«Սարդարապատ» կոմիտէութեան շրջանը ծանր տարի մը թեւակոխեց` իր հաւատաւոր եւ կարգ մը պարագաներու երիտասարդ ընկերներ կորսնցնելով:
Ինծի համար շատ դժուար է գրել կամ խօսիլ այն ընկերոջ մասին, զոր փոքր տարիքէս ճանչցած եմ որպէս հօրս խումբի եւ շրջանի սերտ ընկեր, ապա իրեն հետ միասին եղած ենք նոյն խումբին մէջ, որմէ ետք դարձած ենք առօրեայ իրարու հանդիպող ընկերներ առաւօտ եւ իրիկուն հանդիպելով թաղին մէջ: Շուկայական եւ քաղաքական խօսակցութենէ ետք սկսած ենք խօսիլ դաշնակցական մարդու մտահոգութիւններուն մասին, երբեմն միասնաբար կիսելով մեր կուսակցութիւնը յուզող տխուր կամ ուրախ լուրերը: Ապագային դարձանք նոյն կազմի` «Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ:
Յովհաննէս Ադամեան Սուրիոյ Քեսապ գիւղէն փոխադրուած էր Պուրճ Համուտ եւ աւելի ուշ դարձած էր «Սարդարապատ» շրջանի ընկեր: Կը պատկանէր այն սերունդին, որ ճաշակած էր ազգին կապուած այնպիսի ճակատագրական օրեր, որոնք դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել երկու տողով: Այդ բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, կրցած էին իրենց երդումին ընդմէջէն նաեւ ծառայել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Ինք պատանի հասակէն անդամակցած էր ՀՅԴ-ին, 18 տարիքը բոլորելէ ետք անցած էր Դաշնակցութեան շարքերը` հաւատարիմ կուսակցական մնալով մինչեւ իր մահուան վերջին օրը: Քեսապը եղած էր այսօրուան մեր հասկացողութեամբ Այնճարը, այնտեղ էր հայութեան արմատով ամուր պատանի կամ երիտասարդ պատրաստելու հնոցը եւ Յովհաննէս եղաւ անոնցմէ մէկը, որ մնաց արմատով ու բարոյական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հայ մարդ, գիւղացիի նկարագիրով մեր լեռներու վրայ ապրող դաշնակցական ընկերը: Նոյն գործը շարունակեց, երբ սկիզբը փոխադրուեցաւ Սիս, ապա «Սարդարապատ» ակումբ, 1958-ին ծայր առին դէպքերը, անկէ ետք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան օրերը, երբ Պուրճ Համուտը դարձեալ կարիքը կը զգար անձնազոհ ընկերներու: Յովհաննէսն ու իր սերնդակից ընկերները եղան առաջինները, որոնք ինքնապաշտպանութեան եւ «Սարդարապատ» շրջանի բնակիչներու կարիքներուն հասնելու գործին լծուեցան: Իրենց շուրջը համախմբելով համակիր երիտասարդներ, զանոնք հրաւիրեցին պահակութեան եւ թաղերու պաշտպանութեան գործին: Աշխատեցաւ բարգաւաճման յանձնախումբին մէջ` որպէս անդամ, նաեւ եղաւ «Սարդարապատ» կոմիտէի դատական յանձնախումբի անդամ` թաղեցիներու առօրեայ կարիքները հոգալու եւ հարցերը լուծելու: Եղաւ, ինչպէս յիշեցի վերը, կոմիտէի անդամ երկու շրջան եւ իր նիւթական ու բարոյական ներդրումը բերաւ այնպիսի օրերու, երբ ամբողջ գաղութը պէտքը կը զգար բոլորին:
Շատ բան կարելի է ըսել այսպիսի ընկերներու մասին: Յ. Ադամեան ուրախացաւ Հայաստանի անկախութեամբ, որովհետեւ իբրեւ նախկին սերունդի պատկանող ընկեր, ապրած էր համայնավար կարգերու բոլոր խնդիրները, տագնապած էր անոնցմով, հետեւաբար աւելի կը գիտակցէր անկախութեան գաղափարին եւ Եռագոյն դրօշի ծածանման արժէքին:
Հայաստանը եւ Արցախը իր առօրեան էին: Կը հետաքրքրուէր «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Ազդակ»-ի ամէն մէկ մանրամասնութիւններուն: Վերջերս Հայաստանի ճամբորդութենէ վերադարձիս նկատեցի, որ գործի չէր: Գիտէի, որ անհանգիստ էր շրջանէ մը ի վեր, սակայն չէի սպասեր, որ զինք տեսնեմ անկողինի մէջ այնքան յոգնած: Այցելեցի հիւանդանոց, շրջապատուած էր իր տիկնոջ եւ զաւակներով, որոնց համար միշտ եղած էր սիրելի հայր ու ամուսին: Այնքան ուրախացաւ, երբ խօսեցայ հայրենիքի, Արցախի եւ Վրաստանի երիտասարդութեան եւ մեր աշխատանքներուն մասին: Յուզումնախառն ձայնով վարձքդ կատար ըսելէ ետք, յաջողութեան եւ օրհնութեան մաղթանքներով բաժնուեցանք իրարմէ` նորէն հանդիպելու խոստումով: Ափսոս, որ մահուան գոյժը ստացայ քանի մը շաբաթ ետք այդ խոստումս չիրականացնելով:
Սիրելի՛ ընկ. Յովհաննէս,
Քեզ հրաժեշտ տուինք Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը` յուսալով, որ գացիր միանալու այն ընկերներու փաղանգին, որուն հետ երկար տարիներ գործակցեցար, տագնապեցար, կռուեցար, յօգուտ Պուրճ Համուտի եւ «Սարդարապատ»-ի կոմիտէութեան ճամբով մեր կուսակցութեան բարօրութեան: Այս երկու տողը ընդունէ իմ անձնական ցաւակցութիւններս, «Սարդարապատ» կոմիտէի եւ ընկերական կազմի, քու տիկնոջդ, զաւակներուդ ու թոռներուդ եւ քեզ սիրող ու յարգող բոլոր ընկերներուդ:
Խունկ եւ մոմ անշարժ բայց յոգնած մարմնիդ:
Քեզ միշտ յիշող ընկերդ,
Գ. Մ.