«Ազդակ»-ի պատուարժան խմբագրութիւն,
Երէկ` երեքշաբթի, 1 մարտին, լիբանանահայ երկու օրաթերթերու մէջ առաջնորդող խմբագրական ակնարկով, ինչպէս նաեւ «ներկայ մը» ստորագրութեամբ լոյս տեսած երկու սիւնակներ կ՛անդրադառնային կիրակի, 28 փետրուարին տեղի ունեցած «Սայաթ-Նովա» համոյթի ելոյթին: Երկու պարագաներուն ալ գրութեանց տուն տուող պատճառը կը վերաբերէր երգացանկի ընտրութեան, ուր կարեւոր տեղ տրամադրուած էր ազգային- յեղափոխական երգերուն: Թերեւս ակնկալելի պիտի ըլլար նախ եւ առաջ տեսնել ձեռնարկի թղթակցութիւնը, բայց այդ մէկը հասկնալի պէտք է թուի այս պարագային:
Այս առիթով կ՛արժէ կատարել հետեւեալ մատնանշումները.
Ա.- Արդար է հանդիսատեսներուն ակնկալութիւնը, երբ աշուղական երգի ու երաժշտութեան ծարաւը ունենալով` գրեթէ բոլորը պիտի նախընտրէին, որ երգացանկի տիրական համեմատութիւնը ընդգրկէր տուեալ սեռի երգեր: Լիբանանահայ հանդիսատեսը եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը յատուկ սէր ու յարգանք կը տածէ հայ վաւերական երգին եւ անոր ակունքներէն եկող հարազատ երաժշտութեան ու այս ծիրին մէջ աշուղներու յօրինումներուն եւ ընդհանրապէս աշուղական երաժշտութեան նկատմամբ միշտ ալ ունեցած է յարգալից ու գիտակից վերաբերմունք:
Բ.- Հանդիսատեսի մը իրաւունքն է երգացանկի մասին եւ պարզուած այս կացութեան նկատմամբ իր տեսակէտը կամ նոյնիսկ ընդվզումը արտայայտել: Սակայն երբ անիկա կը ստանայ առաջնորդող յօդուածի կամ խմբագրական ակնարկի բնոյթ, կը նշանակէ, որ հարցին բոլոր մանրամասնութիւնները քննարկուած, բացատրութիւններ ստացած եւ առարկայական գնահատումներէ առաջնորդուած, ապագային նոյն բացթողումը չկրկնելու համար տուեալ թերթերու խմբագիրները կը պարտաւորուին տեղ տալ այսպիսի սիւնակներու: Բայց այս պարագային եղելութիւնը այդպէս չէ: Չափազանցուած, զեղումնային արտայայտութիւններով փորձ կը կատարուի «պատգամ» փոխանցել:
Գ.- Իբրեւ հանդիսատես եւ հայ աշուղական երգը սիրող անհատ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի բոլոր ձեռնարկները քաջալերող անձ, ես ալ օրին իմ տեսակէտս եւ մտահոգութիւնս անմիջապէս փոխանցեցի ձեռնարկի կազմակերպիչներուն: Ինծի համար յստակ դարձաւ, որ կամքէ անկախ եւ ոչ միտումնաւոր կազմակերպական այս թերացումը, որուն պատճառով ստեղծուեցաւ այս ընդհանուր մթնոլորտը, փոքր անհասկացողութեան մը արդիւնք էր եւ կազմակերպիչներն անգամ հաստատեցին, որ իրենք ալ պիտի չուզէին երգացանկի այսպիսի մատուցում մը: Եւ արդէն յաջորդող երեք ելոյթներուն համար, խումբի գեղարուեստական պատասխանատուին հետ անհրաժեշտ սրբագրումը եւ յստակացումը կատարուած էին եւ գործնականացման փուլի մէջ մտած:
Դ.- Յստակացման համար կ՛արժէ նաեւ անդրադառնալ, որ Համազգայինը միշտ ալ նախանձախնդիր եղած է հայ մշակոյթի վաւերական արժէքներու ներկայացման եւ սիրողական խրատներ կամ թելադրանքներ ընկալելու հարկադրանքին տակ չի գտնուիր: Աւելի՛ն, պէտք է նաեւ յստակացնել, որ յեղափոխական- կուսակցական երգը ճիշդ է, որ կ՛երգուի նաեւ խրախճանքներու ընթացքին, բայց պէտք չէ մոռնալ այն հանգամանքը, որ այդ երգերը մենք կ՛երգենք նահատակներու թաղման ու յիշատակի հանդիսութեանց ընթացքին եւ պատշաճ չէ մամուլին մէջ յեղափոխական, ազգային երգերը որակել սոսկ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներու երգացանկի մաս կազմող բաժին, այս պարագային` նուազագոյնը յարգած ըլլալու համար այդ երգերուն մէջ տեղ գտած անձնուրացներու յիշատակը եւ հայ ժողովուրդին արձանագրած հերոսական պատումը, որոնք համահայկական արժէք կը ներկայացնեն: Ոեւէ խմբագիր կամ յօդուածագիր պէտք չէ այս իմաստով անուշադիր ըլլայ:
Ե.- Յստակացման կարգով նաեւ պէտք է փարատել այն մտահոգութիւնը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այսպիսի փառատօներու կարիքը չունի իր «փրոփականտ»-ը կատարելու համար: Ակնարկին մէջ տեղ գտած այս բաժինը կը խորհիմ քիչ մը պատմութեան ու կենսափորձի անտեղեակութեան արդիւնք է եւ նաեւ թերեւս քիչ մը ժամանակավրէպ անհանգստութեան մը դրսեւորում:
Զ.- Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանին եւ այլոց ազգային խրատականներ տուող անձինք նախ եւ առաջ պարտին ճիշդ աղբիւրէն ստանալ հարցերու էութիւնը, չառաջնորդուին ամբոխային տրամաբանութեամբ եւ կառուցողական մօտեցումով փորձեն կատարել յարգալից ու պատշաճ դիտողութիւն` յարգելով հայ մշակոյթին ծառայող գործիչներու արժանապատուութիւնը, վաստակը եւ ներդրումը հայ կեանքին մէջ: Սխալ մը ընդհանրացնելով կարելի չէ գեղարուեստական ղեկավարի մը կատարած ամբողջ գործը խծբծանքի առարկայ դարձնել: Հայաստան պիտի ըսէին` «խելօք» ոճ չէ:
Է.- Բարեկամ մը, երբ այս նիւթը կ՛արծարծուէր, արդարօրէն յայտնեց, թէ տակաւին անցնող շաբաթ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները միասնաբար քննարկած են հայութեան եւ լիբանանահայ գաղութին հետ առնչուող խնդիրներ ու որոշած միասնական ճիգերով տէր կանգնիլ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ անսալ անոր կարիքներուն: Եւ կը շարունակէր, թէ այս առաջնորդող յօդուածն ու ակնարկը ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն միասնականութեան այդ ճիգի ու ներուժի կուտակման: Հետեւաբար հանդուրժողականութիւնը, փափկանկատութիւնը եւ լայնամտութիւնը իբրեւ չակերտեալ խորագիր ընտրած, ինչպէս նաեւ յեղափոխական-կուսակցական երգերու նկատմամբ անհանդուրժողութիւն ցուցաբերած յօդուածներով պարզապէս վնասած կ՛ըլլանք այդ միասնակամութեան նուաճումին եւ ամրապնդման:
Եզրակացնելու համար` մեր բարի մաղթանքն է, որ մեր մամուլը իր լուսարձակը լայն բացած, որեւէ մէկ առիթի այսպիսի փոքր հարցերու դիտարկումով անցեալի հին էջեր չփորձէ վերաբանալ` նոր դէմքերով եւ կամ նոր ստորագրութիւններով: Ազգովին շատոնց փակած ենք այդ էջերը, իսկ կը մնայ դիտել տալ Համազգայինի պատասխանատուներուն, որ գնահատելով իրենց անսակարկ, անդուլ ու հետեւողական աշխատանքը, ուշադիր ըլլան նոյնիսկ այսպիսի փոքր վրիպումներու: Համազգայինը` իր կատարած գործով ու անցած ուղիով, հաւատաքննութեան կարիք չունի: Կը մնայ մաղթել անոր յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն:
Վերջապէս պէտք է մատնանշել այն երեւոյթը, որ լիբանանահայ գաղութի խուռներամ ընդառաջումը այսպիսի վաւերական խումբի ելոյթի հրաւէրին կու տայ այն խոր հաւաստիքն ու ապացոյցը, որ Լիբանանի մէջ տակաւին առկայ է այն պարարտ հողը, ուր հայ մշակոյթը կրնայ ճառագայթել, հզօրանալ եւ գոյատեւել:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ