Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Լոյս Տեսած Է Սումկայիթի Դէպքերուն Վերաբերող Նոր Գիրք

$
0
0

0224Soumgayit-Kirk

Լոյս տեսած է նոր գիրք մը, որուն մէջ ներկայացուած են սումկայիթեան դէպքերու իրական պատմութիւնները:

«Արմէնփրէս» մամլոյ սրահին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին կողմէ իրականացուող «Սովորական ցեղասպանութիւն» նախագիծի ղեկավար Մարինա Գրիգորեան դիտել տուած է, որ 1989 թուականին` անմիջապէս սումկայիթեան դէպքերէն ետք, երբ բազմաթիւ հայեր եկան Հայաստան, անոնք հարցաքննուեցան եւ անոնց վկայութիւնները ամփոփուեցան «Սումկայիթի ողբերգութիւնը. ականատեսների աչքերով» ժողովածուին մէջ: Ժողովածուն այդ ժամանակ լոյս տեսած է 1000 օրինակով եւ գաղտնի կերպով տարածուած:

«Մենք տարիներ անց վերահրատարակեցինք այդ գիրքը, ուր հաւաքուած են այն պատմութիւնները, որոնք կը վկայեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է Սումկայիթի մէջ: Մէկ ամիս առաջ ալ լոյս տեսած է այդ գիրքին երկրորդ հատորը: Այնտեղ հաւաքուած են այն պատմութիւններն ու վկայութիւնները, որոնք առաջին անգամն ըլլալով կը ներկայացուին: Մեր հետազօտութիւններուն ընթացքին գտած ենք նոր փաստեր, նոր լուսանկարներ, տեսանիւթեր: Անոնք կ’ապացուցեն, որ Սումկայիթի ողբերգութեան իսկական թիւերը տակաւին չեն յստակացած: Գիրքին մէջ տեղ գտած են սպաննուած մարդոց լուսանկարներ, որոնք չկան Սումկայիթի պաշտօնական զոհերու ցանկին մէջ: Այդ բոլորը կը վկայեն, որ Սումկայիթի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է», հաստատած է Մարինա Գրիգորեան:

Գրող, իրաւաբան, Պաքուէն գաղթական Աննա Աստուածատուրեանը, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներ կը բնակի, պատմած է իր ընտանիքին մասին, որ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին հայատեաց վերաբերումի ականատես եղած է: Սկիզբը իր մեծ հայրը գաղթական եղած է, ապա` ծնողները: «Վերջին 100 տարուան ընթացքին զգացած ենք հակահայկական մօտեցումներ: Եւ ասիկա այն պատճառով, որ կը մերժեն  մեր հայ ըլլալու իրողութիւնը: Ես 11 տարեկան էի, երբ իմ ընտանիքս փախուստ տուած է, ու հակառակ անոր որ շատ տանջուած ենք, բայց հայկական հոգին դեռ կ’ապրի: Մենք վերածնունդ կ’ապրինք մեր պատմութիւններով, մեր ստեղծագործութիւններով: Միացեալ Նահանգները իմ տունս է, բայց իմ սիրտս միշտ Հայաստանի մէջ է, եւ իմ նպատակս է մնայուն կերպով օգնել Հայաստանին` յաղթահարելու դարերէն եկող ճնշումը», ըսած է Աննա Աստուածատուրեան: Ան գրած է «Ոչ մի տեղ. Աքսորի պատմութիւն» գիրքը, ուր կը պատմէ Պաքուի ջարդերուն մասին: Ըստ անոր, այդ գիրքին հրատարակութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ ապրող բազմաթիւ Ազրպէյճանի բնակիչ եղած հայեր սկսած են խօսիլ իրենց անցեալին մասին: Աստուածատուրեան հաստատած է, որ պէտք է իրենք իրենց քաղաքական աշխուժութեամբ օգնեն Հայաստանին:

«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալաւերդեան Պաքուի ջարդերուն մասին խօսելով` ըսած է. «Այն, ինչ որ տարիներ առաջ տեղի ունեցած է Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ազրպէյճանի այլ հայաբնակ վայրերուն մէջ պետականօրէն ծրագրուած գործողութիւն էր: Այսօր, հաշուի առնելով եղած բազմաթիւ փաստերը, յստակ կրնանք ըսել, որ սումկայիթեան ջարդերը նախօրօք ծրագրուած էին: Կատարուած են հայերու զանգուածային սպանութիւններ, բռնի տեղահանում, օրեր շարունակ հայերուն  սարսափ պատճառած են: Նման գործողութիւններ կատարուած են աւելի քան 300 շրջաններու մէջ, ուր հայեր ապրած են»: Ան դիտել տուած է, որ Ազրպէյճան 1918 թուականին որդեգրած ցեղասպան քաղաքականութիւնը շարունակեց:

Հայ գաղթականներու «Ահազանգ» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Ջուլիետա Երեմեանցը ընդգծած է, որ սումկայիթեան դէպքերուն մասին պաշտօնական աղբիւրները 3 տասնեակ զոհերու մասին կը խօսին, սակայն իրականութեան մէջ հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուած են: Ան կը յիշէ, թէ  ինչպէս Գանձակի վրայ յարձակման իբրեւ հետեւանք բազմաթիւ ընտանիքներ հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շուրջ: Ու այդ օրերուն էր, երբ եկեղեցի բերուած են բազմաթիւ ջարդուած, կողոպտուած, բռնաբարուած հայեր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>