Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ֆեթիշ դարձած թուական «Ապրիլ 24»-ը կը մօտենայ: Այս տարի, կլոր թուականէն ետք, «անկլոր» թուական մը: Ի՜նչ փոյթ:
Ի՛նչ ալ եղած ըլլան եւ ըլլան մօտեցումները, ԺԹ. դարուն իր բանաձեւումը գտած «Հայոց ազգային հարց»-ը կը մնայ սառած, անոր վրայ բարդուած են «Ցեղասպանութիւն»-ը եւ «հայրենահանում»-ը:
«Հրէական ողջակիզման» նմանողութեամբ, ընդունելի ըլլալու ճապկումով, փակագիծի մէջ դրած ենք «Հայոց ազգային հարց»-ը, որուն արմատական լուծումը Թուրքիան գտած էր «հայրենահանում»-ով, Ցեղասպանութիւնն ալ, իր կարգին, արմատական հայրենահանում էր:
1960-ականներու «ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ» բողոքի ալիքի փայլատակումէն ետք, որ «Հայոց ազգային հարց»-ի հետապնդման իսկական շարունակութիւնն էր, Արեւմուտքի եւ Խորհրդային Միութեան համար միաժամանակ ընդունելի «ցեղասպանութեան ճանաչման» տարազը որդեգրուեցաւ, որ ներազգային համագործակցութիւններն ալ կարելի դարձուց:
Քանի որ կը խօսուէր Հրէական ողջակիզման մասին, տրամաբանութիւնը կը պահանջէր «ճանաչման նախընթաց»-ով պայմանաւորել նաեւ հայկական կացութեան ըմբռնումը` յաչս արտաքին աշխարհին, եւ այդ դարձաւ Հայկական հարցի «ալֆան եւ օմեկան»:
Հայրենալքում-արտագաղթի նոր սերունդն ալ հեշտութեամբ կրնայ հետեւիլ նոյն կարգախօսներուն, բազմացնել տարին մէկ կամ քանի մը անգամ աղմկարար տողանցքներու մասնակիցներու համրանքը, քանի որ այդ կարելի է ընել առանց պաշտպանելու յանձնառութեան հայրենի հողի նկատմամբ, ան ըլլայ բռնագրաւուած, թէ լքուող:
Ինչպէս երբեմն կ’ըսուի, երբեմն յաճախ, որ «Հայ դատը սփիւռքի պահպանման կը ծառայէ», եւ կը դադրինք մտածելէ այն մասին, որ սփիւռք(ներ)ը ժամանակաւոր է եւ այդպէս կրնայ ըլլալ միայն:
Այդպէս ալ կը շփոթուին ծառայողի եւ ծառայութեան նպատակի հասցէները:
Եւ «Հայոց ազգային հարց»-ի հետապնդումը կը մտնէ փակուղի:
Երբ Հրէական ողջակիզման կը բաղդատուինք «ճանաչում» գտնելու ճամբայ հարթելու համար, զանց կ’առնենք իրա՛ւ բաղդատութիւնը:
Հրեաները ողջակիզումի ենթարկուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն դուրս, օտար աշխարհներու մէջ, հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուեցան իրենց հայրենիքին մէջ:
Հրեաները ողջակիզումի ենթարկուեցան տնտեսական պատճառներով, Հայաստանի բնիկները ցեղասպանութեան ենթարկուեցան իրենց հայրենիքի տիրացման-բռնագրաւման համար:
Ցեղասպանութիւն-հայրենահանում նոյն նպատակին կը ծառայեն, եւ այդ նպատակը հայու հայրենիքին բռնագրաւումն էր, անոր` իր բնիկ տարրէն դատարկումը:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը բարոյական-մարդասիրական շղարշ է, որ կարելի է որպէս մխիթարական պարգեւ շնորհել: Երբ ան առանձնապէս կը հետապնդուի, շնորհողը առանց յանձնառութեան պարտք մը կը կարծէ կատարել, եթէ շահախնդրուած անգամ չէ, եւ հետապնդողը առանց իր հարցին խորքով ընթանալու` երեւելիութիւն կը կարծէ նուաճել:
Այդ բարոյական պարգեւը հաշուեփակ կ’ըլլայ, երբ կը ներկայանանք ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով: Այնքա՜ն բացասական, որ հայ զանգուածներուն համար իսկ ան կը դառնայ ինքնանպատակ եւ վերջնական կարելին, որմէ ետք կու գայ մոռացումը:
Անհատները կրնան պատշաճիլ եւ հարց չունենալ ճանաչումներէն ետք:
Ազգը, որ տեւելու եւ շարունակութիւն ըլլալու կոչուած է, եւ ոչ` այլոց համրանքը աւելցնելու, հայրենիքի, անոր լրացման, բնակեցման, զարգացման եւ հոն ինքնութիւն կերտող մշակոյթի ստեղծման եւ իւրացման հարց ունի:
Սոսկ ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը, անոր շուրջ ստեղծուող խլացնող-մոռցուող աղմուկը «Հայոց ազգային հարց»-ը կը տանին փակուղի, ինչ որ կը նշանակէ առարկայական նպաստ բերել ցեղասպանին ծաւալապաշտական նախաձեռնութեան ամրապնդման:
Այս փակուղիէն դուրս գալու համար թրքական քաղաքականութեան նպատակի բացատրութիւնն է «Հայոց ազգային հարց»-ի հետապնդման նպատակը:
Ինչպէս յաճախ կրկնած եմ` ցեղասպանութիւն գործուեցաւ հողի համար:
Այդ քաղաքական ոճիրին իրաւ վկաները հայրենահանուածները եւ անոնց ժառանգներն են, այսինքն` նախկին գաղթականներէ բաղկացած ներկայի աշխարհատարած սփիւռքը, որուն համար օրակարգ ըլլալէ կը թուի դադրած ըլլալ հայրենադարձութիւնը` պատշաճեցումներով մոռցած ըլլալով հայրենահանումը:
Իրաւագիտական ճապկումներ են փաստագրական արշաւները, երբ հարցերը պարզ են: Յուշագրութիւնները ինքնամխիթարութեան կը ծառայեն եւ իրաւունքի ձեռք բերման չեն նպաստեր:
Եթէ հայ հանրային կարծիքը, «Հայոց ազգային հարց»-ը հետապնդողները եւ «ցեղասպանութեան ճանաչում»-ը ընդունողները եւ քուէարկողները այս յստակացումներով առաջնորդուին, նոր ամեակները կը դադրին մեծ կամ պզտիկ «հոգեպարար» հանդիսութիւններ ըլլալէ, եւ կը մտնենք իրաւունքի ձեռք բերման ձգտող քաղաքական դաշտ:
Աղմկարարութիւնը, լուսարձակները եւ բարձրախօսները նպատակի չեն ծառայեր, եթէ բացակային քաղաքական հեռանկարային նպատակը եւ ազգային իրաւունքէ բխած հիմնաւորումները:
Նոր ամեակ, նոր ամեակներ:
Հիմնական հարցերու պատասխան պիտի տանք, որպէսզի չխարխափենք:
Ի՞նչ կ’ուզենք: Հայրենի հողի ազատագրում:
Ինչպէ՞ս պիտի ուզենք: Քաղաքական իրաւ աշխատանքով եւ ոչ միայն բառի կապարճ շալկած:
Ինչո՞ւ կ’ուզենք: Վերադարձի համար, որ չըլլայ շաբաթավերջի ճառ:
30 մարտ 2016, Նուազի-լը-Կրան