Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Աշոտ Եւ Արմէն Ճենտէրէճեաններուն

$
0
0

6955228845_b2c0fbcaa2_o-(1)

Համազգայինի մեծ ընտանիքը անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին զանազան մշակութային բնագաւառներէն ներս Հայաստանէն արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ հրաւիրեց:

Անկախութեան առաջին օրէն հաւատաց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան: Հաւատաց, որ իւրաքանչիւր հրաւիրուած արուեստագէտ սերունդներու հոգեմտաւոր զարգացման մէջ իր դերը եւ դրոշմը կրնայ ձգել:

Պատմութիւնը փաստեց, որ ճիշդ էր գրաւը: Անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին բոլոր  արուեստագէտներն ու մտաւորականները իրենց հետքը ձգեցին մեր մշակութային կեանքի վերելքին վրայ:

Պէտք չէ ապերախտ ըլլալ: Ճիշդ է` հանգրուաններ անցուցինք, որ գործակցութեան դժուար եզրեր եղան, տկար օղակներ ի յայտ եկան, սակայն շարունակական շրջանային վարչութիւնները, կեդրոնական վարչութիւնները, նախապէս երաժշտանոցի եւ Թորոս Ռոսլին վարիչ մարմինները, այսօրուան խնամակալութիւնը շրջանցեցին այդ բոլորը, եւ այսօր աւելի հեզասահ դիւրին գործակցութեան դաշտեր բացուած են մեր առջեւ:

Կ՛արժէ յիշատակել բոլորը. կերպարուեստի մարզէն` Բագրատ, Ալեքսան Քոչարեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Լաւրենդի Աղասեան:

Երաժշտական մարզէ` Երուանդ Երկանեան, Նարինէ Ստեփանեան, Յովհաննէս Քարախանեան, Աշոտ եւ Արսէն Ճենտէրէճեաններ: Թատերական մարզէն` Սօս Սարգսեան, Վիգէն Ստեփանեան, Դաւիթ Յակոբեան, Կարէն Խաչատրեան: Պարարուեստի մարզէն` Ֆելիքս Յարութիւնեան, Անդրանիկ Գրիգորեան, Յովիկ Խաչիկեան, Պերճ եւ Աննա Կարապետեաններ, Կարինէ եւ Ժաքլին Մակինեան:

Երգչախմբային մարզէն` Յարութիւն Թոփիկեան եւ Երուանդ Երկանեան: Տակաւին չենք յիշեր Համազգայինի Հայագիտական մարզէն ներս հրաւիրուած գրականութեան, պատմագիտութեան եւ բանասիրութեան դասախօսները:

Ինչպէս նաեւ պէտք է յիշելով ամբողջացնել վերջին տարիներու Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ հրաւիրուած հայրենի արուեստագէտներու ցուցահանդէսները:

Համազգայինը անցնող քսանհինգ տարիներու իսկական եւ գործնական կամուրջը հանդիսացաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ոգեղէն կապին:

Այսօր այս բոլորը կը վերյիշեմ, որովհետեւ այս երեկոյ պիտի մեծարուին Աշոտ եւ Արմէն Ճենտէրէճեանները: Անցնող տարիներուն անոնց ներկայութիւնը մեր գաղութին մէջ նոր որակ եւ շունչ մը տուաւ:

Ազնիւ, մաքուր եւ միութենական բարձր հասկացողութեամբ, մանկավարժական ճկուն տրամադրութեամբ փաստօրէն տասնեակ մը ջութակահար երիտասարդներ պատրաստուեցան իրենց շունչով: Ինչպէս որ տասնեակ մը երիտասարդներ պատրաստուած էին Դաւիթ Յակոբեանի եւ Վիգէն Ստեփանեանի շունչով: Նոյնպէս Յարութ Թոփիկեան եւ Երուանդ Երկանեանի շունչով եւ անշուշտ` Ֆելիքս Յարութիւնեանի շունչով: Ալեքսան Քոչարեանի եւ Լաւրենդի շունչով:

Այսօրուան մեծարանքը անոնց ընդմէջէն բոլորին պէտք է երթայ: Անոնք, որոնք հայրենի իրենց տունն ու տեղը, զաւակները ու թոռնիկները ձգած եւ եկած են հոս սերունդներ դաստիարակելու համար:

Հաւատացած  են սփիւռքի կարեւորութեան, հաւատացած են Համազգայինի առաքելութեան: Փաստօրէն այսօրուան մեծարանքի երեկոն իրենց անձերէն անդին կ՛երթայ, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտէրէճեանները այդ մէկը լաւապէս կը զգան եւ կ՛արժեւորեն:

Կը հաւատանք, որ աշխատանքի մը զոհողութեան մը արժեւորումը նոր թափ եւ կորով կու տայ արուեստագէտին:

Կը հաւատանք, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի այս եւ նման գործակցութիւններ դրական եւ շինիչ ազդեցութիւններ կ՛ունենան մեր միասնականութեան վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>