Երբ մեր գրականութեան էջերը թերթենք, յատկապէս երբ դասական գրողներու կենսագրութիւնները կարդանք, հոն անպայման կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն. իր գործերը թարգմանուած են… լեզուներու. կամ թարգմանութիւններ կատարած է… լեզուներէ: Սովորաբար այս տողերուն վրայէն արագ կ՛անցնինք մեր մտքերուն մէջ տեղաւորելէ ետք այն համոզումը, որ խնդրոյ առարկայ գրողը պէտք է մէկէ աւելի լեզուներու տիրապետած ըլլայ, կամ այնքան լայն ճանաչում գտած ըլլան իր գործերը, որ արժանացած ըլլան թարգմանութեան:
Պարզ տեղեկատուական գրութիւն մը թարգմանելը ինքնին արուեստ է. «Այդ գրած է, բայց ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ»-ներու մէջ կը մտնենք, եւ արդէն կը բարդանայ հարցը: Ստեղծագործական կտոր մը թարգմանելը` բազում անգամ աւելի բարդ. ինչպէ՞ս փոխանցել գրողին յոյզերը, տրամադրութիւնը, շունչը, հոգին… ինչպէ՞ս հարազատ մնալ գրողին: Աւելորդ է ըսել, որ թարգմանութիւնը արուեստ է, որուն մէջ քիչեր կը յաջողին:
Չորս տարի առաջ էր, երբ թղթածրար մը հասաւ ինծի. մէջը ընդգրկուածը Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքներէն երկուքին հայերէն թարգմանութիւնն էր` Ռուբէն Ճանպազեանի կողմէ: Կը յիշեմ հպարտութեան զգացումը, որ ապրեցայ. «Ապրի՛ս, Ռուբէ՜ն» թռաւ բերնէս: Նոյն ժամանակներուն էր, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթին մէջ սկսայ նկատել մէկ, երկու, հինգ, տասը… դասական բանաստեղծներէ եւ արձակագիրներէ ընտիր գործերու թարգմանութիւններ` Վարագ Պապեանին կողմէ: Ծանօթ ըլլալով բնագիրներուն` «ապրիս»-ները այս պարագային եւս շարունակուեցան: Հետեւաբար Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի տարուան ծրագրին մէջ թարգմանական աշխատանքը իր կարեւոր տեղը պիտի գրաւէր անկասկած:
Օրը` կիրակի, 29 սեպտեմբեր 2019-ն է. Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս, սեղանի ետին նստած են Թորոնթօ ծնած, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը յաճախած, հայաշունչ ընտանիքի մէջ հասակ առած, հայրենիքով սնանող ընկերներ, Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւատաւոր անդամներ Վարագ Պապեանն ու Ռուբէն Ճանպազեանը:
Խօսք կ՛առնէ խմբակի անդամներէն Արմինէ Թորիկեանը. ան սեղմ տողերու մէջ հպանցիկ ակնարկ մը կը նետէ թարգմանական աշխատանքի պատմութեան, կարեւորութեան եւ թարգմանիչի դերին մասին` անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ թարգմանիչի դերը յաճախ կը համեմատուի արուեստագէտի դերին հետ: Ի հարկէ, մեզի համար թարգմանիչի դերը ա՛լ աւելի շօշափելի կը դառնայ, երբ թարգմանիչը դէմդ նստած երիտասարդն է:
Վարագ կը նկարագրէ իր լուսահոգի հօր` արուեստագէտ Գալուստ Պապեանի գրասեղանին մօտ, պատէն կախուած «Եթէ» բանաստեղծութեան ու իր միջեւ ստեղծուած հոգեկան կապը: Քիփլինկի հռչակաւոր «Եթէ»-ին մասին է խօսքը, թարգմանութիւնը` Մուշեղ Իշխանի: Հօրը գործին բերումով, յաճախ թարգմանութիւններ ըրած է. ի վերջոյ իր հետաքրքրութիւնը սկսած է տունէն: Վարագ Պապեանի ընտրութիւնները մեր դասական բանաստեղծութեան մէջ իրենց յաւերժ դրոշմը դրած Տէրեանն ու Թէքէեանն են, Զարիֆեանն ու Շիրազը, Դուրեանը… Վարագ` իբրեւ թարգմանող, իր տեսակէտը կը բաժնէ. «Կատարածդ պիտի ըլլայ ճշգրիտ ու հարազատ, ոչ արհեստական». ապա հատուածներ կը կարդայ Տէրեանէն, Շիրազէն, Զարիֆեանէն` իւրաքանչիւրէն ետք անգլերէն թարգմանութիւնը տալով: Առիթը կ՛ունենանք հայերէն բնագիրէն ետք անգլերէն թարգմանութիւնը ապրիլ. կը զգանք յանգերուն կշռոյթը, բառերուն ընտրութիւնները եւ այն ընդհանուր զգացումը, որ կը ձգէ մեր վրայ գործին թարգմանութիւնը: Գրաքննադատութենէ հեռու ենք, սակայն իբրեւ ընթերցասէր` տպաւորուած ենք: Վարագ նաեւ Արամ Հայկազի սիրահարներէն է. «Երջանկութիւն»-ը ամբողջովին թարգմանելու աշխատանքը արդէն իսկ ծաղկունքի մէջ է. անհամբեր կը սպասենք պտուղին:
Ռուբէն Ճանպազեանն է յաջորդ ներկայացնողը: Ռուբէնը համոզուած է, որ թարգմանութիւնը, իր բազմաթիւ առաւելութիւններուն առընթեր, միջոց մըն է նաեւ հայերէն չխօսող երիտասարդը մեր գրականութեան մօտեցնելու: Իբրեւ Թորոնթօ ծնած երիտասարդ` Ռուբէն անկեղծ է իր տեսակէտին մէջ. «Ուզենք կամ չուզենք անգլերէն կը մտածենք, անգլերէնէ հայերէն կը թարգմանենք մենք, ամէն օր: Թարգմանութիւնը մեր սերունդին համար ձուլումի մէկ հետեւանքն է, սակայն նաեւ` ձուլումի դէմ պայքարելու ձեւ մը»: Խորքին մէջ Ռուբէնի եւ Վարագի նման երիտասարդները խստապահանջ են իրենց անձին նկատմամբ. բծախնդիր են եւ` միշտ լաւագոյնին ձգտող, հայերէնը ճիշդ խօսելու, ճիշդ գրելու եւ ոչ միայն խօսելու կամ գրելու…
Ռուբէն կը կարդայ իր նախընտրածներէն` Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» քերթուածին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ կատարած է 2014 թուականին` A Vow to Ararat. թարգմանութեան մէջ կը զգանք Ծառուկեանի խրոխտ կամքը, ոգին: Ռուբէն մեզի հետ կը բաժնէ թարգմանող Թաթուլ Սոնենցի հետ ունեցած իր զրոյցէն մասեր: Թաթուլ Սոնենց ամէն ազգի համար կենսական կը համարէ թարգմանութիւնը. «Վերջ ի վերջոյ քաղաքակրթութիւնը մարդկային քաղաքակրթութիւն է, եւ ոչ մէկ ազգ կրնայ իւրացնել մարդկային քաղաքակրթութիւնը: Թարգմանութիւնը խիստ կարեւոր է համաշխարհային իմաստով, ազգերը իրարու մօտեցնելու. համաշխարհային ազգի ենք վերածուած. զանազան լեզուներով կը գրենք, կը ստեղծագործենք… անկարելի է զիրար հասկնալ` առանց թարգմանութեան»: Հաճոյքով կը լսենք Ռուբէնին կողմէ թարգմանուած Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերէն հատուածներ: Իսկ Թաթուլ Սոնենցին հետ կատարած «Թուղթ առ Երեւան»-ի թարգմանութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընկալուած էր արդէն 2018-ին:
Ահաւասիկ նոր էջ մը` Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին, որուն գրողները մեր երիտասարդներն են, Ռուբէնն ու Վարագը: Բախտաւոր է այն համայնքը, որ ունի յանձնառու, շնորհալի երիտասարդութիւն: