Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12135 articles
Browse latest View live

Դիլիջանի Միջազգային Քոլեճը Դռները Բացած Է 94 Նոր Ուսանողի Առջեւ

$
0
0

15481769276_0fe6b52bed_b

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»-ի (աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցին մաս կազմող Դիլիջանի միջազգային քոլեճը նոր ուսումնական տարին սկսած է իր դռները բանալով 94 նոր ուսանողի առջեւ, որոնք կը սկսին ուսումնառութիւն միջազգային պսակաւոր գիտութեանց (IB Diploma) երկամեայ ծրագիրով:

2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին քոլեճը պիտի ունենայ արդէն երկու հոսք` ապահովելով զարգացման առաջին հանգրուանի համար նախատեսուած կրթական ծրագիրի ամբողջականութիւնը:

Նոր ուսումնական տարեշրջանին քոլեճին մէջ պիտի ուսանի ընդհանուր 190 ուսանող` աշխարհի 64 երկիրներէ: Անոնցմէ 21-ը Հայաստանէն ու Արցախէն են, 11-ը ընդունուած են այս տարի:

Դասախօսական կազմը համալրուած է 17 մասնագէտներով` նոր նիւթերու դասաւանդման համար:

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» շարժումը, Միջազգային պսակաւոր գիտութեանց ու արուեստի հիմնարկը եւ մեր քոլեճի հիմնադիրները կը միաւորէ այն ընդհանուր համոզումը, որ բարձրորակ կրթութեան մէջ այսօր ներդրում կատարելով` ապագային խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարեկեցութեան հասնելու յոյս կը տածենք: Այդ իսկ պատճառով ջանքեր, ժամանակ ու միջոցներ կը ներդրենք դասարանային եւ արտադասարանային ուսուցման մէջ, եւ կ՛ակնկալենք, որ Դիլիջան քոլեճին հետ ձեռք բերուած փորձը կը վերափոխէ բոլորս ու կ՛ոգեշնչէ, որ իրենց կեանքը նուիրեն հանրութեան, սեփական երկրին եւ ողջ աշխարհին ծառայութեան», ըսած է քոլեճի տնօրէն Ճոն Փատըֆուտ:

«Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» Դիլիջանի միջազգային քոլեճի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահ Վերոնիքա Զոնապենտ նշած է, որ կրթութիւնն ու դպրոցը միայն շէնք չեն:

«Գլխաւորը դասախօսներն ու ուսանողներն են, որոնք հոս կու գան: Քոլեճի տնօրէն Ճոն Փատըֆուտ յաջողած է կազմել դասախօսական հետաքրքրական կազմ մը, եւ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»-ի ընդունելութեան բացառիկ համակարգին շնորհիւ` մեր մօտ ուսանելու կու գան տաղանդաւոր, վառ, իւրայատուկ ուսանողներ: Ձեզի կը սպասեն շատ հետաքրքրական, թէեւ ոչ դիւրին աշխատանք` ստանալու ո՛չ միայն ակադեմական գիտելիքներ, այլ նաեւ բազմամշակութային միջավայրին մէջ ապրելու փորձ ձեռք բերելու, որ անշուշտ պիտի վերափոխէ ձեր անհատականութիւնը: Ուրախ եմ, որ այդ աշխատանքը կը տարուի ո՛չ միայն քոլեճին մէջ, այլ նաեւ` անոր սահմաններէն դուրս, քանի որ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ» Դիլիջան քոլեճը Դիլիջան քաղաքի անբաժանելի մէկ մասնիկն է: Քաղաքի կեանքին մէջ արդէն տեսանելի են փոփոխութիւնները, որոնք կ՛արձանագրուին ուսանողներուն եւ տեղւոյն երիտասարդներուն միջեւ համագործակցութեան շնորհիւ եւ, յոյսով եմ, այդ արդիւնքները կայուն ու երկարատեւ կ՛ըլլան», յայտնած է Վերոնիքա Զոնապենտ:

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի (IDEA) հանրային կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ այս տարի ամբողջութեամբ աւարտած են շինարարական եւ ներքին յարդարման աշխատանքները ուսումնական եւ բնակելի մասնաշէնքերուն մէջ, եւ ստեղծուած են միջազգային մակարդակի կրթական հաստատութեան բնորոշ բոլոր պայմանները:

«Քոլեճի նոր շէնքերն ու հնարաւորութիւնները իսկապէս հրաշալի են: Մեր այցելուներէն շատեր կը նշեն, որ կ՛ուզէին երիտասարդ ըլլալ եւ ուսանիլ հոս: Անիկա կը գտնուի չքնաղ բնութիւն ունեցող, հիւրընկալ երկրի մը մէջ եւ ոչինչով կը զիջի աշխարհի լաւագոյն նմանատիպ կրթական հաստատութիւններուն: Համոզուած եմ, որ մեր ուսանողները ոչ միայն հրաշալի փորձ ձեռք կը բերեն, այլ նաեւ գոհունակութիւն կը ստանան ուսումնառութենէն եւ հոս բնակելէն», նշած է Ճոն Փատըֆուտ:

 

 


Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Դ. Զուգակշիռ Սպանդներ

$
0
0

Սուրիոյ մէջ կրօնական ծայրայեղական շարժումները չբաւարարուեցան պատմամշակութային կոթողներն ու սրբավայրերը օրը ցերեկով քանդելու պատերազմական ոճիրներով, այլեւ սկսան սպաննել մշակութային գործիչներ, գիտնականներ:

Գլխատելով գիտնականը ահաբեկչական խմբաւորումները, դարարմատ կոթողները քանդելու կողքին, ի մտի ունէին սպաննել մշակութապահապան միտքը: Սպաննել պատմութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն ու ողջ աշխարհին փոխանցող մարդկային տարրը: Յար եւ նման 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ի գործ դրուած ոճիրներուն, երբ օրը ցերեկով հայ մտաւորականներ եւ գիտնականներ կը գլխատուէին, մշակութային կոթողներ կը քանդուէին` անհետացնելու ազգի մը հազարամեայ քաղաքակրթութեան հետքերն ու խափանելու անոր շարունակականութիւնը:

Սուրիոյ Փալմիրի յուշակոթողներու նախկին տնօրէն, 82-ամեայ Խալետ Ասաատի գլխատումը մի՞թէ 100 տարի առաջ Գրիգոր Զօհրապի գլխատման միեւնոյն վարքագիծին դրսեւորումը չէր: Երկու պարագաներուն ալ, մի՞թէ ոճրագործը նոյնանման մտածելակերպով առաջնորդուող պատուիրատուներու յանձնակատարը չէր, թէեւ ոճիրներու տարողութիւնն ու զոհերու թիւը անհամեմատելի են, իսկ ծրագիրները` տարբեր: Եթէ առաջինին պարագային հայոց ցեղի ու մշակոյթի անհետացումն էր, երկրորդի պարագային` Սուրիոյ պատմութեան լուսաւոր էջերու ոչնչացումը, ընկերային հիւսուածքի քայքայումն ու երկրի քաղաքակրթութեան քանդումը:

Բարբարոսական ոճի նոյնութիւնը ինքնին կը

խօսի ցեղասպանական արարքներն ու ահաբեկչական շարժումները սնուցանող միեւնոյն պետութիւններուն ու անոնց ժառանգորդներուն մասին: Տարիները կրնան թաւալիլ, դարերը գլորիլ, սակայն բարբարոս ցեղերուն վարքագիծը կը շարունակէ սնանիլ խաւարամտութեան եւ այլամերժութեան միեւնոյն աղբիւրէն, այնքան ատեն որ բարբարոսները կը մնան անպատիժ:

Սուրիոյ Հոմս նահանգի Քարիաթէյն գիւղին մէջ կրօնական ծայրայեղականները քարշակներով կը քանդեն 5-րդ դարէն մնացած Մար Իլիան վանքը, յար եւ նման` ազերի հորդաներուն կողմէ ի գործ դրուած Հին Ջուղայի հայկական գերեզմաններու եւ խաչքարերու քանդումի գործողութեան:

Փալմիրի մէջ ականահարելով` կը պայթեցնեն պատմական արժէք ներկայացնող տաճար մը, այնպէս` ինչպէս տարի մը առաջ պայթեցուցին Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր վկայարաններէն Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց համահայկական ուխտավայրը:

Միջազգային ընտանիքը ազգերու,

ժողովուրդներու եւ ողջ մարդկութեան պատմամշակութային ժառանգութեան սպառնացող մշակութային ցեղասպանութեան ի տես` կը մնայ անզօր ու կը բաւարարուի լոկ դատապարտման կոչերով:

Մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող միջազգային կազմակերպութիւնները պատմութեան ընթացքին նման սպանդներ գործած պետութիւններ անպատիժ ձգելով ու անոնց ժխտողական քաղաքականութեան դէմ անտարբեր մնալով` փաստօրէն մեղսակից կը դառնան մարդկային կեանքին ու հազարամեայ քաղաքակրթութեան ուղղուած սպառնալիքներուն:

Միջազգային կառոյցներ նման շարժումները հովանաւորող եւ գործուղող երկիրներուն նկատմամբ վճռական պատժամիջոցներու որդեգրումով, խաղաղութիւն հաստատելու բազմապատկուած ճիգերով միայն գործնապէս պիտի կարենան կասեցնել օսմանեան բարբարոսութեանց օրինակով սնանած անսանձելի արարքներն ու ոճիրները:

Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն մշակութային ահաւոր կորուստներ կրեցին ու կը շարունակեն կրել: Ուստի հայ ժողովուրդը, ցեղասպանութիւնն ու մշակութային ջարդը ի՛ր իսկ մորթին վրայ կրած ըլլալով, ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան հետքերը վերացնելու կոչուած այսօրինակ սպանդներուն առաւել ուժեղ հակազդելու բարոյական պարտաւորութիւն ունի, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան

100-ամեակի օրերուն:

Զ. Պ.

Մերձեցումի Կարելին Ու Անկարելին. Լեզուաբանական- Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր

$
0
0

Ստորեւ` լեզուաբան, մանկավարժ, դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի զեկոյցը, որ ընթերցուած է «Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները» նիւթով գիտաժողովին:

Ներածութիւն

Լեզուական Փոփոխութիւնները Կարելի` Միայն
Բնական Հոլովոյթով

Լեզուն` առհասարակ, հոգեմտաւոր եւ ընկերաբանական երեւոյթ, իր մշակուած-կարգաւորուած վիճակին մէջ յանգած է գիտական-տրամաբանական կառոյցներու, այնուամենայնիւ կը մնայ ենթակայ բնական, ինքնավար ընթացքի, հոլովոյթի: Խօսելով յատկապէս կենդանի լեզուներու մասին, անոնց այդ հոլովոյթն է, մասամբ ինքնաբեր ու «անկարգ», որ յետադարձ, a posteriori հսկողութեամբ կը փորձեն հակակշռել, կարգաւորել հիմնարկութիւններ, ինչպէս ակադեմիաներ կամ անոնց համապատասխան նման հաստատութիւններ:

Գրաւոր ուրոյն յենարանէ եւ մշակութային վաւերացեալ հիմնագանձէ զուրկ, կամ այդպիսին նկատուած լեզուական տեսակներ, այլապէս թերաճ լեզուներ, կրնան մնացած ըլլալ զուրկ` բնական, ինքնավար ընթացքի այս կարելիութենէն, ենթարկուած a priori որոշ ճնշումի եւ ընթացափոխման: Չափով մը, նոյնպիսի բռնադատումի կրնան ենթարկուած ըլլալ մեծապետական հալածանքի զոհ լեզու-մշակոյթներ. կամ` գաւառաբարբառներ ու բարբառային մշակոյթներ, որոնք տուեալ պահու մը կը կրեն նոյնազգի գրական միակ լեզուի մը ստեղծման ընկերացող ճնշումը: Նոյնիսկ այս  վերջիններու պարագային, ճնշուող լեզուներու կամ բարբառներու հարթումը, կատարուող` մշակութային այլազանութեան հաշուոյն եւ բոլոր պարագաներու`  ափսոսալի, տեղի կ՛ունենայ աստիճանաբար, յաճախ տարածուելով սերունդի կամ սերունդներու կեանքի ժամանակին վրայ: Բացի ասոնցմէ, լեզուի ընդհանրութեան, կամ անոր այս կամ այն մարզին վերաբերող բռնի արագացման պարագաներ, այսպէս ըսած` հրամանագրային, «դեկրետային» բնոյթի, յատուկ մենատիրական վարչակարգերու, չափազանց հազուադէպ են եղած պատմութեան մէջ, իրենց բացասական հետեւանքներով:

Այսպէս, խօսելով հայերէնի ընդհանրական հոլովոյթին մասին` նոր ժամանակներու մէջ, պարզ է, որ մեր լեզուի գրական զոյգ լեզուաճիւղերու գոյութեան փաստը, հետեւանք` պատմա-քաղաքական բազմադարեան անբնական պայմաններու, յաճախ արծարծուեր է` մերձեցման, նոյնիսկ համաձուլման ջանքերու ծիրի մը մէջ, բայց եւ նոյնքան յաճախ շեշտուեր է այդպիսի մասնակի a priori փորձերու արուեստակեալ եւ անիրագործելի բնոյթը: Տիրող է եղած տեսակէտը` ի նպաստ ներազգային հոգեմտաւոր հաղորդակցութեան, շփումներու սերտացման, որոնց պէտք է ապաւինիլ, որպէսզի աստիճանաբար յառաջանայ լեզուա-մշակութային մերձեցման բնական ընթացք մը:

Հետեւելով մեր պատմութեան միայն վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, քննելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ հետեւող խորհրդայնացման սկզբնական տարիները եւ անոնց պարփակած իրադրութիւնը` «արեւմտահայ» զանգուածի մը գաղթն ու համախառնումը «արեւելահայ» ազգաբնակչութեան մը հետ, այս ժամանակաշրջանը կարելի է նկատել աննախընթաց առիթ` վերացնելու վերը նշուած լեզուա-մշակութային երկճղումը, եթէ աւելի բնականոն պայմաններու մէջ տեղի ունենար: Եւ այն ատեն հաւանօրէն մեր պետական հայերէնը, թէեւ գերակշիռ արեւելահայերէն տարրերով` բնականօրէն, չափով մը տարբեր ուղղութիւն ստանար: Բայց արեւմտահայ գաղթականութեան բաղադրութիւնը (մեծ մասամբ որբեր եւ ճղակոտոր ընտանիքներ), նաեւ անոնց ընկերա-տնտեսական կացութիւնը, բայց մանաւանդ, աւելի եւս, խորհրդայնացումէն ետք ստեղծուած համահարթիչ պայմանները, բացառեցին այդպիսի փոխհարստացման կարելիութիւն: Ներկայ արեւելահայերէնի ստացած ուղղութեան վրայ այլապէս ազդեցին նաեւ խորհրդային գործիչներու մէկ զգալի մասի ապազգային դիմագիծը, եւ առաջին տարիներու ու տասնամեակներու մշակոյթի շեշտօրէն ռուսամէտ կնիքը, շատ աւելի ուժեղ ու կաշկանդիչ, քան վաթսունականներէն ետք վերահայացման շարժումը: Սրբագրուած, բայց եւ մասամբ անդառնալի հետեւանքներով:

Ուղղորդելի Լեզուական Մարզեր.
Բառամթերք, Դարձուածքներ…

Հիմա՛. եթէ բանաւոր թէ գրաւոր լեզուի ընդհանրական բնորոշ գիծ է դուրս մնալ a priori ծրագրումէ եւ կարգաւորումէ, կա՞ն տարրեր, լեզուական մարզեր, լեզուական խաւեր, որոնց վրայ կարելի ըլլայ ազդեցութիւն բանեցնել. տարրեր, որոնք կարելի ըլլայ քաջալերել, նպաստաւորել, ուղղորդել: Եւ որո՞նք են ասոնք:

– Նախ` հարկ է մեր քննարկումէն հեռացնել ձեւաբանական կառոյցներն ու մեքենականութիւնները առհասարակ` իբրեւ լեզուի կաղապարուած եւ անփոփոխելի տարերք: Այս հեռացումին բնականօրէն պիտի հետեւի նաեւ հեռացումը այդ կառոյցներով ստեղծուող շարահիւսական ոլորտին: Ուրիշ խօսքով, լեզուն` իբրեւ բանաւոր թէ գրաւոր օրկանական էութիւն, իբրեւ կենդանի մարմին, տեղ չունի մերձեցումի ուղղակի փորձերու դաշտին մէջ: Եւ կը մնայ տեսնել մասնակի-անուղղակի ճամբաներ` այդպիսի փորձերու համար:

– Բառամթերք. ընդհանրութեան մէջ` անիկա միեւնոյնն է մեր երկու լեզուաճիւղերուն համար. բայց, գիտենք, կան զոյգեր, որոնցմէ մէկը չի գործածուիր տուեալ լեզուաճիւղին մէջ կամ կը գործածուի տարբեր առումով, տարբեր գործածութեամբ: Սպիտակ-ճերմակ, թողել-ձգել…

– Դարձուածքներ, ոճաբանական ընկալեալ ձեւեր. հոս` լեզուաճիւղէ լեզուաճիւղ ձեւերը բաւական կը տարբերին, եւ համախումբ գոյութեան պայմաններու տէր` հայրենի լեզուաճիւղն է, որ աւելի հարուստ է անոնցմով: Նաեւ անկէ աւելի` արեւմտահայերէնին պիտի անցնին, կ՛անցնին արդէն, ձեւեր:

Առաջարկ.- Այս երկու խաւերու պարագային` երկուստեք աւանդել, փոխադարձաբար ծանօթացնել այդ գործածութիւնները կամ առումները: Թողնելով, որ բնական փոխթափանցում տեղի ունենայ, ինչ փոյթ` հաւանօրէն (ու բնականաբար) արեւելահայերէնի գերակշռութեամբ:

Հնչաբանութիւն. Եռաստիճան Բաղաձայններու Խնդիր

Հոս հարց կը բխի եռաստիճան բաղաձայններու, այսինքն ասոնց առաջին երկու  աստիճաններուն (բ-պ, գ-կ, դ-տ, ձ-ծ եւ ջ-ճ)` արեւմտահայերէն առոգանական համակարգին մէջ կրած ծանօթ ձեւափոխումէն: Հարց, որ կը ներկայանայ քանի մը մարզերու մէջ.

– Փոխադարձ հասկացողութեան հարց, այսինքն բանաւոր հաղորդակցութեան շփոթ կրնան ստեղծել նմանաձայն բառեր: Պատասխանատուն` ասոնց տարբեր հնչումն է արեւմտահայերէնի մէջ (բառ-պար, տար-դար-թառ, դանակ-թանաք, բարդութիւն- պարտութիւն…). արտասանութեան` պէտք է աւելի ուշադիր ըլլայ արեւմտահայը, իսկ «սխալ»-ը ճիշդ ընկալելու փոյթ ընէ արեւելահայը: Իրեն կրնայ օգնել փաստը, որ հնչական որոշ մասնաւոր դասաւորումներու մէջ` ինք եւս, արեւմտահայուն պէս, ձեւափոխուած կ՛արտասանէ բ, գ, դ, ձ եւ ջ «մեղմ» բաղաձայնները, ինչպէս բառավերջին կամ կցուած որոշ բաղաձայններու` կարագ, վերջ, դարձ):

– Որոշ յատուկ անուններ, որոնց արտաբերման ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ արեւմտահայը. Գագիկ, Գարեգին… Իսկ արեւելահայը ուշադիր պիտի ըլլայ ճիշդ արձանագրելու արեւմտահայաւարի արտասանուած անուններ, եւ բարեկամիս` Կիրակոսին անունը անձնագիրին մէջ չգրէ Գիրագոս` երկու Գ-ով, այլ Կ-երով` Կիրակոս:

– Հոս կ՛արժէ նաեւ փափաք յայտնել եւ խնդրել պահանջելու պէս, որ իբրեւ տառանուններու ճանաչման եւ շփոթներու վերացման կողմնակի քայլ` արեւելահայերէնի կրթական համակարգը հրաժարի այբուբենի տառերու անուանակոչման ա-բը-գը-դը-ի «անգրագէտ» ձեւէն եւ վերադառնայ աւանդական անուանակոչման` այբ, բեն, գիմ, դա, ինչպէս էր արդէն նոյնինքն արեւելահայերէնի կիրարկած ձեւը` դարասկիզբին:

Առաջարկ.- Հոս եւս, ինչպէս վերը, երկուստեք աւանդել, փոխադարձաբար ծանօթացնել տարբերութիւնները: Թողնելով, որ բնական փոխթափանցումը իր ընթացքը վարէ:

Օտար Տեղանուն- Անձնանուններու Տառադարձում

Մնալով միշտ եռաստիճան բաղաձայններու հնչական տարբերութեան ծիրին մէջ, պէտք է հոս դիմագրաւել օտար տեղանուններու եւ անձնանուններու տառադարձման տարբերութիւնները` նոյն հնչական տարբերութենէն բխող: Գիտենք, արեւմտահայերէնը այս անունները ճիշդ արտաբերելով հանդերձ, զանոնք կ՛ուղղագրէ բաղաձայններու արտաբերման իր եղանակով` Ատանա, Արժանթին, Պաղտատ, Պաքու, Պոսֆոր, Ք-Գանատա, փոխան Ադանա, Արգենտին(ա),  Բաղդադ,  Բաքու,  Բոսֆոր, Կանադա… ձեւերուն: Այս վերջինները ըլլալով հայրենի (եւ իրանահայ) հայերէնի կիրարկած ձեւերը, աւելի մօտ` տուեալ բաղաձայններու աւանդական- գրաբարեան արտասանութեան:

Ճիշդը անշուշտ այն պիտի ըլլար, որ միաձեւութեան սիրոյն` արեւմտահայը ուղղագրէր Ադանա, Բաղդադ, Բոսֆոր, Կանադա եւ այլն: Բայց քանի լեզուի բերանացի-բնական ընթացքը կառավարելի չէ «հրամանագրային» ոճով, ան պիտի շարունակէր արտասանել «ճիշդ», բայց իրեն անհամապատասխան գրելաձեւով: Արդէն առանց ատոր ալ` արեւմտահայը այսպիսի անհամապատասխանութիւններ ունի տեղ-տեղ, դասական ծագումով որոշ տեղանուններու պարագային (Դամասկոս, Բեթլեհեմ, որ յաճախ կ՛արտասանէ Տամասկոս, Պեթլեհեմ, գործածելով հանդերձ դասական Դ-ն եւ Բ-ը):

Անշուշտ վերապահութիւն մը պէտք է ընել որոշ` ռուսերէնի կամ այլ զարտուղի, ոչ-հարազատ ճամբով հայերէնի մէջ կիրարկուող տեղանուն-անձնանուններու պարագային, ինչպէս Արգենտինա, Աիդա: Նման պարագաներու, լաւ պիտի ըլլար գտնել հարազատագոյն երրորդ ձեւ մը, ընդհանրական չափանիշներ բաւարարող:

Ուրեմն, փափաքելին պիտի ըլլար արեւմտահայերէնի համար որդեգրել հնչական դասական համակարգը, այսպէս գոնէ մասամբ, եւ սկսելու համար` գրելաձեւի մակարդակին, մօտենալով արեւելահայերէնին, ինչպէս եւ գրաբարին: Կարեւոր նուաճում մը կ՛ըլլար ատիկա` մատչիլ միաձեւ ճիշդ գրութեան, աւելի կարեւոր, քան յեղյեղուկ եւ փոփոխական արտասանաձեւը: Նոյնիսկ, անգամ մը եւս, իր գրելաձեւին եւ արտաբերման ձեւին միջեւ տարամէտութիւն բերելու գինով:

Եռաստիճան Բաղաձայններու Հարցէն Անդին`
Յատուկ Անուններու Ուղղագրման Ընդհանրական Խնդիր

Բայց, նախքան այդպիսի յարակարծային, պարադոքսալ փորձ մը կատարելը, լաւ կ՛ըլլար արծարծել յատուկ անուններու գրելաձեւի ընդհանրական խնդիրը, այնպէս, ինչպէս ըրած է երկու տարի առաջ սփիւռքի նախարարութիւնը, առնելով օգտակար նախաձեռնութիւնը` յատուկ անուններու (օտար եւ հայկական անձնանուններ եւ տեղանուններ) զոյգ ցանկեր յղելով առ ի քննութիւն: Այդ ընդհանրական ծիրին մէջ, օտար տեղանուններու եւ անձնանուններու խնդիրը, մանաւանդ եռաստիճան բաղաձայններու վերոնշեալ հնչական տարբերութեան տեսանկիւնէն բռնուած, կը գրաւէ շատ փոքր, սահմանափակ տեղ մը:

Որովհետեւ, ինչպէս արդէն յայտնուեցաւ յիշեալ ցանկերու քննութենէն, զոյգ լեզուաճիւղերուն միջեւ շեղումները շատ աւելի յաճախ կը բխին աբեղեանասեւակեան եւ դասական գրելաձեւերու տարբերութիւններէն, քան եռաստիճան բաղաձայններու ծանօթ տարբերութենէն: Ի դէպ, հոս, «դասական» բնորոշումը պիտի գործածեմ նախախորհրդային ժամանակաշրջանին կիրարկուած ընդհանրական ուղղագրութեան ձեւին համար, իբրեւ յարմարագոյնը, ի հեճուկս տեղ-տեղ գործածուող անճիշդ, երբեմն մոլորեցուցիչ «աւանդական» կամ «արեւմտահայ» բնորոշումներուն: Այդ «դասական»-ը, նոյնիսկ եթէ լրիւ չի համապատասխաներ նախնական գրաբարէն մեզի աւանդուած ձեւերուն, անկասկած որ ամենամօտ մնացողն է անոր:

Այսպէս, յատուկ անուններու զոյգ ցանկերու քննարկումէն կ՛եզրակացուի.

ա.- Աբեղեանասեւակեան փոփոխումներուն` արեւելահայերէն գրելաձեւին բերած անպատեհութիւնները յատկապէս զգալի կ՛ըլլան` դասական անուններու տառադարձման պարագաներու, ինչպէս Հորդանան (Jordan-էն տառադարձուած` պէտք էր ըլլար Յ), Հունաստան (Ionia-ի արմատէն` պէտք էր ըլլար Յ), Տավրոս (Taurus-էն, պէտք էր` աւ), Պողոս (Paul` պէտք էր ըլլար օ, այսինքն` աւ), Հովսեփ (Jos-էն` պէտք էր ըլլար Յ, դեռ չհաշուած` է-ն), Հովնան (Jon-էն, պէտք էր ըլլար Յ), Եվգինէ (Eug արմատէն` պէտք էր ըլլար Եւգ)… Կարելի չէ, միաձեւութեան սիրոյն, տառադարձական-դասական «որոշ» կանոններ առաջարկել եւ անտեսել ուրիշներ` նոյնքան ու աւելի կարեւոր…

բ.- Այլապէս խնդրայարոյց են` ոչ-տառադարձեալ, հայկական դասական անուններ` Ռուբեն-ը, փոխան Ռուբէն-ի (Ռուբինեան…), Ներսես-ը` փոխան Ներսէս-ի (Ներսիսեան…), Արտաշեսը` փոխան Արտաշէս-ի (Արտաշիսեան…)

գ.- Բայց այլապէս անընդունելի կրնան թուիլ, մանաւանդ գրաբարի վարժ աչք-ականջներու, նաեւ բառիմաստ պարունակող զուտ հայերէն յատուկ անուններ` իրենց ձեւափոխեալ վիճակով` Ադրինե, Աղավնի, Ապավեն, Հարութիւն, Վրեժ: Կամ` ձայնաւորներու անհարազատ զուգորդումով գրուող Աիդա-ն, Նաիրի-ն (մէկը` Այդա, միւսը` Նայիրի): Կամ դեռ` բառամէջի վ-ի հարց ստեղծող Երվանդ-ը:

Զոյգ Գրելաձեւերու Կամ «Ուղղագրութիւններու»
Խնդիրը` իր Ընդհանրութեան Մէջ

Ճիշդ է, որ վերջին այս նշումները մեզ ուղղակի կ՛առաջնորդեն աբեղեանասեւակեան գրելաձեւի եւ դասական գրելաձեւի երկուութեան խնդիրին` ուղղագրական երկուութեան խնդիրին: Տառադարձութեան հարց եւ ուղղագրութեան ընդհանրական հարց, ուզենք թէ չուզենք, սերտօրէն կ՛առնչուին իրարու: Եւ հոս կարելի չէ չանդրադառնալ երկուութեան այս խնդիրին, նոյնիսկ եթէ անիկա գերզգայնութիւններ կ՛արթնցնէ երկուստեք, բայց մանաւանդ հայրենի մշակութային-ակադեմական շրջանակներու մէջ, կարելի չէ չանդրադառնալ, քանի մեր առջեւ «արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն մերձեցման» հարցն է, որ կը դրուի:

Խնդիրը, ճիշդ է, բարդ է: Մէկ կողմէ, հայերէնի հայրենի գրելաձեւը, թէեւ օրին` հրամանագրային աքթով պարտադրուած, բայց այսօր գրեթէ հարիւրամեայ տէ ֆաքթօ իրողութիւն է դարձած, որուն փոփոխումը` հակառակ ուղղութեամբ տրուած որոշումով մը` կրնայ իր կարգին ձեւով մը անբնական խախտում կայացնել կամ նկատուիլ այդպիսին: Եւ անոր պետականօրէն ընդունուած գրելաձեւի հանգամանքը, հոգեբանական-մշակութաբանական հասկնալի արժեւորումով մը, զինք կը դարձնէ այսպէս ըսած` տէ ֆաքթօ գերադաս դասական ուղղագրութենէն, որ այսօր կը պահպանուի Պոլիսէն սփիւռք ցրուած արեւմտահայութեան մը եւ փոքր համրանք կազմող արեւելահայախօս իրանահայութեան մը կողմէ միայն:

Իսկ դասական գրելաձեւը կամ ուղղագրութիւնը, իր կողմէ, ունի անվիճելի, կենսական մէկ առաւելութիւն. հայերէնի արմատներուն հետ, գրաբարի գրելաձեւին հետ կապի անխաթար, գրեթէ անփոփոխ պահպանումը. բառերու ստուգաբանական հետեւումի ապահովումը. ինչ որ, պարզ է, մեզի կը զլանայ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւը, իր բացած փոսով` իր եւ աւանդական-արմատականին միջեւ:

Ասով կը բացատրուի, որ լեզուա-մշակութային դասական աւանդութեան ու մատենագրական գանձի տէր ոչ մէկ ժողովուրդ յախուռն որոշումով փոխած ըլլայ իր ուղղագրութիւնը, սկսած լատիներէնէ ճիւղաւորուած անգլօ-սաքսոն լեզուներէն, ներառեալ «բիզնեսական» գործնականութեամբ բնորոշուած անգլերէնը` իր զոյգ գլխաւոր ճիւղերով` անգլիական եւ ամերիկեան: Հազուագիւտ պարագաներու, ինչպէս իտալերէնին համար, լատիներէնէն առնուած հեռաւորութիւնները լրիւ պատմական-բնական հոլովոյթի անխուսափելի հետեւանք են եղած:

Ճիշդ է, որ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւի բոլոր փոփոխումները «խանգարիչ» չեն գրաբարեան արմատներու հետ կապի տեսակէտէ: Բայց այս մասին` աւելի վար, այս հատուածի առաջարկներու բաժինին մէջ:

Պէ՞տք է եւ կարելի՞ է` բան մը փոխել զոյգ տարամէտ գրելաձեւերու առկայութեան ներկայ տէ ֆաքթօ վիճակէն, առանց կոպիտ, միակտուր դիրքորոշումներու, առանց յախուռն (հակա) քայլերու: Կը հաւատամ, որ կա՛յ ատոր կարիքը, անհրաժեշտութիւնը նոյնիսկ:

Մանաւանդ որ հարցը չի վերաբերիր փաստացի իրողութեան մը` թէ դասական գրելաձեւը ունի՛ կամ չունի կիրարկողներ, թէ ի՛նչ համրանք կը ներկայացնեն անոնք, կամ` պիտի ներկայացնեն վաղը կամ վաղայաջորդ օր: Այլ խօսքով, այդ գրելաձեւի ապահոված կամրջումը հայերէնի ներկային եւ մեր ողջ անցեալի մատենագրական գանձին հետ` էական յատկութիւն մըն է, կապ չունի արեւմտահայախօս (եւ արեւելահայախօս-իրանահայ) մշակոյթի կրող սփիւռքի գոյատեւման կամ անհետացումին հետ: Նոյնիսկ այս վերջին դժբախտ ենթադրութեան պարագային, հայրենի լեզուաճիւղին եւ մշակոյթին համար, ուղղագրութեան խնդիրը` իր ներկայ դրուածքով եւ իր ստեղծած ստուգաբանական խառնարանով, պիտի մնայ ամբողջ, զայն  պառակտելով իր անցեալէն:

Մերձեցման Ընդհանուր Ուղղութիւններ

ա.- Մերձեցման ուղի մը պիտի ըլլար` հայրենի ժողովուրդը ընտելացնել դասական գրելաձեւին հետ, այն իմաստով, որ աւանդական սփիւռքի հայութիւնը ընտելացած է, կ՛ընտելանայ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւին` առօրեայ մօտ թէ հեռակայ շփումով, մամուլով, մետիա-միջոցներով, իրաւական թէ այլ գործառութիւններու առիթով: Դասականի հետ ընտելացման դաշտը բնականաբար պիտի ըլլայ աւելի սահմանափակ, մասնաւոր: Կրթական համակարգի մէջ ծանօթացման նպատակայարմար ձեւերու որոնման կողքին, բացառապէս դասական ուղղագրութեամբ կարելի է, եւ կը հաւատամ` արդար է, կատարել հրատարակումը արեւմտահայ-սփիւռքահայ (ուրեմն եւ իրանահայ-արեւելահայ) հին թէ նոր հեղինակներու: Հաւանօրէն կարիքն ալ չըլլայ հրատարակչատուներ մասնագիտացնելու այս գործին, որուն համար պիտի բաւէ ուղղագրութեան համակարգչային փոխարկիչ-ծրագիրներու կիրարկումը: Այսքանը` դեռ չառաջարկելու համար ամբողջ նախախորհրդային հայ գրականութեան հրատարակումը դասական գրելաձեւով, այնպէս, ինչպէս անոնք հրատարակուեր են սկզբնապէս: Ճիշդ` ինչպէս ատիկա կը կիրարկուի գրաբար գործերու:

բ.- Մերձեցման աւելի հիմնական ուղի մը պիտի ըլլար հասարակաց գետինի մը որոնումը` ընդմէջ երկու գրելաձեւերուն, թերեւս ի վերջոյ բոլորին կողմէ որդեգրելի: Հարցին լրջութեան անգիտակ չեմ, եւ ատոր համար անիկա հոս, առաջարկէ աւելի, պիտի ներկայացուի իբրեւ շատ ընդհանրական ուղղութիւն մը, գաղափար մը, որ շահեկան պիտի ըլլար ենթարկել նաեւ մասնագիտական քննարկում-վիճարկումի: Նախքան դեռ խօսիլը` մանրամասն, բազմակողմանի մշակումի եւ հիմնաւորումներու մասին, երբ կամ եթէ տեղը գայ…

Ի՞նչ է ուրեմն հոս առաջադրուածը: Վերը նկատուեցաւ, որ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւի բոլոր փոփոխումները չեն խախտեր, կամ նոյնքան չեն խախտեր, կապը գրաբարեան արմատներու հետ: Որո՞նք են փոփոխման այս «թեթեւ» պարագաները, որոնց պահպանումը խզումի տեղիք չի տար.

ա.- Դասականի մէջ եա, իւ, ոյ (բառամէջ), այ կամ ոյ (բառավերջ) հնչա-տառակապակցումները, որ աբեղեանասեւակեան գրելաձեւով կը դառնան յա, յու, ույ, ա կամ ո (վերջինները` առանց համր յ-ի): Օրինակ` սենյակ, սյուն, լռություն, տղա, անբարո…

բ.- Դասականի ուա, ուե, ուէ, ուո եւ այլ տառակապակցումները (հնչուող` ւա, ւե, ւէ, ւո եւ այլն), որոնք աբեղեանասեւակեան գրելաձեւով կը դառնան վա, վե, վէ, վո…):

Նոր գրելաձեւի բերած ա. կէտի փոփոխութիւնները «թեթեւ» են անով, որ չեն վերաբերիր բառակազմական մարզի, չեն խաթարեր արմատական կառոյցներ: Ատով եւս` կրնային նկատուիլ բնական հոլովոյթի հաւանական տարրեր: Նոյնը` բ. կէտի (ուա, ուե…) պարագային, ուր իրանահայ արեւելահայերէնի կիրարկած ւա, ւե, ւէ, ւո… ձեւերը` հաւանօրէն ըլլային իրաւախոհական ձեւ մը. ն(ը)ւագ` փոխան նվագի կամ նուագի, ստւեր` փոխան ստվերի կամ ստուերի եւ այլն:

գ.- Հարցը լրիւ տարբեր է` ե-է զոյգի պարագային: Նկատի առած արմատներու մէջ այս երկու ձայնաւորներու կարեւոր ներկայութիւնը, նաեւ նոյնա-նմանաձայն բառերու կամ բարդացում-ածանցումի այլեւայլ պարագաներու անոնց շփոթումէն բխող շփոթը, ուրիշ ձեւ չկայ տուեալ կացութեան սրբագրումին համար` բացի վերականգնելէ անոնց դասական գրելաձեւի համակարգը:

դ.- Հարցը, պարզ է, նոյն ձեւով կը դրուի ո-օ ձայնաւորներու զոյգի պարագային: Անոնց վերականգնումը եւս անխուսափելի է, եթէ կ՛ուզենք կամրջուիլ գրաբարեան բառագանձին հետ եւ բառերու հետեւումը ընել` մինչեւ արմատ ու ծագում:

ե.- Այլապէս, բայց նոյնքան կարեւոր կը ներկանայ հարցը հ եւ յ բաղաձայններու զանազան կիրարկումներուն համար, յատկապէս ասոնցմէ երկրորդի հոլովական նախադաս մասնիկի դերակատարութեան պատճառով` բառասկիզբին: Օրինակներ` յետադարձ, յանկարծ…

***

Այս պատկերացումը կրնայ «ուտոփիական» (երազային-Խմբ.) երեւիլ, բայց անիկա կը հիմնուի հայերէն լեզուի եւ հայ մշակոյթի անվիճելի միութեան չափանիշին վրայ` այսօրուընէ դէպի իր տասնհինգդարեան անցեալը: Եւ, կ՛արժէ կրկնել, ոչ մէկ ձեւով կը յղուի արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն կամ Հայաստան-Սփիւռք որեւէ երկուութեան. հայրենի հայերէնին ուրոյն, էական խնդիրն է` անցեալի եւ աւանդութեան հետ կապի իմաստով:

Յամենայն դէպս, եթէ անիկա անընդունելի նկատուի այս կամ այն դրդումով, կը մնայ կիրարկել երկու գրելաձեւերու զուգահեռ գոյակցութեան ձեւը, արդէն նշուած` հիները հրատարակել բացառապէս դասականով, անոր ընտելացնելու` հայրենի ժողովուրդը:

Այսպիսի գոյակցութիւն «անգրագէտ» պիտի չդարձնէ, խառնաշփոթ չստեղծէ ժողովուրդի մշակեալ խաւին համար, ինչպէս չի դարձներ գրաբարի մէջ անոր կիրարկումը` զայն ճանչցող մշակեալ խաւին համար: Ընդհակառակը, կը տրամադրէ գրելաձեւի ընտանի պատկեր մը, երկրորդ գրելաձեւ մը, կապը` նախորդ մէկ-երկու դարերու գրական գանձին հետ, ընդլայնելով հայաշխարհի անոր ընկալումը` հայրենի ներկայի վերջին հաշուով անձուկ սահմաններէն անդին, թէկուզ, բարեբախտաբար, պետականութեան կարգավիճակով:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

 

Հայութեամբ Բաբախողներու Սփիւռքը Հայաստանի Կամրջած Վահագն Յովնանեան Ոչ Եւս Է

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Vahagn-Hovnanyan01_9-05-15Vahagn-Hovnanyan3_9-05-15Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ո՛չ լուսանկար էին, ո՛չ ճառ, այլ` կեանքի արարում: Պարզ եւ համեստ այս հայը ամէն առիթով կ’ըսէր, որ հայրենիք պէտք է գալ, հաստատուիլ: Իր յաջողութեան բոլոր բարիքները կրնար վայելել Ատլանտեանի գեղածիծաղ ափի պերճ ու շքեղ տան մէջ, ուր հանգիստ կեանքի բոլոր պայմանները ունէր: Բայց եկած էր հայրենիք: Հայրենալքման հակառակ ուղղութեամբ:

Եկած էր Հայաստան` մնալու, արմատաւորուելու, ոչ միայն իր անձով, այլ` արմատաւորելու համար ուրիշներ ալ: Պատմեց, որ այս գեղեցիկ թաղամասը կառուցուած է Երեւանի աղբանոցին վրայ: Ինչպիսի սիրով եւ յանդգնութեամբ հոն կառուցած է գեղեցիկ եւ ապագային նայող թաղամաս մը: Օրինակելի Վահագն Յովնանեան, որ իր նախաձեռնութեամբ ասպարէզ կարդացած է բոլոր անոնց, որոնք կրնան իր ըրածը ընել եւ չեն ըներ:

Բարոյական յանդգնութիւն է չբաւարարուիլ խօսքով եւ տալ անձին օրինակը:

Վահագն Յովնանեանի իրապէս կը պատշաճի բարի մարդու համբաւը, բարերարի լուսապսակը, թէեւ վերջին տասնամեակներուն այդ բառին իմաստը նուազուրդի ենթարկուեցաւ:

Նիւ Եորքի հայերը կը պատմեն, որ Վահագն Յովնանեանի տան դռները միշտ բաց եղած էին մշակոյթի գործիչներու առջեւ, եւ ան սատար հանդիսացած էր մշակութային նախաձեռնութիւններու: Հայաստանի մէջ ալ շարունակած էր զօրավիգ կանգնիլ մշակոյթի:

Սուրիական տագնապին պատճառով Երեւան հասած ընտանիքներու համար բնակութեան պայմաններ ստեղծած էր` առանց ժողովներէ եւ յանձնախումբերէ անցնելու:

Իր յաջողութիւնը սնապարծութեան չէր վերածած Վահագն Յովնանեան: Հաճելի խօսակից էր: Կը սիրէր հայերէն երգը: Դեռ երկու շաբաթ առաջ իրեն այցելութեան գացինք, արդէն ծանր հիւանդ էր: Երբ աչքերը բացաւ, զանազան խօսքեր ըսաւ, բայց նաեւ հայերէն երգեց, երգեր, որոնք իրեն ընկերացած էին Իրաքէն Ամերիկա եւ Հայաստան:

Գործի մարդ էր Վահագն Յովնանեան: Նիւ Ճըրզիի մէջ իր անունը կրող արդիական հայկական վարժարան կայ` ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած: Այդ դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ,  եկած էր Հայաստան, ապրիլ 24-ին: Իր հիւրն էին: Խումբը իր թաղամասը հիւր եկած էր: Հրաւիրած էր նաեւ բարեկամներ: Իր սաները հայերէն կը խօսէին եւ հայերէն երգեցին, ամերիկածին տղաք եւ աղջիկներ, եւ իր աչքերուն մէջ կը կարդացուէր երջանկութեան ուրախութիւնը:

Երազներ ունեցող եւ երազները կեանքի վերածող իրաւ մեծ հայ էր Վահագն Յովնանեան, որուն հայրենասիրութիւնը հեռուն նստած յուզուողի սէր չէր, այլ անձի ներդրում էր:

Մեր զրոյցներէն մէկուն ընթացքին հարց տուի, թէ ինչպէս պիտի շարունակուէր իր մեծ գործը: Ըսաւ, թէ Նինան` իր աղջիկը, պիտի շարունակէ գործը, որ իր ամուսնին եւ երկու աղջիկներուն հետ կը բնակի իր տունէն քարընկէց մը հեռու: Ան ալ Ամերիկայի ճոխութիւններէն հրաժարած եւ եկած էր հայրենիք:

Յաճախ ըսած եմ, որ մահէն ետք առաքինութիւնները կ’ապրին: Բայց առաքինութիւններ պէտք է ունենալ, որպէսզի ապրին: Հռոմէացիները առաքինութիւնը կը սահմանէին որպէս հոգիի ուժ:

Վահագն Յովնանեան հռոմէացիի հոգեկան հզօրութիւն ունեցաւ: Իր թաղամասը մանրանկար քաղաք պիտի ըլլայ` իր դպրոցներով եւ կեանքով:

Ինք կեանք տուաւ այդ անբնակ վայրին: Այդ վայրը, իր կենդանի պատգամով, պիտի ըլլայ Վահագն Յովնանեանի շարունակուող կեանքը, որուն ծառուղիներէն դիտեց երազային Արարատը: Իր երազած քաղաքը իրականութիւն է այսօր, իր կարօտի աչքերուն մէջ եղած Արարատն ալ օր մը կ’ըլլայ հայու իրականութիւն:

Օրինակելի Վահագն Յովնանեան:

Անոնք, որոնք կը սգան իր կորուստը, պիտի ունենա՞ն, կ’ունենա՞ն իր իրաւ եւ անխարդախ հայրենասէրի հռոմէացիի առաքինութիւնը: Քանի որ յիշեցինք հռոմէացիները, յիշենք նաեւ անոնց զինուորի խօսքը` վահանի ետին կամ վահանի վրայ: Վահագն Յովնանեան հայու վահանին ետին մնաց եւ մեզմէ կը բաժնուի վահանին վրայ, մերժելէ ետք օտար եւ օտարացնող երկինքը, մերժում` որ առաքինութիւն կը պահանջէ:

Միշտ պէտք է կրկնել`օրինակելի:

Մեծ յեղափոխականի կտակ-խօսքը պէտք է յիշել` գործն է միայն կենդանի:

Եւ Վահագն Յովնանեան կ’ապրի:

 

2 սեպտեմբեր 2015, Փարիզ

 

 

Չես Մեռնիր

$
0
0

ԹՈՐԳՈՄ

IMG-20150904-WA0001

Մանկապարտէզին մէջ ուսուցչուհին կը հարցնէ, թէ ո՞վ գիտէ Մասիսը, ես անմիջապէս կը պոռամ.

– Մասիսը քեռիս է:

Աւելի ուշ կը գիտնամ, որ Մասիսը մեր սրբազան լեռն է եւ իմ մէջս հայկականութիւնը նաեւ քեռիիս միջոցով դրոշմուած է. չէ՞ որ ան Հայաստանի խորհրդանիշը եղող լերան անունը կը կրէր:

Մենք Պէյրութ եկած էինք Պոլիսէն, աւելի ճշգրիտ` Սամաթիայէն, որուն բնակիչներէն Մասիսը, «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքէն դուրս ցատկած ապրող կերպար մըն էր, ճիշդ ու ճիշդ Յակոբ Պարոնեանի նկարագրած համակրելի սամաթիացին, որ Լիբանանի եւ աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու մէջ միշտ մնաց նոյնը` իր խօսելու ոճով, Սամաթիայի բարբառով, պաշտօնական ձեւականութիւններէ խրտչող, պարզունակ նիստ ու կացով, անմիջական, անկեղծ, պարզ, բայց սրամիտ, կենսուրախ,շուրջը խինդ ու ժպիտ տարածող, կեր ու խումի սիրահար մը:

Հայրս յանկարծամահ եղաւ մեր Պէյրութ հաստատուելէն քանի մը տարի ետք: Ես եւ մայրս, որ ութ ամսուան յղի էր, ապաստան գտանք մեզմէ կարճ ժամանակ ետք Պէյրութ փոխադրուած քեռիիս տունը, ուր նաեւ կային շապին գարահիսարցի մեծ հայրս եւ արաբկիրցի մեծ մայրս: Այնպէս որ, մեր սրբազան լերան անունը կրող քեռիիս տան մէջ կար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պոլսոյ հայկական տոհմիկ, ընտանեկան մթնոլորտը, որ այնքա՜ն կենսական էր բոլորովին օտար վայրի մը մէջ հօրմէ զրկուած քրոջս եւ իմ կազմաւորման համար:

Մասիս մեր պատճառով ուշ ամուսնացաւ.ան արդէն ընտանիք ունէր` իմ եւ քրոջս հայրն էր… Եւ այսպէս, նուազագոյն աշխատավարձ ստացող քեռիս, մօրս կարի գործի շատ սահմանափակ  եկամուտին օգնութեամբ, իր օրուան հացը ,բառին ամէնէն հարազատ եւ իսկական իմաստով, մեզի հետ կիսեց: Երբեմն այդ ալ չըրաւ. ամբողջը մեզի տուաւ:

Կեանքի այդպիսի դժուար, բայց հեքիաթային օրերուն, 1960-ականներու սկիզբը, Ամերիկայէն Լիբանան այցելութեան եկած մեծահարուստ ազգական մը, վերադարձի ատեն մեր տունն ալ հանդիպելով` ողորմութեան նման գումար մը տուաւ: Քեռիս այդ պահուն տունը չէր, սակայն քանի մը վայրկեան ետք գալով` դրամը մօրս ձեռքէն խլեց, հեծանիւով սուրաց օդակայան եւ վերադարձուց դրամը Ամերիկայի մեր հարուստ ազգականին: Սամաթիացի հայուն արժանապատուութիւնը արմատաւորուած էր մէջը:

Դրամէն աւելի` ունեցած դրամը ծախսել կը սիրէր: Թէեւ ուզածին չափ դրամ չունեցաւ, որպէսզի սիրած չափով ծախսէ, բայց դրամէն աւելի սիրեց հարազատները, ընկերութիւնը, մտերմութիւնը, հայը… իբրեւ վաւերական հայ ապրիլը: Արդարեւ, թրքական բանակին մէջ պարտադիր ծառայութեան տարիներուն, Պոլսոյ, Պէյրութի եւ Ամերիկայի մէջ 83 տարի իբրեւ հայ ապրեցաւ:

Քեռիիս հայկականութիւնը տարբեր արտայայտութիւն մը ունէր, ինչպէս` այդ օրերուն Լիբանան հաստատուած բոլոր պոլսեցիներունը. պարզ, ոչ բռնազբօսիկ, զերծ պոռոտ դրսեւորումներէ, հռետորութենէ, մանաւանդ` հայախօս, թրքերէն խօսող հայերու լայն  շրջանակի մը մէջ:

Մասիս երբ իր սեփական գործը հիմնեց`օդափոխիչ սարքերու տեղադրում,արաբ շէյխի մը Պաալպեքի մէջ նոր կառուցած դղեակը կանչուեցաւ: Մասիս կառոյցը քննելէ ետք կ’ըսէ.

– Շէ՛յխ, դղեակը կառուցուած` վերջացած է, օդափոխիչը տեղադրելը անկարելի է:

Շէյխը կ’ըսէ.

– Ուալա՜ու եա պարոն, հա՛յ եւ անկարելի՞, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ:

Մասիս կը մտածէ, որ հայուն մասին օտարին այս համարումը ինք պէտք չէ խախտէ: Գիշերը ցերեկին կը խառնէ եւ լուծումը կը գտնէ:

Քեռիս ի վերջոյ նոր տուն մը վարձելով` իր ընտանիքը կազմեց, երբ մայրս կրկին ամուսնանալով` մենք այլ տուն փոխադրուեցանք: Սակայն լիբանանեան պատերազմին պատճառով կրկին ապաստանեցանք Մասիսին տունը, ուր այս անգամ կային` քեռիս, քեռկինս, իրենց երեք երեխաներով, մեծ հայրս, մեծ մայրս, Մասիսին աները եւ զոքանչը…

Այդ տան մէջ մենք ոչ միայն ապահով զգացինք, այլ ամէնէն կարեւորը` մենք մեզ օտար չզգացինք, շնորհիւ նաեւ աննման քեռկինիս` Եղսոյին, որ նոյնպէս պոլսեցի է եւ` հայ կնոջ բոլոր արժանիքներով օժտուած:

Պէյրութի պատերազմի մէկ տաք հանգրուանի մը  մենք Մասիսը նաեւ հալածեցինք Այնճար, ուր ամառ մը փոքր տուն մը վարձելով` ընտանիքը օդափոխութեան տարած էր:

Մասիս ի վերջոյ օձիքը մեր ձեռքէն ազատեց,երբ իր պաշտպան հրեշտակին` Եղսոյին հետ հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր այլեւս զինք չհալածեցինք…

Եւ լաւ չըրինք չհալածելով…

Որովհետեւ մեր խիղճը մեզ պիտի տանջէ.մենք չկրցանք ըստ արժանւոյն եւ գործնապէս մեր երախտագիտութիւնը արտայայտել մերին Մասիսին,որ ինծի սորվեցուցած է` ֆութպոլ խաղալ, հեծիկ քշել, մուրճ գործածել, սինեմա երթալ, Եզեկիելէն «Ազդակ» գնել եւ տնեցիներուն կարդալ, ընտանիքի բարեկեցութեան համար անձնական նախասիրութիւններէ անտրտունջ զրկուիլ, իրաւունքդ չպահանջելու աստիճան փափկանկատ ըլլալ, եւ քիփլինկեան ըմբռնումով հազար ճիգերու շահը կորսնցնելէ ետք, առանց տրտնջալու, ողբալու, վերսկսիս, կրկին սկսիս, սկսիս… Մասի՜ս… Մասի՛ս:

Վերջին շաբաթներուն անբացատրելի նախացգացումներ ունեցայ: Իսկ երբ լսեցի,որ հիւանդանոց տեղափոխած են Մասիսը, մտքիս պաստառին վրայէն արագ ընթացող շարժապատկերի մը նման անցան, հի՜ն, հի՜ն դէպքեր եւ նկարներ, ընկերակցութեամբ` Յարութին «Զոքանչս» երգին եղանակով կրկնուող բառերուն.

«Ամէն մարդ ալ քեռի ունի,
իմ ՔԵՌԻԷՍ ոչ ոք ունի»:

 

 

 

Անդրադարձ. Պատեհապաշտութեան Դիպուկ Օրինակ Մը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_9-04-15

Միջերկրական ծովուն ճամբով դէպի Եւրոպա հասնող ապօրինի գաղթականներու երեւոյթը նորութիւն մը չէ: Միջերկրական ծովը կուլ տուած է այդ յուսահատ քայլին դիմողներէն շատեր: Այսօր, սակայն, ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը եւրոպական երկիրներուն համար վերածուած է ճգնաժամի մը: Աւելի լաւ եւ ապահով կեանքի պայմաններու արդար ձգտումի տէր մարդոց չդադրող հոսքը արդէն վերածուած է եւրոպական երկիրներուն մէջ եւ միջեւ լուրջ հարցի մը: Կարգ մը երկիրներ սկսած են իրենց սահմաններուն վերահսկողութիւնը ամրապնդել` այդպիսով ականահարելով Շենկենի համաձայնութեան հիմքը: Եւրոպական պետութիւններուն միջեւ ծայր առած են ապօրինի գաղթականները հիւրընկալելու կամ սահմանները վերահսկելու մէջ թերացած ըլլալ-չըլլալու վէճեր եւ փոխադարձ ամբաստանութիւններ: Եւրոպական երկիրները նաեւ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւեն գլխաւորաբար ափրիկեան երկիրներէ դէպի բարգաւաճ հիւսիս ուղղուող գաղթականները հիւրընկալելու թեր եւ դէմ վէճեր ու ցոյցեր: Աւելի՛ն, բախումներ կ՛արձանագրուին եւրոպական երկիրներ «ներխուժած» գաղթականներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ: Տնտեսական ճգնաժամի մատնուած Յունաստանի պարագային այդ բախումները աւելի լուրջ բնոյթ ունին. անոնք յունական կղզիներու բնակչութեան եւ տեղացիներուն համար մտահոգիչ թիւ ներկայացնող անկոչ ու «բռնագրաւող» հիւրերուն միջեւ են:

Ահա այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ արձանագրուեցաւ թրքական ծովափին մօտ սուրիացի գաղթականներ փոխադրող նաւուն ընկղմելուն ողբերգութիւնը: Արաբ Բունարէն եղող սուրիացի երեխային Պոտրումի  ծովափը քշուած դիակին լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու վրայ մեծ շրջանառութիւն գտած լուսանկարները ցնցում յառաջացուցին:

Թրքական իշխանութիւնները անմիջապէս ձեռնարկեցին իր տեսակին մէջ աննախադէպ չեղող աղէտի, ինչպէս նաեւ լուսանկարին ստեղծած մթնոլորտի շահագործման: Թուրքիոյ նախագահը եւրոպական երկիրները ամբաստանեց Միջերկրական ծովը գաղթականներու գերեզմանոցի վերածելու յանցանքով: Էրտողանի այդ յայտարարութիւնը թրքական քարոզչական մարտավարութեան առաջին քայլն էր: Անոր հետեւեցաւ երկրորդ քայլը` վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի ուրբաթ օրուան յայտարարութիւնը: Ան Անգարայի մէջ Քսաններու խմբակի տնտեսութեան նախարարներու ժողովին ընթացքին նշեց. «Թուրքիա գաղթականներու հոսքը կանխարգիլելու համար փորձեց աշխարհը համոզել Սուրիոյ մէջ ստեղծելու ապահովական գօտի մը, սակայն ոչ ոք լսեց անոր ձայնը»:

Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ իտալական «Աքի» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն կ՛արգելակէ այդ գօտիին ստեղծումը, որովհետեւ ատոր աշխարհագրական դիրքին շուրջ տարակարծութիւններ ունի Անգարայի հետ: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ Թուրքիոյ վերոնշեալ մարտավարութեան բուն թիրախը Ուաշինկթընն է:

Անգարա արաբ բունարցի քիւրտ երեխային` Այլան Քըրտիի ողբերգութիւնը կը շահագործէ իր կամքը Ուաշինկթընին պարտադրելու եւ վերջինիս կողմէ թրքական կողմին ուղղուած ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին ոչ բաւարար մասնակցութեան ամբաստանութիւնը հակակշռելու համար: Երեւոյթ մը, որ անմեղ զոհին ծագումին լոյսին տակ հեգնական ըլլալուն կողքին նաեւ ստորութեան համազօր պատեհապաշտութեան դիպուկ օրինակ մըն է:

 

 

3 Սեպտեմբեր 1895. Համիտեան Եաթաղանին Դէմ Զէյթունի Ապստամբութեան 120-Ամեակը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Տեսարան-Զեյթունից

3 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը արձանագրեց իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հերոսական դրուագներէն մէկը:

3 սեպտեմբեր 1895-ին արծուաբոյն, աւելի՛ն, անառիկ Զէյթունի հայութիւնը պարզեց ապստամբութեան դրօշ` Օսմանեան կայսրութեան արիւնարբու գահակալ Ապտիւլ Համիտի դէմ, ամիսներով հերոսական մարտեր մղեց համիտեան զօրքերուն դէմ, Զէյթունի անկախութիւնը հռչակեց եւ զէնքը վար դրաւ միայն այն ժամանակ, երբ Կարմիր սուլթանը տեղի տուաւ Զէյթունի հայութեան պահանջներուն առջեւ:

Ինչպէս օրին, նաեւ հետագայ տասնամեակներուն, հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդները իրենց ազգային ինքնավստահութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող վարար աղբիւր մը գտան հերոսական Զէյթունի դիւցազնապատումին մէջ: Հայ բանաստեղծները անմահացուցին զէյթունցի քաջորդիներուն ծառացումն ու անպարտելիութիւնը: «Կեցցէ՛ Զէյթունը, խրոխտ Սասունը» յանկերգով` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգեցին դաշնակցական ֆետայիները…

Առանձնայատուկ է տեղն ու պատգամը հայկական Զէյթունին, որ լեռնային Կիլիկիոյ անառիկ բարձունքներուն իր կազմութեան ժամանակէն իսկ, միջնադարէն սկսեալ, շարունակ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ օտար ասպատակողներու դէմ, կրցաւ սեփական ուժերով պաշտպանել ազատ ապրելու իր տարրական իրաւունքը եւ, ծանրագոյն պայմաններու մէջ անգամ, դարեր շարունակ ի վիճակի եղաւ պահպանելու իր կիսանկախ գոյակերպը:

Այսօր, երբ յետադարձ հայեացքով կ՛արժեւորենք Զէյթունի 1895-ի ապստամբութեան բռնկման 120-րդ տարեդարձը, ամէն բանէ առաջ կը վերանորոգենք քաջ զէյթունցիներու օրինակով ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին արժանաւորութեան խորհուրդը:

Հանրագիտական տուեալներով, ԶԷՅԹՈՒՆ-ը (այժմ` Սուլէյմանիէ, Թուրքիա) պատմականօրէն յաջորդած է բիւզանդական Ուլնիա շրջանին: Զէյթունը քաղաք էր Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, Մարաշէն 38 քմ. հիւսիս-արեւմուտք` դժուարամատչելի լեռնոտ դիրքով: Շրջապատուած է հիւսիսէն` Չըրըզ, Բերիտ, Սաղ, Տաղ, Աղաճ, Առ, Եօթնեղբայր, արեւելքէն` Պերզինկա, Մաւլա, Աւագ, հարաւէն` Կիւվրտին, արեւմուտքէն` Սոլախտերէ լեռներով: Շրջակայքին կան օգտակար հանածոններ (երկաթ, արծաթ), հանքային ջուրեր: Կ՛ենթադրուի, որ Զէյթուն անունը (առաջին անգամ յիշատակուած է ԺԵ. դարուն) յառաջացած է արաբերէն զէյթուն (ձիթենի) բառէն, իսկ Ուլնիա անունը Զէյթունը ժառանգած է նոյն տեղանքը գտնուած բիւզանդական համանուն բնակավայրէն:

1990-ին հրատարակուած «Հայկական համառօտ հանրագիտարան»-ի Ա. հատորին համաձայն, «Բագրատունիներու թագաւորութեան անկումէն (1045թ.) ետք Զէյթունի տարածքը հաստատուած են Անիէն գաղթած 7 հայ ընտանիքներ` բնակավայրը անուանելով «Անի-Ձոր»: 1080-1375 թուականներուն Զէյթունը մտած է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մէջ: Զէյթունի բնակչութիւնը բազմացած է Շիրակէն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիայէն ու այլ բնակավայրերէ եկած հայերով: 15-16-րդ դարերու սկիզբը ինկած է թուրքմենական ցեղերու տիրապետութեան տակ:

1517 թուին ընդունած է թրքական հպատակութիւն: Թուրք սուլթան Մուրատ Չորրորդը 1626-1627-ին Զէյթունի հայերուն շնորհած է կիսանկախութեան հրովարտակ (ֆերման):

«Քաղաքը եւ գաւառը ղեկավարած են 4 իշխանական տուներ` Շովրոյեանները, Եաղուպեանները, Ենի-Տունեանները, եւ Սուրէնեանները, որոնց անունով են կոչուած Զէյթունի թաղերը (անոնց ժառանգական տիրոյթները): Գաւառին վերաբերող հարցերը լուծած է իշխանական խորհուրդը, ուր վճռական խօսքի իրաւունքը վերապահուած է աւագ իշխանին եւ Զէյթունի արքեպիսկոպոսին»:

Պատմականօրէն անկախ կամ կիսանկախ ապրած Զէյթունը միշտ ալ գրգռեց թուրք իշխանաւորներու ախորժակները, որոնք ամէն առիթ օգտագործեցին ազատ ու անկախ հայութեան այս արծուեբոյնը գրաւելու եւ իրենց բռնատիրութեան ենթարկելու համար: Բայց Զէյթունը միշտ ալ զէնքով դիմադրեց եւ ետ շպրտեց թրքական այդ նկրտումները` ամէն պարագայի իր ինքնիշխանութիւնը պահպանելով, իսկ յոռեգոյն պայմաններու տակ` զիջելով հարկ վճարել թուրք սուլթանին…

Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարները

Զէյթունի ապստամբութեան ղեկավարները

«Զէյթունի 1862-ի պաշտպանութիւնը» (1962, գործ` Զուլում Գրիգորեանի)

«Զէյթունի 1862-ի պաշտպանութիւնը» (1962, գործ` Զուլում Գրիգորեանի)

19-րդ դարուն Զէյթունը իր ազատութեան եւ անկախութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը դիմագրաւեց 1862-ին, երբ սուլթանական կառավարութիւնը փորձեց զինու զօրութեամբ խորտակել հայոց անառիկ այս ամրոցը:

Բայց Զէյթուն կրկին անգամ յաղթական դուրս եկաւ ինքնապաշտպանութեան թէժ կռիւներէն, վերահաստատեց ինքնավար ու կիսանկախ կեանքի իր իրաւունքը եւ այդպէս ապրեցաւ մինչեւ 1890-ականները: Նաեւ 1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ զէյթունցիք կրկին ծառացան` օսմանեան բռնակալ լուծը միանգամընդմիշտ թօթափելու յոյսերով, բայց յաղթական իրենց կռիւները քաղաքականօրէն անպտուղ մնացին, որովհետեւ ցարական Ռուսիան աշխարհաքաղաքական այլ հաշիւներ կը հետապնդէր…

Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի սուլթանական գահ բարձրանալով` թուրք պետական քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրը դարձաւ Հայկական հարցէն ձերբազատումը: Յատկապէս Զէյթունն ու Սասունը կոկորդին կեցած փուշ էին մեծ մարդասպանին համար: Եւ Համիտ շարունակ կ՛որոճար յարմար պահուն մահացու հարուած տալու ծրագիրներ…

1890-ականներու սկզբնաւորութեան թափ առած հայ յեղափոխական շարժումը, յատկապէս` Հնչակեան կուսակցութեան սկզբնական մակընթացութեան շրջանին, լաւապէս կը գիտակցէր, որ հարկ էր պատրաստ ըլլալ սուլթանի մշակած ջարդի ծրագիրին ու դիմագրաւել զայն: 1895-ի ամառը հնչակեան գործիչներ կու գան շրջանը` Զէյթունի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ միւս բնակավայրերու հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան եւ զինեալ պայքարի նախապատրաստելու համար: Բայց սուլթանը արդէն սկսած էր զօրք կեդրոնացնել այդ շրջաններուն մէջ` Զէյթունը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու նպատակով: Հնչակեան գործիչները շտապ խորհրդակցութեան կը հրաւիրեն Զէյթունի իշխանները, շրջանի գիւղապետները եւ հոգեւորական գործիչները: Այդ խորհրդակցութիւններու միջոցաւ քաջարի Զէյթունը որոշեց կանխել վտանգը եւ ձեռնարկեց ապստամբութեան:

3 սեպտեմբերին Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշը եւ շարժման ղեկավարը դարձաւ Նազարէթ Չաւուշ Նորաշխարհեան: Երեք օր ետք քաջարի հայ լեռնականները գրաւեցին Զէյթունի կառավարչատունը եւ գերի բռնեցին բոլոր պաշտօնեաները: Ապա յարձակեցան գիւղաքաղաքի թրքական զօրանոցին վրայ, գրաւեցին զայն եւ գերի ինկած 700 թուրք զինուորներուն ստիպեցին` իրենց գլուխները խոնարհած անցնիլ վանահօր սուրին տակէն: Հայերու ձեռքը անցան` երկու թնդանօթ, երեք հարիւրէ աւելի հրացան եւ մեծաքանակ ռազմամթերք: Ստեղծուեցաւ Զէյթունի ժամանակաւոր կառավարութիւն` Աղասիի գլխաւորութեամբ: Կազմուեցաւ նաեւ զինուորական խորհուրդ: Զօրանոցին վրայ բարձրացուեցաւ «Զէյթունի անկախ իշխանութեան» կարմիր դրօշը:

Ահա այսպիսի՛ յաղթական թռիչքի մը սկզբնաւորման 120-ամեակը կը տօնենք սեպտեմբեր 3-ին:

Սուլթանական կառավարութիւնը զէյթունցիներուն դէմ ուղարկեց 30 հազարնոց կանոնաւոր եւ քանի մը հազարի հասնող անկանոն զօրքեր: Զէյթունը զանոնք դիմաւորեց 6000 կռուող քաջերով եւ ամիսներու վրայ երկարած մարտերով շարունակ ետ մղեց թշնամիին գերակշիռ ուժերով յարձակումները:

Թէեւ ապստամբութեան շուրջ 4 ամիսներու ընթացքին զէյթունցիները ունեցան 3500 զոհ, բայց թշնամիէն խլեցին աւելի քան 20.000 սպանեալ:

Դեկտեմբեր 2-3 Զէյթունը նուաճեց իր մեծագոյն յաղթանակը, երբ կրցաւ անփառունակ պարտութեան մատնել թրքական ընդհանուր յարձակողականը: Սուլթան Համիտ ստիպուած տեղի տուաւ եւրոպական մեծ տէրութեանց միջնորդութեան առաջարկին եւ համաձայնութիւն յայտնեց սկսելու, եւրոպացի դիւանագէտներու հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ, Զէյթունի հերոս ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ, որոնք 30 յունուար 1896-ին յանգեցան փոխադարձ զիջումներու պայմանագրի մը ստորագրութեան:

Յուշատետրի առանձին էջի արժանի է Զէյթունի 1895-ի ապստամբութեան յաղթական աւարտը պսակող այդ պայմանագրին ազգային-քաղաքական արժեւորումը: Բայց ապստամբութեան բռնկումին 120-ամեակին նուիրուած այս հակիրճ ակնարկը անպայման պէտք է փակել ա՛յն նշումով, որ սուլթանը ստիպուած ընդառաջեց շրջանին մէջ քրիստոնեայ կառավարիչ (ազգութեամբ` յոյն) մը նշանակելու եւ տեղական ինքնակառավարման սկզբունքը յարգելու յաղթական Զէյթունի պահանջներուն:

Զէյթունի ապստամբութեան յաղթական աւարտը, այսպէ՛ս, ներշնչման աղբիւր եւ ինքնավստահութեան կռուան դարձաւ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը ամբողջական ազատագրութեան առաջնորդելու հայ յեղափոխականներու հետագայ պայքարին համար:

 

 

 

Հալէպի Բեթէլ Վարժարանի 90-Ամեակի Յուշամատեանը Տպագրութեան Կը Յանձնուի Ի Մօտոյ

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

bethel-evangelical-church-03-(1)_9-07-15

Ճիշդ 50 տարի առաջ, 1965-ին, Հայ աւետարանական քրիստոնէական ջանից միութեան վարիչ-քարտուղար պատ. Պարգեւ Տարագճեան Հալէպ տուած իր մէկ այցելութեան վաղորդայնին, պատմելով իր տպաւորութիւնները մեր քաղաքէն, Բեթէլ եկեղեցւոյ մասին գրեր է.

Եկեղեցիին առջեւէն անցնող ճամբան բաւական իջած ըլլալով` եկեղեցին կարծես կանգնած է բլուրի մը վրայ(«Ջանասէր», յունուար 1966):

Որքա՜ն ճշգրիտ բնորոշում` «Եկեղեցին կարծես կանգնած է բլուրի մը վրայ»…

Միեւնոյն տպաւորութիւնը ե՛ս ալ ունեցած եմ եւ կ՛ունենամ առ այսօր, ամէն անգամ որ կ՛անցնիմ «ԹելեՖոն Հաուայի»-ի մայր պողոտայէն ու հեռուէն կը դիտեմ Բեթէլ եկեղեցւոյ բերդանման զանգակատունն ու տպաւորիչ բարձրադիր սանդղակառոյց շքամուտքը:

Aharon-Shirajian-(1)_9-07-15

Սա վերջին ամիսներուն,  երբ Բեթէլ եկեղեցւոյ ու դպրոցին հանդիպակաց փողոցը վերանուանուեցաւ որբախնամ մեծանուն հայրիկին` վեր. Ահարոն Շիրաճեանին անունով, հայախիտ այդ թաղամասը կարծէք աւելի՛ հայացաւ: Ու Բեթէլ դարձաւ այդ շրջանին սիրտը` Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանին ու Եսայեան հանդիսասրահին քովն ի վեր:

Բեթէլ եկեղեցին առանձին չէ. իր կուշտին ունի նոյնանուն դպրոցն ալ: Զոյգ հաստատութիւններ, որոնք Հալէպի Հայ աւետ. համայնքին գլխաւոր «փեթակ»-ը կը նկատուին, եւ որոնք իրենց ետին ունին արդէն աւելի քան 90 տարուան անցեալ մը:

Հարուստ պատմութիւն մը թաքնուած է այդ 90 տարիներուն ետին:

Ի՞նչ գիտենք այդ պատմութենէն: Որո՞նք քարոզեր են այդ եկեղեցւոյ բեմէն, կամ որո՞նք իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ պաշտօնավարեր են դպրոցէն ներս: Քանի՞ հազար հայ ուսանողներ իրենց դասագիրքը բացեր են Բեթէլի գրասեղաններուն վրայ:

1923-ին հիւղաւաններուն մէջ ծնած խեղճուկ հաստատութիւն մըն էր Բեթէլը, կտաւէ հաստ վարագոյրներով անջատուած «դասարան»-ներով, ուր ուսանելու կու գային խափխափ հագած կամ ոտաբոպիկ հայ որբ աշակերտներ… Ծալապատիկ կը նստէին հողածածկ գետինը փռուած խսիրներու վրայ ու կարդալ-գրել կը սորվէին:

Տարիներու եւ տասնամեակներու երկայնքին հրաշալի վերելք մը իրագործուեցաւ:

Բեթէլ սեփականատէր դարձաւ գեղակերտ կառոյցի մը ու օր մըն ալ վերածուեցաւ երկրորդական վարժարանի:

Հալէպի հայկական հինգ երկրորդական վարժարաններէն մէկն է ան հիմա:

Բեթէլի ամբողջական պատմութիւնը սեփականութիւնը պիտի դառնայ հայ ընթերցողին, շատ շուտով, երբ տպարանէն դուրս գայ 90-ամեակի փառաւոր յուշամատեանը:

650 էջանի հոյակապ աշխատասիրութիւն մըն է այս, զոր պատրաստած է հալէպահայ (այժմ երեւանաբնակ) բանասէր եւ կրթական երկարամեայ մշակ Յակոբ Չոլաքեան:

Մենք առիթն ունեցանք ծայրէ ի ծայր կարդալու այս յուշամատեանը` անոր հրատարակութենէն առաջ իսկ:

Գիրքը կը կոչուի«Տարեգրութիւն Հայ աւետ. Բեթէլ վարժարանի»:

Խորագիրը ինքզինք կ՛արդարացնէ կատարելապէս, որովհետեւ, Բեթէլի պատմութիւնը մեզի փոխանցուած է տարուէ տարի` մէկ կրթական տարեշրջանէն միւսը, հերթաբար ու քայլ առ քայլ, եւ իւրաքանչիւր տարեշրջանի մասին տրուած է այնքան նիւթ,  որքան որ պահած են արխիւներն ու տպագիր տեղեկագիրները:

Հատորը պատկերազարդ է անշուշտ, եւ հոն կը տողանցեն վարժարանէն շրջանաւարտ բոլոր աշակերտներու խմբանկարները, իրենց սիրելի ուսուցիչներուն եւ ուսուցչուհիներուն կողքին:

Հին յիշատակներ արթնցնող ու մեզ անցեալի երանաւէտ օրերը փոխադրող գեղեցիկ իրագործում մըն է այս յուշամատեանը: Զայն թղթատելը իսկական հաճոյք մը պիտի ըլլայ:

Բայց, եկէք, արագ ակնարկ մը նետենք հրատարակելի այս մատեանին բովանդակութեան վրայ ու տեսնենք, թէ ի՛նչ հիմնական հանգրուաններէ անցեր է Բեթէլը` իր ինիսնամեայ գոյութեան տեւողութեան:

* * *

Նախ նկատել տանք, որ Բեթէլի պատմութեան նուիրուած առաջին գիրքը չէ այս: Մեր գրադարաններուն մէջ կայ արդէն վեր. Մանասէ Շնորհօքեանի հեղինակած 24 էջանի մէկ գրքոյկը (Հալէպ, 1973) եւ վեր. Պարգեւ Օրջանեանի ծաւալուն մէկ պատմագրութիւնը (Ուոթըրթաուն, 2001, 392 էջ): Առաջինը վտիտ հրատարակութիւն մըն է, պարզապէս Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին 50-ամեակին առթիւ գրի առնուած ուրուագիծ մը, իսկ երկրորդը, թէեւ ընդարձակ, սակայն առաւելաբար կը ծանրանայ Բեթէլ եկեղեցիի՛ն պատմութեան վրայ` դպրոցին վերապահելով նկուն եւ մասնակի բաժին մը միայն:

Հետեւաբար Յակոբ Չոլաքեանի ներկայ աշխատասիրութիւնը Բեթէլ դպրոցի պատմութեան ամբողջական ու կատարելատիպ գրառումը կարելի է նկատել:

Բեթէլի պատմութիւնը կը սկսի 1923-ին, տարրական նախակրթարանի առաջին չորս դասարաններով, որոնք կը համալրուին յաջորդող քանի մը տարիներուն: Զուգահեռաբար կը բացուի նաեւ մանկապարտէզը:

Քառանկիւն փայտաշէն սրահ մըն էր այդ օրերու Բեթէլը, որ կը ծառայէր թէ՛ իբրեւ եկեղեցի, թէ՛ իբրեւ դպրոց:

Այսօրուան Համիտիէ եւ Ճապրիէ թաղամասերուն միջեւ տարածուող ու Ռամ կոչուած հիւղաւանին (քեմփ) մէջ էր ատիկա:

Ամբողջ տասներկու տարի, մինչեւ1935, դպրոցը կը գոյատեւէ հայկական այդ հիւղաւանին մէջ, ընդհանրապէս` 250-350 աշակերտներով: Վարժուհիները հին սերունդէն են, իսկ տնօրէնը Յովհաննէս Հայտոսթեանն էր, որ պաշտօնի վրայ կը մնայ մինչեւ 1941:

30-ական թուականներու սկիզբը Հալէպի գաղթականաց հիւղաւանները կը սկսին կամաց-կամաց պարպուիլ: Հայեր բնակութեան նոր վայրեր կը փնտռեն քաղաքին հիւսիս-արեւելեան սահմաններուն վրայ` Մէյտան, Տաւուտիէ, Շէյխ Մագսուտ եւ այլն: Այդ շրջանին, ճշգրտօրէն` 1933-ին, Հայ աւետ. համայնքը կը գնէ Ճապրիէի իր ներկայ հողը` հոն նոր եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու նպատակով: Ամերիկեան պորտը հազար օսմ. ոսկի նուէր կու տայ այդ նպատակով: Շինարարական աշխատանքները կը սկսին յաջորդ տարի:

Եկեղեցին կը կառուցուի  երկու տարիէն (1935-ին)` Մարաշի Հայ աւետ. եկեղեցւոյ ճարտարապետական նմանողութեամբ: Աղօթատեղիին կից` Բեթէլ դպրոցին շինութիւնն ալ կ՛աւարտի 1939-ին: Նոյն տարին դպրոցը մանկապարտէզի մասնաճիւղ մըն ալ կը բանայ Շէյխ Մագսուտի մէջ (գոյատեւած է երկու տասնամեակ): Եւ գիտէ՞ք, այդ շրջանին (Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին) ուսուցիչներուն ամսականը 10-12 սո էր, իսկ տնօրէնին ամսականը` 23 սո, աշակերտներու տարեկան կրթաթոշակներն ալ` 3-5 սո…:

1940-ական թուականներու կէսերէն մինչեւ 1950-ական թուականներու կէսերը` Բեթէլ կարեւոր ոստում մը կ՛արձանագրէ իբրեւ դպրոց, նախ` կեանքի կոչելով միջնակարգի Ա. դասարան մը (Է. կարգ) ու յաջորդող տարիներուն հանգրուանային ձեւով համալրելով զայն Բ. եւ Գ. դասարաններով (Ը. եւ Թ. կարգեր): Այս յառաջխաղացումին իբրեւ բարերար արդիւնք, բնականաբար, կ՛աճի աշակերտութեան թիւն ալ: Օրինակ, 1948-49 տարեշրջանին դպրոցը կ՛ունենայ 440 աշակերտ, իսկ 1955-56 տարեշրջանին` 514 աշակերտ: Դժբախտաբար  այս նոյն տարին Կրթական գերատեսչութիւնը (մաարեՖ) հրամանագրով մը կը փակէ միջնակարգը` պետական կրթական ծրագիրի թերի ու անկատար գործադրութիւն նշմարելով այնտեղ:

1946-49 Բեթէլի աշակերտութիւնը լոյս կ՛ընծայէ «Խաչբուռ» անունով աշակերտական պարբերաթերթ մը: Ասիկա մէկն էր հալէպահայ դպրոցներու այն պարբերականներէն (ինչպէս` Ալէփփօ քոլեճի «Գրասէր»-ը, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի «Հայ Պատանի»-ն, Կիլիկեան վարժարանի «Հայրենասէր Պատանի»-ն կամ Ճեմարանի «Բամբիռ»-ը), որոնց հրատարակութիւնը կարեւոր կը նկատուէր այդ օրերուն, եւ ուր տեղ կը գտնէին մեր պատանի տղոց գրական-ուսումնասիրական նախափորձերն ու յօդուածները:

Հետաքրքրական է իմանալ, որ 1960-ին տնօրէնի մը ամսականը 400 սո է եղեր, իսկ ուսուցիչներու ամսականները`  125-160 սո…

Բեթէլ վարժարանի այս «Տարեգրութիւն»-ը թղթատողները, անոր էջերուն երկայնքին, տեղ-տեղ, շահեկան տեղեկութիւններ պիտի գտնեն նաեւ սուրիահայ վարժարաններու դիմագրաւած հասարակաց տագնապներուն մասին` ինչ կը վերաբերի հայոց լեզուի ուսուցման եւ անոր դիմաց ատեն-ատեն յարուցուած դժուարութիւններուն:

Օրինակ, արձանագրուած է, որ հայերէնի նկատմամբ առաջին սեղմում մը ի գործ կը դրուի 1959-ին, երբ երկրին բոլոր դպրոցներէն կը պահանջուի կիրարկել պետական պաշտօնական կրթական ծրագիրը` բոլոր դասանիւթերը աւանդելով արաբերէնով: Այդ օրերուն, մեզի կ՛արտօնուի հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան դասերը շարունակել «Հայ մշակոյթի դասեր» անունին տակ: «1963-64 տարեշրջանին հայերէնի եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցումը կրկին նոր դժուարութիւններու կը հանդիպի», կը գրէ Չոլաքեան`բացատրելով,  որ պետական կրթական մարմիններէն հրահանգներ կու գան` դադրեցնելու հայոց լեզուի դասերը: Պետութիւնը կը միտէր «միօրինակութիւն հաստատել մասնաւոր եւ պետական դպրոցներու միջեւ` ուսումնական ծրագիրի, ժամանակացոյցի, պաշտօնէութեան որակի, մակարդակի, վարձատրութեան, դպրոցական ատենագրութեանց եւ այլ կրթական երեւոյթներու մէջ», ինչոր բնական էր անշուշտ, թէեւ մեր դպրոցները դժուարութիւններու կը բախէին` ծրագրեալ այս հիմնական փոփոխութիւններուն քայլ յարմարցնելու տեսակէտէ:

Բառնալու համար այսօրինակ դժուարութիւններ` հայ համայնքներու պատասխանատուները կը լծուին միասնական արտասովոր աշխատանքի: Անոնք կը յառաջացնեն համագաղութային ներկայացուցչական մարմին մը (հոգեւոր եւ աշխարհական դէմքերէ բաղկացեալ), որ Դամասկոսի մէջ տենդագին բանակցութիւններ կը վարէ կրթական եւ ներքին գործոց նախարարութեանց հետ ու անոնց կը փոխանցէ հայութեան ցանկութիւնները, պատկերացումներն ու մտահոգութիւնները: Համաձայնութիւն կը գոյանայ կողմերուն համար «ընդունելի» լուծման մը շուրջ:

1967-ին տագնապը ա՛լ աւելի կը բարդանայ, երբ դպրոցներուն վրայ կը նշանակուին պետական տնօրէններ, ուսումնական ծրագրին ամբողջ հսկողութիւնը կ՛անցնի կրթական նախարարութեան, իսկ հայերէնի պահերը կ՛իջեցուին շաբաթական երկու պահի: Դեռ աւելի՛ն, հայերէնը կարգափոխութեան մէջ (վիճակացոյց) այլեւս նկատի չ՛առնուիր: Նոր օրէնքի մը հիման վրայ համայնքապետը կը կոչուի «դպրոցի սեփականատէր», իսկ համայնքին կողմէ նշանակուած հայ տնօրէնը` «արտօնատիրոջ կամ սեփականատիրոջ ներկայացուցիչ»: Կը փոխուին նաեւ դպրոցներու պաշտօնական անունները (թէեւ կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ մեր վարժարանները իրենց ցուցանակներուն կամ շքամուտքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտից վկայականներուն մէջ մի՛շտ ալ պահեցին ու կը պահեն իրենց հայկական տոհմիկ անուանումները` առանց որեւէ կաշկանդումի): Բեթէլը կը կոչուի «Ալ-Հայաթ»: Այս կարգադրութիւնները ընդվզումի կ՛առաջնորդեն երկրին կաթողիկէ դպրոցները, որոնք եղածը «ամբողջական պետականացում» համարելով` զարմանալիօրէն կը մերժեն վերաբանալ իրենց դռները: Անոնք փակ կը մնան վեց տարի, մինչեւ1973: Մինչ այդ հայ համայնքին ու պետական վարչամեքենային միջեւ կը կատարուին նո՛ր բանակցութիւններ` շինիչ ու անկեղծ երկխօսութեամբ մը, որոնց մէջ էական դեր կը խաղայ իրաւաբան Գրիգոր Էպլիղաթեան: Կը գոյանայ փոխադարձ հասկացողութիւն, որ գործնական գետնի վրայ կը պահպանէ հայ դպրոցին ազգային դիմագիծը: Այդ թուականէն սկսեա՛լ է, որ կ՛որդեգրուի շաբաթը չորս պահ հայերէնի ծրագիրը, որ ի զօրու կը մնայ առ այսօր:

Յաջորդող տասնամեակին Բեթէլ տնտեսական ամուր յենակներ կը գտնէ իրեն համար: 1978-ին խանութներ կը շինուին եկեղեցւոյ շրջափակին երեք կողմերուն վրայ ու ատոնք վարձակալութեան տրուելով` հասութաբեր կալուած կը դառնան:

1981-ին դպրոցը կը վերանուանուի Հայ աւետ. միացեալ վարժարան, նկատի առած, որ Ալէփփօ քոլեճի հայերէնի դասապահերը շատո՜նց դադրեր էին (1962-ին), իսկ համայնքին ենթակայ միւս դպրոցը` Էմմանուէլն ալ այլեւս լրիւ արաբացած էր, ու հետեւաբար Բեթէլը զուտ համայնքային միակ վարժարանը կը մնար Հալէպի մէջ:

90-ական թուականներուն շատ սուր տագնապ մը խռովքի կը մատնէ Բեթէլի շրջանակն ու Հայ աւետ. համանքը: Դպրոցին աշակերտութեան թիւին մէջ հետզհետէ մտահոգիչ համեմատութիւններու կը հասնի ոչ հայ (արաբ քրիստոնեայ եւ իսլամ) աշակերտներու թիւը: Երեւակայեցէք, որ 2000-2001 տարեշրջանին դպրոցի աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր 218, որուն միայն 87-ն հայ էր, իսկ մնացեալ 131-ը` ոչ-հայ…

Տնօրէնուհին ահազանգ կը հնչեցնէ: Կը ձեռնարկուի արմատական լուծման` վերականգնելու համար վարժարանին հայկական դիմագիծը` սկսելով մանկապարտէզի Բողբոջ դասարանէն:

Երկարաշունչ ու համբերատար ծրագիր մըն էր ասիկա, որ ի գործ կը դրուի աչալրջօրէն, զգօնութեամբ ու նպատակասլաց կերպով, ինը տարուան ընթացքին (մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարանի աւարտը) տալու համար իր բարերար արդիւնքը:

Եւ Բեթէլ կրկին կը հայանայ:

2007-2008 տարեշրջանին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի կարգերուն մէջ ոչ հայ աշակերտ գրեթէ չէր մնացած: Յաղթանակ մըն էր ասիկա: (Թէեւ վարժարանին միջնակարգի ու երկրորդականի բաժինները կը շարունակեն ընդունիլ ոչ հայ աշակերտներ, առ այսօր):

2003-ին, պետական հրամանագրով, Սուրիոյ մէջ նախակրթութիւնը կը վերածուի իննամեայ դրութեան: Բեթէլն ալ ինքնաբերաբար կ՛ունենայ ինը կարգ` փոխան վեցի: «Ասկէ մեծապէս պիտի շահէր հայ դպրոցի հայեցի դաստիարկութեան առաքելութիւնը», կը գրէ Չոլաքեան:

Ի հետեւումն նոր դրութեան, 2007-ին Բեթէլ կու տայ պըրըվէի Ա. հունձքը: Եւ որպէսզի շրջանաւարտ սաները շարունակեն մնալ Բեթէլի յարկին տակ, նոյն տարուան սեպտեմբերին կը բացուի Ժ. կարգի դասարանը: Փաստօրէն  հաստատ քայլ մը կ՛առնուի դէպի լրիւ երկրորդական:

Ու… վե՜րջապէս, 2009-2010 տարեշրջանին Բեթէլ կը վերածուի լրիւ երկրորդականի, որ կու տայ իր Ա. հունձքը` 14 հոգի: Զուգահեռաբար բացումը կը կատարուի դպրոցին նորակառոյց երրորդ յարկին: Լոյս կ՛ընծայուի նաեւ վարժարանին «Տարեգիրք»-ին Ա. թիւը: Այս ձեռքբերումները կ՛իրականանան համայնքապետ (2003-էն) ու Բեթէլի հովիւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետեւողական ճիգերով:

Դպրոցը, այսպիսով, կը նուաճէ իր պատմութեան գագաթնային հանգրուանը:

***

Մինչ կը կարդայինք տպագրութեան յանձնելի այս յուշամատեանը, անդրադարձանք, որ բազմաթիւ էին այն երեւելի դէմքերը, որոնք շրջանաւարտ եղեր էին Բեթէլէն ու յետոյ նուիրուեր` հոգեւոր, կրթական, մշակութային ու հանրանուէր ծառայութիւններու: Շրջանաւարտից անուններու այդ երկար ցուցակներուն մէջ մենք հանդիպեցանք  վեր. Պարգեւ Օրջանեանին (1928), «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանին (1928), երբեմնի տնօրէն Եր. Ակիշեանին (1943), ծանօթ բժիշկներՊարգեւ Անտոնեանին (1943)ու Ժան Օհանեանին (1952միջ.), հայերէնաւանդ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ Ազնիւ Արապեանին (1945), Բիւզանդ Մինասեանին եւ Մանուշակ Փիլոյեանին (1947),վեր. Պարգեւ Աբարդեանին (1950), Նուպար Շորվօղլեանին (1952), խմբավար-երաժշտագէտ Պօղոս Ապաճեանին (1953), հայագէտ տոքթ. Երուանդ Քասունիին (1953 միջ.), դեղագործ Յակոբ Թախթապուրունեանին (1956) եւ այլն, եւ այլն:

Մեզի համար նո՛յնքան հետաքրքրական էր տնօրէններու ցանկը.

Յովհաննէս Հայտոսթեան (սկիզբէն մինչեւ 1941), Գեղամ Միսիսեան (1941-43), ԼութՖի Հայտոսթեան (1943-44), Էմմանուէլ Տարագճեան (1944-45),Նշան Յովհաննէսեան (1945-47),  Սարգիս Կանիմեան (1947-48), կրկին ԼութՖի Հայտոսթեան (1948-59), Մովսէս Ապաճեան (1959-60), Տիգրան ՍարաՖեան (1960-66), Սուրէն Շորվօղլեան (1966-67, ապա շուրջ տասնամեակ մը դպրոցը հայ տնօրէն չ՛ունենար), այնուհետեւ` Ազնիւ Քիրիշեան-Եագուպեան (1978-81), Պէթի Գրաճեան-Եփրեմեան (1982-83), Անդրանիկ Ինճեճիքեան (1983-86), Մակի Ասլանեան (1986-87), Մարալ Նենեճեան (1988-89), եւ դա՛րձեալ Պէթի Գրաճեան-Եփրեմեան (1989-էն ցայսօր, աւելի քան քառորդ դարու երկարատեւ պաշտօնավարութեամբ եւ բեղուն վաստակով):

90 տարիներու երկայնքին` մնայուն հունձք եւ անմոռանալի հնձուորներ…

Հալէպ

 

 


Հեռուստամարաթոն 2015-ը` Հալէպի Եւ Տաւուշի Համար

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Սեպտեմբերի այս օրերին, երբ նշում ենք վերամուտը, մեր երեխաներին դպրոց ու մանկապարտէզ ուղարկում, վայելում Երեւանի հրաշալի եղանակն ու բաց սրճարանները, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուածում կրկին կրակում են: Հայկական շուրջ 20 գիւղերի երեխաներ դպրոց են յաճախում հակառակորդի ամէն պահ սպասելի գնդակոծութեան պայմաններում, նրանց ծնողները չեն կարողանում, բառիս բուն իմաստով չեն կարողանում հաւաքել դաշտերում մնացած բերքը, քանի որ մշակելի հողերի մեծագոյն մասը հակառակորդի ուղղակի թիրախի տակ է:

Բայց տեղի ունեցաւ ամէնից ողբերգականը: Հայրենի սահմանները պաշտպանելու համար այս օրերին ընկան երեք հայորդիներ, որոնցից մէկը հինգ երեխաների հայր էր: Նրանք երեքն էլ պայմանագրային զինծառայողներ էին: «Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» այս իրավիճակը, որ ձգւում է աւելի քան երկու տասնամեակ` 1994-ի մայիսից (իսկ 1991-1994 թուականներին պատերազմ էր), Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուածի շուրջ երկու տասնեակ հայկական գիւղերի համար աւելի մօտ է պատերազմին:

Ի՞նչ կը լինի, եթէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուայ հեռուստամարաթոնի ընթացքում հանգանակուած ողջ գումարը կիսուի հայկական աշխարհի ամէնից ծանր պայմաններում գոյատեւող հայերի համար` ՀԱԼԷՊ եւ ՏԱՒՈՒՇ:

Երբ 1992-ին Հայաստանի ղեկավարութիւնը սփիւռքեան առաջատար կազմակերպութիւնների եւ կառոյցների հետ գործակցաբար ստեղծում էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, հիմնական նպատակ էր հետապնդում օգնել ու նեցուկ կանգնել հայութեան այն հատուածներին, որոնք նիւթական օգնութեան խիստ կարիքը ունեն:

Անկասկած, հիմնադրամը անցնող 22 տարիներին անգնահատելի գործ է կատարել: Առաջին հերթին, եւ դա արդար է, ուշադրութեան կենտրոնում եղել է Արցախը: Եթէ այսօր երկրորդ հայկական հանրապետութիւնում պատերազմի բացայայտ հետքերը չեն երեւում, ապա դրանում իր մեծագոյն ներդրումը ունեն հիմնադրամն ու այն խոշոր բարերարները, առաջին հերթին` աւանդական սփիւռքից, իսկ վերջին տարիներին` նաեւ Հայաստանից ու Ռուսաստանից, ովքեր ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնն են բերում եւ հեռուստամարաթոնների ընթացքում մի քանի հարիւր հազարից մինչեւ մի քանի հարիւր միլիոն տոլար նուիրաբերում:

Այսօր Արցախը, բարեբախտաբար, լաւ վիճակում է: Այո՛, նրա սահմանների երկայնքով կանգնած են ազրպէյճանական բանակները, որոնք պատրաստ են ամէն յարմար պահի նոր պատերազմ սանձազերծել: Իրադրութիւնը Արցախ-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքով շարունակում է մնալ լարուած, դիպուկահարների զոհ են դառնում մեր առաջնային դիրքապահները, սակայն միւս կողմից` սահմանի այդ հատուածում չկան բնակավայրեր, որտեղ քաղաքացիական բնակչութիւնը ամէնօրեայ վտանգի տակ է գոյատեւում:

Իսկ ահա Տաւուշում կան այդպիսի երկու տասնեակ բնակավայրեր: Ընդհանրապէս, Տաւուշի մարզը եւ առաջին հերթին Բերդի տարածաշրջանը, ներդրումների ու նոր ենթակառուցուածքների խիստ կարիք ունի: Արդար կը լինի, եթէ մէկ անգամ, գոնէ մէկ անգամ, համայն հայութեան հանգանակած գումարների մի մասը ուղղուեն դէպի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուած: Դա լուրջ ներդրում կը լինի. կը ստեղծուեն նոր աշխատատեղեր, արտագաղթ չի լինի, իսկ ամէնից կարեւորը` այդ շրջանի բնակիչները կը համոզուեն, որ պետութիւնն ու համայն հայութիւնը իրենց կողքին է:

Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը, վստահաբար, ըմբռնումով կը մօտենան, երբ յայտարարուի, որ հանգանակուած գումարները ուղղուում են դէպի ՀԱԼԷՊ ու ՏԱՒՈՒՇ: Աւելի՛ն. հէնց Արցախի իշխանութիւնները պէտք է լինեն ջատագովները: Եւ պէտք չէ հեռուստամարաթոնի օրակարգը փոխել: Թո՛ղ Արցախի նախագահը, վարչապետը կամ Ազգային ժողովի նախագահը,  ընկերակցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդի, ինչպէս լինում է աւանդաբար, մեկնեն Լոս-Անճելըս, բայց այս անգամ համայն հայութեանը բացատրեն եւ ուղերձ յղեն առ այն, թէ որքան կարեւոր է այսօ՛ր, ա՛յս տարի օգնել ոչ թէ Արցախին, այլ` հայութեան այն հատուածներին, որոնք համայն հայութեան կարիքն ունեն առաջին հերթին: Դա նաեւ խորհրդանշական կը լինի: Եւ ցանկալի կը լինի, որ Հալէպի ու Տաւուշի դրամահաւաքին ամէնաաշխուժ մասնակցութիւն ունենան Արցախի քաղաքացիները նաեւ:

Հայութեան, հետեւաբար նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ուշադրութեան կենտրոնում պէտք է լինի նաեւ Հալէպը: Հալէպում հայութեանը ամէն կերպ պահելու, Հալէպից հայութեանը ամէն կերպ դուրս բերելու մասին հայկական լրատուամիջոցներում շարունակուող քննարկումները էական չեն: Այդ քննարկումները ինչ-որ իմաստով նաեւ արհեստական են: Պէտք է ընդունել այն իրավիճակը, որ այսօր կայ այնտեղ: Իսկ իրավիճակը հետեւեալն է. Հալէպում ունենք հազարաւոր հայեր, ունենք համայնքային կառոյցներ, որոնք շարունակուող պատերազմի պայմաններում փորձում են յարմարուել իրավիճակին: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Տաւուշի մարզի երկու տասնեակ գիւղերի բնակիչներ արդէն աւելի քան 20 տարի ապրում են եւ փորձում գոյատեւել «Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» պայմաններում:

Անշուշտ մէկ էական տարբերութիւն կայ: Տաւուշը Հայաստան է, հայրենիք, յաւէրժ, իսկ Հալէպը Հայաստան չէ: Բայց նոյն Հալէպն ու հալէպահայութիւնը մեծագոյն ներդրումն են ունեցել ինչպէս Հայաստանին նիւթապէս օգնելու հարցում, այնպէս էլ տասնամեակներ շարունակ սփիւռքին տուել է որակեալ ուսուցիչներ, բժիշկներ, պատմաբաններ, ճարտարապետներ: Մենք պէտք է հասկանանք նաեւ, որ երբ խօսում ենք Հալէպի մասին, ապա նկատի ունենք հայերի, որոնք զանազան պատճառներով, անգամ այս արիւնահեղ պատերազմը աչքի առաջ ունենալով, կառչած են մնում իրենց տներին, համայնքային կառոյցներին, շարունակում են դպրոց ու եկեղեցի պահել, իրենց երեխաներին ուղարկել դպրոց: Մենք նկատի ունենք որոշակի հայերի` հալէպահայերի, որոնք այսօր ունեն համայն հայութեան նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը:

Եւ ուրեմն, դէպի ՀԱԼԷՊ եւ ՏԱՒՈՒՇ:

ԱՆԻ կենտրոն

 

Ճգնաժամերը Դիմակայելու Համար Անհրաժեշտ Է Համահայկական Համադրում

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միջազգային կարեւորագոյն հարցերու առնչութեամբ առկայ է համակարգման լուրջ թերութիւն: Աշխարհասփիւռ հայերը բազմիցս վտանգի ենթարկուած են, սակայն Հայաստանը կամ սփիւռքը հազիւ թէ օգնութեան հասած են անոնց:

2003 թուականին Միացեալ Նահանգներու կողմէն Իրաքի գրաւումէն ետք հայերը, միլիոնաւոր այլ իրաքցիներու հետ միասին, մեծ կորուստներ կրեցին: Թէեւ շատ բան կարելի չէր ընել անոնց ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու համար, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը եւ սփիւռքահայերը պէտք է կազմակերպուած ջանքեր գործադրէին օգնելու անոնց, որոնք ձգեցին իրենց ողջ ունեցուածքը եւ փախան երկրէն: Ցաւօք, ոչինչ կատարուեցաւ իրաքահայ գաղթականներուն օգնելու, որ վերաբնակին հայրենիքի մէջ կամ երթան այլ տեղեր:

Բարեբախտաբար հայերու արձագանգը աւելի զօրաւոր եղաւ տակաւին շարունակուող սուրիական հակամարտութեան ժամանակ: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը աջակցեցաւ 15 հազար սուրիահայերէն շատերու, որոնք տեղափոխուեցան հայրենիք, իսկ սփիւռքահայ գաղութները աշխուժօրէն դրամահաւաքներ կազմակերպեցին Սուրիոյ մէջ մնացած սուրիահայերուն օգնելու համար: Սակայն, ցաւօք, աջակցութիւնը անբաւարար էր Սուրիոյ մէջ մնացած եւ Լիբանան կամ Հայաստան փախած հայերու հսկայական կարիքները հոգալու համար:

Կրնան պատահիլ նաեւ այլ անսպասելի մարդածին կամ բնական աղէտներ, ինչպէս` 1988 թուականին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, որուն հետեւանքները վերացնելու եւ աղէտի գօտին վերականգնելու աշխատանքները դեռ կը շարունակուին 25 տարի անց…

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք Արցախին սպառնացող շարունակական վտանգին մասին: Տարիներով այդ մասին բարբաջելէ ետք, եթէ օր մը Ազրպէյճանի մտախտ ունեցող նախագահը որոշէ լայնածաւալ յարձակումի ձեռնարկել Արցախի դէմ, արդեօք աշխարհասփիւռ հայերը պատրա՞ստ են օգնութեան փութալու իրենց հայրենակիցներուն: Հակառակ անոր որ սահմաններու պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը երկու հայկական հանրապետութիւններու զինուած ուժերուն ուսերուն է, սակայն սփիւռքահայերը արդեօք պէտք չէ՞ համադրուած գործողութիւններու ծրագիր ունենան, որպէսզի կարենան դիմակայել նման գոյապայքար մը: Անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պէտք է նախօրօք կազմակերպել, որպէսզի յարձակման պարագային կարելի ըլլայ անմիջապէս հակազդել:

Կարեւորագոյն այլ խնդիր մըն է նաեւ, որուն հայերու անյապաղ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն, Թուրքիոյ մէջ տիրող քաոսային իրավիճակն ու հայ համայնքին առջեւ ծառացած հաւանական վտանգները, մասնաւորապէս`

1) Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ընդհանուր խառնաշփոթը` կապուած վերջերս իշխող կուսակցութեան կողմէն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կորսնցնելու եւ նոյեմբեր 1-ին նախատեսուող նոր ընտրութիւններ իրականացնելու հետ,

2) Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն կողմէ հերթական յարձակումները հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններու մէջ, եւ` բախումները թրքական զինուորականներու ու քիւրտերու միջեւ Թուրքիոյ մէջ,

3) Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բռնակալական իշխանութեան միջազգային քննադատութիւնը, անոր աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն եւ ձեռնարկած անողոք քայլերը` ընդդէմ քաղաքական ընդդիմախօսներու:

Թուրքիայէն դուրս գտնուող հայերու համար հիանալի առիթ է միանալու հակաէրտողանեան թափօրին: Միաժամանակ յարմար պահ է համագործակցելու միլիոնաւոր քիւրտերու հետ, որոնք դէմ են Էրտողանի վարչակարգին: Սակայն ճիշդ ժամը չէ լուռ մնալու, երբ թրքական վարչակարգը կը ձերբակալէ Տիարպեքիրի Սուրի շրջանի համաքաղաքապետ Ֆաթմա Պարութը: Ո՞ւր է ցասման ալիքը` ընդդէմ խիզախ հայուհիի կամայական ձերբակալութեան: Ցաւօք, ոեւէ մէկը չբողոքեց  Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի… Անցեալ ամիս քաղաքապետ Պարութը եւ անոր ընտանիքը Երեւան էին` մասնակցելու Համահայկական խաղերուն: Այս առիթով անոնք այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին:

Աշխարհասփիւռ հայերը պէտք է նաեւ աջակցին Պոլսոյ մէջ «Նոր զարթօնք» երիտասարդական շարժման, որ կը պայքարի հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ միւս ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Այդ խումբի պայքարողներէն մէկը բողոքած է, որ անոնք նոյնիսկ բարոյական աջակցութիւն չեն ստանար սփիւռքէն, չխօսած` Հայաստանի մասին: «Նոր զարթօնք»-ի անդամները, որոնք ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած են թրքական ծայրահեղականներու կողմէ, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին բողոքի հաւաքներ իրականացուցած են «Արմէն ճամբար»-ի մօտ` թրքական կառավարութենէն պահանջելով բռնագրաւուած որբանոցը վերադարձնել հայկական համայնքին:

Քանի որ հայերը սփռուած են աշխարհով մէկ, ուստի անոնք կրնան դժբախտ միջադէպերու զոհ դառնալ ապագային: Խիստ անհրաժեշտ է, որ համաշխարհային հայկական յանձնախումբ մը, կազմուած` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ, ծրագիրներ մշակէ` աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հայերուն սպառնացող արտակարգ իրավիճակներու պարագային: Դրամահաւաքներու իրականացման եւ գործողութիւններու ծրագիրներ կազմելու ժողովները պէտք է իրականացնել ողբերգական իրադարձութիւններէն առաջ, այլ` ոչ թէ յետոյ:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովը իր յառաջիկայ երեւանեան համաժողովին կրնայ վերանուանուիլ եւ վերածուիլ մշտապէս գործող համահայկական մարմինի, որ պիտի զբաղի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու բոլոր հարցերով, յատկապէս` արտակարգ իրավիճակներու մէջ:

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Անթիլիասի Անլռելի Ձայնը Պատմական Կիլիկիոյ Մէջ

$
0
0

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ-ԱՆԼՌԵԼԻ-ՁԱՅՆԸ-ՊԱՏՄԱԿԱՆ-ԿԻԼԻԿԻՈՅ-ՄԷՋ-(Vaghinag)3

Կիլիկիա՜, մեր սրտի սէր ու սնունդ:
Կիլիկիա՜, մեր հոգու շունչ ու շող:
Կիլիկիա՜, մեր մտքի երգ ու երազ:
Կիլիկիա՜, մեր կեանքի զարդ ու զատիկ:

Հերոսական տեսիլքի, վիմածին կամքի ու ամրակուռ հաւատքի տէր, եւ արդարութեան ձայնի անխոնջ շեփորահար հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս բացառիկ մտայղացումը ունեցաւ միաբաններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը առաքելու Սիսի մեր դարաւոր կաթողիկոսարանը, հոնկէ՛ խօսելու նահատակներուն  եւ նահատակներուն անունով, խօսելու ողջերուն եւ ողջերուն անունով, եւ պատգամելու, թէ` ժառանգութիւն մը չի՛ մոռցուիր այնքան ատեն որ ժառանգատէրը կը մնայ պահանջատէր. իրաւունք մը չի՛ կորսուիր, այնքան ատեն որ իրաւատէրը տէ՛ր կը կանգնի իր իրաւունքին: Սիսի մեր սրբազան ու լուսածին ժառանգութեան ժառանգատէրը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է իր ինքնանուէր վեհափառ հայրապետով, իր նուիրեալ միաբանութեամբ եւ իր կիլիկիասէր ու հաւատաւոր ժողովուրդով:

Ամբասիր սիրտ ունեցող ո՞ր մարդուն սիրտը յուզումով չպատուեցաւ, երբ լսեց սրտին ձայնը վեհափառ հայրապետին, զոր հնչեց Կիլիկիոյ եկեղեցիներուն լռեցուած զանգերուն փոխարէն:

Մաքուր հոգի ունեցող ո՞ր մարդուն հոգին անպատում ցնծութեամբ չհամակուեցաւ, երբ լսեց հոգիի պոռթկումը վեհափառ հայրապետին, որ բխեցաւ իր հոգիի ալուցքներէն երեսն ի վեր աներես թշնամիին:

Ապագայատես միտք ունեցող ո՞ր մարդուն միտքը հաւատքի յարութեան լոյսով չողողուեցաւ, երբ լսեց յարութեան յոյսով օծուն վեհափառ հայրապետին նշխարակերպ խօսքը:

Արդարեւ, նշխար մըն էր վեհափառ հայրապետին խօսքը, որ բաշխուեցաւ կիլիկիադաւան չորս միաբաններու սրտի սկիհէն` Կիլիկիայէն հեռու, բայց Կիլիկիան իրենց մէջ ապրեցնող ու անով ապրող մեր ազգի զաւակներուն:

Չորս քաջարի միաբաններ Նորին Սրբութեան կողմէ Սիս ղրկուելով` դարձան Յովհաննէս Մկրտիչի ոգիով տոգորուած չորս նախակարապետները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` աւետելով Սիսի անկենդան, բայց մշտակեաց աճիւններուն` սիրոյ ջերմ հպումը պատմութեան անարդարութեան դէմ մարտնչող ու պատմութիւն կերտող հայրապետին` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Չորս անվեհեր միաբաններ լո՛յս տարին հոգեղէն Կիլիկիայէն դէպի պատմական Կիլիկիան ու զայն զետեղեցին անճրագ, բայց մշտավառ կանթեղին մէջ Սիսի կաթողիկոսարանին, եւ յո՛յս բերին պատմական Կիլիկիայէն դէպի Անթիլիասի պատմակերտ Կիլիկիան ու զայն վեհափառ հայրապետին ձեռքով զետեղեցին լուսաւորչավառ հաւատքի կանթեղին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Հայոց աշխարհի դրախտին` Սիսի կաթողիկոսարանին հաւատքի այդ կանթեղը անշէջ ու անշիջանելի մնաց Թուրքիոյ կողմէ յարուցուած արիւնալից ալիքներուն դէմ: Եւ հաւատքի այդ կանթեղը, հաւատքի հայրապետին` Սահակ կաթողիկոսին ձեռքով հասաւ մինչեւ Անթիլիաս, ուր իր վերածնունդը ապրեցաւ դրախտ Կիլիկիան:

Այո՛, դրախտ մըն էր Կիլիկիան, իսկ այդ դրախտին կենաց ծառը` Սիսի կաթողիկոսարանը: Դար մը առաջ մեր ազգի զաւակները ամէնէն դաժան միջոցներով հեռացուեցան իրենց դրախտէն ու այդ դրախտի կենաց ծառէն, եւ փակուեցաւ դրախտապատկեր Կիլիկիոյ դուռը` դրախտածին մեր ժողովուրդին դիմաց: Եւ սակայն մեր ազգի զաւակները ընդհանրապէս, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնաւորաբար, չմոռցան Կիլիկիան ու անոր սրտի սկիհը` Սիսի կաթողիկոսարանը: Եւ ահա դար մը ետք թրքափակ այդ դուռը ուժգնօրէն կը բախուի վեհափառ հայրապետին հայրապետական ասային հարուածովը, եւ հոնկէ թեթեւընթաց քայլերով մուտք կը գործեն հոյլ մը միաբաններ, կը կարդան պատգամը Նորին Սրբութեան, եւ ատիկա կը դառնայ պատգամ մը իւրաքանչիւրիս ուղղուած` չմոռնալո՛ւ Կիլիկիան, չմոռնալո՛ւ Սիսի կաթողիկոսարանը:

Խրախուսի՛չ էր մտածումը, եւ խիզախ` առնուած քայլը: Ահա այդ խիզախ հոգիի որդեգրութեան մեզ կը հրաւիրէ Սուրբ Աթոռիս արժանընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս: Մենք հոգեւոր զինուորները վեհափառ հայրապետի արի բանակին, պիտի շարունակենք մեր հաւատքի քաջ գնացքը դէպի արդարութիւն, դէպի մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացում: Թող որ Կիլիկիան ապրի մեր սրտին մէջ, եւ թող որ Սիսի կաթողիկոսարանին հասնելու տեսիլքը անստուեր մնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգիին մէջ:

 

 

 

 

Պօղոս Սնապեան Մեծերուն Մէջ Մեծ Էր*

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

snabiN3_9-05-15

Արտօնեցէք ինծի սիրելինե՛ր, որ մեր ընկերուհիին նշած տիտղոսներուն իրաւունքով չխօսիմ ձեզի, այլ խօսիմ իբրեւ պարզ անհատ, որ ճանչցաւ Պօղոս Սնապեանը, որ հպարտ եղաւ Պօղոս Սնապեանը ճանչցած ըլլալուն համար, եւ որ սորվեցաւ Պօղոս Սնապեանէն, առանց բախտը ունենալու անոր աշակերտը ըլլալու, բայց Պօղոս Սնապեան եղաւ մեր ուսուցիչը:

Տակաւին 1972-1973 թուականին, երբ ընկեր Երուանդ Փամպուքեան «Ազդակ»-ի տնօրէն էր, մղեց զիս, որ «Ազդակ»-ի մէջ կարենամ երբեմն էջեր մրոտել: Ընկեր Պօղոսին հետ առաջին հանդիպումս հոն եղաւ, 16-17 տարեկան տղու առաջին տպաւորութիւնս քիչ մը մտահոգիչ էր, որովհետեւ խոժոռ էր ընկեր Պօղոսին դէմքը, սակայն 24 ժամ չանցած ընկեր Պօղոսը` մարդու ամբողջական պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ իմ եւ իմ նմաններուս աչքին առջեւ էր արդէն:

Ապա բախտը ունեցանք իրեն հետ ըլլալու «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, պատերազմի օրերուն «Բագին»-ի շէնքին մէջ, «Բագին»-ի ննջարաններուն մէջ, Համրայի իր տան մէջ, ապա Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին մէջ` իբրեւ պաշտօնակից, եւ յաճախ կ՛ըսէի, որ իր դասապահէն ետք երբ դասարան կը մտնէի, ուսանողները դժգոհ կ՛ըլլային, որովհետեւ պարոն Պօղոս Սնապեանի հաճելի դասէն, գրականութենէն ետք անհամ քաղաքականութեան մասին պէտք է խօսէի, եւ պէտք է լսէին: Ապա, երբ պայմաններու բերումով ընկեր Պօղոս բաւականացաւ «Ազդակ»-ի մէջ ունենալ գրասեղան մը եւ աթոռ մը միայն, եւ այդ գրասեղանին վրայ խուրձերով թուղթեր, թերթեր եւ գիրքեր, հոն էր, որ ընկեր Պօղոս իսկապէս իր մեծութեամբ իմ աչքերուս առջեւ իր բոլոր գաղտնիքները բացաւ` գիտնալու համար հետեւեալները:

Ընկեր Պօղոս այն մարդն էր, որ մեծ էր ո՛չ թէ փոքրերուն հետ բաղդատած, ընկեր Պօղոս մեծ էր մեծերուն մէջ: Կարելի չէ բաղդատել Պօղոս Սնապեանը գրչակներու, փոքր գրիչներու, գրիչ գործածել ձեւացնողներու եւ ծանուցողական այս դարուն մեր մամուլի էջերուն մէջ ապսպրանքով գրողներու հետ: Պօղոս Սնապեան մեծերուն մէջ մեծ էր: Փառքէ հեռու, աթոռէ հեռու, առօրեայ հեղինակութիւն փնտռող միջավայրէն հեռու, մերժեց դափնիները, մերժեց հաճոյակատար դառնալ եւ իր գիրի ու գրականութեան ճամբով ինք կերտեց մեր փառքը:

Սիրեց կեանքը, կը սիրէր կեանքը եւ կ՛ուզէր ապրիլ երկար, շատ երկար, կ՛ուզէր ապրիլ եւ կը սիրէր կեանքը ո՛չ թէ կեանքին ուրախութեան համար լոկ, այլ այդ ուրախութիւնը իր սրտին մէջ, իր հոգիին մէջ ունենալով կը ձգտէր առաւելագոյն ներդրումը կատարել եւ այդ ուրախութեամբ աշխատիլ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի ճամբով փոխանցելու համար այն, ինչ որ կրցաւ տալ մեզի: Իր ամբողջ ճիգը մեզի առաւելագոյն ժառանգը ձգելն էր, գրական ժառանգը, քաջութեան ժառանգը, խիզախութեան ժառանգը:

Պօղոս Սնապեան գիւղացի մարդ էր, չեմ գիտեր, եթէ բոյսի, բուսականութեան եւ հողագործութեան հետ կապ ունէր կամ ոչ, բայց վստահաբար մեր գրականութեան անդաստանին մէջ ակօսներ բացող մեծագոյն հողագործն էր: Իր յորդառատ գրիչը, իր նախադասութիւններու արագ թաւալքը կը յիշեցնէ մեզի բարձրագոյն աղբիւրէն առատօրէն հոսող ջրհեղեղը ամբողջ: Պօղոս Սնապեան յեղափոխական գրիչ էր, ոչ թէ որովհետեւ դաշնակցական մարդ էր, դաշնակցական ըլլալը, վստահաբար, իր գրիչին քիչ մը աւելի կարմիր կու տար, սակայն Պօղոս Սնապեան յեղափոխական այն գրիչն էր, որ Նազովրեցիի մտրակը իր ձեռքին խարազանեց ամէն ինչ որ սխալ է, անզիջող եղաւ, անհաշտ գրիչ եղաւ, չխնայեց համբաւի համար, ոչ ոքի խնայեց, որպէսզի իր հատորները աւելի մեծ տպաքանակով լոյս տեսնեն: Առաջարկներ ալ եղան իրեն` «գրիչդ մեղմացուր, անկիւնները կլորցուր», սակայն Սնապեան մերժեց ու մերժեց եւ մնաց յեղափոխական մարդու բարձր պատուանդանին վրայ:

Պօղոս Սնապեանին համար պաշտամունքի առարկայ էր Հայաստանը, պաշտամունքի առարկայ էր գրականութիւնը, ու չներեց Հայաստանին որեւէ սխալ, ոչ թէ որովհետեւ մեծամտութիւնը ունեցաւ չներելու, այլ որովհետեւ այնքան մտահոգ էր Հայաստանով, այնքան նախանձախնդիր էր հայրենիքին նկատմամբ, որ չխնայեց ու չներեց այն բոլոր գրագէտներուն, որոնք վարչակարգերու իբրեւ սպասարկու եւ ծառայ իրենց գրիչին ջուր խառնեցին ու փառաբանեցին նենգութիւնը, փառաբանեցին ապազգայինը, փառաբանեցին անհատը` մոռնալով միջուկը, բովանդակութիւնն ու արժէքը: Եւ Սնապեան զանոնք զգուշացուց` ըսելով, որ վարչակարգերը կու գան ու կ՛երթան, սակայն ձեր գրականութիւնը պիտի մնայ, եւ ընենք այնպէս, որ գալիք սերունդները ձեր գրականութեան մէջ ամօթ չտեսնեն, սխալ չնշմարեն:

Մարդ էր, իրաւ մարդ էր, հայ մարդ էր, եւ իր մարդկայնութիւնը ազգին ու ազգութեան համար էր:

Պօղոս Սնապեան իր մահուամբ լաւագոյն տպաւորութիւնը, որ ինծի կու տայ` չխոնարհող եղէգի պատկերն է: Հիւանդանոցի իր անկողինին մէջ անգամ մերժեց յանձնուիլ. գիտէր, որ իր կեանքը երկար չէր, եւ գիտէր, որ ժամանակը պիտի դաւաճանէ իրեն, սակայն իրեն համար գիրի ու գրականութեան դրօշը, գիրի ու գրականութեան զէնքը վար դնելը շատ դժուար էր: Իր մահէն քանի մը օր առաջ, երբ վերջին անգամ այցելեցի հիւանդանոց, ըսաւ. «Յակո՛բ, գիտես, յաճախ գիշերները կամ ցերեկները միտքս բան մը կու գայ եւ անմիջապէս տիկնոջս կ՛ըսեմ, որ արձանագրէ, եւ երբ հիւանդանոցէն ելլեմ գրեմ ու ամբողջացնեմ միտքս»: Ընկեր Պօղոս չելաւ հիւանդանոցէն, ընկեր Պօղոս յանձնուեցաւ ցուրտ հողին, սակայն մինչեւ օրս իր մահը տակաւին իրականութիւն չէ, որովհետեւ ընկեր Պօղոս եղաւ այն մարդը, որ այնքան հերկեց, այնքան ակօս բացաւ, այնքան մեծ ու արժէքաւոր սերունդ հասցուց, որ ամէն օր, ամէն ժամ անոնց մտքին մէջն է:

Պօղոս Սնապեան մերժեց շքանշանները, Պօղոս Սնապեան շքանշանի պէտք չունէր, ի՛նք շքանշան էր մեզի համար: Պօղոս Սնապեան յուշարձանի ալ պէտք չունի, անոր ուզածը ճիշդ այս տուն-թանգարանն էր, հոն, ուր պիտի ամփոփուին իր գործերը, ուր պիտի այցելեն բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան, որ Պօղոս Սնապեանը չէ մահացած ու չի մահանար: Եւ Պօղոս Սնապեանը չի մահանար եւ յիշատակի ալ չի վերածուիր, այնքան ատեն որ այս տուն թանգարանին մէջ պիտի գան երիտասարդներ, պիտի կարդան, պիտի պրպտեն, իր անտիպ էջերը պիտի վերծանեն, պիտի հրատարակեն, մամուլին մէջ տեղ գտած հարիւրաւոր յօդուածները պիտի վերահրատարակեն, բայց մանաւանդ պիտի վերակենդանացնեն այն բոլոր արժէքները, զորս ունէր եւ կը փոխանցէր իր գրականութեան ճամբով, իր բանաստեղծութեամբ, իր յօդուածներով, իր քննադատութիւններով, իր ուժով, իր կեանքով, իր ուրախութեամբ:

Դժուար է Պօղոս Սնապեանը կոչենք մահացած, դժուար է, որ կոչենք գրագէտ, քննադատ, Պօղոս Սնապեանը պարզապէս ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ է:

 

* Խօսք` արտասանուած Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի բացման առիթով, 5 սեպտեմբեր 2015-ին:

 

 

Ակնարկ. Ներազրպէյճանական «Բաղաձայներ»

$
0
0

Agnarg_9-06-15

Ազրպէյճանի կողմէ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան պետական սահմանագօտիին եւ թէ՛ Արցախ – Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ իրականացուած յարձակողապաշտութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ներկայ պահու թելադրած քաղաքական շրջագիծերուն մէջ` ընդհանուր միտումները կարելիի սահմաններուն մէջ կարենալ ընկալելու համար:

Նախքան դէպքերու թէժացումը, Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատարը կը յայտարարէր, որ Ազրպէյճանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը Թուրքիոյ գերակայ առաջադրանքներէն է: Նման յայտարարութիւն, անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելէ առաջ դիպաշարին հետեւողներուն ենթագիտակցութեան մէջ կ՛ուզէ տեղաւորել հետեւեալ տրամաբանութիւնը: Ազրպէյճանի սահմանները վտանգուած են. վտանգողը հայկական կողմն է: Այլ խօսքով, յարձակողապաշտը կամ ոտնձգութիւն նախաձեռնողը  Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախն է: Որուն դիմաց Անգարան պատրաստ է սատար կանգնելու իր կրտսեր եղբօր:

Բնականաբար ո՛չ ընտրուած ժամանակը եւ ո՛չ ալ անուղղակի ուղերձ փոխանցելու Անգարայի վարիչին այս յայտարարութիւնը պատահական են: Այս յայտարարութիւնը խորքին մէջ նախապատրաստութիւնն էր այն յարձակողապաշտութեան, որուն պիտի դիմէր Պաքուն հիմնական ճակատային երկու ուղղութեամբ:

Ազրպէյճանական քարոզչամեքենան անշուշտ պիտի լծուէր Անգարայի բեմադրութեան: Կանաչ լոյսը նման հրահրիչ գործողութիւններու ձեռնարկելու կու գար Անգարայէն: Հետապնդուածը ի՞նչ էր ըստ էութեան: Բոլոր նախադրեալները մտածել կու տան, որ լայնածաւալ պատերազմի հաւանականութիւնը այս պահու դրութեամբ գոյութիւն չունի: Առաջադրուածը`

Ա. Կիսապատերազմական մթնոլորտի ստեղծումով միջազգային հանրային կարծիքը համոզել, որ հայկական կողմը կը շարունակէ խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը եւ ձեռնարկել սադրիչ գործողութիւններու: Ասիկա արդէն ազրպէյճանական կողմի դասական մօտեցումն է, որ կը թուի ինքզինք սպառած ըլլալ իբրեւ քարոզչական մարտավարութիւն:

Բ. Ներքին սպառման կարգով, զինուորական գետնի վրայ որեւէ յաջողութիւն ձեռք չձգելով, Արցախի եւ այս պարագային ուղղակիօրէն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ թշնամական եւ կիսապատերազմական դրութիւնը վառ պահելու հերթական փորձ. թէեւ այս անգամ ընդգծուած տարողունակութեամբ:

Գ. Եթէ առաջին երկու կէտերը համեմատաբար Պաքուի աւանդական վարքագիծի շարժառիթներուն մաս կը կազմեն, ապա երրորդ կէտը ուղղակիօրէն Անգարայի պատուէրը կատարելու դրուածքով կը բացատրուի: Դէպքերը կանխած Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը այս կէտը համոզիչ կը դարձնէ: Աւելի խորքային վերլուծում կը պահանջեն Անգարայի կողմէ այս պահուն նման գործողութիւններ իրականացնելու որոշումի բուն դրդապատճառները: Մանաւանդ որ Թուրքիան ներքին խնդիրներու եւ հանգոյցներու դիմաց հետզհետէ աւելի անկիւն առաջնորդուելու ընթացին մէջ կը թուի ըլլալ: Վարկածներէն մէկը` Թուրքիայէն դուրս տագնապներ ստեղծելու եւ միջազգային ուշադրութիւնը այլ երեւոյթներու վրայ կեդրոնացնելու փորձը (Գաղթականներու համաեւրոպական տագնապ, հիմա ալ` տարածաշրջանային նախապատերազմեան իրավիճակ):

Ե. «Շանթ-2015» համապետական ռազմափորձերուն առիթով պատերազմական իրավիճակի խաղարկման համընկնեցնել սահմանային դրութեան սրումը` ներհայկական խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու համար: Ասիկա կարճաժամկէտ զուտ քարոզչական եւ պղպջակային արագութեամբ աւարտ ունեցող քարոզչական գործողութիւն է, որ չէ բացառուած Պաքուի կողմէ որդեգրուած ըլլալը:

Զ. Վերջապէս. նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն  ընտրական առաւելներ շահելու ճիգը, մարդկային իրաւունքներ յարգած չըլլալու Արեւմուտքի կողմէ կատարուած սուր քննադատութիւնները, Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան միջնախագահական ձեւաչափով տեղի ունենալիք հանդիպման նախօրեակին շանթաժ ընելու աւանդական ոճը եւ միջազգային շուկային մէջ քարիւղի գինի անկման պատճառով Պաքուի ներկայացուցած կարեւորութեան կտրուկ նուազումը` հանգամանքներ են, որոնք կրնան ազդած ըլլալ մագլցողականութեան շարժառիթներուն վրայ: Կամ Անգարայի պատուէր կատարելու համապատասխան ենթահող պատրաստած ըլլալ:

Հայկական կողմին արձանագրած զոհերուն եւ վիրաւորներուն դիմաց պատժիչ հակահարուածները եղած են խստութեան առումով անհամաչափ եւ շատ աւելի ցաւոտ: Որեւէ յաջողութիւն հակառակորդը անգամ մը եւս չէ կրցած արձանագրել:

Աւելի՛ն. Պաքուի կողմէ կիրարկուող այս ապարդիւն այլ վտանգաւոր խաղերը յետ հարուածային հետեւանքներ սկսած են ձգել:

Ազրպէյճանական կողմին մէջ ազգային հենքի վրայ հիմնուած ճեղքեր սկսած են երեւալ: Թէ՛ լեզկիները եւ թէ՛ թալիշները գիտակցած են, որ շփման գիծերու վրայ ծառայողները իրենք են եւ ոչ թէ ազգութեամբ թուրք ազրպէյճանցիները: Թէ՛ լեզկիական եւ թէ՛ թալիշական կայքերուն վրայ կոչեր կ՛ըլլան հայ- ազրպէյճանական պատերազմին չէզոք մնալու եւ որեւէ ձեւով չսատարելու ալիեւեան այս ոտնձգութիւններուն: Թալիշները աւելի հեռու կ՛երթան` յայտնելու համար, որ եթէ իրենք պիտի կռուին, ապա միայն անկախ Թալիշիստան ստեղծելու համար պիտի ըլլայ այդ մէկը: Փաստօրէն սկսած են բարձրաձայնուիլ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն դուրս գալու պահանջները: Առիթը` հայերուն դէմ ոչ թուրք ազրպէյճանցիներ շփման գիծ ուղարկելու ալիեւեան ռազմավարքագիծը:

Հայկական կողմի վերահսկած սահմանները կը շարունակեն մնալ անհպելի: Հակառակ պետական սահմանի եւ շփման գիծի ուղղութեամբ Պաքուի ձեռնարկած զինուորական գործողութիւններուն: Դիմացը, սկսած է արծարծուիլ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ ըլլալը:

«Ա.»

«Ո՞վ Է Հայը»

$
0
0

p10-d

Միացեալ Նահանգներ Արեւելեան շրջանէն Թամար Սամուէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած է Համազգայինի Ֆորումին, տպաւորուած «Ո՞վ է հայը» զրոյցէն` գրած է իր տպաւորութիւնը, որ հրատարակուած է այդ հաւաքին առթիւ պատրաստուած «Լրատու»-ին մէջ: Նիւ Ճըրզիի շաբաթօրեայ Սրբոց Վարդանանց «Նարեկ» դպրոցի շրջանաւարտ` Թամար ուսանած է անգլերէնի եւ մանկավարժութեան բնագաւառներէն ներս եւ այժմ կը դասաւանդէ շրջանի պետական դպրոցներէն մէկուն մէջ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Ո՞վ է հայը: Ո՞վ կրնայ նշել այն յատկանիշները, որոնք անձ մը իբրեւ «հայ» կը բնորոշեն:

Ինչպէ՞ս կարելի է բացայայտել, որ անձ մը հայ է: Այսօր, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, դժուար է հայ մնալ. բայց հայեր ներկայիս կ՛ապրին 108 տարբեր երկիրներու մէջ, ուր ջանք կը թափեն հայ մնալու նաեւ հայկական դպրոցներով` թէ՛ շաբաթօրեայ եւ թէ՛ ամէնօրեայ, մշակութային միութիւններով եւ երիտասարդաց միութիւններով:

Երեքշաբթի, յուլիս 14-ին, ընկ. Կարօ Յովհաննէսեանի առաջնորդութեամբ, Համազգայինի Ֆորումի մասնակցողները քննարկեցին այս նիւթը: Սկսանք մեր քննարկումը հայու մասին որոշ յայտնի յատկանիշներով` լեզու, կրօն, ինքնութիւն, ապրած երկիր:

Սկսանք կրօնէն: Ինչպէս գիտենք, հայերը եղած են առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւն ընդունած են` իբրեւ պետական կրօն, 301 թուականին: Ճիշդ է, որ հայերը քրիստոնեայ են, բայց ներկայիս կան հայեր, որոնք իսլամացած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք կամ կը բնակին Համշէնի մէջ եւ հայերէն կը խօսին, բայց քրիստոնէութեան չեն հետեւիր: Սփիւռքի կամ անձնական պատճառներով կան անոնք, որոնք անձամբ կ՛որոշեն ուրիշ կրօնի հետեւիլ:

Կարեւո՞ր է անձ մը անպայման առաքելական քրիստոնեայ ըլլայ, որ հայ կոչուի: Հայաստանի պատմութեան մէջ հայերը կրկին կռուած են պաշտպանելու իրենց քրիստոնէութիւնը: Եթէ իբրեւ հիմք ընդունինք անոնք, որոնք քրիստոնեայ չեն, բայց հայ են, սխա՞լ գործած կ՛ըլլանք: Հաւատքը պէ՞տք է կապել ինքնութեան հետ:

p10-a

Երկրորդ` քննարկեցինք լեզուի եւ գրականութեան կարեւորութիւնը հայապահպանման համար: Հայերէնը հին լեզու է. այո՛, նախքան այբուբենի ստեղծումը` հայերը հայերէն կը խօսէին: Մեսրոպ Մաշտոց այբուբենը հնարելէ ետք, 405 թուականին, մեր գրականութիւնը զարգացաւ եւ այսօր կը շարունակուի: Սակայն սփիւռքի մէջ քանի որ հայերէնը ընդհանրացած լեզու չէ, շատ սփիւռքահայեր դժուարութիւն կ՛ունենան հայերէն սորվելու, կարդալու եւ գրելու: Հետեւաբար կարեւոր է մեր եզակի լեզուն պահել եւ պահպանել, որ հայոց պատմութիւնը փոխանցենք եկող սերունդներուն: Այո՛, շատ լաւ է հայերէն գիտնալ, բայց ան, որ առիթը չէ ունեցած սորվելու եւ դեռ ինքզինք հայ կը զգայ, հայ չէ՞: Պէ՞տք է հայերէն գիտնալ, որ հայ ըլլայ անձ մը:

Քանի որ Ֆորումի մասնակցողներուն մեծ մասը սփիւռքէն են, պրպտեցինք այն ձեւերը, որոնց միջոցով հայ կը մնան տրուած դժուարութիւններով իսկ ու կ՛օգնեն հայրենիքին:

Աշխարհի շուրջ կան հայ երիտասարդական միութիւններ, որոնք կ՛աշխատին հայ երիտասարդներ ներգրաւել հայկական հարցերով, երգեր սորվեցնելով եւ հայկական շրջանակ ստեղծելով: Անշուշտ կան շաբաթօրեայ դպրոցներ, ամէնօրեայ դպրոցներ եւ բազմաթիւ դասի գիրքեր: Նոյն հերթին կան կազմակերպութիւններ, Համազգայինի նման, որոնք ջանք կը թափեն հայապահպանման շուրջ հաւաքներ, պարախումբեր, երգչախումբեր, դասախօսութիւններ կազմակերպել, որ հայերը հետաքրքրուած պահեն: Վերջաւորութեան, անձեր բաժնեցին իրենց կարծիքները` նշելով, թէ իրենց համար հայը ով է: Որոշեցինք, որ «Ո՞վ է հայը» հարցումը մէկ պատասխան չունի:

Ըստ ինծի, այսօրուան միշտ փոխուող աշխարհին մէջ շատ դժուար է պայմաններ դնել հայ ըլլալու համար: Ան, որ հայ կը զգայ, կ՛աշխատի Հայաստանը հզօրացնել եւ հպարտ է հայ ըլլալով, հայ է: Պայման չէ, որ անձ մը հայերէն խօսի, գրէ, կարդայ, հայկական անուն ունենայ եւ քրիստոնեայ ըլլայ, որ հայ կոչուի: Զանազան ձեւի հայեր կան աշխարհի շուրջը: Ամէնէն կարեւորն է այս դարուս, որ հայերը պատրաստեն անձեր, որոնք յաջորդ սերունդին սորվեցնեն եւ շարունակեն հայապահպանման գործը:

ԹԱՄԱՐ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ

Ի՞Նչ Արժէ Ներողութիւն Խնդրելը… (Անհաւատալի, Բայց Իրական Դէպք)

$
0
0

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ

Եւ իսկապէս, ի՞նչ արժէ «ներողութիւն» բառը: Մեր առօրեայ բառապաշարից գրեթէ վաղո՜ւց է դուրս եկել այն, թէեւ իւրաքանչիւր օր, աւելի կամ պակաս չափով, մենք պէտք ունենք ասելու այդ բառը` մեր գործած սխալների, մեր ստերի համար: Որքան էլ մենք չարժեւորենք այդ բառի իմաստը, միեւնոյնն է, պարզւում է, որ որոշ մարդկանց համար շատ մեծ արժէք ունի այդ մէկ հատիկ, չորս վանկանի բառը:

Ահա մի դէպք` իմ առօրեայ կեանքից, որ պատահեց այս օրերին:

Սովորաբար, իւրաքանչիւր շաբաթ, առաւօտ կանուխ, մի քանի անգամ գնում եմ մարզարան: Մշտապէս մեքենայ կայանելու դժուարութիւն է լինում: Այդ օրը նկատեցի, որ մի մեքենայ է դուրս գալիս շարքից: Արագօրէն մեքենայովս մօտեցայ այդ մեքենային եւ կանգնեցի ետեւում, որպէսզի նրա դուրս գալուց յետոյ իր տեղը զբաղեցնեմ:

Մեքենան վարողը կին էր: Վերջինս միացրեց մեքենայի շարժիչը, այնուհետեւ բացեց դուռը եւ ուղղակի փողոցի մէջ, գրեթէ մեքենայիս առջեւ շպրտեց թղթերի մի կոյտ: Անակնկալի եկած նման տգեղ երեւոյթից, իրար ետեւից մի քանի ազդանշան տուի` ասել ուզելով, թէ` «այդ ի՞նչ ես անում, տիկի՜ն, ինչպէ՞ս կարելի է օրը ցերեկով աղբը փողոց շպրտել, այն էլ` այսպիսի կենտրոնական վայրում»:

Մէկ-երկու վայրկեան մեքենայի շարժիչն աշխատելուց յետոյ, մարեց մեքենայի ետեւի ձախ թարթիչը, դա նշան էր այն բանի, որ կինն անջատել էր շարժիչի աշխատանքը:

Սպասում եմ, որ կինն ի վերջոյ մեքենան տեղից կը շարժի: Անցնում են րոպէները, ազդանշան եմ տալիս մի քանի անգամ, բայց` անօգուտ: Դժուար չէր հասկանալ, որ վարորդը նպատակ չունէր մեքենան տեղից շարժելու:

Ի վերջոյ դուրս եկայ մեքենայից ու մօտեցայ կնոջ մեքենային: Վերջինս իջեցրեց մեքենայի ապակին ու ակնապիշ հայեացքով, աչքերը մեխեց աչքերիս մէջ ու մէկ վայրկեան չանցած` բարձրացրեց ապակին: Իսկ ես այդ ընթացքում հասցրի մի ծանր վիրաւորական խօսք ուղղել նրա հասցէին:

Կինը դուրս ելաւ մեքենայից, մէկ առ մէկ հաւաքեց թղթի թափօնը եւ առանց մի խօսք ասելու նստեց մեքենան, իսկ ես վերադարձայ ու սպասեցի, որպէսզի նա գնայ: Սպասում եմ, սպասում` կինը չի աշխատեցնում մեքենայի շարժիչը: Ազդանշան եմ տալիս մէկ, երկու, մի քանի անգամ, բայց` անօգուտ:

Ստիպուած, կրկին դուրս ելայ մեքենայից ու մօտեցայ նրան: Տեսայ գիրք է կարդում: Նշան արեցի, որպէսզի ապակին բաց անի: Բացեց:

– Ինչո՞ւ չէք շարժւում, տիկի՛ն,- զայրացկոտ հարցրի ես:

– Մինչեւ ինձնից ներողութիւն չխնդրէք, չեմ գնայ,- քաղաքավար ձեւով ասաց կինը:

– Բայց ինչի՞ համար ես ներողութիւն պիտի խնդրեմ, տիկի՜ն…

– Ձեր վիրաւորական արտայայտութեան համար,- շատ հանգիստ ձայնով ասաց նա:

– Դուք սխալ էք գործել, աղտոտել էք այս մաքուր փողոցը, եւ ե՞ս ներողութիւն պիտի խնդրեմ:

– Այո՛, յարգելի՛ պարոն… ես, ճիշդ է, սխալ եմ գործել, չգիտեմ էլ, թէ ինչպէ՛ս ստացուեց: Բայց ես ուղղեցի իմ սխալը: Խնդրեմ, դուք էլ ուղղէք ձերը:

Չգիտէի ինչ անել: Կինն աչքերն ուղղել է ինձ ու կիսաժպիտ, քաջալերական հայեացքով սպասում է պատասխանի: Ես էլ թթուած դէմքս փոքր ինչ մեղմացրի ու ոչ առաջուայ նման զայրացկոտ ձայնով ասացի.

– Ես ձեզնից ներողութիւն խնդրողը չեմ, իսկ հիմա շարժէք ձեր մեքենան, որպէսզի ես զբաղեցնեմ ձեր տեղը,- այս անգամ արդէն զայրացած ասացի ես ու մի արհամարհական հայեացք ուղղելով նրան` թափ տուի ձեռքս ու վերադարձայ իմ մեքենան:

Սպասում եմ նրա գնալուն: Հինգ, տասը րոպէ, կինը չի շարժում մեքենան: Մի քանի պտոյտ եմ անում կողքի փողոցներով, միեւնոյնն է` կայանելու տեղ չկայ: Հեռուից հետեւում եմ, թէ ե՞րբ է կինը շարժելու մեքենան: Չէ՛, յոյս չկայ: «Ա՜յ քեզ յամառ կին», մտածում եմ ես, «թէեւ ինքն է մեղաւորը, բայց պահանջում է, որ ես էլ ներողութիւն խնդրեմ իմ` տեղին արուած դիտողութեան համար»:

Էլի ու էլի եմ պտտւում հարեւան փողոցներով, չէ, ոչ, միեւնոյն է, մեքենան հնարաւոր չի կայանել:

Վերջապէս մի ազատ տեղ եմ գտնում բաւական հեռւում: Կանգնեցնում եմ մեքենաս ու երկար քայլելուց յետոյ հասնում եմ մարզարանի երանելի մուտքին: Այստեղից երեւում է չարաբաստիկ կնոջ մեքենան:

Հետաքրքրութիւնից դրդուած` արդէն ես եմ ուզում տեսնել, թէ ի վերջոյ ե՞րբ է գոմէշի յամառութեան տէր (գոմէշը ընտանի անասունների մէջ ամենայամառն է) այդ կինը տեղից շարժուելու: Վայրկեաններն անցնում են, բայց միեւնոյնն է, որեւէ առաջընթաց չկայ:

«Դէ լա՜ւ, Հենրի՛կ, վազն արի», ասում եմ ինքս ինձ, «այդ կնոջ հէրն էլ անիծած, թող կանգնի` որքան կ՛ուզի, մտիր մարզարան ու գործիդ անցիր»:

Սակայն գրողի տարած այդ կինն ու իր բռնած դիրքը ինձ հանգիստ չեն տալիս, չեմ կարողանում մտքիցս հանել այդ միջադէպը:

Ի վերջոյ, կէսկատար մարզուելուց յետոյ դուրս եմ գալիս մարզասրահից ու աչքերս ուղղում եմ չարաբաստիկ մեքենայի կողմը:

Այս ի՞նչ բան է, Տէ՜ր իմ… մեքենան անշարժ կանգնած է նոյն տեղում:

Հետաքրքրութիւնս վեր է ածւում անհանգստութեան. «Չլինի՞ մի բան է պատահել այդ կնոջը», մտածում եմ ես, «մի՞թէ նրա համար այդքան կարեւոր էր իմ կողմից ներողութիւն խնդրելը, ներողութիւն` իմ արտաբերած անհաճոյ բառի համար:

«Լա՜ւ, տղա՛ս, բանիդ գնա», ասում եմ ինքս ինձ ու քայլերս ուղղում դէպի իմ մեքենան:

Հազիւ մեքենայիս ղեկի առջեւն անցած, աչքիս առջեւ է յառնում ալեխառն մազերով առլի կնոջ պատկերը: Մտքերս դարձեալ նրա շուրջն են պտտւում. «Չէ՜, այսպէս չի լինի, Հենրի՛կ», արդէն բարձրաձայն ասում եմ ինքս ինձ, «պէտք է պարզել այդ կնոջ կողմից իրականացուող այս տարօրինակ երեւոյթի պատճառը»:

Մէկ ժամ, գուցէ եւ աւելի է անցել մեր հանդիպման պահից, իսկ նա տեղից չի շարժուել: Սա իսկապէս անբնական երեւոյթ է:

Առանց երկար-բարակ մտածելու` աշխատացնում եմ մեքենաս ու արագօրէն մօտենում կնոջ մեքենային: Շոգ եղանակ է, բայց կնոջ մեքենայի ապակիները փակ են: Ձեռքով նշան եմ անում, որպէսզի ապակին իջեցնի: Իջեցնում է եւ առանց ինձ նայելու` շարունակում է կարդալ իր մեքենայի ղեկին դրուած գիրքը:

Սպասում եմ, որպէսզի ինքը լինի առաջին խօսողը: Բայց ձայն-ձուն չկայ: Դժուար չէր հասկանալ, որ նա սպասում էր, որպէսզի ես լինեմ առաջին խօսողը: Ի՞նչ արած, թող այդպէս լինի:

– Տիկի՛ն, կը ներէք… ես ձեր անունը չգիտեմ, բայց ուզում եմ մէկ հարց տալ, կարելի՞ է…

Կինը բարձրացնում է գլուխը գրքի վրայից, ու առանց հարցիս պատասխանելու, ակնապիշ, փոքր ինչ նկատելի ջերմութեամբ նայում է երեսիս` հասկացնելով, որ շարունակեմ ասելիքս:

– Մէկ ժամ, ժամուկէս առաջ մենք երկխօսութիւն ունեցանք այստեղ, եւ դուք պատրաստւում էիք մեկնելու: Ի՞նչ է պատահել, որ դուք մինչեւ հիմա չէք գնացել:

Պէտք էր տեսնել, թէ այս հարցմանս պահին ինչպիսի փայլով շողացին նրա աչքերը, եւ ի՜նչ երանելի ժպիտ առաջացաւ նրա դէմքին:

– Ե՜ս… ես, յարգելի՛ պարոն, ես էլ չգիտեմ ձեր անունը եւ թէ ով էք դուք, բայց ես գիտէի՜, գիտէի, որ դուք կը գաք ինձնից ներողութիւն խնդրելու:

– Ինչի՞ց գիտէիք, տիկի՛ն: Եւ ինչո՞ւ էք կարծում, որ ես եկել եմ ներողութիւն խնդրելու: Ես իսկապէս անհանգստացայ` տեսնելով, որ դուք չէք գնացել: Հազար ու մի վատ բան անցաւ մտքովս:

– Իրականում, ձեր գալն ինձ մօտ եւ ձեր անհանգստութիւնն արդէն խօսում է այն մասին, որ ես ճիշդ էի հասկացել, որ դուք առաքինի անձնաւորութիւն էք, եւ եթէ տեսնէք, որ ես սպասում եմ ձեզ, անպայման կը մօտենաք ինձ: Ես բաւարարուած եմ, յարգելի՛ պարոն, կարող էք ներողութիւն չխնդրել:

Մի քանի վայրկեան լուռ, երկուսս էլ նայում ենք իրար աչքերի մէջ: Ու միանգամից, ձայն ձայնի տուած, փռթքում ենք անզուսպ մի ծիծաղով:

Առաջին խօսողը ես եմ:

– Իսկ եթէ ես չգայի կամ էլ աւելի ուշ, ասենք երկու-երեք ժամ յետոյ գայի, դուք դարձեա՞լ սպասելու էիք ինձ:

– Ի հարկէ սպասելու էի: Ինչպէս տեսաք, ես զբաղուած էի գիրք կարդալով եւ կարող էի ժամերով կարդալ մեքենայիս մէջ:

– Իսկ ի՞նչ գիրք էք կարդում, կարելի՞ է իմանալ,- խօսակցութիւնը այլ հունով տանելու մտադրութեամբ հարցրի ես:

– Դուք ծանօ՞թ էք ռուսական գրականութեանը:

– Այո՛ անշուշտ, ինքս էլ գրող եմ:

– Օհօ՜… այս ի՞նչ բարեբախտութիւն… Ահա, խնդրեմ, բանից դուրս է գալիս, որ ինձ անվայել արտայայտութեամբ վիրաւորողը գրո՜ղ է…

– Չէ՜, արդէն չեղաւ… պարզւում է, որ դուք յիշաչար էք: Քիչ առաջ ասացիք, որ դուք ինձ ներել էք, իսկ հիմա` խնդրեմ:

– Ո՜չ, ո՛չ… ես մեղա՜յ… ներողութի՜ւն: Տեսէ՞ք, ես անմիջապէս ներողութիւն խնդրեցի իմ անտեղի արտայայտութեան համար:

– Դէ լա՜ւ… որպէսզի մէկընդմիշտ մոռացուի այսօրուայ այդ տհաճ միջադէպը, ես էլ եմ ներողութիւն խնդրում անվայել խօսքիս համար: Ինչպէս ասում են` «Դրանից ուսադիրներս չեն ընկնի»: Ներողութիւն խնդրելը հերոս մարդու արարք է, այդպէս չէ՞, տիկի՛ն…

–  Շա՛տ լաւ ասացիք: Մենք արդէն բարեկամներ ենք, եւ չարժէ վերադառնալ հին պատմութեանը: Դուք քիչ առաջ ասացիք, որ սիրում էք ռուս դասական գրողներին, ես նոյնպէս: Հիմա կարդում եմ Դոստոեւսկու «Ոճիր եւ պատիժ» վէպը, դուք այն կարդացե՞լ էք:

– Այո՜, ի հարկէ, ինչպէս նաեւ «Կարամազով եղբայրներ» եւ «Ապուշ» վէպերը:

– Հիանալի՜… որտե՞ղ էիք դուք մինչեւ հիմա, մենք լաւ զրուցակից ընկերներ կը լինէինք…

– Դուք, ի՞նչ է, այդքան ժամանակ ունէ՞ք գիրք կարդալու, տուն-տեղ, զաւակներ, թոռներ չունէ՞ք,- կարելոյն ջանացի նուրբ երանգ մտցնել խօսքիս մէջ:

Կինը անակնկալի եկաւ իմ հարցումից ու լո՜ւռ, գլուխը կախեց մի քանի վայրկեան եւ յետոյ, համարեա շշնջալով` ասաց.

– Ես մենակ եմ հիմա, կողքիս ոչ ոք չկայ: Ունեմ երկու աղջիկ եւ մէկ տղայ: Երեքն էլ ամուսնացած են: Մեծ աղջիկս ապրում է Մայամիում, միւսը` Եւրոպայում: Միայն տղաս է Լոս Անջելեսում ապրում իր բազմանդամ ընտանիքով: Ամուսնուս մահից յետոյ տղաս թողեց իր հօրենական տունը: Մեկնելուց առաջ ասաց. «Մայրի՜կ, ամբողջ կեանքդ դու մեզ համար ես ապրել, ժամանակն է, որ ապրես քեզ համար…»:

Կինը երկա՜ր լռում էր: Անհրաժեշտ էր ինչ որ ձեւով աշխուժութիւն մտցնել զրոյցի մէջ, ուստի յարմար գտայ հարցնել.

– Հաւանաբար ձեր որդին իր զաւակներով յաճախ է աշխուժութիւն մտցնում հօրենական օճախից ներս, այդպէս չէ՞…

– Ո ՜չ… ի՞նչ էք ասում: Տարին մէկ կամ երկու անգամ է գալիս, այն էլ` տօն օրերին: Պատահում են տարիներ, որ միայն հեռաձայնով ենք հաղորդակցւում: Ինքս էլ երբեւէ չեմ աշխատել, մասնագիտութիւն չունեմ: Ամբողջ կեանքս նուիրել եմ ընտանիքիս ու զաւակներիս դաստիարակութեանը: Ամուսինս բարձր աշխատավարձ էր ստանում: Երեք երեխայ մեծացնել, ընտանեկան դաստիարակութիւն տալ… կարծում եմ սրանից աւելի պատուաբեր աշխատանք չկայ… Հիմա, ինչպէս տեսնում էք, բոլորովին մենակ եմ: Թոշակս հազիւ է բաւարարում: Հիմնականում սնւում եմ էժանագին ճաշարաններում: Սիրածս տեղը «Տենիզ» ճաշարանն է, եկէք` միասին գնանք «Տենիզ», այստեղից միայն երկու քայլ է… ես ձեզ կը հիւրասիրեմ, յանկարծակի աշխուժացած ասաց կինը:

– Ո՜չ, ի՞նչ էք ասում, եթէ ժամանակս ներէր, ինքս ձեզ կ՛առաջարկէի գնալ որեւէ հայկական ճաշարան, դուք երբեւէ փորձե՞լ էք հայկական կերակուրներ:

– Բնաւ, երբեք… ո՞վ ինձ պիտի տանի հայկական ճաշարան, բարեկա՛մս, ես բոլորովին մենակ եմ:

– Ես խոստանում եմ, մեր յաջորդ հանդիպմանը ձեզ հիւրասիրել հայկական խորովածով:

– Ինչպէս ասում են` «Կ՛ապրենք, կը տեսնենք»: Իսկ դուք ոչինչ չասացիք ձեր ընտանիքի մասին:

– Եկէք` պայմանաւորուենք կրկին հանդիպել,  տիկի՛ն, այդ ժամանակ ես ամէն ինչ կ՛ասեմ իմ, իմ ընտանիքի, զաւակների, թոռների մասին, լա՞ւ… Ի՜նչ ամօթ, այսքան երկար զրուցեցինք եւ չգիտենք միմեանց անունները… ինչպէ՞ս է ձեր անունը, տիկի՛ն:

– Ռեբեկա է իմ անունը, Ռեբեկա Ուիլսըն, իսկ ձե՞րը, յարգելի՛ պարոն:

– Հենրիկ է իմ անունը, սովորաբար ինձ մաէսթրօ են ասում, որովհետեւ իմ հիմնական մասնագիտութիւնը երաժշտութիւնն է, դուք էլ այդպէս դիմէք ինձ:

Բաժանուելիս ես վերցրի տիկին Ռեբեկայի հեռաձայնի թիւը` խոստանալով առաջին իսկ պատեհ առիթով զանգահարել:

… Հիմա նստած համակարգչիս առջեւ` մտածում եմ, թէ որքա՜ն կարեւոր բառ է «ներողութիւն»-ը, եւ ինչո՞ւ են մարդիկ խուսափում այդ սքանչելի բառն օգտագործել, երբ սխալ են վարւում, սխալ են գործում, սխալ են խօսում, սուտ են խօսում: «Ներողութիւն» բառն օգտագործողը կրկնապէս ազնուանում է, մաքրւում:

Եկէք` մշտապէս ներողութիւն խնդրենք մեր բոլոր սխալների համար: Ներողութիւն խնդրելը իսկապէս մեծ արժէք է, որը հերոսացնում է այդ բառն արտաբերողին:

 

 

 


Հալէպի Խոնարհներէն. Պարոն Ժամագործեան, Հայ Թատրոն Եւ Ուրիշ Շատ Բաներ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Avedis-Jamakortsian_9-08-15Չեմ փորձեր յուշագրութեան մը ճանկերուն մէջ իյնալ, որովհետեւ մարդիկ պիտի կարծեն, որ ես իսկապէս ծերացած եմ եւ սկսած եմ մէկ առ մէկ յուշերս գրի առնել: Պէտք է գիտնալ, որ անցեալը մարդուն անբաժան մասնիկն է: Անցեալ մը ունենալը կը նշանակէ, թէ ապրուած կեանք մը կայ:

Բայց ինչ որ ալ ըսուի, լաւ բան է յիշելը եւ ծերութեան հետ ոչ մէկ ատաղձ կամ կապ ունի: Հաւատացէ՛ք: Եւ որովհետեւ ժամանակի վազքը մեզ գրեթէ  զրկած է ոչ միայն մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, այլ նաեւ` շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն կամ գունաւոր անցուդարձերէն, ուստի ստիպուած յաճախ մեր մտերիմներուն հետ հեռուէն կը խօսինք, կը ծանօթանանք, կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, նաեւ կը յիշենք հինը, բարին, լաւն ու օրինակելին ու վերջին անպայման երանի մը կու տանք:

Անձնապէս կը հաւատամ, որ մարդ իր առանձնութեան մէջ մինակը աւելի լաւ կը խորհի, կը յուզուի, կը վերլուծէ, ինքն իրեն կը կիսէ իր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը եւ կամ իր սպասումները, քան` ուրիշներու ներկայութեան: Որովհետեւ կը կարծեմ, որ այդ պահուն ան իր ժամանակը որոշ եւ լուրջ չափանիշներով իմաստաւորելու եւ դրոշմուած ապրումներով լեցնելու առիթը կ՛ունենայ: Փորձած եմ:

Իմ կարգիս, նոյն մթնոլորտէն թելադրուած, այսպէս նստած գրասեղանիս դիմաց, ապրումներս ժողված միջոցիս, կրկին ու կրկին անգամներ կը յիշեմ եւ առաջին հերթին իսկ ծննդավայրս` Հալէպը: Ու մտովի կ՛ըսեմ` ծառը իր արմատն է, որ  կը փնտռէ:

Հալէպ, կ՛ըսեմ, դուն տակաւին կանգնած ես անյայտի ու անորոշութեան մէջ, վախի ու սարսափի մթնոլորտէն շնչահեղձ պառաւի մը նման: Հակառակ անոր որ կիսաւերակ դարձած ես, բայց լեցուն է կրկին ապրելու կամքդ: Հոն թէեւ դէպքերը կը վազեն ճակատագրիդ ետեւէն, բայց ինչ որ ըլլայ իր վիճակդ, ինծի համար դուն բոլոր ժամանակներու մնայուն ներկայութիւն մըն ես` եկեղեցիներովդ, ակումբովդ, դպրոցներովդ, Ճեմարանովդ ու նաեւ օրուան հին ղեկավարներովդ: Անոր համար միշտ կը փնտռեմ քեզ, դէմքերդ ու դէպքերդ, որոնք պահուեցան ճակատագրին տակ, եւ որոնք ինծի համար պատմութեան էջերուն մէջ չմնացին, ու պատմութիւն չդարձան, այլ պատմութիւն կերտեցին, սերունդներ ուղղակի եւ անուղղակի դաստիարակեցին, յատկապէս` այդ հին ու պատմական ակումբէն ներս, «կամաւոր բանակ»-ներ պատրաստեցին այսօրուան ազատ հայրենիքին համար: Օրհնուա՛ծ փաղանգ:

Այս եզակի եւ սակայն միշտ իբրեւ մնայուն պերճախօս վկայութիւն ունեցող փաղանգին նկատմամբ ժլատ եղած ենք: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ: Ի՞նչ բանի կը սպասէինք: Ու յանկարծ առանձնութեանս մէջ կը յիշեմ մէկը անոնցմէ, որ այդ փաղանգին մաս կազմած էր խոնարհաբար: Այդ «մարդը» մալաթիացի պարոն Աւետիս ժամագործեանն էր, մեր ակումբի «մեծերէն» մէկը: Այդ օրերու իմ շատ վաղ պատենութեանս տարիներուն կը կարծէի, որ ինք մեր ակումբին «հայրիկն» էր: Ամէն անգամ զինք հոն կը տեսնէի: Իր աշխատանքէն ետք կը վազէր այս հայահոծ կեդրոնը ու իր ժամերը կը տրամադրէր անոր կարիքներուն` անսակարկ եւ օրինակելի: Կա՛մ աթոռ մը կը նորոգէր եւ կա՛մ ասոր-անոր թելադրանք մը կ՛ընէր: Մէկ խօսքով, այդ չոր ու ցամաք ակումբին վրայ կը դողար, կը գուրգուրար իր հարազատ տան պէս: Անկո՛չ պաշտօն: Վստահելի կամաւոր մը: Եւ աւելին, տակաւին մեր քաղաքի «տխուր» եւ կամ «հալածանքի» օրերուն, երբ ամէն մարդ ինքզինք հեռու պահած էր մեր ակումբէն, ինք հոն էր, ակումբի «հայրիկին» կողքին, դրան առջեւ ժպիտը դէմքին, «բան մը չկայի» պէս վստահութիւն ներշնչելով անցորդներուն եւ կամ ներսը ամայի ակումբէն ներս նոյն այդ «հայրիկին» հետ նարտի կը խաղար բարձրաձայն:

Ու ես հիմա զինք տարիներու հեռաւորութենէն լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Անօրինակ կարօտով: Ու այս կարօտը ուրիշ է: Ի՛նչ կ՛ուզէք` ըսէք: Այդ կարօտը ծննդավայրէս կու գայ, անկէ կը ծնի, անկէ է, որ կը հոսի: Կը զգամ, որ ետեւս է երազս, որ իր տէրը կը փնտռէ ու կը կարծեմ, որ յիշատակներս երազի թեւեր առած էին:

Ու այսպէս բախտաւոր օր մը, մեր ամառնային արձակուրդի օրերէն մէկուն, աւելի ճիշդ` հինգշաբթի երեկոյ մը, եւ որովհետեւ պէտք էր ակումբի «Քրիստափոր» գրադարանէն հայերէն գիրք մը վերցնէի, դուրս եկած պահուս «հայրիկ» Ժամագործեան զիս «բռնեց»: Կարծեցի սխալ բան մը ըրած եմ: Յանցանք մը գործած: Թեթեւ դող մը յանկարծ երակներէս սկսած էր վազել:

– Շաբաթ օր, կէսօրէ ետք, մամայիդ կ՛ըսես, որ ժամը երեքին ակումբ պէտք է ըլլաս, քեզի ու ընկերոջդ պէտք ունիմ: Երկար պիտի մնաք, հա՛, չմոռնաս,- ըսաւ մնայուն ժպիտովը ու հեռացաւ: Ուրիշ ոչ մէկ բացատրութիւն: Այսքա՛ն: Իր արտասանած բառերը փափուկ կարպետի մը կը նմանէին: Դէմքին անպակաս ու պաղարիւն ժպիտը մեզ իբրեւ քաջալերանք կախարդած ալ էր:

Տեսանելի էր, որ ակումբին մէկ բաժինը բեմ կը շինուէր: Լսած էի, որ մեծ տղաքը «դեր» պիտի խաղային: Պոլիսէն Հալէպ եկած էր նոր դերասանապետ մը` Արփիար Վարդեան անունով որ ոչ միայն ակումբին, այլեւ ամբողջ գաղութին մէջ նոր խանդավառութիւն ստեղծած էր: Այդ օրերուն էր, որ Հալէպի մէջ հայ կենաքը պարտէզի վերածուած էր: Ծաղկուն եւ յուսալի: Խաղաղ եւ արդիւնաւէտ: Ահա թէ ինչո՛ւ գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերուն ակումբը «բաց» էր, իսկ անոր փինկ- փոնկի սենեակէն ներս թատերական փորձեր կը կատարուէին: Պոռալ, բարկանալ եւ այլն:

Ծնողքէս ակումբ գալու եւ հոն երկար մնալու արտօնութիւնս դիւրութեամբ ստացայ: Տարիներ վերջ միայն հասկցայ այս արտօնագիրը ձեռք ձգելուս պատճառը:

Ես ու ընկերս որոշուած ժամուն հոն էինք: Պարոն Աւետիսը` այդ «մեծ» մարդը, տափատը վեր ծալած, ակումբը ջրելով, լուալով զբաղուած էր:

– Հիմա սկսինք աթոռներ շարել,- ըսաւ հանդիսաւոր ձեւով: Հալէպի մանաւանդ

յետմիջօրէի տաքը արդէն շուտով կը չորցնէր ամէն բան: Ճի՛շդ գիշերներուն հակառակը:

Նաեւ մեզի թելադրեց, որ մենք երկուքով իրեն օգնենք աթոռները շարելու աշխատանքին մէջ, որովհետեւ ակումբը «թատերասրահի պիտի վերածուէր», վերջապէս բացատրեց եւ աւելցուց, որ եթէ մենք կարգով ու կանոնով եւ հնազանդ իրեն օգնէինք, ինք շաբաթը երեք օր մեզի պիտի արտօնէր նստելու ճիշդ նոր սարքուած բեմի դիմաց գտնուող «Քրիստափոր» գրադարանի պատուհանին մէջ` ձրիօրէն դիտելու ներկայացուած կատակերգութիւնները:

Շարեցինք: Մեզի համար ամէն պահ խրախճանք էր: Ծիծաղ: Խնդուք: Հաճոյք:

Ու այս աշխատանքը կրկնեցինք ամբողջ ամրան երկայնքին եւ նոյնիսկ յաջորդող երկու տարիներու դպրոցական մեր արձակուրդներուն:

Նուիրեալներուն սերունդին կը պատկանէր մալաթիացի Ժամագործեանը: Անկասկա՛ծ: Եւ մենք միշտ սիրեցինք զինք եւ տարիներ վերջ նոյնիսկ դարձանք իրարու մտերիմներ: Մէկ խօսքով` խօսակիցներ: Մեր յարգանքին խառնեցինք պատկառանքն ալ: Ահա թէ ո՛վ էր ինք: Պարկեշտութիւն, զոհաբերում, նուիրում, անկեղծութիւն, համեստութիւն կար իր մէջ եւ իր նման մեր բոլոր մեծերուն մէջ: Նման շաղախներով լեցուն մթնոլորտին մէջ հասակ առինք: Այս բոլորը նոր իմաստ տուին մեր կեանքին:

«Աթոռ շարել»` երկար կը ծիծաղէին յաճախ թաղի ընկերներս, որոնց ամառնային խաղացանկէն արդէն սրբուած էի: Մի՛շտ բացակայած: Բայց յետոյ կամաց կամաց այդ շարելն էր, որ զիս դէպի թատրոն տարաւ: Առաջնորդեց: Ու ես անզգալաբար սիրեցի բեմը: Հա՛յ բեմը: Մէջս ծնաւ հետաքրքրութիւնն ու սէրը անոր հանդէպ, ու քաղաքի այդ հին ակումբը ինքնաբերաբար դարձաւ կեանքիս միւս  դպրոցը:

Հարազատ խոստովանութիւն մըն է այս մէկը: Որոշ եւ լուրջ չափանիշներով իմաստաւորելու օրինակելի կերպ: Ահա թէ ինչո՛ւ յանկարծ մեր կեանքի կարգ մը եւ կամ շարք մը իրադարձութիւնները կամ հանդիպած հետաքրքիր անձնաւորութիւնները ակամայ վերարժեւորում կը կատարենք տարիներու հեռաւորութենէն:

Պարոն Աւետիս Ժամագործեան կը պարտիմ թատրոնի հանդէպ իմ մեծ սէրս: Անուղղակի մղիչ ուժ: Քաջալերա՛նք: Ճակատագրի մէկ դիպուած: Ի՛նչ կ՛ուզէք` ըսէք: Պատահական եւ երախտապարտօրէն պատմական:

Ինքն էր, որ կեանքիս համար նոր դաշտանկար մը գծած էր` անզգալաբար:

 

 

Մի Նամակի Հետքերով

$
0
0

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր

2007-2008 թթ. Գրականութեան եւ արուեստի Ե. Չարենցի անուան թանգարանում ուսումնասիրում էի Արամ Հայկազի (Չէքեմեան, 1900-1986) արխիւում պահուող նամակները` գրքով հրատարակելու համար: Դրանցից մէկը (թուագրուած է` 29 օգոստոս, 1975) հասցէագրուած է Մարգարին եւ Էլիզին, որոնց գրողը շնորհաւորում է ամուսնութեան առիթով, բարեմաղթում. «Ձեր կեանքի բոլոր օրերուն պսակի այս օրուան չափ երջանիկ ըլլաք», եւ` ափսոսում, որ չի կարողանալու ներկայ գտնուել ուրախառիթ այդ հանդիսութեանը: Գրողի արխիւում գտայ երկու նամակ` Մարգար ստորագրութեամբ: Շատերին դիմեցի, բայց չկարողացայ գտնել այն երջանիկ ամոլին, որոնց հասցէագրած նամակը գրողը պահել է իր արխիւում:

Արամ Հայկազի «Նամակներ» հատորը լոյս տեսաւ 2009-ին:

Ամիսներ անց ծանօթացայ Ուշիում ապրող Շարաբխանեան ամուսիններին` պարոն Մարգարին ու տիկին Էլիզին: Երկար զրուցեցինք ու բաժանուեցինք շա՜տ հին ծանօթների պէս: Համագործակցելու լրացուցիչ մի առիթ է այն հանգամանքը, որ Ուշիի Նիկոլ Աղբալեանի անուան դպրոցի հանդիսութիւնների սրահը կրում է Լեւոն Շանթի, գրադարանը` Համաստեղի անունը:

Յետոյ սկսեցի հրատարակել «Արամ Հայկազ. մոռացուած էջեր» գրքի հատորները ու «Հայրենիք» շաբաթաթերթի համարներից մէկում գտայ Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» հատորի մասին յօդուած` Էլիզ Հասրճեան ստորագրութեամբ: Պարզուեց` տիկին Էլիզը պահել է գրողի նամակները, որոնք սիրով տրամադրեց ինձ (զետեղել եմ «Արամ Հայկազ. մոռացուած էջեր» գրքի Զ. հատորում):

Փա՜ռք Աստծոյ, 40 տարի  անց, որպէս Շարաբխանեան ամուսինների ամուսնութեան տարեդարձի նուէր, հրատարակում եմ Արամ Հայկազի շնորհաւորական նամակը (թող նորից ու նորից կրկնուի գրողի բարեմաղթանքը) եւ` յօդուած, որ գրել եմ մէկ տարի առաջ ու չեմ հրատարակել Շարաբխանեանների, յատկապէս տիկին Էլիզի արգելքի պատճառով:

Կարծում եմ` «մեղքս» կը ներուի…

ա) Մարգարին Եւ Էլիզին

29 օգոստոս, 1975

Շա՛տ, շա՛տ սիրելի Մարգար եւ Էլիզ,

Ստացայ ձեր Սուրբ պսակին ներկայ ըլլալու հրաւէրը եւ կարդացի բերկրանքով: Հաւատացէ՛ք, եթէ գոյութիւն չունենային կարգ մը իրաւ արգելքներ, օդանաւ ցատքելով կու գայի իմ ճանչցած եւ սիրած երկու անձերուս «Տէր եւ Տիկին» ըլլալու արարողութեան ներկայ ըլլալու: Ժպիտը դէմքիս` կը հետեւէի արարողութեանց, որոնց աւարտին գորովով կը համբուրէի երկուքիդ ալ խոհուն ճակատները եւ կ՛ըսէի.

– Ձեր կեանքի բոլոր օրերուն պսակի այս օրուան չափ երջանիկ ըլլաք:

Ուրեմն մարմնով հեռու, բայց մտքով ձեր մօտ ու հետ` կը կրկնեմ այս օրհնութիւնը.

– Ձեր կեանքի բոլոր օրերուն պսակի այս օրերուն պէս միշտ երջանիկ ըլլաք:

Արամ Հայկազ

բ) Յամառ Ու Համատեղ Ջանքերի Արդիւնքը

Ուշիի բնակիչ Շարաբխանեան ամուսիններն անվերջ փնտռտուքի ու հոգսերի մէջ են` դպրոցում ինչ-որ բան է պակաս, «մեր երեխաներու» հետ պարապմունքի ժամն է,  գիւղի մասին տիկին Էլիզի յօդուածներից տեղեկացած սփիւռքահայերի  խումբ է այցելելու… Վերջերս հոգսերին աւելացաւ ամենահաճելին` նորածին թոռնիկի համար նոր բան պէտք է հիւսել…

2014 թ. յունիսի 1-ը գիւղի պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս իսկական սխրագործութեան օր. Շարաբխանեան ամուսինների նախաձեռնած ու նրանց միջոցով ընդհանուր գործում ներգրաւուած բարերարների ջանքերով նորոգուած մշակոյթի տունն ընդունեց առաջին հիւրերին:

Շնորհաւորանքների ու նուէրների, աշակերտների ու դպրոցի շրջանաւարտների ելոյթների հերթագայութիւնն անվերջ է թւում. բոլորն են ուզում սրտի խօսք ասել մարդկանց, ովքեր միաւորուել ու անհնարին թուացողը դարձրել են իրականութիւն:

Կրթուած, անձնուրաց ու հայրենասէր մարդն հայրենիքում շատ անելիք ունի:

Իսկ մեզ ուսուցանում էին, թէ պատմութիւն կերտում են ամբոխները:

Պատմութիւն կերտում ու երկիրը հայրենիք են դարձնում հող մշակող, քարը քարին դնող, երեխաներ դաստիարակող համեստ մշակները, ովքեր չեն վախենում դժուարութիւններից ու լաւ գիտեն իրենց անելիքը: Երանի՜ ամէն հայ գիւղ (մանաւանդ` սահմանամերձ) նման մէկ նուիրեալ ունենայ… Երկիրս, որ ամենասիրունն է աշխարհում, կը դառնայ իսկական հայրենիք բոլոր հայերի համար:

Փա՜ռք ու պատիւ մերօրեայ համեստ հերոսներին, որոնց առնչուելն արդէն պատիւ է, էլ չեմ խօսում համագործակցելու հնարաւորութիւնների մասին… Իսկ նորոգ դահլիճում համագործակցութեան բազմաթիւ ծրագրեր ծնուեցին: Տա՜ Աստուած, որ կարողանանաք դրանք իրագործել Շարաբխանեան ամուսինների պէս յամառ ջանքերով ու աննահանջ պատրաստակամութեամբ:

2. 6. 2014

Բարի Լոյս 11. Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի 4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հաստատ իրողութիւն է, որ մամուլը երկրի մը 4-րդ իշխանութիւնն է: Ազատ խօսքի, կարծիքի, վերլուծութեան  եւ մեկնաբանութեան այս դաշտը իր անշրջանցելի դերակատարութիւնը ունի քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ստեղծման ու երկրի քաղաքական մշակոյթի հարստացման ու զարգացման հոլովոյթին մէջ:

Ընդունուած կարգ անցած է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որ մամուլը այս օրերուն առանց պետական կամ քաղաքական կողմի մը հովանաւորութեան կամ աւելի՛ն` առանց խօսնակը հանդիսանալու կողմերէն մէկուն դժուար թէ կարենայ գոյատեւել ու շարունակել իր առաքելութիւնը: Այստեղ անշուշտ կան բացառութիւններ, որոնց թիւը օրէ օր կը նուազի` տրուած ըլլալով, որ նիւթական ծանր պարտաւորութիւնները կը դժուարացնեն այս մարզին հեզասահ ընթացքը: Տագնապը համընդհանուր եւ միջազգային տարողութիւն ունի եւ դժբախտաբար լուծումներն ալ մօտալուտ ապագային տեսանելի չեն թուիր:

Այս գնահատումներուն եւ հաստատումներուն կողքին սակայն պէտք է արձանագրել նաեւ, որ լրատուութեան եւ խմբագրութեան արժեչափերու պահպանումը, լուրի ճշգրիտ փոխանցումը, գրգռութիւններ չհրահրելը, այլամերժութիւններ չքաջալերելը մամուլին համար հրամայական պարտաւորութիւններ են, եւ մանաւանդ այս հանգրուանին փնտռուածը մի՛շտ կառուցողական եւ միաժամանակ հետաքրքրութիւն շարժող ու միտք զարգացնող մամուլը պէտք է ըլլայ անտարակո՛յս:

Այժմ անդրադառնանք Լիբանանին: Երկիրը կ՛ապրի ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական անկայուն հանգրուան մը: Հանրապետութեան նախագահի աթոռի թափուր մնալուն իրողութիւնը, կառավարութեան եւ խորհրդարանի գործունէութեան ամլութիւնը, պետական կառոյցներու անգործունեայ վիճակը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին բարդացող խնդիրները, բեւեռացումը,  քաղաքացիի առօրեայ կեանքին վրայ ճնշող ազդեցութիւն կ՛ունենան:

Այս բոլորին մէջ մամուլը իր կառուցողական դերակատարութեան փոխարէն կարծես կամայ թէ ակամայ կը փորձէ ամէն ճիգ ի գործ դնել բեւեռացումը աւելի սրելու, մտահոգութիւնները աւելի բարդացնելու եւ երկրին նկատմամբ քաղաքացիին հաւատքն ու վստահութիւնը աւելի խախտելու: Եւ անշուշտ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան քաղաքացիական իրաւունքներու յարգումի, ժողովրդավարութեան լիակատար կիրարկման եւ քաղաքացիին արժանապատիւ կեանքը փրկելու ու պաշտպանելու քողին տակ: Մինչ այդ արդիւնքը ամբողջութեամբ հակառակն է, որ կը ստանանք:

Բոլոր ժամանակներէն աւելի, մամուլի ներկայացուցիչները եւ սպասարկուները կը գտնուին պատասխանատու խօսքի եւ մեկնաբանութեան փոխանցման անհրաժեշտութեան դիմաց: Այլապէս, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող նահանջին մամուլը իր այս վարքագիծով պիտի գայ տալու նոր թափ ու մղում եւ վայրէջքը պիտի շարունակուի անարգել:

Վերջին օրերուն երկրին մէջ ստեղծուած տագնապներուն եւ այդ առիթով քաղաքացիական շարժումներուն, ընդվզումներուն, բողոքի ցոյցերուն եւ աշխատանքներուն գծով բնական է, որ մամուլը ցուցաբերէ լայն աշխուժութիւն` նկատի ունենալով որ հիմնական ու առաջնահերթ օրակարգ է այսօր քաղաքացիի տարրական իրաւունքներուն ձեռքբերումն ու պաշտպանութիւնը: Սակայն մամուլը ինքզինքին իրաւունք չի կրնար տալ, ոչ ալ իր առաքելութեան յարիր է այն ուղեղալուացքի համազօր աժան քարոզչութիւնը, որուն օր ցերեկով ականատես կը դառնայ քաղաքացին եւ տեղ մը անշուշտ կ՛ապրի ամօթանքն ու հիասթափութիւնը, ի տես պարզուած անախորժ ու վարկաբեկիչ մթնոլորտին:

Այո՛, երբեմն լիբանանեան մամուլին մէջ լրատուութիւն համարեայ գոյութիւն չունի, մեկնաբանութիւնները վերածուած են ինքնանպատակ հրահրումներու, անհարկի բանսարկումներու, անհիմն ամբաստանութիւններու եւ ջուրը այնքան մը պղտորելու, որ ամէն մարդ դիւրութեամբ կարենայ իր ձուկը որսալ:

Իւրաքանչիւր առաջարկ, լուծում եւ տեսակէտ մերժելու այլեւս յայտնի դարձած այս հնամաշ վարքագիծը բնական է, որ այս երկրին ապագայով մտահոգ իւրաքանչիւր անհատի մտքին մէջ հարցականներ ստեղծէ մամուլի դերին ու առաքելութեան եւ այսօրուան անոր որդեգրած ուղղուածութեան եւ գործելաոճի դրդապատճառներուն մասին: Անշուշտ, այս վնասակար վարքագիծին յառաջատարը պատկերասփիւռի կայաններու խօսնակներու եւ լրատուութիւնը պատրաստող աշխատակիցներու բանակն է, որ ամէն վայրկեան «կ՛աւետէ» չարիքին գալուստը, կը ներկայացնէ միայն կացութիւններու «սեւ» կողմը, եւ ի յառաջագունէ կասկածի տակ կ՛առնէ լուծման որեւէ առաջարկ` շեփորելով մնայուն քանդում, այլամերժութիւն եւ թերահաւատութիւն:

Պարզուած այս իրողութեան հերթական մէկ խեղկատակութիւնն է նախորդ երեկոյեան պատկերասփիւռի կայանի մը կողմէ պատրաստուած լրատուութիւն մը, որ կ՛անդրադառնար Պուրճ Համուտի աղբերուն: Բոլոր լիբանանցիներուն համար յստակ է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն, նախանձախնդիր թաղամասերու մաքրութեան, նախաձեռնեց աղբերու հաւաքման աշխատանքին` զանոնք ամփոփելով համեմատաբար բնակչութենէ հեռու վայրի մը մէջ: Ըստ երեւոյթին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կացութեան այսքան արագ տէր կանգնելու վճռակամութիւնը վրդովեցուցած է տուեալ կայանի աշխատակիցները եւ ի զարմանս մեզի անոնք նկարահանելով այդ աղբակոյտի նոր վայրը կը զգուշացնեն, թէ այդ մէկը կրնայ վնասել Պէյրութի գետին եւ կրնայ ունենալ անկանխատեսելի հետեւանքներ: Ասկէ աւելի բեմականացում կարելի չէ ակնկալել: Փոխանակ մամուլը տագնապի փրկութեան մասին եղած կարծիքները լուսարձակի տակ բերելու, կը փորձէ ժամանակաւոր լուծումները նաեւ նսեմացնելով տագնապը աւելի խորացնել: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կ՛օգտագործէ իր կալուածը` բնակիչներէն հեռացնելով անոնց առողջութեան սպառնացող վտանգը: Պէտք է յստակ ըլլայ յարգելի լրագրողին, որ քաղաքապետութիւնը, նախ եւ առաջ ինք նախանձախնդիր է եւ բոլորէն աւելի յաւելեալ պատճառ ունի Պէյրութի գետին մաքրութեան մտահոգութեամբ ապրելու եւ դասեր քաղելու կարիքը չի զգար:

Այսպիսի լրատուական-մեկնաբանական զանազան դրսեւորումներ մեզի կը մղեն մտածելու, որ ժամանակն է, որ Լիբանանի 4-րդ իշխանութիւնը ինքզինք վերարժեւորէ, մասնակից դառնայ երկրի տագնապներու լուծման եւ անոնց սրումին մեղմացման, փորձէ քաղաքացիին մօտ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ իրաւունքներու լիիրաւ յարգումը ապահովել, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանցել տագնապը եւ հասնիլ արմատական ու ամբողջական լուծումներու:

Այլապէս` այլոց շարքին ինքն ալ պիտի նկատուի մեղաւոր եւ պատասխանատու:

 

 

Տոկա՛, Սուրիա՛…

$
0
0

Aleppo-syria-000_Nic6175226

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Տոկա՛, Սուրիա՛,

Դուն` առաջին մարդուն խանձարուր եղած ստեղծարա՛ր հող,

Դուն` մարդկութեան լոյսի հնագո՛յն ակունք,

Հազարամեայ ճանապարհիդ փորձութիւններէն իմաստնացած ազնուազա՛րմ Տիկին:

Տոկա՛, թէեւ գիշակեր ագռաւներ կը թռչին հնագոյն փառքեր անթեղած անապատներուդ ու նոր խոստումով ծաղկող բարեբեր դաշտերուդ վրայէն,

Թէեւ աւարառու յելուզակները, հրեշտակներու դիմակներ հագուած, իրենց ծարաւը քու արիւնովդ կը յագեցնեն,

Թէեւ խաղաղութեան ու բարիքի խորհրդանիշ` մայրացած ձիթաստաններէդ ոսկի ձիթաիւղի տեղ որդիներուդ արիւնը կը հոսի,

Թէեւ «եղբայրներդ» Կայէնի փառքը գերադասեցին ու Յուդայի երեսուն արծաթը, քանզի յուդայածին էին,

Թէեւ բուերը կը վայեն ու կ՛անհամբերեն մօտալուտ վախճանդ գուժել խուլ ու կոյր աշխարհին,

Թէեւ որդիներուդ շարքերուն մէջ երկպառակութեան գայթակղիչ հունտեր կը ցանուին,

Թէեւ տակաւին իմաստութեանդ կաթը չծծած, անոնցմէ ոմանք պատիր խոստումներով կուրցած, վայրագ հովերէ կը քշուին ու մայրական սիրտդ կ՛արիւնեն:

Տոկա՛, Սուրիա՛, խորագէ՛տ Տիկին,

Դուն գիտես, որ այս չարանենգ մրրիկներն ալ պիտի անցնին ծովածուփ դաշտերուդ վրայէն ու պիտի երթան ծովէն անդին` խեղդուելու իրենց իսկ չարութեան մէջ,

Դուն գիտես, որ խաւարի որդիները, խաչը իրենց պատուար շինած ու Փրկիչին գերեզմանը շահարկելով`  յաճախ փորձած են սեւով ծածկել արեւաշող դաշտերդ, բայց իրենք սուզուած են իրենց խաւարին մէջ:

Դուն գիտես, թէ եղէգները թէեւ կը կորանան մրրիկներուն առջեւ, սակայն հուսկ ապա կը կանգնին գեղուղէշ` առաւել ամրացած ու տոկուն:

Դուն գիտես, թէ թուխպերը որքան ալ որ կարկտահարեն, պիտի ելլէ՛ Արեւը ու նոր ծիլեր պիտի յորդին քու դաշտերուդ մէջ:

Տոկա՛, Սուրիա՛, Մա՜յր բարութեան,

Շտկէ՛ որդեկորոյս մօր կորացող մէջքդ, քանզի ես եւս կեցած եմ ետիդ` իբրեւ որդիական նեցուկ հաստատուն,

Դո՛ւն, որ բարիքներուդ դռները բացիր, երբ քեզի եկայ իբրեւ տափաստաններու գորշ գայլերէն բիւրախոց, հալածական ու բնաւեր հաւք,

Դո՛ւն, որ եղար հաստատուն հողը ոտքիս տակ, տուիր ինծի անսակարկ ջերմութիւնը մայրական սրտիդ ու ամրութիւնը եղբայրական բազուկիդ,

Դո՛ւն, որ քու արդար յարկիդ տակ լայնասրտօրէն հովանի եղար վտանգուած ինքնութիւնս պահպանելուն ու դարձար սիրելի` յափշտակուած սրբազան հայրենիքիս հողին հանգոյն,

Հիւանդ ու ժանտ այն ծեր գայլը, որ հայրենիքս յափշտակելով ամրացաւ, հիմա ալ ժանիքները բաց, զքեզ յօշոտողներու վոհմակին միացած` արիւնդ կը հեղէ, սակայն`

Տոկա՛, սրբէ՛ արցունքդ ու ամրապնդուէ՛, գեղանի՛ Սուրիա,

Քանզի պիտի անէանայ, ինչ որ ժամանակին է ու պիտի տեւէ, ինչ որ յաւերժին է: Պիտի շարունակեն լուրթ երկինքիդ տակ խաղաղ ցոլալ ցորենի արտերդ ու յաւերժական բարութեամբ պիտի խոկան  յղի ձիթաստաններդ…

 

 

Տեսակէտ. Մրցավա՞զք Փակուող-Բացուող Հայ Վարժարաններու Եւ Կամ Ո՛վ Պիտի Տնօրինէ Հայ Աշակերտին Ճակատագիրը (Գաղութահայ Հակոտնեայ Պատկերներ)

$
0
0

19379668893_ec54c804c8_c

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Այո՛, հայ վարժարանի, կրթական օճախի եւ հայաբոյր կառոյցի մասին է մեր խօսքը:

Իր բովանդակութեամբ անփոխարինելի, էութեամբ եզակի եւ առաքելութեամբ անժամանցելի հաստատութեան մասին է մեր ընդգծումը:

Բոլոր ժամանակներու հայ ազգային մտածողութեան, ապրումներու եւ հաւատամքի պահպանման եւ ջրդեղման կայմին մասին է մեր երէկուան ու այսօրուան մտահոգութիւնը:

Եւ առհասարակ, հայոց անաղարտ դիմագիծի եւ անխառն արեան սնուցանման մասին է մեր ակնկալութիւններու ամբողջ տեսադաշտը:

Արդ, երբ մեր ազգային երազանքին իրաւութիւնը հաստատող եւ ներշնչող պատուանդանն է հայ վարժարանը, երբ գոյութենական ու պահանջատիրական պայքարներու շունչ ու ոգի, եռանդ ու խայտանք սերմանող օրրանն է հայ վարժարանը, երբ ազգը քաղաքակրթական նուաճումներու առաջնորդող ամէնէն ազդու եւ անփոխարինելի ամրոցն է հայ վարժարանը, երբ ազգային պատկանելիութեան, հայրենասիրութեան, մտքի ու հոգիի աշտարակումին նպաստող ամէնէն ապահով միջավայրն է ան, ուրեմն զո՛վ մեղադրել առկայ կրթական-ուսումնական հարցերու յամեցման, փակուող վարժարանի(ներ) երեւոյթի տողատակի անդրադարձին, եւ կամ ընդհանրապէս ամուլ խօսքերու, սնամէջ կարգախօսերու եւ հայ կեանքին մէջ տիրող ահաւոր եւ մտահոգիչ  հոգեվիճակի շարունակ խորացման:

Յայտնենք, թէ նման մտահոգութեան յանձնուեցանք երբ կրթական տարեվերջին հայ մամուլի էջերէն ընթերցեցինք հայ վարժարանի մը փակման տխուր լուրը, այդ ալ նոյնինքն վարժարանի տնօրէնին իսկ կողմէ կատարուած յայտարարութեամբ մը:

Խոստովանինք, թէ առաջին անգամ չէ, որ գաղութահայ մեր կեանքին մէջ կ՛արձանագրուին նման վիճակ-երեւոյթներ, որոնց բնական ընկալումով եւ հանգիստ խիղճով հայ կեանքի հոլովոյթը շարունակեց իր գնացքը, հակառակ ծով մտահոգութիւններու եւ մտատանջութիւններու:

Կը համարձակինք ըսել, թէ, հակառակ սփիւռքեան մեր իրականութիւնը` այլասերումի եւ աղճատումի ճակատագրուած ըլլալուն, միշտ ալ մենք մեզ շլացուցած ենք բազում պատրանքներու վարագոյրով մը, որովհետեւ հաւատացած ենք հայապահպանումի նման ձեւին ու որակին` քաջ ըմբռնելով, թէ սերունդներ եւ ազգային արժէքներ կ՛ապրին միայն հայրենի հողին արմատաւորուած եւ հայրենապաշտութեամբ զինուորագրուած:

Իսկոյն կը յանդգնինք նաեւ ընդգծել իրողութիւն մը անսեթեւեթ, թէ առանց հայ վարժարանի, եկեղեցւոյ, միութեան եւ ակումբի, յետեղեռնեան հայ կեանքի աշխուժ եւ սնուցիչ ապրելակերպի մասին աւելորդ է խօսել, այնքան ատեն որ հայութիւնը զրկուած էր անկախ ու ազատ հայրենիքէ եւ պետականութենէ:

Սակայն, երբ տակաւ ի յայտ կու գան սփիւռքահայ ճակատագիրի եւ անոր գոյութեան հիմերը հարուածող երեւոյթներ, եւ կամ առկայ դժխեմ հարցերու դարմանումը խոչընդոտող կարգախօսներ, ա՛լ հարկաւոր է լոյսին բերել, վերլուծել եւ ի հարկին մատնանշել հաւաքական մեր կեանքը ջլատող ամէն գործելակերպ, ատիկա ըլլայ կամայ թէ ակամայ, այն իմաստով, որ իրատեսութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ըլլալ ոչ  միայն զգօն, գիտակ եւ հաւասարակշռուած, այլեւ` ընդունելու կարգ մը ճակատամարտերու պարտութիւնն ու ահաւորութիւնը, որպէսզի կարենանք գէթ փրկել ինչ որ ձեռնտու է:

Զանց առնելով հայրենի պետականութեան գոյութիւնն ու անկէ մեր անկեղծ ակնկալութիւնները, կեդրոնանանք մեր ածուին վրայ, յատկապէս միջին արեւելեան հայահոծ (եթէ դեռ կարելի է այսպէս բնորոշել) շրջաններու անյապաղ ինքնակազմակերպման, հեռահար ու նպատակասլաց գործելակերպերու որդեգրման, պարզապէս փրկելու այն, ինչ որ կարելի է, եւ միանշանակ կողմնորոշուելու գալիք օրերու եւ տարիներու աշխատանքային ոլորտներու ձեւաւորման:

Պիտի ըսուի հաւանաբար, թէ ազգային կեանքի տարբեր մարզերու եւ ոլորտներու տարբաղադրումը պարզապէս միամտութիւն է, որովհետեւ հայ կեանքը պէտք է առնել իբրեւ ամբողջութիւն:

Նման մօտեցում ճիշդ կարելի է նկատել, եթէ երբեք հաւաքական մեր կեանքին մէջ տեսանելի ըլլային համազգային ու համապարփակ գործելակերպեր եւ աշխատանքային ուղղութիւններ, որոնք պիտի նպաստէին հայ կեանքի իրաւ բարգաւաճման, զարգացման եւ յառաջդիմութեան, այլ խօսքով, եթէ իւրաքանչիւր գաղութ դեռ տասնամեակներ առաջ լծուէր հայ կեանքի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական թէ ազգային կեանքի որակաւոր սնուցանումին:

Հոս պատեհ է արձանագրել, թէ տասնամեակներ շարունակ գաղութահայ կեանքը կրցած է իր բնական հունին մէջ մնալ, իրարմով ապրիլ ու զօրանալ, արդիւնաւորել եւ բարգաւաճիլ այնքան ատեն որ հաւաքական մեր կեանքին ագուցած ենք ազգային արժէքներու հրայրքը, հայաբոյր ապրումներու իսկութիւնը եւ հայրենապաշտի հարազատ զգացումներու անվիճելի գեղեցկութիւնները:

Այդուհանդերձ, բոլորիս անխտիր ներքին համոզումով եւ շտապ զգաստութեան գրգիռներու յստակացումով իսկ, գաղութահայ կեանքի թէ առհասարակ կրթական, ընկերային ու տնտեսական ոլորտներու մէջ տակաւ կ՛արձանագրուին նահանջ ու ողբերգական վիճակներ: Պարտաւոր ենք հաւաքաբար նախ ընդունիլ պատահածը, ըմբռնել կորուստին ահաւորութիւնը, մտածել, վերլուծել, հասարակ յայտարարներ գտնել եւ բարդութային հոգեվիճակներէ հեռու ձգտիլ ինքնահաստատ եւ կայուն կեանքի մը յանձանձումին, կողմնորոշուիլ եւ գէթ գալիք տարիներու համար աշխատիլ, ծրագրել, եւ կարելի սահմաններուն մէջ գաղութահայ կեանքին որակաւոր ճանապարհ մը ակօսել:

Միթէ անիմա՞ստ է այն խօսքը, թէ երբ վարժարան կը փակուի, արդէն բանտ մը կառուցելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի: Իսկ մեր պարագային աւելի շեշտուած կը յայտարարենք, երբ պէս-պէս, արդար ու անարդար, կամայ թէ ակամայ կացութիւններու իբրեւ հետեւանք հայ վարժարան մը իր դռները կը փակէ, արդէն ազդանշանը տուած կ՛ըլլանք ազգակերտի ու հայրենակերտի մեր դարաւոր երազանքի փլուզումին:

Պատեհ է ըսել, որ հայոց պատմութեան լուսաւոր էջերուն մէջ մենք կը հանդիպինք նմանօրինակ հակոտնեայ երեւոյթներու: Այսինքն, հայրենազուրկ հայ կեանքը կրցած է բարձունքի հասնիլ, երբ կրցած է կրթական օճախն ու տնտեսական կարելիութիւնները համահունչ պահել, եւ փլատակ դառնալ, երբ գերադասած է մէկը միւսին, եւ մոռացութեան մատնած ազգային շտեմարանի բոցավառումն ու յանձանձումը:

Փաստօրէն, ի՛նչ կը նշանակեն նորակառոյց շէնքեր ու ազգային կառոյցներ, երբ ատոնց մարդկային արհեստավարժ ուժի, մեծաթիւ աշակերտի, տնտեսական յանձանձումի կարելիութիւն չէ ապահովուած:

Կարելի չէ ուրանալ ու չտեսնել գեղակերտ հայ վարժարանի մը, թանգարանի, եկեղեցւոյ, ակումբի թէ այլ հայաբոյր կառոյցի մը ներկայութիւնը, աւելին, այս օրերու անոնց իբրեւ պահանջ անյապաղ հաստատում կատարել, սակայն, միւս կողմէ պարտք կը զգանք հարցադրելու, թէ ո՛ւր են այն հեռակայ ծրագիրներն ու առողջ մտածումները, որոնք պիտի կարենան վերաջրդեղել հայ կեանքը:

Այլ խօսքով, տուեալ հայ վարժարանի փակումով արդէն աւելի քան հարիւր քսան հայ աշակերտներու ճակատագիրը յանձնած կ՛ըլլանք դառն եւ շատ անգամ անդարմանելի իրողութիւններու: Նախատեսեցինք, թէ ինչպիսի՛ կացութեան մէջ պիտի գտնուի գաղութահայ կեանքը, աշխատեցանք անհատ առ անհատ, տուն առ տուն պահելու եւ պահպանելու հայ աշակերտին ճակատագիրը, մանաւանդ որ դէպի օտար վարժարաններու հոսքը արդէն կը ծաւալի եւ հասած է շշմեցուցիչ թիւերու:

Ա՛լ հաւաքական ինքնարդարացումները ո՛չ մէկ իմաստ ունին: Հայ վարժարանի փակումով արդէն պարտուած ենք ազգային մեր գուպարին մէջ, հակառակ անոր որ քաջ գիտենք տուեալ վարժարանի փակման դառն պատճառները:

Այլապէս ալ ո՛չ մէկ բացատրութիւն եւ կամ չքմեղանք  ընդունելի է, երբ հարցը կը վերաբերի տնտեսական նկատառումներու, վարչական կարողութիւններու եւ հայ աշակերտութեան թիւ նուազումին:

Այո՛, փակուող-բացուող հայ վարժարանի օրակարգին վրայ են շատ ու շատ հարցեր. անոնցմէ ամէնէն էականը հայ աշակերտին կորուստն է, հայ ձագուկի եւ պատանիի հեռացումն է հայութենէն, Հայաստանէն եւ Արարատէն:

Յայտնապէս սպասելի՛ են մատնանշեալ մտահոգութիւններու մասին վերլուծութիւններ, տիրական աշխատանքներու շուտափոյթ նախաձեռնութիւններ եւ ինքնախաբէութեան ոլորտներէ խուսափումի համարձակ կեցուածքներ:

Կ՛ապրինք օրհասը ազգային կեանքի առողջացման եւ ծաղկումին:

Կը ցաւինք ազգովին ամէնօրեայ ազգային կորուստներու, առանց հիմնական բարեկարգումներու:

Տուեալ կացութեան մէջ հիմնական բացակայողը նոյնինքն ազգային յաւելեալ մտածողութեամբ պարուրուած, արդի ըմբռնումներով օժտեալ եւ արարատասէրի զգացողութեամբ համակուած պատասխանատուութիւն կրողներու փաղանգի կազմաւորումն է:

Եթէ ճակատագրուած սփիւռքը կ՛ուզէ այսպէս ասած դրական հոգեկան ցնցումներու իրաւութիւնը ապրիլ, ապա պարտաւոր ենք որդեգրել հաւաքական կեանքի առողջացման ռազմավարութիւն, առանց որուն դժուար թէ նաւավարումի մեր կոչումին մէջ կարենանք կողմնորոշուիլ եւ հասնիլ ափամատոյց, ուր մեզ կը սպասեն նորօրեայ բազում, դժուարին եւ անհակակշռելի կացութիւններ:

 

 

 

 

 

Viewing all 12135 articles
Browse latest View live