Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Երբ Արեւմուտքը Կը Խեղդուի Իր Իսկ Կեղծիքներու Ծովուն Մէջ

$
0
0

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մամուլին նկատմամբ իր գործադրած բռնութիւններով Թուրքիա նեղ կացութեան մատնած է Արեւմուտքի իր դաշնակիցները:

Անցեալ տարի «Ճումհուրիյէթ» թերթը յանդգնեցաւ բացայայտել այն, ինչը շատոնց բացայայտ էր ամբողջ համաշխարհային հանրութեան: Այսինքն` Սուրիոյ մէջ կռուող ծայրայեղականներուն Թուրքիոյ ցուցաբերած գործնական օժանդակութիւնը: Թերթը հրապարակած էր պատկերները զինամթերքով լեցուած բեռնակառքերու, որոնք կ՛ուղղուէին Սուրիա (անշուշտ` օժանդակելու համար Սուրիոյ մէջ «ժողովրդավարութիւն» եւ «արդար կարգեր» հաստատելու միտող խաժամուժին…):

Թերթին գլխաւոր խմբագիրը եւ լրագրողներէն մէկը դատարան քաշուեցան «լրտեսութեան» մեղադրանքով: Բողոք, աղմուկ, աղաղակ, ցոյց-մոյց` օգուտ չըրին: Սուլթան Էրտողան մնաց անդրդուելի: «Ճումհուրիյէթ»-ին առնչուած դէպքը (բնականաբար) լուրջ ուշադրութեան չարժանացաւ Արեւմուտքին կողմէ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ` «Թուրքիան մեր ամենավստահելի դաշնակիցն է» եւ, ուրեմն, ինչո՞ւ նեղացնել զայն: Մանաւանդ որ Թուրքիան կը կատարէր Սուրիան քանդելու արեւմտեան յանձնարարութիւնը:

Անցնող օրերուն սուլթանին հերթական մամլոյ զոհը դարձաւ «Զաման»-ը: Թրքական իշխանութիւնները «ափաշկարա» փակեցին թերթը, իսկ անոր լրագրողներն ալ վռնտուեցան եւ փողոց նետուեցան (չգործածելու համար ձեր բոլորին գիտցած թրքերէն բառը…)

Ընդդիմադիր նկատուած հեռատեսիլի կայան մը աւելի բախտաւոր չեղաւ, երբ ուղղակի սփռուող հեռատեսիլային բանավէճ-քննարկումի մը ընթացքին թրքական ապահովական ուժերը մտան տաղաւար եւ հարիւր հազարաւոր դիտողներու աչքերուն առջեւ («կէօզ կէօրէ կէօրէ») կասեցուցին հաղորդումը:

Այս անգամ, սակայն, մամլոյ, խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան պաշտպանութեան վեհ գաղափարներու հրայրքով տոչորող Արեւմուտքը «լուռ չմնաց»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերներէն Ճան Քըրպի անդրադառնալով մամլոյ դէմ Թուրքիոյ գործադրած բռնամիջոցներուն` յայտարարեց. «Եթէ հարցնէք, թէ ատիկա մեզ կը մտահոգէ՞, թէ՞ ոչ, պիտի պատասխանենք` այո՛»: Այսքա՛ն միայն. դատապարտումի ոչ մէկ խօսք: Միւս կողմէ, Թուրքիա շատ լաւ գիտէ Միացեալ Նահանգներու այս «մտահոգութեան» արժէքը` աղբանոց թափուելիք ապրանք:

Իսկ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ յայտարարեց, թէ` «Դաշինքին (ՆԱԹՕ-ի, Վ.Բ.) մաս կազմող երկիրները պէտք է յարգեն ժողովրդավար արժէքները… Դաշինքը հիմնուած է հիմնական սկզբունքներու վրայ, որոնք են ժողովրդավարութիւնը, անհատական ազատութիւնը եւ օրէնքի գերիշխանութիւնը… Մեր միութիւնը այդ արժեչափերուն վրայ հիմնուած է եւ կ՛ակնկալեմ, որ բոլոր դաշնակիցները գործեն անոնց հիման վրայ… Կարեւոր է, որ դաշինքին բոլոր անդամները այս հասարակաց արժեչափերը բաժնեկցին»:

Անգլերէնով կ՛ըսեն` No kidding!

Նկատելի է, որ ո՛չ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերը, ոչ ալ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարրտուղարը դատապարտեցին մամուլի ու խօսքի ազատութեան դէմ իրենց «ամենավստահելի» դաշնակիցին առած քայլերը, որոնք բացայայտօրէն բիրտ էին: Թուրքիա բացայայտ արհամարհանք կը ցուցաբերէ ՆԱԹՕ-ի իբր թէ դաւանած «արժէքներուն» նկատմամբ, որովհետեւ վստահ է, թէ իր դաշնակիցները իր նկատմամբ ոչ մէկ գործնական քայլ պիտի առնեն ու պիտի բաւարարուին միայն խօսքերով, որոնց անարժէք ըլլալը ոչ ոքի համար գաղտնիք է:

Երեւակայեցէք, որ թերթ, կամ հեռատեսիլի կայան փակողը ըլլար ոչ թէ Արեւմուտքի դաշնակից մը, այլ` երկիր մը, որուն հետ նոյն այդ Արեւմուտքը շատ ալ հաշտ չէ: Ըսենք` Չինաստանը, կամ Վենեզուելան: Կարելի է երեւակայել արեւմտեան մամլոյ թէ քաղաքական շրջանակներու բարձրացնելիք աղմուկ-աղաղակը, դատապարտումի ալիքը, չհաշուած ածականները, կամ մինչեւ իսկ` պատժամիջոցները:

Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմին մէջ Թուրքիոյ տրուած այս «քարտ պլանշ»-ը սկսած է օրէ օր աւելի վտանգաւոր դառնալ տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներու համար: Ներառեալ` Հայաստանի:

Թուրքիոյ քիւրտ հպատակներուն դէմ վերջին ամիսներուն թրքական բանակին գործադրած վայրագութիւններուն նկատմամբ արեւմտեան լռութիւնը պարզապէս կը քաջալերէ սուլթան Էրտողանը ու զայն կրնայ մղել վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու: Արեւմուտքի այս անուղղակի քաջալերանքը, ինչպէս նաեւ թրքական մամուլի ճնշումներուն նկատմամբ անոր դրսեւորած կեղծաւորութիւնը կրնայ  վտանգաւոր նախընթացներ ստեղծել:

Արեւմուտքը շատոնց սկսած է խեղդուելու իր իսկ սեփական կեղծիքի ծովուն մէջ: Իսկ անոր ընդդիմացող ուժերը, իրենց կարգին, երբեք բարի վարուց վկայականներ չեն ունեցած:

Մեզի, այսինքն` հայութեան ու Հայաստանի համար, էականը այն է, որ լաւ պէտք է ճանչնանք համաշխարհային քաղաքական մթնոլորտին մէջ տիրական դարձած կեղծիքներու էութիւնը: Թուրքիոյ այս բացայայտ ճնշամիջոցներուն նկատմամբ Արեւմուտքի վերոնշեալ կեղծ «մտահոգութիւնները» մեզ երբեք պէտք չէ խաբեն: Յանկարծ չգտնուին հայ մարդիկ, որոնք սկսին Արեւմուտքին դիմելու ամէն անգամ, որ իրենց համար անհաճոյ զարգացում մը տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ: Միշտ պէտք է վստահ ըլլալ, որ Արեւմուտքին համար բնաւ նշանակութիւն չունին մարդկային վեհ գաղափարները կամ արժէքները: Հետեւաբար նաեւ արեւմտեան բոլոր հաւանական միջամտութիւնները պիտի ըլլան ի վնաս տեղական ժողովուրդներուն ու անոնց շահերուն: Անխտի՛ր:

Փաստերը աղաղակող են` Իրաք, Լիպիա, Սուրիա, իսկ հիմա` Թուրքիոյ մամուլը:

10 մարտ 2016

vproodian@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>