ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ըստ երեւոյթին, հայ կեանքի մէջ յամեցող երեւոյթներ եւ վիճակներ ենթակայ պիտի դառնան «ո՛չ»-երու եւ «այո՛»-ներու արշաւներու, որոնք կլանած են Հայաստանի եւ սփիւռքի երկնակամարները որոշ ատենէ մը ի վեր:
Այդ արշաւները տակաւ մեզ կը պարտաւորեցնեն ըլլալու այս կամ այն ճամբարին մէջ, այն հասկացողութեամբ, որ իւրաքանչիւր հայորդի հարկ է, որ ունենայ տեսակէտ, յայտնէ կարծիք եւ կամ արձանագրէ գնահատականներ, յանուն հայրենիքի զարգացման, բարգաւաճման, բայց մանաւանդ առաւել ժողովրդավարացման:
Գաղտնիք յայտնած չենք ըլլար, եթէ երբեք ընդունիք, թէ այդ արշաւները ունին արդարացուցիչ դրդապատճառներ եւ շարժառիթներ` այն առումով, որ ժողովրդական շարժումներ ծնունդ են գոյութիւն ունեցող հաւաքական անարդարութիւններու, տնտեսական շահագործումներու, ընկերային անհեռանկար մօտեցումներու, բայց մանաւանդ` քաղաքական մտքի անհեռատես, ինքնագոհ եւ պատեհապաշտ արտայայտութիւններու:
Եթէ երբեք պահ մը զանց առնենք ներհայաստանեան կեանքին մէջ առկայ վերջին տարիներու բախտորոշ իրադարձութիւնները (Մարտ մէկի, սակաւապետներու քմահաճութիւններ, Բաղրամեան պողոտայի թէ Ազատութեան հրապարակի բողոքներ, ընդվզումներ եւ ցոյցեր) յստակ պատկերացումով մը կարելի է ընդգծել, թէ վերանկախ Հայաստանի աւելի քան քսան տարիներու պետական համակարգն ու քաղաքական մտածողութիւնը իր բազմաբնագաւառ յառաջդիմութիւններով հանդերձ կ՛ապրի ինքնահաստատման ճգնաժամ` նկատի ունենալով ազգի մը բարոյահոգեբանական, գաղափարախօսական, ռազմավարական թէ ընդհանրապէս պետականաստեղծ մակարդակի վայել վարքագիծերու բացակայութիւնը:
Այլ խօսքով, բաւարար է խոր վերլուծութեան հիմք համարել հայաստանակեդրոն մտածողութեան ամբողջ պարունակը, այդ ուղղութեամբ տարուած եւ կամ կատարուելիք աշխատանքները, եւ արդէն մտահոգութիւններու տարափ մը կը հարուածէ մեր հոգիները:
Ազգերու պատմութեան առանցքը եւ ընդհանրապէս տուեալ ժողովուրդի յառաջդիմութեան հիմքը քաղաքական անկախութիւնն է եղած` իր պետական համակարգի լրացուցիչ դրսեւորումներով:
Մեր պարագային ինչպիսի՛ հասկացողութեամբ կարելի է լոյսին բերել հայաստանակեդրոն մտածողութեան ամբողջ տեսադաշտը, եթէ ոչ քաղաքական մտքի հասունացման բարձրակէտեր նուաճելու խոր ըմբռնումով, եւ առհասարակ ներազգային կեանքի ախտավարակ ու քանդիչ մտայնութիւններու չքացումով:
Ճիշդ է, որ հայութիւնը ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի ենթակայ է աշխարհաքաղաքական յայտնի ու անյայտ ազդեցութիւններու, նոյնիսկ շատ անգամ տնտեսական ուղղակի միջամտութիւններու, այդուհանդերձ, հայ պետականաստեղծ մտածողութիւնը պարտաւոր է իր բազմաշերտ ու բազմագոյն իրականութեամբ անցնիլ ինքնաղեկավարման նոր հանգրուանի ձեւաւորման, այլապէս արժեհամակարգի արմատացման, որուն շնորհիւ հայութիւնը պիտի կարենայ ճշդորոշել հետագայ տարիներու, նոյնիսկ տասնամեակներու գոյութենական իր պայքարին քաղաքական ուղղուածութիւնն ու պետական մտածական տարածքը:
Միւս կողմէ, խոստովանիլ է պէտք, թէ 21-րդ դարը այդքան ալ դիւրին կառավարելի չէ մեծապետական ուժերու կողմէ` այն առումով, որ ազդեցութեան գօտիները տակաւ կը շատնան, տնտեսական միջավայրեր կը նօսրանան, քաղաքական հակոտնեայ ուղղութիւններ առաւել կը սրին, համաշխարհային նորովի կարգ ու սարքի ձեւաւորման վայրագ եւ խօլ նախաձեռնութիւններ ի յայտ կու գան, այլապէս քարտէսագրական լուրջ ռազմավարութիւններ կը ճշդուին` ստեղծելու աշխարհաքաղաքական նոր համակարգի նախատիպը:
Արդ, քաղաքական միամտութիւն է, չըսելու համար խեղճութիւն, նման համայնակուլ թոհուբոհի մէջ ակնկալել, թէ յարաբերաբար փոքր պետութիւններու պիտի ընծայուին առիթներ ինքնահաստատման եւ ինքնաղեկավարման, իբրեւ ազգային ինքնուրոյն համակարգ:
Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւններ ինչ գոյնի եւ որակի ալ պատկանին, եթէ չնուաճեն պետական հասունացման մակարդակ, չցուցաբերեն ազգային գաղափարախօսական յստակ արեւելում, բայց մանաւանդ` իրենց հոգիներուն մէջ չխարսխեն, թէ երազային Հայաստանի մը գոյութիւնը սոսկ կարգախօս է եւ հարկաւոր է կերտել հայրենիք մը, որ պիտի կարենայ ապրիլ դարեր, պիտի համախմբէ ազգը եւ առանց պետական խարխափումներու` պիտի նաւարկէ ժողովուրդը դէպի ապահով ափեր, ապա աւելորդ է ամէն քայլափոխի քարոզել հայահաւաքի թէ հողահաւաքի սրբազան մտածողութեան մասին:
Այլ ասած, կեղծ, սնափառ ու պատրանքներով լեցուն խօսքերն ու պղպջակային պատգամները դատապարտուած են ամլութեան եւ պատմութեան աղբանոցին:
Արդ, ի՛նչ բանի կը նպատակադրեն սահմանադրական փոփոխութիւն յառաջացնող առաջարկներ եւ տրամադրութիւններ, կարծիքներ եւ տեսաբանական լուրջ մօտեցումներ, եթէ երբեք անոնք պիտի չծառայեն հայ ժողովուրդի մէկութեան գաղափարի ամրապնդման եւ ազգային երազանքի իրականացման:
Ժողովուրդներու կեանքին թէ պետական կառուցուածքին մէջ բարեկարգչական բոլոր միտքերն ու աշխատանքները ցուցանիշ են ինքնազարգացման, կայացման եւ քաղաքակիրթ արտայայտութիւններու: Այս առումով ողջունելի են հայրենի քաղաքական, ընկերային թէ քաղաքացիական տարբեր շրջանակներու պահանջներն ու արդար ակնկալութիւնները:
Միւս կողմէ սակայն, հայութեան սուր հայեացքէն պէտք չէ վրիպի նաեւ իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի օտար ուժերու ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններու, յատկապէս այսպէս ասած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնք ատենէ մը ի վեր արդէն դարձած են պատուհաս բոլոր անոնց գլխուն, որոնք չեն յարգեր իրենց ժողովուրդին կամքն ու ազատութիւնը, որոնք տիւ եւ գիշեր կը շահագործեն մարդկային արժանիքներու պարունակը, կ՛աղքատացնեն եւ կը դատարկեն սեփական հայրենիքը, իրենց բռնատիրական մոլուցքով կը ճզմեն ամէն շարժում, որ կը ձգտի ազատութեան եւ բարեկեցիկ կեանքի մը ապահովման:
Այս առումով, հայրենի իշխանութիւններ պարտաւոր են ընդունիլ երկու հիմնական չափորոշիչներ:
Անոնք կա՛մ կը գերադասեն անձնական-շահակցական եւ բիրտ դրամատիրական արեւելումը եւ կը դառնան համաշխարհային ազգադաւ շրջանակներու հետեւորդ, կա՛մ ալ իշխանութեան կարգ ու սարքերու, նոյնիսկ նիւթական շահարկումներու, ազգային ներուժի եւ սփիւռքեան մարդուժի օգտագործումով` կը լծուին ազգային քաղաքական մտքի ուժեղացման, ռազմավարական ու գիտահետազօտական կառոյցներու եւ ոլորտներու առաւել հաստատման եւ յառաջդիմութեան, ինչպէս նաեւ` հայութեան ճակատագիրի յստակ տնօրինման:
Յայտնապէս, փոքր պետութիւններու եւ ազգերու համար չեն եղած ու չկան այլընտրանքային ճանապարհներ, բացի ապաւինիլ ազգային շտեմարանէն ցայտող խորախորհուրդ հայեցակարգերու, որոնցմով պիտի ապահովուի հայրենիքի շարունակականութիւնը:
Իսկ ի՛նչն է հայրենիքը, եթէ ոչ ժողովուրդի մը իմացական, բարոյահոգեբանական եւ ֆիզիքական նուաճումներու օրրանը:
Արդեօք դեռ կարելի՞ է նման գաղափարայնութեան հաւատք ընծայել, երբ համաշխարհայնացումը իր տեսակաւոր հոսանքներով կլանած է երկրագունդը համակ:
Վերադառնալով մեր ածուին, ինչպէ՛ս հանդուրժել մէկ կողմէ իշխանութիւններու անհոգի եւ շահամոլի վարքագիծերը, եւ միւս կողմէ ժողովրդական չափազանցեալ պոռթկումի եւ ընդվզումի արշաւները` այն առումով, որ երիտասարդական բողոքի քայլարշաւներ եւ նստացոյցեր կը մնան ողջունելի, այնքան ատեն որ անոնք չեն շահագործուիր այլոց կողմէ:
Ինչպէ՛ս ըմբռնել հայրենի իշխանութիւններուն դատապարտելի այն մօտեցումները, որոնք չեն միտիր բարելաւելու հայութեան կենսամակարդակը, չեն կասեցներ արտագաղթի ազգաքանդ ընթացքը, չեն քաջալերուիր գիւղական շրջաններու զարգացման միտող գործընթացները, չի օգտագործուիր գիւղատնտեսական հսկայ պաշարը, չեն անդրադառնար թէ ազգային մարդուժի կորուստը համազօր է բնական հարստութեան մսխումին եւ այլն:
Ալ չենք խօսիր սփիւռքահայութեան վերաբերող բազում հարցերու եւ մտահոգութիւններու մասին, որոնց հանդէպ հայ պետական մարդու հետաքրքրուածութիւնը պէտք է, որ ըլլայ այնքան մը անմիջական ու ազդու, այնքան գիտական ու շրջահայեաց, այնքան յանձնառու եւ ողջմիտ, որով պիտի կարենայ աւելի քան ութ միլիոն աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբել Արարատի ազատագրութեան պայքարին շուրջ եւ կերտել իրական հայրենիք:
Հայրենիք, ուր այլեւս պիտի ակօսուին հայութեան գիտական, նիւթական, մշակութային, գաղափարական, քաղաքական, տնտեսական եւ ազգագրական հարստութիւնները, պարզապէս կարենալ դիմակայելու համար ապագայի անհաշուառելի մարտահրաւէրներն ու բազում սպառնալիքները:
Հայրենիք, որ սովորական կեանքի հանդէպ ունենայ թափանցիկ եւ բնական ընկալումներ: Ըլլայ հզօր ու միաւորող, միակամ ու ներշնչող, բայց մանաւանդ առինքնող` մեր մանկութեան օրերու երազային Հայաստանի մը կարօտով առլցուն: