Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Քաղաքականացնել Մարտ 8-ի Խորհուրդը. «Ընկերվարութիւն Կամ Բարբարոսութիւն». Կիներու Ազատագրման Պայքարի Ռահվիրան

$
0
0

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Rosa_Luxemburg_030816Rosa_Lux_Berlin_1907Կիներու ազատագրման հարցը, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ձեռք ձգելու հարցը, աշխատանքային կեանքին մէջ տղամարդոց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալու հարցը, հայրիշխանական դրսեւորումներուն դէմ պայքարը, պայքարը` քաղաքական կեանքին մէջ տղամարդոց պէս համահաւասար իրաւունքներ ունենալու եւ ներկայացուած ըլլալու, ինչպէս նաեւ պայքարը սեռային խտրականութեան եւ ընկերային կարծրատիպերուն դէմ, սկիզբէն ալ եղած են միջազգային ընկերվարական մտածողութեան առանցքները` հաւասարութեամբ օժտուած աւելի արդար հասարակարգ մը ստեղծելու ճամբուն վրայ, որովհետեւ ընկերային իմաստով անհաւասար կարգերը եւ դասակարգային հասկացողութիւնը պատճառ հանդիսացած են ընկերութեան մէջ կիներու դերակատարութեան ստորադասման, թերագնահատումին եւ ածանցեալ ներկայութեան: Անոր համար ալ, աշխատաւոր դասակարգի ազատագրութեան պայքարին մէջ, ընկերվարական մտքի դասականներուն կողմէ միշտ ալ կարեւոր նկատուած է կնոջ ազատագրումը իր ընկերային-տնտեսական կապանքներէն, կարծրատիպերէն, հնամաշ նախապաշարումներէն, որոնք կաշկանդած են անոր ստեղծագործ սլացքը, կարեւորութեամբ շեշտուած է կնոջ ուսումնառութիւնը եւ անհրաժեշտ «բանալի»-ներուն տիրանալը` ընկերութեան մէջ ներգործօն ներկայութեան վերածուելու համար:

Կիներու ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ազատագրման համար միջազգային ընկերվարութեան քաղաքական եւ տեսական պայքարին մէջ, Քլարա Ցեթքինի պէս հսկայի մը կողքին կարելի չէ անտեսել նաեւ ուրիշ հսկայ բարձունքի մը ներկայութիւնը ընկերվարական եւ մարքսական դասական մտածողութեան մէջ: Խօսքը կը վերաբերի 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի ընկերվար-յեղափոխական տեսաբան, փիլիսոփայ, ընկերվարական տնտեսագէտ եւ գերմանական Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան մեծ դէմքերէն Ռոզա Լիւքսեմպուրկին: Ընկերվարական եւ մարքսական մտածողութեան ուսումնասիրման աշխատանքին մէջ Ռոզա Լիւքսեմպուրկը բացառիկ հետաքրքրական դէմք մըն է, որ գրեթէ անտեսուած է հայ քաղաքական մտքին կողմէ, հակառակ անոր որ ինք եւ իր գաղափարակից, դարձեալ միջազգային ընկերվարութեան մեծ դէմքերէն Քարլ Լիփքնեխթ Հայկական հարցով բաւական հայանպաստ կարծիքներ ունեցած են: Բայց այս հարցին տակաւին կ՛անդրադառնանք ուրիշ առիթով: Հիմա կեդրոնանանք կիներու քաղաքական ազատագրութեան հարցին վրայ, ինչպէս որ տեսած է Ռոզա Լիւքսեմպուրկ` իբրեւ անմասնատելի բաժինը աշխատաւոր դասակարգի ազատագրման պայքարին:

Գաղափարի ու միացեալ պայքարի ընկերուհիներ Քլարա Ցեթքինը եւ Ռոզա Լիւքսեմպուրկը կը պատկանէին միեւնոյն գաղափարական ուղղուածութեան` ընկերվար ժողովրդավարութեան ձախ` արմատական թեւին, որ կը հաւատար, թէ աշխատաւոր դասակարգի, կիներու եւ ընկերային իմաստով ճնշուած փոքրամասնութիւններուն ազատագրումը անկարելի է` բացի յեղափոխութեան միջոցով: Իր նշանաւոր «Յեղափոխական ժամանակաշրջանի մէջ. յետոյ ի՞նչ» տեսական բնոյթի աշխատութեան մէջ Ռոզա Լիւքսեմպուրկ կը նշէ. «Իւրաքանչիւր երկրի մէջ աշխատաւոր դասակարգերը իրենց իրաւունքներուն համար կռուիլ կը սորվին միայն պայքարին ընդմէջէն: Ընկերվար ժողովրդավարութիւնը… միայն յառաջամարտիկն է աշխատաւոր դասակարգին, փոքր մէկ բաժինը ընդհանուր աշխատաւոր զանգուածներէն. արիւն` իրենց արիւնէն, միս` իրենց միսէն: Ընկերվար ժողովրդավարութիւնը կը փնտռէ ու կը գտնէ միջոցներ եւ մասնայատուկ կարգախօսներ աշխատաւորներու պայքարին համար` միայն այս պայքարի զարգացման ծիրին մէջ, իսկ իր յառաջընթացին համար ուղղութիւններ կը գտնէ միայն այս պայքարին ընդմէջէն»:

roza_030816

1912-ին գրուած` «Կիներու քուէարկելու իրաւունքը եւ դասակարգային պայքարը» խորագիրով ծրագրային աշխատութեան մէջ Ռոզա Լիւքսեմպուրկ ընկերվար ժողովրդավարութեան այն ժամանակուան` մարքսեան հասկացողութենէն մեկնելով արդէն կը հիմնաւորէ կիներու քաղաքական ազատագրումի հարցը, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ տակաւին չէր կիրարկուեր կիներու քուէարկութեան իրաւունքը: Ռոզա Լիւքսեմպուրկ իր այս աշխատութեան մէջ կը նշէ, որ այդ տարիներուն կին աշխատաւոր դասակարգի քաղաքական եւ սենտիքայական զարթօնքը հիանալի երեւոյթ էր, բայց այս զարթօնքը եւ ինքնագիտակցութիւնը կարելի դարձան այն բանի շնորհիւ, որովհետեւ կիները իրական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին իրենց վերաբերող քաղաքական եւ խորհրդարանական իրադարձութիւններուն գծով, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ քաղաքական իրաւունքներէ գրեթէ զուրկ էին անոնք:

Բայց եթէ ոմանք կը մտածեն, որ առանց քաղաքական հաւասար իրաւունքներու տիրացման ալ կիները բացառիկ յառաջընթաց արձանագրած են ուսանելու եւ կազմակերպուելու իմաստով, ուստի կարիքը չունին քուէարկելու իրաւունքին, անոնք պարզապէս մոլորած են: Ռոզա Լիւքսեմպուրկ կը յիշէ 19-րդ դարու սկզբնաւորութեան ապրած ընկերվարական իտէալներու մեծ մարգարէներէն մէկուն` ֆրանսացի Շարլ Ֆուրիէի խօսքերը. «Որեւէ ընկերութեան մէջ կիներու ազատագրման աստիճանը բնական աստիճանաչափն է  ամբողջ ընկերութեան ազատագրման»: Լիւքսեմպուրկ կ՛ըսէ, որ այս խօսքը իրականութիւն է նաեւ ներկայ ժամանակներու ընկերութեան համար, որովհետեւ կիներու քաղաքական իրաւունքներու ձեռքբերման  համար մղուող զանգուածային պայքարը պարզապէս արտայայտութիւնն է եւ մէկ բաժինը աշխատաւոր դասակարգի ազատագրութեան համար մղուող համընդհանուր պայքարին, եւ ասոր մէջ կը կայանայ այդ պայքարի զօրութիւնը եւ ապագան, որովհետեւ եթէ աշխատաւոր կինը ձեռք ձգէ իր քաղաքական իրաւունքները, ասիկա ինքնաբերաբար յառաջ պիտի մղէ ու աշխուժացնէ աշխատաւոր դասակարգի ընդհանուր պայքարը ազատագրման համար:

Ռոզա Լիւքսեմպուրկը նշանաւոր կարգախօս մը ունի` «Ընկերվարութիւն կամ բարբարոսութիւն»: Այս կարգախօսը ինք ստեղծած է գիտական ընկերվարութեան հիմնադիրներէն Ֆրետերիք Էնկելսի աշխատութիւններէն մէկը վերլուծելու ընթացքին: Այդ ժամանակաշրջանին մարդկութիւնը մեծ քայլերով կ՛ուղղուէր դէպի զինուորականացում, եւ բնական էր այդ ուղղութեան դէմ գաղափարական հակազդեցութիւնը ընկերվարութեան` համայնական-ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կացութաձեւերու քարոզչութեան ընդմէջէն: Կարգախօսը հիմա ալ այժմէական է, համաշխարհային մակարդակով գրեթէ նոյն հարցերը կան` յարաճուն զինուորականացումի եւ անմարդկայնութեան իմաստով, բայց բարբարոսութեան փոխարէն կան բարբարոսութիւններու տեսակներ, անցնող դարու ընթացքին ահաբեկչութիւնը գաղափարական միջոց էր, նոյնիսկ յառաջդիմական միջոց յեղափոխական ուժերու ձեռքին` յետադիմութիւնը եւ հակայեղափոխականութիւնը կասեցնելու համար, իսկ հիմա ահաբեկչութիւնը դարձած է յետադիմութեան ձեռքին մէջ միջոց` մահ սփռելու աշխարհի տարածքին:

Եւ հոս կու գանք մեր բուն ըսելիքին: Մեծ պետութիւնները որքան ուժ կուտակեն այս օրերու ծայրայեղական ահաբեկչութիւնը մէջտեղէն վերցնելու համար, այդ ահաբեկչութեան վտանգը աւելի եւս պիտի մեծնայ եւ հարուածէ այդ պետութիւններուն սիրտը: Պիտի չյաջողին յաղթել ահաբեկչութեան, որովհետեւ այս հացը այդ խմորէն է, իսլամական այս ահաբեկչութիւնը, յետադիմական կրօնական միտքը ծնունդն է մեծապետութեան, կայսերապաշտութեան: Յառաջդիմական մարդկութեան խնդիրը չէ այսօր պատերազմիլ յետադիմականութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ականութեան դէմ, փաստօրէն ասոնք սոսկ մանրամասնութիւն են, բայց այդ մարդկութեան խնդիրն էր եւ պիտի մնայ պայքարիլը կայսերապաշտութեան դէմ, զինուորականացման եւ զինուորական արտադրանքի ընդհանուր տարածման դէմ, դրամատիրութեան զարգացման նոր եւ կատարելագործուած ձեւերուն դէմ` յանուն մարդոց միջեւ աւելի արդար փոխյարաբերութիւններու, հաւասարութեան, համերաշխութեան եւ իր յեղափոխական դիմագիծը վերագտած ընկերվարութեան: Թշնամին կայսերապաշտութիւնն է ու դրամատիրութիւնը, եւ հոս է, որ Ռոզա Լիւքսեմպուրկի միտքը աւելի քան այժմէական է:

«Ընկերվարութիւն կամ բարբարոսութիւն». Ռոզա Լիւքսեմպուրկի այս կարգախօսը աւելի քան այժմէական է նաեւ այս օրերուս կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման իմաստով: Կը տեսնենք մարդկային իրաւունքներու համատարած խախտումներ, որոնց առաջին զոհերը կ՛ըլլան ընկերութիւններուն մէջ ամէնէն անպաշտպանները` մանուկները, ծերերը եւ կիները: Այս խախտումներուն դիմաց եւ զուգահեռ, կը տեսնենք, որ կարգ մը ընկերութիւններու մէջ կիներու քաղաքական դերակատարութիւնը եւ քաղաքական իրաւունքները տակաւին շատ հեռու են գոհացուցիչ մակարդակէն: Եւ յստակ է վերոնշեալ ամբողջ շարադրանքէն, որ կիներու քաղաքական իրաւունքներու անտեսումը, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն մէջ տղամարդոց կողքին անոնց հաւասար ներկայութեան զլացումը արդիւնք են միայն ու միայն բարբարոսական մտածելակերպին, դրամատիրութեան եւ հայրիշխանական գերակայութեան բարդոյթին: Բայց մխիթարականը նաեւ այն է, որ հակառակ երբեմն շատ յոռետեսական կացութիւններուն, կան տակաւին արմատական շարժումներ, որոնք կիներուն պայքարը կը հունաւորեն դէպի իր իրաւունքներուն ձեռքբերումը` քաղաքական յաւելեալ դերակատարութիւն, աշխատանքի կարելիութեան ստեղծում, վարձատրութեան արդար եւ հաւասար պայմաններ: Այն ամբողջութիւնը, որուն մասին Քլարա Ցեթքինը, Ռոզա Լիւքսեմպուրկը եւ Ալեքսանտրա Քոլոնթայը խօսած են շուրջ հարիւր տարի առաջ:

Ռոզա Լիւքսեմպուրկը միջազգային ընկերվարութեան պատմութեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ բաւական հետաքրքրական, միեւնոյն ժամանակ բաւական խնդրայարոյց տիպար: Իր կեանքին եւ պայքարին վերջալոյսը զուգադիպեցաւ միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ յառաջացած մեծ երկփեղկումին եւ երկպառակութեան, եւ ասիկա գերմանական ընկերվարութեան պատմութեան սեւ էջերէն մէկն է: Մեր անձնական կարծիքով, ան նահատակը դարձաւ իր երբեմնի գաղափարակիցներուն եղբայրասպան փամփուշտին: Բայց ան մեզի համար կը մնայ ընկերվարական մտքի հսկայական բարձունքներէն մէկը, հաւասարապէս խարազանող` թէ՛ ընկերվար ժողովրդավարական շարժումին մէջ տեղ գտած պատեհապաշտական ու գործնապաշտական մօտեցումներուն, թէ՛ ալ խորհրդային վիժած տարբերակին:

Երբ այսօր` մարտ 8-ի օրով Ռոզա Լիւքսեմպուրկ կը մէջբերենք, Կիներու միջազգային օրը, աւելի ճիշդը Աշխատաւոր կիներու միջազգային օրը դուրս կու գայ իր ընթացիկ քաղքենիական տօնակատարութեան պարունակէն, այդ օրուան ամբողջ խորհուրդը կը քաղաքականանայ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13424

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>