ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Պէյրութի Զոքաք Պլաթ թաղին մէջ մսաշօթ (Լեհմեճուն) պատրաստող Իշխանեան անունով փուռ մը կայ, որուն պատմութիւնը կ՛երկարի եօթը տասնեակ տարիներու վրայ:
Եղիա Իշխանեան անունով անձ մը, որ ծնած էր Այնթապ, Պէյրութ հաստատուելով` տարիներու իր երազը կ՛ըլլայ խմորեղէնով հայկական ճաշերու փուռ մը հիմնել: Անոր երազը կ՛իրականանայ 1946-ին, երբ Զոքաք Պլաթի Նշան Փալանճեան ճեմարանին կից ընդարձակ խանութ մը գտնելով` զայն կը վերածէ փուռի: Նիւթականի պակասի պատճառով կը ծախէ կնոջը` Արուսեակին ամուսնական ոսկի ապարանջանը: Փուռը սկզբնական շրջանին կը ճանչցուի «Փուռ Եղիա» անունով, իսկ Եղիային մահէն ետք ան կը վերակոչուի «Փուռ Իշխանեան»:
Եղիան սկիզբը միայն հաց կը պատրաստէր յաճախորդներուն բերած ալիւրով, բայց շատ չանցած` արդէն իր մտադրած աշխատանքին կ՛անցնի` խմորեղէնով հայկական ճաշեր պատրաստել, մսաշօթ, մանթը, սուպէօրեկ եւ այլն: Այս բոլոր խմորեղէնով ճաշերուն պատրաստութեան գիտութիւնը Կիլիկիայէն գաղթական հայերը իրենց հետ բերած էին: Կարճ ժամանակուան մէջ «Փուռ Եղիա»-ին համբաւը կը տարածուի նախ շրջանի հայ ընտանիքներուն մէջ, իսկ քիչ անց` տեղւոյն արաբ բնակիչներուն մէջ, որոնց համար նորութիւն էր հայկական խմորեղէնի ճաշերու փուռը:
Եղիան ունէր երկու զաւակ, մանչ մը` Ժանը եւ աղջիկ մը` Վեհանուշը. երկուքն ալ կը յաճախեն Սուրէն Խանամիրեան վարժարան: ժանը աւարտելէ ետք Խանամիրեան վարժարանը` կ՛անցնի Գերմանիա` ուսանելու համար, իսկ Վեհանուշը կ՛ամուսնանայ Գրիգոր Մահտեսեանի հետ, որոնք հետագային կը հաստատուին Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքը:
Եղիան կը մահանայ 1960-ին, որդին` Ժանը, կէս ձգելով ուսումը, կը վերադառնայ Պէյրութ եւ յանձն կ՛առնէ հօրը ժառանգ ձգած փուռը` շարունակելով արտադրել հայկական խմորեղէն ճաշերը, բայց այս անգամ` «Փուռ Իշխանեան» անունով:
1975-ին Ժանը կ՛ամուսնանայ Լաթաքիա բնակող այնթապցի մօր եւ սեբաստացի հօր զաւակ Ազատուհի Գափթանեանի հետ: Ժանի եւ Ազատուհիի ընտանիքը կ՛ունենայ երեք զաւակներ` Էլիզապէթ, Թալին եւ Էլի, որոնք կը յաճախեն Նշան Փալանճեան Ճեմարան:
Ժանը հիւանդանալով, կը մահանայ 1984-ին` իր ետին ձգելով երեք որբ զաւակներ, Էլիզապեթը 8 տարեկան, Թալինը 6, Էլին 4:
Հոս է, որ կը սկսի Ազատուհի Գափթանեան-Իշխանեանի ոդիսականը:

Փուռին տէրերը` Ազատուհի եւ Արուսեակ, փուռին գործաւորները եւ Միացեալ Նահանգներէն եկած իրենց ազգականները
Ազատուհին, որ մինչեւ ամուսինին մահը փուռի աշխատանքին բնաւ չէր մասնակցած, առանց վհատելու` յանձն կ՛առնէ փուռին պատասխանատուութիւնը: Երեք որբեր` ամէն տեսակ խնամքի կարօտ, սնունդ, զգեստ, ուսում: Գործը ստանձնելէն ետք ան ամէն առաւօտ ժամը 7:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00 փուռն է, ունի հինգ այր գործաւորներ, որոնք խմորը կը շաղեն, միսը եւ պանիրը կը պատրաստեն մսաշօթի, մանթիի եւ սուպէօրեկի համար: Իսկ երկու գործաւորներ ճաշերը յաճախորդներու տուները կը հասցնեն: Օրական հարիւրաւոր յաճախորդներու պահանջին գոհացում կը տրուի. այս` ամէն օր, ժամը եօթէն երեք, շաբթուան բոլոր օրերը, շաբաթ, կիրակի, բացի երկուշաբթիէն:
Կեսուրը` Արուսեակը, յառաջացած տարիքին ամէն օր մինչեւ կէսօր կը մասնակցէր օրուան աշխատանքին: Ան կը մահանայ 96 տարեկանին, 2009-ին:
1984-ին Ազատուհին երեսունութ տարեկան էր, երբ յանձն առաւ փուռը: Այսօր երեսուն եւ հինգ տարի վերջ նոյն եռանդով, աշխատասիրութեամբ ու ձեռներէցութեամբ կը շարունակէ գործել` գոհացում տալով իր յաճախորդներուն, ըլլան անոնք հայ, արաբ կամ օտարազգի: Երեք զաւակները արդէն հասուն տարիքի մէջ են, համալսարաններէ շրջանաւարտ, Էլիզապեթը Սեն Ժոզեֆէն` հաշուապահի վկայականով, Թալինը Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն` հիւանդապահուհիի վկայականով, իսկ Էլին Քալիֆորնիայէն` երկրորդական վարժարանի վկայականով:
Էլիզապեթը ամուսնացած է հոլանտացիի մը հետ եւ կ՛ապրի Ժընեւ, ունի աղջիկ մը եւ տղայ մը: Թալինը ամուսնացած է նոյնպէս հոլանտացիի մը հետ եւ կ՛ապրի Պարսելոնա, ունի երկու մանչ. Էլին երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Լիբանան եւ Պէյրութի Զալքայի շուկային մէջ կը հիմնէ մսաշօթի փուռ մը իր անունով:
73 տարիներէ ի վեր այնթապցի Եղիա Իշխանեանի փուռը այսօր նոյն աշխուժութեամբ եւ թափով կը շարունակէ գործել, սկիզբը Եղիային ու Ժանին, իսկ հիմա` Ազատուհիի ջանքերուն շնորհիւ: