Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Մեղա՜յ Քեզ, Հայ Դաստիարակ Կամ Մայրենիին Պաշտպան «Հնաբոյր» Եռոտանին Փլուզման Սեմի՞ն (Ուսուցչաց Տօն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Մայրենիին հանդէպ սէրը կը ծնի ընտանիքի յարկին տակ, կը զարգանայ դպրոցին ու անձը
շրջապատող միջավայրին մէջ: Բանալի գաղտնի՞քը. լեզուն ՍԻՐՑՆԵԼՈՒՆ ՄԷՋ Է:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Ազդակ», 3 մարտ 2016

Առանձնապէս շեշտադրենք, որ գրութեան խորագիրը չի վերաբերիր հայ մամուլի երկարամեայ անխոնջ ծառայող, ազնուասիրտ ու յանձնառու մտաւորական Սարգիս Մահսէրէճեանի այնքան բաբախուն, սրտամօտ եւ  խորիմաստ վերոնշեալ տողերուն, այլ անիկա ուղղուած է կարգ մը մասնագէտ յորջորջեալ հայորդիներու, որոնք ամէն առիթի կը յանդգնին ո՛չ միայն գերեզմանել դարաւոր իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի մայրենի լեզուին ու անոր ստորոգելի գոյավիճակին, այլ նաեւ կը ժպրհին աղաւաղել ներկայ սերունդին միտքն ու հոգին, այսպէս ըսած «նորարար» միտքեր եւ «հիմնադրոյթներ» ստեղծելու մարմաջէ տարուած:

Ամէն պարագայի, յստակացման կարգով ընդգծենք, թէ չկայ բանիմաց եւ մաշտոցասէր հայորդի մը, մայրենին պաշտող հայ անհատ մը, որ պիտի մերժէ որեւէ նորարար առաջադրանք, ներհուն մտածում, գիտութեամբ պարուրուած առաջարկ թէ տեսակէտ, որ կը միտի տէր կանգնիլ ու պաշտպանել մայրենին, մեր պարագային` արեւմտահայերէնը, որուն ճակատագիրին մասին կը հիւսուին բազում տխուր «դափնիներ» եւ անհրապոյր խօսքեր:

Այո՛, ոչ ոք կրնայ անտեսել եւ կամ ուրանալ արեւմտահայերէնին պարզած վիճակն ու անհեռանկար կացութիւնը: Ոչ ոք կրնայ ապրիլ հոգեկան պատրանքն ու մտքի դալկութիւնը, երբ հարցը կ՛առնչուի արեւմտահայերէնի ներկային ու ապագային, բայց մանաւանդ` անոր ուսուցման եղանակին:

Միւս կողմէ, երբ հաւաքական կեանքի մեր բեմահարթակին վրայ տարբեր պատեհ առիթներու (գիտաժողով, համագումար, խորհրդաժողով) կ՛արծարծուին նման մտահոգութիւններ, էական հարցեր, լոյսին կը բերուին նոյնիսկ ահաւոր  սխալներ, արձանագրուած թերութիւններ եւ մասամբ նորին, յաճախ գիտակցաբար կամ ոչ կը փնտռուի զոհ մը, որուն գլխուն պիտի բարդուին տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող անարդիւնաւէտ եւ հնամաշ դաստիարակչական ձեւերն ու մեթոտաբանական ուղղութիւնները, կարծես տուեալ անձը ըլլար այդ բոլոր բացթողումներուն եւ պատուհասներուն պատճառը, սխալներ կրողը, նորարար միտքեր խափանողը եւ այլն:

Եւ այդ զոհը հայ դաստիարակն է իր ընդհանուր հասկացողութեամբ:

Այն անձը, որ տարագիր հայութեան եւ որբացած սերունդներու իր գիտցած ձեւով այբուբեն սորվեցուց, հայ մշակոյթի հարստութեան մասին նախաճաշակ փոխանցեց, հայոց լեզուին կառչելու եւ պահպանելու ջատագով հանդիսացաւ, թէկուզ բոլորիս կողմէ դատապարտելի դաստիարակչական ձեւերով եւ տգիտութեամբ յատկանշեալ մօտեցումներով:

Սակայն ժամանակի թաւալքին հետ փոփոխութիւն կրեցին բազմաթիւ կարծրատիպ մօտեցումներ, եւ հայ կեանքին մէջ մենք ականատես եղանք գիտութեամբ յագեցած ուսուցողական, մանկավարժական թէ դաստիարակչական նորարար եղանակներու, որոնք մեծաւ մասամբ ծառայեցին արդի ոճով եւ նորարար մօտեցումով հայոց լեզուի դասաւանդումին:

Այդուհանդերձ հայ կեանքի ու լեզուի պաշտպանութեան ու զարգացման  հիմնական ու առանցքային դեր ունեցող գործօնը` հայրենի հողը, շունչն ու մթնոլորտը զլացուեցան սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներու, ու հասանք այդ օրը, երբ այսօր ահազանգ կը հնչեցնենք հայ դիմագիծի, լեզուի, մշակոյթի եւ ոգիի պահպանութեան դժուարին կացութեան մասին:

Հակառակ անոր որ սերունդներու ջամբուեցաւ այն, թէ արեւմտահայերէնը ազգային արժէք ըլլալու առընթեր, հայ հանճարի փայլատակող շտեմարանն է, ազգն է ինքնին, հայրենիքն է, որ կը տողանցէ մեծասքանչի բառերուն ընդմէջէն, հայու անարատ սիրտն է, որ ինքզինք կը յայտնաբերէ նախադասութիւններով հոգեզմայլ, հայ դարաւոր մտքի լուսաւոր աշխարհին պայծառութիւնն է, որով սերունդներ են ապրած ու շնչած, եւ կը շարունակեն մնալ իբրեւ այդպիսին, սակայն, անխուսափելին կը պատահէր եւ տակաւ ինքզինք կը պարտադրէր շուրջ բոլոր, թէ հայոց լեզուի այս ճիւղաւորումը կը գտնուի վտանգի դիմաց եւ դատապարտուած է շատ սուղ գին վճարելու:

Արդ, ի՞նչն է, որ մեզ հաւաքաբար կը մտահոգէ, եթէ ոչ այն, երբ մայրենի լեզուին` արեւմտահայերէնի ճակատագրին թէ ուսուցման եղանակներուն մասին մտահոգութիւններ, վերլուծութիւններ եւ տեսակէտներ կը ներկայացուին, անոնց առընթեր յաճախ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ հայ դաստիարակ տիպարին մասին, զայն մեղադրելով իբրեւ «հնաբոյր» էակ մը, որ պէտք ունի ինքնազարգացման եւ ինքնաբարեկարգման, այլապէս դաստիարակչական հնատիպ մեթոտաբանութենէ զերծ մնալու հարկադրանքին տակ:

Ի դէպ, հայ կեանքին, գիր ու գրականութեան, մամուլին, գաղութահայ իրականութիւններու թէ ընդհանրապէս մայրենիին հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու քիչ թէ շատ ծանօթ անհատներ, մասնագէտներ, լեզուաբաններ, մտաւորականներ եւ դաստիարակներ գիտակից են այն ահաւոր եւ դժխեմ կացութեան, որուն մատնուած է արեւմտահայերէնը:

Աւելի՛ն. չկայ սրտցաւ եւ յեղափոխաշունչ ոգիով պարուրուած հայ դաստիարակ, ուսուցիչ թէ մտաւորական, որ ամէն քայլափոխի չշեշտէ հայոց լեզուի ուսուցման դաստիարակչական մեթոտներու զարգացման անհրաժեշտութիւնն ու հրամայական պահանջը:

Չէ պատահած հայ իրականութեան մէջ փոփոխութիւն եւ յառաջդիմութիւն, ինքնազարգացում եւ նորարարութիւն սիրող անհատի ուշադրութենէն վրիպին ամէն մտայղացում եւ առաջադրանք, տեսակէտ թէ դասընթացք, որ կը միտի յատկապէս լեզուի փոխանցման, տարածման եւ դաստիարակութեան միջոցներու թէ ձեւերու առաւել ամրապնդումին եւ հեզասահ տարածման:

Այս առումով, եթէ երբեք ամբողջ դար մը հայ կեանքին մէջ իրենց բնական եւ ինչու չէ շնորհակալ ներդրումը ունեցած են հայ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին ու միջավայրը, սա չի նշանակեր, որ անոնք չեն թերացած իրենց առաքելութեան մէջ, չի նշանակեր, որ հայ դաստիարակը հայապահպանութեան գործին մէջ սխալներ չէ գործած, չի նշանակեր, որ հաւաքական մեր մտածողութիւնը կը գտնուէր իր բարձունքին վրայ, չի նշանակեր, որ հայ վարժարանի հոգաբարձուներ, խնամակալ միաւորներ թէ յանձնախումբեր միշտ ալ ցուցաբերած են գիտականութեամբ յագեցած պատասխանատուութիւն, չի նշանակեր, որ հայագիտական ամպիոններ անպայման ծառայած են իրենց գերագոյն նպատակին, եւ մասամբ նորին:

Այդուամենայնիւ, ինչպէ՞ս կարելի է մոռացութեան տալ եւ կամ մերժել հայապահպանումի ամէն աշխատանք եւ դաստիարակի նուիրում, թէկուզ շատ անգամ ինքնանպատակ եւ սահմանափակ տարողութեամբ:

Արդարեւ, յարգելով եւ մեծապէս գնահատելով հանդերձ արեւմտահայերէնի   պաշտպանութեան նուիրուած խորհրդաժողովներու ընթացքին հնչած մտածումներն ու տեսակէտերը, շատ անգամ սուր ու վիրաւորական քննադատութիւններն ու տեսական մօտեցումները, մեծագոյն բացակայողը կը մնայ այլընտրանքային հասկացողութիւնը, այլապէս յստակ, գործնական եւ կողմնորոշիչ ուղղութիւններ որդեգրելու հրամայական պահանջը:

Փաստօրէն, երբ սեղանին կը դրուի սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ երկլեզուութեան հարցը եւ անոր համապատասխան դաստիարակչական մեթոտ կիրարկելու մօտեցումը, մանկավարժական ամէնէն արդի մտածողութեամբ հայ վարժարանը օժտելու պատգամն ու թելադրանքը, յանուն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ փրկութեան, արդեօք սփիւռք գոյացութիւնը իր բազում շերտերով եւ գոյներով պատրա՞ստ է նման արդիական առաջադրանք ընկալելու, երբ նոյնինքն սփիւռքահայութիւնը կը տուայտի իր իսկ ստեղծած քաոսային վիճակին մէջ, երբ հաւաքաբար կը զլանանք բազում հիմնարար աշխատանքներ լոյսին բերելու եւ կասեցնելու գահավէժ ընթացքը:

Այսօր,

եթէ կ՛ուզենք պահել հայ վարժարան(ներ), որուն մակարդակը չի զիջիր օտար ուսումնարանի, եւ անոր  երդիքին տակ փառաբանուի արեւմտահայերէնը,

եթէ կ՛ուզենք պահել հայ մամուլը (տպագիր թէ ելեկտրոնային), որուն  էջերուն հպարտօրէն կը տողանցեն հայ վերլուծաբաններու, փորձագէտներու, մասնագէտ յօդուածագիրներու մտորումները,

եթէ կ՛ուզենք հայ ուսուցիչ(ներ), որ հեռու է կարծրատիպերէ եւ հնաբոյր մեթոտաբանական մօտեցումներէ,

եթէ կ՛ուզենք տիրութիւն ընել այն դաստիարակին, որ կը յատկանշուի իր քննական միտքով, զոհողութեամբ եւ զարգացման մակարդակով,

եթէ կ՛ուզենք հայ բանասէրին ու լեզուագէտին արդի մտածումներուն թռիչք տալ եւ անով կողմնորոշուիլ,

եթէ կ՛ուզենք հայ պատմաբանին ու գիտահետազօտողին ճամբան սալայատակել` լոյսին բերելու հայ հանճարներու գոհարներ,

եթէ կ՛ուզենք արեւմտահայերէնի լեզուաբանական կաճառին շունչ ու ոգի ներարկել,

եթէ կ՛ուզենք արեւմտահայերէնը մեր քրտինքով եւ արեամբ պաշտպանել,

եթէ կ՛ուզենք սփիւռքահայ իրականութեան նոր շունչ ու որակ յանձանձել,

ապա մեծագոյն աքթը, որ կատարած պիտի ըլլանք եւ յիշուինք յաջորդող սերունդներու կողմէ, ատիկա նիւթական տուեալներու հայթայթումն է, արդար հատուցումն է,  սէրն ու գուրգուրանքն է, աջակցութիւնն ու թիկունք ցուցաբերելու կարողականութիւնն է, վերապրելու յամառ կամեցողութիւնն է, ինքնութիւն պահելու եւ պաշտպանելու տրամադրուածութիւնն է, մէկութեամբ առաջնորդուող քաղաքական մտածողութիւնն է, տեղայնամտութենէ եւ բռնազբօսիկ կարգախօսերէ հեռու մնալու հրամայական պահանջն է:

Յայտնապէս նաեւ` տարբեր առիթներու ծախսուած մեծագումար նիւթականի փորձութենէն հեռու մնալու արթնամտութիւնն է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>