ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Կարօ Փօլատեան
«Զրոյց» բառը որքա՜ն յաճախակի կը գործածուի մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ.
– Ժամե՜ր շարունակ անձանձրոյթ զրուցեցինք իրարու հետ,- կ՛ըսենք, երբ կ՛ուզենք հասկցնել, թէ հաճելի խօսակից մը ունէինք մեր դիմաց:
– Երիտասարդները չուզեցին մասնակցիլ մեր զրոյցին,- կ՛ըսենք` դժգոհելով, որ նոր սերունդը չի հետաքրքրուիր մեզ յուզող ազգային հարցերով:
– Խորենացին իր պատմութեան համար օգտուած է բազմաթիւ անգիր զրոյցներէ,- կ՛ըսենք` այս անգամ հասկցնելու համար, թէ մեր Պատմահայրը իր գրքին իբրեւ աղբիւր ծառայեցուցած է բերնէ բերան շրջող խօսքեր, աւանդութիւններ:
– Արդի հայ գրականութեան մասին զրոյց մը սարքուեցաւ ակումբի սրահին մէջ,- կը գրեն թերթերը` հաղորդելով, որ մտքերու փոխանակութեամբ հրապարակային քննարկում մը կայացած է այնտեղ:
Ու ի վերջոյ, մեր արեւելահայ եղբայրները կը սիրեն ըսել.
– Ո՛չ զրոյցի տրամադրութիւն մնաց, ո՛չ էլ նիւթ: Բոլորս էլ թափ ենք տուել մեր զրոյցի տոպրակները…
Այսինքն խօսելու կամ զրուցելու բոլոր նիւթերը սպառեր են…
Եթէ բառարան նայինք, պիտի տեսնենք, որ հոն «Զրոյց» արմատէն շինուած քանի մը բարդ կամ ածանցաւոր բառեր ալ տեղ գտած են` զրուցասէր, զրուցաբան, զրուցատրութիւն, զրուցակից, զրուցավար, աւանդազրոյց, ճեպազրոյց եւ այլն:
Բայց իմ ունեցած բառարաններուն մէջ չկար «Զրուցագիր» բառը, զոր ես գործածեցի վերը` իբրեւ խորագիր: Թէեւ շատերու կողմէ օգտագործուած ու շատոնց շրջանառութեան մէջ դրուած սիրուն բառ մըն է ատիկա:
Այո՛, ինչպէս որ ունինք վիպագիր, պատմուածագիր կամ թատերագիր բառերը, անոնց հետեւողութեամբ ալ անվարան կրնանք գործածել զրուցագիր բառը, «զրոյցներ գրի առնող» իմաստով:
Ու այս բառը պարտաւոր ենք գործածել, գէթ երբ կը խօսինք ֆրանսահայ գրող ու վիպագիր Կարօ Փօլատեանի մասին:
Կարօ (Կարապետ) Փօլատեան` հայ գրականութեան համբաւաւոր զրուցագիրը:
Ան 1950-ական թուականներէն սկսեալ սփիւռքահայ գրական շրջանակներէ ներս ուշադրութիւն սկսաւ գրաւել իր ձեռնարկած շահեկան զրոյցներով` հայ եւ օտար անուանի դէմքերու հետ: Այդ զրոյցները շա՜տ տարբեր էին մեզի ծանօթ ընթացիկ ու սովորական «հարցազրոյց»-ներէ: Փօլատեան կարծէք կը պեղէր իր խօսակիցին ներսիդին, կը խօսեցնէր զայն մտերմաբար` հեշտօրէն երեւան հանելով անոր կենսագրութեան, արուեստին կամ գրական վաստակին թաքուն երեսները…
Կարօ Փօլատեանի այդ հմայիչ զրոյցները մէկտեղուեցան ու հրատարակուեցան հերթաբար, վեց անջատ հատորներով, 1952-1988:
Բայց հիմա տեսնենք, թէ ո՛վ էր մեր գրականութեան եւ մշակոյթին այս մեղուաջան սպասարկուն, որուն մահուան վրայէն շուտով սահած պիտի ըլլայ 30 տարի:
* * *
Փօլատեան կը պատկանի անապատի սերունդին, որ Մեծ եղեռնի սարսափները տեսաւ իր սեփական աչքերով, բայց որ կրցաւ վերապրիլ այդ գեհենէն:
Ծնած էր Մարաշ, 1911-ին, զէյթունցի հօրմէ ու մօրմէ: 4 տարեկան երեխայ մըն էր, երբ ընտանիքին ու իր ամբողջ ցեղին հետ խառնուեցաւ աքսորի կարաւաններուն` քշուելու համար դէպի Տէր Զօրի հրակէզ անապատները:
Ի՛նք է, որ կը պատմէ.
– Իբրեւ սնունդ` եղէգի կտորներ կը ծամէինք օրն ի բուն, կամ փշոտ տունկերու արմատներ եւ մեր ծարաւը կը յագեցնէինք գետի պղտոր ջուրէն, որ կ՛անցնէր այդ անապատէն քայլամոլոր ու ա՛լ հանդարտած:
…Կ՛երթայինք, անապատէն անցնող ուղտերուն աղբերը կը հաւաքէինք եւ անոնց մէջէն չմարսուած գարիները կը զատէինք: Ամէն մէկս ամբողջ օրուան ընթացքին մէյ մէկ ափ հաւաքած կ՛ըլլայինք եւ իրիկուան ժանգոտ թիթեղի մը վրայ զայն կը խորովէինք: Բոլորակաձեւ շարուած` ընթրիքի սեղանին շուրջ, որ միշտ աւազի շերտ մըն էր, կը լափէինք այդ գարին ագահութեամբ, մեծ հրճուանքով («Անապատէն Արարատ», «Անդաստան» հանդէս, Փարիզ, թիւ 15, 1964):
Ան պատում փորձութիւններու մէջէն անցնելէ ետք Փօլատեան ընտանիքին վերապրողները յաջողեցան կրկին Մարաշ վերադառնալ 1919-ին` օգտուելով զինադադարէն: Այս տունդարձը, սակայն, շատ կարճ տեւեց: Կիլիկիոյ հոգատար ֆրանսական իշխանութիւնները 1921-22 թուականներուն Անգարայի կեդրոնական իշխանութեան հետ համաձայնաբար հետզհետէ պարպեցին Կիլիկիոյ իրենց դիրքերն ու Հաճընէն մինչեւ Մարաշ, Այնթապէն մինչեւ Ատանա` տարածքը ամբողջովին յանձնեցին թուրքերուն: Ուստի, հոն վերադարձած տասնեակ հազարաւոր հայերը, ողբերգական պայմաններու տակ (ու մեծաթիւ զոհեր տալէ ետք), երկրո՛րդ անգամ ըլլալով վերստին ձեռք առին գաղթականի ցուպը: Ու այս անգամ` անվերադարձ:
Շատերու նման, Փօլատեաններն ալ հաստատուեցան Հալէպ: Այստեղ պատանի Կարոն աշակերտեց Հայկազեան վարժարանին (1921-25), շրջանաւարտ եղաւ հոնկէ, յետոյ ալ իր երկրորդական ուսումը շարունակեց Ֆրանչիսկեաններու քոլեճը:
Դեռ հազիւ 18 տարեկան էր, երբ վարժուհի իր մօր ուղեկցութեամբ մեկնեցաւ Եթովպիա (Ափրիկէ)` պաշտօնավարելու համար մայրաքաղաք Ատիս Ապեպայի հայոց Ազգ. Գէորգոֆ վարժարանին մէջ: Երկու տարի անց` 1931-ին, Կ. Փօլատեան վերջնականապէս կայք հաստատեց Միջերկրականի ափը` Մարսէյ (Ֆրանսա), ուր նախ կատարելագործեց իր ուսումը (երկրաչափական բարձրագոյն վրժ.), այնուհետեւ ալ խանդավառ թափով նուիրուեցաւ մշակութային ու գրական աշխատանքներու` դառնալով շատ սիրուած ու մտերիմ դէմք մը գաղութին մէջ, անոր լծակներէն ու շարժիչներէն մին:
35 տարեկան էր, երբ Փարիզի մէջ 1946-ին հրատարակուեցաւ իր առաջին վէպը` «Արեւելքի տղաքը»: Երեք տարի անց` 1949-ին, հրապարակ իջաւ երկրորդ վէպը` «Կը հրաժարիմ հայութենէ»-ն (երկուքն ալ վերատպուած են Պէյրութ, 1978): Իսկ 1958-ին Փօլատեան լոյսին բերաւ իր երրորդ վէպը` «Արծիւները անապատին մէջ», միշտ Փարիզի մէջ:
Առաջին երկու գործերով Փօլատեան կը քալէր ֆրանսահայ իր երէց գրչեղբայրներուն (Շահնուր, Շուշանեան, Հրաչ Զարդարեան, Որբունի) դասական ուղիէն. այսինքն սեւեռումի կ՛ենթարկէր Եղեռնէն ճողոպրած ու Ֆրանսա ինկած հայ երիտասարդներու կամ ուսանողներու բարոյական ընկրկումները, հոգեկան այլասերումը, նոր միջավայրին մէջ` իրենց հայկական ինքնութենէն հեռացումը, ուծացումը, երբեմն նաեւ` իրենց ազգը ուրանալու անկարողութիւնը: Իսկ երրորդ վէպը ունէր տարբեր նկարագիր ու մթնոլորտ: Անիկա 1915-ի Մեծ եղեռնի անցքերուն վիպականացած մանրանկարն էր, աքսորի ու մահուան կարաւաններուն արիւնոտ պատմութիւնը:
1963-71 Կ. Փօլատեան դա՛րձեալ գտնուեցաւ Եթովպիա, երկրորդ շրջանի մը համար, իբրեւ տնօրէն Ազգ. Գէորգոֆ վարժարանին: 1200 հոգինոց փոքրաթիւ, բայց տնտեսապէս ուժեղ գաղութ մը ունէինք հոն այդ տարիներուն, ու դպրոցին աշակերտութիւնն ալ կը հաշուէր 150 երեխայ: Ժամանակաշրջան մըն էր ատիկա, երբ քրիստոնեայ Եթովպիոյ գահին բազմած էր ժողովրդանուէր ու բոլորէն սիրուած, ազնիւ վեհապետ մը` Հայլէ Սելասիէ կայսրը:
Կ. Փօլատեան Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին էջերէն (խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանի հետ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին, յուլիս, 1968) հիացումով կը խօսէր Հայլէ Սելասիէ կայսեր հայասիրական կեցուածքներուն մասին, կը պատմէր, թէ ինչպէս ան իր պալատին մէջ կ՛ընդունէր եթովպահայ դպրոցական փոքրիկները, անոնց հետ իր Ս. Ծնունդը կը տօնէր, ոտքի կ՛ելլէր իր ոսկեքանդակ գահէն եւ յարգալիր կը թօթուէր թէ՛ հայ փոքրիկներուն ու թէ՛ անոնց տնօրէնին հետ…
Մինչ կը շարունակէր իր կրթական առաքելութիւնը Եթովպիոյ մէջ, Կ. Փօլատեան 60-ական թուականներուն լոյսին բերաւ երկու արձակ ստեղծագործութիւններ եւս. «Լոյսերը» (Փարիզ, 1964) կը պարունակէր փորձագրութիւններ, որոնց մէջ ուշագրաւ էր յատկապէս «Անապատէն Արարատ»-ը: Այլաբանական տպաւորիչ ու հրաշալի պատում մըն էր ասիկա, որով հեղինակը կ՛ուզէր ցոյց տալ հայկական անմեռ հոգիին կենսատու դերը` հայ մարդու կերտուածքին մէջ:
Միւսը` դա՛րձեալ վէպ մը (հեղինակին չորրորդ ու վերջին վէպը), կը կոչուէր «Կրակէ շապիկը» (Պէյրութ, 1966): Սփիւռքահայու ողբերգական կեանքէն առնուած պատկեր մըն էր այս, լայն կտաւի վրայ բանուած, որ ձեւով մը օրկանական շարունակութիւնը կը նկատուէր «Արծիւները…» վէպին: Այստեղ երեւան կը հանուէր սերունդներու դիմափոխութիւնը, երէցներու եւ կրտսերներու միջեւ յաւիտենական բախումը, աշխարհահայեացքի խրամատը, հայ ըլլալու դժբախտութիւնը` նորերուն համար, եւ հայ ըլլալու երանութիւնը` հիներուն համար… Նորերը կ՛ուզեն իրենց վրայէն նետել «կրակէ շապիկը», որ հայկականութիւնն է, ազգային ինքնութիւնը:
Ի դէպ, աւելորդ պիտի չըլլար նշել, որ Փօլատեանի վէպերը մի՛շտ ալ կ՛աւարտին յաղթական ելքով մը` լաւատեսութիւն ներշնչելով ընթերցողին: Իր հայ հերոսները, ազգապահպանման իրենց երկարատեւ ճամբուն վրայ, հազար տեսակ «մազէ կամուրջ»-ներէ անցնելէ ետք, կը վերապրին, կը վերադառնան իրենց ազգային ակունքին, հաւատարիմ կը մնան ցեղին ձայնին ու արիւնին:
Կ. Փօլատեան սիրելի ներկայութիւն մը մնաց միշտ հայ մամուլին մէջ եւս: Աշխատակցեցաւ Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին ու Բիւզանդ Թօփալեանի «Անդաստան» հանդէսին (որուն գրեթէ բոլոր թիւերուն մէջ ներկայ է իր ստորագրութիւնը), Գահիրէի «Յուսաբեր»-ին, Պէյրութի «Ազդակ»-ին, «Բագին» ամսագիրին եւ «Սփիւռք»-ին:
Կատարեց նաեւ հայերէնէ-ֆրանսերէն բազմաթիւ գրական թարգմանութիւններ ալ (Չարենց, Վարուժան, Խորենացի, Նարեկացի եւ այլն), գործակցաբար ֆրանսացի բանաստեղծ ու արուեստագէտ Լիւք-Անտրէ Մարսելի, զոր ի՛նք յայտնաբերեց ու կապեց հայութեան:
Մարսէյի հայութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր այս նուիրեալ զաւկին, 20 մայիս 1979-ին, Հայ մշակոյթի տան մէջ սարքուած յոբելենական հանդէսով մը` տօնելով անոր գրական գործունէութեան 40-ամեակը: Այդ օր, Կ. Փօլատեան իր ելոյթին մէջ հարց կու տար.
– Արդեօք մեր մշակոյթը, մեր լեզուն ու գրականութիւնը աւելի մեծ չե՞ն, քան` մեր ժողովուրդը: Անո՛նք միայն կ՛արժեւորեն մեր կեանքը: Միւս մարզերուն մէջ մեծերու պալատին միայն դռնապան կրնանք ըլլալ, բայց երբ հագնինք մեր մշակոյթի ծիրանի պատմուճանը, կրնանք այդ պալատին սանդուխներէն վեր բարձրանալ, նստիլ բոլոր միւս մեծերու սեղանին եւ խօսիլ անոնց հետ հաւասարէ հաւասար:
Կարօ Փօլատեան` մեղմ նկարագրի տէր, հեզահամբոյր ու ծանրախոհ այս մտաւորականը, իր մահկանացուն կը կնքէր 21 մայիս 1986-ին, Մարսէյի իր բնակարանը: Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, ուր դամբանականներ կ՛արտասանէին Յակոբ եպս. Վարդանեան եւ Կարօ Յովսէփեան:
Այս առթիւ «Յառաջ» օրաթերթը իր մահագրականին մէջ նկատել կու տար, որ հանգուցեալը կը սիրէր երկու Շաւարշներուն (Միսաքեան եւ Նարդունի) տեւաբար կրկնել, թէ ինք «հայ գրականութեան ժամկոչներէն մէկն է միայն»: Ու թերթը կ՛աւելցնէր.
– Երանի թէ սփիւռքի մեր գրականութիւնը նման շատ «ժամկոչ»-ներ ունենար, ու մենք այսօր մեր սիրելի Փօլատեանին կորուստով` միայն ներկայութենէ մը զրկուելու տխրութիւնն ապրէինք եւ չունենայինք միաժամանակ այն վախը, թէ վաղը մեզ տաճար կանչող «ժամկոչ»-ներն ալ պիտի պակսին…
Հալէպ
(Շար. 1)