Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. թագաւորի Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ հայաթ» քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 դեկտեմբեր 2019-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջեկեղեցական եւ միջմշակութային երկխօսութեան համար արաբական երիտասարդական ֆորում»-ը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեանը:
Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցած էին արաբական աշխարհի մէջ գործող զանազան մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններէ 90 երիտասարդ ներկայացուցիչներ, որոնք տարբեր նիստերու ընդմէջէն արծարծեցին երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ` երկխօսութեան եւ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը արաբական երկիրներուն մէջ:
Համաժողովի աւարտին մասնակիցները կազմեցին երկխօսութեան յանձնախումբ մը, որ պիտի աշխատի տարբեր շրջանակներէ երիտասարդներ համախմբել` ամրապնդելու համար հանդուրժողականութիւնը տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու հանդէպ: