Image may be NSFW.
Clik here to view.ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
«Սարգիսէն առաջ եւ Սարգիսէն ետք ո՞վ ունեցած ենք Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ քաղաքական հասկացողութեամբ լիարժէք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ», խօսք` ընկեր Հրայր Մարուխեանի:
1972-1982 թուականներուն ընկերներ Բաբգէն Փափազեանին, Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին յանձնուած էր Դաշնակցութեան ընդհանուր ծրագիրը վերախմբագրելու աշխատանքը: Սակայն վերջնական տարազումը նախագիծին գրած էր ինք` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան, որովհետեւ ունէր թէ՛ գաղափարական հզօրութիւն իր բանաձեւումով` սկզբունքները բիւրեղացնելու եւ կարգախօսներ ճշդելու, թէ՛ ալ ունէր տաղանդը` լիարժէք կերպով ձեւակերպելու Դաշնակցութեան մէջ տիրական միտքերը: Ազատ մարդու, Ազատ քաղաքացիի եւ Ազատ աշխատանքի գաղափարական դաշնակցական սկզբունքը, որ եօթանասունականներուն վերամշակուած ՀՅԴ Ծրագրին կիզակէտը կը կազմէր, փաստօրէն Սարգիս Զէյթլեանի լեզուամտածողութեան արգասիքն էր:
Այսպէս, Սարգիս Զէյթլեանը երեւոյթ էր մեր կեանքին մէջ, իր այս յատկանիշն է, որ կը մղէ տասնեակ տարիներու վրայ յիշելու, շեշտելու, ընդգծելու նման ղեկավարներ եւ անոնց տիպարով սերունդներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Սարգիս Զէյթլեան աշխատեցաւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ` դպրոց, մամուլ, հանրային կուսակցական կեանք, տարուէ տարի փորձառութիւն ձեռք ձգելով` ստանձնեց մշակութային, քաղաքական եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութիւններ: Անկախ կրթական եւ հրապարակագրական մարզերէն` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, ապա` անդամ ՀՅԴ Բիւրոյի: Պիտի չանդրադառնամ բոլոր մարզերուն, սակայն պիտի շեշտեմ անոր աշխատելաոճի եւ սկզբունքներուն մասին:
Սարգիս Զէյթլեանի աշխատելաոճը «պուլտոզըր»-ի ոճ էր: Այսինքն բազմածաւալ, հետեւողական, անզիջող եւ շարունակական ու կրնկակոխ ոճով կ՛աշխատէր: Թափ եւ թռիչք կար անոր աշխատանքին մէջ:
Սարգիս Զէյթլեան գիտէր աշխատիլ եւ աշխատցնել: Գիտէր առաջնահերթութիւնները, եւ անոր թափը վարակիչ էր իր գործակիցներուն համար:
Ամուր սկզբունքներու տէր, բծախնդիր` կուսակցական ներքին կեանքին մէջ տառացի գործադրութեան, բայց եւ` լայնախոհ համահայկական խնդիրներու պարագային: Սարգիս Զէյթլեանի սկզբունքն էր, որ միշտ արտաքին աշխարհին պէտք էր ներկայանայինք հայկական միասնական ճակատով:
Առաջնակարգ նշանակութիւն ունէր իրեն համար Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը:
Ինչպէս կը տեսնե՛նք, թէ Սարգիս Զէյթլեանի տեսլականը որքա՛ն այժմէական է եւ անզիջելի: Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը: «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի` «Դրօշակ»-ի մէջ բազմաթիւ խմբագրականներ եւ յօդուածներ կը կարդանք այս նիւթով:
Հայաստան-սփիւռք օրէ օր վտանգուող եւ բաժանումի տանող մթնոլորտին մէջ որքա՜ն կարեւոր է ընկեր Զէյթլեանի միասնական ըլլալու եւ մնալու պատգամը:
Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստան-սփիւռք միասնական ըլլալու հիմնական երկու օրակարգ ունինք` Արցախ եւ Ցեղասպանութիւն: Դժբախտաբար Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններու վարքագիծը եւ մօտեցումը հեռու է ազգային հաւաքական շահերէ: Անհասկնալի է եւ ընդվզեցուցիչ: Միասնակամութիւնը լոզունգ պէտք չէ ըլլայ, ընդհակառակը` հաւատք եւ ռազմավարութիւն: Աւելի՛ն. այս գաղափարախօսութեան ջահն էր ընկեր Սարգիսը: Փաստօրէն տասնեակ տարիներ ետք Դաշնակցութեան թշնամիները, անոնք ըլլան ներքին թէ արտաքին, նոր ոճերով, նոր զէնքերով կը հալածեն: Ազգային գաղափարախօսութիւնը զիրենք անհանգստացնող սկզբունք է: Փաստօրէն Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպութիւնն ենք, որ պահած ենք մեր սկզբունքը: Հակառակ համաշխարհայնացման մեծ ալիքին, հակառակ համամարդկային եւ սահմանները բանալու, ժողովուրդները, մշակոյթները միաձուլելու համարձակ քայլերու եւ ընդհանուր ապազգային մթնոլորտ մը ստեղծելու ճիգին` ՀՅԴ-ն մնացած է եւ կը մնայ նոյն ազգային արժէքներու վրայ:
Դժուար է մեր ճամբան: Թէեւ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներ, Միացեալ Նահանգներն ալ ներառեալ, սկսած են վերադառնալ իրենց արմատներուն, Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան ուժեր իշխանութեան կը հասնին: Հայաստանի իշխանութիւնները համաշխարհայնացման եւ ապազգային այդ ճամբան նոր սկսած են բռնել` կարծելով, որ Արեւմուտքին բացուելու սկզբունքը այդ ընտրանքն է:
Մեզի համար Սարգիս Զէյթլեանի երկու սկզբունքները կը մնան նոյնը:
Արտաքին ճակատի վրայ մնալ միասնական: Երկրորդ` Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը անհրաժեշտութիւն:
Այսօր հայութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի միասնական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը կը զգայ: Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութիւնը մեր գոյութեան իմաստն է:
Ընկեր Սարգիս մեր դատի, մեր ժողովուրդի, մեր երազներու իրականացման համար կը հաւատար, քարոզած էր, գրած էր եւ ժողովներուն պնդած, որ արտաքին ճակատի վրայ միասնական մնանք, միասնական ներկայանանք:
Այսօր այս կամքը կը պակսի: Ոչ թէ Դաշնակցութեան մօտ, այլ` Հայաստանի իշխանութեան մօտ: Արցախի եւ Ցեղասպանութեան օրակարգերու անտեսումը, կամայական ժխտումը, Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն տէր դառնալու քաջութեան պակասը ամբողջ հայ ժողովուրդի միասնականութեան թափին ազդած է ու կ՛ազդէ: Փաստօրէն ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովն ալ եկաւ հաստատելու այն, ինչ որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու գերիշխանութիւնը հողային ամբողջականութեան իմաստով տէր պիտի կանգնի եւ դէմ պիտի դնէ բոլոր բաժանումի տանող մօտեցումներուն:
Կը վերահաստատեմ ժողովի գլխաւոր 5 բանաձեւերը.
1.- Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացումը, տարածքային ամբողջականութեան եւ իշխանութեան վերականգնում, ժողովրդավարական, իրաւական, ընկերային պետութեան կերտում` Անկախութեան հռչակագիրին տառին եւ ոգիին համապատասխան:
2.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում:
3.- Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում:
4.- Արցախի ազատագրման օրակարգին շուրջ համազգային համախմբում:
- Հայոց բանակի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդում: Հայաստանի գոյութիւնը, հզօրացումը եւ ազգայնացումը անհրաժեշտութիւն են: Այսօր բոլորս ալ գիտենք, որ Հայաստանի գոյութիւնը համաշխարհային այս տակնուվրայ եւ համակարգերու անհաւասարակշիռ վերաբերմունքին դիմաց Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է, հզօրութիւնը մեծ հարց է, եւ ազգայնացումը հարցականի տակ առնուած: Փաստօրէն կը տեսնենք, թէ երկու սկզբունքներն ալ որքա՛ն այժմէական են եւ անժամանցելի: Դժբախտաբար այսօրուան սերունդէն շատերը առիթը չեն ունեցած անմիջականօրէն առնչուելու ընկեր Սարգիս Զէյթլեանին հետ: Բայց անոր միտքերու ու գաղափարներու եւ անոնց վրայ խարսխուած Դաշնակցական գործի աւանդը լիցքաւորած եւ հարստացուցած է մեզ եւ, անկասկած, պիտի շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ սերունդէ սերունդ: Դաշնակցական մտքի եւ գործի դժուար համադրող խորհրդանիշը մնացած է սերունդէ սերունդ:
Կարելի չէ պատկերացնել վաթսունական, եօթանասունական թուականներուն սփիւռքի մէջ թափ առած եւ ծաւալած ազգային, մշակութային, քաղաքական եւ մարտական զարթօնքը` առանց ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի թափին, կորովին, սլացքին, գրիչին, ելոյթներուն:
Դաշնակցութեան չգրուած ճշմարտութիւններէն է, որ անփոխարինելիներ չկան, միաժամանակ նոյն Դաշնակցութեան պատմութիւնը կը փաստէ, որ անկրկնելիներ կան:
Ինչպէս որ Պարոյր Սեւակը ըսած է.
«Ուշ-ուշ են գալիս, բայց ոչ ուշացած
Ծնւում են նրանք ճիշդ ժամանակին»:
Սարգիս Զէյթլեանի գրառումներէն կ՛առնեմ այս տողերը. «Շատ ուսեալ ըլլալը մարդ ըլլալու պայմանական միջոցը չէ: Մարդ ըլլալու նախապայմանը զարգացումն է, մշակութայնացումը, մարդացումը:
Ան կ՛ըսէր, թէ մշակութայնացած մարդն է, որ կոչուած է դեր մը կատարելու հանրային կեանքին մէջ, եւ ոչ` «քաղաքակիրթ» մարդը, որ զինուած է միայն գիտելիքներով: Այսպէս, այսօր մեր մէջ կը պակսի այդ տեսակը, եւ մենք պարտաւոր ենք այս կէտին ուշադրութիւն դարձնելու:
Այո՛, ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը հաւատքի եւ գործի ընկեր էր:
Այսօրուան Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ի տես եւ իշխանութիւններու ապազգային ու զիջող քաղաքականութիւնը արձանագրելով` խօսքս կը փակեմ Սարգիս Զէյթլեանի գրութիւններէն հետեւեալ տողերով:
«Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնը չէ, որ հրաժարի Հայ դատի պաշտպանութենէն: «Դաշնակցութիւնը այն միակ կազմակերպութիւնն է հայ կեանքին մէջ, որ միայն մէ՛կ տէր կը ճանչնայ` հայ ժողովուրդը: Միայն մէկ իտէալ կը հետապնդէ` Հայ դատի վերջնական եւ ամբողջական յաղթանակը: Ներշնչման միակ աղբիւրը ունի Հայոց պատմութիւնը եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր երազներն ու ձգտումները: Եւ այս բոլորին համար Դաշնակցութիւնը ընդունակ եղած է եւ է նաեւ այսօր, մարդկայնօրէն հնարաւոր ամէն, ամէն զոհողութեան»:
* Այնճարի մէջ Սարգիս Զէյթլեանի նուիրուած ձեռնարկին ԿԿ-ի կողմէ արտասանուած խօսք: