պէտք եղածէն աւելի համարձա՞կ եղած էի: Բայց ուզեցի գիտնալ իր ներաշխարհի սեւեռումները` իբրեւ օտարականի: «Շատ ցաւալի է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ես Հնդկաստանի Քաշմիր շրջանէն եմ, եւ մենք ալ ապրած ենք շատ ցաւեր»:

Հնդիկ կնոջ ցաւին հետ ես վերադարձայ իմ ցաւիս: Այս այն ցաւն է, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կրած-շալկած է աւելի քան հարիւր ինը տարի: Այս այն ցաւն է, որ կը շարունակուի իւրաքանչիւր հայու մէջ եւ սերունդէ սերունդ: Այս ցաւը դարձած է հայուն հաւաքական ինքնութիւնը, որ չի մնար ցաւի սահմաններուն մէջ: Այս ցաւը ճեղքեց մահուան պատերը եւ ստեղծեց հայուն նոր կեանքը: Այս այն նոր կեանքն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի այդ վառող կրակին ընդմէջէն դարձեալ տեսայ նոյն այս ցաւը, որ կ՛ապրէր մահը, բայց նոյն այդ մահուան մէջէն դուրս կը հանէր եւ կը շինէր նոր կեանքը: Այն կեանքը, որ ես եւ իւրաքանչիւր հայ ապրեցանք ու պիտի շարունակենք ապրիլ:

«Ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ»:

Դերենիկը գտած է իր ապրելու յենարանը: «Ես իմ երկրիս մէջ կ՛ուզեմ ապրիլ»:

Իսկ ե՞ս: Ես կ՛ապրիմ Պէյրութ, Կիպրոս, Քուէյթ ու տակաւին այլ տեղեր:

Դերենիկ պիտի շարունակէ ապրիլ իր երկրին` Հայաստանի մէջ: Եւ ես պիտի շարունակեմ ապրիլ իմ երկիր-երկիրներուս մէջ` սփիւռքի այս կամ այն տարածքներուն մէջ:

Կայ միացնող օղակը Դերենիկի եւ իմ միջեւ: Այս այն օղակն է, որ կը սկսի ֆիզիքական երկրէն եւ կ՛անցնի հոգեկանին: Այս օղակը Դերենիկին երկիրն է` Հայաստանը: Հայաստանը, որ մէկ կողմէ կը շնորհէ ֆիզիքական կեցութիւն, բայց նաեւ կը լիցքաւորէ հոգեկանը: Հոգեկանը, իմա` պատմութիւնը, մշակոյթը, ինքնութիւնը, հաւատքը, Ցեղասպանութիւնը ու տակաւին` հպարտութիւնը: Այս բոլորը դուն կրնաս ապրիլ` անկախ անկէ, թէ ֆիզիքապէս ո՛ւր կը բնակիս իբրեւ հայ: Հայաստանը` իբրեւ պետականութիւն, ունի իր ֆիզիքական դրուածքը, որ կը մարմնաւորուի իր աշխարհագրական տարածքով եւ սահմաններով: Ան, ըստ պատշաճի, պէտք է յարգէ եւ ընկալէ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ ընդունուած միջպետական արժեչափերը: Հայաստան նոյնքան եւ նոյնպէս հոգեկան երկիրն է: Հոգեկան երկիր` իւրաքանչիւր հայու համար, անկախ անկէ, թէ հայը ո՛ւր կ՛ապրի:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կրակներուն մէջէն` ապրիլ 2024, ես դարձեալ տեսայ իմ հարազատներուս մեռած-ապրող կեանքերը, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք այդ նոյն կրակներուն մէջէն ճեղքեցին մահուան պատը եւ ինծի դարձեալ տուին պատուէր մը. «Հրա՛յր, մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս»:

Ես պիտի ապրիմ իմ կեանքս, ինչպէս որ իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի իր կեանքը: Եթէ ֆիզիքապէս պիտի ապրիմ-ապրինք սփիւռքի տարածքին, բայց հոգեպէս պիտի ապրիմ-ապրինք Հայաստանի մէջ: Հայաստանը` Դերենիկին երկիրը, միացնող օղակն է հայուն ֆիզիքական ու հոգեկան կեանքերուն: Ան այդ երկիրն է, որ կ՛ընդգրկէ հայուն էութիւնը իր ամբողջական հասկացողութեան ընդմէջէն: Ան հայուն ապրած, ապրող եւ ապրելիք կեանքերուն երաշխիքն է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ:

Դերենիկին երկիրը: Բայց նաեւ` իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն երկիրը:

Այն երկիրը, որ հայուն ֆիզիքական ու հոգեկան կեանքերը կը միացնէ: Եւ անպայմանօրէն պէտք է շարունակէ միացնել:

Եւ այս երկիրը Հայաստանն է:

14 ապրիլ 2024

Ռուբէն Զարդարեան` Անմահ Մտաւորականը 1874-1915

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կան յոբելենական թուականներ, որոնք անկիւնադարձային ըլլալով հանդերձ, կ՛ապահովեն նաեւ տուեալ ժողովուրդին` գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը:

Ու մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, այս օրերուն, այդ թուականներէն ամէնէն էականն է 1915-ը, որ արդէն մեր հաւաքական գիտակցութեան վրայ իր հաստատ ու ամուր կնիքը դրած է:

Ինչո՞ւ յանկարծ այս նախաբանը. որովհետեւ այս տարի` 2024, նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան 150-ամեակն ալ է:

Սակայն ո՞վ է այս գրողը, այս մեծանուն մտաւորական, արձակագիր, գրականագէտ, քննադատ, թարգմանիչ, տաղանդաւոր մանկավարժ, խմբագիր եւ հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչը, որ իր հասուն գրիչով հայ ժողովուրդի ազատութիւնը խնկարկեց բռնատիրութեան լուծին դէմ: Մէկ խօսքով, ժողովուրդի ծոցէն ծնած զաւակ մը, իրապաշտ գրող մը, որ շատ լաւ գիտէր հայուն կեանքի բարքերը, աւանդութիւնները եւ հոգեւոր հարստութիւնները:

Եւ ահա՛ Ռուբէն Զարդարեան:

Յստակ ու մեծատառ անուն մը: Տաղանդաւոր հայ գրող, մտաւորական, հեղինակ մը: Վաղուան հայ գրականութեամբ մտահոգ խարբերդցի մտաւորականներէն մէկը, որ միշտ գրեց ջերմութեամբ, հաւատքով եւ մեր գրականութեան բերաւ ներշնչման նոր նիւթեր` հայրենի գիւղով, հայրենի հողով, գաւառով եւ մանաւանդ հայ գիւղացիով լեցուն:

Քանի մը տողերով ծանօթանանք, կամ ճանչնանք մեր գրագէտ-ուսուցիչը:

Ես զինք «ճանչցայ» տակաւին ազգային նախակրթարանի նոր շրջանաւարտ տարիքիս, երբ Պոլսէն մօրս ազգականներէն մէկը իբրեւ նուէր ինծի կը ղրկէր Զարդարեանի «Մեղրագետ»-ներէն մէկական օրինակ:

Ան ծնած է 1874 Սեւերեկ քաղաք` Տիգրանակերտ: Երկու տարեկանին ծնողներուն հետ հաստատուած է Խարբերդ: Իր տարրական կրթութիւնը ստացած է իր գիւղին մէջ, ապա աշակերտած` համանուն խարբերդցի դաստիարակ-ուսուցիչ Թլկատինցիին, Խարբերդի Ս. Յակոբայ թաղին Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Եղած է աղքատ ընտանիքի զաւակ: Իր իսկ բացատրութեամբ, իրենց տունը` «երկու-երեք աղիւսով, քանի մը տախտակով շինուած խրճիթ»: 1892-1905 Խարբերդի մէջ եւ այլուր զբաղած է ուսուցչութեամբ` հայոց լեզու, գրականութիւն եւ ֆրանսերէն դասաւանդելով:Շրջան մը ապրած է Պուլկարիա:

Միշտ զբաղած է գրականութեամբ եւ մամուլի հրատարակութեամբ: 1908-ին, այսինքն` օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, եկած է Պոլիս ու սկսած` իր իր մտաւոր աշխատանքին: Այսպէս, սկսած է հրատարակել

«Ազատամարտ»-ը, որուն խմբագիրը եղած է մինչեւ իր եղեռական մահը: 1910-ին լոյս տեսած է «Ցայգալոյս» ժողովածու երկերը, որ իր վաստակի լաւագոյն եւ ինքնատիպ արտացոլացումն հանդիսացած է, նոյն տարին լոյս ընծայած է նաեւ «Մեղրագետ» դասագիրքերու վեց շարքերը:

Հապա՞ իր գործերը: Պէտք է ըսել, թէ Ռուբէն Զարդարեանի գրիչը հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ հայ հողն ու անոր վրայ գործող ու ապրող հայ մարդը: Ան պատմականօրէն մեկնիչն է այս տեսակ հայուն, ոչ դասական, սովորական մեկնիչը, այլ` տեսակ մը մեկնիչ, որ ունի իւրայատուկ ոճ` տեսնելու, պարզելու եւ իւրայատուկ կերպով ներկայացնելու: Մէկը, որ մասնակից դարձած է հայ հոգիի վերածաղկման ճամբուն:

Ան այս բոլորը գրեց հոգեկան ապրումով եւ խռովայոյզ տագնապներով: Գրեց հայ մարդուն հոգեկան եւ ֆիզիքական աշխարհը փոթորկող, յոյզերն ու ապրումները, անոր հոգեբանութեան մէջ բնորոշուած, շեշտուած իր սեփական հողի սեփականութեան ուժի կապուածութեամբ:

Տառապանք, վիշտ, դառնութիւն եւ առաւել` հայ բնաշխարհ, հայկական իրականութիւն, նահապետական կեանք. ահա ասոնցմով է, որ ան կերտեց իր կերպարները:

Խոր արմատներով կապուած մնաց հայրենի լեզուի բարձր մակարդակին, մաքուր ու ճոխ,  ներդաշնակ, նոյնքան բծախնդիր եւ խստապահանջ:

Մինչեւ իր եղեռական մահը հոգեկան անսահման սիրով կապուած մնաց հայրենի իր հողին եւ հայ գիւղացիին:

Իր ներդրումը մեծ է այդ օրերուն նորավէպի աննախընթաց ծաղկման:

Ռուբէն Զարդարեան արեւմտահայ գրականութեան առաջնակարգ գրողներու շարքին կը պատկանի, որ մեր գրականութեան զարգացման մէջ որոշ շրջան հիմնեց եւ անոր տուաւ պատմական նշանակութիւն:

Իրեն համար գրականութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` ամէնէն հին ձեւերէն մէկը, որուն միջոցով ազգ մը երեւան կը բերէ այն ոգին, որ յատուկ է իրեն, եւ այն կեանքը, որ կը կրէ իր մէջ:

Իր բազմաշերտ եւ բեղուն գրական վաստակը անկասկածօրէն հարստացուց հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի գանձարանը: Նաեւ հաստատապէս երազներ փայփայեց` իրապաշտ եւ հայրենասէր:

Ու բոլոր մեր գրական Զարթօնքի գրիչներուն նման` Ռուբէն Զարդարեանն ալ արժանի է ամէն յարգանքի, որովհետեւ ան իր գործերով մեզի բերաւ մեր հայրենի գաւառի շունչը:

Կարդացէ՛ք իր նշանաւոր գրութիւններէն` «Զարնուած որսորդը», «Գամբռը», «Լերան եղնիկը», «Մենաւոր ծառը» ու տակաւին… եւ պիտի հաստատէ՛ք:

Հաւատացէ՛ք, երբ Զարդարեան կը կարդաք, ձեր աչքին առջեւ պիտի պատկերանայ ամբողջ ժողովուրդ մը` իր գիտակցութեամբ, իր շքեղութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցինք հայ գրականութեան հսկաներէն այս մէկն ալ: Դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստին, նոյնպէս կարելի չէ չափել այս մարդուն նուիրումի եւ զոհաբերութեան զգացումը, որովհետեւ, բոլորին նման, իր վազքն ալ ակ ունէր` ցայտող խանդավառութիւն, յոյսի, յիշատակի ու աղօթքի:

Արդեօք մենք ալ պիտի կարենա՞նք հետեւիլ իր քայլերուն:

bedig43@aol.com

Ռուբէն Սեւակ Եւ Հելեն, Մարի, Աննա Ափփել, Այլ Անուամբ` Եաննի Չիլինկիրեան. Սիրոյ, Կորուստի Եւ Դիմադրութեան Պատմութիւն Մը

$
0
0

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ռուբէն Չիլինկիրեան, գրական անունով` Ռուբէն Սեւակ, ծնած է Սիլիվրի, 28 փետրուար 1885 թուականին: Նախնական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի Ասքանազեան վարժարանին մէջ, ապա կը յաճախէ Պարտիզակի ամերիկեան գեշերօթիկ դպրոցը, ուր երկու տարի աշակերտելէ ետք, 1901 թուականին կը մեկնի Կ. Պոլիս` շարունակելու համար իր ուսումը Սկիւտարի նոյնպէս գիշերօթիկ. 1876-ին հիմնադրուած Պէրպէրեան վարժարանէն ներս, զոր կ’աւարտէ 1905 թուականին, հայեցի կրթութեան երախտաշատ մշակ, դպրոցի հիմնադիր եւ տնօրէն Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի մասնաւոր հոգածութեան եւ շունչին տակ:

Նոյն թուականի աշնան, իր ուսուցչապետին` Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի յանձնարարութեամբ, Ռուբէն Սեւակ կը մեկնի Զուիցերիա, Լոզանի համալսարան, բժշկական գիտութեանց հետեւելու նպատակով: Համալսարանի արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ ան իր ուսումը կը սկսի 1906 թուականի ձմեռնային կիսամեակին` արձանագրուելով իբրեւ պաշտօնական ուսանող բժշկական կաճառի: Արդարեւ, այդ տարուան համալսարանի տարեգիրքին մէջ կը կարդանք.

Tchilinguirian, Roupen, de Constantinople, Médecine, Mont-Charmant.

Վերջին տուեալը` Mont-Charmant, անշուշտ կեցութեան առաջին հասցէն է, ուր Լոզան ժամանելով` բնակութիւն հաստատած է Ռուբէն Սեւակ:

Կ’արժէ այստեղ առաջին անգամ ըլլալով Լոզանի քաղաքապետութեան արխիւէն մեր գրականասէր հասարակութեան ներկայացնել Զուիցերիոյ մէջ Ռուբէն Սեւակի բնակութեան թոյլտուութիւն ստանալու փաստաթուղթը, որմէ կը քաղենք հետեւեալ տուեալները.

Ազգանուն       Չիլինկիրեան
Անուններ    –    Ռուբան կամ Ռուբէն Էֆֆենտի
Որդին         –    Հաճի Յո[վ]հան[ն]էսի
Եւ               –   Արմաւելի [Արմաւենի] Գրաբուսեանի [Գրաբոսեան]
Ծնեալ     –  1. 1. [18]86 Կ. Պոլսոյ մօտ` Սիլիվրի [տողատակին աւելցուած է նոր տոմարով] 28. 2. 1885
Ծագումը     –  Թուրքիա
Մասնագիտութիւն   – Ուսանող
Բնակավայր   –  Լոզան
Ներկայացուած փաստաթուղթեր – 30. 12. [19]05
Թոյլտուութեան թուական                  – 31. 1. [19]06
Թոյլտուութեան ժամկէտի աւարտ    – 30. 12. [19]06
Լրացուած գումար                          – Զ. Ֆրակ 3.-
Վերջին բնակավայր                        –
Դիտարկում                                    –

Ռուբէն Սեւակի Զուիցերիոյ մէջ բնակութեան թոյլտուութիւն ստանալու փաստաթուղթը 1906 թուականին (առաջին անգամ կը յայտնաբերուի ու կը հրապարակուի մեր կողմէ – Ա. Մ.):

Այս տարիներու ընթացքին Սեւակ կը թղթակցի պոլսահայ մամուլին` անոր էջերուն մէջ տպագրելով իր գրական անդրանիկ ստեղծագործութիւնները` իր մերթ զգայուն, մերթ կրակոտ խօսքին, նոր ոճին ու գաղափարին վրայ հետզհետէ հրաւիրելով գրականասէր հայ հասարակութեան ուշադրութիւնը:

Անտարակոյս հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ սկսած էր փայլիլ նոր աստղ մը, որ ինքնուրոյն լոյս մը կը սփռէր անոր արեւածէգ հորիզոնին վրայ: Թէոթիկ առաջիններէն է, որ կը գնահատէ հայ գրականութեան համաստեղութեան մէջ փայլփլող աստղը` անոր մասին ըսելով.

«Աթէնա իմաստութեան շիթը դրած է անոր ուղեղին մէջ, Եսկիւլապ` բժշկութեան խորհուրդը, Հերմէս ալ` կայծը պերճախօսութեան»:

Օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, ամառնային արձակուրդներու բերումով, Ռուբէն Սեւակ 1908 թուականին կը մեկնի Կ. Պոլիս, ուր քանի մը մտաւորական ընկերներու հետ կը ձեռնարկէ «Սուրհանդակ» օրաթերթի հրատարակութեան: Վերստին կը դառնայ Լոզան ու կը շարունակէ իր ուսումը` զայն յաջողութեամբ աւարտելով եւ վկայուելով իբրեւ բժիշկ` 1911 թուականին:

Արդարեւ, վերոնշեալը հայկական տարեգրութեանց մէջ ընդունուած թուական մըն է` իբրեւ Ռուբէն Սեւակի Լոզանի համալսարանը աւարտելու տարեթիւ: Սակայն անոր անունը կը բացակայի 1911-ի համալսարանական տարեգիրքին մէջ: Իրողութիւնը այն է, որ ան իր ուսումնառութեան շրջանը կ’աւարտէ 1910 թուականի ձմեռնային կիսամ­եակին, այնուհետեւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը եւ զայն կը պաշտպանէ 1911 թուականին` «Contribution Ո l’étude des Teratomes Sacraux» խորագրով: Նշուած թուականէն մինչեւ 1914, Ռուբէն Սեւակ արդէն որպէս վկայեալ բժիշկ կ’աշխատի Լոզանի քանթոնալ (նահանգային) հիւանդանոցին մէջ, այսպիսով իր նախընտրած ասպարէզին մէջ գործնականօրէն հարստացնելով իր փորձառական գիտելիքները:

Հելեն, Մարի, Աննա Ափփել, այլ անուամբ` Եաննի Չիլինկիրեան (1890-1967)

Տակաւին մայիս 1907-ին, Ռուբէն Սեւակ ծանօթացած էր Լոզանի Գեղարուեստից վարժարանի ուսանողուհի օրդ. Հելեն, Մարի, Աննա, այլ անուամբ` Եաննի Ափփելին: Ան ծնած է 1890 թուականին` Էրֆուրթ, Գերմանիա, բրուսական ազնուատոհմ եւ բարեկեցիկ ընտանիքի մը յարկին տակ, զոր հիմնած է հայրը` Ֆրանց Ափփել` տեղական շրջանակներուն մէջ յարգուած պալատական ոսկերիչ եւ մետաղադրամներու նմուշահաւաքով զբաղող անձնաւորութիւն մը: Հաւանաբար նկատի ունենալով իր զոյգ դուստրերուն` Եաննիին եւ անոր կրտսեր քրոջ` Միննային կրթութիւնը զուիցերիական բարձրագոյն դպրոցներէ ներս, ան իր կնոջ` Մարի Տէօրրի հետ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էր Լոզան: Եաննի կը բնակէր իր ծնողքին հետ, մինչդեռ քոյրը` Միննան, կ’ուսանէր Ժընեւի մէջ:

Մայիսեան առաջին իսկ հանդիպումին կայծակնային յորդաբուխ սէր մը բռնկած էր Ռուբէն Սեւակի եւ Եաննիի միջեւ: Սակայն եւ այնպէս, ինչպէս շատերու պարագային, թէ՛ Եաննիի եւ թէ՛ Ռուբէն Սեւակի ծնողները համաձայն չէին այս յարաբերութեան խորացման: Մին իր դուստրին խստիւ կ’արգիլէ այնուհետեւ հանդիպելու արեւելքցի ուսանողին հետ, իսկ միւսը` Ռուբէն Սեւակի հայրը, իր զաւկին օտար ամուսնութիւնը կանխարգիլելու նպատակով կը դադրեցնէ նիւթական բոլոր առաքումները, որոնք կը նպաստէին անոր ուսման եւ ապրուստին: Բայց կեանքը ցոյց տուած է, որ յաճախ նման սպառնալիքներ առաւել եւս կը բռնկեցնեն սէրը եւ իրարու կը զօդեն սիրահար զոյգը` մղելով զանոնք թէկուզ ծայրայեղ յամառութեան կամ մեհենական խենթութեան: Այս աստղածորան սիրոյ պերճախօս վկայութիւնը կը հանդիսանան այն բազմաթիւ ֆրանսերէն լեզուով նամակները, որոնք զոյգը տարբեր առիթներով յղած են իրարու, յատկապէս այն միջոցին, երբ Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի սահմանափակուած էին իրարու հետ ազատ հանդիպելէ: Սոյն գրութիւնները, որոնցմէ ամէն մէկը կը թուի գեղեցկութեան աղօթք մը ըլլալ, ուղղակի հարսնութեան սպիտակաթոյր մարգարիտ կը ցօղեն գրականութեան եւ բարձրագոյն արուեստի դաշտին վրայ:

Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի Ափփել

Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուբէն Սեւակ նկարագրի մարդ էր, իր ներսիդին կը կրէր ասպետական ոգի մը, ուստի ան Ֆրանց Ափփելին եւ կնոջը կը հաւաստիացնէ, որ իր նպատակը լուրջ է, նաեւ Եաննիին հետ իր կապը հեռու է խտղի արկածախնդրութենէ: Արդարեւ, ան նպատակադրած է իր ուսումը աւարտելէ անմիջապէս ետք կնութեան առնել Եաննին եւ անոր հետ հիմնել իր արժանավայել ընտանիքը:

Վերոգրեալ հաստատեցինք, որ Ռուբէն Սեւակ իր ուսումնական շրջանը կ’աւարտէ 1910 թուականի ձմեռնային կիսամեակին, որ սովորաբար կը տեւէ սեպտեմբերի սկիզբէն մինչեւ յունուարի վերջը: Ահաւասիկ եւ, այսպէս, տակաւին իր աւարտաճառը համալսարանի կաճառին չյանձնած, ան 16 յուլիս 1910-ին Եաննիի հետ Լոզանի մէջ կը կնքէ իր քաղաքացիական ամուսնութիւնը:

Հուսկ, նորապսակ ամոլը կը մեկնի Փարիզ, ուր տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ կը ստանայ ս. պսակի օրհնութիւնը` ձեռամբ Վռամշապուհ ծ. վրդ. Քիպարեանի: Այդ ժամանակ նորապսակ փեսան իր 25 տարիքը, իսկ հարսը հազիւ կը բոլորէր իր կեանքին 20-րդ գարունը: Ռուբէն Սեւակ` իբրեւ երաշխիք Եաննիի ծնողաց տուած իր վերոնշեալ խոստումին, իր բժշկական ուսմանց աւարտաճառը կը ձօնէ անոնց` տիտղոսաթերթին վրայ նշելով.

«À mes chers parents M. et Mme F. Apell, Erfurt» –
«Իմ սիրելի ծնողքիս` տէր եւ տիկին Ֆ. Ափփելին, Էրֆուրթ»:

Ռուբէն Սեւակի եւ Եաննիի միութեան անդրանիկ պտուղը կ’ըլլայ Լեւոն Վահագնի ծնունդը Լոզանի մէջ, 1912 թուականին:

Ռուբէն Սեւակ անտարակոյս որքան ալ լաւ բժիշկ մը ըլլար, միեւնոյն է, իր հոգիին խորքը խոհուն մտաւորականի, գրողի եւ բանաստեղծի մը կոչումն է, որ զինք ուժգնօրէն կը կանչէ: Զուիցերիա, այո՛, երկրի վրայ կտոր մըն է դրախտէն, բայց բանաստեղծին համար ամայութիւն է արդարեւ, հաւանաբար 1860-ական թուականներուն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի գրած «Գարուն» բանաստեղծութեան խօսքերով` «Գնա՛, անցի՛ր սրտէս ի բաց» մը: Հայ կեանքը, մշակոյթը, մամուլը եւ արեւմտահայ մտաւորականութեան ընտրանին, գիրն ու գրականութիւնը, բազմաթիւ դպրոցներն ու եկեղեցիները, թատրոնն ու երաժշտութիւնը կը ծաղկէին Կ. Պոլսոյ մէջ, որ կախարդական զօրեղ հմայքով զինք դէպի իրեն կը քաշէր: Հայութիւնը հո՛ն էր, որ ամէնէն շատ կը խայտար, եւ անոր ծառայելը իր ինքնութեան եւ կոչումին բաղկացուցիչ եւ էական մասերէն մին կը կազմէր: Ուստի Ռուբէն Սեւակ իր կնոջ` Եաննիի եւ փոքրիկ Լեւոն Վահագնի հետ, 1914 թուականի յունիսի սկիզբը վերջնականապէս Կ. Պոլիս կը մեկնի: Եաննի ութ ամսու յղի էր, երբ Կ. Պոլիս կը հասնի, եւ տակաւին նաւահանգիստէն չհեռացած` կ’ունենայ մահագուշակ կանխազգացում մը ու դառնալով ամուսինին` կ’ըսէ.

«Ռուբէն, դառնանք այս շոգենաւով, ես շատ չհաւնեցայ այս երկիրը… սոսկում եկաւ վրաս. չե՞ս տեսներ` ոչ մէկուն դէմքը կը ժպտի»:

Եանիի ուրախութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլար իր դստեր` Շամիրամի ծնունդով, որ իր աչքերը լոյսին կը բանար Կ. Պոլսոյ մէջ, 10 յուլիս 1914 թուականին: Ա. Աշխարհամարտը կանխող, սակայն արդէն չարութեամբ յղի ժամանակաշրջանն էր: Ռուբէն Սեւակ արդէն քաջածանօթ անուն մըն էր Կ. Պոլսոյ հայահոծ շրջանակներուն, մասնաւորաբար համայնքի գրականասէր հասարակութեան մէջ: Տակաւին Պէրպէրեան վարժարանի աւարտական հանդէսին առթիւ ելոյթը` «Բաժանման խօսքեր» խորագրով, կը հանդիսանար իր բանաստեղծական տպագիր առաջին ստեղծագործութիւնը: 1907 թուականին լոյս տեսած էր իր «Տարի մը վերջ» արձակ պատմուածքը, ապա 1910 թուականին` «Կարմիր գիրքը» ժողովածուն: 1913 թուականին Ռուբէն Զարդարեանի հիմնած «Ազատամարտ» թերթին մէջ յաջորդաբար կը հրատարակուի Ռուբէն Սեւակի «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր»-ու շարքը, որ արժանաւոր գրող մը ըլլալու պատուանդանին վրայ կը կանգնեցնէ անոր անունը:

Կ. Պոլսոյ մէջ Ռուբէն Սեւակ իսկոյն կը լծուի աշխատանքի, նախ` իբրեւ բժիշկ, ապա` իբրեւ հրապարակախօս: Բերայի Հայ բժշկական միութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն կը հմայէ իր ունկնդիրները բազմաթիւ ելոյթներով` բժշկութեան, արուեստի, գրականութեան, նաեւ համազգային տարատեսակ հարցերու վերաբերեալ:

Եղո՜ւկ, Լեմանի լիճին վրայ խաղաղ երկինքն ու ջուրերուն զմրուխտը փոխարինուած էին Վոսփորի վրայ հետզհետէ կուտակուող մութ ամպերով: Օսմանեան կայսրութիւնը 2 օգոստոս 1914-ին Կայսերական Գերմանիոյ հետ կնքած գաղտնի պայմանագրով, ի նպաստ կեդրոնական ուժերուն` գերմանա-աւստրիական խմբաւորումին, կը ներգրաւուէր Ա. Աշխարհամարտին մէջ, ու իթթիհատական ոճրածին ղեկավարութեան կը ներկայանար եզակի առիթ մը ոչ միայն հետապնդելու Օսմանեան կայսրութեան աշխարհաքաղաքական շահերը, այլեւ` լուծելու ազգային ներքին խնդիրները, առաջին հերթին Հայկական հարցը, որ 1878 թուականի Պերլինի վեհաժողովէն ի վեր դամոկլեան սուրի մը պէս կը մնար կախուած օսմանեան պետութեան գլխուն վրայ: Այսպէս, 1894-1896 թուականներուն, նաեւ հետեւեալ տարիներուն իրագործուած սուլթանական զանգուածային կոտորածներէն ետք իր մահահանգոյն սկիզբը կ’առնէր Հայոց ցեղասպանութեան նոր փուլը, որուն իրագործումը նախապէս վճռած էին իթթիհատական արիւն­կզակ պարագլուխները 1915 թուականի յունուարի կէսերուն իրենց գումարած գաղտնի ժողովին ընթացքին:

24 ապրիլ 1915 թուականին եւ հետեւեալ օրերուն Կ. Պոլսոյ եւ յարակից շրջաններուն մէջ ձերբակալուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականութեան գողգոթան սկսած էր: Նոյն թուականի յունիս 15-ին Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղանի մահուան ենթարկուած էին հնչակեան քսան դեկավարներ: Հրապարակային եղեռնագործութիւնը սահմռկեցուցիչ տպաւորութիւն մը ձգած էր պոլսահայութեան վրայ, ու ամէն ոք այնուհետեւ դժնդակ համոզումով կը տեսնէր ստոյգ աղէտը, որ արագօրէն կը մօտենար հայութեան` սփռելով մահ ու աւեր, վէրք ու մոխիր հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն վրայ:

Ա. Աշխարհամարտին սկիզբը Ռուբէն Սեւակ զօրակոչուած էր օսմանեան բանակի ծառայութեան հարիւրապետ սպայի մը աստիճանով եւ իբրեւ բժիշկ` ասպարէզին բերումով տակաւին ձերբակալուած չէր: Բնականաբար ան ստացած ըլլալու էր իր գրչակից եւ մօտիկ ընկերներուն` Դանիէլ Վարուժանի եւ միւս ազնուագոյն գրողներուն ձերբակալութեան բօթը, միեւնոյնն է, տակաւին ամէն ինչ նոր էր, արագ, անսպասելի եւ թերեւս արդիւնք էր թիւրիմացութիւններու, որոնց մասին յոյս տածելու էր, թէ գուցէ կը սրբագրուին, կը վերականգնի արդարութիւնը, բարոյաիրաւական արժէք մը, որ մորթուած էր երիտթուրք պարագլուխներու ձեռքով: Մութ ամպերէ ծաթող ուժգին հարուածը, ահն ու սարսափը շանթահարած եւ ամբողջապէս ընդարմացուցած էին պոլսահայ կեանքը:

Չարագուշակ նախազգացում մը համակած էր Ռուբէն Սեւակի հոգին, թէ ուր որ է հերթը իրենն էր հիմա: Սակայն իր հոգիին վեհանձնութիւնը թոյլ չէր տար, որ իր անձին մէջ նուազի ասպետականութեան ոգին, ուստի իր ձերբակալութենէն ու աքսորի մահուան երթէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ ան «Պահչէ գափը» կոչուած պողոտային վրայ հանդիպած էր իր մտաւորական ընկերներէն Տիգրան Չիթունիին, որուն դիմելով` հետեւեալը ըսած էր. «Մեզի ամօթ չէ՞, որ մենք դեռ հոս ենք»: Ան կը նախընտրէր երթալ եւ միանալ իր հէգ գրչեղբայրներու փաղանգին, զրկուիլ, տանջուիլ, տառապիլ, թէկուզ զոհուիլ անոնց հետ, գէթ մաքուր եւ հանդարտ պահելու համար իր խիղճն ու հոգին:

22 յունիս 1915 թուականի չարաբաստիկ գիշերը Ռուբէն Սեւակ կը ձերբակալուի Կ. Պոլսոյ Բանկալթը շրջանը գտնուող իր բնակարանին մէջ եւ իր շատ մը գրչեղբայրներուն նման` կ’աքսորուի դէպի Չանղըրը: Եաննի, որ իր երեխաներուն հետ ականատեսն է այդ սարսափելի տեսարանին, յաջորդ օրն իսկ` 23 յունիս 1915 թուականի առաւօտեան ժամը 3:30-ին, իսկոյն գերմաներէն լեզուով հեռագիր մը կ’առաքէ Լոզան բնակող իր մօր` Մարի Ափփելին` ահազանգելով.

«Sofort Mutter komm, Janni» – «Մայրի՛կ, անմիջապէս եկուր, Եաննի»:

Բնականաբար կացութեան մասին իրազեկուած մայրը 27 յունիսին ցամաքի ճամբով կ’ուղեւորուի դէպի Կ. Պոլիս, ուր կը հասնի 6 յուլիս 1915-ին: Ինք եւ իր դուստրը` Եաննի, միասնաբար ջանք եւ ճիգ չեն խնայեր Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ ազդու միջամտութեամբ աքսորէն կարենալ ազատելու համար Ռուբէն Սեւակը: Եղո՜ւկ, անոնց անձկագին ջանքերը, թափած աղի արցունքն ու գրաւոր եւ բանաւոր բազմաթիւ անձկայրեաց խնդրանքները ուղղուած Պարոն Հանց ֆոն Վանկենհայմին, որ Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանն էր այդ ժամանակ, կը մնան ապարդիւն: Չէ՞ որ յանձին Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպալտ ֆոն Պեթման Հոլվեկի որդեգրած քաղաքականութեան` պետութեան բոլոր ներկայացուցիչները երկաթեայ օրէնքով դիւանագիտական երկու սկզբունք պէտք էր պահէին.

Ա) Կայսերական Գերմանիոյ բարեկամական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ ոչ միայն թրքական կառավարման ներքին հարցերուն պատճառով պէտք չէ խաթարուին, այլեւ ներկայի բարդ ժամանակին մէջ անոնք նոյնիսկ պէտք չէ քննարկուին:

Բ)  … Հայկական հարցին մասին նախընտրելի պիտի ըլլայ լռել:

Եւ այս քար լռութիւնն է, որ անանցանելիօրէն կը լեռնանայ հէգ կիներուն առջեւ: Կը վկայուի, որ անոնց դեսպանատուն կատարած բազմաթիւ այցելութիւններուն առթիւ դեսպան Վանկենհայմի հետ ընդամէնը մէկ հանդիպում տեղի ունեցած է, որ եղած է բաւական բուռն: Տիկին Մարի Ափփել գրած է իր ամուսինին, որ Կ. Պոլսոյ գերմանական դեսպանութիւնը փորձած է իրենց «որոշ չափով» օգտակար դառնալ, այսինքն առանձնապէս հասկնալի է, որ փաստօրէն շօշափելի ոչինչ կրցած է ընել:

Միւս կողմէ` Զուիցերիոյ մէջ Ռուբէն Սեւակի աները` Ֆրանց Ափփել, չի զլանար իր փեսան աքսորէ ազատելու նպատակով նոյնպէս դիմելու զանազան հասցէներու: Ան լսած է վիրաբուժ փրոֆ. Իսրայէլիի մը մասին, որ կը ղեկավարէր Գերմանիոյ Ենա քաղաքի դքսութեան պետական հիւանդանոցը, որուն մասին նաեւ կ’ըսուէր, թէ լաւ կապեր ունէր օսմանեան պալատական շրջանակներուն հետ: Ֆրանց Ափփել երկար նամակով մը կը դիմէ անոր ու կը ջանայ բացատրել ստեղծուած ծանր կացութիւնը: Ան կը խնդրէ, որ փրոֆ. Իսրայէլի իր փեսային համար աշխատանքի տեղ մը հայթայթէ Ենա քաղաքի իր ղեկավարած հիւանդանոցին մէջ` այսպիսով փրկութեան յոյս մը տեսնելով Ռուբէն Սեւակի ազատ արձակման համար: Սակայն արդէն ուշ էր. փրոֆ. Իսրայէլի 21 օգոստոսին գրած իր պատասխանին մէջ կը յայտնէ, որ հարցին կրնար օգտակար ըլլալ, երբ ինք տակաւին Կ. Պոլիս կը գտնուէր, սակայն հիմա վերադարձած է Ենա ու չի կրնար Ռուբէն Սեւակը իր հիւանդանոցին մէջ աշխատանքի ընդունիլ, քանի որ ան չի տիրապետեր գերմաներէնին: Բաց աստի, փրոֆ. Իսրայէլի նոյն նամակով նաեւ կը հաղորդէ.

«Դժուարութիւնը կը կայանայ պահանջուած այն երաշխիքով, որ ձեր փեսան պատերազմի ամբողջ ընթացքին Գերմանիայէն չհեռանայ: Իսկ այս երաշխիքը ոչ ոք կրնայ տալ, նոյնիսկ եթէ ձեր փեսան աշխատանք գտնէ Գերմանիոյ մէջ»:

Վերոնշեալ այս երաշխիքին վերաբերեալ 5 հոկտեմբեր 1915 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ տուած մէկ զեկոյցը կը տեղեկացնէ.

«Տիկին տոքթ. Չիլինկիրեանն ու իր մայրը` տիկ. Ափփել այնուհետեւ քայլերու ձեռնարկեցին` թոյլտուութիւն ստանալու, որ ան [Ռուբէն Սեւակ] վերադառնայ այստեղ ու տեղափոխուի Գերմանիա: Այնուամենայնիւ, թրքական իշխանութիւնները երկու [դիմումներն] ալ մերժեցին, քանի որ, ինչպէս կը պարզուի պատկան պաշտօնեաներու արտայայտութենէն, անոնք տոքթ. Չ[իլինկիրեանը] կը համարէին մին «այն մտաւորականներէն», որոնց զանգուածներու վրայ ունեցած մեծ ազդեցութենէն կը վախնային: Ինչպէս այստեղ յայտնեց տիկին Ափփելը, ոստիկանութեան յայտնի տնօրէն Պետրի պէյը ըսած է, որ տոքթ. Չ[իլինկիրեանին] կարելի էր թոյլ տալ մեկնելու Գերմանիա` իր լաւ վարքի բաւարար երաշխիքով, բայց երբ Պետրի պէյին այդ մասին հարցուց Կայսերական [Գերմանիոյ] դեսպանատան պաշտօնեաներէն մին, ան հերքեց այդ ուղղութեամբ ըրած որեւէ յայտարարութիւն»:

Այս ընթացքին Չանղըրըի աքսորավայրին մէջ Ռուբէն Սեւակի կը ներկայանայ ոսկի առիթ մը` ստոյգ մահէ ազատելու համար իր կեանքը: Ան բուժած էր Չանղըրըի իթթիհատական չէթէճի կառապան Իսմայիլին աղջիկը, որ սիրահարած էր Ռուբէն Սեւակին` զինք խնամելու միջոցին: Ան կ’աղաչէ իր հօրը ամուսնացնելու զինք հմայիչ բժիշկին հետ: Թուրքը իր մօտ կը հրաւիրէ Ռուբէն Սեւակը եւ խորհրդապահաբար կը բացատրէ, որ ան եւ ընկերները մահուան դատապարտուած են, բայց ինք կարողութիւնը ունի, ի նշան երախտագիտութեան, փրկելու անոր կեանքը, պայմանաւ որ կնութեան առնէ իր դուստրը.

«Աղջիկս մահէն ազատեցիր,- կ’ըսէ ան,- եւ աղջիկս շատ ուրախ է քեզի պէս բժիշկ մը ճանչնալուն համար եւ քեզի սիրահարած է. հետդ ամուսնանալ կ’ուզէ: Եթէ ընդունիս իսլամանալ եւ ամուսնանալ աղջկաս հետ, կ’ազատեմ քեզ անոր սիրոյն համար»:

Ռուբէն Սեւակ կ’առարկէ` դիտել տալով, որ ինք ամուսնացած է եւ երկու զաւակի հայր է:

«Վնաս չունի,- կ’ըսէ Իսմայիլ,- մեր կրօնին համար ամուսնացած ըլլալը անպատեհութիւն մը չէ»:

Արդարեւ, իսլամութիւնը կ’արտօնէ միաժամանակ քանի մը կին ունենալ, պայմանաւ որ ենթական կարենայ ապահովել այդ կիներուն ապրուստը:

Ռուբէն Սեւակի ասպետական ոգին մեզի կը յիշեցնէ մեր առասպելաբանութեան անզուգական հերոսներէն Արա Գեղեցիկը, որ իր կնոջ` Նուարդի սիրոյն եւ հաւատարմութեան, պատերազմի մէջ կը զոհէ իր անձը Ասորեստանի բորբորիտոն եւ վաւաշոտ թագուհիին անսանձելի կիրքերուն:

Երբ Սեւակ իր տարաբախտ ու ճակատագրակից ընկերներուն կը տեղեկացնէ իրեն ներկայացուած առաջարկը, անոնք անվարան խորհուրդ կու տան գոնէ ժամանակաւոր միջոցի մը համար ընդունելու զայն, առերես իսլամանալու միջոցաւ կնութեան առնելու աղջիկը եւ այսպիսով ազատելու իր կեանքը: Ռուբէն Սեւակ կտրականապէս կը մերժէ կրօնափոխութիւնը.

«Կա՛մ պէտք է, որ գրական անուանս պէս հոգիս ալ սեւցնեմ եւ կա՛մ մեռնիմ: Ուխտած եմ մեռնիլ, բայց` երբեք հոգիս չսեւցնել (…) Թրքանալը նուաստանալ է (…) Մահը աւելի լաւ է իսլամանալէ»:

Այս էր Ռուբէն Սեւակի անյողդողդ կեցուածքը: Այն գերմանուհին, զոր կը պաշտէր, իր զոյգ զաւակներուն կեանք պարգեւած դիցուհին, որ աստղածորան սէր կը ցօղէր իր հոգիին, եւ որուն ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ մոգական արուեստին վերազանցական ներշնչումներով կը պարուրէր իր բովանդակ մտահայեցողութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի կարենար նայիլ անոր աչքերուն, երբ խիղճը բռնաբարուած եւ ծանրաբեռնուած էր անհաւատարմութեան եւ դաւաճանութեան կուպրաներկ մրուրով: «Մեռնիլ, քնանալ, ոչինչ աւելի»` ասպետական Համլեթի մը ոգին է, որ կը յառնէր Ռուբէն Սեւակի անձին մէջ` պատուով մեռնիլ, բայց չսեւցնել միտքն ու հոգին` այն գրական անունին նախածանցին պէս, որ չար բախտին բերումով ընտրած էր ինք իբրեւ գրական ինքնութիւն, բայց միաժամանակ` անմահութիւն:

26 օգոստոս 1915 թուականին Այաշ տանող ճանապարհին Թիւնէյի մօտ Ռուբէն Սեւակ իր բախտակից ընկերներուն` Դանիէլ Վարուժանի, Օննիկ Մաղազաճեանի, Վահան Քէհէեանի եւ Յարութիւն անունով հացթուխի մը հետ կը նահատակուի:

Ռուբէն Սեւակի նահատակութեան գոյժը Չանղըրըի կառավարիչը հեռագրով մը Կ. Պոլիս կը հաղորդէ 30 օգոստոս 1915-ին: Գերմանական դեսպանատան պատկան պաշտօնեան սեպտեմբերի կէսերուն միայն բօթը կը յայտնէ Ռուբէն Սեւակի այրիին: Ցաւատանջ ու սարսափահար Եաննին կ’որոշէ իր մօր եւ զաւակներուն հետ իսկոյն հեռանալ այն անիծեալ ու ոճրապարտ երկրէն, որ պատճառ եղած էր իր սիրասուն ընտանիքի ծանր դժբախտութեան: Երկիր մը, ուր անյայտ կը թողուր նոյնիսկ իր ամուսինին գերեզմանը` զրկելով զինք արժանավայել սգալու անոր մահը եւ իր վշտակոծ սիրոյ արցունքներով ոռոգելու անոր հողակոյտը:

* * *

Եաննի իր երկու զաւակներուն հետ` Լոզան, 1919 թուական

16 սեպտեմբեր 1915 թուականին Եաննի իր մօր եւ զաւակներուն հետ կը լքէ Կ. Պոլիսը եւ շոգեկառքով կը մեկնի Զուիցերիա: Սակայն մեկնելէ առաջ ան նորէն դիմելով դեսպանատուն` կը խնդրէ որոնել Ռուբէն Սեւակի նշանտուքի եւ ամուսնութեան մատանիները, շապիկին բազպանները միացնող ոսկի ճարմանդները, ինչպէս նաեւ` «Էրֆուրթի գործարանի մակնիշով» պայուսակը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ գերմանական դեսպանատունէն 8 դեկտեմբեր թուակիր նամակ մը կը հաղորդէ, որ Ռուբէն Սեւակի վերոգրեալ մատանիները, ինչպէս նաեւ ճարմանդներէն մին գտնուած են, եւ որ` անոր մահը իրականացած է փամփուշտէ յառաջացած վէրքի հետեւանքով: Բնականաբար սոյն տեղեկութիւնը գերմանական դեսպանութեան հաղորդուած է օսմանեան ներքին գործոց նախարարութեան նենգափոխուած թղթածրարով, որ բնաւ չի համապատասխաներ յանցագործութեան իրողութեան: Ռուբէն Սեւակ եւ իր տարաբախտ ընկերները Այաշ տեղափոխելու ծրագիրը ուղղակի խաբէութիւն մըն էր, նախօրօք ճշգրտօրէն մշակուած ոճիր մը: Նախապէս դարանակալած ճիւաղներ վերոգրեալ մահահոտ վայրին մէջ դուրս գալով իրենց որջերէն` մօտակայ ծառուտի մը մօտ կը բերեն իրենց հինգ զոհերը: Զանոնք վերահսկող թուրք ոստիկանները կը խուզարկեն զոհերը, կը կողոպտեն անոնց անձնական իրերը ու կը հեռանան, մինչ միւս դահիճները կը յարձակին զոհերուն վրայ, զանոնք գրեթէ քովքովի կը կապեն ծառերուն, ապա մերկացնելով իրենց դաշոյնները կը սկսին «դանդաղօրէն ու հանդարտ» մորթոտել հայ մտքի ու գրականութեան այդ անմահանուն հանճարները:

Նահատակ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի գրական կարեւոր առաջադրանքներէն մին եղած էր առանձին հատորներով համախմբել եւ հրատարակել «Սիրոյ գիրքը», «Քաոսը» եւ «Վերջին հայերը», փաստօրէն` ժողովածուները իր բազմաթիւ արձակ եւ չափածոյ այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք տարբեր շրջաններուն հրապարակուած էին Կ. Պոլսոյ զանազան հանդէսներու եւ պարբերականներու էջերուն մէջ: Սակայն անագորոյն մահը, ստոյգ ուրիշ շատ մը արուեստի եւ գրական փայլուն ցոլքերու շարքին, ոճրագործներուն արիւնաթաթախ ձեռքերով անջատեց Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործական երկունքին թելը, զգետնեց մտքին թռիչքը, միեւնոյն ատեն անկատար թողուց նաեւ իր այնքան փայփայած այս ծրագրին իրականացումը:

Եաննին քաջ գիտէր, որ Կայսերական Գերմանիան, ըլլալով պատերազմի դաշնակից օսմանեան Թուրքիոյ, ուղղակի մեղսակից է Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման: Ան իր սիրելի ամուսինին կենդանի օրինակով միանգամայն համոզուած էր այս աննախընթաց եւ տխուր եղելութեան: Ուստի Լոզան վերադառնալէ ետք, 27 հոկտեմբեր 1915 թուականին, Կ. Պոլսոյ մէջ Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանին կ’ուղղէ հետեւեալ նամակը, որ հասցէին կը հասնի 9 նոյեմբեր 1915 թուականին.

Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանութիւն Կ. Պոլիս
Թոյլ տուէք համակ նուիրումով ներկայացնել հետեւեալ խնդրանքը.
Թրքական պաշտօնէութեան մօտ ազդու կերպով վերստին միջամտելով ապացուցեցէք [հայոց դէմ ուղղուած] սարսափելի զրպարտութիւններուն անիրականութիւնը: Ազդու հրամանով մը ազատեցէք, ինչ որ [դեռ] կարելի է փրկել: Անմեղ կանանց, երեխաներու, հիւանդներու եւ ծերերու արիւնը, որ մինչեւ երկինք կը պոռայ, Գերմանիոյ վրայ անէծք կրնայ բերել, եթէ ան չընէ այն ամէնը, ինչ որ կը գտնուի իր երկաթեայ ուժերուն ներքեւ:
Ամենախորին ակնածանքով, բոլորանուէր կը ստորագրեմ`
Հելեն Չիլինկիրեան, ծնեալ` Ափփել
27 հոկտեմբեր 1915

Արդարեւ, Հանց ֆոն Վանկենհայմ 26 հոկտեմբեր 1915 թուականին կաթուածահար կը մահանայ եւ կը թաղուի Կ. Պոլսոյ գերմանական գերեզմանատան մէջ: Դեսպանի պաշտօնով իրեն կը յաջորդէ Փաուլ Վոլֆֆ Կրաֆ Մեթթերնիխ, որ մեծ հաւանականութեամբ կը ծանօթանայ նամակին բովանդակութեան: Իսկութեան մէջ, Մեթթերնիխ հերթական անգամ կը փորձէ չափաւորող ազդեցութիւն գործադրել երիտ­թրքական եռապետութեան վրայ: Սակայն իր փորձերը` մեղմելու Բարձր Դրան սանձազերծած հակահայ քաղաքականութիւնը, միաժամանակ համոզելու գերմանական կառավարութիւնը, որպէսզի իր ազդեցութիւնը բանեցնէ երիտթուրք իշխանութիւններուն վրայ` բռնարարքներն ու կոտորածները դադրեցնելու իմաստով, ապարդիւն կը մնան: Պարզ է, որ ան որեւէ աջակցութիւն չկրցաւ ստանալ Կայսերական Գերմանիոյ վարչապետէն, իսկ օսմանեան կառավարութիւնը առաւել եւս կը դժգոհէր Հայկական հարցով անոր միջամտութիւններուն համար, որուն պատճառով դեսպան Մեթթերնիխ ազատ կ’արձակուի իր պաշտօնէն 3 հոկտեմբեր 1916 թուականին:

Վերոգրեալ նամակը Եաննիի վերջին փորձն էր ցեղասպանուող արեւմտահայութեան ի նպաստ բողոքելու Կայսերական Գերմանիոյ պատկան մարմիններուն դէմ, գերհզօր պետութիւն մը, որուն քաղաքացին էր ինք իր ծնունդով եւ ցեղային ժառանգականութեան իրաւունքով: Բայց անարդարութեան եւ դիւանագիտութեան քստմնելի առաջադրանքները` միայն առաւելութիւններ ու շահեր ապահովելու համար, նոյնիսկ եթէ անոնք կ’ոտնահարէին միլիոնաւոր մարդոց դիակները` փոշիացնելով այլ ազգերու մարդկային իրաւունքները, պժգացուցած էին զինք եւ ամբողջութեամբ սպառած` գերմանուհի մըն ըլլալու հպարտութեան վերջին պաշարը:

Կ. Պոլիսէն հեռանալէ շուրջ ամիս մը ետք, 14 հոկտեմբեր 1915 թուականին Եաննի Լոզանի մէջ կը դիմէ Զուիցերիոյ պատկան մարմիններուն` բնակութեան թոյլտուութիւն ստանալու համար: Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան համար պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունի այս փաստաթուղթը ոչ միայն Եաննիի եւ իր զաւակներուն Զուիցերիա վերադարձի ճիշդ թուականը ճշդելու իմաստով, այլեւ այնտեղ որոշապէս նշուած է իր այրի ըլլալու պարագան, նաեւ` իր ծագումը կամ ազգային ինքնութիւնը: Ֆրանսերէնի մէջ «originaire de» բառացիօրէն կը նշանակէ «ծագումը» անձի, վայրի կամ իրի մը առնչութեամբ: Ուստի բնակութեան թոյլտուութիւն ստանալու այս հարցաթերթիկին հաղորդած տեղեկութիւնը միանշանակ նկատի ունի դիմորդին ազգային ինքնութիւնը կամ երկիրը ուրկէ ինք նախապէս կու գայ: Հետեւաբար կը կարդանք.

Ազգանուն – Չիլինկիրեան
Անուններ – Մարի, Հելեն [տողավերեւը աւելցուած], Անն[ա], ծնեալ`
Ափփել եւ զաւակունք
Զուգակից – Այրի
Դուստրը  – Ֆրանսուա Ափփելի
Եւ – Մարի` ծնեալ Տէօրրի
Ծնեալ – 16. 6. [18]90 Էրֆուրթ
Ծագումը –  Հայաստան գերմանական [այս բառը երեք գծիկներով ջնջուած է եւ տողատակին աւելցուած է] Թուրքիա
Մասնագիտութիւն –
Բնակավայր – Լոզան
Ներկայացուած փաստաթուղթեր – 14. 10. [19]15
Թոյլտուութեան թուական – 14. 10. [19]15
Թոյլտուութեան ժամկէտի աւարտ –  14. 10. [19]16
Լրացուած գումար – Զ. Ֆրակ 3.-
Դիտարկում – 12. 3. [19]20 սեպտեմբեր 1-ին տեղեկացնել, եթէ տիկ. Չ[իլինկիրեան] բնակութեան թոյլտուութիւն ստանայ

Եաննի Չիլինկիրեանի եւ զաւակներուն Զուիցերիոյ մէջ բնակութեան թոյլտուութեան փաստաթուղթը 1915 թ. (առաջին անգամ կը յայտնաբերուի ու կը հրապարակուի մեր կողմէ – Ա. Մ.)

Սոյնը միանշանակ կը վկայէ այն ուշագրաւ իրողութեան մասին, որ Եաննի Ափփել իր ամբողջ գիտակցութեամբ եւ ամենախորին համոզումով այսուհետեւ կը մերժէ պահել գերմանացիի այն ինքնութիւնն ու ազգային պատկանելութիւնը, որուն տոհմային ժառանգորդն էր իր ծնունդով եւ սերնդական իրաւունքով: Այնուհետեւ ան ինքզինք ամբողջապէս կը նոյնացնէ հայկական ինքնութեան, ցեղասպանուած այն ազգին հետ, որուն ազնուագոյն զաւակներէն մին էր իր ամուսինն ու սիրասուն զաւակներուն հայրը` Հայոց ցեղասպանութեան լուսապսակ նահատակ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակը:

Եաննի իր բովանդակ էութեամբ միացած էր իր սիրելի ամուսինին, դարձած էր անոր հետ մէ՛կ մարմին եւ հոգի, իսկ հիմա, երբ մահը կը փորձէր անանցանելի վիհ մը ստեղծել ամուսիններու միաձուլուած հոգիներուն միջեւ, ան իր կանացի բնազդին խորհրդաւոր ուժով սիրոյ երփնագեղ կամար մը կը հիւսէր անջրպետին վրայ` երկրէն դէպի երկինք, նիւթեղէնէն դէպի աննիւթականը, դէպի հոգեւորն ու յաւիտենականը:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, արդէն 1918 թուականին Լոզանի մէջ հաստատուած էր հայկական ներկայացուցչական գրասենեակ մը` «Bureau de la colonie arménienne de Lausanne» անունով: Եաննի իսկոյն կը դիմէ այդ գրասենեակը, ուրկէ 28 մարտ 1919 թուականին իր սիրասուն զաւակներուն հետ միասին կը ստանայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն` ամուսնութեան ճամբով: ՀՀ քաղաքացիութեան այդ փաստաթուղթին վրայ իր անունը ֆրանսերէնով արձանագրուած է «Mme Veuve [այրի տիկին] H[élène] M[arie] A[nna] J[anni] Tchilinguirian», իսկ զաւակներուն անունները` «Leon Vahakn Tchilinguirian» եւ «Semiramis Tchilinguirian»: Նոյն տարին Եաննի Չիլինկիրեան-Սեւակ զաւակներուն հետ կը մեկնի Փարիզ, ապա աւելի ուշ, մինչեւ իր փոթորկալից կեանքին վախճանը, կ’ապրի Ֆրանսայի հարաւարեւելեան շրջանը` Միջերկրական ծովու ափին գտնուող Նիս քաղաքը: Ան իր մահկանացուն կը կնքէ 28 դեկտեմբեր 1967-ին, եւ համաձայն իր փափաքին` թաղման կարգը կը կատարուի Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ:

Եաննի իր գրգասուն անձին օրինակով կը վկայէ` «Զի սէրը զօրեղ է, քան մահը»: Արդարեւ, 1910 թուականին, երբ Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի Ափփել Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ յաւիտենական սիրոյ եւ միութեան խորհրդանիշ պսակը իրենց գլխուն վրայ եւ ձեռք-ձեռքի բռնած` կեցած էին սուրբ խորանին առջեւ, հայ հոգեւորականը ստոյգ «Մինչեւ մահը բաժնէ ձեզ» աղօթքը իրենց համար չէր ըսեր: Նաեւ ոչ իսկ Եաննիի յուղարկաւորութեան` «Հող էիր եւ հող դարձիս» հաստատումը իրեն եւ իր ամուսնոյն համար չէ ըսուած, զի ճշմարիտ սիրոյ եւ սիրողներուն միութիւնը ո՛չ մահը եւ ո՛չ ալ ժամանակը կրնան տրոհել: Մարդկային սէրը կը դառնայ վերազանցական երեւոյթ, կ’ըլլայ մահէն ալ հզօր ու գերազանցապէս զայն յաղթահարելով` այնուհետեւ կը թեւակոխէ աստուածային ոլորտ:

Ալպեան լեռներու բարձրադիր լանջերուն, ուր սպիտակաթոյր «էտըլվայս»-ը կը ծաղկի, կը գտնուի Շամբերի գիւղը: «էտըլվայս» վառ աստղաձեւ այն եզակի ալպեան ծաղիկն է, որ ալպեան ժողովուրդներուն քով եւ միջազգային գրականութեան մէջ դարձած է սիրոյ, քաջութեան եւ յաւիտենութեան խորհրդանիշ: Այդ ժամանակ, ինչպէս` շատ մը սիրահար ուսանողներ, նոյնպէս Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի համալսարանական տարիներուն յաճախ կ’երթային Շամբերի` հոն ըմբոշխնելու իրենց ազատութիւնը եւ փոխադարձաբար զգալու իրենց հայեացքին մէջ փայլքը ճշմարիտ ու յաւիտենական սիրոյ: 20 օգոստոս 1910 թուականին Ռուբէն Սեւակ եւ Եաննի վերստին Շամբերի մեկնած են վայելելու իրենց ամուսնութեան մեղրալուսինը: Այնտեղ է, որ Ռուբէն Սեւակ թուղթին յանձնած է իր սիրային ամենագողտրիկ բանաստեղծութիւններէն մէկը, որուն տուած է «Սիրոյ եւ մահուան երգը» խորագիրը: Արդարեւ, սէր մը, որ վճիտ է ու վսեմ եւ հզօր է մահուան պէս:

Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի պէս,
Ուր խաւարներ կը փոթորկին մոլեգին,
Երկու աչերդ` աստուածներու սկիհին պէս,
Տուր ինձ անոնց մէջ սրբացնել իմ հոգին.
Ես կը սիրեմ երկու աչերդ վիհի պէս…
Եկո՛ւր ինծի, քեզ կ’ըղձայ շունչըս անզօր.
Եկո՛ւր, ես մութ բաներ պիտի քեզ ըսեմ,
Սիրոյ պէս քաղցըր ու մահուան պէս հըզօր.
Գերեզմանիս լացող սիւքին պէս նսեմ,
Եկո՛ւր ինծի, քեզ կ’ըղձայ շունչըս անզօր… (Ռ. Սեւակ)

Ժընեւ, 23 ապրիլ 2024

2024…Եւ Ապրիլ 24

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այս տարի եւս (2024) հայ ժողովուրդը, ամէն տարուան նման, ապրիլի 24-ին պիտի յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը:

Արդեօ՞ք ամէն տարուան նման:

Հայութիւնը, հազիւ ճողոպրած սպանդէն, աշխարհացրիւ դարձած, մանաւանդ` Հայաստանին Մերձաւոր` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, իր գաղթակայաններուն մէջ ապաստանած` սկսաւ յիշատակել բազմաբիւր նահատակներուն յիշատակը ապրիլ 24-ին:

Այդ յիշատակումը սուգի ու հոգեհանգիստի բնոյթ ունէր, ցաւ ու ողբ կ՛արտայայտէր:

Աւելի քան տասնամեակ մը պէտք եղաւ, որ վերապրողը կարենայ ոտքի կանգնիլ, այսինքն` ունենալ իր բնակարանը, ունենալ իր դպրոցն ու եկեղեցին, ուր սորվեցաւ յիշատակել իր նահատակները, բան մը, որ օրէնքի վերածուեցաւ ինքնաբերաբար:

Ապա կազմակերպեց` իր ընկերութիւնը, հայրենակցական, բարեսիրական կառոյցներն ու հաստատութիւնները:

Վրայ հասաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը, որուն աւարտին տեղի ունեցան խորհրդաժողովներ, գագաթաժողովներ, ու ապա` մեծապետական սակարկութիւններ. աշխարհը կարկանդակի նման բաժնուեցաւ անոնց միջեւ:

Հայութիւնը, որ որոշ յոյսեր կապած էր այդ ժողովներուն, յուսախաբ եղաւ, իր երազներն ու տենչերը փոշի դարձան, երբ հակառակ ՄԱԿ-ի նման կառոյցի մը հաստատման` աշխարհը բաժնուեցաւ երկու բեւեռի` դրամատիրական` արեւմտեան, եւ համայնավարական` արեւելեան:

Ու ցեղասպանուած հայութիւնը մնաց անոնց մուրճին ու սալին միջեւ:

Թաւալած ու թաւալող տասնամեակները ճերմակ կամ կանաչ չեղան հայութեան համար, այլ` կարմիր, նոյնիսկ իր ճերմակը կարմիր էր:

Ու հասաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը:

Յիսնամեակ մը ամբողջ սգացող հայութիւնը ուզեց, որ իր յաջորդ տարիները տարբեր ըլլան, ու ունեցաւ անկիւնադարձային թեքում: Յիսնամեակ մը լռութեան դատապարտուած հայրենիքին մէջն իսկ կամքը արտայայտուեցաւ քանդելու լռութեան պատը:

Ամէնուրեք կառուցուած էին Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող յուշակոթողներ: Այս անգամ հայրենիքին մէջ սկսած էր կառուցուիլ հսկայ յուշակոթող մը` Ծիծեռնակաբերդը:

Շուտով ընթացք առին հայկական պահանջատիրութեան առաջին քայլերը, նախ` քանդելու Հայ դատին առջեւ բարձրացուած լռութեան պատը, եւ շուտով պահանջատիրութիւնը ստացաւ զինական բնոյթ:

Այս անկիւնադարձային քայլին տրամաբանական շարժումը պիտի ըլլար սգատօնը վերածել ոգեկոչման տօնի, յիշատակի տօնի ու, ինչո՞ւ չէ`, պահանջատիրութեան տօնի:

Այսպիսով, Հայ դատը սկսաւ քաղաքականանալ, ու սկսաւ գտնել զինք ճանչցող, ընդունող ազգեր, ժողովուրդներ ու պետութիւններ:

Զինական ու քաղաքական պահանջատիրութիւն:

Նախորդ դարու աւարտին փուլ եկաւ Խորհրդային Միութիւնը: Աշխարհը դարձաւ միաբեւեռ, ու Հայաստանը վերագտաւ իր անկախութիւնը:

Հայկական պահանջատիրութիւնը ստացաւ նոր երանգ, որ պսակադրուեցաւ Արցախի ազատագրութեան պայքարով, եւ որուն ազատութիւնը վաստակուեցաւ հազարաւոր նահատակներու արեամբ, գումարեալ` 1915-ի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն թիւին վրայ:

Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ ապրիլեան նահատակներուն ոգեկոչումը ստացաւ նոր ոճ, համապետական ու համահայկական բնոյթ:

Անցան եւս երեսուն տարիներ, ու հայկական պահանջատիրութեան պատկերը աղաւաղուեցաւ 2018-ին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ իշխանութիւններ հետամուտ են ձերբազատուելու համահայկական պահանջատիրութենէն, երբ` աշխարհի մէջ ցեղասպանին բարեկամ ու դաշնակից պետութիւններ իսկ ճանչցած են Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այսօր միաբեւեռ աշխարհի կաթսան կ՛եռայ, ու ճիգ կը թափուի փոխել այդ միահեծան իրողութիւնը:

Եթէ մէկ կողմէ մերօրեայ Արեւելքի մեծ պետութիւններ (Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Իրան… եւ այլք) ճիգ կը թափեն ձերբազատուելու միաբեւեռութենէն, սակայն միւս կողմէ` Արեւմուտքը կը մաքառի պահպանելու իր մենաշնորհը:

Հայաստանի տարածաշրջանին մէջ գտնուող պետութիւններ կը ջանան ամէն գնով իրենց տեղը պարտադրել տակաւ կազմուող համակարգին մէջ, իսկ Հայաստանը մնացած է վերոյիշեալ մրցակիցներուն կրունկներուն տակ, որպէս ժողովուրդ` ակամայ, սակայն որպէս իշխանութիւն` կամովին:

Այսօր` 2024-ին, երբ կորսնցուցած ենք Արցախը հայաթափուած, հայրենի հայութեան մէկ կարեւոր զանգուածը տակաւին չէ սթափած իր կամովին թմբիրէն, արդեօք ինչպէ՞ս պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Պիտի սգա՞յ, պիտի ոգեկոչէ՞, պիտի պահանջէ՞, կամ պիտի յիշէ՞ Արցախը: Պիտի ողբա՞յ իր սգանման վիճակը: Թէ՜… Թէ՞ պիտի տօնէ ինչպէս որեւէ թուական, օրինակ` Ամանոր, Ս. Ծնունդ, Ս. Սարգիսի տօն, կամ  Վալանթայնի՞ տօն…

Սփիւռքի վիճակն ալ շատ մխիթարական չի թուիր: Այսպէ՛ս, Միջին Արեւելքի երկիրներուն, բռնագրաւուած Հայաստանին դրկից երկիրներուն (Սուրիա, Իրաք, Իրան, Լիբանան…) մէջ բնակող հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնեցաւ եւ կը շարունակէ թէժացած տարողութեամբ դիմագրաւել բազմաբնոյթ (քաղաքական, ընկերային, տնտեսական…) տագնապներ, որոնք կամայ թէ ակամայ, եթէ չեն ամլացներ, գէթ կը կաշկանդեն անոր տասնամեակներու պահանջատիրական երթը:

Իրան` ծանրաբեռնուած Արեւմուտքի տնտեսա-քաղաքական պատժամիջոցներուն տակ, այսօր կը դիմակայէ անոնց նոյնիսկ ռազմական սպառնալիքները:

Իրաքի հայութիւնը, իր նուազած թուային պատկերով, հազիւ թէ կը կարողանայ իր գոյութիւնը պահել պառակտուած երկրի մը մէջ, որ միայն քայլ մը ետ է անիշխանութենէն:

Սուրիահայութիւնը, թուային թէ որակական տեսանկիւնէն դիտուած, հիւծուած է անցնող 12 տարիներու տնտեսական թէ ռազմա-քաղաքական տագնապին տակ կքած, առաւել եւս` աւերիչ երկրաշարժին պատճառով, այսօր գերմարդկային ճիգեր կը թափէ իր պահանջատիրական ձայնը լսելի դարձնելու:

Լիբանանը եւս Սուրիայէն ետ չի մնար իր տագնապալի իրավիճակով: Կարծես անոր տնտեսական սուր տագնապը բաւարար չըլլար, ան այսօր ենթակայ է իսրայէլեան ռազմատենչ ու արիւնարբու սպառնալիքներուն, ու հարաւի շրջաններուն մէջ անկէ` թշնամիէն տեղացող հարուածներուն:

Իսկ ի՞նչ խօսինք Արեւմուտքին մէջ ապաստանած հայութեան մասին: Անոր ներկայիս նոր հաստատուած սերունդը գուցէ երբ գաղթած է Միջին Արեւելքէն, յաջողած է հետը տանիլ պահանջատիրութեան գաղափարը, ոգին, ուժականութիւնը, սակայն որքանո՞վ կարող է զայն գործնականացնել,  պահանջել: Իսկ անոր յաջորդող սերունդները պիտի յաջողի՞ն չմոռնալ իր մեծ հայրերուն ցեղասպանութիւնը:

Քեսապի մէջ մեր գոյութիւնը պահպանելու գերմարդկային ճիգերը չեն յաջողիր մոռացութեան տալ պահանջատիրութեան կամքը, նոյնիսկ` ցեղասպան երկրի սահմանին վրայ իսկ նստած. սակայն մեր հորիզոնին, հաւաքական կամքի, պահանջատիրութեան կամքի հորիզոնին վրայ կուտակուող ու ծաւալով սեւ ամպերը չենք կրնար անտեսել. անոնց իրողութիւնը արդէն սարսափազդու է:

Սակայն կը հաւատանք բանաստեղծին գաղափարին ու խօսքերուն.

«Երբ չի մնում ելք ու ճար,

Խենթերն են գտնում հնար…»:

16 ապրիլ 2024
Քեսապ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անսահման Պահանջատիրութիւն

$
0
0

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

109-ամեակէն դէպի 110-ամեակ եւ անսահման տարիներու պահանջատիրութեան ոգեկոչում: Սերունդներ շարունակ բաբախող սիրտը եղած են եւ պիտի մնան աւելի քան 1,5 միլիոն անշնչացած հայորդիներու, որոնց իրաւունքներուն կեանք տուած են` առանց յուսահատելու եւ յանձնուելու թշնամիին: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն անբիծ հոգիները կը ննջեն խաղաղութեան մէջ, երբ անոնց սուրբ եւ անմահ Դատը պաշտպանող հայորդիներ ամէնօրեայ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն համաշխարհային գետնի վրայ, յաջողութիւններ, որոնք կաթիլ-կաթիլ յոյսի գետը կազմելով` կը հոսին դէպի արդարութեան ծովը:

Աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած դէպքեր, որոնք յաճախ ազգովին մեզ ժամանակաւոր ուժասպառութիւն պաճառած եւ յուսահատութիւն ներշնչած են, բայց եւ այնպէս գոյատեւելու ոգին միշտ մեր ուժերը հաւաքելով մեզ վերականգնած է եւ` նորանոր մարտահրաւէրներու առաջնորդած: Պատմութիւնը վկայ է, որ պայքարող ազգեր չեն կրնար ձուլուիլ, նոյնիսկ եթէ ապազգային գաղափարներով տարուած ղեկավարներ որոշ ժամանակ զանոնք առաջնորդեն սխալ ճանապարհով:

Ազգի մը ճակատագիրը ազգը ի՛նք կ՛որոշէ եւ ոչ թէ անհատներ, որոնք բազմիցս ազգի արդար իրաւունքները զիջած կ՛ըլլան անյայտ պատճառներով: Յուդան Յիսուսը մատնեց 30 արծաթի համար, բայց ետքը զղջումի առիթ նոյնիսկ չունենալով` ինքզինք կախեց: Նիւթականը միշտ եղած է այն խաբուսիկ նիւթը, որ մարդուն կրցած է խաբել ու շեղել իր սկզբունքային ճանապարհէն` զայն առաջնորդելով դէպի քանդում:

Ազգեր միշտ վնասներ կրած են, միաժամանակ ազգային բարձր ոգիով օժտուած հաւաքականութիւններ միշտ եւ միշտ կրցած են գերազանցել պատմութեան սեւ էջերը եւ վերականգնած ու գոյատեւած են: Օսմանցի թուրքը կարծեց, թէ պիտի կարենայ հայ ազգը բնաջնջել, նոյնպէս ներկայիս ազրպէյճանցին  կը կարծէ, որ իր թուրք եղբայրներուն համաթուրանական ծրագիրը գործադրելով` պիտի կարենայ յաջողիլ:

Երկրային ոչ մէկ ուժ պիտի յաջողի հայուն գոյատեւելու ոգին սպաննել, եւ միշտ նորանոր սերունդներ ծնունդ պիտի տան նոր կեանքի, որ առիթ պիտի ընծայէ գունաւոր ծաղիկներու ծաղկման եւ մշտադալար գարուններու ծնունդի, որոնք պայքարելու նոր միտքերով վերակազմակերպուելու միջոցներ ընծայելով` պիտի վերականգնեն հայոց փուլ եկած սիւները:

 

 

 

 

 

 

«Ցնծա՛» Երկիր Նայիրի, «Ժպտացէ՛ք» Հայոց Սրբազան Լեռներ Խոր Վիրապէն Անդին Ա՛լ Հայաստան Չէ

$
0
0

(Ապրիլեան Խոհեր) (Գ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Տասնամեակներ շարունակ, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, տարագիր հայութիւնը ապրեր է երազային պահեր, գործեր է «տհաս»-օրէն, սերունդներ դաստիարակեր` ռոմանթիկ զգացումներու յագուրդ տալով, Արարատին նայեր է պսպղուն աչքերով, Սասունի ու Վասպուրականի լեռներուն մասին սորվեր է` ժամանակ կորսցնելով, Վանի, Մուշի, Էրզրումի ու Կարսի անունները հոլովեր է անտեղի, հայաշունչ դպրոց ու եկեղեցի, ակումբ ու մշակութային կեդրոններ կառուցեր է աննպատակ, ինչպէս նաեւ` Արցախի ազատագրութեան ու հայոց պետականութեան վերականգնումէն ետք ցոյց տուած իր բոլոր նուիրական աշխատանքները եղեր են անբարեացակամ ու «շահախնդիր»:

Ահաւասիկ հայոց կեանքի հարազատ մէկ պատկերը, ի տես եւ իմացումն այն յայտարարութեան, հայոց պետութեան գլուխին անցած եւ ժողովրդավարօրէն ընտրուած, այսպէս ըսած, պետական գործիչներու, որոնք աւելի քան հինգ տարիէ հայ աշխարհն ու պետականութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի քաոս, անորոշութիւն ու սեւ ապագայ:

Վերեւի մատնանշումը չ՛արդարացներ բոլոր անոնց, որոնք երեսուն տարի եղան հայոց պետականութեան գլխին, իշխանութիւն ու փառք հիւսեցին, թալանեցին, փոխանակ ամրակուռ, կենսունակ, քաղաքական բարձր ունակութեամբ լիացած, տնտեսապէս հզօր Հայաստան ու Արցախ ժառանգելու հետագայ սերունդներու:

Հետեւաբար, եթէ ունինք սուր մեղադրանք, ապա ատիկա առաջին հերթին ուղղուած է «հին»-ներուն, առանց խտրութեան, իսկ այսօր ունինք խոր ընդվզում ու պոռթկում հանդէպ «նոր»-երուն, պարզապէս որովհետեւ 21-րդ դարուն ա՛լ ընդունելի չէ ականատես ըլլալ ներազգային կեանքի այնպիսի խեղճ, թշուառ ու թրքավարի երեւոյթներու, քաղաքական տհասութեան եւ պետական մակարդակի խաղքութեան, որուն հետեւանքը եղաւ ծանր` հայրենիքի կորուստ, ազգային արժանապատուութեան եւ երազի փլուզում, խաղաղութիւն մուրալու դառն իրավիճակ, իսկ ամենաողբալին` դարաւոր թշնամի թուրքին խրտուիլակը ըլլալու պատրաստակամութիւն:

Մէկ կողմէ ահաւոր ու միւս կողմէ ծիծաղելի կացութեան դէմ յանդիման է հայ ժողովուրդը, իր սփիւռքով, հայրենի ժողովուրդով ու պետականութեամբ:

Այս բոլորը կը կատարուին քաղաքական արեւելումներու ճշգրտման դրօշը պարզած հայոց իշխանաւորներու կողմէ, օտարի աչքերուն բարեկարգիչի ու խելացիի պատմուճանը հանդերձածի «տիպար»-ը ներկայացնելու:

Այն օտարին`ամերիկեան, ռուսական, հրէական, անգլիական ու եւրոպական պետական համակարգին գլուխը անցած, որոնց համայնակուլ, վատոգի ու վայրագ քաղաքատնտեսական ծրագիրները բացայայտ են համայն մարդկութեան եւ բոլոր ժամանակներուն: Ապացոյցը`Արցախին վիճակուած դառն ճակատագիրն էր:

Ապրիլի 24:

Հայոց ցեղասպանութեան 109 տարի ետք, հայ ժողովուրդը` ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, կ՛ապրի արտասովոր, բայց «պատմական» օրեր:

Արտասովոր` իր աշխարհաքաղաքական ընկալումներով, իսկ «պատմական»` հայոց ներքին կեանքի մէջ առկայ անըմբռնելի ու միանգամայն դատապարտելի իրերու դրութեամբ:

Արցախի յանձնումէն եւ հայաթափումէն ետք արդէն յստակ կը դառնար հայոց թշնամի երկիրներու նենգ ու դաւադիր գործընթացները` բոլոր մակարդակներու վրայ, աւելի՛ն. տակաւ կը սկսէին բացայայտուիլ ոչ միայն թուրք-ազերի հորդաներու սեւ ու ոճրային ծրագիրները, այլ նաեւ, այսպէս ըսած, հայոց բարեկամ ու դաշնակից կարգ մը երկիրներու լուռ թէ մեղսակից վերաբերումը` քանդելու, մասնատելու, փլուզելու ամէն ինչ որ հայկական է, կորովի, ազատատենչ, ոգի ունի եւ պարուրուած է ազգային արժէքներով:

Դաժան է նաեւ ներազգային կեանքի միւս պատկերը, որ կու գայ պատմութենէն ու կ՛երկարի մինչեւ մեր օրերը: Թուրքի եաթաղան տեսած, անմարդկային ոճիրներ ու Տէր Զօրի անպատներ ապրած հայու մնացորդացը, իսկ վերջին տարիներուն Արցախ կորսնցուցած հայոց պետութիւնը, զուգընթաց կը շարունակեն ցոյց տալ ապազգային եւ ապաբարոյ քաղաքական վարքագիծ, երբ լո՜ւռ ու մունջ կը հետեւին պետականաքանդ գործընթացներու, անտարբերութիւնն ու ոգեկան պարտութեան շղարշը իրենց ուսերուն հանդերձած:

Այո՛, դառնութեամբ յագեցած հոգեվիճակ մը պատած է մեզ` բոլորս, ի տես այն պառակտիչ մօտեցումին, անպարկեշտ կեցուածքին ու քաղաքական թշուառութեան, երբ հայոց պետութեան ներկայացուցիչներ առանց խպնանքի կը յայտարարեն, թէ «Խոր Վիրապէն անդին Հայաստան չէ», աւելի՛ն. «հարկ է ունենալ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու անուանացանկը» եւ այլն:

Առհասարակ ծիծաղելի պատկերներու, սակայն խորապէս ողբերգական կացութեան մը դէմ յանդիման է ամբողջ հայութիւնը իր բոլոր շերտերով եւ կողմնորոշումներով:

Ոեւէ հայ կրնայ հարց տալ, թէ այս աստիճանի, մակարդակի ենք հասե՞ր իբրեւ հայեր, որ մէկ կողմէ կը յոխորտանք մեր հազարամեակներու պատմութեամբ եւ իմաստութեամբ, եւ միւս կողմէ կ՛անգիտանանք այսօրուան մեր կացութիւնը, որ մեզ դէպի անդունդ ու բնաջնջում կրնայ առաջնորդել:

Արդ, ինչո՛ւ զարմանալ երբ Արցախի կորուստով հպարտացող այրեր, այս օրերուն կը փորձեն ուրանալ 1.5 միլիոն նահատակներու թափած արիւնը, քմծիծաղիլ ու հարցականի տակ առնել թուաքանակը, մոռնալ Արարատը, կորուսեալ հայրենիքը:

Ապշիլ լոկ զարհուրելի երեւոյթի մը դիմաց, երբ թուրքի փոխարէն հայու ձեռամբ կը կատարուին այնպիսի ազգաքանդ արարքներ, զորս մեր թշնամիները կ՛երազէին իրագործել:

 21 ապրիլ 2024              

Երբ Դատերը Կը Նոյնանան, Կամ` Երեք Գործընկերներ` Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութեան Մէջ

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի կառոյցներու ղեկավարութիւններուն միասնական որոշումով այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը կը ստանայ իւրայատուկ տարողութիւն: Սփիւռքի սիրտը նկատուող լիբանանահայ գաղութը, որ ծանօթ է համահայկական հարցերուն վերաբերեալ իր հիմնական խօսքը ունենալու յատկանիշով, ազգային միասնական ոգիով որոշեց այս տարի քաղաքական, ժողովրդային եւ քարոզչական մակարդակներու վրայ նոր որակի թափ տալ հայկական պահանջատիրական պայքարի խօսոյթին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն, նաեւ` յաւելեալ կերպով այդ պայքարին վերաբերող քարոզչութիւնը հասանելի դարձնելով լիբանանեան հասարակական կարծիքին:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն որդեգրած միասնական այս որոշումը արդէն իսկ զօրաշարժի ենթարկած է` իր յարանուանութիւններով, զանազան բնոյթի կազմակերպութիւններով, մարզական, սկաուտական, կնոջական, բարեսիրական, մշակութային միութիւններով ու հաստատութիւններով, կրթական հաստատութիւններով եւ ժողովրդային խաւերով: Բաց հրաւէր ուղղուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ու անոր դատի լիբանանցի բարեկամներուն` մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելու ժողովրդային ջահերթին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ այս առիթին նուիրուած հաւաքներուն ու հոգեւոր արարողութիւններուն` գործնապէս իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու համար հայութեան պահանջատիրական պայքարին նկատմամբ, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ արդար հատուցման համար պայքարը միայն հայութեան վերաբերող հարց չէ, այլ աշխարհի տարածքին արդարութեան ձգտող իւրաքանչիւր մարդ անհատի հարցն է:

Ներազգային հարցերու շուրջ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը կրնայ իր սեփական դիրքորոշումը ունենալ, բայց հայութեան հիմնական եւ կեդրոնական հարցին` հայկական պահանջատիրութեան վերաբերեալ բոլոր տարակարծութիւնները, մասնայատուկ դիրքորոշումները մէկ կողմ կը դրուին: Եւ շատ լաւ ու ողջունելի երեւոյթ է, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան միասնական ոգիով ոգեկոչումներուն գծով մէկ քայլ առջեւ նետուած է` առաւելագոյն համակարգուած աշխատանքով լիբանանահայութեան ձայնը քարոզչական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ հասանելի դարձնելու լիբանանեան լրատուադաշտին:

***

Ինչո՞ւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու այս համակարգուած աշխատանքը խիստ կարեւորութիւն կը ստանայ այս տարի: Աշխարհի տարածքին ճգնաժամ է: Միջին Արեւելքի տարածքին ճգնաժամ է: Չդատապարտուած, չպատժուած ցեղասպանութիւնները, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, պատճառ կ՛ըլլան ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յաւելեալ յանցագործութիւններու կրկնութեան: Այն տարածքը, ուր ասկէ 109 տարի առաջ տեղի ունեցաւ հայոց նախճիրը, նոյնպէս այսօր ականատես կը դառնայ ահաւոր արիւնահեղութիւններու:

Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ կրտսեր եղբայր Ազրպէյճանը Արցախի մէջ կրկնեց ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանական արարքներու քաղաքականութիւնը` հասնելու համար իր քաղաքական նպատակներուն` Արցախի հայաթափումով եւ արցախահայութեան հայրենազրկումով: Էրտողանեան բռնատիրական Թուրքիան եւ ալիեւեան բռնատիրական Ազրպէյճանը ձեռք-ձեռքի տուած, կը ձգտին համաթուրանական ծրագիրներու իրագործման` չէզոքացնելով իրենց առջեւ ցցուած որեւէ խոչընդոտ: Մինչ հայութիւնը` արիւնաքամ եղած 44-օրեայ պատերազմին պարտութենէն եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանի իրերայաջորդ կորուստներէն, ներազգային պառակտումէն բզքտուած` կը տուայտի նորովի ազգային օրակարգ ձեւաւորելու դժուարութիւններով…

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դաշնակից կեղծ գոյացութիւն Իսրայէլը, իր սիոնական ցեղապաշտական գաղափարախօսութեամբ, նոյնպէս խիստ շրջափակման կ՛ենթարկէ արաբ բարեկամ պաղեստինցի ժողովուրդը, ցեղասպանական ահաւոր արարքներ կը գործէ անոր նկատմամբ, կ՛արգիլէ մարդասիրական օժանդակութիւններու հասնիլը այդ ժողովուրդին եւ մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումներու կը դիմէ, եւ այս բոլորը` միջազգային խոր լռութեան պայմաններուն մէջ, յար եւ նման` 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք միջազգային հասարակութեան դրսեւորած խոր անտարբերութեան եւ լռութեան: Առաւել, վերջին քանի մը ամիսներուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կալուածներէն «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ ծաւալած իրադարձութիւնները եւ այս գծով հրեայ վերաբնակողներու ու իսրայէլեան ոստիկանութեան սադրանքները` ձեռք դնելու հայապատկան կալուածին վրայ, ապացոյցներ են, որ Սուրբ Հողերուն մէջ հայոց եւ մեր արաբ պաղեստինցի բարեկամներուն հարցերը ներկայիս կը նոյնանան: Միեւնոյն հրեայ արիւնռուշտ վերաբնակողն է, որ կը ձգտի ձեռք դնել հայկական եւ պաղեստինապատկան կալուածներուն վրայ, միեւնոյն սիոնական վարչակարգն է, որ կը ձգտի սուրբ քաղաք Երուսաղէմի դիմագիծը փոխել:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, իրենց քարոզչական արշաւի ծիրին մէջ, ապրիլեան միասնական ոգեկոչումներու նախօրեակին դիպուկ շեշտադրում ըրած են առ այն, որ Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ մետալին տարբեր կողմերը կը ներկայացնեն` իրենց արիւնալի քաղաքականութեամբ: Թուրքիան, Ազրպէյճանը եւ Իսրայէլը փաստօրէն գործընկերներ են անսուրբ դաշինքի մը մէջ` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու առումով:

 

 


Այս Ապրիլը Որքան Տարբեր Է Նախկիններից…

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ 

Այո՛, տարբեր է` մեր տարածքային շարունակուող կորուստներով, մեր տեղահանուած ժողովրդով, մեր անստոյգ ճակատագրով, աշխարհում կատարուող բացայայտ ցեղասպանութեամբ…

Զարմանալի չէ՞, որ 21-րդ դարի առաջին կէսում ցեղասպանութիւն է գործւում բացայայտօրէն եւ այս անգամ ցեղասպանութեան ենթարկուածն է ցեղասպանութիւն գործում: Նա, որ ոչ միայն լիարժէք հատուցում ստացաւ, այլ իր Ողջակիզումը օգտագործեց` որպէս աշխարհում գործուած միակ հրէշաւորը, արհամարհեց, չընդունեց, թոյլ չտուեց ցեղասպանութեան ենթարկուած այլ ժողովուրդների պահանջները լսելի դառնան, ընդունուեն, այն դարձրեց միայն իր մենաշնորհը, աշխարհի գութն ու յարգանքը պարտադրեց իր երբեք չխամրող ողբերգութեան հանդէպ, տարածուեց աշխարհով մէկ, իր ազգային միակամութեամբ ամրացաւ, հզօրացաւ ու իշխեց ամէնուրեք:

Այս ամէնով հանդերձ, հասկացաւ, որ հզօր մնալու համար երկիր է պէտք ունենալ եւ օգտագործելով անպատժելիութեան իր հանդէպ օգտագործուող գործօնները` առիթ ստեղծեց հիմնայատակ ոչնչացնելու իր հինաւուրց հողում ապրող ժողովրդին` նրա տարածքներին ամբողջովին տիրելու, վերջնական երկիր ունենալու համար:

Եւ այսօր իր թիկունքին ունենալով աշխարհի հզօրներին` Պաղեստին անունով հնադարեան մի երկիր է աւերում, կործանում, ժողովրդին մեծից փոքր տեղահանում, սովամահութեան ենթարկում, արգելում նոյնիսկ իբրեւ օգնութիւն ուղարկուած սնունդը:

Եւ այս ամէնն արւում է աշխարհի այսօրուայ արագընթաց լրագրահոսքի ոչինչ թաքցուող եւ հետամուտ աչքի առաջ, եւ սակայն ամէնուրեք կեանքն ընթանում է  նոյն հանդարտութեամբ` անտեսելով, չլսելու տալով որբացած երեխաների ճիչն ու աղաղակը, չտեսնելու տալով միլիոնաւոր ժողովուրդի անտուն-անօթեւան, անասունների հօտի նման տեղից տեղ քշուող վիճակը, մի ողջ ժողովրդի ոչնչացումը:

Եւ այս ամէնն արւում է ինքնապաշտպանութեան, երկրորդ անգամ  ցեղասպանութեան չենթարկուելու քողի տակ:

Սակայն ինչո՞ւ է իմ մէջ կրկին գլուխ բարձրացրել իմ ազգի, իմ ողջ գերդաստանի ապրած ողբերգութիւնը: Ռումբերի, իրենց փլատակուող տների քար ու փոշիների տեղատարափից ոտաբոպիկ, կիսամերկ փախչող պաղեստինցիների փրկութիւն աղերսող, անօգնական վիճակը ինչո՞ւ է իմ մէջ սարսուռ առաջացնում:

Քարերի, խորտակուած շէնքերի, աղբակոյտերի միջով ոտաբոպիկ, անօգնական, դէպի կործանում վազող նրանց անզգայացած վիճակը ինձ տանում է տաք աւազների վրայ քայլող իմ ազգի միլիոնաւոր քարաւանների մէջ, ոտքերս, ուղեղս այրում նոյն տեսարանների կրկնութիւնից:

Իրենց զաւակներին, իրենց հարազատներին կորցրած կամ փնտռող նրանց խելակորոյս ճիչերը ինչո՞ւ են հետապնդում, արթնացնում իմ մէջ այդ ամէնը ապրած մեծ մօրս ճիչերը:

1915 թուականը ե՞տ է եկել, թէ՞ կեանքը կանգ է առել այդ թուի վրայ` որպէս հզօրների շահերին ծառայող, նրանց ոճիրները արդարացնող միակ թիւը աշխարհում:

Այդ ի՞նչ մեծ դաս փոխանցեցին  աշխարհին թուրք ենիչերները, որ այն ձեռքից ձեռք խլեցին «կիրթ» հզօրները, եւ որպէս մարդկութեան երբեւէ յօրինած մեծագոյն «գիւտ»` իրենց շահերին հասնելու համար մինչ օրս օգտագործում են այդ նոյն միջոցները:

Իսկ մենք յիմարաբար 109 տարի մեղադրեցինք աշխարհին` մեր ցեղասպանութեան դէմ իրենց պահած լռութեան համար, խոնարհաբար սպասեցինք, որ այդ նոյն հզօրների արդարամտութիւնը լուծի մեր ԴԱՏԸ, եւ «լուծեցին»` մեզ երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան ենթարկելով:

ՈՐՈ՞ՆՔ ԷԻՆ ՄԵՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐԸ … ՄԻՆՉ ՕՐՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ՀԶՕՐՆԵՐԸ…

Ինչո՞ւ հայերս` որպէս առաջին ցեղասպանուածներ, չկարողացանք աշխարհի ուշադրութիւնն ու գութը շահիլ, որովհետեւ մեզ  քարայրներում ու կիրճերո՞ւմ էին այրել, այլ ոչ թէ` վառարաններո՞ւմ: Որովհետեւ մեր թշնամին անապատներից եկած վայրենիներ էին, որոնք մեզ ոչնչացնելով` հիմք դրեցին Ցեղասպանութեան միջոցով տարածքներ գրաւելու, հզօրանալու ամենահեշտ ձեւին:

Լաւ է, որ գոնէ ցեղասպանութեան ենթարկուածների անմիջական շառաւիղների հերոսութեան շնորհիւ` մեր ձեռքով մեր դատաւորը դարձանք եւ, ըստ արժանուոյն,  «դատեցինք» մեր ազգին ոչնչացրած պարագլուխներին:

Սակայն ինչո՞ւ միայն այդքանով բաւարարուեցինք, ինչո՞ւ այդ ոգին չսերմանեցինք, չաճեցրինք, ազգային պարտադրանք չդարձրինք, որ նոյնիսկ այսօր հանդուրժում ենք թշնամուն առաւելութիւն տուող իշխողներին:

Որովհետեւ 109 տարի մեր յոյսը կապեցինք եւ դեռ շարունակում ենք կապել արտաքին աշխարհի մեզ օրօրող սուտ խոստումներին, տեսնելով հանդերձ, թէ ի՛նչ վարպետութեամբ է թուրքական միտքը այդ նոյն աշխարհում գործում: Ինչպիսի՛ եռանդուն արագութեամբ, լայնածաւալ քարոզչութեամբ, հսկայական դրամ ներդնելով փաստերը կեղծուած, աղաւաղուած ներկայացնում, իր երկրի պատմութեան նոր տարբերակ յօրինում, կաշառում պատմաբաններին, պետական գործիչներին` ցեղասպանի խարանը իր ժողովրդի եւ պետութեան վրայից մէկընդմիշտ մաքրելու, վերացնելու համար:

Վստահ եմ, որ եթէ նրանք` թուրքերը, իմանային, որ 109 տարի անց հայ պետականութեան  մէջ գտնելու են թրքածին համախոհներ, որոնք ինքնակամօրէն մասնակիցն էին դառնալու մեր երկրորդ ցեղասպանութեան, իրենց իսկ ժողովրդին զոհելով` յանձնելու էին հսկայական տարածքներ, հերքելու էին դրանց հայկական պատկանելիութիւնը, դառնալու էին իրենց հաւատարիմ գործակիցը` կատարելով նրանց բոլոր պահանջները, եւ այնքան էին լկտիանալու, որ  ցեղասպանուածների շառաւիղներից պահանջելու էին փաստեր, թուեր, մանրակրկիտ տեղեկութիւններ` հաստատելու համար գործուած ոճիրը, իրենք ի զուր տեղը այդքան երկար տարիներ դրամ չէին վատնի:

Ու մտածում եմ, որ Գերմանիան, եթէ նոյնիսկ իր ողջ կարողութիւնը ներդնէր, կը կարողանա՞ր գտնել թէկուզ մէկ սովորական հրեայ, ոչ պետական անձ, որ հարցականի տակ դնէր իր Ողջակիզումը, կամ ներկայացուող թիւը:

Ուրեմն ամէն ինչից վեր կայ ազգային յատկութիւն, ազգային ինքնագիտակցութիւն, որն անհնար է տրոհել, բաժանել, գնել, վաճառել:

Ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկ այլ երկրում` Ռուանտայում, այս օրերին ազգովին` մեծից փոքր, աշխատում են հաւաքագրել բոլոր տուեալները` ցեղասպանին պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Իսկ մենք դեռ խոնարհօրէն ենթարկւում ենք մեր թշնամու` թուրքի հետ համագործակցած, մեզ երկրորդ ցեղասպանութեանը ենթարկած իշխանութեան հրահանգներին` ի նպաստ այդ նոյն ցեղասպան թշնամու շահերի, որ ձորերում ու կիրճերում, քարանձաւներում ու անապատներում յօշոտուած հայութեան թիւը «ճշդեն»:

Ահա իմ պատասխանը` այդ թրքամէտ ծառայողներին. «ԴՈՒՔ ԹԻ՞Ւ ԷՔ ՈՒԶՈՒՄ, ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՃՇԴԷՔ ԻՄ ՅՕՇՈՏՈՒԱԾ ԱԶԳԻ ԹԻՒԸ, ՈՐԸ ՈՉ ԹԷ ՄԷԿՈՒԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ Է, ԱՅԼ ՉՈՐՍՈՒԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ, ՔԱՆԶԻ ՁԵՐ ՆՄԱՆ ԳՆՈՒԱԾ ԹՐՔԱՄԷՏՆԵՐԸ ՄԵՐ ԹԻՒԸ ՊԱԿԱՍ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑԻՆ:

Հաւաքագրե՞լ էլ ուզում. ԵԿԷՔ` ԱՇԽԱՐՀՈՎ ՄԷԿ ՍՓՌՈՒԱԾ 10 ՄԻԼԻՈՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԱԾՆԵՐԻ ՇԱՌԱՒԻՂՆԵՐԻՑ ՀԱՒԱՔԷՔ ԱՅԴ ԹԻՒԸ ԵՒ, ՎՍՏԱՀ ԵՄ, ԱՆԳԱՄ ԴՈՒՔ ԿԸ ՍՈՍԿԱՔ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՈՂ ԹՈՒԻՑ, ԴՈՒՔ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՆԵՐԻՆ ԱՆԳԷՏ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐԴ:

Ցաւօք, ինչպէս տեսնում էք, մենք տանուլ ենք տուել բոլոր ոլորտներում:

Ահա թէ ինչո՛ւ մեր թշնամին, որն այնքան խորը ուսումնասիրել է մեզ, օրէ օր նոր պահանջներ է ներկայացնում: Հասկանալով նոյնիսկ մեր ունեցած անգնահատելի աշխարհագրական դիրքի հանդէպ մեր անգիտութիւնը, մեր արհամարհանքը, որին տիրանալու համար 100 տարուց աւել անձկօրէն աշխատում էր նա, այսօր վերջապէս իր դարաւոր ծրագիրն էր իրականացնելու` մեզ ոտնատակ տալով ամբողջական թուրանական կայսրութիւն ստեղծելու համար: Եւ այս ամէնը ձեռք  էր բերելու` առանց նեղութեան, առանց իր անունը արատաւորելու, ցեղասպանութեան նախկին սխալը չկրկնելով: Այդ անելու էր հայ յորջորջուող, հայ պետականութեանը իրենց միջոցով  տիրացած Նիկոլի, նրա աջակիցների եւ Ալիեւ կոչուող իր ցեղակցի ձեռքով, որոնք միասնաբար երկրորդ ցեղասպանութիւնն իրականացնելով` տիրացան  Արցախին եւ դեռ շարունակում են տիրանալ հայրենի մեր այլ տարածքներին:

Այնինչ աշխարհում բռնկուած տարածք ձեռք բերելու մոլուցքը այս օրերին առաւել հաստատում է, որ հզօրանալու համար տարածք է պէտք, քո իրաւունքը աշխարհին պարտադրող միասնական ժողովուրդ է պէտք:

Հազարաւոր հեկտարներով տարածքներ առանց աչք թարթելու յանձնուեցին թշնամուն, հարիւր հազարաւոր հայերի առանց սրտացաւի դուրս նետեցին, տեղահանեցին իրենց բնօրրաններից, հազարաւոր խաղաղ բնակիչների գազանաբար սպաննեցին, առեւանգեցին, հազարաւոր ազգային հարստութիւններ` հանքեր, անտառներ, լճեր, գետեր, գործարաններ, դպրոցներ, ազգային հնութիւններ, յուշարձաններ ու հաստատութիւններ հանգիստ սրտով թշնամուն յանձնուեցին:

Եւ այսքանից յետոյ մենք իրաւունք ունե՞նք մեր առաջին ցեղասպանութեան տարելիցը նշելու, չէ՞ որ մեր ցեղասպանութիւնը դեռ շարունակւում է:

Դեռ քանի՞ ցեղասպանութիւն ենք ապրելու, որ սթափուենք, որ` վերջապէս մենք էլ ազգովին ողջ գիտակցութեամբ երդուենք` ԵՐԲԵՔ ԿՐԿԻՆ, ու դառնանք այդ ԵՐԲԵՔԸ իրագործողը:

Կրկին ապրիլ է, եւ վստահ եմ, ինչպէս միշտ, հեզօրէն, գլխահակ ու մեղաւոր, խեղճացած կանգնելու ենք մեր զոհերի յիշատակը յաւերժացնող կոթողի առջեւ` թոյլ տալով, որ մեր ցեղասպանութիւնը ժխտողներն ու նորերը իրագործողները նոյնպէս իրենց ներկայութեամբ պղծեն այդ սրբավայրը եւ յետոյ, սովորականի պէս, մեր պարտքը կատարածի թեթեւութեամբ հեռանալու ենք:

Մեզ թւում է, թէ մեր պարտքը մեր միլիոնաւորների յիշատակը յարգելն է միայն: Ո՛Չ, ՀԱԶԱ՛Ր ԱՆԳԱՄ ՈՉ:

Մեր պարտքը ամէնից առաջ մեր երկիրը այս թրքածին իշխանութիւնից ազատելն է, ջահերով երթը պոռթկումի վերածելը, գալիք ցեղասպանութիւնները կանխելն է:

Յիշենք, որ մենք չենք կատարել մեր զոհերի յանձնառութիւնը, նրանք դեռ հանգիստ չունեն, եւ մենք ինքներս այսօր ինքնակամ զոհեր ենք դարձել մի խումբ ոչնչութիւնների ձեռքին:

Գոնէ այս ապրիլի տարելիցը դարձնենք մեր վերջնական փրկութեան, մեր վերականգնման ամիսը, որ այլեւս ամօթով ու գլխահակ չկանգնենք մեր զոհերի յիշատակի առջեւ: Եւ որ ամենակարեւորն է` ազգովին երդուենք` ԵՐԲԵՔ ԿՐԿԻՆ, ու իրագործենք մեր երդումը:

 

 

Ատանայի Կոտորածը (115-րդ Տարելիցին Առիթով)

$
0
0

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ընթացիկ տարուան ապրիլ ամիսը 115-րդ տարեդարձն է Ատանայի կոտորածին, որուն զոհ գացին շուրջ 30.000 հայեր: 1894-1996 թուականներու համիտեան ջարդերէն ետք, ասիկա երկրորդ լայնատարած համազգային աղէտն էր, որ տեղի կ՛ունենար 1909-ի ապրիլ ամսուն: Կոտորածը կազմակերպուած էր սուլթան Համիտի (1876-1908) համակիր Ահրար կուսակցութեան եւ այլ մոլեռանդ իսլամ յետադիմական տարրերու կողմէ, որոնք հակառակորդ էին իթթիհատական Երիտասարդ թուրքերուն:

Երիտասարդ թուրքերը 10 յունիս 1908-ին տապալեցին սուլթան Համիտի կառավարութիւնը եւ իշխանութեան գլուխը անցան ու «Ազատութիւն եւ հաւասարութիւն» լոզունգներով ոգեւորեցին ամբոխները: Թուրք եւ հայ ու այլ փոքրամասնութիւններ զիրար համբուրեցին եղբայրութեան անունով: Սուլթան Համիտի համակիրները` զայրացած հայ եւ թուրք ժողովուրդներու սերտ կապերէն, ուզեցին վրէժ առնել` գրգռելով թուրք մոլեռանդ մարդիկ, որպէսզի դաս մը սորվեցնեն Համիտի հակառակորդներուն: Կոտորածի նախորդ օրերուն արդէն  պրկուած մթնոլորտ մը կը տիրէր, եւ սկսած էին նաեւ հակահայ քարոզութիւններ:

Իթթիհատ վէ թերաքը` Երիտասարդ թուրքերու վարչակազմը, թէեւ առերեւոյթ ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն կը քարոզէր, բայց, ըստ էութեան, փոքրամասնութիւններու հակառակ էր:  Երիտասարդ թուրքերու ծածուկ նպատակն էր ձուլել ոչ իսլամ տարրերը եւ համաթրքական հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել: Այդ պատճառով էր, որ երբ 1909-ի ապրիլ 1-ին թուրքերու առաջին յարձակումը սկսաւ Ատանայի հայկական թաղերուն վրայ, թուրք ոստիկանութիւնը միացաւ խուժանին եւ մասնակցեցաւ ջարդերուն: Անտարակոյս իթթիհատականներ լռելեայն իրենց հաւանութիւնը տուած էին Ատանայի կոտորածին: Երեւոյթները փրկելու համար էր, որ անոնք դատապարտեցին պատահած աղէտը: Երբ հայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներ իրենց ցասումը յայտնեցին եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին, անոնք ուրացան իրենց ջարդարարի դերը եւ համաձայնեցան քննիչ յանձնախումբ մը նշանակել` ատենապետութեամբ երեսփոխան Յակոբ Պապիկեանի: Պապիկեանի տեղեկագիրը լոյս չտեսաւ, քանի որ տեղեկագիր պատրաստող հայ երեսփոխանը առաւօտ մը իր ննջարանին մէջ խորհրդաւոր պայմաններուն մէջ խեղդամահ գտան:

Անկասկած Ատանայի կոտորածը նախափորձը դարձաւ Երիտասարդ թուրքերու համաթուրանական քաղաքականութեան: Քանի մը տարի ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը, լրումը պիտի ըլլար իրենց կանխամտածած ցեղասպանութեան, որով կը յուսային լուծել Հայկական հարցը:

Դժբախտաբար մեր եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը միամտաբար խաբուեցան կեղծաւոր եւ նենգամիտ իթթիհատական Երիտասարդ թուրքերէն եւ չկրցան նախատեսել վերահաս վտանգը:

Երբ թուրք խուժանը հայկական թաղերու վրայ յարձակում գործեց 1909-ի ապրիլ 1 թուականին, հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին: Այդ ատեն Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը անգլիական հիւպատոսին միջնորդութիւնը խնդրեց, որպէսզի խռովութիւններուն վերջ դնելու համար, հայերը իրենց զէնքերը յանձնեն կառավարութեան: Հիւպատոսը իր տխուր առաքելութիւնը կատարեց, եւ հայեր յանձնեցին իրենց զէնքերը:

Թրքական ջարդերը շարունակուեցան եւ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը գործնապէս չմիջամտեց: Արդիւնքը ահաւոր եւ եղերական եղաւ: Ատանայի նահանգին մէջ տարբեր քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու մէջ մօտաւորապէս 30.000 անմեղ հայեր զոհ գացին: Եկեղեցիներ, դպրոցներ, բարեսիրական եւ մշակութային կեդրոններ քանդուեցան: Բազմաթիւ որբեր եւ որբեւայրիներ անպատսպար մնացին:

Դժբախտաբար Երիտասարդ թուրքեր չընդունեցին իրենց դերակատարութիւնը Ատանայի կոտորածին մէջ: Այդ եղեռնը նախադուռը եղաւ քանի մը տարի ետք տեղի ունեցող Հայոց ցեղասպանութեան:

Ապրիլ 1909-էն ապրիլ 2024-ը` հարիւր տասնհինգ տարի… Այսօր, 115 տարի ետք, մենք իբրեւ ազգ` կանք ու կը մնանք, զոհի հոգեբանութենէն դուրս ելած` վերածնած ենք: Ատանայի կոտորածին 115-ամեակը վերանորոգման տարեդարձ մըն է` մեր կորսուած իրաւունքներու պահանջատիրութեան, մեր վերանորոգման, մեր կենսունակութեան եւ վերակերտման վճռակամութիւնը վկայող հանգրուան մը: Միանգամայն սոյն տարեդարձը անցեալէն դասեր սորվելու դիպուկ առիթ մըն է, որ` մեր ազգային կենսական հարցերու մէջ միամիտ եւ պատրանախաբ չըլլանք, այլ միշտ իրատես ու հեռատես, շրջահայեաց եւ իմաստուն ըլլանք. Օտարներու օգնութիւնը հայցենք, բայց օտարներէն փրկութիւն չսպասենք, որովհետեւ վերջին հաշուով մեր սեփական միջոցներով միայն կրնանք տիրանալ մեր իրաւունքներուն: Ուրեմն անհրաժեշտ է միաբան ու միակամ ըլլալ: Բաւարար չէ միասնականութեան մասին տարին օր մը կամ հազուադէպ ոգեկոչական հանդիսութեան առիթներով միայն մտածել, այլ հարկ է զայն մեր առօրեային հետ շաղկապել, միասնական ճակատով թիկունք կանգնիլ Հայ դատին:

 

 

 

Վերանորոգում Յարատեւ Պայքարին

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 ապրիլը, գրեթէ վաթսուն տարիներէ ի վեր կը համարուի Հայ դատի այժմէականացման համար մղուած պայքարին յարատեւման յիշեցման առիթը: Ցեղասպանութեան յիսնամեակին, այն ժամանակ տակաւին Հայկական եղեռն անուանում ունեցող ազգային չարաղէտ դէպքը համահայկական հնչեղութիւն ստացաւ. Խորհրդային Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները ապրող հայերը մէկ կողմ դրին մինչ այդ Եղեռնի լացակումած ոգեկոչումները եւ հրապարակները ողողեցին պահանջատիրական կոչերով:

Այդ յիշարժան թուականէն ի վեր խօսած ենք պայքարի այժմէականացման մասին` հայութեան պայքարը ժամանակի հրամայականներուն յարմարցնելու նպատակով: Կատարուեցան ուսումնասիրութիւններ, գրուեցան յօդուածներ օտար մամուլի մէջ, եղան հանդիպումներ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, կազմակերպուեցան ցոյցեր ու հաւաքներ, եղան քայլարշաւներ: Տասնամեակ մը ետք, երբ կատարուած աշխատանքները եւ կազմուած Հայ դատի յանձնախումբերու դիմումները անարդիւնք մնացին, յառաջացան գաղտնի կազմակերպութիւններ, որոնք փորձեցին ուժային միջոցներով արդիւնքի մը հասնիլ: Արդար է հարց տալ, թէ ի՞նչ արդիւնքի մասին է խօսքը: Հակառակ Հայ դատի պայքարին ընթացքին հայութեան մէջ յառաջացած սրտառուչ միասնականութեան, մի՛շտ կը մնար հարցումը. ի՞նչ կը պահանջէ հայութիւնը:

Նոյնիսկ երբ որոշ տարելիցներու առիթով եղան համատեղ յայտարարութիւններ, Ցեղասպանութեան վերաբերող լոզունգը մնաց «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» տարազը:

Պայքարը հիմնականօրէն սփիւռքին յատուկ էր: Խորհրդային Հայաստանի մտաւորականութեան եւ նոյնիսկ իշխանութիւններու քաջալերանքը առկայ էր: Հայաստանի մէջ կը յիշէին եւ հաւատարիմ Խորհրդային Միութեան արտաքին քաղաքականութեան` չէին մասնակցեր յիշեցնելու արշաւին եւ պահանջատիրական պայքարին:

Սփիւռքը, քաղաքական համաշխարհային դրուածքին բերումով, չէր կրնար այժմէական քաղաքական հարցի վերածել Հայ դատը: Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ընդունումը աշխարհի պետութիւններուն կողմէ` սփիւռքահայ համայնքներու ու կազմակերպութիւններու հասողութեան առաւելագոյն սահմանը կը կազմէին: Ցրուած աշխարհի տարածքին, իրարմէ տարբեր ու տարատեսակ վարչաձեւերու տակ ապրող հայութիւնը աւելին չէր կրնար իրագործել: Իսկ իրագործուածը տպաւորիչ է. բազմաթիւ երկիրներ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, իսկ սփիւռքահայ գաղութներուն մեծամասնութիւնը հայապահպանումէն անցաւ քաղաքականացման:

Բնականաբար իրագործուածը բաւարար չէր: Աւելիին համար, այսինքն` Հայ դատի պահանջատիրութիւնը քաղաքական բախումի վերածելու համար, անհրաժեշտ էր Հայ դատի ճշմարիտ իրաւատիրոջ` Հայաստանի նախաձեռնութիւնը: Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները ի վիճակի չէին, նոյնիսկ եթէ տենչային, դիմելու նման նախաձեռնութեան: Անկախութիւն պէտք էր, ազատ որոշման հնարաւորութիւն պէտք էր Հայ դատը պետական քաղաքականութեան վերածելու համար:

Անկախութեան նախօրեակին, երբ կը մշակուէր Անկախութեան հռչակագիրը, Խորհրդային Հայաստանի վերջին, բայց բազմակուսակցական Գերագոյն խորհուրդին կողմէ, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ամէնէն թէժ տարակարծութիւններու առարկայ դարձաւ: Ի վերջոյ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման սատարելու պահանջը ներառուեցաւ հռչակագիրին մէջ: Ոչ թէ ստանձնում, այլ՜ միայն սատարում:

Պէտք եղաւ երկար տարիներ սպասել, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մաս հռչակուի Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Տատամսոտ քայլերով հայրենի իշխանութիւնները միացան սփիւռքահայութեան պայքարին եւ նպաստեցին բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ստեղծուած համահայկական յանձնաժողովը կարեւոր քայլ էր Հայաստանի եւ սփիւռքի միասնական գործունէութեան ճամբուն վրայ, իսկ 2014-ի հինգերորդ Համահայկական խորհրդաժողովը որոշեց ստեղծել «Համահայկական խորհուրդ մը, որուն գործնականացումով զբաղեցաւ վեցերորդ խորհրդաժողովը (2017)` սփիւռքի նախարարութեան յանձնարարելով իրագործումը Համահայկական խորհուրդին:

Ափսոս, սակայն, Հայաստանի Հանրապետութեան 2018-ի իշխանափոխութիւնը գլխիվայր շրջեց կանխատեսումները. Արցախի ազատագրումը եւ հայկական երկրորդ պետականութեան ստեղծումը Հայ դատի պայքարի յաղթական հանգրուան համարելու բոլոր տուեալները ունէինք: Նահանջեցինք Արցախէն: Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը եւ Հայ դատի հետապնդումը հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ համարուեցան վնասակար Հայաստանի անվտանգութեան համար: Պատմական Հայաստանը, ուրիշ խօսքով` Հայաստանը, հակոտնեայ համարուեցաւ «իսկական» Հայաստանին, որ ներկայի անորոշ սահմաններով  Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Հաւասարութիւն դրուեցաւ պետութիւն եւ հայրենիք հասկացողութիւններուն միջեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը յանգեցաւ աւելի քան հարիւրամեայ պայքարներուն, զոհողութիւններուն միջոցով իրագործուած յառաջդիմութեան դատարկումին: Հայութիւնը կը վերադառնայ Ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակի իրավիճակին:

Հայ դատի պայքարը վերստին ստեղծելու հարկադրանքին տակ է այսօր հայ ժողովուրդը: Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով վերսկսած Հայ դատի պայքարը այժմէականացնելու հարկադրանքին տակ ենք, հաւատարիմ` Քրիստափոր Միքայէլեանի բնորոշած յարատեւ պայքարի աւանդին:

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի, Բայց Մի՛ Ներէք Իրենց

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

24 ապրիլը վստահօրէն հայոց պատմութեան այն եզակի թուականն է, երբ մեր ազգին զաւակները տարբեր յարանուանութիւններով եւ ազգային գունաւորումներով կը միանան` յարգանք մատուցելու եւ խոնարհելու անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ, յիշելով եւ յիշեցնելով ամբողջ աշխարհին անմարդկային եւ հրէշային արարքը` Հայոց ցեղասպանութիւնը:

109 երկար տարիներ ետք, տակաւին մեր վէրքերը ամբողջովին չեն դարմանուած: Մինչեւ այսօր մենք կը սգանք մեր անմեղ նահատակներուն կորուստը եւ սերունդէ սերունդ մեր զաւակները կը դաստիարակենք` սորվեցնելով, որ  յարգեն յիշատակը նահատակներուն, նաեւ` պահանջատէր մնալ` անսակարկ նուիրումով, մինչեւ արդար հատուցում:

Այս իրավիճակին նկատմամբ անտարբերութիւնը անհանդուրժելի եւ վտանգաւոր է, բայց շատ աւելի վատ եւ սահմռկեցուցիչ է այն, երբ կը լսենք, որ  Հայաստանի կառավարութեան մէջ պատասխանատու անձեր կը փորձեն «հերքում» կամ «անդամահատութիւն» կատարել Հայոց ցեղասպանութեան` առաջարկելով կազմել յանձնախումբ` որպէսզի աւելի «գիտական» եւ «առարկայական» մօտեցման համար ցանկագրեն բոլոր նահատակներուն անունները, աւելի «իրապաշտ» ըլլան իրենց սերտողութեան մէջ, որովհետեւ կ՛ենթադրեն, որ շատ մը թիւեր «չափազանցուած» են:

Ինչպէ՞ս կարելի է այս տեսակի մօտեցում ունենալ քո՛ւ ազգիդ Ցեղասպանութեան հանդէպ: Ինչպէ՞ս կարելի է այս տեսակի անտեղի արտայայտութիւններ ունենալ, երբ տակաւին մեր ազգին վէրքերը չեն դարմանուած, եւ մենք կը տանջուինք ու կը սգանք մեր նահատակները: Ինչպէ՞ս կարելի է այս տեսակի անհեթեթ գաղափարներ եւ ծրագիրներ յառաջացնել, երբ օտար պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, ատեաններ արդէն իսկ ընդունած են քո՛ւ ազգիդ Ցեղասպանութիւնը, իսկ դո՛ւն կը համարձակիս այդ մէկը վերատեսութեան ենթարկել:

Դուք կը պղծէ՛ք յիշատակը մեր նահատակներուն, եւ ձեր այս հրէշային արարքով հայ ազգը կ՛ունենայ երկու ցեղասպանութիւն` առաջինը թուրքին ձեռքով, իսկ երկրորդը` հայ անարգոյ «եղբայրներու» ձեռքերով:

Ներեցէ՛ք մեզի, յարգելի մեծ հայրեր, որ չկրցանք նախատեսել այս պատահածը, բայց մի՛ ներէք իրենց, որովհետեւ կը պղծեն ձեր յիշատակը:

Ներեցէ՛ք մեզի, յարգելի մեծ հայրեր, որ մեր վերանկախացած երազային հայրենիքը, որ դարեր շարունակ երազեցինք եւ իրեն համար ծով արիւն թափեցինք, ահա թէ ա՛յս մտայնութեամբ հայորդիներով կը ղեկավարուի. բայց մի՛ ներէք իրենց, որովհետեւ շատ լաւ գիտեն` ինչ կ՛ընեն: Արդեօք այս բոլորը մաս չե՞ն կազմեր այն «մութ ծրագիրներու» շարանին, որ սկսաւ ամբողջ հայկական Արցախը յանձնելով, ապա` բանակի տրուած կրօնի դասընթացքները ջնջելով, դպրոցներու մէջ հայոց լեզուի պահերը պակսեցնելով, սահմանամերձ հայկական գիւղեր թշնամիներուն յանձնելով, յիշելու համար պարզապէս քանի մը կէտեր:

Այո՛, ազգային իմաստով շատ դժուար օրեր կ՛ապրինք, բայց երբե՛ք չկարծէք, թէ կրնաք վաճառել մեր հայրենիքը, մեր ազգային շահերն ու իրաւունքները: Պատմութեան մէջ շատ անգամ ունեցած ենք դաւաճան Վասակներ, բայց նաեւ ունեցած ենք Արամներ. Վասակները եկած են ու անցած, իսկ Արամները` հայրենիք կերտած: Արդարեւ, շատ յստակ է ձեր տեղը պատմութեան էջերուն մէջ:

Ուստի, ապրիլ 24-ի ոգեկոչման առթիւ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրող որբերու սերունդին, կը վերանորոգենք մեր անսակարկ նուիրումը` շարունակելով մեր պայքարը մինչեւ իրաւունքներու արդար տիրացում:

 

 

Հաւատարմութիւն Մեր Դատին Ու Ազգային Արմատներուն

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ապրիլ 24-ը հոմանիշ է Հայ դատին, այսինքն` մեր խլուած-անտեսուած իրաւունքներուն ու անոնց կենսագործման հետապնդումին:

Երբ կ՛ըսենք ԻՐԱՒՈՒՆՔ, ի մտի չունինք միայն 109 տարի առաջ սկսած Ցեղասպանութեան զոհերու արեան ու մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման դիմաց փոխհատուցում, մեր հողային կորուստներուն վերականգնում (շարքը երկար է), այլ նաեւ` երէկ ու այսօր հայրենիքի հողին վրայ ապրող հայուն, սփիւռքով մէկ տարածուած հայութեան տնտեսական, մշակութային եւ, մէկ խօսքով, լինելութեան երաշխաւորման կենսագործում: Մէկ խօսքով, մեր Դատը ունի բազմաթիւ երեսներ, որոնց շարքին քաղաքական պահանջատիրութիւնը, այլապէս բազմաթիւ երեսներով, ամէնէն առաջնահերթն է: Անոր կենսագործումը ինքնին երաշխիք է մեր ազգի թիւի աճին եւ բարգաւաճման:

Մեր Դատի հետապնդումը կտրած է բազմաթիւ հանգրուաններ` սկսելով ճանաչումէն, մինչեւ բազմակողմանի հատուցման պահանջատիրութիւնը: Խորքին մէջ ապրիլ 24-ը, ըստ էութեան, խորհրդանիշ դարձած թուական մըն է, հանգրուան, որովհետեւ մեր իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարը, աշխատանքը ամէն օր շարունակուող ԳՈՐԾ է: Մեկնակէտը միայն 1915-ի ջարդերը, հողերու բռնագրաւումը չեն, այլ ունի «յետադարձ» տարածք, կը հասնի մինչեւ այն փուլերը, երբ մեր ժողովուրդը թիրախ էր բռնատէրերու հալածանքներուն ու բռնադատութիւններուն. անոր մաս կը կազմեն այն փուլերը, երբ հայը իրաւազրկումներու եւ անարդար վերաբերմունքի խաղալիք դարձած է նա՛եւ սեփական իշխանութիւններու կողմէ: Իսկ վախճանակէտը, աւելորդ է կրկնել, մեր ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ճանաչումը, հաստատումն ու իրականացումն են:

Բազմաճիւղ Պայքար

Մեր իրաւունքներուն համար մեր պայքարը միշտ ալ ընթացած է բազմաթիւ գիծերով, ընդգրկած է բազում ճիւղեր, մինչեւ իսկ այն օրէն ետք, երբ Խրիմեան Հայրիկ պատգամեց, որ պէտք է «երկաթէ շերեփ» գործածել` փոխան «թուղթէ շերեփ»-ի: Խրիմեան Հայրիկ իրաւունք ունէր նման եզրակացութեան հասնելու, որովհետեւ Պերլինի մէջ ունեցած էր դաժան փորձառութիւն մը, ըմպած էր հիասթափութեան ու յուսախաբութեան դառն բաժակը: Անոր պատգամին մէկ արդիւնքն էր «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» նշանախօսքին բիւրեղացումը, որ հայկական յեղափոխութեան տուաւ ձեւ-կերպարանք, ձեւով մը միացուց արդարութեան հետամուտ ձեռքերը: Չմոռնանք, որ բռնատիրութեան դէմ ծառացումը մինչ այդ կտրած էր բազմաթիւ հանգրուաններ` առաւելաբար յենելով սեփական բազուկին: Այդ պատգամին արձագանգները կրողներն էին արմենականները, հնչակեանները, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, արմենականներու ժառանգորդ` Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը եւ նուազ անուանի ու համեմատաբար կարճ կեանք ունեցած կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ:

Յաջորդ տասնամեակները ցոյց տուին, որ Խրիմեան Հայրիկի պատգամը, ճշմարիտ ըլլալով հանդերձ, բոլորովին չէր ժխտեր միւս գիծը` քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքի դաշտերը, որոնք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սկիզբ առած էին 17-րդ դարուն` Էջմիածնայ ժողովով, որուն հետեւած է Իսրայէլ Օրիի առաքելութիւնը: Անիմաստ է այսօր, աւելի քան երկու դար ետք, քննադատական մեկնաբանութիւններ արձակել դէպի արեւմուտք ու հիւսիս սեւեռելու այդ քաղաքականութեան հասցէին, որովհետեւ դէպքերն ու վիճակները պէտք է տեսնել եւ քննարկել անոնց ծնունդ տուած պայմաններուն, օրուան մտածողութեան տեսանկիւնէն: Իսկ թէ տեղ մը սխալ եղած է, կամ` թերութիւն արձանագրուած, այսօր շատ աւելի դիւրին է գնահատականներ տալը, որովհետեւ ժամանակ կոչուած գորգը բաւական լայն տարածքով հիւսուած է, սկզբնական թելերը մաս կը կազմեն ամբողջութեան, ըստ էութեան, հե՛նքն են իրականացածներուն: Աւելի՛ն. ժամանակ-գորգն իսկ մեզի կը թելադրէ յստակօրէն տարբերել թշնամին ու բարեկամը, չանտեսել պատմութեան դասերը եւ առաջնորդուիլ անկէ բխած փորձառութիւններուն թելադրանքներով: Երբ կը խօսինք «իրատես քաղաքականութիւն» որդեգրելու մասին, այս ճշմարտութիւնը կարելի չէ մտահան ընել, բայց մանաւանդ… դրժել ու ոտնակոխ ընել (ինչպէս որ ոտնակոխ կ՛ըլլան հինէն եկող արժէքներ, աւանդութիւններ):

Եւ ի՞նչ պատկերով կը ներկայանայ աւելի քան երկու դարու վրայ հիւսուած գորգը: Անիկա բազմագոյն է: Ամէնէն կարմիր ու սեւ թելերը, տարածքները բնականաբար հիւսուած են ջարդերու, հալածանքներու, անոնց դէմ պայքարի թելերով, անցնելով նոյնինքն Ցեղասպանութենէն մինչեւ հերոսամարտեր, անկախութեան ծնունդ, կորուստ, արցախեան շարժում, իրերայաջորդ ճակատումներ` նա՛եւ ցեղասպանին աջակցութիւնը ունեցող Ազրպէյճանի դէմ, յաղթանակներ ու նոր կորուստներ, հասնելու համար ապրող փուլին, երբ հողահաւաքի մեր պայքարը ծանր հարուած ստացաւ աւելի քան 7 ամիս առաջ, Արցախի վերջին մասին կորուստով ու ժողովուրդին բռնագաղթով: Այս փուլը դժբախտաբար աւարտի մը չէ հասած, ինչպէս պատահեցաւ 1915-էն քանի մը տարի ետք` Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդով, անոր ընկերացած տաք ու պաղ օրերով, Հայաստանի խորհրդայնացումով եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէկ փոքր մասին պահպանումով, վերապրողներու փրկութեամբ ու սփիւռքի  մէջ հայ փիւնիկին վերազարթնումով: Այս սիւնակին մէջ աւելորդ կը նկատենք երկար խօսիլ մօտաւոր կամ աւելի հեռու անցեալին հիւսուած բազմագոյն գորգին սա կամ նա մանրամասնութեան մասին, որովհետեւ անոնք ծանօթ են ըստ ամենայնի, ծանօթ են մանաւանդ արդիւնքները այն պայքարին, ճիգերուն, որոնք հայուն կողմէ ի գործ դրուած են երկաթէ եւ թուղթէ շերեփներու միաժամանակ, կամ փոխն ի փոխ գործածութեամբ: Վկայ` Ցեղասպանութեան ու Արցախի իրաւունքներուն միջազգային ճանաչման փաստագրեալ թղթածրարները, վկա՛յ` հայուն ուժական պայքարին հաւատարմութեամբ` շուրջ 50 տարի առաջ վերականգնած եւ շօշափելի արդիւնքի հասած հակաթուրք ուժական պայքարը: Անոնք պիտի ծառայեն յենարան` մեր շարունակուող պայքարին:

Պայքարի Գիծերը` Այսօր

Անցեալէն եկած պայքարի ու պահանջատիրութեան գիծերը ի զօրու են նաեւ այսօր, ո՛չ միայն անոր համար, որ Ցեղասպանութեան եւ Արցախի իրաւունքներուն ճանաչումը ետ կը մնայ գործնական արդիւնքէ (իրականացածը արհամարհելի կամ անտեսելի չէ), այլ որովհետեւ «անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ», քաղաքական մեր կամքը կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, իսկ այդ մարտահրաւէրներէն մաս մը կը սպառնայ նահանջի մատնել, խորտակե՛լ այդ կամքը, ինչպէս որ արդէն որոշ ձեւերով կը փոշիացնէ անցեալ տասնամեակներու ձեռքբերումները:

Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ մեր պայքարը կը տարուի բազմաճիւղ գիծերով, որոնցմէ գլխաւորներն են ներքին ու արտաքին դաշտերը: Ու եթէ արտաքին դաշտերու մէջ տարուող աշխատանքը բնական շարունակութիւնն է գոնէ Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ասդին բացուած նոր ուղիներուն (հոս ալ նախընթաց տարիները չենք արհամարհեր), ներքին դաշտին մէջ կան նորութիւններ, այն ալ` ինչպիսի՜ այլանդակ ու աներեւակայելի նորութիւններ:

Քանի մը խօսք` արտաքին գիծերուն նկարագիրին մասին:

Մեր պայքարը հիմնականին մէջ ուղղուած էր ցեղասպան պետութեան դէմ, իսկ պահանջը կ՛ամփոփուէր նահատակներուն ու խլուած-բռնագրաւուած հողերուն դիմաց հատուցումով: Այս մասին վէճ չկայ, չի կրնար վէճ ըլլալ: Կարեւոր նախապայման էր ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ թէ՛ միջազգային ընտանիքին եւ թէ՛ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ, իսկ յաջորդ բնական քայլերը պիտի ըլլային (եւ պիտի ըլլա՛ն) արդար հատուցումը: Մեր պայքարի սկզբնական փուլին Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը ուժեղ չէր, որովհետեւ ոճրագործ պետութիւնը տարուած էր դահճապետի մը այն խօսքով, որ միայն մէկ հայ պիտի ձգուի իբրեւ թանգարանային նմուշ: Յետոյ թուղթէ եւ երկաթէ շերեփները զգացուցին Թուրքիոյ ու զայն հովանաւորողներուն, որ թանգարանին պատերը ճաթած են, խորտակուած, ու իրաւատէր հայը ձեռք առած է իր իրաւունքներուն հետապնդման ղեկը: Անմիջապէս ըսենք, որ սա առաւելաբար հայո՛ւն ձեռքերով կատարուեցաւ, հիմնականին մէջ` ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերուն ու գործիչներուն ձեռքով (օրինակի համար, Ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿ-ի տեղեկագիրներու պատրաստութիւն, ապա նաեւ` միջազգային ատեաններու յայտարարութիւններ, անհատ պետութիւններու ճանաչողական կեցուածքներ…): Պէտք է յիշենք, որ այդ փուլին Հայաստան կը գտնուէր խորհրդայիններու հրամանին ենթակայ, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան 50-ամեակի յիշատակումը վեր բարձրացուցած էր Մոսկուայի յօնքերը, իսկ հայկական այլ կազմակերպութիւններ հակամէտ էին երգելու Երեւանէն շարժող ճպոտին թելադրանքներով: Մինչեւ իսկ երբ անկախական առաջին հովերը սկսան փչել 1980-ականներու վերջերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը հանդիսացած եռագոյնը կը մնար խծբծանքի առարկայ, որովհետեւ խեղաթիւրողները զայն կոչած էին… դաշնակցական դրօշակ: Ի պատիւ այդ փաղանգներուն` անկախութեան դրօշակը ի վերջով որդեգրուեցաւ բոլորին կողմէ, ծածանեցաւ վերանկախացած Հայաստանի պետական հաստատութեանց վերեւ, հալեցան վերջին վերապահութիւնները…

Մինչ այդ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը սկսաւ թափ ստանալ: Տասնամեակներու ուրացման եւ ժխտողականութեան յաջորդեց երեւութական, մի՛այն երեւութական մեղմացում մը, ու Թուրքիա հրապարակ նետեց «տեսութիւն» մը. եկէ՛ք, ինչ որ եղած է անցեալին, ըսենք` եղածը եղած է, պատահած են ցաւալի դէպքեր, չմնանք անոնց պատանդը, իսկ եթէ պէտք է բան մը ընել, այդ հարցին քննարկումը ձգենք պատմաբաններու, թող անոնք զբաղին նման հարցերով, իսկ հայն ու Հայաստանը հրաւիրուած են քայլ պահելու նոր ժամանակներուն հետ, կարելի է մոռնալ անցեալի դառն էջերը եւ բանալ գործակցութեան, բարեկամութեան նոր դարաշրջան մը:

Թոյնի կաթիլը պտիկ մը ազդեցութիւն ունեցաւ հայութեան դաշտին մէջ, յետոյ սկսաւ աւելի տարածուն դառնալ, որովհետեւ Թուրքիա եւ հովանաւորները գտան հայանուն գործակիցներ, վարձկաններ, իսկ հիմա արդէն ձեւով մը որդեգրուած է Երեւանի իշխանաւորներուն կողմէ, սկսած է ուրուագծուիլ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն:

Հայ-թուրք հակաճառութեան սկզբնական փուլին հրապարակ եկան քաղաքական մարդիկ, պատմագէտնե՜ր, որոնք յանկարծ կարծեցին, թէ իրենց համար օգտակար աշխատանքի դաշտ մը կը հրամցուի «դարձի գալու պատրաստ» թշնամիին կողմէ: Այս ալիքին թափ տուին քանի մը թուրք ընդդիմադիրներ, որոնք տարաբնոյթ հաշուարկներով սկսան խօսիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ-թուրք բարեկամութեան մասին (չենք անտեսեր, որ հարցեր ունէին իրենց կառավարութեան հետ, չըսելու համար, որ մաս մըն ալ… անոր գործակալներն էին: Բոլորը նոյն տոպրակին մէջ չենք դներ): Հատուցման, բռնագրաւուած հողերու վերադարձի իրաւունքները կամաց-կամաց դուրս քշուեցան օրակարգէն (սկիզբը փորձով, յետոյ, ու մինչեւ հիմա ալ` յստակ քաղաքականութեան մը դրդումով): Համաթուրանականութեան իրականացման մէկ ճի՛ւղը դարձաւ այս քաղաքականութիւնը: Այսօր անիկա արդէն շատ աւելի հնչեղ դարձած է Երեւանի մէջ: «Թուրքին հետ պէտք չէ վերաբերինք իբրեւ թշնամիի», «թուրքին հետ կարելի է գործակցիլ», «պէտք է պրպտենք, թէ ջարդերը ինչո՞ւ պատահած են, մի գուցէ հայկական կողմը մեղքի բաժին ունի» եւ նման թրքադրոշմ «տեսութիւններ», ցնդաբանութիւններ կը քարոզուին օր ցերեկով, պաշտօնական անձերու եւ աղբիւրներու բերնով:

Եթէ քիչ մըն ալ մնանք արտաքին դաշտերուն մէջ, պիտի յիշենք, որ հոն երեւան եկան երկու գլխաւոր գիծեր: Մեր ճիգերուն իբրեւ արդիւնք, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւաբար նաեւ` փոխհատուցման տրամաբանութիւնը, սկսան հող շահիլ աշխարհի տարածքին, մեծ ու փոքր պետութիւններու կողմէ, նախ` Հայ դատի յանձնախումբերուն աշխատանքին շնորհիւ, ապա, վերանկախացումէն ետք, որոշ չափով նաեւ Երեւանի աջակցութեամբ: Այս ծիրին մէջ բարձրակէտեր արձանագրուեցան, օրինակի համար, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու խորհրդարանը ի վերջոյ յականէ անուանէ ճանչցան Ցեղասպանութիւնը: Թէեւ Երեւան միշտ ալ մնաց այն տեսակէտին վրայ, թէ Հայաստան ոեւէ մէկէն հողային պահանջ չունի, սակայն Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի կանգնումէն մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը` միջազգային բարձրագոյն մակարդակի մասնակցութեամբ, վկայութիւնն էին, եւ են, այլ բանի, թէ ՀԱՅԸ, եթէ ո՛չ` Հայաստանի կառավարութիւն(ներ)ը, հողային եւ հատուցման պահանջներ ունի Թուրքիայէն ու անոր ոճրակից Ազրպէյճանէն: Միւս գիծը զարգացաւ ժխտողականութեան նոր ալիքներով ու հնարքներով:

Այլանդակութեան Էջի Բացում

Քիչ առաջ ակնարկեցինք, որ վերջին տարիներուն մեր Դատի հետապնդման աշխատանքները հարուած ստացած են Երեւանի վարիչներուն որդեգրած այլանդակ ընթացքին պատճառով, ընթացք մը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը թելադրուի Թուրքիայէն ու անոր գործակիցներէն:

Էջին բացման ազդանշանը տրուեցաւ արեւմուտքցի կարգ մը պաշտօնատարներու Հայաստան այցելութեան եւ «հին կարծրատիպերէն հրաժարելու» (եւ այլ) յորդորներու ճամբով: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ Երեւանի իշխանաւորները պատրաստ են գրկաբաց ընդառաջելու նման թելադրանքներու, շեշտե՛նք` հրահանգներու, որոնք, ըստ էութեան, թրքաբոյր էին: Թուրքիա եւ իր գործակիցները արդէն «անցեալին քննարկումը պատմաբաններուն թողունք»-ի տրամաբանութենէն քանի մը քայլ առջեւ անցած են, յստակօրէն կը պահանջեն մոռնալ Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող որեւէ իրաւունք, պահանջատիրութիւն, իսկ Երեւանի ՔՊ-ականները, մինչեւ իսկ պատմութիւնը «վերախմբագրելու» տենդով, լիարժէքօրէն կը շարժին նման հրահանգներով, չեն վրդովիր, եթէ զիրենք թուրք որակեն: Մինչեւ իսկ խծբծանքի առարկայ կը դարձնեն այն, որ հայը թո՛ւրքը կը նկատէ թշնամի, եւ ո՛չ թէ օրինակ… նոր-զելանտացին (ետեւէն ալ հէ-հէ-հէ խնդուք, որ յիմարութեան ու ջղագարի «իմաստութեան» մէկ նոր արտայայտութիւն է): Իրականութիւնը այն է, որ հայն ու թուրքը, ըլլալով անխուափելի դրացիներ, ի վերջոյ «լեզու պիտի գտնեն» իրարու հետ, սակայն ատիկա պիտի չըլլայ ի հեճուկս մեր իրաւունքներուն, մեր լեզուն այրելու գնով…

Աւելորդ կը նկատենք այստեղ ցանկագրել Թուրքիոյ պահանջներուն որդեգրման փաստերը, որոնց նորագոյնները եղան սահմանադրութեան նախաբանի փոփոխութեան, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան տարողութիւնը հարցականի տակ առնելու այս գիտոսիկներուն հնարքները: Բաւականանանք միայն ըսելով. «Ո՛վ որ աչք ունի, թող տեսնէ, ո՛վ որ ականջ ունի, թող լսէ», յուսալով ու մաղթելով, որ Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին կոյրերն ու խուլերը շուտով բուժուին:

Եւ կը ստացուի… ի՞նչ: Կը ստացուի նոյնքան այլանդակ վիճակ: Հիմա հայրենիքի ու հայութեան շահերը պաշտպանողներ իրենք զիրենք հարկադրուած կը գտնեն ճակատելու նոր տեսակի ճիւղաւորումներու դէմ: Մէկ գիծը նոյնինքն թուրք-ազերիականն է, երկրորդը` համաթուրանականութեան շահակիցներու գիծը, իսկ ամէնէն տարօրինակ ու այլանդակը` հայկական «ճակատներ»-ը:

Հասած ենք տեղ մը, ուր հայը, պատմութեան քաջատեղեակը, Ցեղասպանութեան զոհն ու ժառանգորդը ստիպուած կը զգայ իրեն պէս հայե՛րը համոզելու, անոնք ըլլան ՔՊ-ական թէ անոնց ցնդաբանութիւններով, խեղաթիւրումներով «կախարդուածներ»` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, թէ Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցա՛ծ է, ունեցա՛ծ ենք մարդկային եւ հողային անհաշուելի կորուստներ, կը մնանք, պէ՛տք է մնանք մեր անմնացորդ  իրաւունքներուն պաշտպանը:

Այո՛, տակաւին հարցը չէ հասած հոն, որ թուրքերու ուրացումն ու ժխտողական ընթացքը լիովին վարակած ըլլայ ՔՊ-ական վարչախումբը, սակայն ի՞նչ երաշխիք ունինք, որ ուշ կամ կանուխ նման արտայայտութիւններ պիտի չհնչեն յականէ անուանէ: «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», «Աղտամը հայրենիքս է» ու նման ճշմարտութիւններ հնչեցնողները օր մըն ալ նոյնինքն թուրք-ազերիական հրահանգներով միջազգային ընտանիքին ներկայացան «Արցախը Ազրպէյճանի պատկանած էի»-ի հայրենուրաց յայտարարագիրներով, ուրացումի նոյն վարքագիծը որդեգրած են նոյնինքն Հայաստանի ճանչցուած հողերուն նկատմամբ: Անմիջապէս յիշեցնենք, որ ոեւէ իրա՛ւ հայու համար Արցախը, Նախիջեւանն ու Արեւմտեան Հայաստանը մի՛շտ ալ հայուն պատկանած են, մասնիկներն են ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ: Արդեօք երկրագունդին վրայ կա՞յ այլ ժողովուրդ, որուն զաւակներէն մաս մը նման ընթացք կրնայ որդեգրել, այսինքն` քայլ առ քայլ գործադրել թշնամիին ծրագիրները: Իսրայէլի դէմ անհամար զոհեր ու անհաշուելի կորուստներ ունեցող պաղեստինցինե՞րը, լիբանանցի՞ք, սուրիացի՞ք, մինչեւ անգամ Անգլիոյ խտրականութեան դէմ ահաւոր կորուստներով պայքարած իրլանտացի՞ք, գաղթատէրերու դէմ պայքարած եւ յաղթանակած արաբնե՞րը, ափրիկէցինե՞րը, լատինամերիկացինե՞րը… «Զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ»:

«Ի՞նչ Կրնանք Ընել…»

Հայրենուրաց եւ ազգադաւ, նոյնինքն մեր պատմութիւնը դրժող-ժխտող` Երեւանի իշխանաւորներուն այժմու ընթացքը վստահաբար ընդունելի չէ ոեւէ հայու, հայկական որեւէ կուսակցութեան ու կազմակերպութեան համար, որոնք լումայ ներդրած են Հայ դատի պայքարին: Բայց ահա հայկական բեմին վերեւ կը պարզուի տեսակէտներու ծիածան մը. մէկ ծայրը կայ «պէտք է պայքարինք եւ թուղթէ ու երկաթէ շերեփներով հետապնդենք մեր իրաւունքները» ըսողը, իսկ միւս ծայրը` «մենք անզօր ենք, ի՞նչ կրնանք ընել, աշխարհի դէպքերուն ընթացքն ալ մեզի շերեփներ չի բերեր» ըսողը, որ, ըստ էութեան, ինկած է իշխանաւորներու քարոզչամեքենային թակարդին մէջ: Անոնց միջեւ կան այլ գոյներ, որոնք կը կոչուին` անտարբերներ, հեռուէն դիտողներ, «մենք քաղաքականութենէ բան չենք հասկնար, չենք ուզեր քաղաքական հարցերու մէջ մտնել» ըսողներ, տակաւին` «ո՛ւր հաց, հո՛ն կաց» տեսութեան հետեւորդներ եւ այլն:

Այս կացութեան դիմաց, կրկնենք, հայկական բեմի տարածքին, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի չորս ծագերը, Հայ դատ հետապնդողը պարտաւոր է աշխատանք, պայքար տանելու թէ՛ արտաքին ճակատներու եւ թէ՛ տարօրինակօրէն, ներքին բեմերուն վրայ:

Անոնք, որոնք իրենք զիրենք անճրկումի կը մատնեն «ի՞նչ կրնանք ընել» թակարդային հարցումով, պէտք է նաեւ հարց տան, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար Հայաստանի ու հայութեան ճակատագիրը, եթէ հայ ֆետային եւ իսկական յեղափոխականները նոյնը ըսէին` ընդդէմ օսմանեան այլապէս հզօր իշխանութիւններուն դիմաց: Արդեօք մեր հերոսամարտերը պիտի լուսաւորէի՞ն մեր պատմութեան սեւ ու կարմիր էջերը, Սարդարապատ մը կերտած պիտի ըլլայի՞նք, արցախեան հերոսամարտերը յաղթանակներով պսակած պիտի ըլլայի՞նք (այսօր շա՛տ յստակ է, թէ Երեւանի իշխանաւորներուն մեղսակցութեամբ է, որ Արցախը կորսնցուցինք մաս առա մաս): Արդեօք անոնց մղած պայքարները աւելի՞ նպաստաւոր պայմաններու մէջ մղուած են: Վերջապէս, այդ բոլորէն մեզի հասնող փորձառութիւն եւ ուղեցոյցներ չկա՞ն… Չի բաւեր յայտարարել, որ այս կամ այն յեղափոխական կազմակերպութեան անդամ ես, անոր աւանդներուն ժառանգորդը, երբ գործնապէս կը դրժես անոնց ԸՐԱԾն ու ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾԸ, յետնորդներուն թողած ժառանգութիւնները:

Կարելի է հարցադրումները հասցնել նաեւ այլ տարածք: Խորհրդային բռնատիրութեան օրերուն Դաշնակցութիւնը միայնակ պայքար տարաւ կարմիր բռնատիրութեան դէմ` առանց հարց տալու, թէ «ի՞նչ կրնանք ընել»: Կասկած չունինք, որ Դաշնակցութեան ընդդիմախօսներու մէջ իսկ, նոյնինքն… համայնավարներու շարքերուն, կային «բան մը կրնանք ընել», «պէ՛տք է բան մը ընել» մտածողներ: Այլապէս, պիտի չունենայինք անցեալ դարու 60-ականներու զարթօնքը եւ մինչեւ արցախեան պայքար հասցնող նուաճումները:

Այսօր, բարեբախտաբար, Դաշնակցութիւնը միայնակ չէ մեր իրաւունքներուն հետապնդման ճամբուն մէջ: Ազգային աւանդական կուսակցութիւնները, Հայաստանի մէջ վերանկախացումէն ասդին ծնած բազմաթիւ հայրենապաշտպան միաւորներ բաժնեկից են «բան մը կրնա՛նք ընել» մտածելաձեւին, եւ, աւելի՛ կարեւորը, գիտե՛ն ձեւերը ձախաւերներուն չըրածը ընելու: Անցեալի ու մեր օրերու իրականութիւնները լաւագոյն ապացոյցները կը ցուցահանեն մեր աչքերուն դիմաց, թէ մեր հայրենիքին ու ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին տեղի ունեցող եռեւեփումները կրնան բերել նա՛եւ նպաստաւոր ալիքներ: Նպաստաւորը տեսնելու համար նախ պէտք է ունենալ ազգային առողջ մտածողութիւն, Դատի բոլոր երեսներուն ու տուեալներուն լիարժէք գիտակցութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, անդուլ աշխատանք` երկաթէ եւ թուղթէ շերեփներու լիարժէք օգտագործումով, որպէսզի այդ ալիքները չխորտակեն Հայաստան-նաւը, այլ մեզ փոխադրեն վերականգնումի եւ իրաւունքներու վերատիրացման փուլ:

Մեր Ընելիքը

Բայց արդեօք յստակ չէ՞, թէ մեր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները ինչպիսի՛ ընելիքներու կը մղեն, պէ՛տք է մղեն մեզ: Այս մասին շատ խօսուած է ու գրուած, ժամանակն է, եւ երբեք ալ ուշ չէ, որ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻՆՔ:

Որեւէ գործի ամէնէն հիմնական նախադրեալը յստակ ծրագիրի մը մշակումն է, անոր համապատասխան ռազմավարութեանց յստակացումը եւ մարտավարական քայլերու դասակարգումը:

Ամբողջական ծրագիրի մը մանրամասնութիւնները պէտք չունինք կրկնելու: Երբ գիտես, որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, անկէ առաջ ու անկէ ետք ենթակայ եղած ես բազում անարդար կացութիւններու, անոնց դէմ պայքարած ես, ձեռք բերած ես արդիւնքներ, մանաւանդ ձեռքիդ ունիս լեռնացող փաստաթուղթեր (յենարան` երկաթէ շերեփին…), կը մնայ, որ նաւուդ քիթը շտկես ու նաւարկես իրաւունքներուդ իրականացման ուղղութեամբ, քու ձեռքերովդ չկոտրես նաւուդ թիակները, չպատռես առագաստները, ծակեր չբանաս կողերուն ու ջրամոյն չընես նաւդ: Ի սկզբանէ ա՛յդ է թշնամիին ուզածը, Հայաստան-նաւուն խորտակումը ի վերջոյ կրնան հաշտ աչքով դիտել ամէնէն սերտ բարեկամներդ անգամ, երբ տեսնեն, որ դուն` հայդ, անկախ կուսակցական, յարանուանական կամ հայրենակցական տարբերութիւններէն, կամովին (այսինքն` քեզ յաչս աշխարհին ներկայացնող «ազգընտի՜ր» իշխանութեան գործով ու խօսքով) լծուած ես թշնամիիդ ծրագիրներուն իրականացման, քու վարմունքդ` կրաւորականութիւն, ազգադաւ իշխանութիւններուն համակիր մնալով, կամ անզօրութիւն խաղալով, քեզ կը դնէ բոլոր մեծ ու փոքր իրագործումներդ փոշիացնելու, արմատներէդ խզուելու եւ իբր թէ նոր աշխարհի հրամայականներուն հետ քայլ պահելու կորստաբեր ճամբուն մէջ: Քեզի կը մնայ տեսնել, թէ ինչպիսի՜ ցնդաբանութիւններու կեր կը դառնաս, երբ ականջ կու տաս պատմական Հայաստան-իրական Հայաստան հակադրութեան ու բանավէճին, որ անհեթեթութիւններու օղակը կը հասցնէ աննախընթաց տարածքի (փաշինեանական իշխանութեան ամէնէն սիրած բառերէն մէկն ալ… աննախընթացն է):

Հայը չի կրնար ինքզինք խզել` իր արմատներէն, պատմական Հայաստանէն, անցեալի եւ ժամանակակից կորուստներէ բխած արդար իրաւունքներէն: Ոեւէ մէկէն առաջ եւ աւելի՛, մե՛նք է, որ լաւ գիտենք մեր հողային բոլո՛ր պահանջներուն տարողութիւնը, եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ պատգամին հաւատարմութիւնը որակել «առաւելապաշտութիւն»: Եթէ այսօրուան պայմանները կը թելադրեն «պահպանողական» մարտավարութիւն, կարելի չէ մտահան ընել, որ մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն տիրացումը մեր վախճանական կայարանն է:

Մեր անմահները (որոնց դէմ բանիւ եւ գործով պայքար բացած են ՔՊ-ական «քալողներ»-ները) բազմաթիւ ու անժամանցելի պատգամներ աւանդած են մեզի ու իրերայաջորդ սերունդներուն: Եզրափակենք օրինակով մը, որ մեզի հասած է իմաստուն աշուղէ մը` Ջիւանիէն, որուն համար հայն ու Հայաստանը բազմահազար տարիներու կեանք ունեցող ծառ են, ունին խոր արմատներ, մերթ ընդ մերթ կ՛անցնին տկարութեան փուլերէ, սակայն արմատներուն առողջութիւնը գրաւական է երկարակեցութեան: Այս քանի մը տողերուն մէջ կարծէք թէ խտացած է մեր ամբողջ պատմութիւնը, պայքարի եւ փիւնիկանալու երթը.

Ես Մէկ Ծառ Եմ Ծիրանի

Ես մէկ ծառ եմ ծիրանի,
Հին արմատ եմ անուանի,
Պտուղներս քաղցրահամ,
Բոլոր մարդկանց պիտանի:

Հին ծառ եմ արեւելեան,
Չունիմ որոշ այգեպան,
Տունկերըս ամէն երկիր,
Ընկած են բաժան-բաժան:

Արեւելքում ինձ տընկեց,
Երբ որ Աստուած ստեղծեց`
Ասաց` աճէ՛, բազմացի՛ր,
Մի այգի էլ ինձ տըուեց:

Ուղարկեց մի այգեպան`
Հարաւից հսկայ իշխան,
Այն հսկայի անունով`
Կոչուեցայ ծառ հայկական:

Չորս հազար տարուայ ծառ եմ,
Արմատս պինդ, կայտառ եմ,
Թէպէտ ուժըս պակաս է,
Բայց անունով` պայծառ եմ:

Աշուղ Ջիւանի

Իսկ Ջիւանին միակ պատգամախօսը չէ:

 

16 ապրիլ 2024