ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ
Մանուկներու իրաւունքներու տարբեր դրսեւորումներու ծիրին մէջ ներկայ ժամանակներուն մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համացանցին պարգեւած հնարաւորութիւններուն եւ միաժամանակ ստեղծած մարտահրաւէրներուն ճշգրիտ գնահատականը ինչպէս կրթական, նոյնպէս եւ ընտանեկան միջավայրերուն մէջ:
Համացանցը գրաւիչ է աշխարհի հարիւր միլիոնաւոր մանուկներուն համար, որովհետեւ անիկա լայնարձակ հարթակ կը տրամադրէ անոնց` ուսումնառութեան, ստեղծագործութեան, հաղորդակցութեան եւ խաղերու համար: Համացանցը եւ անոր միացած բազմապիսի սարքերը մանուկներուն համար կը ներկայանան որպէս արժէքաւոր գործիքներ, զորս անոնք կրնան օգտագործել իրենց տեսակէտները արտայայտելու կամ հաստատելու համար, ինչպէս նաեւ միջոցներ` ըլլալու իրենց իրաւունքներուն տէրը:
Կրթական թէ ընտանեկան միջավայրերուն մէջ կարեւոր է արդէն ըստ արժանւոյն գնահատել թուային յեղափոխութեան դրական եւ ստեղծարար երեսները եւ ձերբազատիլ այն մտայնութենէն, թէ համացանցը բացառապէս կամ հիմնականին մէջ վտանգի աղբիւր է, ուր մանուկները անընդհատ կ՛ենթարկուին փորձանքներու: Բացի այդ, համացանցին եւ անոր հետ կապուած զանազան գործիքներու օգտագործման մասին խօսելու ժամանակ պէտք է դադրինք մտածելէ, որ անոնք կը հանդիսանան մեր զաւակներու կեանքին փակ կամ երեւակայական մասերը` իրական կեանքէն ամբողջովին տարբեր: Իրականութեան մէջ համացանցը եւ անոր հետ կապուած զանազան գործիքները մաս կը կազմեն զանոնք օգտագործող մանուկներուն իրական կեանքին, այնքան, որ այլեւս դժուար է սահմանազատել համացանցային հարցերը իրական աշխարհի խնդիրներէն:
Այս փաստը շատ կարեւոր ազդեցութիւն ունի այն ամէն ինչին վրայ, որ մեզի կը ներկայանայ որպէս կրթական կամ ծնողական պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Ամէն ոք, որ պաշտօնի, աշխատանքի կամ մասնագիտութեան բերումով գործ ունի մանուկներուն հետ, այլեւս պարտաւորուած է որոշակի պատկերացում ունենալ համացանցին առնչուող արհեստագիտութեան մասին, եւ այն մասին, թէ մանուկները ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ կ՛օգտագործեն զայն: Առանց այդ հասկնալու` ուսուցիչներ, ընկերային ծառայողներ, հոգեբաններ եւ մանուկներու հետ գործ ունեցող այլ մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ կտրուած պիտի ըլլան մանուկներու կեանքին կարեւոր մաս հանդիսացող այդ երեսներէն: Այս իրողութիւնը ի զօրու է, բնականաբար, նաեւ ու յատկապէս ծնողներուն համար:
Այդուհանդերձ, հաստատելով նոր արհեստագիտական միջոցներու դրական երեսները` կարելի չէ փախուստ տալ այն իրականութենէն, որ համացանցը իրեն հետ բերաւ նաեւ շարք մը անցանկալի հետեւանքներ: Ամենաշատ տարածուած դժգոհութիւնը, զորս մեծահասակները կ՛արտայայտեն այս ծիրին մէջ, մանուկներու կախուածութիւնն է համացանցային գործիքներէն, այլ խօսքով` համացանցի մոլութիւնը, կամ` այդ գործիքներու գերօգտագործումը: Սա կրնայ խոչընդոտել միջ-անձնային յարաբերութիւններու կամ առողջ ապրելակերպի զարգացման. երկրորդի պարագային օրինակ մըն է մարմնակրթութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան հնարաւոր նուազումը մանուկներու միջավայրին մէջ` համացանցի տիրապետութեան բերումով: Ծնողներու եւ ուսուցիչներու դժուարին պարտականութիւնն է հաւասարակշռութիւն սահմանել այս խնդրին մէջ. հաւասարակշռութիւնը կարեւոր է նաեւ այն հարցին մէջ, թէ ինչպիսի՛ գնահատական մենք կու տանք համացանցային սպառնալիքներուն, որովհետեւ չափազանցութիւնը այստեղ դարձեալ կրնայ անհարկիօրէն մթագնել այն դրականը, որ կայ համացանցին մէջ:
Պուրճ Համուտ, 26 փետրուար 2016