ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Ըստ պետական վիճակագրական տուեալներու, 1995-2015 տարիներուն Թուրքիայէն Հայաստան ներածուած է 2,2 միլիառ տոլար արժողութեամբ ապրանք: Ասոնք ընդամէնը պաշտօնական թիւեր են, իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ հայ վաճառականները մաքսատուրքերէ խուսափելու համար մի՛շտ նուազեցուած գիներ ներկայացուցած են մաքսային ծառայութիւններուն, ապա այս թիւերը քանի մը անգամով պիտի աճին: Տակաւին չենք խօսիր անհատ քաղաքացիներուն մասին, որոնք օդային կամ ցամաքային ճանապարհով Թուրքիա կ՛այցելեն ու լեցուն ճամպրուկներով կը վերադառնան Հայաստան` իրենց բերածը ծախելով տուներու կամ փոքր խանութներու մէջ: Այս մարդոց ներածումները ընդհանրապէս հաշուի չեն առնուած պաշտօնական վիճակագրութիւններուն մէջ:
Եթէ այցելէք շինարարական ապրանք վաճառող խանութները, ապա պիտի հանդիպիք թրքական արտադրութեամբ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ շինանիւթերու: Հագուստեղէնի շուկաներուն մէջ եւս թրքական արտադրութիւնները պատկառելի տեղ կը գրաւեն: Այս արտադրութիւններուն մասին յաճախ խօսած եմ թէ՛ վաճառողներուն, թէ՛ գնորդներուն հետ: Առաջիններուն համար կարեւորը առեւտուր ընելն ու դրամ շահիլն է, իսկ երկրորդներուն համար` աժան, մատչելի գիներով ապրանք գնելը: Ամէն անգամ, երբ գնորդներուն խօսած եմ թրքական ապրանքներէն հրաժարելու մասին, լսած եմ գրեթէ նոյն պատասխանը.
– Ի՞նչ ես խօսում, ա՛յ ախպեր… Ես էլ եմ զզւում նրանց ապրանքներից, բայց փողս հազիւ սրան ա հերիքում: Ի՞նչ անեմ, սրանք աւելի էժան են: Իսկ էն միւս եւրոպական արտադրութիւնները իմ համար չեն, հարուստների համա՛ր են:
Տարիներ շարունակ Թուրքիայէն ապրանքներու ներածումը արդարացուած էր հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. այդ արտադրութիւնները Հայաստանի մէջ չկան, իսկ թրքական ապրանքները աժան են, որակը` ընդունելի, եւ փոխադրութիւնը` նուազ ծախսալից: Հարց կը ծագի, թէ ի՛նչ ըրած են Հայաստանի իշխանութիւնները թրքական ապրանքներու ներածումը սահմանափակելու եւ տեղական արտադրութիւնը քաջալերելու համար…
Հիմա վերադառնանք ձմրան ամիսներուն հայկական շուկային մէջ թրքական բանջարեղէնի վաճառքին: Արդեօք Հայաստանի շուկաները ուսումնասիրող պետական մարմինները չե՞ն նշմարած, որ թրքական լոլիկն ու վարունգը աւելի՛ աժան են, քան` ջերմոցներու մէջ աճեցուած հայկականը: Կարելի չէ՞, արդեօք, որոշ արտօնութիւններ եւ դիւրութիւններ տալ հայ գիւղացիին, որպէսզի ան եւս կարենայ հայկական շուկային մէջ մրցունակ ըլլալ, իսկ մարդիկ ստիպուած չըլլան աւելի աժան թրքական բանջարեղէնը գնելու: Այս մասին կարծիք յայտնեցի տնտեսագէտ ընկերոջ մը, որ առանց երկար մտածելու` պատասխանեց.
– Ա՛յ մարդ, էսքա՛ն ժամանակ ապրում ես Հայաստանում ու դեռ չես հասկացել, որ մեր երկրում տնտեսութիւնը ո՛նց ա աշխատում… Ներկրումները եղել ու մնում են փող աշխատելու ամենաարագ եւ հեշտ ճանապարհը: Իսկ դու չգիտե՞ս, թէ ովքե՛ր են ապրանք ներկրում… Նրանք ամենավերեւների մարդկանց մօտիկ վաճառականներն են: Ինչի՞ նրանք հրաժարուեն արագ հարստութիւն դիզելու էդ ճանապարհից, թէկուզ եւ Թուրքիան լինի նրանց փողի աղբիւրը…
Հիմա շատեր պիտի պնդեն, թէ` լա՛ւ, հասկցա՛նք, բայց վերջ ի վերջոյ Հայաստանն ու Թուրքիան հարեւան երկիրներ են, եւ առեւտուրը ուշ կամ կանուխ անխուսափելի է անոնց միջեւ:
Այս կարծիքը ունեցող մարդոց հետ վէճի մէջ մտնելու փոխարէն` ընդամէնը պիտի առաջարկեմ դիտել հետեւեալ տեսահոլովակը.
Գրեցէ՛ք ինծի: