Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13427

Շատ Կանուխ Էր, Պարո՛ն Յովիկ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը նոր հաստատուած էր, եւ 2010 թուականի սկիզբը պարոն Յովիկ Քիւրքճեան իր ազնուական կնոջ` Մարալին հետ այցելեց Համազգայինի ցուցասրահ: Մեր առաջին հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունենալով, բնականաբար առաջին առիթով հարց պիտի տայի իր զաւակներուն մասին եւ յանկարծ ստանայի անսպասելի, բայց նաեւ խորիմաստ պատասխան մը. «Պարո՛ն Յակոբ, մեր զաւակները` մեր հայ մշակոյթի գանձերն են եւ մեր ընտանիքը` մեր բովանդակ հայ մշակոյթը»: Պատասխանի ընթացքին իր եւ իր կնոջ դէմքերուն վրայ պարուրուած գոհունակութեան ժպիտը բաւարար էր ինծի համոզուելու ու հաստատելու, որ հանդիպած էի հայ մշակոյթի սիրահար ու երկրպագու ամոլի մը հետ: Այնուհետեւ ծանօթացայ իր գործունէութեան, որուն մէջ ակներեւ էր նաեւ հայրենի մշակութային կեանքի զօրակցութեան մէջ իր բերած անուրանալի նպաստը: Տակաւին առիթ կ’ըլլայ աւելի համապարփակ եւ կարելիի սահմաններուն մէջ ամբողջականօրէն ներկայացնելու այս անկեղծ եւ ազնուական մարդուն ու մեծ հայուն կեանքը, գործը եւ վաստակը: Այսօրուան այս տողերը թող որ դառնան Լիբանանէն մինչեւ հեռաւոր Ուաշինկթըն ուղարկուած սրտի համեստ խօսք մը` իր յուղարկաւորութեան տխուր առիթով:

Սիրելի՛ եւ յարգելի՛ պարոն Յովիկ, հաւատացէ՛ք դժուար է հաշտուիլ ձեր այս կանուխ եւ յաւիտենական հանգիստին հետ: Այո՛, տասնեակ տարիներ Սէուտական Արաբիա աշխատելէ ետք, մեծ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ որոշած էիք այլեւս ձեր կեանքի օրերը լիարժէք ձեւով ապրիլ միայն հայ մշակոյթով: Դուք սոսկ բարերար չէիք, այլ  կերպարուեստի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի այլ բնագաւառներու երկրպագու ու վաւերական տեսակէտ ունեցող անհատ:

Հայ մշակոյթի ու կրթութեան որեւէ ծրագիրի իրականացման համար ձեր կատարելիք նպաստը հոգեկան անհուն գոհունակութիւն կը պատճառէր նախ եւ առաջ ձեզի: Ներկայացուած ծրագիրին կը պատասխանէիք go on ըսելով` ձեր իւրայատուկ ոճով: Ցուցահանդէսի մը կամ մշակութային երեկոյի մը ներկայ գտնուելու համար մէկ օրով կ՛այցելէիք Լիբանան եւ յաճախ կ’ըսէիք, որ նաեւ նո՛յն նպատակով եւ նո՛յն ժամանակի տեւողութեամբ կը ճամբորդէք եւրոպական երկիրներ: Դուք մշակոյթով կը շնչէիք, եւ այս իրողութիւնը լաւագոյնս կ՛արտացոլար ձեր նկարագիրին վրայ:

Ազնուականութեան եւ մարդասիրութեան եզակի տիպար մըն էիք եւ յաճախ մտերմութեան մէջ կը դժգոհէիք, որ բարեկեցիկ մեր շրջանակը, յարգելով բացառութիւնները, անհրաժեշտ օգտակարութիւնը չ՛ունենար եւ չի զօրակցիր մշակութային ու կրթական ծրագիրներու իրականացման: Մի՛շտ կը փափաքէիք, որ մեր մշակոյթի պահպանման ու զարգացման համար հայ անհատը ցուցաբերէ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութիւն: Ձեր եւ ձեր կնոջ ունեցած համեստութիւնն ու պատրաստակամութիւնը պարտաւորեցնող է եւ մի՛շտ կը դառնայ վարակիչ օրինակ բոլորին: Ձեզի համար միութիւնը, հաստատութիւնը կամ կազմակերպութիւնը ոչ մէկ ատեն դարձած է չափորոշիչ ձեր կատարելիք նուիրատուութեան ու ստանձնելիք հովանաւորութեան համար, այլ ձեզ առաջնորդողը եւ քաջալերողը մի՛շտ ալ հանդիսացած են ծրագիրը եւ գործը, եւ այդ իսկ պատճառով խտրական մօտեցում չէք ունեցած բնա՛ւ:

Սիրելի՛ պարոն Յովիկ, կարելի չէ հաւատալ ձեր անդարձ մեկնումին: Ձեր համեստ ու համակող ժպիտը, ընդառաջումի ձեր իւրայատուկ ոճը, համամարդկային արժէքներու եւ հասկացողութիւններու նկատմամբ ձեր ունեցած ամուր հաւատքը արժանի են խոր յարգանքի:

Համազգայինի ընտանիքը եւ յատկապէս «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունն ու «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը երախտապարտ կը մնան ձեզի եւ ձեր կեանքի ընկերոջ` Մարալին: Հաստատութեան վերջին տասը տարիներու պատմութեան մէջ դուք ունեցաք առանցքային դերակատարութիւն` դառնալով գրախանութի բարեզարդման նուիրատու, հրատարակութիւններու մեկենաս, «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» միջդպրոցական մրցանքի հովանաւոր, ցուցասրահի ընդարձակման ծրագիրին քաջալեր հանդիսացող անհատներէն, ցուցահանդէսի  հովանաւոր եւ մնայուն քաջալեր արուեստագէտներու մեծամասնութեան, որոնց ցուցահանդէսները կազմակերպուեցան մեր ցուցասրահին մէջ: Դուք նաեւ ձեր ներդրումը ունեցաք ու նպաստեցիք «Համազգայինի Ճեմարանի սաներու ֆոնտ»-ին ինչպէս նաեւ հովանաւորեցիք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կարգ մը նախաձեռնութիւնները: Այս բոլորը կատարեցիք մեծ սիրով ու պատրաստակամութեամբ: Այսօրուան նման կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» ծրագիրի մրցանակաբաշխութենէն ետք, մեկնումի պահուն, քաղցր ժպիտով թելադրեցիք, որ օգտաշատ այս ծրագիրը յաջորդ տարի դարձեալ կրկնուի, եւ ըսիք, որ այլ հովանաւոր չփնտռեմ, որովհետեւ արդէն որոշած էիք, որ դուք դարձեալ պիտի ստանձնէք հովանաւորութիւնը: Այս բոլոր ազգանուէր ու մշակութանուէր ծառայութիւններուն մէջ մենք միշտ ձեր կողքին տեսանք ձեր կինը` Մարալը` իր մայրական հոգածու ու ազնուասիրտ վերաբերմունքով:

Քանի մը տարիներ առաջ, մայիս ամսուն Լիբանան էիք, եւ առաւօտ մը կանուխ հեռաձայնեցիք ու զրուցեցինք: Տակաւին գրասենեակ չէի հասած: Հասնելէս ետք, չեմ գիտէր ի՛նչ մղումով կանչեցի շարժավարը եւ թելադրեցի, որ հաստատութեան կողմէ ծաղկեփունջ մը հասցնէ ձեր տունը, եւ փորձեցի խոնաւ աչքերով բացիկի մը վրայ արձանագրել. «Սիրելի՛ տիկին Մարալ, մայրերու օրուան առիթով եւ ձեր տածած մայրական սիրոյն համար, ընդունեցէ՛ք Համազգայինի ընտանիքի ջերմագին բարեմաղթութիւնները»: Այո՛, պարոն Յովիկ, այս պահուն եւ դարձեալ խոնաւ աչքերով, ահաւասիկ կը գրեմ տիկին Մարալին ու կ՛ըսեմ. վստա՛հ եղէք, պարոն Յովիկի քաղցր եւ բարի յիշատակները պիտի մնան յաւերժ անթառամ: Կը խոնարհիմ շիրիմիդ դիմաց, անմոռանալի՛ ու սիրելի՛ պարոն Յովիկ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13427

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>