Image may be NSFW.
Clik here to view.Հրապարակուած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այս տարուան երրորդ թիւը, որուն մէջ գերիշխող թեման Հայաստանի քաղաքական-հասարակական մթնոլորտն է` հայութեան բոլոր շերտերը յուզող առաջնային հիմնահարցերը: Այս շունչը կը կրէ թիւի առաջնորդող յօդուածը, որ անդրադարձ է Հայաստանի իշխանութեան արտաքին ու ներքին ձախողութիւններուն, որոնք այսօր ոչ միայն երկիրը կանգնեցուցած են փակուղիին դիմաց, այլ նաեւ ինքնին այդ փակուղիի ճարտարապետներ են: Ակնյայտ է, որ այս կացութեան խորացումը ճակատագրական կորուստներու կ՛առաջնորդէ երկիրը եւ, ըստ ներկայացուող եզրակացութեան, հրամայական պահանջ է երկրին մէջ ազգային համախմբուածութեան կայացումն ու միասնական պայքարը պետութեան կործանարար գահավիժումը կասեցնելու համար:
Հրապարակագիր Մանուէլ Մկրտչեան կը փորձէ գտնել այն դրդապատճառները, որոնք թոյլ չեն տար ժողովուրդի կեդրոնացումը եւ հաւաքական պայքարը իր իրաւունքներու ու արժանապատուութեան վերականգնման համար:
Պատմաբան Անի Մելքոնեան` յիշելով մարտ ամսուան հետ շաղկապուող հայ ժողովուրդի պատմական ողբերգութեան մասին, կը փորձէ զուգահեռներ գծել տխրահռչակ հայ Յեղկոմի կառավարման շրջանին խորհրդաթրքական հակահայ գործարքի եւ այսօրուայ ՔՊ-ական իշխանութեան անընդունելի զիջումներուն միջեւ` թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին:
«Դրօշակ»-ը հրապարակած է մոսկուաբնակ վերլուծաբան Սարգիս Սարգսեանի «44-օրեայ պատերազմի արիւնոտ դասերը» ուշագրաւ յօդուածաշարի 4-րդ մասը, որուն մէջ ռուս քաղաքականագէտներն ու վերլուծաբաններ կը ներկայացնեն իրենց եզրակացութիւնները 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ: Մասնաւորապէս հետաքրքրական են անոնց անաչառ գնահատականները տուեալ իրադարձութիւններուն մէջ պաշտօնական Ռուսիոյ որդեգրած դիրքորոշումներուն վերաբերեալ: Այս մեկնաբանութիւնները կրնար օգտակար ըլլալ` աւելի լաւ հասկնալու հայ հանրութեան կողմէ տարբեր գնահատականներու արժանացած այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ որդեգրած դիրքորոշումներուն դրդապատճառները:
Ուշագրաւ է նաեւ ծանօթանալ անցեալ դարու 18-20 ականներուն Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ տեղի ունեցած ռազմաքաղաքական գործակցութեան եւ երեքի այս գործակցութեան անդրադարձին` ընդդէմ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն: Մեր օրերուն համար ուսանելի դասեր պարունակող այս մանրամասն լուսաբանութիւնը «Դրօշակ»-ի ընթերցողին ներկայացուցած է պատմաբան Վանիկ Վիրաբեանը:
Վերջին տարիներուն խօսակցութիւններ շրջան կ՛ընեն Հայաստանի հիւլէական ելեկտրոկայանի փակման եւ զայն ամերկեան մոտիւլային փոքր հիւլէական շարժիչով փոխարինելու մասին: Ի՞նչ կը ներկայացնեն այս շարժիչներով եւ իրենց բնութագրիչներով ինչպէ՞ս են անոնք մեզի ծանօթ հիւլական կայաններու համեմատութեամբ: Այս մասին իր հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը «Դրօշակ»-ին տրամադրած է Ամերկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը:
«Դրօշակ»-ի մարտի թիւը կարելի է կարդալ` այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/03/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-3-2025-%D5%A9.pdf