ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ապրիլ 9-ի Սերժ Սարգսեան-Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդիպումէն ետք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տուած հարցազրոյցէն ի յայտ կու գայ, որ յառաջիկայ ամիսներուն Ղարաբաղի բանակցութիւնները նոր հանգրուան մը պիտի թեւակոխեն:
Հայ ազգային քոնկրեսը, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, իշխանութեան ամէնէն դժուար օրերուն միշտ ըսած էր, որ ճգնաժամի պահուն պատրաստ է խորհրդակցելու եւ աջակցելու իշխանութիւններուն:
Փաստօրէն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախաձեռնութեամբ վերջինին տան մէջ կայացած այս հանդիպումը վերլուծումներու դուռ կը բանայ:
Ա.- Հայաստանի նախագահը ճակատագրական այս պահուն բանակցութեան փուլէն առաջ հաւանաբար ներքին միասնակամութեան ամրապնդում կը փնտռէ, մանաւանդ եթէ այդ բանակցութիւնները պիտի հասնին տարածքներէ զիջումներուն:
Բ.- Ժողովրդային իմաստով քիչ մը յոյս եւ հանդարտութիւն կը տարածէ այս հանդիպումը` տեղ մը ընդհանրական շահերը ներքին հաշիւներէն դուրս պահելով:
Գ.- Ալիեւի աճապարանքը, այսինքն` մղելը, որ բանակցութիւններու նոր փուլ մը սկսի տարբեր օրակարգերով, նախ ներքին իմաստով ժողովրդային համակրանք մը շահելու ճիգ է, երկրորդ` արտաքին իմաստով այսօրուան քարիւղի գիներու անկումը զինք կը մղէ մտածելու, որ այսօրը աւելի կարեւոր է քան վաղը, որովհետեւ Պաքուի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ա՛լ ժամանակի ընթացքին պիտի պակսի: Այս պատճառով աճապարելը ի նպաստ Ազրպէյճանին է:
Դ.- Ռուսիան ներկայիս Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւններու մէջ է եւ ազդեցութեան շատ լուրջ լծակներ չունի:
Ուրեմն կը նախընտրէ խաղաղապահ զօրքերով երաշխաւորել զինադադարը, եւ` այս իմաստով քարոզչական աշխատանքներ տանիլ:
Ե.- Սերժ Սարգսեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդիպումը նաեւ մտածել կու տայ, որ ճգնաժամային պահերուն անհրաժեշտ է բոլորին կարծիքները լսել: Գոնէ` լսել, խորհրդակցիլ: Նոյնիսկ` 1998-ի «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» հեղինակած յօդուածագիրին հետ:
Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները քաղաքական նոր մարտահրաւէրի մը առջեւ կը գտնուին: Ներքին եւ արտաքին իմաստով պատմական այս օրերուն հաւաքական կամքի անհրաժեշտութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի կը զգացուի: