ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
24-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները բազմաթիւ են:Առկայ մարտահրաւէրները կը զանազանուին իրենցտարողութեամբ, առաջնահերթութեամբ, խորութեամբ ու հետեւանքներով. սակայն անոնց հանդէպ մեր ունեցած յանձնառութիւնն ու վերաբերմունքը էական նշանակութիւն ունին համայն հայութեան ու նոյնիսկ հանրապետութեան գոյութենականութեան վրայ:
Ներքին իմաստով, շատ մը ոլորտներու մէջ օրէնքի գերակայութեան բացակայութիւնը, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու չգոյութիւնը, իշխանութիւններուն հանդէպ հասարակութեան տածած վստահութեան կտրուկ անկումը, հաւաքական յուսհատութեան դրսեւորումները, Հայաստանի քաղաքացիական ընկերութեան եւ իշխանութեան միջեւ պատահած դէպքերը, վերջին շրջանին Միջին Արեւելքէն Հայաստան ներգաղթած արեւմտահայութեան հայաստանեան կեանքին մէջ ընդգրկելու եւ անոնց արեւմտահայ դիմագիծը պահպանելու խնդիրը, պետական հաստատութիւններուն մէջ` փտածութեան, անպատժելիութեան, դիւանակալութեան եւ սովորամոլութեան յոռի երեւոյթները, հանրային ծառայութիւններուն եւ ծանր արդիւնաբերական հաստատութիւններուն սեփական շնորհուած, օտարներու տնօրէնութեան յանձնուած կամ գործելէ դադրած ըլլալու իրականութիւնը, գործազրկութեան եւ արտագաղթի տոկոսներուն աննախադէպ մագլցումը, Երեւանէն դուրս` Հայաստանեան գիւղերուն եւ աւաններուն նախնական ու երբեմն խղճալի իրավիճակը, ընկերային դասակարգերուն միջեւ առկայ վիհին օրէ օր խորացումն ու բոլորին հաւասար առիթներ ընծայելու պակաս` հանրապետութիւնը ներսէն յուզող ու համապատասխան յստակ ռազմավարութիւն պահանջող հիմնական մարտահրաւէրներ են:
Արտաքին ճակատի վրայ միջազգային ու տարածաշրջանային արագընթաց զարգացումները, արցախեան հիմնախնդրին լարուած իրավիճակը, Ջաւախքի հայաթափումը, Արցախ-Ազրպէյճան ու Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային գօտիներուն վրայ արձանագրուած ու յաճախակիութեան հասնող զինուորական միջադէպերը, միջինարեւելեան հայկական համայնքներուն դիմագրաւած ահազանգային դժուարութիւնները, Թուրքիոյ ներքին անկայուն իրավիճակն ու Արեւմտահայաստանի վրայ քրտական հաւանական պետութեան ստեղծումը, այսպէս կոչուած` Իսլամական պետութեան եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու հաւանական վտանգները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրը, Հայ դատի ու պահանջատիրութեան գծով ներկայ ու ապագայ աշխատանքներու յստակ պատկերացումը, պահանջատիրութիւնը իրաւական ու միջազգային օրէնքի հիմքերուն վրայ ծաւալելու պատրաստուածութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանային ու հողային իմաստով պատմական փոփոխութիւններու եւ նոր սահմանագծումներու հաւանականութեան առկայութիւնը ու պատմական առիթները օգտագործելու հրամայականը 24 տարեկան վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան դռները թակող լուրջ խնդիրներ են:
Ճիշդ է, նշեալ դժուարութիւններուն ու հարցերուն ամբողջական եւ դրական լուծումները կարելի չէ 24-ամեայ պետութենէ մը ակնկալել, որ անցած է երկրաշարժի ու պատերազմի թոհ եւ բոհէն եւ մինչ օրս սահմանային շրջափակման ենթակայ է: Այսօր տասնամեակներու փորձառութիւն ունեցող գերհզօր պետութիւններ նման խնդիրներ կը կիսեն ու յաճախ լուծումներ գտնելու եւ գործադրելու մէջ կը դժուարանան: Բայց միւենոյն ժամանակ ճիշդ չէ մեր ձախողութիւնները, թերութիւններն ու դժուարութիւնները չյաղթահարելը միայն հանրապետութեան նորելուկութեան վրայ բերցնել, իսկ պատերազմն ու շրջափակումը` արձանագրուած բացթողումներուն որպէս արդարացում ու չքմեղանք ներկայացնել: Տեղ մը, իշխանութիւններուն ուղղուած քննադատութիւններուն դիմաց, Հայաստանի պետական այրերուն արտասանած «շրջափակուած ենք, պատերազմական վտանգ կը դիմագրաւենք, նոր պետութիւն ենք» պատասխանները սկսած են դդումի համ տալ: Պարզ օրինակ մը, արդար ընտրութիւններու բացակայութիւնը ի՞նչ կապ ունի շրջափակման կամ պատերազմի վտանգին հետ: Հետեւաբար ընդունելու ենք, թէ 24 տարիներու ընթացքին կարելի էր շատ աւելին իրագործել ու համեմատաբար շա՛տ աւելի կայուն, ժողովրդավար, իրաւական,զարգացած ու բարւոք հանրապետութիւն մը կերտել:
Հայաստանը յառաջիկայ օրերուն սահմանադրական փոփոխութիւններու կ՛երթայ: Թեր ու դէմ բազմաթիւ կարծիքներ կը հնչեն այս ուղղութեամբ: Ամէն պարագայի, ինչպիսի սահմանադրութիւն ալ որ որդեգրուի, երբ պետութեան մէջ քաղաքական վճռական կամք ու աշխատանք չկայ` հաստատութենականութեան, օրէնքի գերակայութեան, հաշուետուութեան ու մանաւանդ ժողովրդին հանրային շահն ու բարօրութիւնը գերադասելու սկզբունքները գործադրելու, ապա տուեալ երկրին մէջ շօշափելի ու խորքային յառաջընթաց արձանագրելը անկարելի կը թուի: Նո՛յնն է պարագան Հայաստանին:
24-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան ընթացքն ու վերելքը ապահովելու համար, անհրաժեշտ են ազգային ռազմավարութեան որդեգրում, հայաստանաբնակ եւ աշխարհատարած հայ ժողովուրդին ունեցած ներուժին համակարգուած օգտագործում, ընկերատնտեսական ու արդիւնաբերական հաստատութիւններու ստեղծում, հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ամրագրում, օրէնքի գերակայութեան անձեռնմխելիութիւն, հայոց բանակի հզօրացում, աւելի աշխուժ եւ արդիւնաբեր արտաքին քաղաքականութիւն, համազգային մտածողութեամբ օժտուած եւ յատկապէս ժողովուրդին կարիքներն ու բարօրութիւնը ապահովելու կոչուած ղեկավարութիւն: