Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Ծառայասէր Ու Ընկերային Վարուժը

$
0
0

Varouj-Shekherdemian_31216Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ բոլորիս սիրելի Վարուժ Շխրտըմեանը:

Մանկութիւնը անցուցած է հայկական մաքուր ընտանիքի մէջ: Հաւատալով Դաշնակցութեան գաղափարներուն եւ ծրագիրին, անցած է ՀՅԴ-ի շարքերը` իր սիրած կուսակցութեան ճամբով ծառայելով ամբողջ հայ ժողովուրդին, իրեն վստահուած պարտականութիւնները կատարելով ամբողջութեամբ:

Ան սիրալիր, յարգալից, զոհաբերող ու համբերատար ոգիով կը մօտենար բոլոր հարցերուն:

Ծառայասիրութիւնը եւ զոհողութիւնը եղած են անոր նկարագիրին գլխաւոր գիծերը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերու եղած է ներկայութիւն ՀՅԴ «Տիգրան Ծահմուր» ակումբին մէջ: Սակայն գործի բերումով մեկնեցաւ Դամասկոս 1977 թուին եւ հոն մնաց մինչեւ 1992 թուական` ստանձնելով KLM ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնը: Այդ օրերուն Պէյրութի օդակայանը փակ էր եւ ան որ պիտի ճամբորդէր կը մեկնէր Դամասկոսի օդակայանէն: Ընկեր Վարուժ սիրայօժար իր տան մէջ կ՛ընդունէր հայ ժողովուրդի զաւակները, տոմսերը կ՛ապահովէր եւ օդակայան հասցնելով կը ճամբէր: Առիթներով, երբ Պէյրութ ժամանէր կը հանդիպէր ակումբ եւ հարց կու տար` «ճամբորդող կա՞յ»: Տղոց որպիսութիւնը կը հարցնէր եւ այսպէսով քանի մը օր կը վայելէին զինք, միշտ ուրախ, հանդարտ եւ ընկերային մթնոլորտ մը սերմանելով շուրջը:

1992-ին, երբ վերջնականապէս վերադարձաւ Դամասկոսէն, փոխադրուեցաւ Զալքայի շրջան, սակայն քանի մը տարի մնաց իր սիրած շրջանին ակումբը` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ մարմինի կազմին մէջ:

Շրջանի տղաքը միշտ կը փնտռէին զինք, որովհետեւ ընկերային եւ համեստ էր իրենց հետ: Երբ բացակայ ըլլար, հարց կու տային. «Ո՞ւր է այսօր ընկեր Վարուժը»:

Պաշտօնները աւարտելէ ետք փոխանցուեցաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» եւ մաս կազմեց սոյն կոմիտէութեան:

Ամուսնացաւ 2006 թուականին:

Հակառակ իր տոկուն նկարագիրին, չկարողացաւ դիմադրել զինք հիւծող անողոք հիւանդութեան:

Պայքարեցաւ, բայց ապարդիւն մնացին իր ջանքերը: Մեկնեցաւ իր ետին ձգելով հարազատները եւ ընկերները: Հիմա հանգիստ վերէն կ՛օրհնէ եւ կը հսկէ բոլորին:

 

Հողը թեթեւ գայ վրադ, ընկե՛ր Վարուժ:

 

Ա. Մ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>