Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13408

Փոխան Դամբանականի. Յակոբ Կարապետեան Կամ` Բոլորին Աքելլան

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մահախօսական կամ դամբանական գրող, պատրաստող եւ կարդացող մը չեմ եւ չեմ ալ ուզեր ըլլալ: Հաստատապէս ծանր է եւ յուզիչ: Սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ «հարկ` լուծանել զօրէնս» հայկական առածը ինծի համար ալ գրուած ըլլար, որովհետեւ յաճախ ե՛ւ ստիպուած, ե՛ւ կամաւոր կը շեղիմ իմ այս որոշումէն: Որովհետեւ բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ ճակատագիրի բերումով մէկիկ-մէկիկ մեզմէ կը բաժնուին հարազատներ, բարեկամներ, կրթական մշակ-ընկեր-դրացի ու նաեւ սերունդի մը մարդիկ, որոնք իրենց գործը աւարտելով կամ կիսաւարտ, «կը բաժնուին» այս աշխարհէն` իրենց ետին ձգելով բաց մը: Ուստի, ճիշդ այդ «բացը» մատնանշելու եւ զայն յայտնաբերելու միտումով կեանքի կը կոչեմ բառերս ու` իբրեւ յարգանքի վերջին տուրք, մտքիս եւ յուշերուս հոսքը կը տեղադրեմ սեւով ճերմակ թուղթիս տողերուն վրայ` երախտապարտ զգացումով:

Հապա՞ ա՛յս անգամ: Միտքս պարզեմ:

Շուրջ քառասուն օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու Թէնըսի նահանգին մէջ բոլորէս անշշուկ հեռացաւ Լիբանանի մեր սիրելի աքելլան` Յակոբ Կարապետեան անուն տարեց խարբերդցին, մեծ կարօտի մը զգացողութիւնը ժառանգ ձգած իր հարազատներուն եւ շրջապատին: Մէկ խօսքով` օրինակելի ծառայութեամբ ու հաւատքով եւ վարակիչ ապրումով հայ մը, տիպար, ե՛ւ համեստ, ե՛ւ գիտակից կեանքով ապրած միութենական:

Զինք կը ճանչնայի իբրեւ բազմաճիւղ տոհմի մը վերջին նահապետը, որ շուտով այս օրերուն պիտի դառնար մէկ դարու մարդ, եւ որ ապրեցաւ Եղեռնի ու նաեւ յետեղեռնի տարագրուած հայրենասիրական մթնոլորտին մէջ` կրելով բոլոր օրերու բազմաշերտ եւ բազմագոյն բեռը:

Աքելլայի իր մակդիր-կոչումէն անդին, զինք ճանչցած եմ իբրեւ երէց եղբայր մը, որուն սիրտը միշտ բաբախած էր իր միութեան համար: Միութիւն ըսի, պէտք է հաստատէի, որ այդ մէկը ՀՄԸՄ-ն էր, որուն իմաստուն սկզբունքին յենելով, ան շարունակեց իր կեանքը` հաւատարիմ գործին եւ հայկական աւանդութեանց:

Ան ամուսնացած էր Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի իմ շատ սիրելի ու յարգելի ուսուցչուհի Երան Ջաղացպանեանին հետ: Անոնք ունեցան երկու մանչ զաւակ` Նարեկ եւ Շանթ, որոնց տուին հայեցի կրթութեամբ պատշաճ դաստիարակութիւն ու նաեւ ազգային ու մարդկային իմաստութեան սկզբունքներ: Իսկ ինք շարունակեց իր կեանքը` դառնալով օրինակելի դրօշակակիր եւ պատիւ բերելով իր ընտանիքին ու պատկանած միութեան:

Իրեն համար ՀՄԸՄ-ը հայու կեանքի հրաշքներէն մէկն էր: Իր հոգատարութիւնը վայելած իւրաքանչիւր գայլիկին, սկաուտին ու մարզիկին ներշնչած էր եղբայրական սքանչելի ոգի եւ սորվեցուցած էր բոլորին ըլլալ միշտ պատրաստ` հայ ազգին ընծայելու միշտ լաւագոյնը: Ամէն մէկ կակուղ թաթիկ, մրջնիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենոյշ կամ վարիչ պատասխանատու, որ անցաւ իր ղեկավարած շարքերէն, կրնայ անվերապահօրէն այս բոլորը հաստատել: Որովհետեւ ի՛նք կը հաւատար եւ նոյն ձեւով ալ կը դաստիարակէր, թէ ՀՄԸՄ-ը սովորական միջավայր մը չէր, եւ ոչ ալ մարդոց համախմբումի վայր, այլ դպրոց մը, օճախ մը, դարբնոց մը մարդակերտումի եւ հայակերտումի:

Բոլորին ներարկած էր ազգային բարձր ոգի ու խորունկ գիտակցութիւն: Միշտ եւ ամէն հանդիպողի երգած էր սկաուտական կամ գայլիկներու երգեր: Բոլորին յիշեցուցած սկաուտական կանչերը եւ, իբրեւ հաւատաւոր աքելլա, միշտ ձախ ձեռքով բարեւած էր, միաժամանակ իր քաղցր ժպիտը խառնելով իր մաղթանքներուն:

Կենսագրութիւնը մարդուս դիմանկարն է` ըսած էին մեր մեծերը, անոր ապրած կեանքն ու անցած ճանապարհը իր բոլոր գոյներով, ելեւէջներով, հնարաւորութիւններով, ուրախութիւններով, տխրութիւններով եւ զանազան վերավայրումներով: Եւ իր տարիքի մարդիկ յիշողութեամբ կ՛ապրէին: Յուշեր ունենալ կը նշանակէ ունենալ անցեալ, եւ այդ անցեալը մասնիկ մըն էր նոյն մարդուն կեանքին: Սա կը նշանակէ, թէ այդ մարդը ապրուած կեանք մը ունեցած էր:

Ու ի՜նչ բախտաւորութիւն է, երբ օր մը կը հանդիպիս եւ կը բարեկամանաս նման հայու մը:

Անոնք, որոնք զինք չեն տեսած, անկասկած որ իրեն հանդիպած վայրկեանին պիտի նշմարէին, թէ իր նկարագիրի մեծութեան կողքին ան ունէր խաղաղ նայուածք մը, զոր մշտաժպիտ իր դէմքին վրայ պահած, իրեն հետ կը պտտցնէր ամէն տեղ:

Հաստատապէս զուտ յարգանք է իմ այս բաժինը, զոր խիտ տողերու սահմաններէն ներս կամաց-կամաց սկսած եմ տեղաւորել:

Ու բոլորին նման ես ալ զինք միշտ պիտի յիշեմ թեթեւ ժպիտ մը կրող դէմքով եւ տակաւին երկու փոսերու մէջ հանդարտ եւ անձայն լողացող զոյգ աչքերով եւ մեղմ ու համոզիչ ձայնով: Տէրն էր վեհ սրտի մը, որ կը բաբախէր ՀՄԸՄ-ին համար, որուն կեանքին իր շունչն ու քրտինքը բերաւ խառնելու: Ինքնուրոյն եւ եզակի դիմագիծ: Իր մօտ միշտ կարօտն ու խանդավառութիւնը կեանք կը ներարկէին: Ան այս ձեւով էր, որ մուտք գործած էր բոլորիս սիրտերն ու հոգիները` պարզ ու յստակ, թարմ ու առողջ, նոր ու վստահութիւն ներշնչող հայաշխարհով:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին «աքելլայական», եթէ ներելի է նման բացատրութիւն, իր գեղեցիկ ոգին պտտցուց իրեն հետ: Խաղաղասէր, աստուածավախ, մարդասէր, բարի եւ հիւրասէր էր: Նոյնիսկ օտարը սիրելու եւ ընդունելու ունակութեամբ հաւատք եւ վճռականութիւն փոխանցեց շուրջիններուն:

Կար ժամանակ, երբ մարդիկ աւելի տոկուն էին իրենց հաւատքին մէջ, աւելի խոնարհ` իրենց ծառայութիւններուն եւ ուղղամիտ` իրենց կեցուածքներուն մէջ, օրինակ դառնալով եւ ներշնչում ներարկելով ամէնուն:

Եւ ահա՛ մեր բոլորին աքելլան:

Պիտի օրհնուի անունը: Պիտի մնան իր խօսքերն ու յիշատակը: Ան լաւ գիտէր, որ մարդոց կեանքին մէջ ո՛չ հանգամանքը, ո՛չ փառքը, ո՛չ մակդիրը եւ ոչ ալ դրամը իր անմահութիւն կ՛ապահովէին: Անոր համար ալ եղաւ միշտ լուսարձակներէ հեռու եւ այդ ձեւով ալ գործեց: Պարզապէս ինքզինք իր ջանքերով կերտած հայ մըն էր, խոնարհ եւ հայրենասիրական ոգիով:

Ինծի համար, անկախ իր յառաջացած տարիքէն, բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, որ մնաց յարգուած ու ճանչուած մինչեւ իր մահը: Ու բոլորը սիրեցին զինք իր հանդարտաբարոյ, համեստ եւ դիպուկ ակնարկութիւններուն համար: Ոեւէ մէկուն հասցէին ժխտական կեցուածք չէր ունեցած: Իր սեւեռուն հայեացքին տակ առած էր պարզ, զուարթախոհ լեզուն եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ական ըլլալու ու մնալու հպարտանքը, զոր ժառանգ ձգած էր բոլորին:

Ինք հաստատապէս կը պատկանի օրհնուած այն փաղանգին, որ հայ նոր սերունդի հոգիներուն մէջ հայութեան աւիշ ներարկեց` համբերութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ստացաւ պատուանուններ, բազմաթիւ գնահատականներ, շքանշաններ, բայց միշտ պահեց իր համեստութիւնը: Մէկ խօսքով, անկեղծ եւ գիտակցական կեանքով ապրող միութենական մը, որ նիւթականով չէր հետաքրքրուած, այլ զոհաբեր ոգիով, խոնարհ, ժպտախոհ ու տքնաջան լուռ գործով: Եզակի ապրումներով ու հաւատքով կը պատմէր ամէն յուշ եւ կ՛երգէր ամէն երգ կամ կանչ: Իրեն նմանները մեզի կը բերեն այն թելադրանքն ու բաղձանքը, որ միութեան  ծառայելու անսակարկ վաստակը բոլորիս համար դառնայ ներշնչում, իսկ հաւատքով ու նուիրումով աշխատանքը` առաքելութիւն:

Սրտի եւ յարգանքի այս խօսքերս փակելու համար երախտապարտ զգացումներով նաեւ աւելցնեմ, որ այս քանի մը պարբերութիւններուն մէջ խտացած մտածումներս, իբրեւ ծաղկեփունջ կը բերեմ իր հեռաւոր հողակոյտին` յիշելով իր ժպիտը, իր ձայնը եւ իր միութենականի հպարտանքը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13408

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>