Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Բարի Լոյս 23. Արցախով Ապրուած Անմոռանալի Պահեր

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Hagop-Havatian_9-07-15Առաւօտեան ժամը 8:00-ն է: Ռատիոթոնի պաշտօնական բացումը չէ կատարուած տակաւին: Ժողովուրդը նախքան իր առօրեայ աշխատանքին անցնիլը կը փութայ «Շաղզոյեան» կեդրոն` իր խղճի պարտքը կատարելու: «Վանայ ձայն»-ի հեռաձայններուն բոլոր գիծերը զբաղ են, եւ բոլորը կը հաստատեն իրենց ներկայութիւնը համաժողովրդային նուիրահաւաքին:

Ժամը 10:00-ին կը կատարուի բացումը: Յարանուանութիւններու պետեր եւ պետական գործիչներ, պատասխանատուներ առանց հրաւէրի կը փութան ռատիոթոնին յատկացուած` «Շաղզոյեան» կեդրոնի դիմաց պատրաստուած տաղաւար եւ կը կատարեն իրենց ազգային պարտականութիւնը: Տաղաւարին մէջ առաջին վայրկեանէն կը տիրէ մեծ խճողում եւ խանդավառութիւնը կը համակէ բոլորը: Պատմութեան համար կարելի է արձանագրել:

Ա.- Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտները երէկ իրենց ուսումնական վերջին օրը կ՛անցընէին Ճեմարանին մէջ, եւ ահաւասիկ` առաւօտ կանուխ հպարտօրէն կու գային կենսաւորելու համար իրենց այդ նշանակալից օրը Արցախով եւ կը նուիրէին պատկառելի գումար մը: Կարծէք կ՛ըսեն, թէ իրենց հայեցի կրթութեան անփոխարինելի պաշարով զինուած` պիտի մնան միասին եւ պատրաստ ու զգաստ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Հայկական տարբեր վարժարաններէն աշակերտական պատուիրակութիւններ եկան իրենց հաւաքած նուիրատուութիւնները եւ խօսքը փոխանցելու:

Բ.- Լիբանանի «Կարկաչ» եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբերուն վաստակաւոր խմբավար, բոլորին ծանօթ պարոն Զաքարը յուզուած աչքերով կը ներկայանայ տաղաւար իր մասնակցութիւնը բերելու նուիրահաւաքին: Հաղորդավարներու կողմէ կը հրաւիրուի իր սրտի խօսքը ըսելու, կը յուզուի եւ կը յուզէ տաղաւարին մէջ ներկայ գտնուող ամբողջ աշխատակազմը: Պրն. Զաքարի ղեկավարած «Վարանդա» երգչախումբին անդամները այսօր արդէն դարձած են երիտասարդներ եւ քաջօրէն կը պաշտպանեն Արցախն ու կը նահատակուին հայու արժանապատուութեան պահպանման համար: Այո՛, Զաքարը կը թափէ իր հպարտութեան արցունքները:

Գ.- Հանգանակութեան սեղանին կը մօտենայ համեստ տիկին մը, պայուսակէն կը հանէ պահարան մը եւ կը փոխանցէ գանձող օրիորդին. օրիորդը ապշահար կը տեղեկացնէ, թէ պահարանին մէջ 5 միլիոն լիբ. ոսկի կայ: Տիկինը համեստ շարժումով մը «այո՛» կ՛ըսէ` հաստատելով, որ այդ գումարը Արցախի համար բերած է: Ան չ՛ուզեր, որ իր անունը յայտարարուի: Ծանօթ մը կը յայտնէ, թէ տիկինը հանգստեան կոչուած նախկին պետական ուսուցչուհի է, իսկ ամուսինը` արաբ լիբանանցի մը:

Դ.- Անհաւատալի բայց իրաւ: Ֆիզիքապէս տկար երիտասարդ մը կը ներկայանայ տաղաւար` տոպրակ մը իր ձեռքին, այս տարուան իր գանձանակին մէջ պահած ամբողջ գումարը (մանր դրամներ) կը դնէ սեղանին վրայ, որպէսզի գանձիչները հաշուեն:

Եւ այսպէս շարքը կարելի է երկարել: Այո՛, այս է լիբանանահայութիւնը, հո՛ս կը կայանայ անոր ուժին եւ տոկունութեան գաղտնիքը: Այսպիսի օրերու եւ պահերու, անգամ մը եւս կը դրսեւորուի անոր կուտակած մարդուժի պատկառելի դրամագլուխը:

Արցախի հանդէպ ցուցաբերուած այս զօրակցութիւնը, մեր պատանիներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն եւ նաեւ համայնքի բոլոր պատասխանատուներուն օրինակելի մասնակցութիւնը, երէկ լիբանանահայութեան շնորհեց նոր բարենիշ մը:

Թող յաւերժ անսասան մնայ հայոց բանակը,
Թող ան շարունակէ անառիկ պահել Արցախի սահմանները,
Փա՛ռք ու պատի՛ւ ինկածներուն,
Շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներուն,
Եւ այսպէս մի՛շտ յարգանք` լիբանանահայութեան դրսեւորած բարձր գիտակցութեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>