ԼՈՐԻԿ
Յարգարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Կարդացի 2 մարտ 2016-ին հրապարակուած նամականին, ինչպէս նաեւ 1 մարտ 2016-ին «Զարթօնք»-ին եւ «Արարատ»-ին մէջ լոյս տեսած գրութիւնները, մէկուն մէջ խմբագիրին եւ միւսին մէջ ներկայի մը ստորագրութեամբ. հետեւեցայ նաեւ նախորդող քանի մը օրերուն ընթացքին ծաւալած այսպէս ըսուած «քննարկումներուն», ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանի «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթի կիրակի օրուան ելոյթին, կազմակերպուած` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Ընթերցողը շատ լաւ գիտէ, որ ես ընդհանրապէս նման մշակութային ձեռնարկներու իմ գնահատականս կը փոխանցեմ բանաւոր կերպով, «Վանայ ձայն»-ի իմ հաղորդումիս ընթացքին, որովհետեւ հոն է իմ աշխատանքային հարթակս: Բայց, տրուած ըլլալով, որ լիբանանահայ գրաւոր մամուլին մէջ տեղ գտան նման գրութիւններ` առնչուած վերոյիշեալ ելոյթին, իմ կարգիս պարտք սեպեցի գրաւոր ներկայացնել տեսակէտս, պարզապէս որպէսզի ելոյթին ներկայ չգտնուող հայորդիներուն մօտ այնպիսի տպաւորութիւն մը չստեղծուի, թէ ելոյթը յեղափոխական երգերու երեկոյ էր, կամ ինչպէս թերթերէն մէկուն մէջ կը նշուի` «յեղափոխական երգերու փառատօն»:
Սկսիմ ելոյթի ծանուցումէն, խորագիր` աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու համերգ: Աշուղական եւ հայրենասիրական, այսինքն` աշուղներու կողմէ ստեղծուած յօրինումներ եւ հայրենասիրութիւն գովերգող կատարումներ: Ելոյթը կը ներկայացնէ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանի «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆեսէօր Թովմաս Պօղոսեանի: Նկատեցիք` կը շեշտեմ երեք բառերը, պարզապէս վերյիշեցնելու համար համոյթին արհեստավարժ ու մասնագէտ երաժիշտներէ կազմուած ըլլալու հանգամանքը: Համոյթ, որ ունի շատ մեծ վաստակ հարազատ հայ երգը պահպանելու եւ տարածելու գործին մէջ: Երեկոյի սկիզբը արտասանուած խօսքերուն մէջ, թէ՛ կազմակերպիչ մարմինին եւ թէ՛ համոյթին կողմէ ակնարկութիւններ կատարուեցան համերգին զուգադիպող թուականին` Սումկայիթի ջարդերուն, եւ առիթին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ըլլալու: Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ հանդիսատեսէն վրիպած էին ելոյթին գրաւոր ու բանաւոր ծանուցումները, ելոյթին սկիզբը պէտք է հասկցած ըլլար, որ համոյթը նպատակայարմար նկատած է նման երգացանկ մը:
Այսպէս, կիրակի երեկոյեան, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, ներկայացուեցան 26 աշուղական երգեր: Իւրաքանչիւր բաժինով 13 երգեր, որոնք կը պատկանին հին ու նոր աշուղներու: Աւելի մանրամասնելու համար թուեմ` ներկայացուեցաւ Սայաթ Նովայէն 4 ստեղծագործութիւն, (3 երգ, 1 մեղեդի), Գուսան Հայկազունէն 3 ստեղծագործութիւն, Աշուղ Ֆահրատէն 4 ստեղծագործութիւն, Ջիւանիէն եւ Հաւասիէն երկուքական երգ, Գուսան Աշոտէն 1 երգ, ինչպէս նաեւ աշուղներ Րաֆֆիէն, Գուրգէն Գաբրիէլեանէն, Մուրատ Մշեցիէն, Գէորգէն, Միջազէն, Դվալի Մկրտիչէն եւ Աշոտ Վարդանեանէն մէկական երգ, նաեւ ժողովրդական երգ մը եւ պար մը, նաեւ արաբերէն երգ մը:
Վստահ եմ, որ նշուած անուններէն վերջիններուն ծանօթ չէ ընթերցողը կամ հանդիսատեսը: Գերազանցապէս աշուղական երգերու այս երեկոյին երգացանկին մէջ ընդգրկուած էին բոլոր ժամանակներու մեր աշուղներու ստեղծագործութիւնները, որովհետեւ այս է նախ եւ առաջ հայրենի այս համոյթին առաքելութիւնը: Ըսեմ աւելին, հնչած 26 երգերէն միայն վեցին մէջ ակնարկութիւն կար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Աշուղական երգը, սէր արտայայտող երգ է, անունը ինքնին կը թելադրէ «Աշք», արաբերէնով` սէր: Իսկ հայրենիքի հանդէպ եղած սէրը միթէ գերագոյն սէրը չէ՞:
Ինչպէ՞ս կարելի է հայկական երգարուեստէն կամ յատկապէս աշուղական երգէն այնքան անտեղեակ ըլլալով քննադատել ու ըսել, որ «կուսակցական» երգերու փառատօն էր: Նախ ըսեմ, որ նման անուանում կամ պիտակում չկայ: Երաժշտութենէ բանիմաց մարդը «կուսակցական» երգ եզրը բնաւ չի գործածեր բնութագրելու ազգային, հայրենասիրական կամ յեղափոխական երգը, որովհետեւ նման անուանում չկայ: Այսինքն` այդ 6 երգերը նախ եւ առաջ հայրենասիրական երգեր են, նախքան յեղափոխական նկատուիլը (նման զատորոշում կատարողներն ալ եղան), որովհետեւ անոնք կը պատմեն իրենց հայրենիքին համար կեանքը զոհած անձնուրաց ֆետայիներու մասին: Այս երգերը, այդ ֆետայիներուն պատկանած կուսակցութեան` «Դաշնակցութիւն» բառով կը հնչեն, որովհետեւ երգին բնագիրը այդպէս է, եթէ խօսքը Աշուղ Ֆահրատին երգացանկին մասին է, ապա աշուղը այդպէս գրած է: Այս երգերը իրենց բնօրինակով կը հնչեն նաեւ Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն, թէեւ ժամանակին «Դաշնակցութիւն» բառը «ազատութիւն», «Ֆիտայութիւն» կամ նման բառերով կը փոխարինուէին: Բայց այդ օրերը այլեւս անցած են. պետական հովանաւորութիւն վայելող հայրենի երգի համոյթները, ինչպէս նաեւ հանրային ալիքն ու հայկական զանազան պատկերասփիւռի ընկերութիւնները, արդէն իսկ շատոնց շրջանցած են այս բարդոյթը, որովհետեւ կարելի չէ պահպանել երգին հարազատութիւնը` աղաւաղելով անոր բառերը: Իսկ միթէ այս երգերէն Դաշնակցութիւն բառը հեռացնելով, կարելի՞ է դրժել պատմական իրողութիւններն ու հերքել տուեալ դաշնակցական ֆետայիի քաջագործութիւնը: «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը հայրենասիրական բնոյթի աշուղական այս երգերը կատարեց իրենց բնօրինակով: Այսինքն` իրենց հարազատ ու ճշգրիտ բառերով, մեղեդիներով ու խորագիրներով, որոնց մէկ բաժինը հետաքրքրական նորութիւն էր նաեւ, այդ երգերուն քաջածանօթ ունկնդիրներուն խաւին:
Քննադատական այդ գրութիւններէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ լիբանանահայութիւնը 1959-էն ի վեր տոգորուած է Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգ ու պարի համոյթով: Ճշդեմ, այո՛ տոգորուած է Ալթունեանի հոլովոյթով, բայց ո՛չ միայն: Ինչո՞ւ գիտակցուած մոռացութեան կու տայ «յօդուածագիրը», լիբանանահայութիւնը իր երգերով տոգորած «Մարաթուկ»-ը կամ այլ համոյթները: Ո՞վ ըսաւ, որ Ալթունեանի համոյթի երգացանկին մէջ նաեւ տեղ չեն գտներ կիրակի օր ներկայացուած երգերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Իսկ, ի՞նչ միամտութիւն է ակնկալել, որ «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր համոյթը պէտք է կատարէ միայն Սայաթ Նովայի երգերը: Եթէ այդպէս է, նոյն սխալ տրամաբանութեամբ կրնամ ձեզի նշել անթիւ անհամար համոյթներու անունները, որոնք կը կրեն այս կամ այն երաժիշտի անունը, ու կը կատարեն տարբեր երաժիշտներու գործեր:
Ինչպէ՞ս կարելի է, առանց ելոյթին ներկայ գտնուելու, կամ քիչ մը աշուղական իսկական երգէն գաղափար ունենալու, իբրեւ լսողաց գրութիւնները ստորագրել, հիմնուած` Ֆէյսպուքեան գրառումներուն, կամ հայկական մշակութային միութեան մը կազմակերպած անթերի երաժշտական երեկոյի յաջողութիւնը չմարսող մարդոց անհատական կարծիքներուն վրայ: Այդ գրութիւններէն մէկուն մէջ, օգտագործուած նոյն բառը գործածեմ` փրոփականտա: Եթէ հայրենի համոյթը կիրակի երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ փրոփականտա մը ըրաւ, այդ պարզապէս ի նպաստ հայկական աշուղական երգին եւ մեր տաղանդաւոր աշուղներուն էր` անոնց արուեստին քարոզչութիւնը կատարելով:
Պարտք կը զգամ նաեւ թելադրելու յօդուածագիրներուն կամ անհիմն քննադատողներուն, քիչ մը տեղեկութիւններ ստանալ համոյթին եւ անոր կողքին գործող աշուղական դպրոցին ու աշուղագիտական կեդրոնին մասին: Եռալեզու կայք ալ ունին. վստահ եմ, եթէ այդքան մտահոգ էին աշուղական երգով, առնուազն այդ կայքը այցելած կ՛ըլլային, եւ շարք մը պատասխաններ կ՛ունենային` խնայելով մեր օրաթերթերուն էջերը:
Սակայն դժբախտաբար, հարցը ելոյթին հնչած այդ քանի մը երգերուն մէջ չէ՛, այլ շատ աւելի խոր է՛ ու ցաւալի: Ընդունինք, որ այդ յօդուածագիրներէն ո՛չ մէկուն մտահոգութիւնը արուեստն է ու մշակոյթը: Իսկապէս, ես ալ զարմացած եմ, որ վերջին քանի մը օրերուն գաղութին մէջ այսքան մեծ թիւով աշուղական երգէ հասկցող ու նոյն ոճի երգով հետաքրքրուող կայ. մինչ բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ դժբախտաբար նաեւ հոս, նորելուկ, աղաւաղուած ու դիւրընկալ երգերն են, որոնք ժողովրդականութիւն ունին: Մեր հանդիսատեսը վարժուած է ճաշարան երթալու տրամաբանութեամբ մշակութային երեկոներու ներկայ գտնուիլ եւ միայն «սիրուած» երգ կամ մեղեդի ճաշակելով գոհանալ: Քանի մը ամիս առաջ ալ, նոյն այս հանդիսատեսը, քննադատած էր Պէյթէտտինի փառատօնի ծիրին մէջ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ելոյթը, այն պատճառաբանութեամբ, որ ծանօթ մեղեդիներ չէ մատուցած: Բայց օրին այսքան մելան չհոսեցաւ, քանի որ կազմակերպիչը միջազգային փառատօն մըն էր:
Համաձայն չեմ նաեւ, որ կազմակերպող կողմը ի՛նք թելադրէ երգացանկը մասնագիտական արհեստավարժ երաժշտախումբի մը, ինչպէս որ դրամ տուողը կերուխումի երգիչին կը պատուիրէ իր նախասիրած երգը: Ո՛չ, սիրելի՛ հանդիսատես, համերգասրահը ճաշարան չէ՛: Ուզած երգդ լսելու համար ձայնասկաւառակ կրնաս մտիկ ընել: Համերգասրահը նաեւ դպրո՛ց է, մշակութային ձեռնարկները դաստիարակիչ բնոյթ ունին, ապա թէ ոչ, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար այդքան ծախս ընել եւ հայրենիքէն խումբերը հրաւիրել:
Եթէ իսկապէս հանդիսատեսը աշուղական երգի ու երաժշտութեան ծարաւը ունէր, ապա ելոյթէն շատ յագեցած դուրս եկաւ, որովհետեւ կրկնելով կը կրկնեմ` մատուցուածը գերազանցապէս աշուղական էր, թէկուզ եթէ չլսեցիք «Յիս քու ղիմեթըն չիմ գիտի»-ն…