Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յարգա՛նք Սահմանը Պահողներուն

$
0
0

ՍԵՒԱԿ ՔԵԹԵՆՃԵԱՆ

sevag_40816

Նորութիւն մը չէ մեր դրացի եւ դաշնակից Ռուսիոյ տարիներու զինամթերքի վաճառքը թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ թշնամիներուն… Նորութիւն մը չէ նաեւ, որ քարիւղի նիւթական շահերէն օգտուելով` ազերիները կը ստանան աւելի լաւ եւ աւելի արդիական տեսակի զինամթերք, որ իրենց որոշ առաւելութիւն մը կու տայ այս պատերազմը յաղթելու: Կարեւոր է նաեւ յիշել եւ չմոռնալ թշնամի թուրքին ուղղակի եւ բացայայտ կեցուածքը ի նպաստ ազերիին: Ուրիշ զարմանալի կէտ մը կայ. կը մոռնանք, որ մենք ալ, իբրեւ հայեր, անուղղակի ձեւով կ՛օգնենք ազերիին` ընտրելով Պոլիսը եւ Մարմարիսը` իբրեւ զբօսաշրջութեան վայրեր եւ քաջալերելով իրենց արտադրութիւնները:

… Թերեւս ես ալ եթէ ըլլայի ռուսին տեղ, ես ալ նոյնը կ՛ընէի եւ կ՛ըսէի` ձգենք այս պզտիկները թող խաղան իրարու հետ, մէկ աչքս ըլլալով իրենց վրայ:

Լա՛ւ. հոս մեր մտքերուն մէջ կը սկսինք հարցեր տալ: Հարցեր. օրինակ` ինչպէ՞ս ազերիները բոլոր այս առաւելութիւնները ունենալով` տակաւին կը պարտուին այս պատերազմը: Արդեօք Աստուած հա՞յ է եւ կամ` կ՛ուզէ Արթուր Մեսչեանին պատասխանել եւ հաշտուի՞լ անոր հետը:

Պատասխանը պարզ է… Այս պատերազմը արդար պատերազմ է: Այս պատերազմը զէնքի եւ թիւի պատերազմ չէ: Այս պատերազմը անարդարութեան դէմ եւ սրտի զօրութեան պատերազմ է: Չըլլա՞ր` անգամ մը հայերուն առիթ ընծայուի, որպէսզի վրէժնիս լուծենք սա սուտ արդարութենէն, որուն ճակտին օրին Սիամանթոն թքած էր: Չունենա՞նք առիթ մը, որպէսզի մենք ըլլանք մեր ճակատագիրը գրողները:

Այսօր մեր տղաքը պատերազմի դաշտի վրայ կը գրեն մեր ճակատագիրը իրենց ամուր սրտերով եւ սրած ակռաներով ու կը կռուին անարդարութեան դէմ` ճակատնին բաց եւ յարձակողական մարտավարութեամբ:

Կ՛ուզեմ առիթը օգտագործել եւ շնորհակալութիւն յայտնել Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի, որ գոնէ վերջին շաբթուան ընթացքին կրցաւ ընել այն, ինչ որ ոեւէ մէկ հայ նախագահ կամ ղեկավար չկրցաւ ընել տարիներու ընթացքին: Ալիեւ, իր երկրի ներքին սխալները գոցելու նպատակով, այս պատերազմը սկսաւ առանց գիտնալու, որ հայերը կը սպասեն այսպիսի առիթներու, որպէսզի միանան, աշխարհի չորս կողմէն հաւաքուին, ղարաբաղցիին թիկունք կանգնին եւ յիշեցնեն, թէ որքան ալ ֆիզիքապէս հեռու ըլլանք Հայաստանէն եւ Արցախէն, մեր սրտերն ու մտքերը միշտ Հայաստանի եւ Հայ դատի մօտ են,  եւ պատրաստ ենք մինչեւ մահ ծառայելու այս Դատին: Շնորհակա՛լ եմ, պարո՛ն խելացի Ալիեւ: Քեզմէ 2 հատ կա՞յ:

Յարգա՛նք մեր նահատակ ազատամարտիկներուն: Վիգէնին եւ իր ընկերներուն բարեւ ըրէ՛ք: Ցոյց տուէ՛ք` ի՛նչ որ ցանեցին եւ 20 տարի յետոյ ի՛նչ hնձեցին:

Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, սիրելի ընկերներ, որոնք ճակատի վրայ են այսօր: Ուս-ուսի տուէ՛ք, առիւծի պէս, գրաւեցէ՛ք Պաքուն եւ պահեցէ՛ք հայութեան փառքը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>